Բուջիկեան ընտանիքը, Բերրի, մօտաւորապէս 1895 (Աղբիւր՝ Միննի Բուջիկեան Քէյթոնի հաւաքածոյ)

Տերսիմ - Ժողովրդագրութիւն (Գ. մաս)

Հեղինակ՝ Ճորճ Աղճայեան, 16/07/15 (վերջին փոփոխութիւն՝ 16/07/15), թարգմանութիւն՝ Շաղիկ Շահինեան Արծրունի

Չարսանճաքի գաւառակ

Չարսանճաքի գաւառակը Տէրսիմի տարածքի ամենէն հարաւարեւելքը կը գտնուէր եւ սահմանակից էր Բալուի տարածքին։ Ցեղասպանութեան վաղորդայնին գաւառակի աւելի քան 50 գիւղ հայ բնակչութիւն ունէին։

Տիարպէքիրի 1872 թուականի [իսլամական օրացոյցով՝ 1288] տարեգիրքը [սալնամէ] Չարսանճաքի եւ գաւառակի շրջակայ 92 գիւղերուն (ներառեալ Բերդակի) 2368 օճախներուն մէջ ապրող 7655 այր (3945 իսլամ եւ 3720 ոչ իսլամ) բնակիչ արձանագրած է։

Տիարպէքիրի 1875 թուականի [իսլամական օրացոյցով՝ 1292] տարեգիրքը Չարսանճաքի գլխաւոր քաղաքին՝ Բերրիին բնակչութիւնը կ’արձանագրէ 401 ծուխ՝ 1246 այր (234 իսլամ եւ 1012 ոչ իսլամ) բնակիչով։ Բերդակ քաղաքին պարագային արձանագրուած է 1297 այր (1117 իսլամ եւ 180 ոչ իսլամ) բնակիչ, 530 ծուխ։ Բնակչութեան նոյն թիւերը բերուած են յաջորդ տարուան տարեգիրքին մէջ՝ աննշան տարբերութիւններով. Չարսանճաքի ոչ իսլամ այրերու բնակչութիւնը աճած է 100 բնակիչով, իսկ Բերդակի ծուխերու թիւը նուազած է 10 ծուխով։ Այնպէս կը թուի, որ ասոնք սրբագրութիւններ են եւ ոչ նորոք ներմուծուած վրիպակներ։

Գէորգ Ս. Երեւանեան, Պատմութիւն Չարսանճագի հայոց, Պէյրութ, տպ. Կ. Տօնիկեան, հրատ. Համա-Չարսանճագի Միութեան Կեդրոնական վարչութեան (Ֆրէզնօ), 1956

1881-ին [իսլամական օրացոյցով՝ 1298] Չարսանճաքը արդէն մաս կը կազմէր նորոք ստեղծուած Մամուրէթուլ Ազիզ նահանգին, եւ այդ տարուան տարեգիրքը հետեւեալ տուեալները կը նշէր.

Բերրի քաղաքի 4 արուարձաններուն մէջ
Հանրագումար 1336 այր բնակիչ (350 իսլամ, 986 հայ առաքելական), 401 ծուխ

Չարսանճաք գաւառակի 73 գիւղերուն մէջ
Հանրագումար 3925 այր բնակիչ (1271 իսլամ, 2654 հայ առաքելական), 1381 ծուխ

Բերդակ քաղաքի 6 արուարձաններուն մէջ
Հանրագումար 1154 այր բնակիչ (966 իսլամ, 188 հայ առաքելական), 520 ծուխ

Բերդակ գաւառակի 23 գիւղերուն մէջ
Հանրագումար 1127 այր բնակիչ (943 իսլամ, 184 հայ առաքելական), 552 ծուխ

Ստորեւ՝ Չարսանճաքի գաւառակներուն եւ Բերդակի վերաբերեալ ամփոփիչ տուեալներ

Չմշկածագի պարագային կատարուած վերլուծութեան նման վերլուծութեան մը արդիւնքները Բերդակ/Չարսանճաք միացեալ տարածքին վերաբերեալ քիչ մը տարբեր են։ Բերրի եւ Բերդակ կեդրոնական քաղաքները թէեւ չափով նման էին իրարու, սակայն բնակչութեան կրօնական պատկանելիութեան տեսակետէ հակադիր պատկերներ կը պարզէին. Բերրին 79% քրիստոնէաբնակ էր, մինչ Բերդակը 84%-ով իսլամաբնակ։ Այս երկու քաղաքներու պարագային ալ իւրաքանչիւր ծուխի բնակչութիւնը Չմշկածագի պարզած պատկերին նման թիւեր կը կազմէր։ Մասնաւորապէս՝ հայաբնակ Բերրին ամէն մէկ ծուխի համար աւելի մեծ թիւով բնակիչ կը հաշուէր (6.1 շունչ) քան իսլամաբնակ Բերդակը (4.9 շունչ)։ Գաւառակի 106 գիւղերէն սակայն միայն 4-ը բացառապէս հայ բնակչութիւն ունէին։ Զուտ հայաբնակ գիւղերու փոքր թիւին պատճառով իւրաքանչիւր ծուխի մէջ հաշւուած բնակիչներու թիւը՝ 4.6 շունչ, նոյնքան նշանակալից չէ, թէեւ աւելի մեծ թիւ կը կազմէ քան զուտ իսլամաբնակ գիւղերու պարագային (4.3 շունչ իւրաքանչիւր ծուխի մէջ)։ Ի տարբերութիւն Չմշկածագի՝ խառն բնակչութիւն ունեցող գիւղերը իւրաքանչիւր ծուխի մէջ բնակիչներու աւելի մեծ թիւ կը հաշուէին՝ 5.4 շունչ։ Յաւելենք, որ ծուխի բնակիչներու թիւը գիւղի մեծութեանը կապակցող զատորոշուող յարաբերութիւն մը չի գոյանար։ Կիներու թերահաշւումը կը թուի թէ աւելի մեծ թիւ կը կազմէ Չարսանճաքի գաւառակին պարագային (ներառեալ Բերդակը)։ Այր բնակիչներու պարագային արձանագրուած թիւը 538-ով աւելի է կին բնակիչներու թիւէն իսլամ բնակիչներու պարագային եւ 473-ով՝ ոչ իսլամ բնակիչներու պարագային։ Օսմանեան պաշտօնական տուեալները 1914-ին արդէն կը նշէին, որ Չարսանճաքի գաւառակի իսլամ բնակչութեան թիւը 8216-էն աճած էր 12157 շունչի, մինչ ոչ իսլամ բնակչութիւնը 6723 շունչէն 7105 շունչի աճած էր։ Հայոց Պատրիարքարանի 1914 թուականի մարդահամարը կ’արձանագրէր 1145 ծուխի մէջ ապրող 7931 հայ բնակիչ։

Բերրի. Յարութիւն Կոփոյեան (ձախին, նստած) եւ իր ընտանիքը (Աղբիւր՝ Գէորգ Ս. Երեւանեան, Պատմութիւն Չարսանճագի հայոց, Պէյրութ, 1956)

1. Բերրի, Չարսանճաք, Բերի, Բերին [Աքբազար]
38°50'59.40"N 39°40'43.51"E
1763 հայ բնակիչ, 310 ծուխ
Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի
Կարմիր վանք

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ քաղաքը 318 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Գրեթէ նոյն ժամանակահատուածին ընթացքին, որուն ժամանակ Հայր Սրուանձտեանցը իր ուսումնասիրութիւնները կատարած է, Պօղոս վրդ. Նաթանեանը տարբեր շրջաններու մէջ մարդահամար կատարած է եւ կը նշէ, որ Բերրին 400 ծուխ եւ 3200 հայ բնակիչ կը հաշուէր (յստակ է, որ իւրաքանչիւր ծուխի մէջ 8 շունչի գործակից թիւը կիրառած է ան)։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ Բերրիի հանրագումար 442 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 2043 հայ առաքելական բնակիչ (1061 այր եւ 982 կին), 71 հայ բողոքական (31 այր եւ 40 կին) եւ 564 իսլամ բնակիչ (302 այր եւ 262 կին)։ 1914 թուականին Հայոց Պատրիարքարանը կ’արձանագրէր, որ բնակչութիւնը նուազում ապրած էր եւ 310 ծուխ ու 1763 հայ բնակիչ կը հաշուէր։

Բերրի, Սամուէլեան ընտանիքը։ Ձախէն աջ՝ Գոհար Սամուէլեան, Արուսեակ (Գոհարին դուստրը)։ Աջէն ձախ՝ Խաչատուր (Գոհարին որդին), Մեսրոպ (Գոհարին ամուսինը)։ Միւսները անծանօթ (Աղբիւր՝ Գէորգ Ս. Երեւանեան, Պատմութիւն Չարսանճագի հայոց, Պէյրութ, 1956)

2. Աղմեզրէ, Ախմեզրէ
38°52'5.85"N 39°28'45.58"E
21 ծուխ
Սբ. Քառասուն Մանկունք եկեղեցի

Աղմեզրէի տեղակայման տուեալները բերուած են ըստ հին քարտէսներու, թէեւ հնարաւոր է, որ գիւղը այդ վայրէն քիչ մը աւելի արեւելք գտնուած ըլլայ։ Կարծես բնակութիւն չկայ այսօր հոն։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, թէ գիւղը 30 ծուխ ունէր, իսկ հայր Նաթանեանը՝ 20։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը արձանագրած է հանրագումար 29 ծուխի մէջ ապրող 66 հայ (33 այր եւ 33 կին) եւ 42 իսլամ (21 այր եւ 21 կին) բնակիչ։ Հայոց Պատրիարքարանը 1914-ին կ’արձանագրէր 21 հայ օճախ՝ առանց բնակիչներու թիւ նշելու։

