1930-ի շուրջ. Սարգիս Պագալեան, բարեկամներ եւ ընտանիք, Տհուր Շուէյրի մէջ, Լիբանան։ Նստած, ձախէն աջ՝ 1-էն 3՝ անյայտ, 4-րդ՝ Պրն. Մանսորեան, 5-րդ՝ Ոսկան պէյ Մարտինեան, 6-րդ՝ Սարգիս Պագալեան, 7-րդ՝ անյայտ (կրնայ ըլլալ Պրն. Թադէոսեան/Թադէոս), 8-րդ՝ կին մը, որ յաճախ կ՚երեւի Հայկուհիի պատկերներուն մէջ (անունը անյայտ)։ Ոտքի, աթոռներուն ետեւ, ձախէն աջ՝ 1-էն 6՝ անյայտ, 7-րդ՝ Մարիցա Թադէոսեան/Թադէոս (Պաղտատէն), 8-րդ՝ Հայկուհի Պագալեան, 9-րդ՝ Բագրատ Պագալեան, մնացեալը՝ անյայտ։ Ոտքի, ամէնէն վերը, ձախէն աջ՝ բոլորը անյայտ, բացի Մերուժան Շահինեանէն, որ աջին է սեւ համազգեստով։ Գետին նստած երեխաներ, ձախէն աջ՝ 1-էն 2՝ անյայտ, 3-րդ՝ Բենիամին Թադէոս, 4-րդ՝ անյայտ, 5-րդ՝ Լիլա Թադէոս, 6-րդ՝ Վազգէն Պագալեան, 7-րդ՝ Մամբիլէ Պագալեան, 8-րդ՝ Յակոբ Թադէոս (կնոջ մը գիրկը), մնացեալը՝ անյայտ։

Աշըգեան/Իյնէճեան/Պագալեան/Պօհճէլեան հծոյ, մաս 2

Հեղինակ՝ Անի Պագալեան, Նիւ Եորք, 21/01/2020 (վերջին փոփոխութիւն՝ 21/01/2020), թարգմանութիւն՝ Շաղիկ Շահինեան Արծրունի

Ա հրապարակում. Կեսարացի Բարսեղ Աշըգեանի Լիբանան հաստատուած սերունդը

Ա ՀՐԱՊԱՐԿՈՒՄԸ կը ներկայացնէ կեսարացի Կարապետ Բարսեղ Աշըգեանէն սերած եօթ քոյր-եղբայրները՝ Բարսեղը, Յարութիւնը, Տիգրանը, Նազարէթը, Միսաքը, Միհրանը եւ իրենց միակ քոյրը՝ Նեւրիկը։ Ապա լուսարձակի տակ կ’առնուի 1920-ականներուն Լիբանան հաստատուած չորրորդ սերունդը եւ անոնց զաւակները։

Բարսեղ Ուզուն Աշըգեանը (բարձրահասակ Բարսեղը, «Ուզուն» թրքերէն բարձրահասակ կը նշանակէ) (Առաջին սերունդը) Կեսարիա/Քայսերի հաստատուած էր խուսափելով 1700-ականներու վերջերու պարսկական հալածանքներէն։ Ունէր երկու որդի՝ Պետրոսը եւ Կարապետը (Երկրորդ սերունդը

(1) Պետրոսը (ծնեալ Կեսարիա 1810-ի շուրջ, մահացած Կեսարիա 1890-ականներուն) առաջին կնոջմէն ունեցած է երեք զաւակ՝ Բարսեղը, Մարիամը եւ Եղիսաբէթը, եւ ութ զաւակ՝ երկրորդ կնոջմէն։

(2) Կարապետը (ծնեալ Կեսարիա 1818-ականներուն—մահացած Ատանա 1903-ին) ամուսնացած էր Հռիփսիմէ Մուրատ Թէքէեանին հետ եւ ունեցած վեց որդի, ապա եօթներորդ զաւակը՝ դուստր մը։ Զաւակները բոլորն ալ Կեսարիա ծնած էին։ Կարապետ եւ Հռիփսիմէ Ատանա կը հաստատուին (1888-ի շուրջ), նկատի ունենալով որ իրենց զաւակներն ալ հոս կ՚ապրէին։

Կարապետը Իրաքի եւ Իրանի հետ վաճառականական կարաւաններու գործ մը կը վարէր եղբօրը՝ Պետրոսին հետ։ Տասնամեակներու անցքէն ետք ալ ան ականջ չէր կախեր իր առողջութեան վերաբերեալ զաւակններուն մտահոգութիւններուն եւ մինչեւ խոր ծերութիւն շարունակած էր վարել իր անձնական գործը՝ չուզելով բեռ ըլլալ իր որդիներուն վրայ։ Եղբօրը թոռը՝ քասթամոնուցի Յովհաննէս Իյնէճեանը, յաճախ կը դիմէր Կարապետին՝ ներկրելու «ուռկան, չուան եւ այլ իրեղէնք», զորս կը ծախէր խանութպաններուն։ Աշնան, երբ այգեկութը վերջացած կ’ըլլար, գիւղացիները իրենց ձիերը եւ աւանակները աժան գինով կը ծախէին եւ գարնան ետ կը գնէին։ Օգտուելով այս իրականութենէն՝ Կարապետը կ’երթար «պազար», նպաստաւոր գինով կը գնէր անասունները, անոնց սրունքներուն եւ ականջներուն «Կ» գիրը դաջել կու տար («Կ»=Կարապետ), կը ղրկէր զանոնք Թութլու Պուճաքի ագարակը, ապա գարնան ետ բերէր ծախելու համար։

Կարապետին կինը՝ Հռիփսիմէ Մուրատ Թէքէեան-Աշըգեանը, զօրաւոր կին մըն էր. Կեսարիա ծնած էր։ Հռիփիսմէին հայրը՝ Հաճի Մուրատ Թէքէեանը, պարսկական հալածաքներէն փախած էր, սկիզբը գացած Կապադովկիա, ապա Թալաս հաստատուած։ Իր մականունը՝ Թէքէեան, կապուած է թրքերէն «թեքէ» բառին հետ, որ կը նշանակէ «նոխազ»։ Հռիմփսիմէին մօր անունը Փեփրոն էր։Հռիփսիմէն ունէր եօթ եղբայր (Քերովբէ, Գալուստ, Սիմոն, Կարապետ, Յարութիւն, Գրիգոր, Գէորգ) եւ քոյր մը՝ Սրբուհին։ Հռչակաւոր բանաստեղծ Վահան Թէքէեանը Գալուստի որդին էր։ Քերովբէի որդին՝ Տիրան Թէքէեանը հաւանաբար սպայ էր, կը ծառայէր մէկուն վրայ դաշնակից հինգ մարտանաւէրէն, որոնք 21 յուլիսէն 12 սեպտեմբեր 1915-ի միջեւ փրկեր էին Մուսա լեռան հայերը։ Այդ օրերուն Մուսա լեռան վեց հայկական գիւղերը զինեալ դիմադրութիւն ցոյց տուած էին Ցեղասպանութեան օրերուն տեղահան ընելու պատրուակով եկած օսմանեան զօրքերուն։ Անապատ քշուիլ հանդուրժելու փոխարէն հայերը մագլցեր էին լեռան կատարը՝ 1355 մեթր բարձրութեամբ, հսկայ պաստառներ կախեր էին եւ լողորդներ ղրկած որ ազդարարէին դաշնակից նաւերը։ Հանրագումար 4000 շունչ՝ այր, կին, մանուկ, Մուսա լեռէն բարձրացեր էին դաշնակից նաւերը եւ ապաստան գտած Փորթ Սաիտ (Եգիպտոս)։

Հռիփսիմէն ապրած է երկար՝ մինչեւ խոր ծերութիւն, զաւակներով եւ թոռներով շրջապատուած։ Կեանքի մայրամուտին յոգնած էր, յօդացաւերով կը տառապէր եւ գամուած էր անկողինին՝ ատանացի ասորի եւ յոյն կիներու հսկողութեան տակ։ Ան ապրեր էր զաւակի մահ՝ Նազարէթ որդին մահացած էր ծաղիկ հասակին 1886-ին, աւագ որդին՝ Բարսեղը մահացեր էր 1901-ին, իսկ Միսաքը, որ բժիշկ էր, 1903-ին։ Նոյն տարին Հռիփսիմէն հողին յանձներ էր ամուսինը։ Քիչ անց ինքն ալ պիտի մահանար եւ թաղուէր ամուսինին քովը Ատանայի մէջ։

Երրորդ սերունդը

Անդրանիկ եղբայրը՝ Բարսեղ Կարապետ Աշըգեանը (ծնեալ Կեսարիա 11 մայիս 1848-ին, մահացած Ատանա 25 ապրիլ 1901-ին) եղբայր-քոյրերէն առաջինն էր, որ Կեսարիայէն Ատանա տեղափոխուած էր։ Ատանան շրջանի մեծագոյն քաղաքն էր, Սեյհան գետին ափին, Կիլիկիոյ սիրտին վրայ։ Հողը բերրի էր, եւ անոր շնորհիւ շրջանը բամպակ, շուշմայ, վարսակ, նարնջազգի պտուղներ արտադրող գիւղատնտեսական արդիւնաւէտ համայնք մըն էր։ Արդիւնաբերութիւնը նոյնպէս զարգացած էր։ Թուրքերը շրջանը կը կոչէին Չուքուրովա։ Մերսինը մօտիկ էր Ատանային, եւ անտեղի նաւահանգիստը դէպի Եւրոպա եւ միջերկրականեան քաղաքներ արտահանումի եւ անոնցմէ ներմուծումի կարեւոր կէտ մըն էր։ Ըստ երեւոյթը Բարսեղը ձգտում ունեցող եւ ձեռներէց մարդ էր։ Ան բազմաթիւ գործեր հիմնած էր եւ ուղղութիւն ցոյց տուած էր իր եղբայրներուն եւ ազգականներուն։

Ահա թէ ի՛նչ կը պատմէ Բարսեղի որդի Աշըգեան Կարապետը իր գիրքին մէջ.
Թանզիմաթի հրատարակութեամբ երկու եղբայրներու 18 շունչով ընտանիքին ապրուստը դժուարանալուն Բարսեղ առաջին անգամ ըլլալով պանդխտութեան ցուպը ձեռքը կ’առնէ ուղեւորուելով երկրագործութիւնը զարգացած վաճառաշահ Կիլիկիոյ կուսակալանիստ քաղաքը՝ Ատանա, ուր կը հասնի 7 օրէն իշապաններով։ Հոն մինչեւ երկիրը ուսումնասիրելը ոտքի վրայ մանր առեւտուրով կը պարապի։ Յետոյ ժամացոյցի շուքինգտնուող Աճէմ խանը, ապա Եէնի խանն ալ վարձելով դուռին քովի խանութին մէջ կը սկսի նպարեղէնծախել։ Կրտսեր եղբայրը՝ Միհրանը օգնութեան կու գայ քանի որ գործը բաւական յառաջացած էր, խանի մըկալուածներու գնումով եւ խանէն ալ պզտիկ բաժին մը ապահոված ըլլալով։ Շատ չանցած Մարսէյլ գտնուող մօրեղբօր տղուն Միհրան Թէքէեանի հետ թղթակցելով ներածում եւարտածում եւս կ’ունենան։ Կեսարիայէն եղբայրը Նազարէթը գալով իր երաշխաւորութեամբ Տարսոնիպետական գանձին գանձապահ կարգել կու տայ։ Կառավարութիւնը պետական սնտուկին մէջ երեւցած բացը երաշխաւոր եղբօրմէն կը պահանջէ։ Այս խնդիրը կարգադրելու համար Կեսարիայէն կը կանչէ Տիգրան եղբայրը, որ Տարսոներթալով հետամուտ կ’ըլլայ ու կը հաստատէ թէ բաց գոյութիւն չունի, որով եղբայրը կ’ազատի։ Ասոր վրայ եղբայրը կ’առաջարկէ Ատանա գալ ու իրենց գործին մէջ աշխատիլ որպէս փաստաբան հետապնդելով պետական գործերը։ Ինք ալ կ’ընդունի ու կու գայ։ Բարսեղ Ուզուն Աշըգեան ֆիրման կը փոխեն Ուզուն Աշըգեան եղբարք։

Տիգրանի երիտասարդ աներձագը Սարգիս Պագալեանը եւս Կեսարիայէն գալով նպարեղէնի խանութին մէջ կը գործէ, որով երիտասարդական նոր մղումով գործը աւելի կ’ընդլայնի։ Ասոր վրայ բժիշկ եղբօրը Միսաքի թելադրութեամբ մականունէն Ուզունը ջնջելով եւ գործէն բաժին մըն ալ հանելով Պագալեանին ֆիրման կ’ընեն Աշըգեան-Պագալեան։
[...]
Մեր ընտանիքը զանազանելու համար չմոռնանք յիշել, որ Թուրքիոյ շատ մը նահանգներուն մէջ կան Աշըգեան ընտանիքներ։ Մինչեւ անգամ Պոլսոյ պատրիարքը եղած է Աշըգեան եւ յետոյ Երուսաղէմի վանքի շրջապատին մէջ արձան մըն ալ կայ Աշըգեան։ Ասոնց սակայն ոչ մէկը Ուզուն Աշըգեան ընտանիքին հետ ազգականական կապ ունի։ Շատ հաւանական է քանի որ մեր տէտէներուն հայրը Ուզուն Աշըգեան Բարսեղը Պարսկաստանէն ներգաղթած է Կեսարիա, կրնայ ըլլալ հոն մնացած շառաւիղ մը։ Բարսեղը Ուզուն Աշըգ կոչած են երկար սրունքներ ունենալուն համար։ Աշըգին հայերէնը վէգ է։
Ինքը այլեւս յոգնած եւ գործն ալ արդէն իսկ ծաւալած՝ բժիշկ եղբօր Միսաքի թելադրանքով Պայպուրդէն գրած նամակին վրայ որ ագարակ մը գնէ, ահա այդ ատեն Ապաի օղլու գիւղի սահմանակից Էքիճէ ագարակը ծախու ելած ըլլալուն կը գնէ զայն։ Կ’առնէ նաեւ կիպրական խոշոր սեւ էշ մըն ալ ու որպէս զբաղում կը սկսի ագարակ երթալ ու գալ ամէն օր։ Շատ ախորժելով եւ յափշտակուած լայնտարած դաշտերէն՝ երկրորդ մըն ալ գնել կու տայ Թութլու Պուճագ անունով՝ Ճիհան գետի ափին եւ Տէտէ Տաղի ստորոտը։ 
[1]

Բարսեղ Կարապետ Աշըգեանը եւ Տիրուհին (դուստր Յարութիւն Իյնէճեանի) (ծնեալԿեսարիա, 1864-ի կողմերը, մահացած Պէյրութ 11 յունիս 1968-ին) ամուսնացած էին Կեսարիոյ մէջ 1886-ի կողմերը։ Տիրուհին 18 տարեկան էր, Կարապետը՝ 38։ Զարմիկներ էին. Տիրուհին դուստրն էր Մարիամի, որ դուստրն էր Պետրոս Բարսեղ Աշըգեանի։ Տիրուհիին հայրը Յարութիւն Իյնէճեանն էր [Տիրուհին չորս դուստրերուն երրորդն էր, եւ իրմէ ետք ծնած երեք եղբայր ունէր]։

Բարսեղը եւ Տիրուհին հինգ զաւակ ունէին։ Առաջին դուստրը՝ Հայկուհին, մանուկ հասակին մահացած էր։ Հայկուհիէն ետք ունեցեր էին

  • Կարապետ Աշըգեանը (ծնեալ Ատանա 1889—մահացած Քալիֆոռնիա 1983)
  • Հայկուհի (ծնեալ ԱշըգեանՊագալեանը (ծնեալ Ատանա, 24 մարտ 1892—մահացած Պէյթ Մէրի, Լիբանան, 1966)
  • Մարինա (ծնեալ ԱշըգեանԱշըգեան (ծնեալ Ատանա 1896—մահացած Լիբանան 1974-ին)
  • Յակոբ Աշըգեան (ծնեալ Ատանա 1901-ին—մահացած Էնսինօ (Քալիֆոռնիա) 1989-ին)։

 Անոնց որդին՝ Կարապետը, իր գիրքին մէջ կը նկարագրէ Ատանայի Ղազանճիլար փողոցին վրայ գտնուող Աշըգեան օճախը, ուր վեց որդիներէն չորսը կ’ապրէին նոյն յարկին տակ իրենց ծնողքին հետ 20-րդ դարու դարասկզբին.

