Սուրբ Փրկիչ վանքը, Մալաթիա, 1913 (աղբիւր՝ Project Save Photograph Archive)։

Մալաթիա – Վանքեր, ուխտատեղիներ, սրբավայրեր (Ա. մաս)

Հեղինակ՝ Վարդի Քէշիշեան, 28/04/26 (վերջին փոփոխութիւն՝ 28/04/26)

Մելիտինէ-Մալաթիան տեղակայուած է Խարբերդէն հարաւ-արեւմուտք, Եփրատի աջ ափէն մօտաւորապէս 15 քմ. հեռու, երեք կողմէն լեռներով շրջապատուած Մալաթիոյ ընդարձակ դաշտավայրին հիւսիսակողմը, ծովու մակերեւոյթէն 940 մեթր բարձրութեան վրայ [1]: Ասկէ 7-8 քմ. հիւսիս-արեւելք կը գտնուին հին քաղաքին՝ պատմական Մալաթիոյ աւերակները: Հարկ է հոս փակագիծ մը բանալ յստակեցնելու, որ արդի Մալաթիոյ հիմնադրութիւնը տեղի ունեցած է ոչ վաղ անցեալին: Յայտնի է, որ թուրք-եգիպտական պատերազմի (1839-1841) նախօրէին օսմանեան բանակի Մալաթիոյ մէջ տեղակայումով, բնակչութիւնը կը հաստատուի քաղաքէն ոչ հեռու՝ Ասպուզի կոչուած ամառանոցային վայրը: Այսպէս, ջրառատ եւ այգիներով ու պարտէզներով հարուստ այս միջավայրին մէջ կը կառուցուի Նոր Մալաթիան [2]: Գրեթէ ամայացած, աւերակներու վերածուած հին քաղաքը, որ տեղացիք Էսքի Շէհիր (Հին քաղաք) կը կոչեն, կը վերածուի գիւղական բնակավայրի՝ փոքրաթիւ բնակիչներով: Նոր քաղաքին կու տան Եէնի Շէհիր անունը, որ հայ անուամբ կը կոչուի նաեւ Վարի քաղաք [3]: Հետեւաբար, Հին եւ Նոր Մալաթիաներու պատմութիւնը պէտք է դիտարկել իբրեւ մէկը միւսի շարունակութիւն կամ մէկ ամբողջութիւն:

19-րդ դարու վերջը եւ 20-րդ դարու սկիզբը Նոր Մալաթիոյ մէջ կը գործէին երեք եկեղեցիներ՝ Ս. Աստուածածին կամ Մայր եկեղեցի, Ս. Երրորդութիւն եւ Ս. Յարութիւն, որոնց շուրջ կեդրոնացած էին հայաբնակ թաղերը: Իւրաքանչիւր թաղ կամ եկեղեցի ունէր իր թաղային (ազգային) դպրոցը [4]: Մէկական ժողովարան ու եկեղեցի ունէին 19-րդ դարու կէսերուն Մալաթիոյ մէջ կազմաւորուած հայ բողոքական, կաթոլիկ եւ լատին համայնքները՝ իրենց սեփական դպրոցներով:

Հին քաղաքին մէջ եւ մերձակայքը կային մասամբ կիսաւեր, կանգուն եւ աւերակ եկեղեցիներ, վանքեր եւ սրբավայրեր՝ Ս. Ստեփանոս, Ս. Թորոս, Ս. Յովհաննէս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս. Փրկիչ, Անարծաթ Բժիշկ, եւլն. [5]:

Մինչեւ 1915՝ Մալաթիոյ պատմական թեմը կը գործէր իբրեւ առանձին եպիսկոպոսական թեմ (վիճակ)՝ Սսոյ կաթողիկոսութեան ենթակայութեան տակ, ընդգրկելով հինգ գաւառակները (քազա)՝ Մալաթիոյ, Քեախթէի, Հիւսնի Մանսուրի (Ատիեաման), Պեհէսնիի, Աղճատաղի վիճակները՝ իրենց յարակից գիւղերով ու գիւղախումբերով [6]: Մալաթիոյ գաւառակն ունէր շարք մը հայաբնակ գիւղեր՝ Օրտուզի, Ջրմխտի, Մուշովկա, Անսուր, եւ այլն [7]:

Մալաթիոյ շրջակայքի կանգուն վանքերը

Մալաթիան հարուստ էր հինաւուրց վանքերով, եկեղեցիներով, ուխտատեղիներով ու սրբավայրերով: Մալաթիոյ հայոց պատմութեան ստուարածաւալ հատորը կազմած եւ խմբագրած Արշակ Ալպոյաճեան կը գրէ, թէ Մալաթիոյ շրջակայքին մէջ կային 14 վանքեր, որոնցմէ երկուքը կամ երեքը իրենց գոյութիւնը պահած էին մինչեւ նոր ժամանակներ [8]:

Մալաթիոյ հայկական վանքերու առաջին նկարագրողը Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանց (1886-ի ամառէն՝ եպիսկոպոս) օգոստոս 1878-ին Մալաթիա կատարած այցելութեան ընթացքին՝ մէկ օրուայ մէջ շրջած է քաղաքէն ոչ հեռու գտնուող երեք վանքերը եւ ամփոփ գրառումներ կատարած իր տեսածին ու լսածին մասին [9]:

Մալաթիոյ գլխաւոր տեղեկատուն՝ Կարապետ քհնյ. Պէննէեան Մալաթիոյ տեղագրութեան նուիրուած իր աշխատասիրութեան մէջ ունի «Կանգուն վանքեր» խորագիրով առանձին գլուխ մը, ուր կը ներկայացնէ իրեն լաւապէս ծանօթ երեք վանքերը՝ Ս. Փրկիչ, Անարծաթ Բժիշկ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ [10]:

Մալաթիոյ վանքերու եւ ուխտատեղիներու վերաբերեալ ուշագրաւ տեղեկութիւններ կը փոխանցէ նաեւ Մկրտիչ Որբերեան [11]: Պոլսոյ «Բիւրակն» շաբաթաթերթի 1900-ի թիւերուն մէջ հրապարակուած տեղագրական ուսումնասիրութեան մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ երկու վանքեր. «Վանատեղիներ շատ կան, բայց կենդանի՝ երկուք»՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը եւ Ս. Փրկիչը [12]: Յստակ է, որ հեղինակը զանց առած է Անարծաթ Բժիշկը՝ զայն դասելով աւերակ վանքերու շարքին, մինչդեռ մալաթիահայ բոլոր աղբիւրները, ժամանակակիցներու վկայութիւնները կը հաստատեն, որ մինչեւ 19-րդ դարու վերջերը, վանքը թէեւ աւերակ էր, սակայն հոն տակաւին կը մնային զանազան շինութիւններու մնացորդներ, ուր հաւաքական ուխտագնացութիւններ, եկեղեցական արարողութիւններ կը կատարուէին:

Նշենք, որ Կ. Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան 1912-1913 թուականներուն պատրաստած հայկական եկեղեցիներու եւ վանքերու ցուցակներուն մէջ [13] Մալաթիոյ եւ շրջակայքի հայկական եկեղեցիներու եւ վանքերու ցանկերը կը բացակային՝ մեզի անյայտ պատճառով:

Արդի ժամանակներու աղբիւրներէն՝ «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարանը» կը նշէ քաղաքին շրջակայքը գտնուող երեք վանք՝ առանց անունները նշելու [14]:

Մալաթիոյ հայոց պատմութեան նուիրուած աշխատասիրութիւններու, ձեռագրական աղբիւրներու, գիրքերու եւ պարբերականներու մէջ հրապարակուած նիւթերու ընդմէջէն պիտի փորձենք հնարաւորինս ամբողջական ներկայացնել մինչեւ 19-րդ դարուն վերջը եւ 20-րդ դարուն սկիզբը կանգուն մնացած երեք վանքերը՝ եկեղեցի, ուխտատեղի եւ պաշտամունքային վայր համախումբին մէջ:

Ընդգծենք, որ բազմաթիւ ու բազմապիսի աղբիւրներու շարքին առաջնագոյն տեղ կը գրաւեն մալաթիահայ տեղագրող, ականատես եւ յուշագիր հեղինակներուն գրութիւնները, որոնք յաճախ միակ եւ հիմնական աղբիւրը կը հանդիսանան Մալաթիոյ տեղագրութեան, յատկապէս վանքերու, եկեղեցիներու եւ ուխտատեղիներու մասին, որով եւ հիմնական ատաղձը կը կազմեն սոյն յօդուածին:

Հնուց ի վեր Մելիտինէ-Մալաթիան համբաւուած էր իր վանքերով, եկեղեցիներով եւ ուխտավայրերով, որոնք եղած են մալաթիահայոց ազգային-կրօնական, ընկերային եւ հաւաքական կեանքի յենասիւները:

