Ապրազեան-Շըխըրտմեան հաւաքածոյ – Պուէնոս Այրէս

8/10/22 (վերջին փոփոխութիւն՝ 8/10/22)

Սոյն վկայութիւնները մեզի փոխանցեց Սոնիա Քավալլօն (Sonia Cavallo), որ կ՚ապրի Վիրճինիա, Միացեալ Նահանգներ. ան զանոնք քաղած է գլխաւորաբար իր մեծ հօրմէն՝ Ասատուր Ապրազեանէն։ Այս էջով ներկայացուած լուսանկարները եւ յուշիրերը կը գտնուին մաս մը Սոնիային քով, մաս մըն ալ Պուէնոս Այրէս՝ Սոնիային մօր՝ Սոնիա Իզապէլին քով։

Ասատուր ծնած է 8 Դեկտեմբեր 1909-ին, Հաճընի մէջ։ Թուականը ճշգրիտ չէ, քանի որ ան միայն իր ազգականներէն իմացած է, որ ծնած է 1909-ի շուրջ։ Ասատուր կ՚ընտրէ Դեկտեմբեր 8-ը, քանի որ այդ օրը կը համապատասխանէ կաթոլիկ տօնացոյցին մէջ իր սիրած տօնին՝ Ս. Աստուածածինին Անարատ յղութեան։ Աւելի հաւանական է որ Ասատուր ծնած է 1909-ի առաջին ամիսներուն, որովհետեւ, ինչպէս պիտի տեսնենք, ինք նորածին երեխայ մըն էր, երբ կը կորսնցնէ հայրը Ապրիլ կամ Մայիս 1909-ին։

1), 2) Նամակ գրուած Սուլթան Ապրազեանին կողմէ իր քեռիին՝ Փանոս/Էսթէպան Շըխըրտըմեանին, որ արդէն հաստատուած էր Պուէնոս Այրէսի մէջ։ Թուական՝ 21 Յունուար 1914, վայր՝ Հաճըն։ Սուլթան իր նամակին մէջ իր վիշտը կը յայտնէ թէ իրեն կանուխ տարիքին դպրոցէն հանած են եւ ամուսնացուցած են։ Այս նամակը գրած պահուն ան մօտաւորապէս 13 տարեկան է։ Ուղղակի դժգոհութիւն չի յայտներ իր ամուսնական վիճակէն, բայց կը գրէ՝ «թագուհի եմ բայց թշուար, բանտը եմ պալատին մէջ»։ Իր բուն սրտնեղութիւնը դպրոցը կանուխ ձգելն է, նաեւ կ՚աւելցնէ թէ եթէ «դուն [քեռին] հոս կենայիր, զիս ասանկ չէին [մայրն ու մօրաքոյրը] կրնար հարս ընել»։ Նշենք որ մօտաւորապէս մէկ տարի ետք Սուլթան պիտի սպաննուէր տարագրութեան ճամբուն վրայ՝ Տէր Զօրի մէջ, երբ արդէն յղի էր։
3) Շատ հաւանաբար Սուլթան Ապրազեանին գրած եւ իր քեռիին ուղղուած նոյն նամակին ընկերակցող էջ մըն է։ Դարձեալ Սուլթանին ձեռագիրն է։ Հոս ընդօրինակած է հայերէն երգ մը՝ «Օտարութիւն այսքան տարի, կու լամ կարօտով, կարօտով»։ Երգին իւրաքանչիւր տունին վերջին տողն է՝ «Համբերէ՛ հոգիս, համբերէ՛»։ Սուլթան «հոգի» բառին փոխարէն գրած է «քեռի»։

Ասատուրին հայրը՝ Յարութիւն Ապրազեան, Հաճընի մէջ ունէր վաճառատուն մը։ Գործը կը զարգացնէ եւ կը դառնայ հացահատիկի վաճառական։ Այաշ/Այաս նաւահանգիստ քաղաքին մէջ կը գնէ երկու յարկանի տուն մը, որուն առաջին յարկը կը վերածէ մթերանոցի, իսկ երկրորդ յարկը կը դառնայ ընտանիքին բնակարանը։ Յարութիւն Հալէպի մէջ ունէր իր ներկայացուցիչը, որ իր վաճառատան համար գնումներ կ՚ընէր։ Ասատուր կը պատմէ, թէ երբ ինք նորածին էր, հայրը կը սպաննուի եւ իր վաճառատունը կը թալանուի։ Կ՚ենթադրենք թէ այս դէպքը տեղի կ՚ունենայ Ատանայի շրջանի Ապրիլ-Մայիս 1909-ի հակահայ ջարդերուն ընթացքին։

Ասատուրին հօրենական մեծ հայրն էր Առաքելը, իսկ մեծ մայրը՝ Երանուհին (ծնեալ Բենիկեան)։ Անոնք ունէին մէկ որդի (Յարութիւն) եւ երեք դուստր (անունները անծանօթ)։ Դուստրերէն մէկը կ՚ամուսնանայ Ասատուր Գարաթաւուքեանին հետ, միւսը՝ Գէլ Յակոբեանին հետ, երրորդն ալ՝ Փիլիպոսեանի մը հետ։ Առաքելին հայրն էր Փաշա Փանոս աղան։

Ասատուրին մօրը՝ Սունային (Սոնիա) ծնողներն էին Կարապետ եւ Եղիսաբէթ Շըխըրտմեան։ Կարապետը Հաճընի երեւելի դէմքերէն էր եւ եղած է քաղաքին կառավարիչ։ Անոնց զաւակներէն ծանօթ են Սունային, Մարիին եւ Փանոսին անունները։ 1912-ին, Օսմանեան բանակին մէջ զինուորագրութենէ  խուսափելու համար, Փանոսը կը գաղթէ Արժանթին, ուր կը սկսի կոչուիլ Էսթէպան։

Սունա եւ Յարութիւն կ՚ամուսնանան եւ կ՚ունենան երեք զաւակ. Սուլթան (ծնած էր 1901-ին), Սիրանուշ-Տօրա (1906-2001) եւ Ասատուր (1909-2001)։ Սիրանուշը կանուխ տարիքին կը ղրկուի Այնթապի ամերիկեան միսիոնարներու գիշերօթիկ վարժարանը։ Սուլթան կ՚ամուսնանայ երբ միայն 13 տարեկան էր։ 1915-ին, Տէր Զօրի մէջ տարագրութեան ժամանակ կը սպաննուի, երբ յղի էր իր առաջին զաւակով։

1909-ի Ատանայի ջարդերուն ընթացքին, Յարութիւն Ապրազեան որ ընտանիքին հետ թաքնուած էր Այասի իրենց տան մէջ, դուրս կու գայ տունէն, երբ իրեն համար վստահելի համարուող թուրք դրացի մը զինք կը կանչէ։ Յարութիւն տան առջեւն իսկ կը սպաննուի։ Ընտանիքին մնացեալ անդամները՝ Սունան, Սիրանուշն ու նորածին Ասատուրը, կը պաշտպանուին այլ թուրք դրացիի մը կողմէ։ Զիրենք պահող այս թուրք ընտանիքը լուր կը ղրկէ Հաճըն՝ Ասատուր Գարաթաւուքեանին, որ անձամբ կու գայ Այաս եւ Ապրազեան ընտանիքին վերապրողները կը տեղափոխէ Հաճըն։

1915-ի Ցեղասպանութեան ժամանակ Ասատուրին ամբողջ ընտանիքը կը տեղահանուի։ Աքսորի ճամբուն վրայ, երբ կը գտնուէին Հալէպի մօտիկ վայր մը, Ասատուրին մայրը՝ Սունան, լուր կը ղրկէ հօրը վաճառատան ներկայացուցիչին, որ հալէպցի մըն էր։ Ան կու գայ, կը յաջողի զիրենք Հալէպ քաղաքը տանիլ եւ իր տան մէջ պահել։ Սակայն այս փրկութիւնը երկար չի տեւեր։ Ոստիկանութիւնը կը խուզարկէ այս մարդուն տունը, Ապրազեան ընտանիքը կը յայտնաբերուի եւ այս անգամ կը տեղահանուի Հալէպի մօտակայ Պապի կեդրոնացման ճամբարը։ Հոս Սունան ժանտատենդէ կը վարակուի – ինչպէս բազմաթիւ այլ տարագիրներ –, կը մահանայ եւ կը թաղուի տեղւոյն վրայ՝ հաւաքական գերեզմաննոցի մը մէջ։ Ասատուր իր վկայութիւններուն մէջ դիտել կու տայ թէ այս հիւանդները Պապի մէջ նոյնիսկ ողջ կը թաղուէին ոստիկաններուն կողմէ։

Տարագրութեան այս տարիներուն Ասատուրի վերապրումը ամբողջ արկածախնդրութիւն մըն է, ուր մահը, բռնութիւնը եւ բախտը միախառնուած են։ Մօրը կորսնցնելէ ետք, բախտը կ՚ունենայ գտնելու մեծ մայրը՝ Երանուհին, եւ այլ ազգականներ։ Բայց մեծ մայրը նոյնպէս կը մահանայ։ Յայտնի է որ այս թափառումներուն ընթացքին Ասատուր միշտ չի յիշեր իր գտնուած քաղաքներուն կամ գիւղերուն անունները. փոքր երեխայ մըն էր, բայց պարզ է որ անոնք գտնուած են Սուրիոյ տարածքին։

Սովն ու հիւանդութիւնները բազմահազար կեանքեր կը հնձէին տարագիրներէն։ Այս պայմաններուն մէջ ազգականները փոքրիկ Ասատուրը կը ձգեն երկու արաբ պառաւ կիներու քով, այն յոյսով որ անոնք զինք պիտի կերակրեն ու մահէ փրկեն։ Ասատուր իր կարգին պէտք էր արածէր անոնց երկու կովերը։ Վեց ամիս այս տան մէջ մնալէ ետք, Ասատուր կը փախի եւ կը հասնի արաբական այլ քաղաք մը։ Այս անգամ կը մնայ արաբ շէյխի մը ընտանիքին մէջ եւ կը սկսի արածել անոնց հորթը։ Շէյխին եղբայրը, որ կ՚ապրէր կողքի տան մէջ, կը պահէր առեւանգուած հայ կին մը, որ երբ կ՚իմանայ Ասատուրին հայ ըլլալը, գաղտնի կերպով կը սկսի կերակրել զինք։ Այս մէկը մեծ նպաստ մը կ՚ըլլայ Ասատուրին համար նկատի ունենալով որ զինք պահող ընտանիքը միայն նուազագոյն սնունդ կու տար իրեն։ Նոյն այս հայուհին կը յաջողի զինք փախցնել այստեղէն եւ քարավանի մը մէջ դնելով՝ կը ղրկէ Ուրֆա։ Այստեղ Ասատուրին գործը կ՚ըլլայ 25 տարեկան կոյր մարդու մը օգնել։ Անոր քով կը մնայ մօտաւորապէս մէկ տարի։ Ուրֆայի շուկային մէջ կը ծանօթանայ Յակոբ Հալաճեան անունով հայու մը, որ մէկ ոտք ունէր եւ դերձակ էր։ Չենք գիտեր թէ իր Ուրֆա գալը տեղի կ՚ունենայ Ցեղասպանութեա՞ն ընթացքին կամ անկէ ետք։ Յամէնայնդէպս, գիտենք որ օր մը Հալաճեանը փոքրիկ Ասատուրը կը տանի իր տունը եւ հոն իր ընտանիքին կողմէ ամէն տեսակ խնամքի կ՚արժանանայ։ Այս ընտանիքին մէջ կը մնայ մօտ երկու տարի. կը սորվի հայկական այբուբենը եւ կը յաճախէ եկեղեցի։

«Նոր կտակարան»։ Տպագրութեան վայրը եւ թուականը յայտնի չէ։ Առաջին կողքի կռնակին գրուած ձեռագիրէն կը հասկնանք – թէեւ կարգ մը բառեր անընթեռնելի են -, որ գիրքը նուիրուած է Յարութիւն Ապրազեանին (Ասատուրին հայրը) կամ ալ ան նուիրած է ընտանիքի մէկ անդամին։ Ինչ որ կը նշանակէ որ սոյն կտակարանը ընտանիքին մէջ գտնուած է առնուազն 1909-էն ի վեր, որ Յարութիւնին սպանութեան թուականն է։

Աւելի ուշ – հոս արդէն վստահ ենք որ դէպքը տեղի կ՚ունենայ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք –, Հալաճեան ընտանիքը փոքրիկ Ասատուրը կը յանձնէ ամերիկացի միսիոնարներու, որոնք զինք կը տանին Պէյրութ։ Հոս միսիոնարները որբերը կը զտէին եւ ամէն մէկը տարբեր ուղղութեամբ Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներու մէջ հաստատուած ամերիկեան որբանոց մը կը ղրկէին։ Ասատուրին կը վիճակուի Near East Reliefի Նազարէթի ամերիկեան որբանոցը, Պաղեստինի մէջ։ Այս տեղափոխումներուն ընթացքին, Ասատուր կը հանդիպի իր մէկ զարմիկին՝ Սարգիսին եւ այլ ազգականի մը։ Անոնք կ՚իմանան թէ ան պիտի մեկնի Նազարէթի ամերիկեան որբանոցը, եւ իրենց կարգին, Ասատուրին կ՚իմացնեն թէ քոյրը՝ Սիրանուշը, վերապրած է եւ կը գտնուի Երուսաղէմի մէջ։ Նաեւ կը տեղեկացնեն թէ Ասատուրին քեռին՝ Փանոս/Էսթէպանը Արժանթին կը գտնուի։ Հետագային, Էսթէպանը նոյնպէս այս ազգականներուն ճամբով կ՚իմանայ Ասատուրին ողջ ըլլալը եւ ուր գտնուիլը։ Այս ձեւով Էսթէպան կը սկսի Ասատուրին հետ նամակցիլ եւ իրեն ղրկել իր իսկ հրատարակած «Արժանթինեան մամուլ» թերթը։

Ասատուր Պաղեստինի Նազարէթ քաղաքը կը հասնի 1920-ին։ Այդ ժամանակ 11 տարեկան էր։ Ամերիկեան այս որբանոց-վարժարանին ուսուցիչ-տնօրէնն էր Հայկազուն Քէշիշեանը։ Միւս ուսուցիչները ամերիկացիներ էին։ Այս դպրոցը կը յաճախէ մինչեւ 1927. կը սորվի անգլերէն եւ հայերէն գրել եւ կարդալ, հայոց պատմութիւն, թուաբանութիւն։

Շըխըրտըմեան ընտանիքին տրուած անցաթուղթ (laissez-passer) Սուրիոյ եւ Լիբանանի ֆրանսական Բարձր քոմիսէրութեան Դամասկոսի կառավարութեան կողմէ։ Փաստաթուղթը կը նշէ թէ ընտանիքը կը ճամբորդէ դէպի Պուէնոս Այրէս։ Այժմու հասցէնին է՝ Դամասկոս։ Ընտանիքին մնացեալ անդամներն են՝ Ագապի (կինը), Զապէլ, Օհաննէս, Եղիսաբէթ, Անճէլ։ Անցաթուղթին թուականն է՝ 26 Հոկտեմբեր 1922, Դամասկոս։ Փաստաթուղթէն կ՚իմանանք նաեւ որ Շըխըրտըմեան ընտանիքը Պէյրութի նաւահանգիստը ձգած է՝ 22 Դեկտեմբեր 1922-ին, հասած է Մարսէյ եւ ֆրանսական այս նաւահանգիստը ձգած է 30 Դեկտեմբեր 1922-ին։

Փայտէ արկղը, որուն հետ Սիրանուշն ու Ասատուրը Պէյրութէն ճամբայ ելած են 1929-ին, հասած են Ճենովա եւ հոնկէ ալ ուղղուած են Պուէնոս Այրէս։