Արեւենքէն՝ ընդարձակ բակ մը շատ մը տուներով որոնք կը պատկանէին հայ ընտանիքներու։
Արեւմուտքէն՝ Ատանայի առաջնորդարանը եւ բակը։
Հիւսիսէն՝ Հայոց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակը որուն արեւելեան կողմը կը գտնուի մեծ եւ բարձր զանգակատունը, որ շինուեցաւ Քիւրտ Պահրի Փաշայի բարեկամեցողութեամբ եւ Առաջնորդ Մուշեղ Եպսկ. Սերոբեանի ջանքերով։
[...]
Հարաւէն՝ Տիվան Եօլուի մեծ պողոտան սկսելով Թէրս Գաբույէն Գալէ Գաբու մինչեւ Սիհան գետի կամուրջը, որ դարեր առաջ հռովմէացիներու կողմէ շինուած է։ 
[...]
Վերը նկարագրուած տան մէջ 3 եղբայրներ՝ Բարսեղ, Տիգրան եւ Միհրան Հաճի Կարապետի Ուզուն Աշըգեաններ բնակած եւ ունեցած են 3 մանչ եւ 10 աղջիկ։ Ասոնցմէ Տիգրանին աղջիկը Ատել եւ մանչը Մուրատ Կեսարիոյ մէջ ծնած՝ միւս 11-ը Ատանա, եւ մեծցած են յիշեալ տան մէջ մեծ մօր [Հռիփսիմէ (ծն. Մուրատ Թէքէեան) Աշըգեան] եւ մեծ հօր [Կարապետ Բարսեղ Աշըգեան] շուքին տակ, ապրելով նահապետական կեանք մը մինչեւ Ատանայի կոտորածը 1909 թուական։ 
[2]

Բարսեղ Աշըգեանը կը տառապէր «կարմիր գնդիկներու» հիւանդութեամբ (սակաւարիւնութեան տեսակ մը)։ Ոչ իր բժիշկ եղբայրը, ոչ ալ այլ բժիշկներ կրցած էին բուժել զինք։ Բարսեղը մահացած էր 12/25 ապրիլ 1901-ին Ատանայի մէջ։

Տիրուհին 33 տարեկանին կ’այրիանայ։ Ան յղի էր իր կրտսեր որդիով՝ Յակոբով, երբ ամուսինը՝ Բարսեղը կը մահանայ։

Տիրուհին մեծ թիւով ճամբորդութիւներ կատարած է եւ բախտի բերմամբ ամբողջ կեանքի ընթացքին վտանգաւոր կացութիւններէ անփորձանք դուրս եկած է՝ գոյատեւելով եւ ողջ մնալով ի հեճուկս կոտորածներու, աքսորի եւ տարագրութեան, պատերազմներու եւ մենատիրական վարչակարգերու, որոնք խորտակած էին իր ժամանակակիցներէն շատ շատերու կեանքերը։ Ամուսինին՝ Բարսեղ Աշըգեանի մահէն առաջ (1901-ին) միասին մի քանի ամսուան ճանապարհորդութեան մեկնած էին այցելելու Տիրուհիին քոյրերուն՝ Կիւլտուտուին եւ Ներուիկին, որոնք Պանտերմա/Պանտիրմա կ’ապրէին՝ յուսալով, որ Պուրսայի ջերմուկները կը բուժեն Բարսեղը։ 1904-ին Տիրուհին հօր՝ Յարութիւն Իյնէճեանին եւ իր չորս զաւակներուն հետ ուխտի գացած է Երուսաղէմ։

1905-06-ին հօրը եւ չորս զաւակներուն հետ գացած է Քասթամոնի/Քասթամոնու՝ եղբայրներուն՝ Յովհաննէս եւ Նազարէթ Իյնէճեաններուն այցելութեան։ Մերսինէն ճամբայ ելած նաւը պէտք էր զիրենք տանէր Սամսուն՝ Սեւ Ծովի ափին։ Տաժանելի ճամբորդութեան մը պիտի վերածուէր այս այցը, որովհետեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը մահափորձ կատարած էր սուլթան Համիտ Բ դէմ (Եըլտըզի ռումբը, 21 յուլիս 1905)։ Երբ Պոլիս կը հասնին, Տիրուհին լուր կը ղրկէ իր կրտսեր եղբօրը՝ Պետրոս Իյնէճեանին, որպէսզի ան ալ օգնութիւն խնդրէ իրենց մէկ ազգականէն, որ պատանի տարիքին դաւանափոխ եղած էր, իսլամացած էր եւ Պոլիս Պէշիկթաշ թաղամասի ոստիկանապետն էր։ Պօղոս (Քեամիլ) Աշըգեանը [3] խնդիրը կը լուծէ՝ նախ ճամբորդներուն նաւէն իջնելու արտօնութիւն ապահովելով, ապա երկաթուղիի տոմսեր գնելով, որ Պոլիս Հայտար Փաշա կայարանէն Անգարա երթային։ Ի վերջոյ, սակայն, Տիրուհին, հայրը եւ չորս զաւակները կառքով կ’երթան Քասթամոնու։ Ցամաքի ճամբով Ատանա վերադառնալէ առաջ ճամբորդները կ’այցելեն Տիրուհիին քրոջը՝ Տիգրանուհի (ծնեալ Իյնէճեան) Թորոսեանին եւ եղբօրը՝ Պետրոս Իյնէճեանին եւ կը ծանօթանան վերջինիս նշանածին՝ Փէրուզ Համբարձում Սիւզմէյեանին հետ։

Տիրուհին զոհ չգնաց Ատանայի 1909-ի կոտորածին, որովհետեւ որդիին՝ Կարապետին հետ Եգիպտոս գացած էր ազգականներու այցելութեան։ Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն Աշըգեան-Պագալեան ընտանիքներուն անդամները զինուորական ծառայութենէ եւ տեղահանութենէ զերծ կացուցանուած էին, որովհետեւ ընտանիքին ալիւրաղացը զինուժին կը ծառայէր։ Ֆրանսաթրքական պատերազմէն ետք (մայիս 1920-հոկտեմբեր 1921), երբ հայերը դուրս բերուեցան Կիլիկիայէն, Տիրուհին որդիներուն՝ Կարապետին եւ Յակոբին հետ Կիպրոս, ապա Պոլիս պիտի երթար 1920-ին։

Զմիւռնիոյ 1922-ի հրդեհէն ետք Կարապետ Աշըգեանը կ’որոշէ Օսմանեան կայսրութենէն մեկնիլ։ Մէկ գիշերուան մէջ նաւը զինք կնոջ, մօր եւ Յակոբ եղբօր հետ կը տանի Կոստանցա (Ռումանիա)։

Երբ կ’այրիանայ, Հայկուհի Աշըգեան-Պագալեանը Ռումանիա կ’երթայ 1938-ին՝ տեսնելու մայրը՝ Տիրուհին, եղբայրները եւ միւս ազգականները։ Ան դուստրը՝ Մամբիլէ (19 տարեկան), որդին՝ Վազգէնը (17 տարեկան) եւ եղբօր աղջիկը՝ Շաքէն (17 տարեկան), հետը կը տանի։ Երբ Պէյրութ կը վերադառնան, Տիրուհին ալ իրենց հետ կու գայ։ Վերջինս այսպիսով խուսափեր էր Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն եւ խորհրդայիններէն։

Տիրուհիին կեանքին վերջին 30 տարիները Պէյրութ կ’անցնին։ Կ’ապրի Բագրատ Պագալեանին ընտանիքին հետ, այսինքն իր դստեր՝ Հայկուհիին, իր թոռնիկին, վերջինիս կնոջ եւ երեք զաւակներուն հետ։ Տիրուհին բախտաւոր էր՝ որդիները՝ Կարապետը եւ Յակոբը իրենց ընտանիքներուն հետ Պէյրութէն կ’անցնին եւ զինք կը տեսնենք հիւսիսային Ամերիկա հաստատուելէ առաջ։

Տիրուհին միայն թրքերէն կը խօսէր, տառաճանաչ չէր, եւ մինչեւ 90 տարեկան եւ աւելի տարիքը մոլի ծխող էր։ Ամէն առտու եւ իրիկուն ան իր աղօթքը կ’ընէր՝ գոց սորված հայերէնով։ Մինչեւ մահը պահք կը պահէր եւ Մեծ պահքի 40 օրերուն միս, ձուկ եւ կենդանական իւղ բերանը չէր դներ։ Տիրուհի Իյնէճեան-Աշըգեանի «Լոխումլու» ծաղին խոհագիրը որդեգրուած էր Ռումանիոյ մէջ եւ հրատարակուած Անահիտ Տօնիկեանի «Եփելու արուեստը» հայ տանտիկիններու սիրած գիրքին մէջ (Լիբանան)։

Տիրուհիին ծննդեան թուականը անյայտ է։ Երբ ան կը մահանայ Պէյրութի մէջ 1968-ին՝ դստեր՝ Հայկուհիին մահէն երկու տարի ետք, կ’ենթադրուէր, որ 104 տարեկան էր։

1. Տիրուհիին վերջին լուսանկարը. ծոռներուն՝ Լենա, Ռուպի եւ Թանիա Պագալեաններուն հետ, Պէյրութ, 1963-ին։ Ծոռները մեծ մեծ մայրիկին «Նենէ» կ’ըսէին։ Տիրուհին մահացած է Պէյրութ 1968-ին։

2. Տիրուհի Իյնէճեան-Աշըգեանին «Լոքումլուն» (լոխումով անուշեղէնը)
Դուրսի խմորին համար պէտք է 100 կրամ սերուցք կամ թթուասէր, 0,5 գաւաթ հալած եւ պաղած կարագ, 0,5 ապուրի դգալ շաքար, պտղունձ մը աղ, վանիլ, մօտաւորպէս 2 գաւաթ ալիւր։
Միջուկին համար պէտք է 100 կրամ սովորական լոխում եւ փոշի շաքար։
Այս բաղադրատոմսով կը պատրաստուի մօտաւորապէս 24 «լոքումլու»։
Պատրաստման եղանակը. 1) Եփելու թուղթերը փռել ափսէներուն վրայ։ 2) Փուռը տաքցնել 350 ֆահրընհայթ/177 սելսիուս աստիճանի։ 3) Մեծ քրեղանի մը մէջ իրարու խառնել հալած կարագը, շաքարը, աղը եւ վանիլը։ 4) Քիչ-քիչ աւելցնել ալիւրը։ 5) Շաղել, մինչեւ որ ունենաք փափուկ, բայց ոչ կպչուն խմոր։ Ձգել որ խմորը հանգչի։ 6) Պատրաստել լոխումները՝ 4*4սմ-նոց լոխումի խորանարդները կիսել, վրան փոշի շաքար ցանել, մատներուն մէջ ոլորելով պատրաստել 5սմ գլաններ։ 7) Հանգչած խմորը բաժնել 6 հաւասար գունդերու։ Իւրաքանչիւր գունդ գրտնակով բանալ եւ վերածել 12սմ տրամագիծով կլորներու։ Իւրաքանչիւր շրջանագիծ բաժնել 4 հաւասար հատուածներու (90 աստիճան անկիւններով)։ Լոխումի կտոր մը դնել իւրաքանչիւր հատուածի լայն մասին, ապա լոխումը մէջը առնելով խմորը ոլորել դէպի սուր մասը։ Այսպէսով կը ստանանք մահիկաձեւ պատառներ։ 8) Մահիկները շարել եփելու թուղթերուն վրայ եւ եփել նախապէս տաքցուած փուռին մէջ մինչեւ հազիւ գոյն ստանալը։ 9) Փուռէն հանել, փոշի շաքար ցանել։

Երկրորդ եղբայրը՝ Յարութիւն Կարապետ Աշըգեանը (ծնեալ Կեսարիա 1851-ին, մահացած Կիպրոս 1920-ի շուրջ) որոշ ժամանակ Պոլսոյ մէջ պատրաստի հագուստներու գործ ըրած է, ապա եկած է Ատանա, որպէսզի ծնողքին մօտ ըլլայ։ Ան առեւտրական էր, միաժամանակ նաեւ կը զբաղէր «տասանորդի եւ քաղաքապետարանի յանձնառուի այլազան գործերով»՝ եղբայրներուն հետ ալ աշխատելով։

Յարութիւնը ամուսնացած էր Աննուկին հետ (Կիրակոս Տէմիրճեանի դուստրը)։ Աննուկին հայրը հաճընցի էր։ Յարութիւնը եւ Աննուկը ունէին երեք որդի եւ երկու դուստր.

  • Նազարէթ Յարութիւն Աշըգեան՝ մանուկ տարիքին մահացած մանչ,
  • Փէրուզ Յարութիւն Աշըգեան՝ մանուկ տարիքին մահացած աղջիկ,
  • Հէթում Յարութիւն Աշըգեան (Աննուկի եւ Յարութիւնի այս որդին զինուորական պարտադիր ծառայութենէն ետք կը հիւանդանայ եւ կը մահանայ Ատանայի մէջ)
  • Վահան Յարութիւն Աշըգեան (ծնեալ Ատանա, հաւանաբար 1890-ի շուրջ, կրնայ ըլլալ Եգիպտոս մահացած)
  • Վէրժին Յարութիւն Աշըգեան (ծնեալ Ատանա 1892-ի կողմերը, մահացած Կիպրոս 1960-ականներուն)

Ցեղասպանութեան տարիներուն Յարութիւնը եւ իր ընտանիքը չէին աքսորուած, որովհետեւ Յարութիւնը կ’աշխատէր Ատանայի Աշըգեան-Պագալեան ալիւրաղացին մէջ։ 1920-1921 Կիլիկիոյ պարպումէն ետք Յարութիւնը ընտանիքով կ’երթայ Կիպրոս։ Հոն միջնեկ որդին՝ Հէթումը, կը մահանայ։ Կարապետը՝ կրտսեր որդին, կ’երթայ Յունաստան, հոն կը հիւանդանայ եւ հոն ալ կը մահանայ։ Յարութիւնին կինը՝ Աննուկը, Կիպրոսի մէջ կը մահանայ 1960-ականներու սկիզբներուն։ Վերժինը՝ Յարութիւնին եւ Աննուկին դուստրը, ամուսնացած չէր։ Ապրած է Նիկոսիա եւ հոն մահացած։

Երրորդ եղբայրը՝ Տիգրան Կարապետ Աշըգեանը (ծնեալ Կեսարիա 4 փետրուար 1855-ին, մահացած Ատանա 1920-ին) ուսում ստացած էր Կեսարիոյ մէջ, դարձած էր փաստաբան, եւ Կեսարիոյ պետական շրջանակներուն պատկանող յաճախորդներ ունէր։

Տիգրանը 1885-ի շուրջ Ատանայի մէջ ամուսնացած էր Մարի Յովսէփ Պագալեանին հետ (ծն. Կեսարիա 1869-ի շուրջ, մահացած Պէյրութ 1940-ականներուն)։

Ամուսնութենէն ետք աւագ եղբայրը՝ Բարսեղը իրեն կ’առաջարկէ հետը փոխադրուիլ Ատանա եւ օգնել իրեն պետական հարցերուն պարագային։ Իրենց քեռայրը՝ Սարգիս Պագալեանն ալ կը հետեւի իր աներձագներուն, կը հաստատուի Ատանայ, եւ կը հիմնուի Աշըգեան նպարավաճառատունը։ Թէ՛ Տիգրանը, թէ՛ Սարգիսը խելացի էին, յաւակնոտ, ժրաջան, աշխատասէր եւ յաջողակ։ «Աշըգեան-Պագալեան»-ը դարձաւ իրենց ձեռնարկութեան անունը։

Տիգրանը եւ Մարին ունեցած են չորս դուստր եւ մէկ որդի։ Առաջին երկու զաւակները Կեսարիա ծնած էին, միւսները՝ Ատանա 1890-ականներուն։

  • Ատէլ (ծնեալ Աշըգեան) Գազանճեան (ծնեալ Կեսարիա 1886-ի շուրջ, մահացած Պաղտատ 1960-ականներու սկիզբներուն),
  • Մուրատ Աշըգեան (ծնեալ Կեսարիա 1887-ի շուրջ, մահացած Պէյրութ 1958-ին), 
  • Լուսածին Աշըգեան (ծնեալ Ատանա 1892-ի շուրջ, մահացած Պէյրութ 1 հոկտեմբեր 1968-ին),
  • Զարուհի Աշըգեան (ծնեալ Ատանա, 1897-ի շուրջ, մահացած Պէյրութ 1963-ին), 
  • Ցոլինէ (ծնեալ Աշըգեան), ամուսնացած էր Կարապետ Ճէրճիրեանին հետ (ծնեալ Ատանա 1901-ին, մահացած Մարսիլիա 1960-ին)։

Հետաքրքրական փաստ մը. Մարի Պագալեան-Աշըգեանը 1901-ին ծնունդ տուած է Ցոլինէին, եւ նոյն տարին Ատէլը՝ անդրանիկ զաւակը, ամուսնացած է։ Տիգրանին եւ Մարիին զաւակներէն միայն աւագը՝ Ատէլը եւ կրտսերը՝ Ցոլինէն ամուսնացած էին։

Իսթանպուլ պահուող օսմանեան արխիւներուն մէջ փաստաթուղթ մը կայ, ուր նշուած է, թէ 1901-էն արդէն Աշըգեաններուն Ատանայի մէջ գործարկած գործարանները վառելանիւթով կ’աշխատէին։ Աւելին. Տիգրան Աշըգեանը տասը տարուան համար վառելանիւթի համար տուրք վճարելէն զերծ կացուցանուած էր։ Ահաւասիկ այդ փաստաթուղթի բովանդակութիւնը (օսմաներէնէն անգլերէն թարգմանութենէն կատարուած, ուղիղ փակագիծերու մէջ բերուած են բնագիրի մէջ անընթեռնելի մասերը).