Մալաթիահայը ի բնէ աւանդապաշտ, կրօնասէր ու եկեղեցասէր էր: Անոր կրօնասիրութիւնը, եկեղեցասիրութիւնը չէր սկսեր ու չէր աւարտեր եկեղեցւոյ պատերուն մէջ Ս. Պատարագի, շարականներու եւ աղօթքներու գեղեցիկ մատուցմամբ, այլ կը շարունակուէր բնութեան հետ հաղորդակցութեան մէջ, տեսակ մը հին հայկական ծէսերէն սերած՝ երգ ու տաղի, պար ու խաղի ուղեկցութեամբ: Վանքը, եկեղեցին, ուխտատեղին ու սրբացուած վայրերը կը կազմէին Մալաթիոյ հայոց կեանքի ու առօրեայի անբաժան մասը։ Մալաթիահայը անոնց կ’ապաւինէր ամէն ժամանակ՝ թէ՛ ուրախութեան, թէ՛ տխրութեան պահերուն, եւ ուր կը դիմէր միշտ՝ բժշկութիւն, իղձ եւ ամոքում խնդրելու: 

Հուսկ մինչեւ 19-րդ դարուն վերջը եւ 20-րդ դարուն սկիզբը Մալաթիոյ շրջանակին մէջ կային մասամբ կանգուն երեք վանքեր: Յատկանշական է, որ անոնք՝ Ս. Փրկիչը, Անարծաթ Բժիշկը եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը կը գտնուէին նոյն միջակայքին մէջ՝ քաղաքէն 4-5 քմ. դէպի արեւելք, իրարմէ 3-3,5 քմ. հեռաւորութեամբ եւ մէկ գիծի վրայ [15]: Ըստ մալաթիացի Կարապետ Նաճարեանի նկարագրութեան՝ քաղաքէն դէպի վանքեր տանող ճանապարհը տեղ մը կը ճիւղաւորուէր. դէպի արեւելք նայող աջ կողմի ճանապարհը կը տանէր Օրտուզիի Ս. Փրկիչ վանք, միւսը՝ դէպի հիւսիս-արեւելք ձգուող՝ քիչ մը ձախ թեքուած կը հասնէր Անարծաթ Բժիշկ ու քիչ մը հեռուն՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ վանք [16]: Վանքերը իրարու մօտիկ էին ոչ միայն տարածքով, այլ նաեւ ժողովուրդի պատմական յիշողութեան եւ ընկալումներուն՝ աւանդազրոյցներու, երգերու եւ պատումներու մէջ: Այս առումով, հանդէս կու գան միջավայրի եռամիասնութեան մը մէջ:

Մինչեւ առաջին աշխարհամարտը մասամբ կանգուն, մասամբ աւերակ երեք վանքերը իբրեւ ուխտատեղի իրենց գոյութիւնը կը պահէին Մալաթիոյ առաջնորդարանի հսկողութեան տակ: Ըստ երեւոյթին, վանքերը որոշ ժամանակ մնայուն վանահայրէ կամ առաջնորդէ զուրկ մնալով, կը պահպանուէին մասնաւոր վանապահներու կամ պահակներու կողմէ: Այնուհետ, վանահօր պարտականութիւնները փոխանցուած են Մալաթիոյ թեմակալ առաջնորդին [17]:
    
Ուշ միջնադարու աշուղներէն Մալաթիոյ Աշուղ Աւագը ժողովրդական աղուոր երգ մը ձօնած է Մելիտինէի երեք վանքերուն: Ահաւասիկ պատառիկ մը պատմական եւ աւանդական շերտեր պարունակող այդ երգէն.

«Բունար Պաշու ջուրը ակէն օրհնած է,
Անարծաթ Բժիշկն ալ վրան շինուած է, 
Մելիտինու քաղաքը ջրին էհտաճ (կարօտ) է,
Զօրեղ Լուսաւորիչ, մեծդ Ս. Փրկիչ,
Հիւանդաց օգնական՝ Անարծաթ Բժիշկ» [18]:

Ս. Փրկիչ վանքը

Ս. Փրկիչ վանքը կը գտնուէր քաղաքին արեւելեան կողմը՝ ժամ մը հեռու՝ Օրտուզի (հին անուամբ՝ Հօրտէօզ) գիւղին մօտ, տարածուն բլուրի մը վրայ [19]: Գիւղը յայտնի էր իր վանքով, այդ պատճառով վանքը յաճախ Օրտուզի վանք կը կոչէին [20]: Գիւղին հրաշալի տեսարանով հիացած Սրուանձտեանց կը գրէ. «Օրդուզի գեղը բազմաբնակ էր եւ դրախտի պէս զուարճալի՝ ծառերով ու ջրերով. բնակիչք թուրք են եւ քիչ մ’ալ հայք. գրեթէ քաղաքի արուարձան կը սեպուի» [21]: Գիւղին պարտէզները «ազնուագոյն» կ’որակէ մխիթարեան միաբան Ղուկաս վրդ. Ինճիճեան՝ «այլ ազնուագոյն քան զԱսպըզու (Ասպուզի) պարտէզսն՝ են պարտէզքն Օրտուզու կոչեցեալք» [22]:

Ըստ Մալաթիոյ հայոց մէջ պատմուող ամէնէն տարածուած աւանդութեան` Ս. Փրկիչ վանքը հիմնած է Աբգար թագաւորը, օծումը կատարած է Թադէոս առաքեալը [23]: Աւանդութիւնը վանքի հիմնադրութեան մասին կ’ըսէ, թէ Թադէոս առաքեալ, Քրիստոսի պատգամին հետեւելով, նախ կ’երթայ Եդեսիա (Ուրֆա), կը բժշկէ Փրկիչէն բժշկութիւն խնդրած Աբգար թագաւորը, ապա կ’անցնի հայկական շրջանները՝ քարոզելու: Ապաքինումէն ետք Մալաթիա գալով, Աբգար Օրտուզիին քովի բլուրին վրայ կը ձեռնարկէ ամառանոցի մը շինութեան: Հիմերը դնելով՝ գետնին հաւասար կը հասցնէ: Թադէոս Առաքեալ երբ այս կողմերը կը հասնի, Աբգարին հոն գտնուիլը իմանալով, կ’երթայ անոր այցելութեան: Մինչեւ շինութեան վայրը հասնիլը, արքային սկունդը (շնիկ) Թադէոսի վրայ կը յարձակի: Առաքեալը շնիկը կը սատկեցնէ՝ անոր ոտքերը մարմինէն զատելով: Սկունդը Աբգարին սիրելի շունն ըլլալուն, բարկացած թագաւորը բանտարկել կու տայ Թադէոսը՝ կարծելով, թէ օտարական մըն էր:

Այդ միջոցին Անանէ արքայորդին մահամերձ կը հիւանդանայ։ Բժիշկներուն ջանքերը ապարդիւն կ’անցնին: Օրերը կը թաւալին: Տրտում եւ մտահոգ թագաւորը մինչ կը քնանար, երազին մէջ ձայն մը կ’ըսէ. «Մինչեւ օտարականը բանտէն չհանես ու իր ձեռքը Անանէի վրայ չդնէ, չի բժշկուիր»: Արթննալով, արքան անմիջապէս կը վազէ բանտ եւ Թադէոսին առջեւ իյնալով կը խնդրէ, որ ներէ իրեն եւ արքունիք գալով բժշկէ որդին: Թադէոս կը բժշկէ Անանէն: Աբգարի ուրախութեան չափ ու սահման չ’ըլլար։ Ան կը հրամայէ բազում ոսկի եւ արծաթ տալ՝ ի վարձատրութիւն: Սակայն Թադէոս Առաքեալ մերժելով ոսկին ու արծաթը եւ աշխարհի բոլոր փառքն ու մեծութիւնը, կը յորդորէ նախատեսուած ամառանոցի հիմերուն վրայ կառուցել եկեղեցի մը յանուն մեր Փրկիչին: Աբգար կ’ընդունի առաջարկը եւ փութով կը կառուցէ եկեղեցին, զոր Թադէոս Առաքեալ կ’օծէ իր ձեռքով [24]:

Մէկ այլ հին աւանդութեամբ, կ’ըսուի թէ վանքը ի սկզբանէ առաքելաշէն էր, ուր զետեղուած էին Ս. Թադէոս առաքեալին մասունքները [25]: Մալաթիոյ երբեմնի առաջնորդ Գէորգ ծ. վրդ. Ասլանեանի (ապա՝ արքեպս. եւ երկու անգամ Կ. Պոլսոյ պատրիարքական տեղապահ) պատկերաւոր արտայայտութեամբ՝ «Գիւղին ... գլխին կը հսկէ նշանաւոր Ս. Փրկիչ վանքը, պատկառելի հնութիւն մը իր ուսին, աւանդաբար մինչեւ Առաքելոց դարը կը հասնի» [26]:

Իսկ ահա ըստ Մալաթիոյ առաջնորդարանի 1902-ի տեղեկագիրին՝ վանքը հիմնուած է Քրիստոսէ առաջ՝ իբրեւ հեթանոսական տաճար, որ Թադէոս եւ Բարթուղիմէոս առաքեալներու ձեռամբ օծուելով՝ եկեղեցիի վերածուած է [27]:

Աւանդութիւններու շարքը այսքանով չ’աւարտիր: Կը պատմուի, թէ Հայաստան եկած առաքեալներէն մէկը այս վանքի բլուրին վրայ քարոզած եւ բազում հրաշագործութիւններ կատարած է, եւ ի յիշատակ անոր շինուած է վանքը՝ իբրեւ վկայարան [28]:

