Տերսիմի սանճաքը (գաւառ)՝20րդ դարու սկիզբին

Դէպի Տերսիմ

Յուշամատեան ցանցկայքին մէջ Տերսիմի գլուխը բանալը մեր առաջնահերթութիւններէն էր։ Սակայն, աշխատանքային առօրեայ հեւքը, մեր ձեռքին տակ առաւելագոյն թիւով սկզբնաղբիւրներ ունենալու ճիգը՝ դանդաղեցուցին այս փափաքին իրականացումը։

Մեզի համար կարեւոր քայլ մըն էր Օսմանեան կայսրութեան տարիներուն Տերսիմի հայութեան տեղական պատմութեան եւ ընկերային միջավայրին ուսումնասիրութիւնն ու զանոնք հանրութեան ներկայացնելը։ Ահաւասիկ ներկայիս այդ քայլը առած ենք։

Շատ մը ընթերցողներ անհամբեր կը սպասէին այս առիթը։ Յոյսով ենք որ մեր պատրաստած յօդուածները եւ անոնց ընկերակցող լուսանկարներն ու գծանկարները կարելի եղածին չափ հարազատ պատկերը տան Տերսիմի հայոց անցեալի հարուստ կեանքին։ Մեր ժամանակներուն, Տերսիմի հայոց պատմութիւնը կը շարունակէ իր վրայ կեդրոնացնել շատերու ուշադրութիւնը, մանաւանդ նկատի ունենալով որ մերօրեայ տերսիմցին իւրայատուկ ինքնութեան տէր է, տէրսիմցիներէն շատեր չեն թաքցներ իրենց հայկական ինքնութիւնը եւ զգալի է անոնց քով իրենց բնակավայրին եւ անոր պատմութեան մասին աւելին գիտնալու ծարաւը։ Այս պատճառով ալ Յուշամատեանի խումբին համար մեծ ուրախութիւն է որ ցանցկայքի էջերով մեր նպաստը պիտի բերենք եզակի այս վայրին հայկական յիշողութիւնը վերականգնելու ընդհանուր ճիգերուն։

Անցեալի կեանք մը եւ յիշողութիւն մը ուսումնասիրելը երբեք ալ դիւրին գործ չէ։ Այս դժուարութիւնները յաղթահարելը մեր ամէնօրեայ ճիգերուն մաս կը կազմէ։ Տերսիմի պարագային առաջին բարդութիւնը որու դէմ յանդիման եկանք նոյնինք տեղավայրին անուանումն է։ 19-րդ դարուն արդէն Տերսիմը առանձին սանճաք (գաւառ) մըն էր, որ իր մէջ կ՚ընդգրկէր մեծապէս հայաբնակ դաշտային կամ կիսադաշտային վայրեր, ինչպէս Չարսանճագն ու Չմշկածագը։ Բայց ուշագրաւ է, որ այստեղի հայերը իրենք զիրենք տերսիմցի չէին համարեր, այլ աւելի շատ առնչուած էին Խարբերդի դաշտին։ Այդ ժամանակներու հասկացողութեամբ տերսիմցին՝ սանճաքին հիւսիսը եւ արեւելքը գտնուող լեռնային վայրերու ժողովուրդն էր։ Սակայն մերօրեայ հասկացողութեամբ, Թունճելիի բնակիչները անխտիր տերսիմցիներ են, հակառակ որ անոնք կ՚ապրին պատմական Տերսիմի թէ՛ լեռնային եւ թէ դաշտային տարածքներուն մէջ։ Յուշամատեանի էջերուն մէջ ներկայացուող Տերսիմը նոյնպէս կ՚ընդգրկէ Չարսանճագի եւ Չմշկածագի հայերու կեանքը։ Ճիշդ է որ «տերսիմցի» պատկանելիութիւնը ուղղակի իրենց չէր վերաբերեր, բայց վարչականօրէն անոնք մաս կը կազմէին Տերսիմի սանճաքին։

Տերսիմի մեր էջերը հարստացնելու համար մենք պէտք ունինք մեր այցելուներու գործակցութեան։ Մեզի համար շատ կարեւոր են օսմանեան ժամանակաշրջանէն մնացած Տերսիմէն հին լուսանկարներ (ընտանեկան կամ այլ), յուշեր, նամակներ, յիշողութեան առարկաներ։ Կը խնդրենք մեր այցելուներէն որ այսպիսի նիւթերէ թուայնացուած օրինակներ մեր հասցէին ուղարկեն։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք մանաւանդ Ճորճ Աղճայեանին, որ մեր կայքէջին համար պատրաստեց Տերսիմի քարտէսը։ Շնորհակալութիւն նաեւ NAASR-ին (Պելմոնթ), Ճիհանկիր Կիւնտողտուին եւ Վազգէն Անդրէասեանին, որոնք մեր տրամադրութեան տակ դրին Տերսիմի մասին կարեւոր նիւթեր։