Օսմանեան կայսրութեան հպատակ (թէպա’ի տեւլէթ’ի ալիյետէն) Տիգրան Աշըգեանը, որ Ատանայի նահանգի Սոֆուպահչեսի շրջանին մէջ ալիւրի գործարան հիմնած է, յայտ ներկայացուցած է գործարանին հաստոցներուն եւ այլ գործիքներուն համար անհրաժեշտ կազոճինի [բնագիրին մէջ այսպէս սխալ գրուած է] վրայ կիրարկուող մաքսերէն զերծ կացուացնուելու համար։ Համապատասխան յայտը ներփակ ղրկուած է։ Պարզուած է, որ գործարանը «քարկան վէ զայի» արտօնագիրը ստացած է 29 քանունեւուել 1323-ին (11 յունուար 1908-ին) եւ գործիքներու ու սարքաւորումներու համար մաքսային տուրքերէ զերծ կացուցանման կիրարկելի կանոնակարգը վաւերացուած էր [19 Ապրիլ 1316]-ին, ինչպէս նաեւ Նորին Գերազանցութեան հաստատումով սոյն կանոնակարգի վաւերականութեան ժամկէտը երկարաձգուած էր եւս տասը տարուան համար։ Այս որոշումը առնուած էր Նախարարութեան գիտական յանձնախումբի եւ Պետական խորհուրդի հաստատելէն ետք, թէ Մեծ ժողովի ներկայացուցիչին կողմէ զննութիւն կատարուած է գործիքներու։ Աշըգեան գործարանին մէջ բոլոր ստուգումները բարեյաջող կատարուած են, հետեւաբար, հաստատումը տրուած է։ Ուստի մաքսատուրքէ զերծ կացուցանման մասին տեղեկութիւնը պէտք է ղրկուի (համապատասխան գրասենեակին)։
Ստորագրուած է Հանրային գործոց եւ առեւտուրի նախարարին կողմէ 28 մարտ 1324 ֆի 10 ռեպիյիւլեւուել 1326 (12 ապրիլ 1908)։ 
[4] 

Այս փաստաթուղթը 1 յունուար 1909 թուակիր պարտաւորագիր մըն է (թրքերէնով եւ արաբերէնով՝ սանատ)։ Տիգրան Աշըգեանը եւ Սարգիս Պագալեանը կը ներկայացնեն իրենց նոր ընկերութիւնը՝ «Աշըգեանեւ Պագալեան ընկ» եւ յոյս կը յայտնեն որ Օսմանեան դրամատունը պիտի շարունակէ գործ ընել իրենց հետ։

1 յունուար 1909-ին Տիգրանը իր քեռայրին՝ Սարգիս Պագալեանին հետ գործակցաբար կը հիմնէ նոր ընկերութիւն մը՝ Աշըգեան-Պագալեան գործարանը։ Մերսինի օսմանեան կայերական դրամատան տնօրէնին ուղղուած պարտաւորագիր մը (թրքերէն՝ սանատ) կը վստահեցնէ դրամատան, թէ պարոնայք Տիգրան Աշըգեանը եւ Սարգիս Պագալեանը պիտի շարունակեն իրենց ձեռնարկութեան աշխատանքը ինչպէս առաջ էր եւ յոյս կը յայտնէ թէ դրամատունն ալ ինչպէս նախապէս պիտի վստահի իրենց։ Այս փաստաթուղթով կ’երաշխաւորուէր, որ Աշըգեան և Պագալեան ընկերութիւնը ներդրում պիտի կատարէր գործարանի մը մէջ, որ մեքենայացած երեք ճիւղ ունէր՝ ալիւրաղացը (ցորենի ընտիր եւ մանր ալիւր արտադրելու վերջին ճիչ ինքնաշխատ մեքենաներով), բամպակը զտելու մեքենայ մը եւ սառոյցի մեքենայ մը։ Պագալեանը սարքաւորումներուն գինին կէսը տուած էր, եւ գործարանը Աշըգեաններուն կալուածին մէջ պիտի հիմնուէր Ատանայի մէջ։

1909-ի ապրիլի Ատանայի կոտորածներուն հազարաւոր հայեր պիտի սպաննուէին, հայկական թաղամասը պիտի կողոպտուէր եւ քանդուէր։

Կարապետ Աշըգեանը իր գիրքին մէջ հետեւեալը կը գրէ.

Հօրեղբայրս Ատանայի ջարդին իբրեւ թէ գործարանի վերի յարկէն զէնք պարպելով թուրքեր սպաններ է ըսելով կը բանտարկեն։ Աշըգեան-Պագալեան մեծաքանակ նպարեղէնի խանութը կը կողոպտուի։ Սարգիս Պագալեան կ’ապաստանի Կիպրոս։ Կը յափշտակուին նաեւ Աշըգեան-Գալպճեան Ընկերութեան ամբողջ իրեղէնները, տուներն ու խանութները կ’այրեն եւ երկու ագարակներն ալ առանց տէրի կը մնան մէջտեղը մարդ չգտնուելուն համար։
Բնակի Թոքաթճի Տիգրան Պողաճեան, որ նպարեղէնի խանութին գրագիրն էր, հօրեղբօրս կողմէ պատուէր կը ստանայ իբրեւ փոխանորդ տէր կանգնիլ իրենց բոլոր գործերուն ագարակներն ալ մէջը ըլլալով քանի որ հունձքը մօտ էր։
Ջարդէն ետք Ատանայի կուսակալը կը փոխուի։ Նորը երբ գործի կը ձեռնարկէ կը փափաքի Տիգրան Աշըգեանը տեսնել։ Կ’ըսուի թէ բանտարկուած է։ Անմիջապէս թղթածրարը աչքէ անցընելով կը հասկնայ շինծու ըլլալը եւ զայն հանել կու տայ բանտէն։ 
[5]

Թէեւ Աշըգեանները եւ Պագալեանները իրենց տուներուն, գործերուն եւ ինչքերուն հետ կապուած նիւթական լուրջ վնասներ կրած էին, անոնք կանգուն էին իրենց նպատակներով եւ յաւակնութիւններով։ 1908-ին Տիգրանը եւ Սարգիսը մեքենաներ ապսպրած էին Ցիւրիխի «Davero, Henrici, & Co.» աղացներ արտադրող ընկերութենէն։ [6] Անոնց ելեկտրական ալիւրաղացը Ատանայի չորս արդիական գործարաններէն մէկն էր եւ այդ օրերուն միակը, որ հայ տէր ունէր։

«Ատանայի հայոց պատմութիւն» գիրքին մէջ (խմբ. Բիւզանդ Եղիայեան) հաստատուած է, որ Ատանայի մէջ ալիւրի չորս գործարան կար։ Աշըգեան-Պագալեանը միակն էր, որ հայու կը պատկանէր։ Կային նաեւ սառոյցի չորս գործարաններ, որոնցմէ երկուքը հայերու կը պատկանէին՝ Աշըգեան-Պագալեանը եւ Բամպուգճեան-Տօնիկեանը։ Իսկ «բամպակը հունտէն զատող չըրչըրի մեքենաներ ունէին, Ատանայի մէջ, … Աշըգեան-Պագալեան, … Բամպուգճեան- Մարտիկեան» եւ այլ հայեր ու ոչ հայեր։ [7]

Աւելի կարեւոր է այն փաստը, որ Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն շնորհիւ գործարանին պիտի խնայուէր Աշըգեան-Պագալեաններուն եւ անոնց ազգականներուն մեծ մասին կեանքերը։ Եւ այնուամենայնիւ Տիգրան Աշըեգեանին ընտանիքը, իրենց Գազանճեան փեսան եւ թոռնիկները պիտի տեղահան ըլլային 1915-ին։ Միութիւն եւ առաջադիմութիւն կուսակցութիւնը եւ յատկապէս երեք փաշաները՝ Թալաաթ փաշան, Էնվեր փաշան եւ Ճեմալ փաշան, 1913-էն 1918 բացարձակ եւ սանձարձակ իշխանութիւն ունէին Օսմանեան կայսրութեան մէջ։ Տիգրան Աշըգեանը Կառավարական խորհուրդի եւ Առեւտուրի պալատի գործունեայ անդամ եղած էր։ Ատանայի 1909-ի կոտորածի օրերուն Տիգրան Աշըգեանը ծանօթացած էր Ահմետ Ճեմալ փաշային հետ։ 1915-ին Ճեմալը օսմանեան չորրորդ բանակին հրամատարն էր, որուն գործունէութեան դաշտը Պիլատ ալ Շամն էր (Սուրիա)։ Տիգրանը կը դիմէ Ճեմալին եւ արտօնութեան կը ստանայ Հալէպ մնալու եւ հոն ալ կը մնայ մինչեւ պատերազմին աւարտը։

1918-ի զինադադարէն ետք Տիգրան Աշըգեանի ընտանիքը կը վերադառնայ Ատանա, ուր ընտանիքին հայրը թոքատապի հետեւանքով կը մահանայ 1920-ին։ Տիգրան Աշըգեանը «ազգային գործերու սիրահար» էր եւ «գաւառական, քաղաքական թաղական» խորհուրդներուն անդամ եղած էր։ «Պետական գործերու մէջ եւս եղած է, ըլլալով Մեճլիսը Իտարէի [կառավարական խորհուրդ] եւ առեւտրական սենեակի անդամ», կը գրէ Կարապետ Բ. Աշըգեան իր գիրքին մէջ, էջ 87։

Տիգրան Աշըգեանի ընտանիքի միւս անդամները 1920-ի շուրջ կը փոխադրուին Պէյրութ եւ ի վերջոյ կը հաստատուին Լիբանան։

Չորրորդ եղբայրը՝ Նազարէթ Կարապետ Աշըգեանը (ծնեալ Կեսարիա 1857-ին, մահացած Տարսոն 1886-ին) փայլուն տնտեսագէտ եւ գիտնական էր։ Եղբօրը՝ Բարսեղի երաշխաւորութեամբ Տարոսնի պետական սնտուկի գանձապետ նշանակուած էր։ «Տօնական օր մը Ալէվիներու պարտէզին մէջ գինարբուքի միջոցին գէշ կերպով մսելով երկու կողմէն թոքատապի կը բռնուի ու կը մահանայ» 29 տարեկան հասակին։ Զինք կը թաղեն Տարսոնի հայոց ազգային գերեզմանատան մէջ։

Հինգերորդ եղբայրը՝ բժիշկ Միսաք Կարապետ Աշըգեանը (ծնեալ Կեսարիա 1860-ին մահացած Ատանա 1 դեկտեմբեր 1902-ին) 1884-ին բժիշկ վկայուած էր կայսերական համալսարանէն (Darülfünûn-u Sultanî, այժմ՝ Իսթանպուլի համալսարան)։ Փորձնական շրջանին կը ղրկուի Բաբերդ (Պիթլիս)։ Պիթլիսցիները խիստ երախտապարտ էին բժիշկին 1887-1888-ի համաճարակներուն օրերուն իր մատուցած ծառայութիւններուն համար։ Պիթլիսէն ետք բժիշկ Միսաք Աշըգեանը Մշոյ մէջ կը պաշտօնավարէ։ Մշոյ տեղական իշխանութիւնները յեղափոխական ըլլալու ենթադրեալ ամբաստանութեամբ կը բանտարկեն զինք։ Պիթլիսի իր բարեկամները՝ Գույումճեանները, կը սկսին ուտելիք ղրկել սուրիացի մարոնիթ դերձակուհիի մը՝ Տրա Քիպապիին հետ։ Ազատ արձակուելէ ետք Միսաքը կ’ամուսնանայ Տրա Քիպապիին հետ։

Միսաքը կ’ուզէր ծնողքին եւ եղբայրներուն մօտիկ ապրիլ, անոր համար կը փոխադրուի Ատանա ուր կ’աշխատի որպէս ներքին հիւանդութիւններու բժիշկ։ Շաքարախտ կ’ունենայ, եւ սրունքներէն մէկը կ’անդամահատեն բժիշկները։ Փարիզ կ’երթայ եւ արհեստական սրունք մը կ’ապսպրէ եւ անով կը շարունակէ կեանքը։

Կը մահանայ 42 տարեկանին։

Վեցերորդ եղբայրը՝ Միհրան Կարապետ Աշըգեանը (ծնեալ Կեսարիա 1862-ին, մահացած Ատանա 1907-ին) իր աւագ եղբօրը օգնելու Ատանա գացող Աշըգեան առաջին եղբայրն էր։ Սկիզբը կը զբաղի Աշըգեան խանին գործերով եւ Սարգիս Պագալեանին նպարեղէնի խանութով։ Կը որոշէ գործը փոխել եւ մեծաքանակ ներածում-արտածումով զբաղիլ։ Հաճընցի Գէորգ Գալպճեանին հետ գործակցաբար կը հիմնէ «Աշըգեան-Գալպճեան» ընկերութիւնը։

Միհրանը ամուսնացած էր Կիւլենիա Կարապետ Բալամութեանին հետ (ծն. Ատանա 1896-ին, մահացած Զահլէ (Լիբանան) 1964-ին)։ Կիւլենիային ընտանիքը կեսարացաի էր։ Կիւլենիայի եւ Միհրանը առաջին մանչ զաւակը մանուկ հասակին կը մահանայ։ Հետագային կ’ունենան չորս դուստր.

  • Էլիզ (ծն. Աշըգեան) ամուսնացած Լեւոֆէթ Մ. Բամպուքճեանի հետ (ծնեալ Ատանա 1899-ի շուրջ, մահացած Լիբանան 1930-ականներուն),
  • Լուիզ Աշըգեան (ծնեալ Ատանա in 1901, մահացած Պէյրութ)
  • Վիքթորիա/Վիքթոր (ծն. Աշըգեան) ամուսնացած Լեւոֆէթ Մ. Բամպուքճեանի հետ(ծնեալ Ատանա 1904-ի շուրջ, մահացած Պէյրութ)
  • Բարուհի (ծն. Աշըգեան) ամուսնացած Սարգիս Ուրֆալեանի հետ (ծնեալ Ատանա 1906-ին, մահացած Պէյրութ)։ Բարուհին հօր մահուընէն անմիջապէս առաջ ծնած էր։ Հայրը յուսախաբ էր, որ Բարուհին մանչ չէր։

Միհրան Աշըգեանը ընտանիքը օդափոխութեան կը տանի Էվերէկ (Կեսարիոյ մօտիկ քաղաք մը)։ Լսելով որ հարուստ Աշըգեան մը եկած է, Կեսարիոյ թաղականները կը փորձեն իրմէ կորզել պետական զինուորական տուրքին հայոց բաժինը, որ չէին վճարած։ Տուրքը բոլոր հայերունն էր, բայց թաղականները կը դիմեն կառավարութեան, Կեսարիոյ ոստիկանութիւնը կը ձերբակալէ Միհրանը եւ կը բերէ Կեսարիա։ Միհրանին վրայ կը բեռնեն հայոց եկեղեցիին տուրքերը։ Սուրբ Գրիգոր լուսաւորիչ եկեղեցին կը գտնուի Կեսարիոյ հարաւային թաղամասին մէջ. հոն կառուցուած էր 1856-ին, որովհետեւ հայերը հոն կ’ապրէին։ Այսօր ան Ստամպուլէն դուրս գտնուող սակաւաթիւ հայկական եկեղեցիներէն է, ուր տակաւին ատեն-ատեն պատարագ կը մատուցուի։

Միհրանը շատ կը զայրանայ եւ զզուանք կ’ապրի Կեսարիոյ թաղականներուն այս տմարդի վարքէն։ Գիշերը կը մնայ Պետրոս հօրեղբօրը աղջկան՝ Եղիսաբէթին տունը (Եղիսաբէթը ամուսնացած էր Մովսէս Եղիա Թասլագճեանին հետ)։

Առաւօտեան Միհրանին ձայնը «լրիւ քաշուեր էր»։

Ատանա երբ կը վերադառնայ, կը տրուի ախտաճանաչումը՝ Միհրանին ունեցածը կոկորդի քաղցկեղ էր։ Սուր ցաւերէն ձեւով մը փրկելու համար կը դիմուի մորֆինի, եւ Միհրանը կը դառնայ անոր մոլին։ Դարմանուելու համար Պոլիս կ’երթայ, Վիեննա, Փարիզ… ֆրանսացի բժիշկները խորհուրդ կու տան տուն վերադառնալ, եւ Միհրանը կը վերադառնայ Ատանա, ուր իր մահկանացուն կը կնքէ։ Իր մահէն ետք եղբայրը՝ Տիգրանը կը ստանձնէ «Աշըգեան-Գալպճեան» ընկերութեան գործերը վարելով։ Ինչպէս բոլոր Աշըգեանները, Միհրանին ընտանիքը սկիզբը Կիպրոս կ’երթայ, եւ ի վերջոյ Պէյրութ կը հաստատուի։