Ս. Փրկիչ վանքին մասին Պէննէեան քահանայ կը գրէ. «Այս սրբազան վայրը իր բազմադարեան հնութեամբ իր նմանեաց մէջ ամէնէն առաջիններէն համարուելու արժանաւորութիւնն ունի, աւա՜ղ սակայն որ այսօր զրկուած է իւր փառաւորութենէն ու պայծառութենէն» [29]: Վանական համալիրը կը զբաղցնէր մօտաւորապէս 12-13 հազար քառակուսի մեթր ընդարձակ տարածութիւն մը: Նախաստեղծ կառոյցներուն մեծ մասը փլատակներու վերածուած էր՝ գաւիթներու մէջ փռուած մարմարէ սիւներ, հաստաբուն խոյակներ, դէզ-դէզ աւերակոյտեր [30]: Կարապետ քահանայի հաղորդմամբ՝ եկեղեցական համալիրի կեդրոնական տաճարը հինգյարկանի, բազմաթիւ խորաններով ու դահլիճներով հոյակերտ կառոյց մը եղած է [31]: Շինուած էր համակ սրբատաշ քարերով, ըստ երեւոյթին՝ ունեցած է սիւնազարդ, կամարակապ գմբէթ: Տակաւին կը մնային 1,5 մեթր բարձրութեամբ եւ 3 մեթր երկարութեամբ հիմնապատերէն որոշ մասեր, ինչպէս նաեւ աւերակներու վրայ խոնարհած կրանիթեայ խոշոր սիւներն ու պատուանդանները [32]:

Աւանդաբար կ’ըսէին, թէ վանքն օժտուած եղած է 366 կամարներով եւ 40 խորաններով, ամէն մէկը սուրբի մը անուամբ [33]: Վանքին երբեմնի «փառաւորութեան եւ չքնաղութեան» ապացոյցներն էին սրբատաշ մարմարիոնէ սիւները, քանդակազարդ խոյակները, պատուանդանները, սեղանաքարերը, խաչքարերը, յատակի սադափագոյն փայլքով քարերը [34]: «Կ’ապշիս, կը հիանաս մեծ անցեալը պատկերացնելով»,– կ’արձանագրէ Ասլանեան վարդապետը՝ ի տես երբեմնի փառաշուք վանքի մնացորդացին, նշելով, որ այդ ամենը կը յիշեցնէր հին յունական տաճարներու փառաւորութիւնը [35]:

Այս ամբողջ շքեղանքէն մինչեւ 19-րդ դարու վերջերը կանգուն էին «երկու փոքրիկ մատուռներ միայն»՝ երեք կամարով մատուռը եւ անոր աջ կողմը գտնուող՝ Ս. Սոֆիայի մատուռը, կիսակործան քանի մը պատեր՝ գետնէն 3-4 մեթր բարձրութեամբ գրեթէ անաղարտ մարմարէ պատերը, մասերու բաժնուած գրկաչափ սիւներ, խոյակներ, հարաւային կողմը՝ ժամատան մնացորդ աշտարակաձեւ պատ մը, ինչպէս եւ 10-ի չափ խուցերը [36]: Կիսով չափ փլած պարիսպներէն ներս դեռ տեսանելի էին նախաշէն կառոյցներու գաւիթներու շարքերը եւ սիւներու փռուածքը [37]:

Մալաթիացիք վանքին աւերածութիւնը կը կապէին Լենկթիմուրի արշաւանքներուն հետ, կրկնելով յայտնի արտայայտութիւնը՝ «Լենկթիմուրի աւերածն է այս մեծաշէն տաճարը» [38]: Ժողովուրդին պատմական յիշողութեան մէջ կը շրջանառուէին Լենկթիմուրի աւերիչ արշաւանքներէն զանազան դրուագներ: Կ’արժէ առանձնացնել ատոնցմէ մէկը, ուր կը պատմուի, թէ Լենկթիմուր Ս. Փրկիչը քարուքանդ ընելէ ետք, անոր զինուորները վանքին քարերը քակելով եւ ձեռքէ ձեռք փոխանցելով՝ Եփրատի մէջ թափած են [39]: Այլ աւանդութեամբ՝ վանքին սրբատաշ քարերով շինուած է քառասուն աչք ունեցող կամուրջ մը, եւ դեռ շինութիւններ կը բարձրացուէին անոր «ցանցնուքներովը» [40]:

Սրուանձտեանց վանքին մասին կը գրէ. «Ս. Փրկչի տաճարը խիստ ընդարձակ եւ հոյակապ շէնք մը եղած կ’երեւի իւր աւերակէն. արդի տաճարը աւերածոյն մէկ մասն է, զոր ծածկեր են, մութ ու խաւար է, ուր պատարագ կը մատուցանեն» [41]:

Գէորգ Մելիտինեցի (Թոփալեան) անդրադառնալով Ս. Փրկիչ վանքի անցեալին, կ’ըսէ, թէ վանքը բազմիցս գրաւուած, աւերուած ու թալանուած է, բայց տեղացի եւ «հաւատաւոր ժողովուրդը ծով քրտինքով ու յաճախ կեանքի գնով դարձեալ նորոգած է» [42]: Մէկ այլ հեղինակի հաղորդմամբ՝ Ս. Փրկիչը զոհ դարձած է «մարդկայինէ զատ» նաեւ բնական աղէտներու: Յաճախակի երկրաշարժները քանիցս փլցուցած են վանքին եկեղեցիները, ուխտաւորներու սենեակները եւ հիմնովին աւերած անոր զանազան շինութիւնները, «սակայն, շնորհիւ բարեպաշտ ժողովուրդին ... միշտ հինին վրայ նորն է բարձրացած» [43]:

Կ’արժէ հոս փակագիծ մը բանալ ըսելու, որ աւելի յետին ժամանակներու մէջ եւս Մալաթիոյ հայոց եկեղեցիներու եւ վանքերու վրայ յարձակումները գրեթէ պարբերական բնոյթ կրած են: 18-րդ դարու ամբողջ տեւողութեան, անկէ առաջ եւ յետոյ՝ մինչեւ 19-րդ դարու կէսերը, Մալաթիոյ հայութիւնը սոսկալի նեղութիւններ կրած է շրջանին մէջ գրեթէ կատարեալ անկախութիւն ձեռք բերած քրտական ցեղախումբերէն, ի մասնաւորի՝ Աղճատաղի լեռներուն վրայ ամրացած քզլպաշ քիւրտերէն [44]: Թուրք բնակչութիւնը եւս անմասն չէ մնացած գործուած չարիքներէն մինչեւ սուլթան Մահմուտ Բ.ի օրով՝ 1834-ին անոնց ինքնիշխանութեան վերացումը Ռաշիտ փաշայի միջոցով [45]: Այդուհանդերձ, քրիստոնեաներ, մասնաւորաբար հայեր՝ պետականութենէ զուրկ, հետեւաբար նաեւ իրաւազուրկ ու անպաշտպան գոյութեան պայմաններու մէջ, շատ աւելի ծանր վիճակի մէջ կը գտնուէին: Անպաշտպան մնացած վանքերն ու եկեղեցիները կը գրաւուէին ու կը թալանուէին, իսկ վանքապատկան կալուածները կ’իւրացուէին:

Միւս կողմէ, Մալաթիոյ վանքերուն մասին ժամանակակիցներու վկայութիւններն ու յիշատակութիւնները մտածել կու տան, թէ վանքերը յաճախ անտէրութեան մատնուած են Մալաթիոյ թեմական իշխանութիւններու անգործութեան, մասնաւորապէս առաջնորդներու անտարբերութեան ու անգործութեան պատճառով:

Այս բոլորի կողքին կային քանդուած վանքերը վերականգնելու թէ՛ իշխանութիւններուն եւ թէ՛ տեղւոյն մոլեռանդ տարրերուն տարատեսակ արգելքներն ու սահմանափակումները: Իրողութիւն է, որ մինչեւ 1860-ականերու Թանզիմաթեան բարենորոգումներու ժամանակաշրջանը, Մալաթիոյ հայութիւնը ենթարկուած է սաստիկ ճնշումներու, աւելին քան հայաբնակ շատ մը կեդրոններու եւ քաղաքներու մէջ: Այս ամէնուն հայելացումը կրնանք համարել այն, որ տակաւին 1870-ական թուականներու վերջերը՝ Մալաթիոյ հայութիւնը կ’ապրէր յետամնաց կեանքով, իսկ կրթութեան զարգացման տեսակէտէ՝ ամէնէն խեղճն էր բաղդատմամբ շրջակայ միւս քաղաքներուն [46]: Այս շղթային մաս կը կազմէ նաեւ այն փաստը, որ մինչեւ 19-րդ դարու վերջին քառորդը Մալաթիոյ մէջ չկային ազդեցիկ դէմքեր՝ գրագէտ, ուսեալ, սովորականէն քիչ մը աւելի հարուստ, բարգաւաճ անձինք, որոնք պիտի կարենային առաջնորդել, հովանաւորել ու ղեկավարել մալաթիահայոց ազգային-համայնքային կեանքը: Ահա թէ ինչ կը գրէ Սրուանձտեանց 1878-ին Մալաթիա այցելութեան ընթացքին. «Ընդհանրապէս խորին հնութեամբ կ’ապրին իրենց ներքին եւ արտաքին կեանքով: ... Կը համոզուէին թէ պէտք է գործել եւ յառաջադիմել թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ մտաւորական ասպարէզին մէջ, ... բայց զիրենք ալ զարթուցանող, լուսաւորող եւ առաջնորդող կը պակսէր» [47]: Այս անշքացման շրջանին, բնականաբար թեմին հոգեւոր, եկեղեցական եւ կրթական գործերը բարձիթողի վիճակի մէջ կը գտնուէին: Այդպէս էր նաեւ վանքերու պարագային, որոնք դատելով հետագայի վկայութիւններէն՝ բաւական ժամանակէ ի վեր անտէր ու անխնամ ձգուած էին:

Ազգային եւ օսմանեան սահմանադրութիւններուն յաջորդող ժամանակաշրջանին որոշ տեղաշարժեր կը նշմարուին մալաթիահայոց մէջ: Ազգային-համայնքային կեանքը կը սկսի կենսունակութեան նշաններ ցոյց տալ: Այս երեւոյթին կարեւոր ազդակներէն մէկը կ’ըլլայ Ս. Փրկիչ վանքին վերականգնումը իբրեւ համաժողովրդական ուխտավայր: Կարելի է ըսել՝ կը սկսի վանքին երկրորդ կեանքին պատմութիւնը:

Արդարեւ, 1870-ական թուականներուն Մալաթիոյ թեմի առաջնորդ Սրապիոն եպս. Սապունճեան (Պեհեսնիցի) ձեռնամուխ կ’ըլլայ վանքի վերանորոգման եւ բարեկարգման աշխատանքներուն [48]: Ժամանակակիցներու վկայութեամբ՝ այս «սրբակրօն եւ շինարար» հոգեւորականը տեղական իշխանութիւններու վստահութիւնն ու համակրանքը շահելով, ինչպէս նաեւ ունենալով մալաթիահայերու անվերապահ աջակցութիւնը, կը յաջողի վերակենդանացնել Ս. Փրկիչ վանքը՝ իբրեւ ուխտատեղի: Վանքին տարածքը կը բարեկարգուի ու կը պարսպապատուի [49]: Մասամբ կը վերանորոգուի ու տանիքով կը ծածկուի պատմական համալիրին մաս կազմած «երեք սիւներով» ժամատունը, որ ուղղանկիւն յատակագիծով (30 x 20 մ), սրբատաշ քարերով շինուած փոքրիկ եկեղեցի մըն էր [50]: Խորանին կեդրոնը զետեղուած էր չորս կանգուն բարձրութեամբ մարմարէ քար մը՝ որպէս սեղանի վէմ քար: Խորանին երկու կողմերը կային փայտէ փեղկերով խորշեր, որոնք կը ծառայէին սրբազան անօթներ եւ զանազան առարկաներ պահելու համար [51]:

Այս ընթացքին կը բարեկարգուին նաեւ վանքի շրջափակին մէջ գտնուող վանական հին խուցերը, ինչպէս նաեւ ախոռի, յարդանոցի եւ պահականոցի առանձին բաժինները [52]: Կը նշուի, որ պարիսպի եւ սենեակներու շինութեան համար կը գործածուին հին շինութիւններու սրբատաշ քարերէն [53]: Ուխտաւորներու համար նախատեսուած 10-12 սենեակները կը կահաւորուին անհրաժեշտ պարագաներով՝ անկողին, կապերտ եւլն., նոյնիսկ` մատաղ եփելու խոշոր կաթսաներ եւ սպասք կ’ապահովուին [54]: Մատաղի համար կը շինուի մասնաւոր տեղ մը, որ էյվան կը կոչուէր [55]:

Այս բոլորէն զատ, Սրապիոն եպիսկոպոս վանքապատկան հողերը ոռոգելու համար ջրուղիներ շինել կու տայ, միեւնոյն ատեն Ս. Փրկիչի բլուրի ստորոտին նոր այգիներ ու պարտէզներ տնկել կու տայ [56]:

Կը յիշուի, թէ վանքի շրջափակին մէջ կար խորութիւնը մինչեւ 30 մեթրի հասնող ջրհոր մը [57]: Գաւիթին մէջ կային երկու գերեզմանաքարեր, որոնց համար կ’ըսուէր, թէ Ս. Փրկիչ վանքի իրաւունքներուն եւ ունեցուածքին պաշտպանութեան համար զոհուած զոյգ հոգեւորականներու տապանաքարերն էին [58]:

Սրուանձտեանց կը նշմարէ տաճարին հիւսիսային կողմը գոցուած դրան մը հետքը, որու ճակատամասին վրայ կար յունարէն արձանագրութիւն մը [59]:

Մալաթիացի հեղինակի մը վկայութեամբ՝ վանքին աւերակուած շինութիւններէն անդին, բլրակողին վրայ կար տեղ մը. կ’ըսուէր, թէ յարձակումներու ժամանակ վանքին գանձերը հոն թաղուած եւ պահուած են [60]:

Աղբիւրներու հաւաստմամբ՝ Ս. Փրկիչը եղած է Մալաթիոյ ամէնէն հարուստ վանքերէն, շրջակայքին մէջ ունեցած է ընդարձակ հողատարածքներ, անտառներ, պտղատու այգիներ, պարտէզներ [61]: 1880-ականներուն վանքապատկան կալուածները շատ նուազած էին՝ հասնելով ընդամէնը 2-3 արտավար հողակտորի [62]: Մալաթիահայ հեղինակներու միահամուռ վկայութեամբ՝ Ս. Փրկիչը եւս, ինչպէս Մալաթիոյ միւս վանքերը, իր սեփական կալուածներուն մեծ մասը կորսնցուցած է քիւրտ ցեղապետերու եւ թուրք պէյէրու հզօրացման շրջանին: Սրուանձտեանց կը գրէ, թէ Ս. Փրկիչի կալուածներուն տիրեր էին քիւրտ եւ թուրք հողատէրերը [63]: Ասլանեան կ’երկրորդէ. «Վանքին ընդարձակ հողերը ամբողջ գրաւուած ու իւրացուած էին գիւղացիներուն կողմանէ» [64]։

Գրեթէ նոյն ճակատագիրին արժանացած են Ս. Փրկիչ վանքին ձեռագիր մատեանները: Ականատեսներ կը յիշեն, թէ հին ժամանակներէն ի վեր վանքն ունեցած է ձեռագիրներու մեծ եւ արժէքաւոր հաւաքածոյ: Մկրտիչ Որբերեան մասնաւորելով կը նշէ, թէ եկեղեցւոյ պահարանին մէջ կը պահուէին բաւական թիւով ձեռագիր գիրքեր, որոնցմէ հնագոյնը 13-րդ դարով կը թուագրուէր [65]: Այս ձեռագիրներէն քանի մը հատը առաջնագոյնն տեսած եւ նկարագրած է Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանց ու հետագային հրատարակած «Թորոս Աղբար Հայաստանի ճամբորդ»ի Ա. հատորի էջերուն մէջ [66]: Նկատենք, որ ի տարբերութիւն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ վանքին, Ս. Փրկիչը իբրեւ գրչութեան կեդրոն չէ յիշատակուած, սակայն ունեցած է եկեղեցական գիրքերու ճոխ հաւաքածոյ մը [67]: Տրդատ վրդ. Պալեան (ապա՝ եպիսկոպոս) կը նշէ, թէ վանքը անցեալին ունեցած է ձեռագիր մատեաններ, որոնք ժամանակի ընթացքին այս ու այն կողմ ցրուած էին եւ մնացած էր միայն չորս կտոր գիրք՝ «Աւետարան, Յայսմաւուրք, Շարական եւ Ժամագիրք մը» [68]:

Ս. Փրկիչ վանքը. ուխտատեղիի մը պատմութիւնը

Յիրաւի, Ս. Փրկիչը կրկին կը շէննայ ու կը շնչաւորուի ժողովրդային ուխտագնացութիւններով, եկեղեցական արարողութիւններով ու ծիսակատարութիւններով: Ժողովուրդին փափաքով, ամէն կիրակի Ս. Պատարագ կը մատուցուի: Քաղաքէն քահանաներ հերթաբար կ’այցելեն Ս. Պատարագ եւ աւանդական մատաղի օրհնութիւն կատարելու համար: Ուխտաւորները, իրենց հետ անհրաժեշտ սպասները եւ մատաղացու գառնուկները տանելով, մատաղները քաղաքէն եկած քահանային օրհնել տալով կ’եփէին ու կը ճաշակէին, ապա քաղաք կը վերադառնային [69]: «Ամէն շաբաթ եւ կիրակի օրեր,– կը յիշէ Որբերեան,– բարեպաշտ, ինչպէս նաեւ քէֆապաշտ մարդիկ խումբ-խումբ կ’երթային եւ Ս. Փրկիչը կա՛մ կ’ուրախացնէին եւ կա՛մ կը տրտմեցնէին» [70]։

Մալաթիացի հեղինակներ յուզումով ու կարօտով կը յիշեն դէպի Ս. Փրկիչ ուխտագնացութեան օրերը: Յատկապէս եկեղեցական տօներուն եւ սուրբերու յիշատակի օրերուն մեծ թուով ուխտաւորներ կ’այցելէին վանքը: Ըստ սովորութեան, Ս. Պատարագի աւարտին մատաղօրհնութիւն կը կատարուէր եւ մինչեւ իրիկուն կը շարունակուէին կերուխումն ու խրախճանքը: Ասլանեան վարդապետի բնորոշմամբ՝ «ամէն օր, շաբաթ ու ամիս» վանքը լի էր ուխտաւորներով, յատկապէս ամրան շոգ եղանակին, քանի որ վանքն իր օդով, ջուրով, շրջակայ այգիներով ու պարտէզներով ամառանոցի հիանալի վայր մըն էր [71]:

Այս առթիւ Սրուանձտեանց կը գրէ. «Վանքի դիրքն հովասուն, ջրառատ եւ ապահով լինելուն՝ օդափոխութեան եւ զուարճանալու համար եկողներ ալ շատ կան, ուր տեղի կ’ունենան խաղ, դափ, պար եւլն.» [72]: Իսկապէս, վանքի հովասուն եւ ջրառատ միջավայրը բոլոր առաւելութիւններն ունէր օդափոխութեան, ժամանցի ու կերուխումի համար։

Կարապետ Նաճարեան իր յուշերուն մէջ կը պատմէ եկեղեցական տօներու առիթով թէ՛ վանքի շրջափակին, թէ՛ դուրսը՝ պարտէզներուն մէջ մինչեւ լոյս տեւող նուագի, երգի, տօնախմբութիւններու մասին: Հեղինակը կը մէջբերէ վանքի ժամկոչ Կարապետ աղբօր հետ զրոյցը, ուր կ’ըսէ, թէ անցեալին վանքը զանգակատուն եւ զանգակ ունեցած է, սակայն 1895-ի դէպքերէն ետք կառավարութիւնը արգիլած էր զանգակ հնչեցնել, այդ պատճառով իբրեւ կոչնակ կը գործածէին պղինձէ կտոր մը, որ կը հարուածէին մատուռի դրան մօտ կախուած վահանաձեւ մետաղին՝ ուխտաւորները եկեղեցի հրաւիրելու համար [73]:

Ս. Փրկիչը համբաւուած էր իբրեւ հրաշագործ վանք մը: Անոր հրաշագործութիւններուն մասին առասպելական պատմութիւններ կը շրջէին: Զանազան հիւանդութիւններէ տառապողներ այս վանքը կու գային, ուխտ ու մատաղ կ’ընէին բժշկութիւն գտնելու յոյսով: Վանքին միջակայքը կար սուրբի մը գերեզմանը, կ’ըսէին, թէ անոր հողը բուժիչ յատկութիւն ունէր, հնուց ի վեր յայտնի էր իբրեւ «դեղնացաւի դարման» [74]: Մասնաւորաբար, դեղնախտ ունեցողներ, որպէս հիւանդութենէն ազատելու հնարք, խաշուած հաւկիթին ճերմկուցը այդ հողին թաթխելով կ’ուտէին եւ դեղնուցը կը թափէին [75]:

Ս. Փրկիչի հանդէպ հաւատք կը սնուցէին ոչ միայն հայերը, այլ նաեւ այլազգիները: Ասլանեան վարդապետին հաւաստմամբ՝ ուխտաւորներուն մէջ մեծ թիւ կը կազմէին թուրք կիները, «որոնք երբեք բժշկի կարեւորութիւն չէին տար» [76]: Սրուանձտեանց նոյնպէս կը վկայէ, որ վանքի «ուխտաւորաց մեծ մասն տաճիկ կանայք են» [77]:

Մալաթիացի Կարապետ Նաճարեան, իր յուշերուն մէջ կը պատմէ, որ իր ընտանիքը բարեկամական ջերմ յարաբերութիւններ ունեցած է վանքի մօտակայ Օրտուզի գիւղի մեծաւոր Ահմէտ պէկին ու անոր որդիներուն հետ: Ծագումով չերքէզ Ահմէտ աղան ջերմ պաշտպանն ու հովանաւորը եղած է Ս. Փրկիչ վանքին, «իւրաքանչիւր կալէ բաժին կը հանէր վանքին»: Կը պատմուի, որ 1895-ի աղէտի օրերուն, Ահմէտ աղայի որդիներէն Մուսթաֆան թուրք տղոց հետ մասնակցած է հայու մը խանութի կողոպուտին, եւ երբ հակ մը կերպասը շալկած տուն եկած է, Ահմէտ աղա որդւոյն արարքը «անէծք» նկատած է եւ տունէն վտարած զայն: «Աստուծոյ եւ հայերու անէծքը մեռցուցին կինս, եզներս ու սիրական ջորիս»,– կը գանգատի եղեր Ահմէտ աղա: Միանգամայն արժանահաւատ կը թուի Ս. Փրկիչի բուժիչ զօրութեան հանդէպ Ահմէտ աղայի սնուցած ջերմ հաւատքը: Ան նաեւ վկայած է, թէ քանիցս լոյսերու մէջ տեսած է վանքը եւ մուրախխաս էֆենտին (նկատի ունեցած է առաջնորդ Սահակ եպիսկոպոսը) [78]:

1883-ին Կ. Պոլսոյ Ազգ. Կեդրոնական վարչութիւնը իբր Ազգային Սահմանադրութեան գործադիր մարմին՝ «թեմին անկարգ գործերը» կարգաւորելու համար Մալաթիա կը ղրկէ Խորէն եպս. Մխիթարեանը, որ այնուհետ կ’ընտրուի Մալաթիոյ առաջնորդական տեղապահ: Թեմի վաստակաշատ եւ նուիրեալ առաջնորդը՝ Սրապիոն եպս., «թեմի վարչական գործերէն դադրած», կը քաշուի Ս. Փրկիչ վանքը եւ կը ստանձնէ անոր ու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ վանքին վանահայրութիւնը [79]: Այս շրջանին եւս, ինչպէս իր առաջնորդութեան առաջին շրջանին, Սրապիոն եպս. ամբողջովին կը նուիրուի Ս. Փրկիչ վանքը շէնացնելու աշխատանքներուն: Համաժողովրդական ուխտագնացութիւնները աւելի մեծ թափ կ’առնեն: Տարւոյն գրեթէ բոլոր եղանակներուն, մանաւանդ տաղաւար եւ մատաղի մասնաւոր օրերուն ուխտաւորներ անպակաս են: Ամէն շաբաթ եւ կիրակի մալաթիացիք ընտանիքներով, ազգականներով ու դրացիներով կ’ուղեւորուին վանք՝ թէ՛ Ս. Պատարագին մասնակցելու եւ թէ՛ օդափոխութեան համար: Այս միջոցին, 1884-ին, գիշեր մը երեք աւազակներ եկեղեցւոյ պատը կը ծակեն ու կը գողնան վանքին ունեցուածքը՝ արծաթեայ խաչեր, անօթներ ու սպասներ, թանկարժէք շուրջառներ եւ այլ իրեր: Կառավարութիւնը որեւէ ջանք չի թափեր գողերը գտնելու համար, սակայն Սրապիոն եպս. իր հեղինակութիւնն ու ազդեցութիւնը բանեցնելով կը յաջողի ոչ միայն գողերը գտնել, այլեւ գողօնը վերադարձնել [80]:

Մինչեւ 1893՝ Ս. Փրկիչ վանքը անյողդողդ կը ծառայէ մալաթիահայոց, այնքան որքան ժողովուրդը կը հոգար ու կը գուրգուրար անոր, որպէս ամէնէն սիրելի ու նուիրական վայրը, ուր կ’անցընէր իր կեանքին ամէնէն յուզիչ եւ ուրախ պահերը: 1893-ին Մալաթիոյ մէջ տեղի ունեցած մեծ երկրաշարժին հիմնովին կը քանդուին դարեր շարունակ կանգուն մնացած վանքին վերջին մնացորդներն ալ՝ թէ՛ կամարակապ երեք սիւներով մատուռը, թէ՛ Ս. Սոֆիայի մատուռը, թէ՛ հին կառոյցներէն մնացած պատերը, գաւիթը եւ սենեակներուն մեծ մասը [81]:

Հրաշքի համազօր կը թուի, որ երկրաշարժէն կարճ ժամանակ յետոյ, Մալաթիոյ հայերը, որոնց տուներուն մեծ մասը վնասուած էր, ամէն ճիգ կը գործադրեն վանքը վերաշինելու համար: «Պատերը բաւական բարձրացած էին»,– կը գրէ Պէննէեան քահանան, սակայն վրայ հասած ապտուլհամիտեան կոչուած արհաւիրքը կը փլուզէ վերականգնումի այդ ճիգերն ալ [82]: Ըստ աղբիւրներուն՝ 1895 թուականի ապտուլհամիտեան կոտորածներու ժամանակ թուրք հրոսակախումբեր կը գրաւեն Ս. Փրկիչ վանքը եւ շաբաթներ շարունակ իրենց ձեռքը պահելէ յետոյ կը վերադարձնեն: Այդ միջոցին վանքը ամբողջովին աւերուած ու թալանուած էր, կորսուած էին նաեւ վանքին սեփականութեան կալուածագիրները [83]:

Դէպքերէն ետք, մալաթիացիք երբ նորէն կ’այցելեն վանք, բոլոր շինութիւնները՝ հին պատերուն հետ նոր շարուած պատերն ալ գետնին հաւասար կը գտնեն [84]:

Այս շրջանին իբրեւ Ս. Փրկիչ վանքի եկեղեցպան կամ հոգաբարձու կը յիշուի Յարութիւն էֆենտի Ոսկերիչեանը: Կ’ըսուի թէ ան 1895-ի ջարդէն եւ զրպարտութենէ ազատած ըլլալուն՝ վանքը վերաշինելու ուխտ ըրած է [85]: Յարութիւն էֆենտի առաջնորդական տեղապահ Խաչատուր վրդ. Տէր Ղազարեանին աջակցութեամբ կը ձեռնարկէ փոքր մատուռի մը եւ քարաշէն քանի մը սենեակներու շինութեան [86]: Խաչատուր վրդ. 1902-ի իր տեղեկագիրին մէջ կը գրէ, թէ վանքի տարածքէն ներս 5 ներքնայարկ սենեակներ շինուած էին եւ թէ եկեղեցին թէեւ աւեր վիճակի մէջ՝ ամէն կիրակի Ս. Պատարագ կը մատուցուի [87]:

1903-ին Մալաթիոյ առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնն ստանձնած Գէորգ վրդ. Ասլանեանի առաջին գործերէն մէկը կ’ըլլայ Ս. Փրկիչ սրբատեղիին վերականգնումը: Կը բարեկարգուի վանքին տարածքը, կը նորոգուի տաճարը, կը կառուցուին նոր սենեակներ, որով սենեակներուն թիւը կը հասնի 25-30-ի [88]: Ասլանեան նաեւ հետամուտ կ’ըլլայ ժամանակէ մը ի վեր բարձիթողի մնացած վանքապատկան հողերը արդիւնաւորելու, վանքը նիւթական հասոյթներով ապահովելու գործին: Ամէն կիրակի կանոնաւոր Ս. Պատարագ կը մատուցուի քաղաքէն եւ մօտակայ գիւղերէն եկած ուխտաւորներու համար, որոնցմէ երգեցիկ ձայն ունեցողներ կը մասնակցին ժամերգութեան. արդէն դպիրներու դասն ալ ընդհանրապէս ուխտաւորներէ կը բաղկանար [89]: Վանքին կառավարումը կը յանձնուի առաջնորդարանի վարչական ժողովներու հսկողութեան, առաջնորդը կը ստանձնէ նաեւ վանքին վանահայրութիւնը: 1900-ականներուն Ս. Փրկիչ վանքի հոգաբարձու կը յիշուի Կարապետ Կանանեանը [90], ժամկոչ եւ պահապան՝ Կարապետ աղբարը, եւլն.:

Ըստ 1911-ի տեղեկագիրի մը՝ Ս. Փրկիչ վանքն ունէր երեք կտոր արտ, ընդհանուր 8 արտավար (տէօնիւմ) հողատարածք եւ միջինը 20 օսմ. ոսկիի եկամուտ, որ կը գոյանար ուխտաւորներու առատաձեռն ու սրտաբուխ նուէրներէն եւ կալուածներու վարձքէն [91]: Վանքին կալուածները եւ անոնց շահագործումէն ստացուած եկամուտները զգալիօրէն նուազած էին [92]: Անհրաժեշտ բոլոր ծախսերը, այդ թուին՝ պահապան ընտանիքին ծախսերը, կը հոգացուէին ուխտաւորներու նուէրներէն [93]:

Մալաթիոյ հայերը 1915-ին կը տարագրուին: Զինադադարէն ետք անոնցմէ միայն քիչեր կը վերադառնան տարագրութեան ճամբաներէն [94]: Սկիզբները նոյնիսկ այցելութեան կ’երթան իրենց պաշտելի սրբավայրերը, ըստ սովորութեան՝ ուխտ ու մատաղ կ’ընեն: 1938 թուականին Մալաթիոյ կողմերը այցելած ամերիկացի հնախոյզներու խումբի անդամներէն մին սրտցաւ մալաթիացիներու ի պատասխան յայտնած էր՝ Ս. Փրկիչ վանքին տեղանքը թուրք հողատիրոջ մը սեփականութիւնն էր եւ բանջարանոցի վերածուած էր [95]։

Ս. Փրկիչ վանքին շրջապատը

Ս. Փրկիչի բլուրի գագաթէն սքանչելի տեսարան մը կը բացուէր դէպի լեռներու, բլուրներու միջեւ ծուարած Բունարպաշիի հովիտը՝ համանուն գետակի ողողատներով [96]: Այս հարթավայրը հարուստ է պատմական հնագիտական վայրերով, որոնք երբեմն հազարամեակներու հնութիւններ էին: Կ’արժէ յիշել Ս. Փրկիչ վանքին մօտակայ Ասլան Թեփէի (Առիւծաբլուր) հնավայրը (Ք.ա. 2700-2500 – ցարդ կանգուն է) [97]: Այս շրջակայքին մէջ կը գտնուէին տարբեր եկեղեցիներու աւերակներ եւ հայոց ու այլոց գերեզմանատեղիներ [98]:

Մկրտիչ Որբերեան, կարծես բլրի վրայ կանգնած, կը շողանկարէ Ս. Փրկիչի վաղ միջնադարու կրօնա-մշակութային համայնապատկերը. «Ինծի այնպէս կ’երեւնայ, թէ այս կրօնաբոյր բլուրը կեդրոն եղած է բոլոր հայ վարդապետներու, յոյն մետրոպոլիտներու եւ ասորի մարֆիններու [իմա՝ մաֆրիան կամ մափրիան, լատ. maphrian – ասորի եկեղեցւոյ առաջնորդ], որոնք պատմութեան էջերուն հինգերորդ դարէն սկսեալ կը յիշուին»: Ու կը յաւելու. «Թէ՛ աւանդութիւնը եւ թէ՛ շրջակայ աւերակները կը յայտարարեն թէ շատ մը եկեղեցիներ շինուած են սոյն բլրին վրայ» [99]:

Յիրաւի, Եփրատի աջ ափին փռուած Մալաթիոյ դաշտը ի յայտ կը բերէ վաղքրիստոնէական շրջանի հայկական, յունական եւ ասորական կրօնական եւ մշակութային բազմազանութեան հարուստ շերտեր, որոնց հեռաւոր արձագանգները լսելի ու տեսանելի են Մալաթիոյ թէ՛ գրաւոր եւ թէ՛ բանաւոր ժառանգութեան մէջ: Այդ կը վկայեն նաեւ Ս. Փրկիչ վանքի շրջափակին մէջ եւ դուրսը՝ աւերակներու մէջ գտնուած յունարէն տառերով արձանագիր քարերը, յատկապէս յունական կամ բիւզանդական համարուող խաչերը եւ այլ գտածոները [100]:

Մալաթիա քաղաքի յատակագիծը, որ պատրաստած է Իսրայէլ Տէր Յովհաննէսեանը (աղբիւր՝ «Նոր Մալաթիա» պարբերաթերթ, 1963, թիւ 4, Ֆիլատելֆիա (Փենսիլվանիա))։
Մալաթիոյ եւ շրջակայքի քարտէսը (աղբիւր՝ «Պապ-Ուխտի» պարբերաթերթ, Ա. տարի, Սեպտեմբեր, թիւ 2, 1936, Քլիվլէնտ, Օհայօ)։

Ս. Փրկիչ վանքին հայկական հին գերեզմանոցը

Վանքի միջակայքէն դուրս՝ գագաթին, քանի մը արտավար տարածութեան վրայ փռուած էր հայոց հին գերեզմանատունը, որուն տապանաքարերը մեծ մասամբ հողմահարուած ու մամուռով ծածկուած էին [101]: Մալաթիոյ յուշագիր հեղինակներէն Ա. Քէքէվեան կը յիշէ, որ իր պատանի եղած ժամանակ ընկերներուն հետ Ս. Փրկիչի հին գերեզմանատան մէջ մամռացած ու կիսով չափ հողին մէջ թաղուած տապանաքարերը մաքրելով ու քերելով՝ անոնց վրայի գրութիւնները կարդալու փորձեր կատարած է: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, թէ մեծերէն լսած էր, որ ան հազարամեայ գերեզմանոց էր [102]:

Ս. Փրկիչ վանքի չինարի ծառը

Ս. Փրկիչի ստորոտէն հոսող Բունարպաշիի վտակներու միջեւ՝ կանաչ բացատի վրայ կայ չինարի հսկայ ծառ մը: Մալաթիացիք այս վայրը «Չինարնոց» կը կոչէին [103], իսկ հազարամեայ Չինարին կը համարէին նուիրական եւ պաշտելի: Ս. Փրկիչ վանքին անդրադարձած հեղինակները յընթացս կը մեկնաբանեն ոգեղինացած այս ծառին հետ կապուած ժողովրդական հաւատալիքներն ու սովորոյթները: Սա ցոյց կու տայ, թէ Չինարին որքան կարեւոր տեղ գրաւած է մալաթիահայոց հաւատալիքներուն եւ կենսակերպին մէջ: Աւանդաբար կը պատմուէր, թէ շատ ժամանակ առաջ Չինարին կայծակնահար եղած եւ ածխացած էր: Անոր մօտաւորապէս 12 ոտք շրջագիծով վիթխարի բունը ածխանալով՝ յառաջացած էր 40-45 ոտք մեծ խոռոչ մը [104]: Ճանչցուած իրողութիւն է, որ հին հայոց մէջ կայծակէ զարնուած ծառերը պաշտամունքի առարկայ եղած են: Ուշագրաւ է, որ Մալաթիոյ մէջ գրեթէ անփոփոխ կը յարատեւէին սրբացուած ծառերու հետ կապուած ժողովրդական հաւատալիքներն ու սովորոյթները, ի մասնաւորի ծառի ճիւղերուն քրջիկներ կապելու հնամենի սովորութիւնը:

Կ’ըսուի թէ անկարելի էր Ս. Փրկիչ ուխտի երթալ եւ Չինարիին չայցելել։ Առանց այդ այցին, ուխտագնացութիւնը կատարեալ չէր ըլլար [105]: Չինարիին այցի կ’երթային թէ՛ ծեր, թէ՛ երիտասարդ, թէ՛ կին, թէ՛ տղամարդ: Ժողովուրդը այս ծառին շատ մը հաւատալիքներ եւ բժշկութիւններ վերագրած էր: Ընդհանրապէս մեծ հաւատք կը տածէին Չինարիի հրաշագործ ուժին: Ամէն տեսակ հիւանդութիւններէ, տենդէ ու տապէ տառապողներ կը դիմէին անոր օգնութեան եւ իրենց հագուստէն կտոր մը փրցնելով՝ «անոր ճիւղերուն կը կապեն ջերմերնին» [106]: Ոմանք ալ գոյնզգոյն թելեր, ժապաւէններ կը կապէին իրենց իղձերու, փափաքներու իրականացման համար: Ուրիշներ բունին վրայ գամեր կը գամէին [107]: Շատ խօսուն է այն փաստը, որ ծառի հրաշագործ ուժին, անոր վերագրուող բազմապիսի գործառոյթներուն հանդէպ հաւատք կը սնուցէին ոչ միայն հայերը, այլ նաեւ այլազգիները: Առաւելաբար թուրք կիներ ուխտի կու գային Չինարին եւ նոյնպէս կտորէ ծուէններ կը կապէին իբրեւ ուխտ [108]:

Հետաքրքրական են նաեւ Չինարիին մասին պահպանուած աւանդազրոյցները։ «Օրհնուած ծառ է» կ’ըսէին, եւ կը յիշէին որդւոց որդի աւանդուած պատմութիւն մը: Ս. Փրկիչին ուխտի գացած բարեպաշտ ուխտաւոր մը՝ այլ ընծայ մը չունենալով, այս ծառին տունկը տարած է վանք, որ ընդունուելով եւ օրհնուելով, տնկուած է վանքին մօտ՝ Բունարպաշիի եզերքը՝ աղբիւրին քով, որպէսզի միշտ դալար մնայ [109]: 

«Ժողովուրդը կը սիրէր այս ծառը,– իր յուշերուն մէջ կը գրէ մալաթիացի հեղինակը,– եւ ո՛չ միայն կը սիրէր զայն, այլ կարծես իր շունչէն շունչ ու ոգիէն ոգի տուած կենդանի էակի մը վերածած էր զայն»: Հեղինակը իր միտքը կ’աւարտէ յուզում առթող դրուագով մը. «Այսպէս էր Օրտուզու վանքի Մեծ Չինարը, այդ պատմական ծառը, երբ աւելի քան քսան տարիներ առաջ վերջին անգամ այցի գացինք իրեն ու մեր անունները տարեթիւին հետ իրեն յանձնեցինք... օր մը վերադառնալու խոստմամբ» [110]։

