Գրական գործեր

Տերսիմը Մալխասի «Զարթօնք» վէպին մէջ

18/12/20 (վերջին փոփոխութիւն՝ 18/12/20)

Նախաբան

Հեղինակ՝ Սիմոն Պէօճէքեան

Շատ մը հայերու համար, որոնք ծնած ու մեծցած են Սփիւռքի մէջ 20-րդ դարու կէսէրէն մինչեւ նոյն դարու վերջը, «Զարթօնք»ը կը նկատուի հայկական յեղափոխական շարժումը ներկայացնող գրական հիմնական գործը։ Աշխատութեան մէջ կը գտնենք վիպականացած իրադարձութիւններ, զորս հեղինակը՝ Մալխասը անձամբ ապրած է իբրեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նուիրեալ անդամ։ Վէպը ծաւալուն գործ մըն է, բաղկացած է չորս հատորներէ, որոնք կը ներկայացնեն զանազան երկիրներու մէջ տեղի ունեցող դէպքեր՝ աւելի քան երկու տասնամեակի վրայ տարածուող (1890-ականներու վերջերէն մինչեւ 1920-ականները)։ Այստեղ մատնանշում չկայ յատուկ կուսակցութիւններու, շարժումներու կամ անհատներու։ Փոխարէնը՝ Մալխաս ստեղծած է վիպականացած եւ խառն տեսքով իրական կեանքէ առնուած խումբեր եւ յեղափոխականներ։ Այսուհանդերձ, իր վէպը կը նկատուի հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն յատկանշական դէպքերու վկայութիւնը. ազգային շարժումի ծնունդ եւ ազգային զարթօնք, ազգային-ազատագրական պայքար, Ցեղասպանութիւն, Հայաստանի անկախութիւն եւ խորհրդայնացում։ Այնպէս ինչպէս հեղինակը «Զարթօնք» գիրքին յառաջաբանին մէջ կը նշէ, որ գիրքին հատորները «ընդունուած իմաստով պատմութիւն չեն, այլ անցեալի տուեալներու վրայ մշակուած պատմական վէպեր»։

«Զարթօնք» առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ Պոսթոնի մէջ (Մասաչուսէց), 1933-ին։ 2015-ին կը հրատարակուի առաջին անգլերէն թարգմանութիւնը՝ Քալիֆորնիայի «Սարդարապատ» հրատարակչատան կողմէ։ Թարգմանիչն է այս տողերուս հեղինակը՝ Սիմոն Պէօճէքեան։ Թարգմանութեան եւ հրատարակութեան աշխատանքը երկարեցաւ տարիներու վրայ եւ ընդգրկեց տարբեր մասնագիտութիւններ ունեցող Սփիւռքի զանազան կողմերէ միջազգային խումբ մը։ Awakening վերնագիրը կրող թարգմանութիւնը տպուեցաւ Հայաստանի մէջ։ Հրատարակութեան ամբողջ ծրագիրը կարելի եղաւ իրականացնել շնորհիւ Սօսէ եւ Ալլէն հիմնադրամի նիւթական նպաստին։

Այս էջով ներկայացուած հատուածները առնուած են «Զարթօնք»ի 4-րդ հատորի առաջին գլուխներէն։ Այս բաժիններուն մէջ վէպին գլխաւոր հերոսներէն՝ Լեւոնը, արդէն երկու տասնամեակէ ի վեր նուիրեալ մըն է հայ յեղափոխութեան գործին։ Ան յեղափոխական շարժումին միացած է Կովկասի մէջ, մասնակցած է այս տարածքին մէջ ցարական Ռուսիոյ մէկ պաշտօնատարին ահաբեկչութեան, ապա Պարսկաստանի վրայով անցած է Երկիր (Արեւմտահայաստան/Օսմանեան Հայաստան)։ Հոս ան կը դառնայ ֆետայական խումբի մը ղեկավարը, կը ստանձնէ բազմաթիւ յանձնառութիւններ եւ կը մասնակցի զանազան կռիւներու։ Հետագային, շատ մը դէպքերէ եւ արկածախնդրական դրուագներէ ետք – որոնց շարքին Եւրոպայի մէջ կեցութիւն մը -, ան կը մասնակցի Ցեղասպանութեան ժամանակ տեղի ունեցած Շապին Գարահիսարի դիմադրութեան։ Քաղաքին անկումէն ետք, ան փախուստ կու տայ դէպի ներքին գաւառները։ Աւելի ուշ, իր երկու ընկերակիցներուն՝ Առաքելի եւ մանուկ Կարապետի հետ, ապաստան կը գտնեն քրտաբնակ Տերսիմի մէջ։ Հոս ներկայացուած հատուածները կը նկարագրեն իրենց գալուստը այս խորհրդաւոր տարածքին մէջ եւ զանազան դէպքեր, որոնք հոս տեղի կ՚ունենան։

Պատահական չէ Մալխասի կողմէ Տերսիմի ընտրութիւնը իբրեւ ապաստանավայր իր հերոսներուն։ Տերսիմը պատուար մը եղած է Օսմանեան կայսրութեան քաղաքականութեան մէջ։ Նկատի ունենալով աշխարհագրականօրէն իր մեկուսացած դիրքը, ան մեծ մասամբ ինքնավար զարգացում մը ապրած է կայսրութեան մէջ։ Այս կը նշանակէ, որ տեղացի ժողովուրդը պահպանած է իր իւրայատուկ ինքնութիւնը։ Հոս ապրողները Ալեվի քիւրտեր են, որոնք մեծապէս ազդուած են հայկական մշակոյթէն։ Երբ Առաջին համաշխարհային պատերազմը կը բռնկի եւ Օսմանեան կայսրութիւնը ռազմական դաշինք կը կնքէ Կեդրոնական ուժերուն հետ, Տերսիմի ժողովուրդը կը մերժէ զինուորագրուիլ օսմանեան բանակին մէջ։ Օսմանեան իշխանութիւնները կը դժկամէին բռնի գործադրել տերսիմցիներու զինուորագրութիւնը՝ մտավախ ըլլալով ապաստամբութեան մը առիթ տալ երկրին կեդրոնին մէջ։ Այնպէս որ սկսզբնական շրջանին անոնք ձեռնունայն կը մնան։

Կառավարութեան հակակշիռէն զերծ մնացած ըլլալու այս իրավիճակը պատճառ կ՚ըլլայ նաեւ որ ջարդերէն վերապրած եւ հալածանքներէ փախող հայ գաղթականներ ուղղուին դէպի Տերսիմ։ Այնպէս ինչպէս «Զարթօնք»ի հերոսները, բազմաթիւ հայեր կը յաջողին ապաստան գտնել այս լեռներուն մէջ, սպասելով պատերազմին եւ ջարդերուն աւարտը։

Տերսիմի քիւրտերը չեն յաջողիր երկար պահպանել իրենց այս դիրքը։ Մինչ ճակատին վիճակը օրէ օր կը վատթարանար, օսմանեան իշխանութիւնները կը սկսին հետզհետէ բռնի միջոցներ որդեգրել հոստեղի զինուորագրութիւնը իրականացնելու համար։ Քիւրտերը մտավախ էին որ իրենք ալ հայերու ճակատագրիրին պիտի մատնուէին։ Ի վերջոյ անոնք կ՚ապստամբին 1916-ին (այս դէպքերը չեն ներկայացուած այս հատուածներուն մէջ)։ Ապստամբութիւնը կը ճնշուի եւ քրտական ցեղախումբեր կը տեղահանուին իրենց հայրենի երկրէն։ Այսպիտի դէպքեր աւելի ուշ պիտի կրկնուէին։ Այսպէս, 1937-ին տեղի կ՚ունենայ այս անգամ պատմութեան աւելի ծանօթ Տերսիմի ապստամբութիւնը, որ հակադարձութիւն մըն էր քեմալական Թուրքիոյ այս շրջանին մէջ որդեգրած զանազան միջոցառումներուն։ Այս մէկն ալ կը ճնշուի 1938-ին։

Կը կարծենք որ Մալխաս Տերսիմի տարածքին մասին ի սկզբանէ այնքան ալ խոր տեղեկութիւններ չունէր։ Փոխարէն, ինչպէս տողատակի մը մէջ կը նշէ իր գործին մէջ, անոր տեղեկութիւնները հիմնուած են Լեւոն Լիւլէճեանի կողմէ գրուած յօդուածաշարքի մը վրայ, որ ժամանակին լոյս տեսած է «Հայրենիք» օրաթերթին մէջ։ Հետաքրքրական է, որ իր գործին մէջ կը յայտնուի նաեւ Փրօֆէսէօր Լիւլէճեան մը իբրեւ Տերսիմի մէջ ապրող հայ գաղթական եւ քիւրտ ցեղապետերու վստահեալ խորհրդական։

«Զարթօնք»ը կը համարուի հայ արդի գրականութեան հիմնական գործերէն մէկը։ Հոս կը գտնենք 19-րդ դարու վերջերու եւ 20-րդ դարու սկիզբի հայ յեղափոխութեան ամէնէն մանրամասն եւ խորաթափանց նկարագրութիւններէն մէկը։ Այս հատուածները միայն էջեր են արեւմտահայերու պատմութեան ընդհանուր եւ հարազատ նկարագրութիւններէն։ Յոյսով ենք, որ անոնք ընթերցողին կը նպաստեն հասկնալու օսմանեան հայերու ապրած փորձառութեան մեծածաւալութիւնն ու այլազանութիւնը։

Գլուխ Ա - Արեւագալ

Հեղինակ՝ Մալխաս (Արտաշէս Յովսէփեան)

Հայաստանի լեռներուն մէջ, իրար խաչաձեւող հսկայ լեռնաշղթաներ ամբողջ երկիրը բաժնած են զանազան մասերու, որոնք՝ երեք հազարէն մինչեւ եօթ հազար ոտք բարձրութեամբ բարձրավանդակներ կազմած են, գրեթէ անջատուած իրարմէ։ Այս ամբողջութեան մէջ, Տէրսիմը մեկուսացած միաւոր մ՚է, աշխարհագրական, ցեղային եւ կենցաղական իմաստով վերցուցած։

Պատմական Տէրսիմը կազմուած է Չմշկածագ, Խոզաթ, Օվաճիգ, Քըզըլ Քիլիսէ, Փախ, Մեծկերտ եւ Բերրի գաւառներէն։ Ժամանակի ընթացքին, դաշտային մասերու մէջ, թուրք բնակչութիւնը բազմանալով եւ միւս կողմէն ալ այդ շրջաններու քրտութիւնը այլասերելով՝ որոշ գաւառներ դուրս եկան Տերսիմէն, աւելի շուտ՝ իրենց նկարագրով, կենցածով եւ բնորոշ գծերով, քան այլապէս։ Օրինակ Բերրիի շրջանի քրտերը եւ կամ Մեհրճան եւ Մնձուր լեռնաշղթաներու հիւսիսային կողմը գտնուող քրտերը՝ բոլորովին տարբեր նկարագիր, բարոյական արժէք կը ներկայացնեն, քան թէ կեդրոնական Տէրսիմի ժողովուրդը։

Այս պատմութեան ժամանակամիջոցին, բուն Տէրսիմը, որ դեռ դարեւոր աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն կառչած կը մնար, կը բաղկանար Օվաճիգ, Մեծկերտ, Խոզաթ եւ Չմշկածագի արեւելեան շրջանէն։

Հիւսիսէն բարձրաբերձ Մեհրճան, Մնձուր, Քալէճիք գագաթներու լայն փէշերով շրջապատուած, արեւելքէն եւ արեմուտքէն Արածանիով ու արեւմտեան Եփրատով օղակուած, հարաւէն Սահման լեռներով եւ Արածանիով եզերուած, Տէրսիմը հազարաւոր տարիներ մշուշապատ անցեալ մը ապրեցաւ, անկախ, կամ իր տեսակի կիսանկախ գոյավիճակով մը։

Հարիւրաւոր տարիներու թրքական տիրապետութիւնը՝ շատ բան չէր փոխած։ Որպէս թէ Տէրսիմը Թուրքիայի անբաժան մասը կը կազմէր, թառամած Օսմանեան կայսրութեան աշխարհագրական կեդրոնի վրայ, եւ սակայն՝ այդ տիրապետութիւնը անուանական բնոյթ մը կրեց, իրականօրէն Տէրսիմը երբեք իր ձեւի անկախութիւնը չի կորսնցուց եւ ոչ ալ թուրքը զէնքի ուժով կրցաւ հոն հաստատուիլ։ Այս փաստը կը հաստատուի այն պարագայով, որ դեռ դար ու կէս առաջ, իշխանական յայտնի Միրաքեան հայ տոհմը, իր անունով դրամ կը կտրէր, որ լայն շրջաբերութիւն ունէր շրջակայ գաւառներու մէջ։

Վերջին հարիւր յիսուն տարիներու ընթացքին, թուրք կառավարութիւնը բազմաթիւ անգամներ փորձեց գրաւել Տէրսիմը, հպատակացնել անոր ըմբոստ ժողովուրդը, սակայն երբեմնակի յաջողութիւններէ վերջ, նոյն կարգավիճակը ստեղծուեցաւ, ինչ որ առաջ էր ու կառավարութիւնը ստիպուած գոհացաւ անուանական տիրապետութեամբ, ներկայացուցիչ մը նստեցնելով Խոզաթի մէջ, որը իրական արժէք մը չէր ներկայացներ։ Ինչպէս անցեալի մէջ եղած էր, արդէն աշիրէթներու պետերը, մեծ սէյիտներն էին Տէրսիմի իրական պետերը, կառավարիչները։

Տէրսիմի երբեմնի հոծ հայութեան մէկ փոքր մասը՝ 1914-ին դեռ կը մնար իր գիւղերու մէջ, իսկ մեծամասնութիւնը՝ դարերու ընթացքին կորսնցնելով իր ազգային դիմագիծը, ձուլուեցաւ թուապէս գերակշռող քրտութեան մէջ։ Ասով մէկտեղ, բազմաթիւ աւերակ եկեղեցիներ, վանքեր, գերեզմանատուներ, ճգնարաններ՝ անսասան վկաներ կը մնային երբեմնի բազմահազար հայ ժողովուրդին, որուն իրական եւ մշտական հայրենիքը եղած էր Տէրսիմը։

Ինչպէս որ Տէրսիմցին խառնուրդ ազգ մ՚է, Կորթուքներէ, Մարերէ եւ Հայերէ բաղկացած՝ այնպէս ալ իրենց կրօնքը զարմանալի խառնուրդ մ՚է հեթանոսական, քրիստոնէական եւ մահմետական հաւատալիքներու։ Կասկածէ դուրս է, որ Տէրսիմցիին կրօնական հասկացողութեան վրայ ամենատկար ազդեցութիւն ձգողը մահմետականութիւնն է եղած։

Լեռնական պարզ ու տգէտ ժողովուրդ մը, Տէրսիմցիին կրօնական ըմբռնողութիւնը ու հաւատալիքները նոյնքան պարզ են, դիւրահասկնալի, առանց խրթնութեան ու դիւրըմբռնելի՝ բնութեան գիրկն ապրող սակաւապետ եւ յետամնաց ժողովուրդի մը համար։ Այդ ժողովուրդի մահմետականութիւնը արտաքին տարազ մըն էր՝ հալածանքէ ազատ մնալու համար։ Ղուրանը որպէս սուրբ գիրք չէր ընդունուիր, պատճառաբանելով որ՝ անոր մէջ Ապուպէքիր, Օմար եւ Օսման յաւելումներ ըրած են։ Պարտադրեալ օրական հինգ անգամ լուացումը եւ ոչ ալ ընդունուած ձեւի նամազը կը կատարէր։

Գերագոյն Աստուածը Ալին էր, որ տարբեր ժամանակներ, զանազան անուններով աշխարհ եկած էր, իսկ Հասան եւ Հիւսէյին՝ ամենազօր իմամները, որոնց գերեզմանները Քէրպէլայի մէջ կը գտնուէին։ Տէրսիմցի քրտի համար՝ թուրքէն աւելի ցած մարդ չկար աշխարհի երեսին, ան «խոզէն աւելի աղտոտ է»։ Այս թշնամական տրամադրութիւնը թուրքին եւ Տէրսիմցիին մէջ՝ հետեւանք է մասամբ մ՚ալ Սիւննի եւ Շիա աղանդներու դարեւոր հակամարտութեան, որ մինչեւ այսօր ալ կը շարունակուի։ Այս աստիճան շեշտուած էր Տէրսիմցիներու ատելութիւնը դէպի թուրքերը եւ փոխադարձաբար, որ սէյիտները չէին քաշուիր կրօնական հաւաքոյթներու ժամանակ քարոզելու, որ քառասուն թուրք սպաննող Տէրսիմցին, բոլոր մեղքերէն սրբուած, ուղղակի երկինք կ՚երթայ ու կը նստի Հասան եւ Հիւսէյին իմամներու կողքին։

Բացի առօրեայ ընտանեկան սովորութիւններէ, - օրինակ խմորի վրայ խաչ քաշել, Հինգշաբթի երեկոները հայկական աւերակ սրբատեղիներու վրայ լուսազարդելը – անոնք կ՚ընդունէին Յիսուսը որպէս Աստուծոյ որդի, որ Ալիէն վերջ կու գար անմիջապէս։ Բայց Յիսուսէն աւելի խոր եւ երկիւղած պաշտամունք ունէին Տուժիկ Պապա լերանց անթափանց ծերպերուն մէջ ապրող Սուրբ Սարգսի հանդէպ, քրտական անուանակոչութեամբ Խզըր, որ հրեղէն ձիու վրայ նստած, կռիւ կը մղէր վիշապներու, դեւերու, զանազան հրէշներու դէմ, որոնցմով լեցուն էին Տէրսիմի մռայլ անտառները, ահաւոր ձորերը։ Անոր հրեղէն ձիու պայտերու հետքերը (զանազան մեծութեամբ փոսիկներ քարաժայռերու վրայ), Տէրսիմցին երկիւղածութեամբ կը համբուրէր, իսկ անոր մէջ հաւաքուած անձրեւի կամ հալած ձիւնի ջուրը, որպէս համայնաբուժ օրհնուած դեղ մը, տուն կը տանէր։ Կռուի ամենանեղ պարագային, Տէրսիմցին ամենազօր Սուրբ Սարգիսի օգնութեան կ՚ապաւինէր. «Եա՛ Խզըր Մուրատատու, եա՛ Գորշաձի Սուրբ» կանչելով։ Ամէն տարի Փետրուար ամսուն՝ Սուրբ Սարգսի երեքօրեայ ծոմը կը պահէին, բայց ասոնցմէ աւելի կարեւորը ա՛յն իրողութիւնն է, որ անոնց ամենանուիրական երդումը՝ Խզըրի տէյնէկի [խմբ.- değnek, գաւազան] վրայ կը կատարուէր։ Ոչ ոք կը յանդգնէր դրժել տուած երդումը, եթէ այն ըսուած էր Խզըրի տէյնէկը վկայ բերելով։

Քրիստոնէական կրօնի ազդեցութեան մասին այսքանը բաւ համարելով, անցնինք հեթանոսական հաւատալիքներէն կենդանի մնացած զօրաւոր գծերուն։

Որքան ալ ժլատ լինին տեղեկութիւնները Տէրսիմի կրօնի եւ հաւատալիքներու մասին, եղած քիչն ալ կ՚ըստիպէ մտածողին գալու այն եզրակացութեան, թէ անոնց կրօնական ըմբռնողութեան վրայ մեծապէս ազդած է հեթանոսական շրջանէն մնացած աղաւաղուած սովորութիւնները, ծէսերը, հաւատալիքները։ Տէրսիմցիներու հասկացողութեամբ, բարձր սարերու գագաթները սրբազան վայրեր են, ուր «Մեզնէ լաւերը» կ՚ապրին, ու չեն կրնար անցնիլ քովէն առանց ողջունելու զանոնք։ Օրինակ, եթէ երկու հոգի կը ճամբորդեն ու յանկարծ երեւի Տուժիկ Պապա սարը, կը գրկուին ու իրարու ուս կը համբուրեն։ Արեւը, լուսինը, աստղերը աստուածային սրբութիւններ են։ Բարձր գագաթներու մօտ, եւ կամ հովիտներու մէջ, մենաւոր, հաստատուն մայրիի, մուհալէմի, կաղնիի սրբազան ծառերուն ջերմեռանդօրէն կը մօտենան, կը համբուրեն անոնց բուները, եւ եթէ ցաւ մը ունին՝ իրենց վրայէն շորի կտոր մը կը կապեն անոնց ճիւղերուն։ Կը հաւատան հոգեփոխութեան, մահը իրենց համար կեանքի սովորական վերջ մը չէ, նորէն աշխարհ պիտի գան, թռչունի կամ անասունի կերպարանքով, ու այդպէս շարունակաբար մինչեւ դատաստանի օրը, երբ Ալի աստուածը ամէն մէկուն տեղը պիտի որոշէ, դժոխքի կամ արքայութեան մէջ։ Վերին աստիճանի ուշադիր են որ տան օճախի կրակը չմարի, բացի ամառուայ երեք ամիսներէն, երբ Տէրսիմցին անդաստական կեանք կը վարէ, որպէս խաշնարած ժողովուրդ։ Ան առաւօտեան աղօթքը կ՚ընէ պարզապէս կանգնած ու նորածագ արեւը ճակատելով, փոխանակ ըստ մահմետական օրէնքի դէպի հարաւ, Մէքքէի ուղղութեան դառնալու։

Տէրսիմցի քիւրտը պարզամիտ է եւ իր ձեւի խորամանկ, չարքաշ, սակաւապետ ժողովուրդ մ՚է. կլկըլ [խմբ.- գլգըլ, գարի], կորեկ, գարիի հաց է կերածը եւ կաթնեղէն։ Օրէ օր կ՚ապրի ու ապագայ ըսուածի մասին ոչ գաղափար ունի եւ ոչ ալ այդ ուղղութեամբ մտածել կ՚ուզէ։ Երբ կայ՝ որկրամոլ է, երբ չկայ՝ կը գողնայ եւ կամ դրկիցը կը թալնէ։ Հիւրասիրութիւնը նուիրական սրբութիւն մ՚է, պարտականութիւն մը, պապենական սովորոյթ մը, պարտադիր բոլորին համար։ Տէրսիմցի տան դուռը եւ սեղանը պէտք է միշտ բաց մնան պատահական հիւրի առջեւ, ո՞վ գիտէ թէ՝ անցորդը Ալին չէ, որ մարդիկ փորձելու համար ծպտուած իջած է երկնքէն։

Ամբողջ Տէրսիմը իր երկրաբանական կազմով լեռնաշխարհ մ՚է, ուր միակ Օվաճիգի փոքր դաշտը կայ, ան ալ՝ հազիւ քսան քիլօմէթր երկարութեամբ եւ երկուքէն երեք լայնքով դաշտակ մը։ Բնականաբար Տէրսիմի ժողովուրդի ճնշող մեծամասնութիւնը խաշնարած է։

Գիւղերը ընդհանրապէս փոքր են, երբեմն եօթ ութ տուննոց խմբակներ, այդ եղածն ալ, մանաւանդ ամառուայ ամիսներուն՝ յարաշարժ վիճակի մէջ տեղէ տեղ կը փոխուին։ Անասուններու կերին հետեւանքով գիւղերը փոքր են, ու տեղէ տեղ գոչելը, շատ սովորական երեւոյթ մ՚է։ Տները ողորմելի գետնափորներ են եւ կամ ճիւղերէ շինուած հիւղակներ, բացի աղաներու, կրօնապետներու, հարուստներու տներէն, որոնց մէջ երկյարկանի, քարաշէն շինութիւններ հազուագիւտ չեն։

Երբ համաշխարհային պատերազմը յանկարծ պայթեցաւ ու Թուրքիան ալ ամբողջ թափով նետուեցաւ կռուի մէջ, Տէրսիմի քրտութիւնը, աւելի ճիշդ կը լինի ըսել սէյիտները, աշիրէթներու աղաները ներքին զարմանալի համաձայնութեամբ ձեռնպահ դիրք բռնեցին. ոչ թուրքին հետ՝ եւ ոչ ալ անոր դէմ, հակառակ որ Թուրքիայի մեծագոյն բանակի կեդրոնատեղին, Երզնկան, հազիւ երեք չորս ժամուայ հեռաւորութիւն մը ունի Մոլլա Ալի սարի լեռնանցքէն։ Աղաները պարզապէս գոհացան սպասողական դիրք բռնելով, նախկին ձեւի կրաւորական բարեկամութիւն մը պահելով թուրքին հետ, որը դրական արժէք մը չէր ներկայացներ։

Երկրի կեդրոնական մասին վրայ բարձրացած Տէրսիմը՝ վտանգաւոր փորձանք մը կրնար դառնալ Թուրքիայի համար։ Այս գիտակցութեամբ, կառավարութիւնը, սկզբնական շրջանին, բազմաթիւ անգամներ դիմում կատարեց, շոյեց, կաշառել փորձեց, սպառնաց, բայց աղաները ո՛չ մէկ զինուոր տուին, շօշափելի ո՛չ մէկ օգնութիւն ցուցուցին, բացի չ՚իրագործուելու սահմանուած խոստումներէ։ Թուրք կառավարութիւնը ճարահատ աչք գոցեց, չուզելով մեծ գլխացաւանք մ՚ալ ստեղծել բանակի թիկունքին եւ եղած վիճակով գոհացաւ։

Տէրսիմը այս կացութեան մէջ կը գտնուէր, երբ Լեւոնը, Առաքելը եւ փոքրիկ Կարապետը Խաչաջուր եւ Մնձուր սարերու միջեւ գտնուող Զիարէթ լեռնանցքէն անցնելէ վերջ, քիւրտ պահակներու կողմէ ձերբակալուեցան։

Տերսիմի բնաշխարհէն ժամանակակից պատկերներ։ Լուսանկար՝ Ճիհանկիր Կիւնտօղտուի։

Զիարէթ լեռնանցքի նեղ ճանապարհը ժամէ աւելի սաստիկ թէք եւ երկարաւուն ձորի մէջէն կ՚անցնի ու ապա Օվաճիգի դաշտին։ Կարապետը շալկելու յոգնութենէն ազատած, Լեւոնը քրտերէն մէկուն հետ առաջ ինկած կը քալէր։ Սաստիկ նեղ ձորի մէջ սեղմուած, հազիւ նշմարելի արահետ մ՚էր այդ ճամբայ ըսուածը։ Գիշերուան մութը, երկու կողմերու անտառներու տերեւախիտ ծառերը, աւելի եւս կը թանձրացնէին խաւարը։ Մեղմ խշխշոցով ձորի մէջէն կը հոսէր Մնձուր գետի սկզբնական գետակներէն մէկը։

-Հիմա մեզի ո՞ւր կը տանիք, հարցուց Լեւոնը կողքին քալող քիւրտին, դեռ շատ պիտի քալե՞նք…

-Ատալար, մեր աղայի գիւղը… համա համա հասանք…

-Ո՞վ է ձեր աղան։

-Գասիմ Օղլի Մուզուր Բէկը, - միամիտ քիւրտը կ՚երեւի Լեւոնը հանգստացնելու մտքով աւելցուց,- լաւ մարդ է… մի՛ վախենար… Օվաճիգէն մինչեւ Խոզաթ՝ անոր նման աղա չկայ… համ ալ կտրիճ տղամարդ է, երեք հարիւր չախմախլի ունի ձեռքին տակ…

-Դո՞ւն ալ զինուոր ես…

-Ոտքը ձեռքը բռնող ամէն Տէրսիմցի զինուոր է, երբ աղան կանչէ… երբ կռիւ կայ…

-Ինչո՞ւ կը կռուիք. որո՞ւ դէմ կը կռուիք,- հարցուց Լեւոնը։

Քիւրտը երկար պահ մը առանց պատասխանելու քալեց, մէկ ալ կեցաւ, կարծես թէ նոր գիւտ մը ըրած լինէր։

-Է՜, ի՜նչ ըսեմ… ես չեմ գիտեր, աղան գիտէ… աղան կ՚ըսէ եկէք, մենք ալ չախմախլիները կը նետենք մեր շալակը՝ կ՚երթանք աղայի դուռը… աղան կ՚ըսէ այսինչ աշիրէթի վրայ կռիւի պիտի երթանք, մենք ալ կ՚երթանք… մեզի կը վայելէ՞ կռիւի պատճառը հարցնել… անշուշտ՝ աղան գիտէ, երբ կ՚ըսէ՝ «կռուի պիտի երթանք…» ուրեմն կռիւ կայ…։

-Կ՚երթաք կ՚ըսպաննէք եւ կ՚ըսպաննուիք…

-Է՜հ, ոչ ոք կրնայ ազատիլ ճակտի գրուածքէն… ինչ որ հազրէթը [խմբ.- hazret, վսեմաշուք] Ալին գրած է, այնպէս կ՚եղնի… եթէ գրուած է որ վաղը պիտի մեռնիս… կ՚ուզես տունէդ դուրս մի ելնէր…

-Ուրեմն հիմա մեզի աղային մօ՞տ կը տանիք…

-Աղան երկու օր առաջ Խոզաթ գնաց, կառավարութեան տունէն կանչած էին, մեր Սէյիտն ալ հետը գնաց… բայց Անան գիւղն է, անոր քով կը տանինք… Անան ինչ որ ըսէ՝ այնպէս ալ կ՚եղնի…

-Անան ո՞վ է,- հետաքրքրուեցաւ Լեւոնը։

-Անան մեր Սէյիտի մեծ խանումն է,- բացատրեց քիւրտը։

Շարունակաեցին ճանապարհը, երբ կամաց կամաց սկսաւ լուսանալ։ Ձորը հետզհետէ կը լայնանար ու հեռուէն կ՚երեւնար Օվաճիգի դաշտին արեւելեան մէկ մասը։ Դեռ բաւական մ՚ալ առաջանալով Օվաճիգի սիրուն դաշտը ամբողջութեամբ երեւցաւ։

Մնձուր գետը, որ սկիզբ կ՚առնէ Քիւրտ Պապա եւ Մնձուր հակադիր լեռնաշղթաներու բազմաթիւ վտակներէն, արեւմուտքէն դէպի արեւելք կ՚երկարի կիսելով Օվաճիգի դաշտը, մինչեւ որ սեղմուած Տուժիկ Պապա լեռներու մէջ, յորձանուտ գետի մը կը փոխուի, թաւագլոր վազելով, միանալու Բերրիի գետին։

Տուժիկ Պապայի գագաթի շուրջ շառագունած հորիզոնէն բարձրացաւ արեւը։ Երկու քրտերը իրարու քով եկան, ձեռքերնին կրծքի վրայ ծալլած, վայրկեան մը աղօթելու դիրքով անշարժ մնացին ու ապա զիրար գրկելով, իրարու ուս համբուրեցին։

Քրտերն ու կալանաւոր հայերը, Շէյխ Մնձուր անուն գիւղի դէմէն անցնելով շարունակեցին իրենց ճամբան։ Օվաճիգի դաշտը ամէն կոշմէ շրջապատուած հսկայ բարձրութեամբ լեռնաշղթաներով, իապէս երկարաւուն հովիտ մ՚է, ուր Տէրսիմցի քիւրտը գլաւորաբար կ՚ըզբաղի երկրագործութեամբ, մասամբ միայն խաշնարածութեամբ։ Այս պարագայի հետեւանքը պիտի համարել, որ այդ դաշտի մէջ գիւղերը աւելի մեծ եւ բազմամարդ են, իսկ տներն ալ աւելի հաստատուն եւ յարմարաւոր։

Աւելի քան ժամ մը քալելէ վերջ, փայտէ կամուրջէ մը անցնելով, որ պարզապէս գետին վրայ ձգուած հաստ գերան մ՚էր, հասան աղային գիւղը, Ատալար։ Քառասուն տուննոց գիւղ մ՚էր Ատալարը, որու կեդրոնին կը բարձրանար Մուզուր Բէկի քարաշէն, երկյարկանի ապարանքը։ Աղայի տան կողքին, թէեւ միայարկ, բայց տարածուն շինութիւն մ՚էր Սէյիտ Հասանի տունը, ընդարձակ պարտէզով շրջապատուած։ Քրտերը ուղղակի այդ տունը առաջնորդեցին Լեւոնն ու ընկերները։ Տան դուռը բաց էր, ինչպէս սովորաբար կը լինի Տէրսիմցիին դուռը. քրտերէն մէկը ներս մտաւ, մինչ միւսները մնացին դռան առջին շարուած։ Սէյիտ Հասանի խաթունը, օճախի վերի կողմը կապերտի վրայ բազմած էր, իսկ երկու կիներ սաճի վրայ հաց կ՚եփէին։

[Խմբագիր.- Այստեղ զանց կ՚առնենք կարճ խօսակցութիւն մը, որ տեղի կ՚ունենայ Անա խաթունի եւ հայ հիւրերուն միջեւ]

Տերսիմի բնաշխարհէն ժամանակակից պատկերներ։ Լուսանկար՝ Ճիհանկիր Կիւնտօղտուի։

(…)

-Անա՛,- յարգանքով հարցուց քրտերէն մեծը,- հրամանիդ կ՚ըսպասենք… խօսքդ ի՞նչ է… ազատ ձգեն՞ք սա հայերը…

-Եա՛ Ալի, եա՛ Խըտր, եա՛ Հասան, եա՛ Հիւսէյին,- ծնկուըները ծեծելով, բարկացած պոռաց Անան,- ազա՞տ ձգէք… բռնուա՞ծ են որ ազատ ձգէք… Տէրսիմ եկող օգնութեան կարօտ հայը երբէ՞ն ի վեր Սէյիտ Հասանի տան դուռը գոց գտած է… հայտէ՛հայտէ՛ գնացէք ձեր գործին… Անոնք հոս կը մնան՝ որքան որ սրտերը ուզէ։

Ինչպէս որ հայ հասարակութեան մէջ երէցկինը մասնաւոր յարգանք կը վայելէ, հիւրասիրութիւններու ժամանակ առաջնութիւն կը վայելէ՝ այնպէս ալ Սէյիտի կինը Տէրսիմի մէջ։ Անա, որ մայր կը նշանակէ, ոչ միայն ընդհանուրէն կը յարգուի, այլեւ Սէյիտի բացակայութեան ժամանակ՝ անոր փոխանորդը կը համարուի, Անային վճիռը, խօսքը անվիճելի է ու պարտադիր բոլորի համար։

Լեւոնն ու ընկերները երեք օր մնացին Սէյիտ Հասանի տունը, ապրեցան հոն ճիշտ այնպէս, ինչպէս տան մէջ գտնուող միւս տղամարդիկը, Սէյիտի երկու զաւակներն ու ծառայողները։ Երկրորդ օրն իսկ Լեւոնը գիւղին մէջ հանդիպեցաւ երկու փախստական հայ երիտասարդներու, որոնք Քէմախի ահաւոր սպանդէն հրաշքով մը ազատած էին։ Անոնց միջոցով նոյն գիւղին մէջ գտաւ մայր մը իր երկու փոքրիկներով, ինչպէս նաեւ երկու կիներ ու դեռատի աղջիկ մը, որոնք միեւնոյն գիւղէն փախած էին, իրենց բարեկամ Տէրսիմցի քրտի մը օգնութեամբ։

Այս փախստական հայերու տուած տեղեկութիւններէն յայտնուեցաւ, որ Օվաճիգի գիւղերուն ցրուած միայն սակաւաթիւ հայեր կային, բայց հարաւի աշիրէթներու գիւղերուն մէջ՝ երկու հազարի մօտ հայեր կ՚ապրէին, չհաշուած բնիկ հայերը, որոնք չէին տեղահանուած, վայելելով իրենց աղաներուն պաշտպանութիւնը։

Լեւոնն ու Առաքելը գնացին ունեւոր քրտի մը մօտ ապրելու, որը ոչխարներու մեծ փարախ մը շինելու ձեռնարկած էր։ Փոքրիկ Կարապետը մնաց Սէյիտի տանը, Անայի խնդրանքով։

[Խմբագիր.- Լեւոնը եւ Առաքելը քանի մը օր քիւրտին քով մնալէ ետք, Սեպտեմբերի վերջը կ՚որոշեն ուղղուիլ Հալւորի վանքի կողմերը]

(…)

Յաջորդ առտու դեռ լոյսը չբացուած, մէկ երկու հատ կլկըլ հաց ծոցերնին կոխելով, ճամբայ ելան երկու ընկերները, կաղնիի հաստ մահակներով զինուած։  ճանապարհը գտնալու մտահոգութենէ ազատ էին, Օվաճիգի դաշտին մէջէն Մնձուր գետի ափով պիտի առաջանային, որ Հալւորի վանքի քովէն կ՚անցնէր։

Տէրսիմի մեծ ճանապարհը պէտք է հասկնալ արահետի իմաստով, որ երբեմն կը կորի թանձր անտառներու մէջ, կը մագլցի լերան ժայռոտ կողէն եւ շատ անգամ ալ բոլորովին կը կորսուի։ Տեղացին յաճախ դժուարութեամբ կը գտնէ իր ուղղութիւնը, լեռներու գագաթներուն հետեւելով։

Կէս օրը անցած էր, երբ հասան Փիր Սուլթան գիւղը։ Այդ գիւղէն սկսած Մնձուր գետը աղեղ մը կազմած կը թեքի դէպի հարաւ։ 

[Խմբագիր.- Երկու օր կը մնան այս գիւղը, որմէ ետք ճամբանին կը շարունակեն դէպի Հալվորի վանք]

(…)

Քրտերու խորհուրդով՝ որոշեցին մինչեւ Շատ Օղլու կամուրջը գետի ընթացքով երթալ, անկէ յետոյ ճանապարհը բռնել, որ ուղղակի Հալւորի մէջէն կ՚անցնէր։ Առաջին օրը՝ մինչեւ Թէլիկ գիւղը հասան, երկու անգամ ճամբանին կորսնցուցին անտառի մէջ։ Յաջորդ առտու, առաջին աքլորականչին ճանապարհ ինկան, ու կէս օրէն քիչ անց հասան Հալւորի վանք։

Գլուխ Բ - Հալւորի կամ Ալեւորի Սբ. Կարապետ վանքը

Մնձուր եւ Իգձոր գետերու միացման տեղէն հազիւ կէս ժամ հեռաւորութեամբ, բարձրահայեաց փոքր հարթութեան մը վրայ, հաստատուած է հինաւուրց վանքը, միակը Տէրսիմի բազմաթիւ վանքերէն ու սրբավայրերէն, որ դեռ շէն վիճակի մէջ իր գոյութիւնը կը պահէր ու յայտնի ուխտատեղի մ՚էր շրջանի հայերու եւ Տէրսիմցի քրտերու համար։

Քարաշէն, հաստ պատերով, հարթ տանիքով, միջակ մեծութեամբ շինութիւն մ՚էր Հալւորի վանքը, ոչ այն հայկական վանքերէն, որոնք իրենց կառուցուածքով, հայկական ինքնուրոյն ոճով, սրբատաշ քարերէ հիւսուած պատերով, առանձնայատուկ գրաւչութիւն մը ունին։

Արտաքին երեւոյթին համապատասխան՝ ներքին կահաւորումն ալ՝ աւելի քան աղքատ էր։ Խորանի երեք չորս աշտանակներ, երկու կանթեղ, եփենոսէ շինուած գրակալ մը, մէկ երկու գիրք, յատակին փռուած հնամաշ կապերտներ ու այսքան միայն։ Սաստիկ նեղ եւ երկարաւուն պատուհաններէն լոյսը վախվխելով ներս կը թափանցէր, եկեղեցիին մէջ ստեղծելով կէս խաւար մը, որ առհասարակ յատուկ է գրեթէ բոլոր հայ վանքերուն։

Հալւորի վանքի շուրջը, ութ տաս տունէ բաղկացած համանուն հայաբնակ գիւղը՝ երկար դարերէ ի վեր գոյութիւն ունէր։ Երբեմնի բազմամարդ գիւղէն մեր պատմութեան ժամանակը միայն այդքան մնացած էր։ Այդ գիւղացիները որոնք ինքզինքնին Միրաքեաններու շառաւիղէն կը համարեն, եւ ժառանգական պահապանները Հալւորի վանքին, կիսաքրտացած մարդիկ էին, որոնց հայերէն խօսակցութիւնն իսկ՝ դժուար էր հասկնալ։ Կ՚ապրէին եւ կը հագնուէին Տէրսիմցիներուն նման։ Վանքի քահանան, հօրմէ որդի քահանայ անյիշատակ ժամանակներէ սկսած, ոչ կարդալ գիտէր եւ ոչ գրել, այլ եկեղեցական արարողութիւնները, աւետարանը, շարականները իր լուսահոգի հօր ժամանակ գոց սովրած էր ու այդպէս ալ կը տանէր եկեղեցին, որու դռները հաւատացեալ ժողովուրդի առջեւ տարեկան հազիւ 3-4 անգամ միայն կը բացուէին։ Վանքի քահանայութիւնը ժառանգական իրաւունքը կը համարուէր տէր հօր ընտանիքին, ինչպէս սէյիտական կարգը, որ հօրմէ որդի կը փոխանցուէր։ Այդ ժամանակ տէր հօր միջնեկ զաւակը, հազիւ քսանմէկ տարեկան եւ արդէն երկու զաւակներու հայր, տիրացուն էր, այսինքն կանխորոշուած ապագայ քահանան, որ հօրը տեղը պիտի բռնէր։

Ծերունի քահանան, որուն արտաքինը ոչինչով կը տարբերէր Տէրսիմցի սէյիտէն, վանքի դռան կշտին խոշոր քարի մը վրայ նստած, քարմանով բուրդ կը մանէր։ Եթէ գիւղացիներէն մէկը հեռուէն ցուցուցած չլինէր քահանան՝ Լեւոնը դժուար թէ՝ կարենար զայն զանազանել քիւրտ սէյիտէ մը։ Ըստ սովորութեան, ճերմակ վարտիկ շապիկ հագած էր, իսկ բրդէ ապան մինչեւ ծունկերը կը հասնէր։ Մէջքի շուրջ, գունաւոր գօտին քանի մը անգամ կը դառնար, իսկ գլխուն քօլոզ մը, որու շուրջ փուշի մը փաթթուած էր։ Ոտքերը բոլորովին բոբիկ էին, իսկ ալեխառն երկար մօրուքը բաց կրծքին կէսէն աւելին ծածկած էր։ Միակ տարբերութիւնը երկուքին մէջ այն էր, որ սէյիտը անբաժան սազ մը կ՚ունենար ձեռքին, իսկ հայ քահանան քարմանով բուրդ կը մանէր։

(…)

Հարթ տարածութեան վրայ, ուր վանքն ու տնակները տեղաւորուած էին, հսկայական մեծութեամբ, հնամենի ընկուզենիներ կը հովանաւորէին շինութիւնները։ Գետինը, տառացի իմաստով, ծածկուած էր ծառերէն թափած ընկոյզներով, որոնք մէկ կողմէն սկսած էին սեւնալ ու փտիլ։ Աղքատ, սակաւապետ ժողովուրդ մը, ինչպէ՞ս կրնար ընկոյզի նման սննդարար միրգը անտեսել, թողուլ որ փտի։ Երբ Առաքելը ծռելով գետնէն վերցուց մէկ երկու ընկոյզ ու ափին մէջ ուզեց կոտրել զանոնք, քահանան հեռուէն պոռաց.

-Չէ՛ որդի… մի կտրեր ընկոյզները, մեղք է… այս ծառերը սուրբ են… մեծ մեղք է անոնց դպչիլը…

Հարուած չորթանի մէջ փշրուած կըլկլի հացը եղաւ աղքատիկ ճաշը։ Երկու ընկերները թաղիքի վրայ երկնցան հանգստանալու։ Մինչ Առաքելը երկնցածին պէս անմիջապէս խորթալ սկսաւ, Լեւոնը կը մտածէր այդ օրուան պատահարներուն, լսածներուն եւ տեսածներուն մասին։ Անկասկած Տէրսիմը արտաքին աշխարհէն կտրուած, ինքնուրոյն աշխարհ մ՚էր, ուր երկու հողեղբայր ժողովուրդներ դարերով քով քովի ապրած, իրարու փոխանցած էին սովորութիւններ, հաւատալոքներ, նախապաշարումներ, կենցաղային կարգեր։ Մտածեց՝ ինչպէս Տէրսիմցիներուն մէջ սէյիտական ընտանիքներու ժառանգական իրաւունքն էր կրօնապետութիւնը, հօրմէն որդին փոխանցուելով, թերեւս այդպէս ալ էր հայ կրօնական ընտանիքին մէջ։ Ըստ Տէր Հօր պատմութեան, Սուրբ Կարապետ վանքի պահպանութիւնը յանձնուած էր իրենց տոհմին, ինչպէս նաեւ քահանայագործութունը, բայց թէ որու կողմէ յանձնուած էր, այդ ոչ ոք գիտէր։

Երեկոյեան մութը իյնալուն՝ ամբողջ ընտանիքը հաւաքուեցաւ, կողքի տներէն տղամարդիկն ալ եկան՝ նոր եկած փախստական հայերը տեսնելու։ Ճրագ չունէին, օճախի լոյսը կը լուսաւորէր տունը։ Երբ սեղանի սփռոցը փռուեցաւ, առանց «հրամմէցէքի», բոլոր տղամարդիկը անխտիր նստան ճաշելու, կարծես թէ իրենց տանը գտնուէին։

[Խմբագիր.- Լեւոնը եւ Առաքելը քանի մը շաբաթ հիւրը կ՚ըլլան Հալւորի վանքի քահանային։ Անոնք ամէն օր կը մասնակցէին գիւղացիներու առօրեայ աշխատանքներուն, Լեւոնը նաեւ Տէր հօր որդւոյն՝ Սարգիսին, հայերէն կարդալ կը սորվեցնէր]

(…)

Երկու երեք շաբաթէն՝ Սարգիսը հեգելով սկսաւ կարդալ՝ զարմացնելով ոչ միայն տեղացի հայերը, այլեւ Տէրսիմցի ճամբորդ քրտերը, որոնք գիշերելու համար տէրտիրոջ մօտ կը մնային։ Լեւոնի համբաւը շատ աւելի լայն շրջաններու մէջ տարածուեցաւ, երբ անգամ մը քահանայի տարիներու բարեկամ Սէյիտի մը հետ խօսակցութեան ընթացքին, պատմեց Հասան եւ Հիւսէյին իմամներու նահատակութեան պատմութիւնը։ Քանի մը օրէն այս լուրը տարածուեցաւ ամէն կողմ։ Ճանապարհէն անցնող Սէյիտները, անպատճառ կանգ կ՚առնէին քահանայի մօտ, տեսնելու եւ լսելու համար օտարականը, որուն համար՝ աշխարհը գաղտնիք մը չունէր, որ Հազրէթի Ալիի զաւակներու պատմութիւնը իրենցմէ աւելի լաւ գիտէր, որ ջրի նման կը պատմէր Աբրահամի, Իսահակի, Յակոբի օրերէն։ Սուրբ գրքերու լեզուէն կը հասկնար։ Ինչ որ Սէյիտները եւ տէրտէրը չէին հասկնար։

Հոկտեմբերի վերջի շաբթուն էր, երբ Սէյիտ Րիզայի չորս ռահպէթները [խմբ.- ծառայ], կէսօրի ժամանակ, Հալւորի գիւղը հասան, որոնց հետ էր Սէյիտ Րիզայի կրտսեր որդին, Սէյիտ Ալլօն։ Սէյիտ Ալլօն հազիւ տասնչորս տարեկան յաղթանդամ պատանի մ՚էր, բարձրահասակ կայտառ տղայ մը։

Սէյիտ Րիզան Վերի Ապաստան շրջանի ամենազօր աշիրէթապետն էր։ Վեց հարիւր կռուող հրացանաւորներու առաջնորդը։ Ան կրօնապետի եւ ցեղապետի հանգամանքով՝ հռչակուած էր ամբողջ Տէրսիմի մէջ։ Անոր մարդիկը, որպէս առաջնակարգ կռուողներ, իրենց նմանը չունէին ամբողջ Տէրսիմի մէջ։ Յայտնի հայասէր Սէյիտ Իպրահիմի զաւակն ու յաջորդն էր Սէյիտ Րիզան, որուն գիւղերուն մէջ բազմաթիւ փախստական հայեր ապահով կերպով կ՚ապրէին։

Սէյիտ Ալլօն եւ ռահպէթները, վանքի դռան քարերը երկիւղածութեամբ համբուրելէ վերջ, երբ ներս մտան, գրկուեցան քահանայի հետ, ինչպէս որ ընդունուած սովորութիւն էր, իրարու ուսերը համբուրեցին, ու ապա նոր նստան օճախի մօտ փռուած թաղիքին վրայ։

-Մեր մեծաւորը, Սէյիտ Րիզան, շատ շատ բարեւներ կը ղրկէ Հալւորի տէրտիրոջ,- սկսաւ խօսիլ ռահպէթներէն տարեցը,- ինքն անձամբ Հալւորի Սուրբին ոտքը պիտի գար՝ հողն ու գետինը համբուրելու, որուն մշտական հոգատարութեան յանձնուած է Իմամ Հիւսէյինի սուրբ աջը, բայց շաբաթ մը առաջ Սէյիտ Րիզան ձիէն ընկնելով ոտքը ցաւեցուց, հետեւաբար այս անգամ Սուրբը անոր պակասութիւնը թող ներէ։ Մեծ մեծ Սէյիտը լսած է քու քովդ մարդ մը եկած է օտար երկիրներէ, մարդ մը, որուն համար աշխարհքը գաղտնիք մը չունի. Սուրբ գրքերու լեզուն կը հասկնայ, մեր լեզուին ալ ծանօթ է։ Սէյիտ Ալլօն անոր դռանը սպասաւոր կ՚ուղարկէ, որ իր իմաստութենէն փշուր մըն ալ անոր պարգեւէ, որուն պատճառով Սէյիտ Րիզան պարտական պիտի մնայ այդ իմաստունին։

Խնդրանքէ աւելի հրաման մ՚էր այդ։ Հալւորի վանք-գիւղը եւ այդ շրջանը Սէյիտ Րիզայի սեփականութիւնը կը համարուէր, որոնց բացարձակ տէրն էր ան։ Ինչ խօսք որ քահանան սիրով ընդառաջեց Սէյիտի հրամանին, խոստանալով աչքի լուսին պէս պահել Սէյիտ Ալլօն։ Սէյիտ Րիզան, հարկ է նշել, որ իր զաւակը ձեռնունայն ղրկած չէր մեծ մարդուն մօտ։ Ռահպէթները հետզհետէ ներս կրեցին երկու պարկ ցորենի ալիւր, պարկ մը կլկըլ, պարկ մը գարի, երկու տիկ պանիր, տիկ մը իւղ եւ փայտէ մեծ ամանով մը մեղր։ Մասնաւորաբար Լեւոնի համար ուղարկած էր զարդարուն ապա մը, բրդէ շապիկ ու վարտիկ, ճերմակ երկար քօլոզ մը, երկու մետաքս փուշիներով, մէջքի գօտի մը, Խարբերդէն բերուած կօշիկ ու արծաթապատ պատեանով կեռ խանչալ մը։ Նուէրները՝ իրապէս մեծ աշիրէթապետի մը վայել առատաձեռնութեամբ ղրկուած էր։

Երեկոյեան կողմ երբ Լեւոնը տան տղամարդոց հետ անտառէն տուն վերադարձաւ՝ զարմացած մնաց։ Ռահպէթներու գիրկնդախառնումի արաողութենէն վերջ, յայտնեց որ ինքը սիրով Սէյիտ Ալլոյին կարդալ պիտի սորվեցնէր, բայց Սէյիտ Րիզան նուէր ուղարկելու նեղութիւնը քաշելու չէր։

Գլուխ Գ - Աստուածային պատգամը

[Խմբագիր.- Տէրսիմի օսմանեան կառավարիչ՝ Շէֆքէթ պէյը, Տէրսիմի քիւրտ աղաները կը հրաւիրէ ժողովի, Խոզաթի մէջ, 15 Դեկտեմբերին։ Յայտնի էր որ օսմանեան իշխանութիւնները վերջնագիր մը պիտի ներկայացնէին Տէրսիմի քիւրտերուն։ Այս հանդիպումին նախապատրաստուելու համար, աղաները կ՚որոշեն միասնաբար խորհդակցութիւն մը ունենալով եւ այս նպատակով ալ հանդիպման վայր կ՚ընտրեն Երկան (ներկայիս Էրկէն/Կեչիմլի) գիւղի Զէյնօ Զատէ Մուսթաֆա աղայի ապարանքը։ Այս հանդիպումին ներկայ կ՚ըլլան նաեւ Սէյիտ Ալլօն եւ Լեւոնը]

(…)

Ընդարձակ պարտէզի մը մէջ, Երկան գիւղէն քարընկէց մը հեռու, կը բարձրանայ Մուսթաֆա աղայի երկյարկանի ապարանքը, որուն նման իրօք որ չէր գտնուեր Տէրսիմի մէջ։ Առաջին յարկը, ուր ընդարձակ խոհանոցը կը գտնուէր ու ծառաներու բազմաթիւ սենեակները, աղաներու հետ եկող ծառաներով ու զինուորներով լեցուած էր։ Խոհանոցին մէջ բազմաթիւ կիներ, թեւերնին սոթթած, ահագին կաթսաներով կերակուր կը պատրաստէին, սաճերու վրայ ցորենի ալիւրէ հաց կ՚եփէին, մինչ Մուսթաֆա աղայի մեծ խանումը իր հարսներուն հետ աչալուրջ կը հետեւէր ծառայողներուն, որոնց մէջ բազմաթիւ փախստական հայ կիներ կային։

(…)

Հազիւ կէս ժամ անցած լինէր, երբ հիւրանոցի դռան եւ միջանցքին խռնուած զինուորներուն եւ ծառաներուն մէջ խլրտում մը ինկաւ, իրար հրելով կ՚աշխատէին ճամբայ բանալ նորեկի մը։

Ծանր ու հանդարտ քայլուածքով դռնէն ներս մտաւ Գուրիշան աշիրէթի ամենազօր պետերէն Սէյիտ Հիւսէյինը, որուն գալստեան այնքան անհամբերութեամբ կ՚ըսպասէին ժողովականները։ Ներկաները բոլորը մէկէն ոտքի ելան, տանուտէր Մուսթաֆա աղան, երիտասարդական աշխուժով, ոտքի ցատկեց ու դիմաւորեց ծերունին, անոր ձեռքը համբուրելով, ապա գրկուելով իրարու ուսը համբուրեցին։ Ներկաները շրջապատեցին Սէյիտ Հիւսէյինը՝ ոմանք՝ ապայի փէշերը, մինչ Սէյիտը կը փոխադարձէր անոնց ուսերը համբուրելով։ Պատկառելի, հոյակապ արտաքինով ծերունի մ՚էր Սէյիտ Հիւսէյինը։ Բարձրահասակ, հակառակ իր տարիքին՝ ուղղաձիգ մարմնով, նիհարակազմ, բայց հաստատուն կեցուածքով, կրօնապետ ռազմիկը մարմնաւորող այդ ութսունամեայ ծերունին՝ աստուածաշնչական նահապետի մը տպաւորութիւնը կը ձգէր։ Ամէն բանէ աւելի տպաւորիչ էր անոր պատկառազդու դէմքը, շրջապատուած մինչեւ ուսերը ինկած երկար մազերով ու կրծքին ինկած սպիտակափայլ մօրուքով։ Կարծես արծաթ շրջանակի մը մէջէն դուրս կ՚իյնար անոր արծուային դէմքը, ուր երկու խոհուն աչքերը կը փայլէին առանձին կենդանութեամբ։

Օճախի կշտին, թանձր ներքնակի մը վրայ, ծալլապատիկ նստաւ Սէյիտ Հիւսէյինը եւ ձեռքի շարժումով նստելու հրաւիրեց ներկաները։ Ամէնքը տեղաւորուեցան։ Խորհրդակցութիւնը սկսաւ։ Ընդունուած ձեւի ժողով մը չէր այս, երբ ամէն մարդ իր ըսելիքը ունի, իր տեսակէտը պիտի պարզէ, պիտի աշխատի համոզեցուցիչ փաստեր գտնալ լսողները համոզելու։ Խօսողները բազմաթիւ չէին։ Կարծես միասնաբար եկած լինէին՝ մտածելու, որոճալու եւ լսելու։

Երիտասարդ Տէրսիմցի մը, որ թրքական դպրոցէ շրջանաւարտ էր, կարդաց Խոզաթի գայմագամ Շէֆքէթ պէյի նամակը։ Խիստ հրամանագիր մը։ Կառավարութեան յանձնել բոլոր զինուորական տարիքի Տէրսիմցիները, ընդհանուր զինաթափութիւն, կառավարութեան մատնանշած աղաները ձերբակալելով Խոզաթ բերել, նաեւ բնիկ եւ նոր եկող հայերը, որոնք բուն պատճառն էին Տէրսիմի անհանդարտ վիճակին։

Տիրեց ծանր եւ երկարատեւ լռութիւն մը։ Տէրսիմցու նկարագրին անծանօթ մը, պիտի կարծէր թէ՝ Շէֆքէթ պէյի սպառնալիքէն սարսափահար, պապանձեր են բոլորն ալ եւ սակայն, ներկաներէն ոչ ոք լուրջ նշանակութիւն տուաւ գայմագամի հրով սրով Տէրսիմը մաքրելու սպառնալիքին։ Չէ՞ որ իրենք եւ իրենց չախմախլիաւոր կտրիճները ողջ էին, իսկ եթէ կար կէտ մը, որուն շուրջ կը մտահոգուէին անոնք՝ այդ ալ աղաներու միասնաբար գործելու որոշումն էր։ Բոլոր ներկաներու աչքերը դարձան դէպի Սէյիտ Հիւսէյինը։ Ան ի՞նչ պիտի ըսէր։

-Մենք Տէրսիմցիներս,- երկար պահ մը լռելէ վերջ սկսաւ խօսիլ Սէյիտ Հիւսէյինը,- մինչեւ օրս թուրքին, դժոխքի բաժին եղնեն անոնք, զինուոր չենք տուեր… մենք մեր լեռներուն մէջ ազատ ապրած ենք՝ ինչպէս մեր պապերը… մենք իրարու հետ կռուած ենք, այո՛, հիմա ալ կը կռուինք… բայց մենք մեր ձեռքով մեր աղաներէն մէկը չենք յանձներ խոզ թուրքին… բայց հիմա պարագաները տարբեր են… ամբողջ աշխարհ կռուի վրայ է… թուրքն ալ մեծ զօրք հաւաքեր է, Ռըսի վրայ կռիւ բացեր է… աշխարհը փոխուեր է…

Լռեց։ Սէյիտ Հիւսէյինը կամաց կը խօսէր, անոր ձայնը հազիւ կը լսէին ժողովականները, կը խօսէր այնպէս՝ կարծես այդ խօսքերը իր սեփական մտքերը չէին, այլ աներեւոյթ էակի մը… Բոլորը արձանացած կ՚ըսպասէին։

-Եա հազրէթի Ալի, եա իմամներ Հասան, Հիւսէյին,- յանկարծ հնչեղ ձայնով սկսաւ խօսիլ,- Հէյ աղաներ, դուք մի՛ մոռնաք որ թուրքը խոզէն ալ աղտոտ է, խաբեբայ է, մուռտառ է, մի՛ մոռնաք որ անոնք Օմարի եւ Օսմանի զաւակներն են… թող դժոխքի կրակի մէջ տանջուին այդ անիծածները ու կաթիլ մը ջուր տուող չունենան… կ՚ուզեն մեզ զինաթափ ընել, մեր կտրիճները փճացնել, որ մեր երկրին տիրանան… Տէրսիմը իրենց եղնի, բայց Տէրսիմցին վերջանայ… ձեզի՛ կ՚ըսեմ աղաներ, եթէ Տէրսիմցին մէկ մարդու պէս ոտքի չելնէ՝ մենք կորած ենք… թուրքը, զատ զատ պիտի վերջացնէ մեզ… ի՞նչ կ՚ըսէք աղաներ…

Ծանր լռութիւն մը տիրեց եւ այդ ոչ թէ որովհետեւ ներկաները պատասխան մը չունէին տալիք, այլ անոր համար որ աղաներէն ամէն մէկը կ՚ուզէր, որ իրմէ մեծ աղա մը առաջ խօսի եւ ապա ինքը, ինչպէս որ ընդունուած կարգն էր։

-Հազրէթը Ալիի բերնով խօսի մեր մեծ Սէյիտը,- ծանր ծանր խօսիլ սկսաւ Մուսթաֆա աղան,- ամբողջ Տէրսիմը մէկ մարդու նման պէտք է գործէ… ես իմ խօսքս տուի, պատրաստ եմ երդուելու… դուք ի՞նչ կ՚ըսէք աղաներ…

Սէյիտ Հիւսէյինը ինչպէս եւ բոլոր ներկաները բարձրանալով մօտեցան լայն պատուհանին, որտեղէն կ՚երեւնար հայկական հին վանքի մը աւերակները ու Սուրբ Յարութեան տաճարի դեռ չի փլած մէկ մասը։ Սէյիտ Հիւսէյինը ձեռքի գաւազանը որպէս թէ յենած տաճարի պատին, ներշնչուած ձայնով ըսաւ.

-Եա հազրէթը Ալի, մենք՝ քու զաւակներդ, քու անունովդ, Հասան Հիւսէյին սուրբ իմամներուն անունովը, ահա երդում կ՚ընենք, որ մեր մէջ ջոկութիւն չպիտի եղնի, մենք բոլորս ձեռք ձեռքի տուած, խոզ թուրքին դէմ պիտի ելնենք։ Մեր Տէրսիմը, որ դու մեզի տուիր, մեր ուխտատեղիները, մեր վանքերը, մեր սուրբ լեռները, մեր կուրծքերովը պիտի պաշտպանենք… մենք՝ բոլորս ալ, Հասան Հիւսէյին մեծ իմամներու նման, նահատակ պիտի եղնինք, բայց չպիտի թողունք որ պիղծ թուրքը մեր երկիր մտնայ։ Եա հազրէթը Ալի՛, դու վկայ եղիր մեր երդումին, դո՛ւ պատժէ երդմնազանցը, անոր օճախին կրակը մարէ, որ անոր տունէն այլեւս ծուխ չբարձրանայ։

Սէյիտ Հիւսէյինի այս խօսքերէն վերջ, բոլորը անխտիր իրարու հետ գրկուեցան, իրարու ուսերը համբուրեցին, ինչպէս որ օրէնքն էր երդուողներու։

(…)

Առտու հազիւ լոյսը բացուած, անսովոր կենդանութեամբ լեցուեցաւ Մուսթաֆա աղայի ապարանքը։ Գիշերելու համար գիւղի մէջ ցրուած աղաները իրենց հետեւորդներով վերադարձան։ Բակի եւ պարտէզի մէջ, հարիւրաւոր ծառաներ եւ զինուորներ կը նախաճաշէին, նստած ուղղակի ձիւնի հաստ շերտի վրայ, որպէս թէ կակուղ ներքնակի վրայ նստած լինէին։

Սաստիկ ցուրտ բայց պայծառ օր մ՚էր։ Արեւը հազիւ բարձրացած, Սէյիտ Հիւսէյինի գլխաւորութեամբ հաւաքուած աղաները դուրս եկան տնէն եւ ուղղուեցան դէպի գիւղի հարաւ արեւմտեան ծայրը գտնուող Երկանի վանքը։ Անոնց հետեւեցան ծառաները, զինուորները եւ գիւղի բնակչութեան քիւրտ եւ հայ գիւղացիները։ (…)։

Ապահովաբար, Սուրբ Յարութեան տաճարը ամբողջական վիճակի մէջ, պէտք է եղած լինէր իր ժամանակի գեղեցկագոյն եկեղեցիներէն մէկը, մօտ քառասունեւհինգ ոտք լայնքով, իննսուն եւ քիչ մը աւելի երկարութեամբ ու մօտաւորապէս վաթսուն ութ ոտք բարձրութեամբ, որուն վրայ դեռ պէտք է աւելցնել կեդրոնական գմբէթ կառուցուածքը։ Բացի կիսակործան Սուրբ Յարութիւն եկեղեցիէն, երկու քարընկէց անդին, նոյնպէս աւերակ վիճակի մէջ, կը գտնուէր ուրիշ եկեղեցի մը։ Քիչ անդին քարափոր ճգնարաններ, բազմաթիւ խաչքարեր, գերեզմանաքարեր։ Ըստ երկաթագիր արձանագրութեան, որ որոշապէս կը մնար տաճարի դեռ կանգուն պատին վրայ, Սուրբ Յարութիւն փառաւոր եկեղեցիին հիմնարկութիւնը սկսած էր 995 թուին։ Այս հաշուով 940 տարիներու պատկառելի հնութիւն մ՚ունէր։

Ընդհանրապէս Խոզաթի, Քըզըլ Քիլիսէ եւ Մեծկերտ շրջաններու բազմաթիւ վանքերու, եկեղեցիներու, գերեզմանոցներու, խաչքարերու գոյութիւնը կ՚ապացուցանեն, որ Տէրսիմի հարաւային մասի ազգաբնակութեան գերակշռող մասը դարեր առաջ, հայ բնիկներէ կազմուած էր։

Տէրսիմցի քրտերու համար ալ՝ այդ սրբավայրերը գերազանց նշանակութիւն ունէին եւ հայերուն հաւասար նաեւ իրենցը կը համարէին զանոնք, ուր ուխտի կ՚երթային տարուայ որոշ օրեր, Հինգշաբթի գիշերներ կը լուսազարդէին սրբավայրը, իրենց երդումի արարողութիւնը հոն կամ թէկուզ հեռուէն դէպի այն դառնալով կը կատարէին, որ սէյիտները կը նախընտրէին այդ վայրերու մէջ կրօնական հաւաքոյթներ սարքել, այս բոլորը որոշ կերպով կը ցուցնէ, որ անոնց նախնիքները դարեր առաջ հայեր եղած էին ու հինէն մնացած աւանդութիւնները, հաւատալիքները, սովորութիւնները դեռ կենդանի ձեւով կը մնային իրենց մէջ։

Տէրսիմի եւ թերեւս ամբողջ Ծոփաց աշխարհի վանքերու, եկեղեցիներու մէջ առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ, Երկանի վանքի կիսակործան մնացորդներու հետ, Սուրբ Յարութեան տաճարը, որուն միայն մէկ պատը տակաւին կանգուն կը մնար, յարակից չքնաղ մատուռներով, իսկ կեդրոնին բարձրացած գմբէթը, երեք պատերը, ինչպէս նաեւ եկեղեցիի գաւիթը, դարեր առաջ քանդուած էին ողբալի աւերակոյտի մը վերածելով զանոնք։ Սակայն այն քիչը, որ դեռ կանգուն կը մնար, ինքնին բաւական էր ցուցնելու հայ ճարտարապետութեան սքանչելի մէկ բեկորը, որը իր աւերակ վիճակին մէջ իսկ՝ պանծացումն էր հայ ոգիի, երկարաւուն պատուհաններու ու ցորենի հասկերու նուրբ քանդակներով։

Ամբողջ Տէրսիմի մէջ չկար մարդ մը, որ տեսած կամ լսած չի լինէր աւերակներու մէջ բարձրացած այդ շքեղ պատի մասին։ Բնականաբար գիտէին եւ թուրքերը։

(…)