Միակ քոյրը՝ Նեւրիկ Կարապետ Ուզուն Աշըգեան-Թելալեանը (ծնեալ Կեսարիա 17 մայիս 1870-ին, մահացած Պէյրութ 1939-ականներուն) ամուսնացած էր կեսարացի Ճիւան Թելլալեանին հետ, որ Մերսինի մէջ յանձնակատար էր։ Նեւրիկին եղբայրները կ’առաջարկեն որ փոխադրուին Ատանա, Ճիւանին կու տան դրամագլուխ մը, եւ ան կը սկսի մանր երկաթեղէնի (գամ, կղպանք, ծխնի, հեղիւս, եւ այլն) մեծաքանակ առեւտուրի։ Ատանայի ոսկերիչներու շուկային «ներսի կողմը» յաջող գործ մը կը հիմնէ։ Դժբախտաբար Ճիւանը կը հիւանդանայ եւ մէջքէն վար անդամալոյծ կը մնայ։ Նեւրիկը երկար տարիներ «ճակատագիրս է» ըսելով անտրտունջ կը խնամէ ամուսինը։

Ատանայի 1909-ի կոտորածէն ետք Ճիւանը եւ Նեւրիկը վերջինիս քոյր-եղբայրներուն պէս կը փոխադրուին Մերսին։ Ճիւանը կը մահանայ առաջին համաշխարահային պատերազմի օրերուն։ Կիլիկիոյ պարպումին Նեւրիկը կ’երթայ Կիպրոս ապա կը հաստատուի Պէյրութ։

Բարսեղը՝ Աշըգեաններուն նահապետը, «Ուզուն» կը կոչուէր բարձրահասակ ըլլալուն պատճառով (ուզուն բարձրահասակ ըսել է թրքերէնով)։ Իր ժառանգորդներէն ոմանք ալ բարձրահասակ էին, օրինակ Նեւրիկը։ Օր մը, երբ Ատանայի մէջ բաղնիքէն դուրս կ’ելլէր ազգականին հետ, անցորդ մը կ’ըսէ՝ այդ բարձրահասակ կնոջ նայէ՛։ Նեւրիկը կը լսէ եւ չորս կողմը կը նայի՝ բարձրահասակ կին փնտռելով։ «Քո՛ւ մասիդ է խօսքը»,- դիտել կու տայ ազգականուհին։

Տիրուհին եւ միւս հարսերը, ինչպէս նաեւ եղբայրներուն զաւակները խանդաղատանքով «էմէ» կը կոչէին Նեւրիկը (թրքերէն՝ քոյրիկ)։

1931-ին Նեւրիկը նաւով Պէյրութէն Մարսիլիա կ’երթայ՝ ընկերակցելու իր եղբօր՝ Տիգրանին աղջկան, որ պիտի ամուսնանար։

Երբ Հայկուհի Պագալեանին ամուսինը կը մահանայ, Նեւրիկը, որ իր հօրաքոյրն էր, հետը կ’ապրի մինչեւ իր մահը։ Ան թաղուած է 1924-ին հիմնուած եւ Դամասկոսի փողոցին վրայ գտնուող Հայ առաքելական գերեզմանատան մէջ (Հոթէլ տիէօ հիւանդանոցին մօտ)։ Նեւրիկը ընկերային մարդ էր։ Իր եղբօր աղջկան՝ Հայկուհիին պէս ինքն ալ կը սիրէր Լիբանանի լեռները։

Ուշադիր էր, ընկերական ու գուրգուրոտ իր եղբայրներուն զաւակներուն եւ թողնիկներուն հանդէպ։

Չորրորդ սերունդը. Լիբանանի մէջ

Բարսեղ եւ Տիրուհի Աշըգեաններու սերունդները

Բարսեղը հայրն էր Կարապետ Բարսեղ Աշըգեանի, Հայկուհի Բարսեղ Աշըգեան-Պագալեանի, Մարինա Բարսեղ Աշըգեանի, Պետրոս Բարսեղ Աշըգեանի եւ Յակոբ Բարսեղ Աշըգեանի։

Հայկուհի Բարսեղ Աշըգեանը (ծնեալ Ատանա, 24 մարտ, 1892-ին, մահացած Պէյթ Մէրի, Լիբանան, 15 յուլիս 1966-ին) ամուսնացած էր Սարգիս Պագալեանին հետ։ 

Հայկուհին Ատանայի մէջ հայկական դպրոց գացած էր։ Ինքը եւ քոյրը՝ Մարինան, 1909-ի ապրիլ իԱտանայի կոտորածներուն ականատես վկաներ էին. Հայկուհին 17 տարեկան էր այդ օրերուն, քոյրը՝ 13։ 1960-ականներուն, մահէն կարճ ժամանակ առաջ, Հայկուհին իր թոռնիկներուն պատմեր էր, եւ պարզուեր էր, որ արհաւիրքի այդ օրերուն ինքը եւ քոյրը դիակներու վրայէն քալած էին։ Երբ Մարինան կորսնցուցեր էր հողաթափները, բոպիկ քալեր էր։ Քոյրիկները հայ հայրենակիցներու հետ կը քալէին, ծափ կու տային եւ կը պոռային՝ Փատիշահըմ չոք եաշա (Երկար ապրի մեր թագաւորը)։ Պատմեր էր, որ կը յիշէր ինչպէս պահուըտեր էր իրենց ընտանիքի հին, ձեռքի աղացին ետեւը՝ քշելով առնէտներն ու գարշաճճուները։

Ատանայի մէջ Աշըգեանները համալիրի մը մէջ կ’ապրէին, ուր Բարսեղ, Տիգրան եւ Միհրան եղբայրներէն իւրաքանչիւրը յարկաբաժին մը ունէր իր ընտանիքին համար։ Իրենց հայրը՝ Կարապետը, եւ մայրն ալ այս տան մէջ կ’ապրէին։ Տունէն կ’երեւէր սուրբ Աստուածամայր հայկական եկեղեցի եւ անոր բարձր զանգակատունը։ Երբ ջարդը կը սկսի, Աշըգեանները տունէն կը փախին։ Երբ կը վերադառնան, տունը դատարկ կը գտնեն։ Խոհանոցի դռան ետեւը կար կացին մը, որ ընտանիքը ճաշ եփելու ատեն ոսկոր կոտրելու կը գործածէր. միայն այս մնացած էր տան մէջ։ Այս կացինը հետը տանելով Հայկուհին ճամբորդած է Ատանայէն Մերսին, յետոյ Լառնաքա եւ Պէյրութ։ Տարիներ անց իր թոռնուհին զայն տարած է ԱՄՆ եւ Հայկուհիին մկրատներուն հետ յիշատակի համար շրջանակի մէջ առնել տուած է։

Կոտորածէն ետք աւագները տուն մը կը վարձեն Մերսինի մէջ, որովհետեւ հոն աւելի հանդարտ էր կացութիւնը եւ մանուկներուն ու կիներուն համար աւելի ապահով։ Իրենց գործը եւ գոյքերը մնացած էին Ատանա։ Ուրեմն այրերը կը սկսին գործի օրերը անցընել Ատանա եւ տուն վերադառնալ կիրակի օրերուն եւ տօն օրերուն։ Ատանան Մերսինին կապուած էր 67 քմ (41 մղոն) զոյգ երկաթուղիով՝ մարդատար եւ բեռնատար շոգեկառքերով (1886-ին շինուած), բայց կարծես թէ այս մարդիկ կը նախընտրէին շոգենաւով ճամբորդել. թերեւս որովհետեւ կը սիրէին իրենց դէմքը տալ միջերկրականեան զեփիւռներուն։ Ատանա-Մերսին ճամբան ամեն օր մօտաւորապէս 2,5 ժամ էր։

20 փետրուար 1911-ին Հայկուհին կ’ամուսնանայ Սարգիս Պագալեանին հետ Մերսինի մէջ։ Հարսը 19 տարեկան էր, փեսան՝ 34։ Հայկուհիին օժիտին մէջ կար հագուստ եւ առտնին ճերմակեղէն ու այլ իրեր, որոնք գնուած էին Ատանայի Օրոստի-Պաք ֆրանսական խանութէն։

Սարգիս Պագալեանի (ծնեալ Կեսարիա, 1877-ին, մահացած Պէյրութ 31 յուլիս 1937-ին) մանկութիւնը անցած է Կեսարիոյ մէջ։ Հայրը՝ Յովսէփը, Սարգիսին կեանքին մեծ մասէն բացակայ եղած է, մասամբ որովհետեւ օսմանեան բանակի զինուոր էր (թերեւս 1877-1878-ի ռուս-թրքական պատերազմի օրերուն)։ Մայրը՝ Ֆիրքանտան, ստիպուած էր մեծցնել որդին։ Սարգիսը ուշիմ էր, ժրաջան, աշխատասէր եւ լուրջ, բայց ուսում շատ չէր ստացած. 19-րդ դարու կեսարացի հայերէն շատերու պէս ինքն ալ թրքախօս էր։ Կեանքի ախորժակներ ունեցող երիտասարդ Սարգիսը հաստատուած էր Ատանա, որովհետեւ գործի հնարաւորութիւնները հոն աւելի մեծ էին քան Կեսարիոյ մէջ եւ որովհետեւ քոյրը՝ Մարին (ծն. Պագալեան) եւ քեռայրը՝ Տիգրան Աշըգեանը հոն կ’ապրէին։

Սկիզբը Սարգիս Պագալեանը քեռայրին՝ Տիգրան Աշըգեանին աշխատողն էր, ապա դարձաւ անոր գործընկերը վերջինիս նպարեղէնի մեծածախ առեւտուրի գործին մէջ։ Բիւզանդ Եղիայեանը իր գիրքին մէջ կը հաստատէ, թէ «նպարեղէնի ներածումը կ’ընէին Աշըգեան-Պագալեան .... եւ ուրիշներ։» [8]

1.Հայկուհիին օժիտէն՝ ոսկեայ խաչ, որուն ետեւի կողմը գրուած էր 1892 (ծննդեան տարին) եւ 1911 (ամուսնութեան տարին)։
2.Հայկուհիին օժիտէն`հովահար Պոլսոյ «Objet d'Art Pygmalion»-էն։
3.Հայկուհիին օժիտէն՝ ականջօղեր։

Ասիկա բաւարար չէր Սարգիսին համար. ան կ’երազէր աւելի սխրալի նախաձեռնութիւններ։ 1908-ին Տիգրան Աշըգեանը եւ Սարգիս Պագալեանը աղացներ արտադրող Ցիւրիխի «Davero, Henrici, & Co» ընկերութիւնէն կ’ապսպրեն ինքնաշխատ մեքենաներ։ Սարգիսը աղացի սարքաւորումներուն գինին կէսը կը վճարէ։ 1 յունուար 1909-ին Տիգրանը եւ Սարգիսը Մերսինի Օսմանեան կայսերական դրամատունէն կը ստանան պարտամուրհակ մը, որմով կը ճանչցուի Աշըգեան-Պագալեան նոր ընկերութիւնը։

Ատանայի կոտորածը տեղի կ’ունենայ ապրիլ 1909-ին։ Թուրքերը բազմաթիւ հայեր կը կոտորեն, եկեղեցիներ, գործարաններ, արհեստանոցներ, խանութներ, տուներ ու գոյքեր կ’աւերեն Կիլիկիոյ Ատանայի վիլայէթի ամբողջ տարածքին։ Աշըգեան-Պագալեան մեծաքանակ առեւտուրի կեդրոնը կը թալանուի ու կը հրդեհուի, խանութները եւ տուները յարձակումի ու կողոպուտի թիրախ կը դառնան։ Սարգիս Պագալեանը կ’ապաստանի Կիպրոս։ Ատանա կը վերադառնայ միայն երբ հոն նոր կուսակալ մը կը նշանակուի՝ Ահմէտ Ճեմալ Փաշան, որ Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան կողմէ ղրկուած էր հայերուն վստահութիւնը վերաշահելու համար։ Սարգիս Պագալեանի կանգ առած գործերն ալ կը վերսկսին։

Ատանա կը ժամանէ նոր, Զուիցերիա արտադրուած ինքնաշխատ շարժիչներով ալիւրաղացը։ Այդ օրերուն Աշըգեան-Պագալեան գործարանը Ատանայի արդիական չորս ալիւրաղաց գործարաններէն մէկն էր եւ միակը, որ հայու կը պատկանէր։ Ըստ Կ. Աշըգեանի գիրքին՝ Աշըգեան-Պագալեան ընկերութեան յաջողութեան համար Սարգիսը անհրաժեշտ դարձած էր։ Այս օրերուն է որ կեսարացի այս երկու ընտանիքները՝ Աշըգեանները եւ Պագալեանները իրենց առեւտրական կապերը կ’ամրացնեն ամուսնական կապեր ալ կնքելով 1911-ին։

Սարգիսին եւ Հայկուհի Պագալեանին տունը Մերսինի մէջ էր։ Հոն Հայկուհին ծնունդ տուած է հինգ զաւակի, որոնցմէ միայն երկուքը ապրած են մինչեւ չափահաս տարիքը։ Վեցերորդ մանչը ծնած է Կիպրոս.

  • Բագրատ Սարգիս Պագալեան (ծնեալ Մերսին 24 դեկտմբեր 1913-ին, մահացած Պաապտաթ (Լիբանան) 25 ապրիլ 1976-ին քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ)
  • Մամբիլ Պագալեան-Թուրեանց (ծնեալ Մերսին 5 մայիս 1919-ին, մահացած Քուինզ (Նիւ Եորք), 2000)
  • Վազգէն Սարգիս Պագալեան (ծնեալ Լառնաքա, (Կիպրոս) 8 նոյեմբեր 1921-ին, մահացած Պէյրութ 25 մարտ 2007-ին)։

Օսմանեան կայսրութիւնը, որ կը վայելէր Գերմանիոյ նեցուկը, Առաջին համաշխարհային պատերազմին կը մասնակցի 1914-ի հոկտեմբերին Սեւ ծովու կողմերը յարձակելով ցարական Ռուսիոյ վրայ։ Պատերազմի տարիներուն օսմանեան բանակը կը վարէր Ատանայի Աշըգեան-Պագալեան ալիւրաղացը։ Օսմանցի սպայ մը կը հսկէր գործառնութիւններուն, մինչ Սարգիս Պագալեանը եւ ջաղացպանը զինուորներուն հացին համար ալիւր կը հայթայթէին։ Կարապետ Աշըգեանը իր գիրքին մէջ կը գրէ. «Մեծ Պատերազմի ժամանակ Աշըգեան գործարանին զինուորական իշխանութեան հաշուոյն աշխատելուն համար զինուորութենէ եւ աքսորէ ալ կ’ազատին»։ [9] Անցաթուղթ մը կը հաստատէ, թէ Ցեղասպանութեան տարիներուն Սարգիս Պագալեանը օսմանեան բանակին համար ալիւր կ’արտադրէր.

Պապը Ալի [Բարձր դուռ, մեծ վեզիրի գրասենեակ], Ներքին գործոց նախարարութիւն, գաղտնագրուած հեռագիր[ներու գրասենեակ]։ Տարսոն հաստատուած գործարանատէր Շալուարճեան Մարտիրոս Էֆենտին, հայկական համայնքի անդամ պայմանագրով պարտաւորութիւն ունի մէկ միլիոն քիլոկրամ ալիւր հայթայթելու, Մերսինի Կառավարական ժողովի անդամ Հոռնանը՝ մատակարարելու միս, գարի եւ վարսակ, Տարսոնցի Տիգրան եւ Սիրական Սառաֆեանները՝ լուբիա եւ սիսեռ հայթայթելու, իսկ Սարգիս Պագալեանը (Ատանա)՝ ալիւր եւ ձաւար մատկարարելու։ Զինուորականութեան մատակարարումներուն պակասներէն խուսափելու նպատակով վերոյիշեալները, ինչպէս նաեւ Վանեսի որդի Գրիգոր Մակարօղլուն՝ երկաթուղագործ ընկերութեան գլխաւոր քարտուղարը, արտօնութիւն ունին ազատ տեղաշարժի գաւառէն ներս, ինչպէս նաեւ սահմանակից գաւառներ ու քաղաքներ ճամբորդելու։ Ըստ այդմ՝ զինուորականութեան կողմէ ունին թոյլտուութիւն եւ իրենց ձեռքին ունին փաստաթուղթեր՝ ազատ տեղաշարժ կատարելու գաւառէն ներս, ինչպէս նաեւ սահմանակից գաւառներ ու քաղաքներ։ [10]

Իսթանպուլի օսմանեան արխիւներուն մէջ գտնուող այլ փաստաթուղթի մը մէջ նշուած է, որ Սարգիսը ընտրուած էր Ատանայի նահանգային խորհուրդի անդամ։ [11] Ատանայի կուսակալի տեղակալը կը գրէ ներքին գործոց նախարարին եւ կը տեղեկացնէ թէ յոյն մը՝ Լիկոր Եատիսը եւ հայ մը՝ Սարգիս Պագալեանը նշանակուած էին խորհուրդի անդամ՝ փոխարինելու համար երկու իսլամ անձեր՝ Մուսթաֆա եւ Էսատ Էֆենտիները։ 9 փետրուար 1919 թուակիր այս ձեռագիրը կը կրէ ֆրանսական «Services Administratifs, l’Administrateur en Chef»-ի (վարչական ծառայութիւններ, գլխաւոր վարիչ) կնիքը եւ ձեռագիր մակագրութիւն՝ «Vu et autorisé / le 9.2.18 P. l’administration en Chef et p.o. Le Secrétaire Général» (կարդացուած եւ արտօնուած, 9.2.18, գլխաւոր տնօրինութեան եւ ընդհանուր քարտուղարի փոխարէն)։ Վերջաւորութեան կայ ստորագրութիւն (անընթեռնելի)։

Բարեբաստիկ պատահականութիւն էր Աշըգեան-Պագալեաններուն ալիւրաղացի գործի մէջ ներդրում կատարելը։ Շնորհիւ անոր 1915-ի ցեղասպանութեան եւ տարագրութեան օրերուն պիտի փրկուէր իրենց կեանքը եւ իրենց ազգականներուն կեանքը։ Սարգիս Պագալեանը Ազատ որմնադիր էր (մասոնական), եւ կ’ենթադրենք, որ իր ազգականներուն համար այդ շրջանակներէն միջամտութիւն խնդրած է եւ այլ հայերու ալ օգտակար եղած պատերազմի եւ Ցեղասպանութեան օրերուն։

Սարգիս Պագալեանը հեռատեսաբար բարեկամացած էր ալիւրաղացի գործողութիւնները վերահսկող օսման բարձրաստիճան սպային հետ։ Սպան խաղամոլ մըն էր։ Ինքը՝ Սարգիսը, թղթախաղի մոլի չըլլալուն գործի առած էր Պոտոսաքի [12] անունով յոյն երիտասարդ մը, որպէսզի խաղար սպային հետ եւ ձգէր որ վերջինս յաղթէր։ Ասկէ զատ, սպան նաեւ Սարգիսէն կախեալ էր, որովհետեւ վերջերս իրեն կանխիկ գումար կը մատակարարէր։ Անգամ մըն ալ ան Սարգիսէն սովորական աւելի խոշոր գումար մը կը խնդրէ։ Սարգիսը իրենց ցոյց կու տայ գործարանին բանալիները եւ կ’ըսէ «եկուր դուն դարձուր գործը, կ’ուզե՞ս»։ Մի քանի վարկեան մտածելէ ետք ան Սարգիսին կ’ըսէ որ գործը շարունակէ։ 1919-ին այս բարձրաստիճան թուրք սպան Սարգիսին կը յուշէ որ Ատանային անմիջապէս մեկնի՝ ըսելով. «Հիմա գնա՛, յետոյ ետ կու գաս»։ [13]

Պագալեաները եւ մի քանի ազգական ափալ-թափալ Մերսինէն նաւ կը նստին դէպի Կիպրոս, հետերնին տանելով ինչ որ կրնային իբրեւ գումար եւ թանկարժէք իր, ինչպէս նաեւ մի քանի զգացական արժէք ունեցող առարկայ։

Սարգիս Պագալեանի Կիպրոս տեղափոխուելու դրուագը տարբեր է կիլիկահայերու մեծամասնութեան պատմութենէն։ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք տասնեակ հազարաւոր հայեր, որոնք 1915-ին տեղահան եղած էին, վերադարձած էին իրենց հայրենի Կիլիկիան. անոնք պիտի միանային անոնց, որոնք մնացած էին հոն՝ իրենց տուներուն մէջ։

Սարգիսը եւ Հայկուհին կը հաստատուին Լառնաքա։ Հոն կը ծնի նաեւ իրենց ամենակրտսեր զաւակը՝ Վազգէնը։

Սարգիսը շուտով կ’անդրադառնայ թէ Կիպրոսի գործը նեղ ասպարէզ կը պարզէր։ Ան յայտնաբերողաճանաչողական ճամբորդութեան մը կը նախաձեռնէ եւ Լառնաքայէն կը բարձրանայ նաւ մը, որ կանգ պիտի առնէր Պէյրութ, Աղեքսանտրիա եւ Մարսիլիա։ Կ’ընտրէ Լիբանանը, որովհետեւ տեղուոյն մշակոյթը հարազատ էր իրեն, եւ շուկային մէջ թրքերէն կը խօսէին։

1920-էն 1943 Լիբանանը ֆրանսական հոգատարութեան տակ կը գտնուէր։ Սարգիսը առաջին անգամ Պէյրութ կ’այցելէ 1920-ին։ Հոն կը մնայ տարի մը, որ լիբանանահպատակ դառնայ, եւ այդ ընթացքին կը դառնայ Մոհամմէտ Ապտըլ-Քատէր Թաուիլի գործընկերը, որպէսզի Պէյրութի Տըպպաս հրապարակին վրայ ալիւրաղաց մը բանեցնեն միասին։ Սարգիսը եւ ընտանիքը մշտական բնակութիւն կը հաստատեն Լիբանան 1924-ին։

Սարգիսին յաջորդ քայլը կ’ըլլայ Քարանթինա թաղամասի Պրազիլ փողոցին վրայ գտնուող քաղաքային սպանդանոցին յարակից տարածքին մէջ կալուած մը գնելը։ 22 սեպտեմբեր 1932-ին Պէյրութի քաղաքապետութիւնը Սարգիսի որդի Բագրատին կու տայ հոն ալիւրաղաց եւ հայսերիզի (առիշտա, մաքարոնեղէն) գործարան հիմնելու իրաւունք։ Բագրատը գերմանական «MIAG» ընկերութեան արտադրութեան մեքենաներ կը ներածէ, որոնց կարողականութիւնը 24 ժամուան մէջ 25 000 քկ էր։

«Grands Moulins du Liban-Sarkis Bakalian»-ը (Լիբանանի մեծ աղացներ-Սարգիս Պագալեան) 1936-ի վերջաւորութեան պատրաստ էր գործարկման։ Գերմանացի մասնագէտ արհեստագէտին հետ գործարանը պտտող լրագրող մը լիբանանահայ Ազդակ օրաթերթին մէջ կը գրէ, թէ օրական 200 պարկ ալիւր կ’արտադրուի, թէ ցորենը կը բերուի Հուրանէն, թէ նախապէս կը բերուէր Համայէն, Հոմսէն, նոյնիսկ Հալէպէն, եւ կը յայտարարէ թէ հայսաթելի արտադրութիւնը կը մեկնարկի աշնան։ [14]

1.1920-ականներ։ Սարգիս Պագալեանը (կեդրոնը նստած) եւ իր շրջապատը (կրնայ ըլլալ Կիպրոսի մէջ)։

2. Լառնաքա, 1920: Տէր եւ տիկին Պետիրեանները իրենց աւագ դստեր՝ Անժելի հետ։ [Լուսանկարչատունը այս նոյն խորքային տեսարանը ընտրած է 1924-ին Սարգիս Պագալեանը եւ իր ընտանիքը նկարելու համար (Լառնաքա, 1924)]։ Պետիրեան ամոլը կրնայ ըլլալ որ Սարգիս եւ Հայկուհի Պագալեաններուն Կիպրոսի մէջ ծանօթացած ըլլայ, կրնայ նաեւ ըլլալ որ Ատանայէն ծանօթ էին։ Պագալեանները պիտի հաստատուէին Լիբանան, իսկ Պետիրեանները՝ Եգիպտոս։ Պետիրեանները չորս զաւակ ունէին՝ Անժել, Ժոզեֆ, Անթուան եւ Ալիս։ Կը պատկանէին հայ կաթողիկէ յարանուանութեան։ 1930-ականներուն ամառները կու գային Տհուր էլ Շուէիր, Լիբանան։ Պետիրեանները եւ Պագալեանները մտերմացած էին։ Իրարու միջեւ կը թղթակցէին թրքերէնով կամ հայատառ թրքերէնով։

3.Աղեքսանդրիա, Միջերկրական ծով, 1928։ Տիկին Պետիրեանը եւ չորս զաւակները՝ Անժելը, Ժոզեֆը, Անթուանը եւ Ալիսը կը լողան։

Սարգիս Պագալեանը մարդասէր էր. առանց յաւակնոտութեան, առանց ինքնագովութեան եւ առանց գոռոզութեան մարդասէր մը։ Գրիգորիս եպ. Պալաքեանը իր «Հայ Գողգոթան. Դրուագներ հայ մարտիրոսագրութենէն» յուշագրութեան մէջ երկարօրէն կ’անդրադառնայ Սարգիս Պագալեանի այլասիրութեան.

Այս օրերուն ինծի օգնութեան կը հասնէր նաեւ գործարանատէր ու ալիւրի վաճառական Սարգիս Պագալեան պարկ մը սպիտակ ալիւր ղրկելով, որով կը փրկուէի ամենամեծ մտատանջութենէ մը, զի դրամով ալ հնար չէր գտնել ոչ հաց, ոչ ալիւր։ (...)Տօքթ. Վարդապետեանէն վերջ, ամենաջերմ պաշտպանս կ’ըլլար ազնիւ կեսարացի Սարգիս Պագալեան, որ խոհեմ, անխօս, անշուք մարդ մըն էր, բայց ձեռքի տակէ հայ աղքատ անտէր ընտանիքներու տէր ու պաշտպան կ’ըլլար։ Երբ լսէր որ հայ անպաշտպան կին մը իր զաւակներով անօթի մնացեր է, անմիջապէս ալիւրի բաժին մը կը յատկացնէր անոնց։ Քանի՜ քանի դրացի հայ ընտանիքներու, որոնց անպատմելի թշուառութեան ականատես կ’ըլլայի, իրեն դիմում ընելով անմիջապէս ալիւրի պարէն մը կը տրամադրէր։ [15]

Անդին, ան կ’աւելցնէ.

Անգամ մը, երբ 1918-ի գարնան կրկին հայոց տուները խուզարկելով պահուած հայեր կը ձերբակալէին ու աքսորելով կը սպաննէին, այս ազնիւ նկարիչն էր [Լեւոն Քիւրքճեանը] որ կու գար իմ դժբախտ վիճակովս հետաքրքրուելու եւ ինծի օգնութիւն մը ճարելու համար Սարգիս Պագալեանի բարոյական օժանդակութիւնը կը խնդրէր։ Ու այս աղքատասէր եւ անձնուէր Կեսարացի բարեկամս ինծի լուր կը ղրկէ Քիւրքճեանի միջոցաւ թէ՝ չվախնամ բնաւ, ի հարկին եթէ ձերբակալուիմ, ինք պատրաստ է ինձ փրկելու համար 1000, 2000 ոսկի կաշառք տալ եւ ազատել։
Ստուգիւ, իբր գործարանտէր եւ օսմ. բանակի ալիւրի հայթայթիչ այնքան մեծ ազդեցութիւն ունէր կուսակալին վրայ եւ թուրք բարձր պաշտօնեաներու մէջ այնքան անկեղծ բարեկամներ ունէր, որ իրաւամբ կրնար ինձ օտակար ըլլալ վտանգուելու պարագայիս։
Այս անգամ երբ կ’իմանար որ Զուիցերիա փախչելու ծրագիր մը ունիմ, ինքնաբերաբար կ’երթար անձնուէր բարկեամիս Սարգիս Պագալեանի նիւթական օժանդակութիւնը խնդրելու, ու ինձ կը բերէր 100 թրքական ոսկի։
Տօքթ. Վարդապետեան եւս կը բերէր 100 ոսկի, ու ես արդէն փախուստիս ծրագիրը յաջողած կը համարէի, քանի որ 200 ոսկի ունէի տրամադրութեանս ներքեւ։
Ապա գաղտնապէս մօտս հրաւիրելով Ատանայի երկաթուղիի կեդր. կայարանի պետը, երկաթուղիով մինչեւ Գարա-Փունար ապահով հասնելու համար հարկ եղած հեռատես ամէն կարգադրութիւն կ’ըլլար։
[16]

1919-ին Պալաքեան սրբազանը իր լուսանկարին ետեւը (երիտասարդութեան նկար մը) գրուած երկտող մը կը ղրկէ Սարգիս Պագալեանին՝ իր երախտագիտութիւնը յայտնելով անոր իր օժանդակութեան եւ Ցեղասպանութեան օրերուն զինք Ատանայի մէջ ապահով պահելուն համար։

1. եւ 2. «Արտօնութիւն». 22 սեպտեմբեր 1932-ին Պէյրութի քաղաքապետարանը Բագրատ Պագալեանին արտօնութիւն կու տայ հիմնելու ալիւրաղաց եւ հայսերիզ արտադրող գործարան մը Պրազիլ փողոցին վրայ, Քարանթինա։

Սարգիս Պագալեանը եւ խնամիները եկեղեցիին մօտ մարդիկ էին։ Բարսեղ եւ Տիգրան Աշըգեանները հայոց եկեղեցիի բարերարներ էին։ 3 յունիս 1903 թուակիր Կեդրոնական վարչութեան ուղղուած իր նամակին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Սահակ Բ Խապայեանը [17] կը գրէ.

[Սիսի եկեղեցուոյ] ընդարձակ գաւթին արեւելեան կողմը չորս հինգ գետնայարկ սենեակներ կան ի գործածութիւն Վարդապետաց։ Այս սենեկաց վրայ Ատանաբնակ Կեսարացի Ուզուն-Աշըգեան եղբարք նոր երեք սենեակ շինեցին՝ ի յիշատակ կենդանեաց եւ ննջեցելոց։ [18]

Ապագա Բաբգէն կաթողիկոսը կը գրէ. «Նոյեմբերի վերջերը Սահակ Կաթողիկոս Ատանա գնաց, ուր իջեւանեցաւ Տիար Սարգիս Պագալեանի տունը, գրեթէ մէկ ու կէս ամսու չափ մնաց»։ [19]
Կարապետ Աշըգեանը իր գիրքին մէջ կը հաստատէ. «Զինադադարէն անմիջապէս ետք վեհափառ Սահակ կաթողիկոս Խապայեան, Անգլիոյ Միջին Արեւելքի դեսպան Մաքս Սայքսի ընկերակցութեամբ յատուկ կառաշարքով Հալէպէն Ատանա հասաւ»։ [20]

Աւելի ուշ Սարգիս Պագալեանը մեծապէս նպաստած է Պէյրութի Հաճըն թաղամասի սուրբ Գէորգ եկեղեցիի կառուցումին՝ գնելով հողը, որ իր գործարանէն շատ հեռու չէր։ Սարգիսին անունով յուշատախտակ մը կայ եկեղեցիին չորս մոյթերէն մէկուն վրայ։

Սարգիս Պագալեանը իր աշխատանքին պտուղները չվայելեց։ Տասը տարեկան Սիրարփին զինք կը տեսնէ գետնին փռուած ու կը կանչէ մայրը՝ Մարինա Աշըգեանը։ Սարգիս Պագալեանը մահացաւ 31 յուլիս 1937-ին Խանտաք ալղամիքի (Պաշուրա) իր տան մէջ սրտի տագնապէ 59 տարեկանին։ [21]

Օգոստոս 3-ի իր թիւով «Ազդակ»-ը մահախօսականով մը կը հաղորդէ «քաղաքիս յայտնի ազգայիններէն գործարանատէր պ. Սարգիս Պագալեանի» մահուան եւ յուղարկաւորութեան լուրը, [22] իսկ երկու օր անց ծաւալուն յօդուածով մը կ’անդրադառնայ մեծ «ազգասէր եւ մեծ մարդասէր» ազգայինի անձին։ Յուղարկաւորութիւնը, որ տեղի ունեցած էր հանգուցեալին մտերիմ, կաթողիկոսական ընդհանուր փոխանորդ գերապատիւ Պետրոս արք. Սարաճեանի նախագահութեամբ, բազմամարդ էր։ Սգակիրներու հոծ բազմութիւն մը կը հետեւէր հոգեւորականներուն, ընտանիքի անդամներուն [23] եւ ազգայիններուն։ «… Իր կորուստը կու լային տեղացի արաբներն ալ «եա՛ պապա, եա՛ պապա Սարգիս Պագալեան» ողբալով եւ դագաղը ձեռամբարձ տանելով»։ «Ազդակ»-ը այս յարգանքը կը վերագրէ ննջեցեալին հանդէպ երախտագիտութեան։ Արդարեւ, 15 նոյեմբեր 1937-ի «Պէյրութի տխուր դէպքերու միջոցին ողբացեալի կատարած դերին եւ թափած ջանքերուն՝ փարատելու համար մեր մահմետական հայրենակիցներու մեր մասին կազմած թիւր եւ սխալ կարծիքը»։ Սարգիսը բանագնացի դեր կատարած էր եւ վաստակած երկու խումբերուն երախտիքը։ [24]

Սարգիսը իր ժամանակէն առաջ ծնած մարդ մըն էր, յառաջադէմ, մարդասէր անձ մը, որ կրթութիւն ստանալու բախտը չէր ունեցած։ Անկախ մտածող էր. ոչ մէկ քաղաքական կուսակցութեան անդամակցած էր եւ ոչ մէկ իւրայատուկ գաղափարաբանութեան յարող էր։ Անոր նիւթական թէ այլ ձեւի օժանդակութիւնը աղքատներուն եւ անզօրներուն ուղղուած էին։ Իր որդիներն ալ պիտի իր այս արժէքներով ապրէին՝ լիբանանահայութեան եւ Լիբանանին իրենց նպաստը բերելով։ 1920-ականներուն եւ 1930-ականներուն Լիբանանի մէջ հայ երեւելիները փոքր թիւ կը կազմէին, եւ Սարգիսը անոնցմէ մէկն էր։

Կարապետ Աշըգեանը իր քեռայրին՝ Սարգիս Պագալեանին հանդէպ սառնութիւն կը ցուցաբերէ իր գիրքին մէջ։ Անոնք իրենց ապրած կեանքերով, անհատականութեամբ, տաղանդով եւ հմտութիւններով տարբեր մարդիկ էին. Տարբեր էին, գլխաւորաբար, իրենց ապրած ընկերային-քաղաքական ժամանակաշրջանին իւրաքանչիւրին վրայ ունեցած հետեւանքներով. նոյն կեանքը պարգեւատրած էր անոնցմէ մէկը եւ միւսը՝ մաշած։ Կարապետը հարուստ ընտանիքի զաւակ էր, հայկական եւ ֆրանսական դպրոցներու մէջ ուսում առած, ձի հեծնել, ճամբորդել, ընկերային կեանք սիրող։ Ան նաեւ քաղաքականութեան մէջ ուժերը փորձած էր եւ աւելի ուշ, հասուն տարիքին գրելու սկսած։ Ատանայէն ետքը իր կեանքը դժուար եղած էր, յատկապէս երբ Ռումանիան դարձած էր խորհրդային արբանեակ երկիր։ Որդին հաստատուած էր Մոնթրէալ (Գանատա), ինքն ալ գացած էր տղուն քով 1959-ին, երբ 70 տարեկան էր։ Կեսարացի Աշըգեան գերդաստանի սերունդները երախտապարտ են իրեն իր «Ուզուն Աշըգեան գերդաստանին պատմութիւնը» գիրքին համար։

Հայկուհի Աշըգեան-Պագալեանը 45 տարեկանին այրի կը մնար։ Ան շատ մօտիկ էր քրոջը՝ Մարինային հետ, եւ Հայկուհիին դուստրերը՝ Շաքէն եւ Սիրարփին մեծցած են իրենց զարմիկներուն՝ Բագրատին, Վազգէնին եւ Մամբիլին հետ։

1967-ի արաբիսրայէլեան պատերազմէն առաջ քոյրիկները՝ Հայկուհին եւ Մարինան, այցելեր էին գալիլիան ծովու ափին, Թիբերիայէն մէկ մղոն հարաւ գտնուող Համատի (Ալ Համմա արաբերէնով) ջերմուկները։ Քոյրերը տանողը 1930-էն մինչեւ իր մահը Սարգիս եւ Հայկուհի Պագալեաններուն հաւատարիմ վարորդ եւ բարեկամ Մերուժան Շահինեանն էր։ Մերուժանը ամուսնացած չէր. կ’ապրէր եղբօրը եւ անոր ընտանիքին հետ մէկ տան մէջ։ Մերուժանը եւ եղբայրը՝ Ղուկասը, Աֆիոն Գարահիսացի էին, իսկ Մերուժան եղբօր կինը՝ Հայկուհին՝ ատանացի։

Մերուժան Շահինեանը ունէր երկու եղբօրորդի եւ երկու եղբօրադուստր։ Աւագը՝ Գառնիկ Շահինեանը (ծնեալ Պէյրութ, 1927, մահացած Լոս Անճելես 2018) վաղ տարիքին ստիպուած եղած էր դպրոց չերթալու, սակայն ինքնուրոյն սորվելով հասած էր աւարտական եւ բարեյաջող յանձնած պաքալօրէայի քննութիւնը։ Ապա Քաղաքացիական ճարտարագիտութիւն ուսանած էր Պէյրութի ամերիկեան համալսարան եւ շատ յաջող ասպարէզ ունեցած Լիբանանի, Սուրիոյ, Ափրիկէի եւ Յորդանանի մէջ։ Երկրորդ զաւակը՝ Դշխուհին (ծնեալ Պէյրութ 1929-ին, մահացած Փարիզ 1996), ամուսնացած էր հայրենակից աֆիոն գարահիսարցի Նուպար Տէտէեանին հետ։ Երրորդ զաւակը՝ Գրիգոր Շահինեանը (ծնեալ Պէյրութ 1930-ին, մահացած Պէյրութ 2009-ին), ինքզինք ծնունդով եւ կոչումով մանկավարժ կը սեպէր, Համազգայինի Ճեմարանի կրթաթոշակով ուսանած էր Եւրոպա ապա երկար տարիներ դասաւանդած Ճեմարան հայ եւ ֆրանսական գրականութիւն։ Ան նաեւ գրական «Ահեկան» հանդէսին հիմնադիրն ու խմբագիրն էր։ Ամենակրտսեր զաւակը՝ Եղիսաբէթը, ամուսնացած էր Բենիամին Պալանձեանին հետ (1932-2004) համեմատաբար մեծ տարիքին։ Բենիամինը ակնոցագործ էր եւ Վազգէն Պագալեանի մանկութեան ընկերը մինչեւ մահ։ Գառնիկը, Դշխուհին, Գրիգորը եւ Եղիսաբէթը, ինչպէս նաեւ անոնց զաւակները, շատ կը սիրէին Մերուժանը եւ զայն կը համարէին իրենց երկրորդ հայրն ու մեծ հայրը։ Մերուժանը շատ կը սիրէին նաեւ Սարգիսին եւ Հայկուհիին զաւակներն ու թոռնիկները։

Հայկուհի Պագալեանը հմուտ եւ համբերատար էր խոհանոցի մէջ, յատկապէս միսի հետ կապուած գործերով։ Համբաւաւոր էին իր մանթըն, սու պէօրէկը եւ տոլմայի տեսակները։ Քրոջը՝ Մարինային հետ, պտուղ եւ բանջարեղէն կը պահածոյացնէր եւ ձմեռուան պաշար կը պատրաստէր՝ արմաւ, դդում, թութ, ծիրան, սերկեւիլ եւ քաղցր շարոց. միայն մի քանի բան թուարկենք։ Քաղցր շարոց պատրաստելը մոմ պատրաստելու եղանակով կ’ըլլայ։ Թելէ անցած ընկոյզները կը թաթխուէին խաղողի շփոթի մէջ, շերտ առ շերտ, ապա կը կախուին չորնալու։ Այս քաղցրեղէնները կը հրամցուէին հիւրերուն, որովհետեւ քաղցրաւենիքի խանութները մինչեւ 1960-ականները մեծ թիւ չէին կազմեր Լիբանանի մէջ։

Երբ ի վերջոյ Պէյրութ հաստատուեցան, Պագալեանները յարկաբաժին մը վարձեցին Խանտաք ըլ Ղամիք թաղամասին մէջ, ուր շատ հայեր տուն ունէին։ Ֆրանսաական հոգատարութեան տարիներուն (1920-էն 1943-ի Լիբանանի անկախացումը) այս թաղամասը այլազան ազգութիւններու եւ կրօններու պատկանող մարդոց բնակավայրն էր։ Խանտաք ըլ Ղամիքը մօտ էր «սուք»-ին (շուկային), կառավարութեան նստավայրին (Սահըթ ըլ Նըժմէ հրապարակ) եւ Նահատակաց հրապարկին։ 1922-ին Պագալեաններու շէնքին դիմացը Անարատ յղութեան քոյրերը կը հիմնեն սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանը։ Քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն (13 ապրիլ 1975-էն 1990) դպրոցը կը քանդուի, բայց քոյրերը արդէն դպրոցը փոխադրած էին Ֆանար-Ժտէյտէ։ Դպրոցին քովը կար Անդրանիկ Պզտիկեանի դերձակի արհեստանոցը, իսկ փողոցին միւս կողմը՝ Ուզունեան դեղարանը։

Ատանայէն, Մերսինէն տեղահանուելէ, այդքան տուն փոխելէ ետք Սարգիսը եւ Հայկուհին չէին ուզեր սեփականութիւն ունենար։ Իրենց որդիներն ալ նոյն ձեւով ապրած էին եւ միշտ նախընտրած տուն վարձել քան թէ Լիբանանի մէջ իրենց տունը շինել կամ գնել։ Պարզ էր ու բացայայտ, որ ալիւրաղացը եղած-չեղածը գործ էր, ապրուստ։

Հայկուհին իր ուրոյն ձեւով չէր ուզէր տան մէջ ոչ անհրաժեշտ բանի մը տէր ըլլալ։ Ան կը նախընտէր խոհանոցը տախտակէ պարապ սնտուկի մը վրայ նստիլ եւ ուրիշ սնտուկի մըն վրայ ալ իր բանջարեղէնները կտրտել, միսը կտրել, եւ այլն։ Անոնք սառնարան եւ նստասենեակի կահ-կարասի պիտի գնէին միայն երբ իր որդին վերամուսնացաւ 1949-ին։

Հայկուհին ընկերային անց մըն էր. աւելին՝ ամիսը անգամ մը իր տունը կը հրաւիրէր ազգականուհիներն ու ընկերուհիները, որ այցելէին իրեն եւ վայելէին իր հիւրասիրութիւնը։

1957-ին Բագրատ Պագալեանը ընտանիքը կը փոխադրէ Հորշ Պատարօ, որ Պէյրութի ձիարշաւարանին դրացիութեամբ շոճիներու մէջ զարգացող նոր թաղամաս մըն էր։ Խանտաք էլ Ղամիք փողոցի տունը, սակայն, կը բնակեցուի Ռումանիայէն փախած Աշըգեան գերդաստանի անդամներով։ 1950-ականներէն 1960-ականները անոնք պիտի անցնէին Լիբանանէն՝ տարի մը կամ երկու անցընելով հոն մինչեւ ստանային ԱՄՆ մուտքի արտօնագիրերը։

Պագալեաններուն պէս համեմատաբար բարեկեցիկ հայերը, որոնք ի վիճակի են այդպէս ընելու, Պէյրութ ամառուան հեղձուցիչ տաքէն խուսափելու համար յունիսէն սեպտեմբեր Լիբանանի լեռներուն վրայ տուն մը կը վարձէին։ Որոշ մարդիկ ամէն օր Պէյրութ կ’երթային-կու գային գործի համար, բայց եթէ գիւղը հեռու ըլլար եւ ճամբաները դժուարանցանելի, այրերը կը մնային քաղաքին մէջ եւ իրենց ընտանիքներուն կը միանային շաբաթավերջերուն։

Պագալեաններուն լուսանկարներուն մեծ մասը նկարուած է լեռնալիբանանի ամառնային գիւղերուն ու քաղաքներուն մէջ, սկսած 1930-ականներէն։ Ճարտար միտք կը պահանջէր եռոտանին ուսելը, լուսանկարչական խցիկը առնել ու լեռներ երթալը, ուր մարդիկ հանգիստ էին եւ լուսանկարուելու համար դիրք գրաւելու ու դրամ վճարելու պատրաստ։ Աւելի ուշ պիտի յայտնուէին լուսանկարչատուները։

Տհուր էլ Շուէրը կը գրաւէր այլ երկիրներէ այցելուներ, որովհետեւ յայտնի էր իր բարձ դիրքով եւ զով օդով, հոն կային պանդոկներ եւ պերճանքի այլ դիւրութիւններ։ Գահիրէէն, Պաղտատէն եւ Երուսաղէմէն հայեր կու գային Տհուր էլ Շուէր, մեծերն ու պզտիկները կ’ընկերանային ու անհամբեր կը սպասէին հանդիպելու հովեկութեան իրենց ընկերներուն։

1930-ականներուն բժիշկները Սարգիս Պագալեանին կը յանձնարարեն նուազ բարձրութեան վրայ գտնուող գիւղ մը օդափոխութեան երթալ, բան մը որ աւելի լաւ պիտի ըլլար անոր սիրտին համար։ Հետեւաբար Պագալեանները ամառը կ’անցընեն Աարայ (Դամասկոսի ճամբուն վրայ, Ալէի եւ Քահալէի մօտիկ, ապա քիչ մը աւելի անդին՝ Ապատիէ։

1950-ականներուն Պագալեանները կը վերադառնան Տհուր էլ Շուէր, երբ Բագրատը վերամուսնացած էր եւ զաւակներ ունէր։ Անոնք տեղ մը կը վարձեն բլուրի մը վրայ, որ կը գտնուէր «Հոթէլ սէնթրալ» պանդոկէն հարաւ, ինչպէս նաեւ «Ալ Քասուֆ կրանտ հոթէն»-էն։ Այս պանդոկը համբաւաւոր էր։ 1930-ականներուն շինուած էր։ Ֆարուք թագաւորը, Ֆարիտ ալ Աթրաշը, Ում Քուլթհումը եւ այլ հռչակաւոր անձեր հոն մնացած էին, եւ Լիբանանի գեղուհի ընտրելու առաջին մրցումը (1935) հոն տեղի ունեցած էր։

Պագալեանները վարձած էին առաջին յարկի վրայ գտնուող յարկաբաժին մը, իսկ վերի յարկին կ’ապրէր Տէրմէնճեան ընտանիքը։ Ընտանիքին հայրը՝ Լեւոնը, դեղագործ էր (վկայեալ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն) իսկ մայրը՝ Անժէլը (ծնեալ՝ Սիւլահեան) այնթապցի էին։ Չորս դուստր ունէին եւ որդի մը։

Հայկուհին, ինչպէս իր ամուսինը եւ Աշըգեանները, 1956-ի ամռան իր տան մէջ ապաստան տուած է Խաթ արք. Աջապահեան սրբազանին եւ այլ հոգեւորականի մը, որովհետեւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսի (Անթիլիաս, Լիբանան) վիճայարոյց ընտրութիւն մը տեղի կ’ունենար։ Տագնապը Հայաստանեայց եկեղեցուոյ եւ Պաղ պատերազմի քաղաքական վերիվայրումներուն հետ կապ ունէր։

1959-ին Հայկուհի Պագալեանը օդանաւով Պէյրութէն Երեւան կ’երթայ այցելելու իր դստեր՝ Մամբիլ Պագալեան-Դուրեանցին եւ առաջին անգամ տեսնելու իր թոռնիկը՝ Կարօն։ Մայր ու աղջիկ 1947-էն ի վեր զիրար չէին տեսած։ Մօտաւորապէս երեք ամիս հոն անցընելէ ետք Հայկուհին տուն կը վերադառնայ։

Հայկուհին կը սիրէր լեռնէր։ Մահացած է Պէյթ Մէրիին մէջ, ուր Բագրատին ընտանիքը ամառը օդափոխութեան եկած էր։

Մարինա Բարսեղ Աշըգեանը (ծնեալ Ատանա, 1896-ին - մահացած Պէյրութ 1974-ին, ամուսնացած Պետրոս Ստեփան Աշըգեանին հետ) յաճախած էր հայկական վարժարան, ապա՝ Ատանայի ֆրանսական քոյրերու դպոցը։ Մարինան եւ մեծ քոյրը՝ Հայկուհին Ատանայի 1909-ի ապրիլի կոտորածներուն ականատես վկաներ էին Մարինան, 13 տարեկան հասակին, իսկ Հայկուհին՝ 17 (տե՛ս աւելի վեր Հայկուհի Պագալեանին մասին)։

Մարինան տաղանդաւոր էր ասեղնագործութեան, ձեռագործի, ժանեակագործութեան, հելունագործութեան մէջ, ինչպէս նաեւ նրբախորտիկներ պատրաստելու եւ բաս-բարակ խմոր բանալու՝ պէօրէկ, սու պէօրէկ, մանթի եւ սարը պուրմա պատրաստելու համար։

Մարինա մօրաքոյր-հօրաքոյրին պզտիկները «Մամու» կը կոչէին գորովով։ Տան մէջ նուագարկիչ ունէր, եւ բոլորը երգեր մտիկ ընէին, նոյնիսկ թրքերէն շատ յայտնի Իւսքիւտարա կիտէր իքէն շարքին։ Մարինան քրոջը զաւակներուն թուղթ խաղալ կը սորվեցնէր եւ միասին «աղջիկ փախցնել» կը խաղային։

Մարինան բժշկելու տաղանդ ալ ունէր. շատ յաճախ ձմեռուան ընթացքին երբ ազգականներէն մէկը պաղառութիւն ունենար, Մարինան «շիշ կը քաշէր» հիւանդին կռնակին։

1917-ին Մարինան Մերսինի մէջ ամուսնացած էր Պետրոս Ստեփան Աշըգեանին հետ (ծնեալ Կեսարիա 1886-ին, մահացած Պէյրութ 1958-ին)։ Ինքը 21 տարեկան էր, Պետրոսը՝ 31։ Ինչպէս այս տոհմի անդամներէն շատերուն պարագային էր, Մարինան եւ Պետրոսը ազգականական կապ ունէին. Պետրոսին մեծ հայրը Պետրոս Աշըգեանն էր, որ տոհմի նահապետին որդին էր, իսկ Մարինային մեծ հայրը Կարապետ Աշըգեանն էր։

Մարինան եւ Պետրոսը ունեցած են որդի մը, որ վաղ հասակին մահացած է։ Ապա ունեցած են երկու դուստր.

  • Շաքէ Աշըգեան-Նաճարեան (ծնեալ Մերսին 12 ապրիլ 1921-ին, մահացած Նիւ Եորք 19 փետրուար 2007-ին)
  • Սիրարփի Աշըգեան-Եաղճեան (ծնեալ Լառնաքա 1927-ին)

Քոյրերը շատ մտերիմ էին իրարու հետ, մանաւանդ Հայկուհիին այրիանալէն ետք (1937)։ Մօտիկ էին նաեւ իրենց մօր՝ Տիրուհիին հետ, որ մէկ տարի անձ (1938) Ռումանիայէն Լիբանան փոխադրուած էր։ Մարինան ընտանեօք կ’ապրէր Խանտաք էլ Ղամիք թաղամաս, «Արթ Տէքօ» ոճով շինուած գեղեցիկ շէնքի մը առաջին յարկին, Հայկուհիին յարկաբաժինին երկու քայլ անդին։ Ամեն օր Մարինան բարեւ մը կ’ըսէր մօրը եւ քրոջը, եւ քալելով կ’երթային Պէյրութի «սուքերը» բանջարեղէն, միս, ձուկ, հաց կամ անհրաժեշտ այլ բաներ գնելու։ Տուն կը վերադառնային «համմալ»-ի մը (բեռնակիր) հետ, որ գնումներով լեցուն հսկայ կողով մը կ’ունենար շալակին։

Մարինա Աշըգեանի հելունագործութեան նմուշ-նախշերու գրքոյկը (երկկողմանի 8 կտորէ էջերէ բաղկացած գրքոյկ. միայն 5 էջը պարապ են)։

Պետրոս Աշըգեանին ծնողները Ատանա փոխադրուած էին երբ վերջինս շատ պզտիկ էր։ Պետրոսը սկիզբը յաճախած էր հայկական վարժարան, ապա ֆրանսացի կաթողիկէ վարդապետներու դպրոցը։ Պետրոսը կ’աշխատէր Շահմիր աղային՝ իր հօրեղբօր նպարավաճառի խանութը (Ատանայի հրապարակի ժամացոյցին մօտ)։ Խանութը կը կողոպտուի 1909-ին։ Պետրոսը Աշըգեան-Պագալեան ալիւրաղացի գործարանին մէջ գրագիր կը դառնայ, ինչ որ զինք կը փրկէ տարագրութեան կամ զինակոչուելու հետեւանքով գալիք մահէն։ Կիլիկիոյ գրաւումէն եւ պարպումէնետք (մայիս 1920-էն հոկտեմբեր 1921), երբ թրքական ազգային շարժումը կը յաղթէ եւ ֆրանսացիները կը լքեն հայ բնակչութիւնը եւ հայերուն շահերը, Պետրոս Աշըգեանը ընտանիքը կը փոխադրէ Կիպրոս։ Ան կը դառնայ Նիկոսիոյ Մելգոնեան վարժարանի շինարարութեան վերակացուն։

1924-ին Սարգիս Պագալեանը Լիբանան հաստատուած էր եւ առաջարկած էր իր աներձագին՝ Պետրոսին, որ Պէյրութ գար։ Սարգիսը Մոհամմէտ Ապտելքատէրի գործընկերը դարձած էր եւ ալիւրաղաց գործարան մը բացած Պէյրութի կեդրոնին մէջ։ Պէտք ունէր Պետրոսի վարչարարական եւ հաշուապահական հմտութիւններուն։

Սարգիսի մահէն ետք (1937) իր ժառանգորդները՝ Բագրատ եւ Վազգէն Պագալեանները կախեալ էին Պետրոսէն թէ՛ խորհուրդներու համար եւ թէ՛ վերջինիս պատմական յիշողութեան համար։ 1943-ին անոնք նոր ընկերութիւն մը կը հիմնեն, «Société Industrielle du Levant, s.a.l.»-ը որուն հոգաբարձուներու խորհուրդին անդամ էր Պետրոսը մինչեւ իր մահը (1958-ին), իսկ իր փորձառութիւնն ու իմաստնութիւնը քրոջ զաւակներուն համար անգնահատելի արժէք ունէին։

Պետրոսը կը մահանայ 77տարեկան հասակին 1958-ին, երբ Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմ էր (նաեւ հայկական եղբայրասպան պատերազմ)։ Իր կեանքին վերջին տասնամեակին Մարինան կ’ապրէր դստեր՝ Սիրարփիին յարկաբաժինին մէջ, որ Պէյրութի ազգային թանգարանին դիմացը կը գտնուէր։ Ան խենթ կ’ըլլար իր թոռնիկներուն՝ Վիգէն եւ Պատրիկ Եաղճեաններուն վրայ։

Յարութիւն եւ Աննուկ Աշըգեաններու սերունդները

Վահան Յարութիւն Աշըգեանը (ծնեալ Ատանա 1890-ի շուրջ, հաւանաբար Եգիպտոս մահացած) Ատանայի 1909-ի կոտորածին օրերուն կ’երթայ Կիպրոս, ապա Եգիպտոս, ուր շոգենաւային ընկերութեան մը մէջ գործ կը գտնէ եւ կը ճամբորդէ Եգպիտոսէն Պարսից Ծոց եւ ետ։

Վերժին Յարութիւն Աշըգեանը (ծնեալ Ատանա, 1892-ի շուրջ, մահացած Կիպրոս, 1960-ականներուն) Կիլիկիոյ պարպումէն ետք 1920-ին ծնողքին հետ կը փոխադրուի Կիպրոս։ Վերժինը ամուսնացած չէր։ Մինչեւ մահը կ’ապրի Նիկոսիա։ Ան Յարութիւն Աշըգեանի սերունդներուն վերջին ներկայացուցիչն էր։

Տիգրան եւ Մարի Աշըգեաններու սերունդները

Ատէլ Տիգրան Աշըգեանը (ծնեալ 1886-ի շուրջ, մահացած Պաղտատ 1960-ականներու սկիզբները) 1901-ին ամուսնացած էր Տիրան Կարապետ Գազանճեանին հետ (ծնեալ Ատանա 1880-ականներուն, մահացած Պէյրութ, 1947-ին)։ Յաճախած է Ատանայի ամերիկեան միսիոնարական դպրոցը։ Տիգրան Գազանճեանը աւարտած էր Տարսոն քոլեճը։

Ունէին երկու դուստր եւ երկու որդի՝

  • Արփինէ Գազանճեան-Սալաթեանը (ծնեալ Ատանա, 1903-ին, մահացած 8 դեկտեմբեր 1978-ին Աթէնք)
  • Յարութիւն Տիրան Գազանճեանը (ծնեալ Ատանա, 1 օգոստոս 1906-ին, մահացած 10 դեկտեմբեր 1978-ին Աթէնք)
  • Անահիտ Գազանճեան (ծնեալ Ատանա 1907-ին, մահացած Պաղտատ 1981-ին)
  • Պերճ Տիրան Գազանճեան (ծնեալ Լառնաքա (Կիպրոս) 15 սեպտեմբեր 1921-ին, մահացած Պէյրութ 17 մայիս 1978-ին)։

Ատէլը ամուսինին, երկու զաւակներուն (կրտսերը՝ Պերճը, տակաւին չէր ծնած), ծնողքին եւ քոյր-եղբայրներուն հետ տեղահանութեան ճամբաներով Առաջին համաշխարհային պատերազմին հասած էր Հալէպ (տե՛ս աւելի վեր «Տիգրան Աշըգեան» հատուածը)։ Իրենց հօր մահէն ետք Գազանճեան ընտանիքը եւ հոն մնացած Աշըգեանները կարճ ատեն մը կ’ապրին Լառնաքա (Կիպրոս)։ Երբ Կիլիկիա վերադառնալու յոյսերը ի չիք կը դառնան, կը փոխադրուին Պէյրութ։ Պէյրութ երթալու ուրիշ պատճառ մըն ալ ունէին՝ կ’ուզէին որ պզտիկները լաւ ուսում առնէին։ Մի քանի տասնամեակ հոն ապրելէ ետք Տիրան Գազանճեանը կը մահանայ։ Ատէլը՝ իր այրին, կը հաստատուի Պաղտատ, ուր իրենց դուստրը՝ Անահիտը կ’ապրէր։

Մուրատ Տիգրան Աշըգեանը (ծնեալ Ատանա 1891-ին, մահացած Պէյրութ, 1960-ի կողմերը) ուսումը ստացած էր Ատանայի մէջ։ Մուրատը մտերիմ էր իր զարմիկին՝ Կարապետ Բարսեղ Աշըգեանի հետ, որմէ մօտաւորապէս երկու տարի աւելի պզտիկ էր։ Անոնք կը սիրէին ձի նստիլ եւ ընկերային հաւաքոյթներու մասնակցիլ։ Ատանայի 1909-ի կոտորածներէն ետք ան ընտանիքով կը փոխադրուի Մերսին։ Մուրատի հայրը Ատանայի մէջ կ’աշխատէր, եւ շաբաթավերջերն ու տօն օրերը Մերսին կ’անցընէր ընտանիքին հետ։ Երբ Մուրատը կը զօրակոչուի օսմանեան բանակ, հայրը փրկագին կը վճարէ եւ Մուրատը ծառայութենէն ազատ կը կացուցանուի։

Աւելի ուշ, դեռ երիտասարդ երկու զարմիկները՝ Բարսեղի որդի Կարապետը եւ Տիգրանի որդի Մուրատը Մերսինի մէջ կը բանան «Մ. Եւ Կ. Աշըգեան» ընկերութիւնը, բայց նախագիծը արդիւնաւէտ չ’ըլլար։

Տեղահանութեան օրերուն Մուրատը ընտանիքին հետ կը փոխադրուի Հալէպ։ Հոն կը մնան մինչեւ զինադադարը (1918), ապա կը վերադառնան Ատանա։ Երկու տարի անց Տիգրան Աշըգեանը՝ Մուրատին հայրը, կը մահանայ եւ կը յուղարկաւորուի Ատանայի մէջ։ Մուրատը ընտանիքին կը միանայ Կիպրոսի մէջ։ Սկիզբը կ’աշխատի քեռիին՝ Սարգիս Պագալեանին հետ։ Երբ Պագալեանը Պէյրութ կը փոխադրուի, Մուրատի գործերը ձախող ընթացք կ’ունենան։ Քանի որ իր քոյր-եղբայրներն ալ Լիբանան հաստատուած էին, Մուրատը կը միանայ անոնց, ուր կը շարունակէ նոր գործարքներու ձեռնարկել, օրինակ մեքենայական իլիկներ կը ներածէ, ինչպէս նաեւ Հալէպի մէջ մեքենաներ վաճառել կը փորձէ։ Մուրատի ծրագիրները յաջողութեամբ չեն պսակուիր ոչ Լառնաքայի, ոչ ալ Պէյրութի մէջ։

Մուրատը ամուրի կը մեռնի Պէյրութի մէջ եւ կը թաղուի մօրը քովը, որուն գերեզմանը կը գտնուէր Պէյրութի հայկական գերեզմանոց դարպասին անմիջապէս ձախին։ Մուրատէն ետք կը մեռնի քոյրը՝ Զարուհին։

Լուսածին Տիգրան Աշըգեան (ծնեալ Ատանա 1895-ի շուրջ, մահացած Պէյրութ, 1 հոկտեմբեր 1968-ին) յաճախած էր Ատանայի ֆրանսական դպրոցը, կը նուագէր դաշնամուր, նկարչութեան դաս առած էր, ձեռագործի, հելունագործութեան վարպետ էր, ունէր նաեւ այլ տաղանդներ։ Ամուսնացած չէր։ Սկիզբը կ’ապրէր հօրը տունը, ապա քրոջը՝ Զարուհիին եւ եղբօրը՝ Մուրատին հետ, Լառնաքա եւ Պէյրութ։ Կը սիրէր ընտանիքին հետ ժամանակ անցընել։

Զարուհի Տիգրան Աշըգեանը (ծնեալ Ատանա 1897-ի շուրջ, մահացած Պէյրութ 1963-ին) իր քոյրերուն պէս յաճախած էր Ատանայի ֆրանսական վարժարանը։ Գիտէին հայերէն, թրքերէն, ֆրանսերէն եւ երեւի քիչ մըն ալ արաբերէն սորված էին Լիբանան հաստատուելէ ետք։ Զարուհին եւ Լուսածինը ֆրանսական «Mode et Travaux» (հիմնադրուած 1919-ին, Փարիզ) հանդէսին հաւատարիմ բաժանորդներն էին։ Զարուհին դաշնակ կը նուագէր, կը գծէր, ձեռագործի (ասեղնագործ թէ հելուն) վարպետ էր։ Ամուսնացած չէր։ Կը սիրէր իր եղբայր-քոյրերուն զաւակներուն եւ թոռնիկներուն հետ ժամանակ անցընել։

Ցոլինէ Տիգրան Աշըգեանը ամուսնացած էր Կարապետ Ճերճիրեանի հետ (ծնեալ Ատանա, 1901-ին, մահացած Մարսիլիա, 1960-ին) մինչեւ Ատանայի կոտորածը ընտանիքին հետ կ’ապրէր հոն։ Կոտորածէն ետք կը փոխադրուին Մերսին։ Ցեղասպանութեան օրերուն ընտանիքը կ’աքսորուի, բայց Ցոլինէին հայրը կը յաջողի Հալէպ հաստատուիլ։ 1918-ի զինադադարէն ետք կը վերադառնան Ատանա։ Հօր մահէն ետք (1920-ին) մօր եւ քոյր-եղբայրներուն հետ կարճ ժամանակ կ’ապրի Կիպրոս, ապա կը հաստատուի Պէյրութ։

1931-ին Ցոլինէն ամուսնացած էր Կարապետ Ճերճիրեանին հետ Մարսիլիոյ մէջ։ Ինչպէս այս ընտանիքներուն մէջ կնքուած ամուսնութիւններուն մեծ մասին պարագային, այս անգամ ալ փեսան արիւնակից էր հարսին։ Հարսնցուին ընկերակցող մը պէտք էր Մարսիլիա հարս երթալու համար։ Հօրաքոյրը՝ Նեւրիկ Աշըգեան-Թելալեանը առանց զաւակ ունենալու այրիացած էր, ուրեմն Ցոլինէին ընկերանալու համար ամենաճիշդ անձն էր։ Պսակադրութիւնը տեղի կ’ունենայ սրբոց Թարգմանչաց հայ առաքելական եկեղեցիին մէջ։

Հետաքրքրական փաստ մը՝ 25 հոկտեմբեր 1931-ին Գրիգորիս եպ. Պալաքեանը կը նշանակուի Մարսիլիոյ հայոց առաջնորդ (կեդրոնատեղին սուրբ Թարգմանչաց եկեղեցին էր)։ Կրնանք երեւակայել ինչ հաճելի անակնկալ էր իրեն համար Աշըգեան մը պսակել եկեղեցիին մէջ։ Հաւանական է որ ինքը մկրտած է Ցոլինէի եւ Կարապետ Ճերճիրեանի որդին։

Ցոլինէն եւ Կարապետը ունէին երկու որդի՝

  • Գառնիկ/Շարլ Կարապետ Ճերճիրեանը (ծնեալ Մարսիլիա, 1932-ին, մահացած Մարսիլիա 16 դեկտեմբեր 2017-ին),
  • Տընի Կարապետ Ճերճիրեանը (ծնեալ Մարսիլիա 1936-ին)։