  • [1] Թադեւոս Խ. Յակոբեան, Ստեփան Տ. Մելիք-Բախշեան, Յովհաննէս Խ. Բարսեղեան, Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան, 3-րդ հատոր, Երեւան, Երեւանի համալսարանի հրատարակչութիւն, 1991, էջ 636:
  • [2] Նոյնը: Նշենք, որ Մալաթիոյ բնակչութեան տեղափոխութեան հանգամանքներուն, ինչպէս եւ թուականին մասին աղբիւրները տարբեր, երբեմն՝ իրարամերժ տեղեկութիւններ կը հաղորդեն: Յայտնի է, որ 1838-ի աշնան քաղաքը զօրանոցի վերածուած է: Զօրքի եւ բնակչութեան անհամատեղելիութեան, ինչպէս նաեւ տուները զինուորներով բնակեցուած ըլլալուն պատճառով, կառավարութիւնը բնակիչները դուրս բերելու, աւելի ճիշդ՝ ամառանոցէն չվերադարձնելու հրաման արձակած է:
  • [3] Արշակ Ալպոյաճեան, Պատմութիւն Մալաթիոյ հայոց – Տեղագրական, պատմական եւ ազգագրական, Պէյրութ, տպարան «Սեւան», 1961, էջ 393:
  • [4] Նոյնը, էջ 690։
  • [5] Գէորգ արքեպս. Ասլանեան, «Պատառիկներ լուսածիր շաբաթացեալ վանքերէն» Բազմավէպ ամսագիր, Վենետիկ – Ս. Ղազար, 1937, թիւ 12, էջ 299:
  • [6] Ալպոյաճեան, Պատմութիւն…, էջ 586:
  • [7] Հայաստանի եւ յարակից շրջանների..., 3-րդ հատոր, էջ 638:
  • [8] Ալպոյաճեան, Պատմութիւն…, էջ 592:
  • [9] Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանց, Թորոս Աղբար Հայաստանի ճամբորդ, Ա. հատոր, Կոստանդնուպոլիս, տպագր. Ե. Մ. Տնտեսեան, 1879, էջ 311-315:
  • [10] Կարապետ քհնյ. Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական եւ ազգագրական աշխատասիրութիւնը եւ Գրիգոր Խանձեանի Մալաթիոյ գաւառաբարբառը, հրատարակութիւն Մալաթիոյ կրթասիրաց ընկերութեան հարազատ հատուածի Կեդրոնական վարչութեան, առանց հրատարակութեան վայրի եւ թուականի նշումներու [Հալէպ, 1942], էջ 55-63: Կարապետ քահանայ 1912-ին պատրաստած է նիւթը, որ յետոյ երկար ժամանակ անտիպ մնացած է: Պէննէեանի այս աշխատասիրութենէն մեծապէս օգտուած եւ ընդարձակ հատուածներ մէջբերած է Արշակ Ալպոյաճեան՝ Պատմութիւն Մալաթիոյ հայոց հատորին մէջ:
  • [11] Փրոֆ. Մկրտիչ Որբերեան՝ ծննդեամբ մալաթիացի, երկրաբան, մասնագէտ երկրաբանութեան եւ աշխարհագրութեան, բանաստեղծ եւ բեմասաց, հօրեղբօրորդին է բանաստեղծ Ռուբէն Որբերեանի: Շրջանաւարտ է Եփրատ գոլէճէն: 1915-ին նահատակուած է բանտին մէջ:
  • [12] Մկրտիչ Որբերեան, «Մալաթիա», Բիւրակն շաբաթաթերթ, Կ. Պոլիս, 1900, թիւ 8, էջ 117:
  • [13] Արշակ Սաֆրաստեան, «Կոստանդնուպոլսի հայոց պատրիարքարանի կողմից Թուրքիայի արդարադատութեան եւ դաւանանքների մինիստրութեան ներկայացուած հայկական եկեղեցիների եւ վանքերի ցուցակներն ու թաքրիրները», Էջմիածին ամսագիր, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, 1965, թիւ 1, 2, 3 եւ այլն:
  • [14] Հայաստանի եւ յարակից շրջանների..., 3-րդ հատոր, էջ 637: Այլ բառայօդուածով մը պարզապէս կը նշուի. «Նոյն բախտին արժանացան քաղաքի շրջակայքում գտնուող Ս. Վարդան, Ս. Ստեփանոս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս. Յովհաննէս եւ այլ ուխտավայրերը, որոնց միայն հետքերը մնացին» (նոյնը, էջ 639):
  • [15] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական…, էջ 55:
  • [16] Կարապետ Նաճարեան, «Տէլլի Պէքիր», Պապ Ուխտի քառամսեայ, Քլիվլենտ (Ա. Մ. Ն.), 1937, թիւ 3, էջ 14:
  • [17] Ասլանեան, Բազմավէպ, 1938, թիւ 4-5, էջ 109:
  • [18] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական…, էջ 61-62:
  • [19] Նոյնը, էջ 56:
  • [20] Տրդատ Պալեան (վրդ.), Հայ վանօրայք, կազմեց՝ Կ. Աւետեան, Վաղարշապատ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հրատարակչութիւն, 2008, էջ 216:
  • [21] Թորոս Աղբար..., էջ 315:
  • [22] Հ. Ղեւոնդ վրդ. Ինճիճեան, Աշխարհագրութիւն չորից մասանց աշխարհի, Ա. հատոր, Ա մասն – Ասիա, Վենետիկ – Ս. Ղազար, 1806, էջ 321:
  • [23] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական…, էջ 55:
  • [24] Նոյնը:
  • [25] Հ. Համազասպ վրդ. Ոսկեան, Սեբաստիայի, Խարբերդի, Տիարպէքիրի եւ Տրապիզոնի նահանգներու վանքերը, Վիեննա, Մխիթարեան տպարան, 1962, էջ 116-117:
  • [26] Գ[էորգ] ծ. վրդ. Ասլանեան, «Մելիտինէի հնութիւններէն», Ամէնուն տարեցոյցը, ազատ հայուն փոքրիկ հանրագիտարանը, կազմեց՝ Թէոդիկ, 7-րդ տարի, 1913, Կ. Պոլիս, տպ. Վ. եւ Հ. Տէր-Ներսէսեան, էջ 150:
  • [27] Ալպոյաճեան, Պատմութիւն…, էջ 598:
  • [28] Որբերեան, Բիւրակն, էջ 117:
  • [29] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական…, էջ 57:
  • [30] Նոյնը: Ասլանեան, Բազմավէպ, 1938, թիւ 4-5, էջ 110: 
  • [31] Պէննէեան, էջ 57:
  • [32] Նոյնը:
  • [33] Նոյնը:
  • [34] Նոյնը:
  • [35] Ասլանեան, Բազմավէպ, էջ 110:
  • [36] Պէննէեան, էջ 57: 
  • [37] Ասլանեան, Բազմավէպ, էջ 110:
  • [38] Թորոս Աղբար..., էջ 315: Պէննէեան, էջ 57: 
  • [39] Պէննէեան, նոյնը:
  • [40] Ասլանեան, Բազմավէպ, էջ 110: Տե՛ս նաեւ՝ Ոսկեան, Սեբաստիայի..., էջ 117:
  • [41] Թորոս Աղբար..., էջ 314:
  • [42] Մելիտինեցի, Նախճիրներ (1915-1918), Պոսթոն, տպարան «Հայրենիք», 1929, էջ 32:
  • [43] Ա. Քէքէվեան, «Ս. Փրկիչ վանքին մէջ», Պապ Ուխտի, 1937, թիւ 4, էջ 5:
  • [44] Յ. Կարապետեան, «Նամակ Մելիտինէից», Մշակ օրաթերթ, Թիֆլիս, 17 մայիս 1873, թիւ 18, էջ 3:
  • [45] Կ’ըսուի թէ այդ պատճառով այս կողմի բոլոր հայերը միշտ յարգանօք կը խօսէին Ռաշիտ փաշայի մասին: 
  • [46] Էմմա Կոստանդեան, Ակնարկներ արեւմտահայ մշակութային եւ հասարակական-քաղաքական կեանքի պատմութեան (19-րդ դարի 80-ական թուականներ), Երեւան, [հրատարակչութեան անունը չէ նշուած], 2005, էջ 62:
  • [47] Թորոս Աղբար..., էջ 310:
  • [48] Ալպոյաճեան, Պատմութիւն…, էջ 595:
  • [49] Որբերեան, Բիւրակն, էջ 117:
  • [50] Ասլանեան, Բազմավէպ, էջ 110:
  • [5 ] Նոյնը: 
  • [52] Քէքէվեան, Պապ Ուխտի, 1937, թիւ 4, էջ 5: Ոսկեան, էջ 117:
  • [53] Ասլանեան, Բազմավէպ, էջ 110: Որբերեան, Բիւրակն, էջ 117:
  • [54] Ալպոյաճեան, Պատմութիւն…, էջ 595:
  • [55] Քէքէվեան, Պապ Ուխտի, 1937, թիւ 4, էջ 5:
  • [56] Ալպոյաճեան, Պատմութիւն…, էջ 569:
  • [57] Քէքէվեան, Պապ Ուխտի, 1937, թիւ 4, էջ 5: 
  • [58] Նոյնը:
  • [59] Թորոս Աղբար..., էջ 314-315: Ասլանեան, Բազմավէպ, էջ 110:
  • [60] Քէքէվեան, Պապ Ուխտի, 1937, թիւ 4, էջ 5:
  • [61] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական…, էջ 57:
  • [62] Նոյնը:
  • [63] Թորոս Աղբար..., էջ 314: Ասլանեան, Բազմավէպ, էջ 110:
  • [64] Ասլանեան, Բազմավէպ, էջ 110:
  • [65] Որբերեան, Բիւրակն, էջ 117: Խօսքը կը վերաբերի Թորոս Ռոսլինի վրձինին պատկանող 1262 թուականի մագաղաթեայ Աւետարանին (Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքի ձեռ. համար 2660):
  • [66] Տե՛ս Թորոս Աղբար..., էջ 324-331: 
  • [67] Որբերեան, Բիւրակն, էջ 117: Ասլանեան, Բազմավէպ, էջ 110:
  • [68] Պալեան, Հայ վանօրայք, էջ 216:
  • [69] Որբերեան, Բիւրակն, էջ 117:
  • [70] Նոյնը:
  • [7 ] Ասլանեան, Բազմավէպ, էջ 110:
  • [72] Թորոս Աղբար..., էջ 314:
  • [73] Կարապետ Նաճարեան, «Տէլլի Պէքիր», Պապ Ուխտի, 1937, թիւ 1, էջ 19: Տե՛ս նաեւ՝ Քէքէվեան, Պապ Ուխտի, 1937, թիւ 4, էջ 5:
  • [74] Քէքէվեան, էջ 5:
  • [75] Մելիտինեցի, Նախճիրներ (1915-1918), էջ 29, 32: Ասլանեան վարդապետի հաղորդմամբ, թէ՛ գիւղացիք, թէ՛ քաղաքացիք տուներուն տանիքները այս բլուրին հողաշաղախով կը ծեփէին, որպէսզի ջուր չթափանցէր, քանի որ բորակով հարուստ հող էր: Նաեւ կը նշէ, որ այս բլուրի ընդերքէն յաճախ հողէ ամաններ, նիզակածայրեր, մոզայիքի բեկորներ դուրս կու գային եւ կ’աւելցնէ. «Մենք եւս քանիցս ժողոված ենք, որոնք կու գան անգամ մըն ալ հաստատելու, որ այս բլուրը ճոխ հնութիւններ կը պարունակէ» (Ասլանեան, Բազմավէպ, էջ 110):
  • [76] Ասլանեան, Բազմավէպ, էջ 110:
  • [77] Թորոս Աղբար..., էջ 314:
  • [78] Նաճարեան, Պապ Ուխտի, 1937, թիւ 1, էջ 20: 
  • [79] Ալպոյաճեան, Պատմութիւն…, էջ 569:
  • [80] Նոյնը:
  • [8 ] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական…, էջ 62: 
  • [82] Նոյնը: 
  • [83] Ալպոյաճեան, Պատմութիւն…, էջ 598:
  • [84] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական…, էջ 57:
  • [85] Պալեան, Հայ վանօրայք, էջ 216:
  • [86] Նոյնը: Յարութիւն էֆ. Ոսկերիչեան կը սպաննուի 1915-ին՝ քաղաքի հայ երեւելիներուն հետ միասին:
  • [87] Ալպոյաճեան, Պատմութիւն…, էջ 598:
  • [88] Գէորգ վրդ. Ասլանեան, «Մենաստաններու շուրջը. Ս. Լուսաւորիչ եւ Անարծաթ Բժիշկ», Մասիս շաբաթաթերթ, Կ. Պոլիս, 1906, թիւ 20, էջ 319:
  • [89] Քէքէվեան, Պապ Ուխտի, 1937, թիւ 4, էջ 5-6:
  • [90] Ալպոյաճեան, Պատմութիւն…, էջ 602:
  • [9 ] Նոյնը, էջ 598: Տե՛ս նաեւ՝ Քէքէվեան, Պապ Ուխտի, 1937, թիւ 4, էջ 5:
  • [92] Որբերեան, Բիւրակն, էջ 117:
  • [93] Քէքէվեան, Պապ Ուխտի, 1937, թիւ 4, էջ 5:
  • [94] Աղբիւրներուն մէջ զինադադարէն ետք Մալաթիա վերադարձած հայոց թիւը 2000 հոգի կը հաշուուի:
  • [95] Ալպոյաճեան, Պատմութիւն…, էջ 602:
  • [96] Ասլանեան, Մասիս, էջ 317:
  • [97] Ասլանեան այսպէս կը նկարագրէ. «Բլրակի մը վրայ ենք, ձախերնուս Ասլան Թեփէն է՝ իր համբաւաւոր հնութիւնովը, դէմերնիս շարքն է ժայռ-քարերու շղթաներուն, որուն կողքին կպած է Անարծաթ Բժշկի վանքը». տե՛ս Ասլանեան, Մասիս, էջ 317: 
  • [98] Ասլանեան, Բազմավէպ, էջ 110:
  • [99] Որբերեան, Բիւրակն, էջ 117:
  • [100] Նոյնը: Ասլանեան, Մասիս, էջ 317:
  • [101] Ասլանեան, Ամէնուն տարեցոյցը, էջ 150-151: Նոյնի՝ Բազմավէպ, էջ 110:
  • [102] Ալպոյաճեան, Պատմութիւն…, էջ 600:
  • [103] Ա. Քէքէվեան, «Պատմական ծառը», Պապ Ուխտի, 1937, թիւ 4, էջ 17: 
  • [104] Պէննէեան, Մալաթիոյ տեղագրական…, էջ 62: 
  • [105] Քէքէվեան, Պապ Ուխտի, 1937, թիւ 4, էջ 17: 
  • [106] Մելիտինեցի, Նախճիրներ (1915-1918), էջ 32:
  • [107] Ալպոյաճեան, Պատմութիւն…, էջ 594:
  • [108] Մելիտինեցի, Նախճիրներ (1915-1918), էջ 29:
  • [109] Քէքէվեան,Պապ Ուխտի, 1937, թիւ 4, էջ 17:
  • [110] Նոյնը, էջ 18-19: