Թուայնացուած բաց արխիւ - Ամերիկաներ
Թուայնացուած բաց արխիւ բաժինով ներկայացուած բազմաթիւ եւ բազմազան թուայնացուած նիւթերը հիմնականին մէջ պիտի վերաբերին հետեւեալ մեծ վերնագիրներուն՝
Ձեռագիրներ
Տարիներու ընթացքին, Յուշամատեան հաւաքած է յուշագրութիւններ, օրագիրներ եւ նամակներ, որոնց մեծ մասը անտիպ են: Այս գրութիւնները ընդհանրապէս հայերէն գրուած են, ուրիշներ՝ հայատառ թրքերէն: Անոնք յաճախ կը նկարագրեն հայաբնակ գիւղերն եւ քաղաքները, կենդանի կերպով ներկայացնելով հայերու կենցաղը եւ առօրեայ կեանքը։ Այս գրութիւնները կարեւոր աղբիւրներ կը հանդիսանան մեր աշխատանքին համար: Ասոնցմէ նմոյշներ տեղադրուած են այս բաժնին մէջ: Գրութիւններէն մաս մը արդէն մեքենագրուած է Յուշամատեանի կողմէ եւ թարգմանուած՝ անգլերէնի, թրքերէնի կան հայերէնի:
Լուսանկարներ
Հին լուսանկարները կը կազմեն Յուշամատեանի արխիւին ամենակարեւոր մասը: Յուշամատեան մշտապէս կը հաւաքէ ընտանեկան հին լուսանկարներ՝ անհատներու, ընտանիքներու եւ վայրերու: Մեր հաւաքածոն բազմազան է աշխարհագրական առումով եւ այնտեղ կան Օսմանեան կայսրութեան շատ մը հայկական գիւղերու եւ քաղաքներու մասին նիւթեր: Այս լուսանկարները հաւաքուած են աշխարհի տարբեր երկիրներէն Յուշամատեանի աշխատակիցներու կողմէ կամ բազմաթիւ անհատներ մեր տրամադրութեան տակ դրած են իրենց անձնական եւ ընտանեկան հաւաքածոն:
Առարկաներ
Բազմաթիւ տուներու մէջ կան ծնողներէ եւ նախնիներէ մնացած շատ մը առտնին առարկաներ (կարպետ, ձեռագործ, պղնձեղէն, եւ այլն), որոնց ներկայութիւնը յաճախ աննկատ կ'անցնի: Բայց եթէ աւելի ուշադիր նայինք այս առարկաները ամբողջ յիշողութիւն մը կը կրեն. աւելի՛ն, անոնք ընտանեկան մանրապատմութիւններ կը յուշեն: Օսմանեան հայերու պատկանած առարկաներ հասած են մեզի վերապրողներու շնորհիւ, տարբեր եւ երկար ճամբաներ կտրելով: Այս առարկաները շօշափելի եւ առկայ խորհրդանիշներն են Օսմանեան հայերու վերականգնած մանրապատմութիւններու։