1) Բերրի, մօտաւորապէս 1912։ Ձախէն աջ՝ Խաթուն Թոփճեան Բուջիկեան (1897-1987); Գոհարիկ Կարապետեան Բուջիկեան (1873-1914); Մանուկ Յակոբ Բուջիկեան (1893-1912); Ազնիւ Բուջիկեան Թաշճեան (1898-1977) (Աղբիւր՝ Մէյրի Ճէյն Քահայեան Բուջիկեանի հաւաքածոյ)
2) Բերրի, Էրմոյեան ընտանիքը, 15 Հոկտեմբեր 1898։ Ծանօթ են միայն հօր (Յարութիւն Էրմոյեան, նստած, գլխուն ֆէս) եւ անոր աջին կանգնած որդւոյն (Հրանդ) անունները։ Ընտանիքի բոլոր անդամները կը սպաննուին 1915-ին (Աղբիւր՝ Գէորգ Ս. Երեւանեան, Պ
ատմութիւն Չարսանճագի հայոց, Պէյրութ, 1956)

3. Այվաթլու, Հայվաթլի, Այվարլու [Այվաթլը]
38°54'31.18"N 39°47'44.78"E
72 հայ բնակիչ, 11 բնակիչ
Սբ. Մինաս եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 9 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը՝ 10։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղի հանրագումար 21 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 64 հայ (36 այր եւ 28 կին) եւ 54 իսլամ (31 այր եւ 23 կին) բնակիչ։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը կ’արձանագրէր 72 հայ բնակիչ, 11 ծուխ։

Բուջիկեան ընտանիքը, Բերրի, մօտաւորապէս 1895։ Ձախէն աջ՝ Գէորգ Բուջիկեան (ոտքի), Գէորգ Բուջիկեան (ընտանիքին մեծ հայրը, նստած), Գէորգի գիրկը՝ Պաղտասար Բուջիկեան, Պետրոս Բուջիկեան (ընտանիքին հայրը, նստած), հօր գիրկը նստած՝ Պենիամ Բուջիկեան։ Ամէնէն ետեւի շարք, ոտքի՝ Խանտիլ Բուջիկեան (ծն. Հոլոփիկեան, Պետրոսի կինը)։ Ամէնէն առջեւի շարք, աթոռակի վրայ նստած աղջնակը՝ Ճեսիքա Բուջիկեան (Աղբիւր՝ Միննի Բուջիկեան Քէյթոնի հաւաքածոյ)

4. Պալուշեր, Պալաշեհր, Պալաշեր [Պէյտամը]
38°57'6.49"N 39°27'59.71"E
166 հայ բնակիչ, 20 ծուխ
Սբ. Սարգիս եկեղեցի, սբ. Թորոս եկեղեցի, սբ. Գրիգոր եկեղեցի, Սբ. Փրկիչ եկեղեցի
Խրանտիլի Վանք

Թէ՛ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը եւ թէ հայր Նաթանեանը կը նշեն, որ գիւղը 30 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ հանրագումար 28 ծուխի մէջ ապրող 96 հայ (53 այր եւ 43 կին) եւ 37 իսլամ (22 այր եւ 15 կին) բնակիչ։ Հայոց Պատրիարքարանը 1914-ին կ’արձանագրէ 166 հայ բնակիչ եւ 20 ծուխ։

5. Պասու, Պասօ, Բասու, Պազու [Կիւնեշտերէ]
38°53'16.41"N 39°41'1.92"E
240 հայ բնակիչ, 30 ծուխ
Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի

Թէ՛ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը, թէ՛ հայր Նաթանեանը կը նշեն, որ գիւղը 25 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղի հանրագումար 28 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 240 հայ (115 այր եւ 125 կին) եւ 5 իսլամ (3 այր եւ 2 կին) բնակիչ։ Հայոց Պատրիարքարանը 1914-ին կ’արձանագրէր 30 ծուխի մէջ ապրող 240 հայ բնակիչ։

Բերրի քաղաքի Կամար կոչուող աղբիւրը (Աղբիւր՝ Գէորգ Ս. Երեւանեան, Պատմութիւն Չարսանճագի հայոց, Պէյրութ, 1956)

6. Տենկ, Տենք
38°50'34.63"N 39°44'20.16"E
Ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914-ին
Ոչ մէկ եկեղեցի

Տենկ գիւղը 1840 թուականի [իսլամական օրացոյցով՝ 1256] օսմանեան պետական մարդահամարին մէջ ներգրաւուած էր Բալուի գաւառակին մէջ։ Գիւղին միայն այր բնակիչները արձանագրուած էին՝ 25 հայ բնակիչ 8 ծուխի մէջ։ Թէ՛ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը, թէ՛ հայր Նաթանեանը կը նշեն, որ գիւղը 3 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը արձանագրած է հանրագումար 14 ծուխի մէջ ապրող 4 հայ (3 այր եւ 1 կին) եւ 68 իսլամ (33 այր եւ 35 կին) բնակիչ։ Երկարատեւ շիջումը արդէն յանգումի հասած էր 1915-ին. այս գիւղին մէջ ապրող ոչ մէկ հայու մասին տեղեկութիւն բերուած էր։

7. Կատոսան , Քատոսա, [Քարակիւնէյ]
38°53'21.50"N 39°34'38.45"E
Ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914-ին
Սբ. Կարապետ եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը եկեղեցին կ’անուանէ սուրբ Աստուածածին, բայց այլ աղբիւրներ հետեւողական կերպով յղում կ’ընեն վերջինիս որպէս սուրբ Կարապետ։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 17 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը՝ 20։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղի հանրագումար 19 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 58 հայ (33 այր եւ 25 կին) եւ 22 իսլամ (11 այր եւ 11 կին) բնակիչ։ Հայոց Պատրիարքարանը 1914-ին այս գիւղին մէջ ապրող ոչ մէկ հայու մասին նշում ունի, հակառակ անոր որ Երեւանեանը եւ Հալաճեանը երկուքն ալ կ’արձանագրեն, որ գիւղը 15 հայ ծուխ կը հաշուէր։

8. Կէօք Թեփէ [Կէօքթեփէ]
38°55'48.74"N 39°36'48.42"E
200 հայ բնակիչ, 25 ծուխ
Սբ. Կարապետ եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 40 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը՝ 38։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղի հանրագումար 48 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 205 հայ (114 այր եւ 91 կին) եւ 68 իսլամ (37 այր եւ 31 կին) բնակիչ։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը կ’արձանագրէր 200 բնակիչ, 25 ծուխ։

9. Ղայազին, Կայաչին, Խայաչի, Խայազի [Քայաճը]
38°53'24.08"N 39°48'6.85"E
88 հայ բնակիչ, 8 ծուխ
Սբ. Մինաս եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 10 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը՝ 15։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղի հանրագումար 26 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 131 հայ (71 այր եւ 60 կին) եւ 27 իսլամ (14 այր եւ 13 կին) բնակիչ։ Հայոց Պատրիարքարանը 1914-ին կ’արձանագրէր, որ բնակչութեան թիւը նուազում ապրած էր եւ հասած 8 ծուխի մէջ ապրող 88 հայ բնակիչի։

10. Կորճան, Քորճան
38°55'4.60"N 39°37'6.92"E
130 հայ բնակիչ, 24 ծուխ
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Հակառակ անոր որ 1935-ին գիւղը 39 բնակիչ կը հաշուէր, 1940-ին ան լքուած էր, կամ որպէս առանձին գիւղ այլեւս չէր արձանագրուեր։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 12 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը՝ 15։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղի հանրագումար 22 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 83 հայ (39 այր եւ 44 կին) եւ 40 իսլամ (20 այր եւ 20 կին) բնակիչ։ Հայոց Պատրիարքարանը 1914-ին կ’արձանագրէր որ բնակչութեան թիւը աճ ապրելով հասած էր 24 ծուխի մէջ ապրող 130 բնակիչի։

11. Հաւսէկ Վարին, Վարի Աւսէկ, [Աշայը Հաւզիք]
38°55'54.54"N 39°35'25.24"E
125 հայ բնակիչ, 15 ծուխ
Սբ. Անտոն եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը միայն 15 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը՝ 25։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղի հանրագումար 28 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 81 (47 այր եւ 34 կին) եւ 20 իսլամ (12 այր եւ 8 կին) բնակիչ։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը որպէս բնակչութեան թիւ կ’արձանագրէր 125 հայ բնակիչ, 15 ծուխ։

12. Հաւսէկ Վերին, Վերի Աւսէկ, Եուքարի Հաւզիք [Պէօյիւրթլէն]
38°56'44.56"N 39°34'56.40"E
61 հայ բնակիչ, 7 ծուխ
Սբ. Մինաս եկեղեցի (Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը եկեղեցին կ’անուանէ սուրբ Աստուածածին)

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը միայն 14 ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը՝ 20։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղի հանրագումար 22 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 105 հայ (60 այր եւ 45 կին) եւ 24 իսլամ (15 այր եւ 9 կին) բնակիչ։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը կ’արձանագրէր բնակչութեան թիւի նուազում՝ 61 հայ բնակիչ, 7 ծուխ։

13. Հաւշաքար, Հաւլաբար, Աւշաքար, Յուշաքար [Աքտեմիր]
38°59'10.06"N 39° 8'59.27"E
260 հայ բնակիչ, 40 ծուխ
Սբ. Գէորգ եկեղեցի, սբ. Սարգիս եկեղեցի

Այս գիւղի եկեղեցիներու թիւին եւ անոնց անուններուն շուրջ շփոթ կայ։ Թէոդիկը միայն մէկ եկեղեցի կը նշէ՝ սուրբ Յովհաննէսը, իսկ Երեւանեանը, Էփրիկեանն ու Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը միայն սուրբ Գէորգ եկեղեցին կը նշեն։ Գէորեանը եւ Սաֆրաստեանը կը նշեն, որ գիւղը երկու եկեղեցի ունէր՝ սուրբ Գէորգ եկեղեցին եւ սուրբ Սարգիս եկեղեցին։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կ’արձանագրէ, որ գիւղը 38 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը՝ միայն 15 ծուխ։ Հ. Ս. Էփրիկեանը նոյնպէս 38 հայ ծուխ կը նշէ՝ շատ հաւանաբար մեկնակէտ ունենալով Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցի աշխատութիւնը։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը Հաւշաքարի հանրագումար 35 ծուխերուն համար կ’արձանագրէ 115 հայ (61 այր եւ 54 կին) եւ 8 իսլամ (3 այր եւ 5 կին) բնակիչ։ Հայոց Պատրիարքարանը 1914-ին կ’արձանագրէր, որ բնակչութեան թիւը կայուն մնացած էր՝ 260 հայ բնակիչ եւ 40 ծուխ։

14. Հոշէ [Քարշըքոնաք]
38°50'31.09"N 39°41'35.09"E
238 հայ բնակիչ, 29 ծուխ
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի
Սբ. Պօղոս վանք

1840 թուականի Բալուի օսմանեան պետական մարդահամարը Հոշէն ալ կը ներառնէ՝ 110 հայ այր բնակիչով եւ 28 ծուխով։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 25 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը՝ 20։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղը ամբողջութեամբ հայաբնակ էր հանրագումար 21 ծուխ եւ 118 հայ (71 այր եւ 47 կին) բնակիչով։ Ինչպէս այլ գիւղերու պարագային, հոս ալ կիները բացայայտօրէն թերահաշւուած էին։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը կ’արձանագրէր բնակչութեան թիւի աճ՝ 238 հայ բնակիչ եւ 29 ծուխ։

15. Իսմայէլցիք [Իսմաիլլի]
38°53'30.49"N 39°37'24.01"E
312 հայ բնակիչ, 38 ծուխ
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի
Սբ. Լոյս/Լուսաւորիչ վանք

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանց կը նշէ, որ գիւղը միայն 25 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը՝ 40 ծուխ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղին հանրագումար 51 գիւղերուն մէջ 238 հայ (138 այր եւ 100 կին) եւ 84 իսլամ (41 այր եւ 43 կին) բնակիչ կ’ապրէր։ Հայոց Պատրիարքարանը 1914-ին բնակչութեան թիւը արձանագրած է 312 հայ բնակիչ եւ 38 ծուխ։

16. Քալաճուք, Քալաճեք
38°53'44.53"N 39°27'20.27"E
56 հայ բնակիչ, 6 ծուխ
Ոչ մէկ եկեղեցի

Այս փոքրիկ հայ գիւղը այսօր հաւանաբար Ենիքէօյի մէկ գիւղակն է։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը միայն 4 հայ ծուխ կը հաշուէր, մինչ հայր Նաթանեանին քով այս գիւղը յիշատակումն իսկ չկայ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղին հանրագումար 4 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 15 հայ (9 այր եւ 6 կին) բնակիչ։ Իսկ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը կ’արձանագրէր, որ բնակչութեան թիւը աճ ապրելով հասած էր 56 հայ բնակիչի եւ 6 ծուխի։

17. Քարափունար, Ղարափունար
38°56'17.31"N 39°33'9.68"E
Ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914-ին
Ոչ մէկ եկեղեցի

Թէ՛ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը եւ թէ հայր Նաթանեանը կը նշեն, որ գիւղը 8 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղի հանրագումար 12 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 40 հայ (18 այր եւ 22 կին) եւ 27 իսլամ (13 այր եւ 14 կին) բնակիչ։ Հայոց Պատրիարքարանը 1914-ին այս գիւղին պարագային հայ բնակչութիւն չէ արձանագրած, հակառակ անոր որ Երեւանեանը 17 հայ ծուխ կը նշէ, թիւ մը որ սակայն անհաւանական կը թուի։

18. Խաճար Վարին, Խաճար Սուֆլա, Եուքարի Աշաղը [Աշայը Քաճարլար]
38°56'26.02"N 39°31'34.61"E
71 հայ բնակիչ, 7 ծուխ
1 աւերակ եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 4 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը՝ 8 հայ ծուխ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղի հանրագումար 4 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 13 հայ (8 այր եւ 5 կին) եւ 3 իսլամ (2 այր եւ 1 կին) բնակիչ։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը կ’արձանագրէր, որ բնակչութեան թիւը աճ ապրած էր եւ հասած 71 հայ բնակիչի ու 7 ծուխի։

19. Խաճար Վերին, Խաճար Ուլեա, Խաճար, Խաճար Եուքարը, [Եուքարը Քաճարլար]
38°56'27.89"N 39°30'32.18"E
46 հայ բնակիչ, 6 ծուխ
1 աւերակ եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 6 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը՝ 10։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը գիւղի հանրագումար 8 ծուխերուն մէջ կ’արձանագրէ 29 հայ (17 հայ եւ 12 կին) եւ 5 իսլամ (2 այր եւ 3 կին) բնակիչ։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը կը նշէր, թէ բնակչութիւնը աճ ապրած էր եւ հասած 46 հայ բնակիչի եւ 6 ծուխի։

20. Խարեսիկ, Խարեսսիկ, Ղարեսիկ, Հաւաշիք, Հարասենք [Պիչմեքայա]
38°51'15.13"N 39°29'36.66"E
112 հայ բնակիչ, 12 ծուխ
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի
Սբ. Կարապետ վանք

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը եւ Թէոդիկը եկեղեցին արձանագրած են Սբ. Կարապետ անուան տակ, իսկ Գէորգեանը եւ Երեւանեանը զայն կը յիշատակեն իբրեւ Սբ. Աստուածածին։ Սաֆրաստեանը կը նշէ, որ եկեղեցին Սբ. Աստուածածին կը կոչուէր, իսկ մօտակայ վանքը՝ սբ. Կարապետ։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 22 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը՝ 25։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղին հանրագումար 35 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 108 հայ (61 այր եւ 47 կին) եւ 46 իսլամ (26 այր եւ 20 կին) բնակիչ։ Հայոց Պատրիարքարանը 1914-ին կ’արձանագրէր, որ բնակչութեան թիւը նուազում ապրած էր եւ կը կազմէր 112 հայ բնակիչ ու 12 ծուխ։

Բերրիի հայկական վարժարանը յաճախող աշակերտներու ծնողներուն ստորագրութիւններէն հաւաքածոյ մը (Աղբիւր՝ Գէորգ Ս. Երեւանեան, Պատմութիւն Չարսանճագի հայոց, Պէյրութ, 1956)

21. Խռնեկ, Խռնիկ, Խուռնիկ, [Հրնիք]
38°54'49.92"N 39°33'41.76"E
74 հայ բնակիչ, 13 ծուխ
Սբ. Յակոբ եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանց կը նշէ, որ գիւղը 15 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը՝ 25։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղի հանրագումար 16 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 62 հայ (40 այր եւ 22 կին) եւ 16 իսլամ (8 այր եւ 8 կին) բնակիչ։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը որպէս բնակչութեան թիւ կ’արձանագրէր 74 հայ բնակիչ եւ 13 ծուխ։

22. Քոտարիճ, Քոտարիչ, Կոտարիչ, Քուրտարիճ, Քոտերիչ [Կիւնէյհարման]
38°54'33.31"N 39°44'55.70"E
300 հայ բնակիչ, 33 ծուխ
Սբ. Գէորգ եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանց կը նշէ, թէ գիւղը 27 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը՝ 30։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը գիւղի հանրագումար 37 ծուխերուն մէջ կ’արձանագրէ 127 հայ բնակիչ (62 այր եւ 65 կին) եւ 54 իսլամ (31 այր եւ 23 կին)։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը կ’արձանագրէր, թէ բնակչութեան թիւը աճ ապրելով հասած էր 300 հայ բնակիչի եւ 33 ծուխի։

23. Քուրեքան, Քիւրեքէն [Օպուզպաշը]
38°52'57.03"N 39°49'34.46"E
Ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914-ին
Ոչ մէկ եկեղեցի

Թէ՛ Երեւանեանը, թէ՛ Անդրանիկը կը նշեն, որ Քուրեքանը 20 ծուխ հաշուող ամբողջութեամբ հայաբնակ գիւղ էր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ սակայն, որ գիւղի հանրագումար 20 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 104 հայ (50 այր եւ 54 կին) եւ 28 իսլամ (15 այր եւ 13 կին) բնակիչ։ Հայկական ոչ մէկ այլ աղբիւր այս գիւղին մասին վկայութիւն կը բերէ։ Պէտք է ենթադրել, որ Երեւանեանի տեղեկութեան աղբիւրը Անդրանիկի աշխատութիւնն է։ Այս տուեալները կարելի է մեկնաբանել իբրեւ հայ գիւղի մը աստիճանաբար իսլամանալուն ապացոյց, կամ կրնայ նաեւ ըլլալ որ իսլամներու գիւղ հաստատուելուն զուգահեռ հայերը գիւղէն հեռացած ըլլան։

24. Քուշին, Խուշճի, Քուշճի [Քուշչու]
38°51'56.76"N 39°43'32.20"E
177 հայ բնակիչ, 25 ծուխ
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի
Սբ. Անտոն վանք

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանց կը նշէ, որ գիւղը 20 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը՝ 24։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը գիւղի հանրագումար 27 ծուխերուն համար կ’արձանագրէր 153 հայ բնակիչ (85 այր եւ 68 կին) եւ 28 իսլամ (18 այր եւ 10 կին)։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը կ’արձանագրէր 177 հայ բնակիչ եւ 25 ծուխ։

25. Քուշին Մեզրէ, Խուշճի Մեզրէ, Քուշճի Մեզրէ [Քուշչու Մեզրասը]
38°52'48.03"N 39°44'3.06"E
61 հայ ընտանիք, 5 ծուխ
Սբ. Կարապետ եկեղեցի

Թէ՛ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը եւ թէ հայր Նաթանեանը կը նշեն, որ գիւղը 6 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ հանրագումար 9 ծուխերուն մէջ ապրող իր 52 (27 այր եւ 25 կին) բնակիչներով գիւղը զուտ հայաբնակ էր։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 61 հայ բնակիչ եւ 5 ծուխ։

26. Քուզուլճուք, Ղզլճուխ, Ղզլճուղ, Քզիլճուխ [Քըզըլչըք]
38°54'5.71"N 39°38'45.02"E
232 հայ բնակիչ, 15 ծուխ
Սբ. Աստուածածին կամ Աստուածամայր եկեղեցի

Թէ՛ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը եւ թէ հայր Նաթանեանը կը նշեն, որ գիւղը 20 հայ ծուխ կը հաշուէր։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը կ’արձանագրէր 232 հայ բնակիչ եւ 15 ծուխ կազմող բնակչութեան թիւ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը այս գիւղին մասին տուեալներ չի բերեր, սակայն Բերրի քաղաքի արուարձաններէն մէկը Քզճք անունով նշուած է։ Թէեւ Քուզուճուքը Բերրիէն շատ հեռու կը գտնուէր անոր արուարձանը համարուելու համար, կրնայ պատահիլ որ տառասխալ փախած ըլլայ, ինչպէս նաեւ կրնայ պատահիլ որ տարեգիրքին մէջ գիւղին անուանումին արձանագրութեան սխալ տեղի ունեցած ըլլայ տարեգիրքին մէջ։ Այս արուարձանին համար արձանագրուած բնակչութիւնը կը թուի թէ կը համընկնի Քուզուլիճուքի բնակչութեան թիւին՝ 134 հայ բնակիչ (63 այր եւ 71 կին) եւ 3 իսլամ (1 այր եւ 2 կին) հանրագումար 19 ծուխի մէջ։

27. Լուսատարիչ, Մուսատարիչ [Արբալը]
38°54'59.09"N 39°31'38.30"E

Լուսատարիչ Մեզրէ
38°54'39.45"N 39°31'46.94"E

174 հայ բնակիչ, 19 ծուխ
Սբ. Յակոբ եկեղեցի
Սփ. Երեք Մանկունք կամ Երից Մանկանց վանք (Գէորգեանը եւ Թէոդիկը վանքին անունը «Սբ. Քառասուն Մանկունք» վանք կը նշեն)

Հայր Նաթանեանի աշխատութիւնը միակ աղբիւրն է, ուր գիւղերը բաժնուած ներկայացուած են հանրագումար 25 հայ ծուխով (15 ծուխ Լուսատարիչի եւ 10 ծուխ Լուսատարիչ Մեզրէի մէջ)։ Միւս բոլոր աղբիւրները Լուսատարիչ Մեզրէն որպէս առանձին գիւղ չեն արձանագրեր։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 24 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղին հանրագումար 30 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 143 հայ (81 այր եւ 62 կին) եւ 33 իսլամ (17 այր եւ 16 կին) բնակիչ։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը կ’արձանագրէր 174 հայ բնակիչէ եւ 19 ծուխէ բաղկացած բնակչութեան թիւ։

28. Մարկիկ, Մարկեկ, Մարկիք, Մերկեկ [Կիւնպողազը]
38°57'39.43"N 39°26'28.51"E
20 հայ բնակիչ, 4 ծուխ
Ոչ մէկ եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը միայն 12 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը՝ 20։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղի հանրագումար 11 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 38 հայ (19 այր եւ 19 կին) եւ 32 իսլամ (21 այր եւ 11 կին) բնակիչ։ Հայոց Պատրիարքարանը 1914-ին կ’արձանագրէր, որ բնակչութեան թիւը աւելի եւս նուազելով հասած էր 20 հայ բնակիչի եւ 4 ծուխի։

29. Մերճումէկ, Մերճիմէկ [Մերճիմէկ]
38°51'43.10"N 39°23'27.63"E
Ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914-ին
Սբ. Յակոբ եկեղեցի (Երեւանեանը եկեղեցիին անունը «Սուրբ Յովհաննէս» արձանագրած է)

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 9 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը՝ 10։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղի հանրագումար 23 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 28 հայ (16 այր եւ 12 կին) եւ 105 իսլամ (66 այր եւ 39 կին) բնակկիչ։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը այս գիւղին մէջ ապրող հայերու մասին ոչ մէկ տուեալ արձանագրած է։ 

30. Նոր Գիւղ [Ենիքէօյ]
38°53'51.94"N 39°26'35.60"E
122 հայ բնակիչ, 35 ծուխ
Սբ. Գէորգ եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 12 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը անտրամաբանականօրէն մեծ թիւ մը կը նշէ՝ 40 ծուխ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղի հանրագումար 19 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 53 հայ (36 այր եւ 17 կին) եւ 5 իսլամ (1 այր եւ 4 կին) բնակիչ։ Հայոց Պատրիարքարանը 1914-ին կ’արձանագրէր որ գիւղի բնակչութեան թիւը աճ ապրած էր եւ կը հաշուէր 122 հայ բնակիչ եւ 35 ծուխ։

31. Ուռեկ Վերին [Եուքարը Եաքապաշը]
38°50'48.65"N 39°28'11.14"E
122 հայ բնակիչ, 15 ծուխ
Սբ. Յովհաննէս եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 10 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը՝ 12։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղի հանրագումար 11 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 53 հայ (32 այր եւ 21 կին) եւ 40 իսլամ (20 այր եւ 20 կին) բնակիչ։ Ծուխերուն թիւը անտրամաբանականօրէն փոքր կը թուի։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը կ’արձանագրէր, որ գիւղի բնակչութեան թիւը աճ ապրած էր եւ կը բաղկանար 122 հայ բնակիչէ եւ 15 ծուխէ։

32. Ուրձ, Խորս, Հըրս, Հրիս [Էօրսքէօյ]
38°54'30.70"N 39°43'30.91"E
195 հայ բնակիչ, 22 ծուխ
Սբ. Մինաս եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 21 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը՝ 25։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղի հանրագումար 36 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 149 հայ (85 այր եւ 64 կին) եւ 103 իսլամ (52 այր եւ 51 կին) բնակիչ։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը կ’արձանագրէր 195 հայ բնակիչէ եւ 22 ծուխէ կազմուած բնակչութեան թիւ։

33. Բաղնիք, Բաղնիկ [Քեփեքթաշ]
38°51'31.64"N 39°42'39.19"E
93 հայ բնակիչ, 12 ծուխ
Սբ. Մինաս եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 13 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը՝ 12։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղի հանրագումար 19 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 77 հայ (42 այր եւ 35 կին) եւ 38 իսլամ (20 այր եւ 18 կին) բնակիչ։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը բնակչութեան թիւը արձանագրած է 93 հայ բնակիչ եւ 12 ծուխ։

34. Բաշավանք, Բաշաղակ, Պաշաղակ [Փընարլար]
38°52'33.65"N 39°28'39.71"E

Բաշավանք Մեզրա
38°52'23.28"N 39°28'22.85"E
632 հայ բնակիչ, 96 ծուխ
Սբ. Սարգիս եկեղեցի
Սբ. Յովհաննէս վանք (Երեւանեան) կամ Սբ. Քառասուն Մանկունք վանք (Գէորգեան)

Հայոց Պատրիարքարանի 1914-ի մարդահամարը միակ աղբիւրն է, ուր երկու գիւղերը առանձին արձանագրուած են։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 89 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը՝ 70։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղի հանրագումար 81 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 259 հայ (137 այր եւ 122 կին) եւ 82 իսլամ (45 այր եւ 37 կին) բնակիչ։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր հետեւեալ կերպ՝ 497 հայ բնակիչ եւ 75 ծուխ Բաշավանքի մէջ 135 հայ ու 21 ծուխ Բաշավանք Մեզրայի մէջ։

Բերդակ [Փերթեք] (Աղբիւր՝ Lamberto Vannutelli, Anatolia Meridionale E Mesopotamia, Roma, 1911)

35. Բերդակ [Փերթեք]
38°52'1.83"N 39°19'27.74"E
445 հայ բնակիչ, 45 ծուխ
Սբ. Թորոս եկեղեցի, Սբ. Աստուածածին եկեղեցի, Սբ. Շմաւոն եկեղեցի
Սբ. Քառասուն Մանկունք վանք

Թէ՛ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը եւ թէ հայր Նաթանեանը կը նշեն, որ գիւղը 60 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղի հանրագումար 512 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 408 հայ (210 այր եւ 198 կին) եւ 2088 իսլամ (1082 այր եւ 1006 կին) բնակիչ։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը կ’արձանագրէր բնակչութեան հետեւեալ տուեալները՝ 265 հայ բնակիչ եւ 45 ծուխ։ Արձնագրուած է նաեւ, որ եւս 180 հայ բնակիչ կ’ապրէր Էսքի Բերդակը կամ հին Բերդակի նախկին վայրին մէջ, նախքան արեւելեան Եփրատի (Արածանիի) ջուրերու բարձրանալուն պատճառով գիւղին տեղափոխումը։ Բերուած է Էսքի Բերդակի ամբողջ բնակչութեան թիւը ըստ շունչերու, բայց առանց ծուխերու թիւին։

36. Բերդակ Թիլ [Քորլուճա]
38°49'48.50"N 39°19'12.68"E
108 հայ բնակիչ, 27 ծուխ
Սբ. Սարգիս եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 40 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ Նաթանեանը՝ 35։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղը զուտ հայաբնակ էր, եւ հանրագումար 51 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 206 (105 այր եւ 101 կին) բնակիչ։ Հայոց Պատրիարքարանը 1914-ին կ’արձանագրէր բնակչութեան թիւի նուազում՝ 108 հայ բնակիչ, 27 ծուխ։ Իրենց անունին մէջ «Թիլ» բառը ունեցող բազմաթիւ գիւղեր տարբեր-տարբեր յիշատակուած են աղբիւրներուն մէջ՝ Թիլ, Վերին Թիլ, Փոքր Թիլ, Բերդակ Թիլ։ Համոզուած եմ, որ այս բոլորին մասին յիշատակումները երկու գիւղի կը վերաբերին՝ Բերթակի Թիլին եւ Բերրի քաղաքին արեւելքի անմիջական դրացի Թիլ գիւղին (տե՛ս #45)։ Թէոդիկը սխալ կերպով յղում կ’ընէ երեք գիւղի, սակայն համոզուած եմ, որ Թիլ եւ Վերին Թիլ գիւղին եղած յղումները կրկնութիւններ են։

Բերդակ՝ Արեւելեան Եփրատի (Արածանի կամ Մուրադ) ափին (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք)

37. Սաղման, Ցաղման [Սայման]
38°55'11.96"N 39°17'54.56"E
30 հայ բնակիչ
Սբ. Գէորգ եկեղեցի (Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանց եւ Թէոդիկ) կամ Սբ. Սարգիս եկեղեցի (Երեւանեան եւ Գէորգեան)

Այժմու Սաղման քաղաքը կը գտնուի հին քաղաքին հիւսիսը։ Հին Սաղմանը շատ աւելի մօտ էր բերդին։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 4 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը՝ 10։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղի հանրագումար 95 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 10 հայ (5 այր եւ 5 կին) եւ 526 իսլամ (273 այր եւ 253 կին) բնակիչ։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը միայն բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր՝ 30 հայ բնակիչ՝ առանց ճշդելու ծուխերուն թիւը։

38. Սեւճող, Սվճող, Սողճով, Սեւճուխ, Սղճով, Շիհսօ [Պուրմակեճիթ]
38°57'56.76"N 39°32'21.94"E
333 հայ բնակիչ, 53 ծուխ
Սբ. Յակոբ եկեղեցի, Սբ. Սարգիս եկեղեցի
3 աւերակ վանք

Բոլոր աղբիւրները հետեւողական կերպով եկեղեցին «Սուրբ Յակոբ» անուան տակ կը յիշատակեն։ Սաֆրաստեանը կը յիշատակէ նաեւ այլ եկեղեցիներու անուններ՝ Սուրբ Երից Մանկանց եւ Սուրբ Վարվառ, իսկ Գէորգեանը եկեղեցին կը յիշատակէ «Սուրբ Սարգիս» անուան տակ։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 36 հայ ծուխ կը հաշուէր, հայր Նաթանեանը՝ 30։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղի հանրագումար 55 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 307 հայ (162 այր եւ 145 կին) եւ 86 իսլամ (42 այր եւ 44 կին) բնակիչ։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 333 հայ բնակիչ եւ 53 ծուխ։

39. Սեյիտլի, Սեյիդլի [Էլմալըք]
38°52'21.72"N 39°47'3.72"E
Ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914-ին
Ոչ մէկ եկեղեցի

Թէ՛ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը, թէ՛ հայր Նաթանեանը կը նշեն, որ գիւղը 4 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Սակայն այնուհետեւ ոչ մէկ հայու այս գիւղը ապրելուն մասին տուեալներ կը յիշատակուին։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղը լրիւ իսլամաբնակ էր իր հանրագումար 16 ծուխերուն մէջ ապրող 65 (30 այր եւ 35 կին) բնակիչներով։

40. Շամցիք, Շամլի, Շենցիք, Շանցիք [Չիմենլի]
38°54'26.15"N 39°35'42.27"E
31 հայ բնակիչ, 2 ծուխ
1 աւերակ եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը կը հաշուէր 8 հայ ծուխ, հայր Նաթանեանը՝ 10։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղին հանրագումար 12 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 52 հայ (25 այր եւ 27 կին) եւ 11 իսլամ (6 այր եւ 5 կին) բնակիչ։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը կ’արձանագրէր բնակչութեան թիւի նուազում՝ 31 հայ բնակիչ եւ 2 ծուխ, թէեւ ծուխերուն թիւը կասկածելի կը թուի։

41. Շոհմին, Շոհմի, [Կելինփընար]
38°54'46.64"N 39°42'12.43"E
Ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914-ին
Ոչ մէկ եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 4 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը՝ 2։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ որ գիւղի հանրագումար 18 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 8 հայ (6 այր եւ 2 կին) եւ 117 իսլամ (59 այր եւ 58 կին) բնակիչ։ Յետագային հայերու այստեղ երբեւէ ապրելու մասին ոչ մէկ յիշատակում կայ։

42. Սորփիան, Սորփիեան [Եօլքոնաք]
38°58'49.68"N 39°28'58.43"E
181 հայ բնակիչ, 24 ծուխ
Սբ. Գէորգ եկեղեցի (Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը եկեղեցին կը յիշատակէ «Սբ. Աստուածածին եկեղեցի» անուան տակ)

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանց կը նշէ, որ գիւղը կը հաշուէր 22 հայ ծուխ, իսկ հայր Նաթանեանը՝ միայն 8 ծուխ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղի հանրագումար 27 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 107 հայ (71 այր եւ 36 կին) եւ 45 իսլամ (23 այր եւ 22 կին) բնակիչ։ Հայոց Պատրիարքարանը 1914-ին բնակչութեան թիւի աճ կ’արձանագրէր՝ 181 հայ բնակիչ եւ 24 ծուխ։

43. Սումախ, Սըմախ, Սումաղ, Սմաղ [Սումաք]
38°53'12.49"N 39°31'5.07"E
Ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914-ին
Սբ. Գէորգ եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 10 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը՝ 18։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղի հանրագումար 12 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 25 հայ (16 այր եւ 9 կին) եւ 27 իսլամ (15 այր եւ 12 կին) բնակիչ։ Հայոց Պատրիարքարանի 1914-ի մարդահամարը այս գիւղին մէջ ապրող ոչ մէկ հայ բնակիչի մասին յիշատակում ունի, բայց Հալաճեանի (15 ծուխ) եւ Երեւանեանի (12 ծուխ) յիշատակումները կը հերքեն այս պնդումը։

44. Թանց, Թանզ, Թանձ, Թանծ, Թանզ [Թոզքոփորան]
38°55'42.02"N 39°26'19.17"E
282 հայ բնակիչ, 32 ծուխ
Սբ. Սարգիս եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 24 հայ ծուխ կը հաշուէր, հայր Նաթանեանը՝ 25։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղին հանրագումար 21 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 32 հայ (19 այր եւ 13 կին) եւ 23 իսլամ (15 այր եւ 8 կին) բնակիչ։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը բնակչութեան թիւի աճ կ’արձանագրէր՝ 282 հայ բնակիչ եւ 32 ծուխ։ Բացայայտ է, որ այս գիւղին պարագային հայկական եւ օսմանեան աղբիւրներուն միջեւ նշանակալից տարբերութիւն կայ։ Առայժմ այս չհամընկնիլը բացատրող տեղեկութիւն չկայ։

45. Թիլ, Թիլ Վերին, Թիլ Ուլիա, Փոքր Թիլ
38°52'2.11"N 39°45'2.59"E
60 հայ բնակիչ, 5 ծուխ
Սբ. Սարգիս եկեղեցի

Թէ՛ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը եւ թէ հայր Նաթանեանը կը նշեն, որ գիւղը 8 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղի հանրագումար 31 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 57 հայ (28 այր եւ 29 կին) եւ 68 իսլամ (40 այր եւ 28 կին) բնակիչ։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը բնակչութեան թիւը արձանագրած էր 60 հայ բնակիչ եւ 5 ծուխ։

46. Ձորակ, Սորեկ, Սրեք, Սորեք [Քարապուլութ]
38°54'26.04"N 39°45'57.31"E
130 հայ բնակիչ, 17 ծուխ
Սբ. Կարապետ եկեղեցի, Սբ. Վարվառ եկեղեցի, Սբ. Աստուածածին եկեղեցի
1 աւերակ վանք

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 13 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը՝ 15։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղի հանրագումար 29 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 77 հայ (41 այր եւ 36 կին) եւ 50 իսլամ (26 այր եւ 24 կին) բնակիչ։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 130 հայ բնակիչ եւ 17 ծուխ։