Նազարէթ հասնելէն անմիջապէս ետք, Ասատուր Երուսաղէմի հայկական եկեղեցիին դրան կը փակցնէ գրութիւն մը, ուր տեղեկութիւններ կը խնդրէր քրոջմէն՝ Սիրանուշէն։ Ոչ մէկ արձագանգ կ՚ունենայ։ Երկու կամ երեք տարի ետք, հայ մը որ մտադիր էր Սիրանուշին հետ ամուսնանալ, նամակ մը կը գրէ իր ընկերոջը՝ Հայկազուն Քէշիշեանին (Նազարէթի որբանոցի տնօրէնը), եւ անկէ խորհուրդ կը խնդրէ։ Տնօրէնը Ասատուրին ճամբով տեղեակ էր քրոջ պատմութեանը։ Կը պարզուի որ Սիրանուշը դարձած էր հիւանդապահուհի, շրջանաւարտ էր EEMS (Medical Missionary Society) Նազարէթի հիւանդանոցէն, եւ կ՚աշխատէր նոյն հիւանդանոցին մէջ, որ շատ մօտիկ էր Ասատուրին որբանոցին։ Հայկազուն Քէշիշեանը զինք կը հրաւիրէ որբանոց եւ այս ձեւով քոյր ու եղբայր այսքան ժամանակ ետք կը հանդիպին։ Իրարու անծանօթներ էին, նկատի ունենալով որ Ասատուրը շատ փոքր էր, երբ իր ծնողքը Սիրանուշը կը ղրկեն Այնթապի ամերիկեան գիշերօթիկ-վարժարանը։ Բայց այս հանդիպումէն ետք, Սիրանուշ ամէն շաբաթ կ՚այցելէր որբանոց եւ հետը անպայման շաքար կը բերէր իր փոքրիկ եղբօր իբրեւ նուէր։

Գրիգոր Նարեկացիի «Նարեկ աղօթագիրքը» (կամ «Մատեան ողբերգութեանց»)։ Պատկանած է Ասատուր Ապրազեանին։ Ժողովրդային բժկութեան մէջ «Նարեկ»ի աղօթքները կ՚արտասանուէին հիւանդներ բուժելու նպատակով։ Էջ 403-ի վրայ ձեռագիրով նշուած է որ սոյն աղօթքը կը կարդացուի դիւահարուածներուն։

1927-ին, երբ Ասատուր արդէն 18 տարեկան էր, կ՚աւարտէ Նազարէթի վարժարանը, կը սկսի Հայֆայի մէջ աշխատիլ Spinneys Limited ընկերութեան մասնաճիւղին մէջ, որ միաժամանակ Պաղեստին գտնուող բրիտանական ռազմական օդուժին սնունդի մատակարարն էր։ Մասնաճիւղին տնօրէնն էր Յակոբ Հալաճեան (կապ չունի այս պատմութեան մէջ արդէն նշուած Ուրֆայի Յակոբ Հալաճեանին հետ)։ Ասատուր կ՚աշխատի 1926-էն 1929։ Հիմնական գործն էր՝ ընկերութեան շարժանիւով թղթակցութիւնը տեղ հասցնել։

Այս ընթացքին Ասատուր եւ Սիրանուշ հրաւէր կը ստանան իրենց քեռիէն՝ Փանոս/Էսթէպանէն, Պուէնոս Այրէս գալու։ Էսթէպան կ՚ուղարկէ նաեւ շոգենաւի տոմսերը։ 1929-ին, Յունուարէն մինչեւ Սեպտեմբեր, Սիրանուշ եւ Ասատուր կը մնան Լիբանանի մէջ, ուր անհրաժեշտ պատրաստութիւններ պէտք էր տեսնէին նախքան ճամբորդութիւնը։ Առաջին հերթին, Ասատուր պէտք էր խնամէր իր տեսողութիւնը։ Երկրորդ, պաշտօնական թուղթերուն մէջ Ասատուր պէտք էր ստանար իր քրոջ ծննդեան թուականը, իսկ Սիրանուշն ալ՝ Ասատուրինը։ Երիտասարդ քոյր եւ եղբայր ճամբորդելու պարագային եղբայրը պէտք էր աւելի երէց ըլլար, այլապէս չէր արտօնուեր ճամբորդել։ Պէյրութ ապրող հաճընցի հայրենակից մը կը յաջողի այս կեղծումը պաշտօնականացնել։

Այս ժամանակներուն, ապրուստ ապահովելու համար Ասատուր Պէյրութի մէջ կը սկսի աշխատիլ ֆրանսական բանակի սնունդի մատակարարումի բաժանմունքին մէջ։

Վերջապէս կը հասնի ճամբորդութեան թուականը։ Նաւը Պէյրութէն ճամբայ կ՚ելլէ 1929-ին նախ դէպի Աղեքսանդրիա, ապա Մեսսինա (Իտալիա), Նափոլի, Ճէնովա։ Հոս կը պարզուի որ Ասատուր աչքի հիւանդութիւն մը ունի, ինչ որ արգելք մըն էր ճամբորդութիւնը շարունակելու։ Մօտ երկու կամ երեք ամիս Ճէնովա պանդոկի մը մէջ կը մնան եւ նոյն ժամանակ ալ Ասատուրը աչքի խնամքի կ՚ենթարկուի։ Նաւային ընկերութեան ապահովագրութիւնը կը հոգար բոլոր ծախսերը։ Այս անգամ բուժուած աչքերով, Ասատուր եւ իր հետ Սիրանուշը կը բարձրանան Քոնթէ Ռօսսօ նաւը՝ Արժանթին ուղղուելու համար։ Ասատուր կը յիշէ որ նաւուն մէջ կը գողնան դրոշմաթուղթերու իր ալպոմ-հաւաքածոն։ Մեծ արժէք մը չունէր անիկա, բայց Ասատուրին հազուագիւտ ունեցուածքներէն էր։

Պուէնոս Այրէսի նաւահանգիստը իրենց կը սպասէին Էսթէպանը եւ կինը՝ Ռօկէլիան։ Առաջին տարիներուն քոյր ու եղբայր կ՚ապրին իրենց քեռիին տան մէջ։ Էսթէպան արհեստով մսագործ էր։ Անոր խանութը կը գտնուէր Սան Քրիսթոպալ թաղամասին մէջ՝ Էնթրէ Ռիոս եւ Անկախութիւն (Independencia) փողոցներուն հատման կէտին վրայ։ Անոր խանութին կողքին կար հայ կօշկակար մը՝ Տաքտաքճեան անունով։ Ան սովորութիւն ունէր Ասատուրին հայերէն թերթեր տալու՝ ընթերցանութեան համար։ Տաքտաճեան ընտանիքին մասին տեսնել «Թակթաչեան հաւաքածոյ – Արժանթին» Յուշամատեանի յօդուածը։

Սիրանուշ-Տօրան կ՚աշխատէր Պէլկրանոյի ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ։ Հոն խնամուող հիւանդներէն մէկը կ՚ըլլայ «Իթաքա» փոխադրական ընկերութեան պատասխանատուն։ Սիրանուշ հարց կու տայ եթէ անգլերէն իմացող իր եղբայրը կարելի՞ է աշխատանքի ընդունիլ։ Պատասխանը դրական կ՚ըլլայ եւ Ասատուր ամսական 180 փէզօ ստանալով աշխատանքի կ՚անցնի։ Վճարումը շատ յարմար էր, իսկ գործն ալ վաւերաթուղթեր թարգմանելն էր։ Ան եօթ տարի այս ընկերութեան մէջ կը մնայ։ Ասատուր կը մասնակցէր նաեւ տեղւոյն հայկական համայնքային կեանքին։ Ան անդամ էր Հնչակեան կուսակցութեան։

Արժանթինի մէջ է որ Ասատուր պարի սիրահար մը կը դառնայ։ Ան ամէն կիրակի հայ կամ արժանթինցի ընկերներով պարելու կ՚երթար տարբեր վայրի մը մէջ։ Թաղամասերը միշտ կը տարբերէին. Փոմփէյա, Փաթերնալ, Վալէնթին Ալսինա, եւայլն։ Պարի այս ակումբները մտնելու համար պէտք էր լաւ հագուած ըլլալ. Ասատուր այս առիթով ոտքին միշտ կը կրէր զուտ կաշիէ կօշիկներ, կը հագուէր մոխրագոյն գծաւոր տաբատ եւ ունէր մետաքսեայ շալ մը, որուն վրայ տպուած էր AA տառերը. Ասատուր (արժանթինցիներու համար Ալֆրէտօ) եւ Ապրազեան։ Միշտ գլխուն կը դնէր մոխրագոյն գլխարկ մը, որ իր գոյնով կը յարմարէր տաբատին եւ բաճկոնին։ Ասատուր կը սիրէր պարել fox trot, ինչպէս նաեւ ռումպա եւ քոնկա պարատեսակները։

Այս դէպքերէն միայն 15-20 տարի առաջ Ասատուր որբացած երեխայ մըն էր, կ՚ապրէր ամբողջովին անծանօթ ընտանիքներու եւ միջավայրերու մէջ, կով կ՚արածէր, յաճախ անօթի էր, որբանոցէ անցած էր։ Իսկ ներկայիս Պուէնոս Այրէսի պարային ակումբներուն մէջ, լաւագոյնս զգեստաւորուած սկսած էր կեանքը լիօրէն վայելել։ Այս մէկը արդէն ցոյց կու տայ Ցեղասպանութեան աղէտը ապրած ու վերապրած անհատի մը աննկուն կամքը՝ վերականգնելու եւ կեանքը շարունակելու։

Ամէն տարի Ասատուր արձակուրդի կ՚երթար դրացի Ուորուկուայ, ուր մանաւանդ Մոնթէվիտէոյի գիշերային ակումբներուն մէջ կը պարէր եւ ուրախ ժամանակ կ՚անցընէր։ Տարի մը, Ռօկէլիան (Փանոս/Էսթէպանին կինը) կ՚առաջարկէ Ասատուրին փոխանակ Ուրուկուայի՝ երթալ Քորտոպա։ Կ՚ընդունի առաջարկը, բայց ինչպէս ինք կը պատմէ, քիչ մը մտահոգ էր, նկատի ունենալով թոքախտաւորներու բազմաթիւ հիւանդանոցները, որոնք գոյութիւն ունէին այն ատեն այս քաղաքին մէջ։ Ասատուր մտավախ էր, որ հիւանդութիւնը իրեն ալ կը փոխանցուի։ Քորտոպայի մէջ կը մնայ մօրենական կողմի ազգականներէն՝ Եսթէրին տունը։

Կը պարզուի որ Քորտոպա ճամբորդութիւնը կազմակերպուած էր Ասատուրը ծանօթացնելու ամուսնութեան թեկնածու աղջկայ մը, որուն անունն էր Զապէլ/Իզապէլ Շըխըրտըմեան (Արժանթինի մէջ այս մականունը վերածուած էր Chekirdemianի)։ Ասատուրին եւ Զապէլին այս առաջին հանդիպումը շատ լաւ կ՚անցնի, բայց Ասատուր պէտք էր Պուէնոս Այրէս վերադառնալ աշխատանքը վերսկսելու համար։ Յարաբերութիւնը կը շարունակուի սիրոյ նամակներով։ Ասատուր հարսանեկան մատանիներ եւ յարգի քարերով դրուագուած ոսկի ժամացոյց մը պատրաստել կու տայ Պուէնոս Այրէսի Պարրաքաս թաղամասին մէջ գործող հաճընցի ոսկերիչի մը քով։

Ի վերջոյ առաջին այս հանդիպումէն ինը ամիս ետք, Ասատուր կրկին Քորտոպա կու գայ եւ Զապէլին հետ կ՚ամուսնանայ 30 Յուլիս 1938-ին։

Զապէլին մայրն էր Ագապի Շըխըրտըմեան (ծնեալ Կէտիքեան)։ Ան ծնած էր Հաճընի մէջ 1896-ին։ Կը մահանայ Ռօզարիօ, 1978-ին։ Զապէլին հայրն էր՝ Սեդրակ Շըխըրտըմեան, որ նոյնպէս ծնած էր Հաճըն 1882-ին, կը մահանայ Քորտոպա, 1955-ին։ Ագապի եւ Սեդրակ ունէին վեց զաւակ. Օհաննէս/Խուան (1912 Ատանա-1960 Քորտոպա), Զապէլ/Իզապէլ (1916 Ատանա-2004 Պուէնոս Այրէս), Իսաբէթ/Եղիսաբէթ (հետագային Դանիէլեան, 1920-2019 Ռօզարիօ), Անկէլա (հետագային Հաքիմեան, 1921-2011 Քորտոպա), Ռինա Թագուհի (հետագային Տալլօրսօ, 1927-1978), Մարիա (հետագային Մակարեան, 1929-2018)։

Սեդրակ եւ Ագապի ծնած ու ապրած են Հաճընի մէջ։ Հետագային, Սեդրակ տեղափոխուած է Ատանա, ուր բացած է կերպասեղէնի վաճառատուն մը։ Երբ Սեդրակ ամուսնութեան համար Ագապիի ձեռքը կը խնդրէ՝ ծնողքը դէմ կը կենայ որ իրենց դուստրը Հաճընէն հեռանայ եւ Ատանա ապրի։ Այս պատճառով, Սեդրակ Հաճընի մէջ կը գնէ ագարակ մը, կը վերահաստատուի իր հայրենի քաղաքը եւ այս ձեւով ալ կ՚ամուսնանայ Ագապիին հետ։ Վեց ամիս ետք կրկին կը մեկնի Ատանա եւ կերպասեղէնի վաճառքի գործը կը շարունակէ։ Անշուշտ Ագապին ալ հետը կը տանի…

Շատ բան չենք գիտեր թէ Ցեղասպանութեան տարիներուն ի՞նչ կը պատահի այս ընտանիքին։ Կ՚ենթադրենք որ կ՚ըլլան հազուագիւտներէն, որոնք կը յաջողին մնալ Ատանա եւ չտարագրուիլ։ Փաստօրէն Զապէլ ծնած է Ատանա, 1916-ին։ 1921-ին, Կիլիկիոյ հայոց վերջին գաղթէն ետք, զիրենք կը գտնենք Դամասկոսի մէջ։ Արժանթին կը գաղթեն 1923-ին։ Ճամբորդութեան ընթացքին Շըխըրտըմեան ընտանիքին կ՚ընկերակցին Ագապիին երկու եղբայրները (անունները անյայտ) եւ քոյրը՝ Նասսէնտէր Կէտիքեանը։ Շըխըրտըմեան ընտանիքը կը հաստատուի Քորտոպայի մէջ, ուր Սեդրակ կը բանայ վաճառատուն մը։

Ասատուրին ամունութենէն ետք, կնոջ եղբայրը՝ Օհաննէս/Խուանսիթօն, կ՚առաջարկէ իր աշխատանքին մէջ գործակից դառնալ։ Օհաննէս վիճակահանութեան տոմսեր կը ծախէր։ Ասատուր կ՚ընդունի առաջարկը. միասին կը վարձեն General Paz անունով շարժապատկերի սրահին առջեւի մէկ խանութը, ուր կը հիմնեն վիճակահանութեան իրենց սեփական ընկերութիւնը եւ կը ծախեն նաեւ ծխախոտի տեսակներ, ծխամորճ, եւայլն։

Ասատուր եւ Զապէլ/Իզապէլ կ՚ունենան երկու զաւակ. Ալֆրէտօ Փասքուալ եւ Սոնիա Իզապէլ, ինչպէս նաեւ ութ թոռնիկ ու թոռնուհի. Կուսթավօ Ալֆրէտօ, Ֆապիան Անթօնիօ, Սուզանա Քարօլինա, Սօնիա Մարիա տէլ Միլակրօ, Էտուարտօ Ալֆրէտօ, Ալպէրթօ Ֆէլիփէ, Թամարա Անուշ, Խորկէ Ասատուր։

Ասատուր կը մահանայ 91 տարեկանին Պուէնոս Այրէսի մէջ, 5 Յունուար 2001-ին, իսկ Զապէլ/Իզապէլ կը մահանայ 6 Օգոստոս 2004-ին նոյնպէս Պուէնոս Այրէսի մէջ։