Սէյիտ Հիւսէյինը Մուսթաֆա աղայի ապարանքէն դուրս ելնելով ուղղուեցաւ դէպի Սուրբ Յարութեան տաճարը ու կանգ առաւ կանգուն մնացած պատին առջեւ։ Հինգ վեց քայլ հեռաւորութեան վրայ հետեւորդ աղաները, ըստ իրենց դիրքի եւ ազդեցութեան, ծնկաչոք կիսաշրջան մը կազմելով նստան ձիւնածածկ գետնի վրայ, իսկ անոնց ետին նոյնպէս նստան զինուորները, ծառաները, Երկան գիւղի հայ եւ քիւրտ ժողովուրդը։ (…) Երբ բոլորը տեղաւորուեցան, տիրեց խոր լռութիւն։ Բազմութիւնը մէկ մարդու նման նստած տեղը անշարժացաւ, կրօնական երկիւղած սպասումի մէջ։ Պատկառելի Սէյիտ Հիւսէյինը ճերմակ հագուստովը, բարձր քօլոզովը, ձիւնի նման երկար մազերով ու ալեփառ մօրուքովը, մեհենական քուրմի մը տպաւորութիւնը կը ձգէր, որ երկիւղածութեամբ կը մօտենայ զոհաբերութեան սեղանին, աստուածներուն հետ հոգեկան կապակցութեան գալու համար։ Երբ Սէյիտ Հիւսէյինը ձեռքը բարձրացնելով երկիւղածութեամբ ձեռքի գաւազանը պատին յենեց, բազմութեան մէջ թեթեւ շշուկ մ՚իսկ չէր լսուեր, բոլորն ալ դէմքերը Սէյիտին ուղղած, անշարժացած էին։

-Եա՛ հազրէթը Ալի,- հնչեղ ձայնով աղօթել սկսաւ Սէյիտ Հիւսէյինը,- դու ամենահզօր արարիչը երկրի եւ երկինքի, դու մարդու կեանք տուողը եւ մահը ղրկողը, քու ոտքերուդ յենարանը երկիրն է ու լուսաշող բնակարանիդ պատուհանները երկնքի աստղերը, քու արդար դատաստանիդ՝ խոնարհ ծառաներս՝ ունկնդրելու եկած ենք այս սրբավայրին մէջ, քանի մեր միտքը կարճ է ու մենք մահկանացու, դու ես որ միշտ կաս եւ քու թագաւորութիւնը յաւիտենական է ու արդար դատաստանդ անսահման եւ խորիմաստ։ Ո՜վ հազրէթը Ալի, մեր հայրն ու տէրը՝ այսօր քու իմաստութենէդ փշրանք մը տուր քու ծառայիդ, որ քու խօսքդ իր բերանովը պատգամէ այս ժողովուրդին, որուն հոգին պղտորած է ու ան իր արդարութեան ճամբան շիտակ չի տեսներ։

Սէյիտ Հիւսէյինը ձեռքի գաւազանը դեռ պատին յենած, գլուխը վեր, հայեացքը անորոշութեան մէջ կորած, կը թուէր թէ աստուածային պատգամի մը կ՚ունկնդրէր՝ հոգեական յափշտակուած վըճակի մէջ։ Այդ պահուն, կարծես, ինքն ու սրբավայրի քանդակներով զարդարուն պատը միաձուլուած՝ մէկ ամբողջութիւն կը կազմէին։ Աղաներն ու ժողովուրդը՝ սրբազան հաւատքով վերացած, աստուածային պատգամին կ՚ըսպասէին։

Երեք չորս վայրկեան՝ այդ անշարժ խաղաղութիւնն ու լռութիւնը ծանրացաւ բազմութեան վրայ, ատոնք սրբազան վայրկեաններ էին, երբ իրենց կրօնապետ մեծ Սէյիտը կը խօսէր ուղղակի Ալի աստծու հետ։ Խորհրդաւոր վայրկեանները լրացան։ Սէյիտ Հիւսէյինը ձեռքի գաւազանը վար առաւ։ Վերցուց սազը՝ ծալլապատիկ գետին նստաւ, կռնակը յենած պատին ու սկսաւ աղօթել։

-Եա, հազրէթը Ալի, տիեզերքի յաւիտենական թագաւոր, եա մահսում իմամներ Հասան Հիւսէյին, կրօնի անմեռ նահատակներ՝ հազար անգամ հազար անիծած լինի ձեր սուրբ արիւնը թափող թուրքը… դուք՝ աստուածորդիներ, դուք՝ մեր սուրբ կրօնի հիմքը կազմող աստուածային իմամներ, եա հիւնքէր Հաճի պէկ Տաշվելի, եա Աղուվէխիր Աղուջան, եա Մուրատատու Խըզըր (Սուրբ Սարգիս) Գորշաձի սուրբ, եա Փիրմէն տէրվիշ Ճէմալ…։

Այս ընդունուած ձեւի աղօթքն է Տէրսիմցիին, որ աւելի շուտ, անուանակոչումն է Ալի աստուծուն, մեծ իմամներ՝ Հասանի եւ Հիւսէյինի, իմամներու, սէյիտներու, սուրբերու, փիրերու, տէրվիշներու։

Երբ Սէյիտ Հիւսէյինը, սազը կուրծքին սեղմեց, նուագելով ու երգելով պատրաստուեցաւ աստուածային պատգամը հաղորդել ժողովուրդին։

Տիրեց բացարձակ լռութիւն։

-Եա վեհափառ աստուած Ալի, եա աստուածորդի իմամներ Հասան, Հիւսէյին։ Ձեզի է խօսքս, հէ՜յ Տէրսիմի ժողովուրդ։ Ձեր իմաստութիւնը կարճ է, ինչպէս լեռներու աշնան խոտը, ինչպէս ձիւնածաղիկի կեանքը, ձեր կորեկի հատիկի չափ է, որովհետեւ դուք մահկանացու կնիկէ ծնած էք։

«Մեհրճան, Մնձուր, Քուրա Պապա, մեր երկրի սրբազան սարերը, որոնց վրայ Հազրէթը Ալին ու սուրբերը կը քալեն, որոնց գագաթներուն առաջին անգամ կ՚իյնայ սուրբ արեւի ճառագայթը՝ կան ու կը մնան իրենց տեղը։ Հազարաւոր տարիներ անցան, հազարաւոր տարիներ ալ պիտի գան ու ացնին, բայց մեզի չափ անոնք իրենց տեղերէն չպիտի շարժին։ Անոնց նման ալ՝ հաստատուն պէտք է եղնի Տէրսիմցիին հաւատքը։ Մեր հին պապենական օրէնքները, սովորութիւնները, հաւատքը կան ու կը մնան ճիշտ այնպէս ինչպէս՝ մեր սրբազան սարերը»։

«Եա՛ հազրէթը Ալի, եա՛ հազրէթը Ալի, եա՛ հազրէթը Ալի»։

Սէյիտ Հիւսէյինը եւ կը նուագէր սազը, եւ կ՚երգէր եւ թէ կու լար։ Իսկ ժողովուրդը յափշտակութեամբ մտիկ կ՚ընէր, ծունկերը կը ծեծէր, կու լար ու երբեմն բարձրաձայն այս կամ այն սրբին անունը կու տար։ Այս ընդհանուր ժխորի մէջ՝ բարձր հնչողը Սէյիտ Հիւսէյինի ձայնն էր։

«Հէ՜, հէ՜յ, Տէրսիմի ժողովուրդ, ձեզի է խօսքս»։

[Խմբագիր.- Սէյիտ Հիւսէյին ժամանակ մը եւս կը շարունակէ իր մեներգը կամ մենախօսութիւնը։ Կը պատմէ թէ ինչպէս իմամ Հիւսէյինը, Օմարի եւ Օսմանի հալածանքներէն փախելով, կ՚ապաստանի հայ քահանայի մը քով։ Օսմանի հետեւորդները կու գան, կը պաշարեն քահանային տունը եւ կը պահանջեն որ իրենց յանձնեն իմամ Հիւսէյինը։ Քահանան եօթ յաղթանդամ որդիներ ունէր։ Կը յանձնէ իրենց առաջին որդին յայտնելով թէ այդ էր Հիւսէյինը։ Օսմանի հետեւորդները չեն հաւատար, բայց սրէ կ՚անցընեն որդին։ Ապա կը յանձնէ երկրորդ զաւակը, որ նոյնպէս կը մորթուի։ Այս ձեւով մէկը միւսին ետեւէն վեց որդիներ կը զոհէ։ Ի վերջոյ կը յանձնէ իր եօթերորդ որդին, որ ճիշդ Հիւսէյնին կը նմանէր]

(…)

Յանկարծ զարմանալի խաղաղութիւն մը տիրեց բազմութեան վրայ։ Լացերը դադրեցան, ինքնածեծը վերջ գտաւ, դէմքերը դարձան դէպի Սէյիտ Հիւսէյինը, եւ առաքելատիպ, պայծառ գլուխը վեր բարձրացուց։ Անոր դէմքին վրայ՝ անօրինակ գեղեցկութեամբ վեհափառ խաղաղութիւն մը ծագեցաւ։ Հանդարտ վեհութեամբ՝ խօսեցաւ ժողովուրդին.

-Հազրէթը Ալին, երկրի եւ երկնքի Տէրը ըսաւ՝ «իմ խօսքս քու բերնով խօսէ ժողովուրդին եւ յայտնէ որ բոլոր ցամաքներու, ծովերու, երկնքի Տէր Աստուածը կ՚ըսէ. Ինչպէս որ հայ քահանան ըրաւ իմ զաւակիս՝ իմամ Հիւսէյինի համար՝ այնպէս ալ իմ ժողովուրդս թող ընէ իր հիւրասիրութիւնը խնդրող հայերուն։ Ասկէ պակաս ընողը եօթն անգամ եօթը սերունդ պիտի անիծուի… Կայէնի նման պիտի թափառի երկրին վրան ու հանգիստն ինչ է երբեք չպիտի գիտնայ, անոր տանը սուրբ օճախին մէջ կենսատու կրակը չպիտի վառի, անոր տան տեղին վրայ կանաչ խոտ պիտի բուսնի։ Ըսէ՛ այսպէս իմ ժողովուրդին, զի ես եմ երկնքի եւ երկրի Տէր Աստուածը»։