47. Վասկերտ, Վազկիրտ [Չալիէօզիւ]
38°51'46.10"N 39°32'46.99"E
102 հայ բնակիչ, 20 ծուխ
Սբ. Թորոս եկեղեցի, Մայր Մարիամ եկեղեցի, Սբ. Քառասուն Մանկունք եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանց կը նշէ, որ գիւղը 35 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը՝ 50։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղի հանրագումար 45 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 211 հայ (122 այր եւ 89 կին) եւ 53 իսլամ (29 այր եւ 24 կին) բնակիչ։ Հայոց Պատրիարքարանը 1914-ին կ’արձանագրէր, որ բնակչութեան թիւը նուազելով հասած էր 102 հայ բնակիչի եւ 20 ծուխի։

48. Վայնա, Վահնայ, Վահնէյ, Ուահնէ [Սաղմանի արուարձան]
38°56'13.41"N 39°16'16.32"E
40 հայ բնակիչ, 5 ծուխ
Սբ. Գէորգ եկեղեցի

Վայնան Սաղման անունով նոր քաղաքի մէկ արուարձանն է։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 8 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը այս գիւղին մասին յիշատակում չունի։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղի հանրագումար 13 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 12 հայ (2 այր եւ 10 կին) եւ 23 իսլամ (13 այր եւ 10 կին) բնակիչ։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 40 հայ բնակիչ եւ 5 ծուխ։

49. Զերի, Զիրի, Զերին [Շաւքըն]
38°50'41.43"N 39°37'22.69"E
22 հայ բնակիչ, 4 ծուխ
Ոչ մէկ եկեղեցի

Այնպէս կը թուի, որ հայերը համեմատաբար ուշ կայք հաստատած են Զերիի մէջ, որովհետեւ միայն 1914 թուականի Հայոց Պատրիարքարանի մարդահամարին մէջ յիշատակում կայ այս գիւղին մասին՝ 22 հայ բնակիչ եւ 4 ծուխ յիշատակուած է։ 1894-ին գիւղը ամբողջութեամբ իսլամաբնակ էր՝ 17 հանրագումար ծուխի մէջ ապրող 91 (51 այր եւ 40 կին) բնակիչով։

Մազկերտի գաւառակ

Այնպէս կը թուի, որ Մազկերտի գաւառակի սահմանները հաստատուն չեն եղած։ Էրզրումի նահանգի 1871-ի տարեգիրքը գաւառակին մէջ հաշուած է 195 գիւղ՝ 11535 այր (10420 իսլամ եւ 1115 քրիստոնեայ) բնակիչով։ Օսմանեան աղբիւրները որպէս գաւառակի քրիստոնեայ բնակիչներ միայն հայերը կը նշէին, հետեւաբար 1115 այրերը պէտք է հայեր հաշուուին։ Նշուած է նաեւ, որ վեց հայկական եկեղեցի կար։ Յաջորդ տարուան՝ 1872-ի տարեգիրքը ըստ էութեան նոյն թիւերը կը յիշատակէր։ 1873-ի տարեգիրքը, սակայն, կը նշէր, որ բնակչութեան թիւը նուազում ապրած էր եւ կը հաշուէր 3088-ի ծուխի մէջ ապրող 7486 այր (6543 իսլամ եւ 943 քրիստոնեայ) բնակիչ։ Այս թիւը իւրաքանչիւր ծուխի մէջ 2.4 այր բնակիչի կը համապատասխանէ։ Գիւղերու թիւ որպէս բերուած է 499-ը, որ կտրականապէս տարբեր է նախորդ երկու տարեգիրքերու թիւերէն։ 

Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը Մազկերտի գաւառակին մէջ կը ներառէր 275 գիւղ եւ 125 գիւղ Քիզինքիլիսէի մէջ, հանրագումար՝ 400 գիւղ։ Սակայն այս գիւղերէն աւելի քան 70-ին համար մանրամասն տեղեկութիւններ չեն բերուած՝ նշելով, որ անոնք հեռու կը գտնուին եւ անոնց բնակիչները վաչկատուն են։ 

Տարեգիրքը հայ բնակչութիւն ունեցող 22 գիւղ կը յիշատակէ։ Նշուած բնակչութեան թիւը 3259 ծուխի մէջ 1635 հայ (951 այր եւ 684 կին) եւ 13288 իսլամ (7515 այր եւ 5773 կին) բնակիչ է։ Այս թիւը կը համապատասխանէ իւրաքանչիւր ծուխի մէջ միջին հաշուով 2.6 այր եւ հանրագումար 4.6 բնակիչի։ Արանց ընդ կանանց կազմած յարաբերակցութիւնը 1.30 է իսլամներու պարագային եւ 1.39 հայերու պարագային։ Մենք երկու գիւղ նշուած էր որպէս բացառապէս հայաբնակ գիւղ։

Առկայ յաջորդ աղբիւրները, որոնք Մազկերտը որպէս առանձին միաւոր կը յիշատակեն, 1913/14-ի վերաբերեալ Հայոց Պատրիարքարանի տուեալներն են եւ 1914-ի օսմանեան պետական մարդահամարը։ Հայոց Պատրիարքարանի մարդահամարը կը նշէ, որ Ցեղասպանութեան վաղորդայնին 12 գիւղերու 254 ծուխերուն մէջ 2129 հայ բնակիչ կ’ապրէր։ Օսմանեան պետական փաստաթուղթը հայ բնակչութիւնը 1483 շունչ կը գնահատէ։ Աղբիւրներէն ոչ մէկը այլ մանրամասնութիւններ կը բերէ։

Ստորեւ բերուած աղիւսակը կ’ամփոփէ Խոզաթի գաւառակին վերաբերող վերոնշեալ տուեալները.

1. Մազկերտ, Մեծկերտ [Մազկիրթ]
39° 1'14.18"N 39°36'21.19"E
1200 հայ բնակիչ, 150 ծուխ
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի, Սբ. Յակոբ եկեղեցի
7 աւերակ վանք

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 80 հայ ծուխ կը հաշուէր, հայր Նաթանեանը՝ 70։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրք կը նշէ, որ գիւղի հանրագումար 140 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 628 հայ (339 այր եւ 289 կին) եւ 295 իսլամ (147 այր եւ 148 կին) բնակիչ։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարան կ’արձանագրէր բնակչութեան թիւի աճ՝ 1200 հայ բնակիչ եւ 150 ծուխ։

2. Անպար [Ամպար]
39° 5'7.77"N 39°38'34.23"E
Ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914-ին
Ոչ մէկ եկեղեցի

Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը միակ աղբիւրն է, որ Անպարի մէջ հայ բնակչութիւն արձանագրած է՝ 10 հայ (5 այր եւ 5 կին) եւ 34 իսլամ (16 այր եւ 18 կին) բնակիչ գիւղի հանրագումար 8 ծուխերուն մէջ։

Արիստակէս Քհնյ. Մաղոյեանն ու իր ընտանիքը (մեծկերտցի) (Աղբիւր՝ Գէորգ Ս. Երեւանեան, Պատմութիւն Չարսանճագի հայոց, Պէյրութ, 1956)

3. Պաղին
39° 0'14.34"N 39°53'55.98"E
Ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914-ին
Ոչ մէկ եկեղեցի

Երեւանեանը եւ Անդրանիկը կը նշեն, որ գիւղը 8-էն 10 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղը ամբողջութեամբ իսլամաբնակ էր (77 բնակիչ եւ 14 ծուխ)։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը հայ բնակչութիւն չի յիշատակեր։ Պաղին, Քարնձոր, Քարտերէ, Իսնիս եւ Ճանիկ գիւղերը իրարու մօտ կը գտնուէին։ Յայտնի է, որ իւրաքանչիւր գիւղ որոշ ժամանակի մը ունեցած է հայ բնակչութիւն, սակայն 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը Պաղին գիւղին մասին յիշատակում ընել չէ յաջողած։ Այս երեւոյթը բացատրող բազմաթիւ հնարաւոր բացատրութիւններ կան։ Քանի որ այս գիւղերը գործող եկեղեցի չունէին, կրնան գիւղերը պարզապէս մոռցուած ըլլալ։ Այլ բացատրութիւններ կրնան ըլլալ հայ բնակչութեան ձուլումը, գիւղի լքումը եւ 1894-96թթ. համիտեան կոտորածները։

4. Պեկլեր Մեզրէ [Պեյլերմեզրասը]
38°57'42.82"N 39°34'33.50"E
Ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914-ին
Ոչ մէկ եկեղեցի

Հայր Նաթանեանը այս գիւղին պարագային կը յիշատակէ 8 հայ ծուխ, իսկ այնուհետեւ հայերուն հոն ապրելուն մասին ոչ մէկ յիշատակում կայ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղի հանրագումար 10 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 34 իսլամ (19 այր եւ 15 կին) բնակիչ։ Իսկ Երեւանեանը կը նշէ, որ գիւղը 3 հայ ծուխ կը հաշուէր։

5. Պերոշ, Պերոչ, Պերոճ [Տալլըպել]
39° 2'53.27"N 39°44'56.47"E
25 հայ բնակիչ, 3 ծուխ
Ոչ մէկ եկեղեցի

1914 Հայոց Պատրիարքարանի մարդահամարը միակ աղբիւրն է, որ Պերոշի մէջ ապրող հայ բնակիչ արձանագրած է՝ 25 հայ բնակիչ եւ 3 ծուխ։

6. Չուքուր [Չուքուր]
39° 6'12.55"N 39°41'51.74"E
50 հայ բնակիչ, 10 ծուխ
1 աւերակ եկեղեցի
1 աւերակ վանք

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 4 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրք կ’արձանագրէ, որ գիւղի հանրագումար 30 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 35 հայ (15 այր եւ 20 կին) եւ 51 իսլամ (22 այր եւ 29 կին) բնակիչ։ Հայոց Պատրիարքարանը 1914-ին կ’արձանագրէր բնակչութեան թիւի աճ 50 հայ բնակիչի եւ 10 ծուխի։

7. Տանապուրան [Տանապուրան]
38°57'41.92"N 39°39'28.38"E
70 հայ բնակիչ, 5 ծուխ
1 աւերակ եկեղեցի
1 աւերակ վանք

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 15 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը՝ 8։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղի հանրագումար 55 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 70 հայ (40 այր եւ 30 կին) եւ 230 իսլամ (148 այր եւ 82 կին) բնակիչ։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 70 հայ բնակիչ եւ 5 ծուխ։

8. Տիլան Օղլու, Տիլան Օղլի [Քոչքույուսու]
38°58'44.19"N 39°35'7.30"E
5 հայ բնակիչ
Ոչ մէկ եկեղեցի
5 աւերակ վանք

Թէ՛ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը եւ թէ հայր Նաթանեանը կը նշեն, որ գիւղը 10 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղի հանրագումար 17 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 35 հայ (23 այր եւ 12 կին) եւ 25 իսլամ (14 այր եւ 11 կին) բնակիչ։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը կ’արձանագրէր, որ բնակչութեան թիւը նուազում ապրած էր, եւ մնացած էր միայն 5 հայ բնակիչ։

Մեծկերտի կամուրջը (Աղբիւր՝ Գէորգ Ս. Երեւանեան, Պատմութիւն Չարսանճագի հայոց, Պէյրութ, 1956)

9. Հազեզ, Հասորիք [Տազքայեայ]
39° 0'52.64"N 39°31'16.45"E
Ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914-ին
Ոչ մէկ եկեղեցի

Թէ՛ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը եւ թէ հայր Նաթանեանը կը նշեն, որ գիւղը 3 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէր, որ գիւղի հանրագումար 15 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 5 հայ (3 այր եւ 2 կին) եւ 41 իսլամ (20 այր եւ 21 կին) բնակիչ։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը այս գիւղին մէջ ապրող ոչ մէկ հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։

10. Իսնիս
38°54'42.48"N 39°51'12.72"E
Ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914
Ոչ մէկ եկեղեցի

Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը միակն է, որ կը յիշատակէ, թէ Իսնիսի մէջ հայեր կ’ապրէին։ Գիւղի հանրագումար 16 ծուխերուն բնակչութիւնը արձանագրուած է 20 հայ (9 այր եւ 11 կին) եւ 48 իսլամ (31 այր եւ 17 կին) բնակիչ։ Իսկ Փափազեանը միակ հայկական աղբիւրն է, ուր կը նշուի, թէ գիւղը հայ բնակչութիւն ունեցած է (3 ծուխ)։

11. Ճանիկ, Ճանիք [Այտընլըք]
38°55'15.57"N 39°49'55.56"E
Ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914-ին
Ոչ մէկ եկեղեցի

Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը միակն է, որ կը յիշատակէ, թէ Ճանիկի մէջ հայեր կ’ապրէին։ Բնակչութեան յիշատակուած պատկերը հետեւեալն էր՝ 80 հայ (53 այր եւ 27 կին) եւ 252 իսլամ (141 այր եւ 111 կին) բնակիչ, հանրագումար 69 ծուխ։ Թէ՛ Երեւանեանը, թէ՛ Անդրանիկը կը նշեն, որ գիւղը 12 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Հայոց Պատրիարքարանի 1914-ի մարդահամարը Ճանիկ գիւղին մէջ ապրող հայ բնակչութիւն չէ արձանագրած։

12. Քարատերէ [Սիւլիւնթաշ]
38°56'24.49"N 39°49'23.31"E
Ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914-ին
Ոչ մէկ եկեղեցի

Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը միակն է, որ կը յիշատակէ, թէ Քարատերէի մէջ հայեր կ’ապրէին։ Բնակչութեան յիշատակուած պատկերը հետեւեալն էր՝ 32 հայ բնակիչ (17 այր եւ 15 կին) եւ 285 իսլամ (161 այր եւ 124 կին), հանրագումար 76 ծուխ։

13. Քարմսի, Կարմսի, Քոմիս [Պուլկուրճուլար]
38°59'33.26"N 39°41'41.42"E
Ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914-ին
Ոչ մէկ եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 4 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղի հանրագումար 7 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 15 հայ (10 այր եւ 5 կին) եւ 22 իսլամ (12 այր եւ 10 կին) բնակիչ։ Հայոց Պատրիարքարանը 1914-ին գիւղի մէջ ապրող հայերու մասին յիշատակում չունի։

14. Քարնձոր
38°59'13.75"N 39°52'10.10"E
Ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914-ին
Ոչ մէկ եկեղեցի

Երեւանեանը եւ Անդրանիկը նշեն, թէ գիւղը 8 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղի հանրագումար 6 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 45 հայ (28 այր եւ 17 կին) եւ 20 իսլամ (12 այր եւ 8 կին) բնակիչ։ Հայոց Պատրիարքարանը 1914-ին ոչ մէկ հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։

15. Խոզնգիւղ, Խոզէնգիւղ, Քուշտուն [Ալանեազը]
38°58'53.11"N 39°41'30.53"E
50 հայ բնակիչ, 5 ծուխ
Սբ. Յուսիկ եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 5 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրք կ’արձանագրէ, որ գիւղի հանրագումար 28 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 43 հայ (28 այր եւ 17 կին) եւ 103 իսլամ (48 այր եւ 55 կին) բնակիչ։ Հայոց Պատրիարքարանը 1914-ին կ’արձանագրէր 50 հայ բնակիչ եւ 5 ծուխ։

16. Լամք, Լեմք [Օպրուքքաշը]
38°55'37.13"N 39°45'1.78"E
62 հայ բնակիչ, 5 ծուխ
Սբ. Գէորգ եկեղեցի
Սբ. Գրիգոր վանք, Սբ. Աստուածամայր վանք, Սբ. Թորոս վանք

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը եկեղեցին կը յիշատակէ Սբ. Գէորգ անուան տակ։ Երեւանեանը եկեղեցին կը նշէ Սբ. Լուսաւորիչ անուան տակ, ինչպէս նաեւ երկու վանք կը յիշատակէ՝ Սբ. Աստուածածինը եւ Սբ. Թորոսը։ Թէոդիկը եւ Հ. Ս. Էփրիկեանը եկեղեցին նոյնպէս Սբ. Գէորգ անուան տակ կը յիշատակեն, իսկ երկու վանքերը՝ Սբ. Աստուածամայր եւ Սբ. Թորոս։ Եւ վերջապէս Գէորգեանը եկեղեցին կ’անուանէ Սբ. Մինաս եւ երեք վանք կը յիշատակէ՝ Սբ. Գրիգոր, Սբ. Աստուածամայր եւ Սբ. Թորոս։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 5 հայ ծուխ կը հաշուէր, հայր Նաթանեանը՝ 10։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղի հանրագումար 13 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 26 հայ (12 այր եւ 14 կին) եւ 17 իսլամ (9 այր եւ 8 կին) բնակիչ։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը կ’արձանագրէր 62 հայ բնակիչ եւ 5 ծուխ։

17. Լազուան, Օնպաշըլար [Ասլանեուրտու]
38°58'36.35"N 39°33'31.10"E
83 հայ բնակիչ, 8 ծուխ
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի, Սբ. Սարգիս եկեղեցի

Երեւանեանը որպէս վանք կը յիշատակէ Սբ. Սարգիսը, իսկ Գէորգեանը՝ որպէսզի եկեղեցի։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 12 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը՝ 25։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղի հանրագումար 28 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 75 հայ (48 այր եւ 27 կին) եւ 22 իսլամ (14 այր եւ 8 կին) բնակիչ։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը կ’արձանագրէր 83 հայ բնակիչ եւ 8 ծուխ։

18. Մաստան, Մասթան, Մեսթան [Օրթահարման]
38°55'18.24"N 39°47'38.72"E
207 հայ բնակիչ, 30 ծուխ
Սբ. Սարգիս եկեղեցի, Սբ. Կիրակոս եկեղեցի, Սբ. Յուղիտա եկեղեցի

Գէորգեանը Սբ. Գրիգորին համար կ’առաջադրէ այլընտրանքային Սբ. Կիրակոս անուանումը։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 25 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթանեանը՝ 20։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղի հանրագումար 64 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 154 հայ (98 այր եւ 56 կին) եւ 199 իսլամ (122 այր եւ 77 կին) բնակիչ։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը կ’արձանագրէր 207 հայ բնակիչ եւ 30 ծուխ։

19. Մերխօ, Մարխօ [Տոլուքիւփ]
39° 1'44.73"N 39°25'29.76"E
Ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914-ին
1 աւերակ եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 6 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղի հանրագումար 13 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 11 հայ (7 այր եւ 4 կին) եւ 30 իսլամ (18 այր եւ 12 կին) բնակիչ։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը այս գիւղին մէջ ապրող ոչ մէկ հայ բնակիչ կը յիշատակէ։

20. Փախ [Քոճաքոչ]
39° 6'54.13"N 39°39'33.36"E
72 հայ բնակիչ, 8 ծուխ
1 աւերակ եկեղեցի
1 աւերակ վանք

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 4 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղի հանրագումար 15 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 12 հայ (12 այր եւ 0 կին) եւ 27 իսլամ (12 այր եւ 15 կին) բնակիչ։ Հայոց Պատրիարքարանը 1914-ին բնակչութեան աճ կ’արձանագրէր՝ 72 հայ բնակիչ եւ 8 ծուխ։

21. Շորտան, Շորտա [Այաչարտը]
38°58'48.35"N 39°40'33.36"E
150 հայ բնակիչ, 15 ծուխ
Սբ. Թագուոր կամ Սբ. Սարգիս եկեղեցի
1 աւերակ վանք

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը եւ Թէոդիկը եկեղեցին կը յիշատակեն Սբ. Սարգիս անուան տակ, իսկ Գէորգեանն ու Երեւեանեանը՝ Սբ. Թագաւոր անուան տակ։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 25 հայ ծուխ կը հաշուէր, իսկ հայր Նաթեանը՝ 10։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղի հանրագումար 28 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 120 հայ (77 այր եւ 43 կին) եւ 39 իսլամ (19 այր եւ 20 կին) բնակիչ։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը կ’արձանագրէր 150 հայ բնակիչ եւ 15 ծուխ։

22. Սիտպէք

Չկրցայ այս գիւղը տեղորոշել։ Միակ աղբիւրը, որ կը մատնանշէ այս գիւղը, Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքն է. կը նշուի, որ գիւղը ամբողջութեամբ հայաբնակ էր իր միայն 8 (6 այր եւ 2 կին) բնակիչով եւ 2 ծուխով։

23. Սինան [Սինան]
39° 6'44.50"N 39°38'40.33"E
Ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914-ին
Ոչ մէկ եկեղեցի

Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը միակ աղբիւրն է, որ այս գիւղի հայ բնակչութիւն ունենալը կը մատնանշէ։ Ըստ անոր գիւղին հանրագումար 16 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 17 հայ (9 այր եւ 8 կին) եւ 59 իսլամ (33 այր եւ 26 կին) բնակիչ։

24. Թամուրտաղ, Թամուտաղ, Թամուրթաղ, Տեմիրթաթ [Թեմիւրթաթ]
38°58'0.21"N 39°35'50.37"E
155 հայ բնակիչ, 15 ծուխ
Սբ. Գէորգ եկեղեցի
2 աւերակ վանք

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 25 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղը զուտ հայաբնակ էր եւ ունէր հանրագումար 32 ծուխի մէջ ապրող 183 (110 այր եւ 73 կին) բնակիչ։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը կ’արձանագրէր, որ բնակչութեան թիւը նուազած էր եւ կը կազմէր 155 հայ բնակիչ, 15 ծուխ։

25. Թուրուշմեկ, Թուրուշմակ, Թիրիշմեկ [Աքթուլուք]
39° 2'26.51"N 39°30'18.13"E
Ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914-ին
1 աւերակ եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 4 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ, որ գիւղի հանրագումար 9 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 11 հայ (4 այր եւ 7 կին) եւ 21 իսլամ (11 այր եւ 10 կին) բնակիչ։ 1914-ին Հայոց Պատրիարքարանը այս գիւղին մէջ ապրող ոչ մէկ հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։

Քիզիլքիլիսէ [Նազիմիէ] գաւառակ

Հակառակ անոր որ Քիզիլքիլիսէի գաւառակին մէջ բազմաթիւ աւերակ եկեղեցիներ եւ վանքեր կային, հայկական աղբիւրները առհասարակ այս շրջանին վերաբերեալ լռութիւն կը պահեն։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ փոքր թիւով հայեր կ’ապրէին գաւառակին մաս կազմող երեք վայրերու մէջ. 6 հայ (4 այր եւ 2 կին) կ’ապրէր Քիզիլքիլիսէ գիւղին մէջ, 16 հայ (7 այր եւ 9 կին) կ’ապրէր Կիք կոչուող գիւղի մը մէջ եւ 3 հայ (2 այր եւ 1 կին) կ’ապրէր Պանք կոչուող գիւղի մը մէջ։ Օսմանեան պետական աղբիւրները կ’արձանագրեն, որ 1914-ին հայ բնակչութեան թիւը աճ արձանագրած էր եւ հասած 89 բնակիչի, Գէորգեանն ալ նոյն թիւը կը բերէ։ Կիքի կամ Պանքի տեղակայումը ճշտել չյաջողեցայ։ Քիզիլքիլիսէն կը գտնուի 39°10'48.06"N 39°49'41.82"E կէտին վրայ։

Քիզիլքիլիսէ [Նազիմիէ], մօտաւորապէս 1937-ին կամ 1938-ին (Աղբիւր՝ անձնական հաւաքածոյ)

***************

Գործածուած աղբիւրներու ցանկ

  • Անդրանիկ, Տերսիմ. ճանապարհորդութիւն եւ տեղագրութիւն, Թիֆլիս, տպ. Մնացական Մարտիրոսեանց, 1900
  • Գասպարեան, Համբարձում, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, Պոսթոն, տպ. Պայքար, 1969
  • Երեւանեան, Գէորգ Ս., Պատմութիւն Չարսանճագի հայոց, Պէյրութ, տպ. Կ. Տօնիկեան, հրատ. Համա-Չարսանճագի Միութեան Կեդրոնական վարչութեան (Ֆրէզնօ), 1956
  • Էփրիկեան, Հայր Սուքիաս, Պատկերազարդ բնաշխարհիկ բառարան, հատոր Բ, Վենետիկ, Սուրբ Ղազար, 1907
  • Թէոդիկ, Գողգոթա հայ հոգեւորականութեան եւ իր հօտին աղէտալի 1915 տարին, Նիւ Եորք, 1985
  • Հալլաճեան, Գէորգ, Տերսիմի հայերի ազգագրութիւնը, «Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն» մատենաշար, Ե հատոր, Երեւան, 1973
  • Ղազարեան, Հայկազն, Պատմագիրք Չմշկածագի, Պէյրութ, «Համազգային»-ի Վահէ Սէթեան տպարան, հրատարակութիւն Չմշկածագի հայրենակցական միութեան, 1971
  • Նաթանեան, Հ. Պօղոս, Արտօսր Հայաստանի կամ տեղեկագիր Բալուայ, Քարբերդու, Չարսանճագի, Ճապաղ Ջուրի, եւ Երզնկայու, Կ. Պոլիս, 1878
  • Սաֆրաստեան Ա. Խ., «Կոստանդնուպոլսի հայոց պատրիարքարանի կողմից Թուրքիայի Արդարադատութեան եւ դաւանանքների մինիստրութեան ներկայացուած հայկական եկեղեցիների եւ վանքերի ցուցակներն ու թաքրիրները», Էջմիածին հանդէս, փետ-ապր 1965, էջ 184-187
  • Սրուանձտեանց, Գարեգին վրդ., Թորոս Աղբար, Հայաստանի ճամբորդ, մասն երկրորդ, տպագր. Գ. Պաղտատլեան (Արամեան), Կ. Պոլիս, 1884
  • Փափազեան, Տիգրան, Պատմութիւն Բալահովիտի, տպ. Մշակ, Պէյրութ, 1963
  • Andréassian, Vazken, Hazari : vie et survie d'un village arménien après juin 1915 [Հազարի- հայ գիւղի մը կեանքը եւ գոյատեւումը յունիս 1915-էն ետք], issuu.com/vazken/docs/1995-hazari__vie_et_survie_dun_village_armenien
  • Փոլատեան, Անդրանիկ Լ., Պատմութիւն հայոց Արաբկիրի, Նիւ Եորք, տպ. «Պայքար», հրատ. Ամերիկայի Արաբկիրի Միութեան, 1969
  • «Tunceli İl Yıllığı», Անգարա, 1973
  • Başbakanlık Osmanlı Arşivi (BOA) Nüfus Defterleri (NFS.d.), թղթածրար 2689, “1256 (1840) Harput eyaleti, (Maadin-i Hümayun) sancağı, Palu kazası, reaya defteri. a.g.y.tt”.
  • Dahiliye Vekâleti, Vilâyetler İdaresi Umum Müdürlüğü. 6, Tunceli Vilâyeti. Անգարա, 1959
  • Kemal H. Karpat, Ottoman Population, 1830-1914: Demographic and Social Characteristics [Օսմանեան կայսրութեան բնակչութիւն, 1830-1914- Ժողովրդագրութիւն եւ ընկերային-հասարակական յատկանիշներ], Մատիսոն, Ուիսքոնսին, 1985
  • Kévorkian, Raymond H. եւ Paboudjian, Paul B., Les Arméniens dans l'Empire Ottoman à la veille du génocide [Հայերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ ցեղասպանութեան վաղորդայնին], Փարիզ, «ARHIS» հր., 1992
  • Mamuretül aziz Vilâyeti, 1298 (1881M) Tarihli Mamuretül aziz Vilâyeti Salnamesi. Էլազիկ, 2001
  • Mamuretül aziz Vilâyeti, Mamuretül aziz Vilâyeti Salnamesi. 1312 (1894)
  • McCarthy, Justin, Muslims and Minorities: The Population of Ottoman Anatolia and the End of the Empire [Օսմանեան Անատոլիայի բնակչությունը եւ Կայսրութեան վախճանը], Նիւ Եորք, Նիւ Եորք համալսարանի տպ., 1983
  • Okcu, Naci and Akdağ, Hasan, Salname-i vilyaet-i Erzrum (1287/1870-1288/1871-1289/1872-1290/1873): Erzrum il yıllığı, Էրզրում 2010
  • Thierry, Jean-Michel, «Le Couvent Erkayn Enkuzik en Dersim [Տերսիմի Երկայն ընկուզիկ վանքը]», Revue des études arméniennes հանդէս, №. 20 (1986-1987), էջ 381-417
  • Ünal, Mehmet Ali, XVI. Yüzyılda Çemişgezek Sancağı, Անգարա, 1999
  • Yılmazçelik, İbrahim, XIX. Yüzyılın İkinci Yarısında Dersim Sancağı, Էլազիկ, 1999