Միհրան եւ Կիւլենիա Աշըգեաններու սերունդները

Էլիզ Միհրան Աշըգեանը (ծնեալ Ատանա 1899-ին, մահացած Զահլէ (Լիբանան) 1930-ի շուրջ)ամուսնացած էր կեսարացի Լեւոֆէթ Մ. Բամպուքճեանին հետ (1920-ի կողմերը) Կեսարիոյ մէջ։ Ունէին դուստր մը՝ Մայտա Լեւոֆէթ Բամպուքճեանը (ծնեալ Լիբանան, 1922-ի շուրջ, մահացած է Լիբանան)։

Դժբախտաբար Էլիզը երիտասարդ հասակին մահացած էր՝ այրի ձգելով իր ամուսինը եւ որբ ձգելով դուստրը՝ Մայտան։ 

Լեւոֆէթ Բամպուքճեանը ընկերային կեանք սիրող յաջողակ գործարար մըն էր։ Աւելի ուշ ան Պէյրութի գետի ափին գտնուող «Minoterie Pamboukdjian» (աղաց)-ը պիտի աշխատցնէր։ Լեւոֆէթին պէս լաւ աշխատողները պէտք էր ընտանիքին մէջ պահել։ Ուրեմն իր զոքանչը՝ Կիւլենիա Կարապետի Փալամութեանը, որ ամուսնացած էր Միհրան Աշըգեանին հետ, կը քաջալերէ իր այրի փեսան, որ ամուսնանայ Էլիզի քոյր Վիքթորին հետ։

Կրնայ ըլլալ Լեւոֆէթ Բամպուքճեանը որդին էր այդ Բամպուքճեանին, որ Ատանայի մէջ սառոյցի եւ բամպակի գործարան ունէր։ Բիւզանդ Եղիայեանը իր գիրքին մէջ կը նշէ, որ Ատանայի մէջ սառոյցի չորս գործարան կար՝ մէկը Աշըգեան-Պագալեանն էր, միւսը, նորէն հայու պատկանող՝ Բամպուքճեան-Տօնիկեանը։ Եղիայեանը կը նշէ նաեւ, թէ Ատանայի մէջ «բամպակը հունտէն զատող» գործիքներ ունեցող ընտանիքները Աշըգեան-Պագալեաններն էին, Բամպուքճեան-Մարտիկեանները եւ երկու այլ հայ ընտանիքներ։ [25]

Լուիզ Միհրան Աշըգեանը (ծնեալ Ատանա in 1901—մահացած Պէյրութ 1970-ականներուն) կ’ապրէր Ատանա իր ընտանիքին, մեծ հօր, մեծ մօր եւ հօրեղբայրներուն ընտանիքներուն հետ։ Ատանայի կոտորածէն ետք ընտանիքը կը փոխադրուի Մերսին։ 1919-ին մայրը դուստրերուն հետ կը փոխադրուի Կիպրոս, մի քանի տարի անց ալ՝ վերջնականօրէն Լիբանան կը հաստատուին։ Լուիզը ամուսնացած չէր։ Կ’ապրէր քրոջը՝ Բարուհիին հետ։

Վիքթորիա/Վիքթոր Միհրան Աշըգեանը (ծնեալ Ատանա, 1904-ի շուրջ, մահացած Պէյրութ 1970-ականներուն, ամուսնացած էր Լեւոֆէթ Մ. Բամպուքճեանին հետ) Ատանա կ’ապրէր մեծ տան մը մէջ, մեծ հօր, մեծ մօր եւ հօրեղբայրներուն ընտանիքներուն հետ։ Ատանայի կոտորածէն ետք ընտանիքը կը փոխադրուի Մերսին։ Հայրը կը մահանայ երբ Վիքթորը երկու տարեկան էր։

1919-ին մայրը եւ քոյրերը կը փոխադրուին Կիպրոս։ Մի քանի տարի անց՝ վերջնականօրէն Լիբանան կը հաստատուին։ Երբ մեծ քոյրը՝ Էլիզը կը մահանայ, Վիքթորը կ’ամուսնանայ անոր այրի ամուսինին՝ Լեւոֆէթ Բամպուքճեանին հետ։ Վիքթորը մայրութիւն կ’ընէ իր քրոջ աղջկան՝ Մայտային եւ Լեւոֆէթին հետ կ’ունենայ մէկ որդի եւ երկու դուստր՝

  • Միհրան Լեւոֆէթ Բամպուքճեանը (ծնեալ Պէյրութ 1935-ի շուրջ)
  • Լիզեթ Լեւոֆէթ Բամպուքճեանը (ծնեալ Պէյրութ 1937-ի շուրջ)
  • Միրանտա Լեւոֆէթ Բամպուքճեանը (ծնեալ Պէյրութ 1939-ի շուրջ)

Բարուհի Միհրան Աշըգեանը (ծնեալ Ատանա 1906-ին, մահացած Պէյրութ 1980-ականներուն)ամուսնացած էր Սարգիս Պետրոս Ուրֆալեանին հետ։ Ան ծնած էր հօր մահէն անմիջապէս առաջ։ Միհրանի ընտանիքը, ինչպէս Աշըգեաններէն շատերը, Ատանայէն Կիպրոս գացած է, ապա հաստատուած Լիբանան։

Բարուհիին ամուսինը՝ Սարգիս Ուրֆալեանը (ծնեալ Մերսին 1910-ի շուրջ, մահացած Պէյրութ 1961-ին) ուսում ստացած էր Պասրայի մէջ (Իրաք)։ Ընկերական մարդ էր, բրիտանական ընկերութեան մը մէջ լաւ պաշտօն ունէր։ Կը փոխադրուի Թրիփոլի (Լիբանան) եւ ի վերջոյ կը հաստատուի Պէյրութ։ Դժբախտաբար վաղաժամ կը մահանայ 1961-ին։

Բարուհի եւ Սարգիս ունէին մանչ մը եւ դուստր մը՝

  • Փիթեր Սարգիս Ուրֆալեանը (ծնեալ Պէյրութ 1949-ի շուրջ)
  • Պելլա Սարգիս Ուրֆալեան (ծնեալ Պէյրութ 1953-ի շուրջ)

Փիթերը եւ Պելլան մանուկ էին, երբ կը կորսնցնեն իրենց հայրը։ Ըստ Կարապետ Աշըգեանին գիրքին՝ Լեւոֆէթ Բամպուքճեանը տիրութիւն ըրած է իրենց։

Հինգերորդ սերունդը. Լիբանանի մէջ

Սարգիս եւ Հայկուհի Պագալեաններու սերունդները

Բագրատ Սարգիս Պագալեան (ծնեալ Մերսին, 24 դեկտեմբեր 1913-ին, մահացած Պաապտաթ (Լիբանան), 25 ապրիլ 1976-ին) Սարգիսին եւ Հայկուհիին երկրորդ որդին էր։ Դժբախտաբար իր Թորգոմ եղբայրը շատ շուտ մահացած էր, հաւանաբար 1914-ին։

Առաջին համաշխարհային պատերազմին օսմանեան բանակը գրաւած էր Ատանայի Աշըգեան-Պագալեան ալիւրաղացը՝ բանակին հաց մատակարարելու համար։ Ցեղասպանութեան օրերուն Աշըգեանները եւ Պագալեանները տեղահան չէին եղած, մինչ բազմաթիւ հայեր անապատներ աքսորուած էին ու մահացած։

Բագրատին հայրը բարեկամացած էր բարձրաստիճան սպայի մը հետ, որ նշանակուած էր բանակի տրամադրութեան տակ դրուած ալիւրաղացին պատասխանատու։ 1919-ին այս մարդը կը յուշէ Սարգիսին, որ լաւ կ’ընէ անմիջապէս հեռանայ Ատանայէն։ Պագալեանները եւ իրենց ազգականներէն ոմանք կը մեկնին Կիլիկիայէն իրենց փոխադրելի հարստութիւնն ալ հետերնին տանելով։ Սարգիս Պագալեանը կ’որոշէ իր յաջորդ ալիւրաղացը հիմնել Պէյրութի մէջ։

Հաւանական է, որ Բագրատը նախակրթարան Կիպրոս յաճախած ըլլայ։ Պէյրութի մէջ կը յաճախէ Պէյրութի ամերիկեան համալսարան ուսման նախապատրաստող «Prep School» երկրորդական վարժարանը (1936-ին ան պիտի վերանուանուէր «International College (IC)»)։

Բագրատը Պսակաւոր գործարարութեան կոչումով կ’աւարտէ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը 1936-ին։ Իր հայ դասընկերներէն էր Կիւլպէնկ Աւետիս Կիւլպէնկեանը (ծնեալ Թալաս 1913-ին, մահացած Պէյրութ 1979-ի շուրջ)։ Բագրատին ընկերներէն էր նաեւ Յակոբ Կարապետ Թուրեանցը, որ Եգիպտոսէն էր եւ պիտի դառնար Բագրատին քրոջ՝ Մամբիլին ամուսինը։

Բագրատին համալսարանաւարտ ըլլալէն տարի մը ետք հայրը՝ Սարգիս Պագալեանը, կը մահանայ գործը ձգելով որդիներուն. Բագրատը 23 տարեկան էր, Վազգէնը՝ 16։ Վազգէնը կը շարունակէ դպրոց յաճախել մինչեւ Ժեզուիթ հայրերու վարժարանէն շրջանաւարտ ըլլալը եւ «պաքալօրէա»-ն ստանալը։ Գործին մէջ իրենց վստահելի աւագը քեռի Պետրոս Աշըգեանն էր։

1943-ին Պագալեանները կը ստեղծեն 75 տարուան արտօնագիրով գործող նոր ընկերութիւն մը՝ «Société Industrielle du Levant» ՍՊԸ (SIDUL)։ Ըստ կանոնադրութեան՝ ընկերութեան նպատակը ամեն տեսակի հացահատիկի գնումը, վաճառքը եւ մշակումն էր։ Յետագային «SIDUL»-ի բաժնետէրերը կ’որոշեն ընկերութեան դրամագլուխը մեծնելով հասցնել 1 500 000 լ.ո.-ի, այսինքն 700 000 լ. ո. արժողութեամբ նոր բաժնետոմսեր աւելցնել 1951-ի փետրուարին։ 1952-ին Շէյխ Պութրոս Էլ-Խուրին եւ Ֆեպիւս Պ. Քիփրիանուն կը գնեն «SIDUL»-ի բաժնետոմսերուն մէկ պզտիկ մասը եւ Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ կը նշանակուին։ Վազգէն Պագալեանը եւ Պետրոս Աշըգեանը կը մնան հոգաբարձու, իսկ Բագրատը կը դառնայ Խորհուրդի նախագահ։ Ընկերութիւնը նաեւ կը մեծցնէ գործարանին արտադրական կարողականութիւնը 24 ժամուան մէջ 275 տոննայի նոր, «Bühler-MIAG» մակնիշի մեքենաներով։

1939-ին Բագրատը կ’ամուսնանայ Մարի Ժաքոպ Ոսկերիչեանին հետ (ծնեալ 1922-ին, մահացած Նիւ Եորք 2014-ին)։ Մարիին ծնողները այնթապցի էին՝ Ազգանուշ եւ Արթին Ժաքոպ Ոսկերիչեանները։ Ունէին Տիանա անունով դուստր մը։ [26] Մարին ժամանակակից երիտասարդուհի մըն էր, բազմաթիւ լեզուներ գիտէր, թենիս խաղալ կը սիրէր։ Յառաջադէմ մտքի տէր էր, Պէյրութի հայերէն եւ արաբներու մեծամասնութենէն շատ աւելի զարգացած էր։ Բագրատի եւ Մարիի ամուսնութիւնը երկար պիտի չտեւեր։ Երբ կ’ամուսնալուծուին, Մարին դուստրը հետը կը տանի։ Ի վերջոյ, երբ ամուսնալուծումը վերջնական կը դառնայ 1946-ին, ան կը գաղթէ ԱՄՆ։ Հոն կ’ամուսնանայ Սամուէլ Յ. Թումայեանին հետ, որ հրատարակիչ էր եւ «Նոր աշխարհ»-ի խմբագիրը։ Սամուէլը կ’որդեգրէ Մարիի եւ Բագրատի դուստրը եւ անոր կու տայ իր մականունը։

1940-ականներուն ուրեմն Բագրատը ամուսնալուծուած էր եւ ազատ ժամանակ ունէր։ Ան իր եռանդը կը կեդրոնացնէ հայոց այդ տասնամեակի հարցերուն ու դատերուն հետապնդումին վրայ։ 25 նոյեմբեր 1945-ին Մոսկուայի, Երեւանի, Լոնտոնի, Փարիզի եւ Պէյրութի ռադիոկայանները կը սփռեն լուրը՝ Խորհրդային Միութիւնը հայերու Ներգաղթ յայտարարած էր։ Խորհրդային Միութիւնը բնակչութեան թիւի նշանակալի անկում արձանագրած էր Բ համաշխարհային պատերազմին ունեցած իր կորուստներուն հետեւանքով։ Խորհրդային պատուիրակները կ’այցելեն Սփիւռքի հայ գաղութներ, կեդրոնանալով յատկապէս Լիբանանի, Սուրիոյ, Յունաստանի, Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ վրայ, կազմակերպելու տեղաբաշխումը եւ օժանդակելու տեղւոյն վրայ գործող մարմիններուն։ Օրինակի համար Պէյրութի մէջ Բագրատ Պագալեանը Ներգաղթի կոմիտէին առաջին քարտուղարը եղած էր, իսկ Յակոբ Թուրեանցը փոխադրութեան պատասխանատուն էր։

 1946-ի աշնան Բագրատը կը ստանայ Խորհրդային Հայաստան այցելելու պաշտօնական հրաւէր։ Ան ինքնաշարժով կ’երթայ Հայաստան՝ Երեւանի ճամբուն վրայ անցնելով Իրաքէն եւ Պարսկաստանէն եւ այցելելով համալսարանական դասընկերներու։

Ապա կ’երթայ Մոսկուա եւ բացիկ մը կը ղրկէ Պէյրութ ընտանիքին։

Յետոյ կ’երթայ Ռումանիա տեսնելու իր քեռիները եւ միւս ազգականները եւ նաւով կը վերադառնայ տուն։

Երբ ընկերները կը հարցնեն Բագրատին թէ ի՞նչ է իր կարծիքը Հայկական ԽՍՀ-ի մասին, ան կը պատասխանէ. «Ինծի պէս մարդոց համար չէ։ Բայց սահմանափակ հնարաւորութիւններու տէր մարդիկը կրնան փորձել։» Այնուամենայնիւ, Յակոբ Թուրեանցը Պէյրութի նաւահանգիստէն 4 յուլիս 1947-ին մեկնած կարաւանին առաջնորդն էր։ Յակոբը, կինը՝ Մամբիլը (ծնեալ Պագալեան) բերնէ-բերան հայերով լեցուն նաւով կը ներգաղթէին Երկիր։

Ներգաղթը շատերու համար աղետալի պիտի ըլլար։ Հայաստան ներգաղթածներուն մեծամասնութիւնը Օսմանեան կայսրութենէն էին, Ցեղասպանութենէն վերապրողներ ու գաղթականներ, որոնք այս նոր հողին հետ արմատի կապ չէին զգար։ Անոնք գացած էին մղուած հայրենասիրութենէ եւ տնտեսական աւելի լաւ հեռանկարներու խոստումներէն։ Խորհրդայիններուն վստահեցումները եւ քարոզչութիւնը սուտ էին. կեանքի պայմանները շատ դժուար էին, ուտելիքը դժուար գտանելի, կեանքը թշուառ, իսկ քաղաքական ուժերը՝ ճնշող ու բռնատիրական։ Աւելին. «նոր եկողները» նուաստացուցիչ կերպով «ախպար» կը յորջորջուէին։ 1980-ականներէն սկսեալ 1947-ին Հայաստան ներգաղթածներու սերունդներէն շատեր պիտի արտագաղթէին Արեւմուտք։

Կարապետ Աշըգեանը իր գիրքին մէջ կը պատմէ Թուրեանցներուն կեանքին շարունակութիւնը.

[Վազգէնը] հոն կ’աշխատի տնտեսական ճիւղի մէջ։
Կ’ունենան մանչ զաւակ մը եւ անունը կը դնեն Կարօ։
Երեւանի մէջ կ’ունենան երկյարկանի անձնական տուն եւ ինքնաշարժ ու օդափոխութեան համար Սոչի կ’երթան։ Դժբախտաբար հայրենիքի մէջ իրեն համար տաք միջավայր մը չի կրնար ստեղծել ու 1965-ին կը դառնայ Պէյրութ։ 
[27]

Թուրեանցները յուսախաբ էին ու դժգոհ։ Կը կարծէին որ Մամբիլին եղբայրները, որոնք յաջողակ գործի տէր էին Պէյրութ, կրնային իրենց միջավայրը փոխել։ Իրականութեան մէջ եղբայրները զօրավիգ է՛ին իրենց քրոջը։ Զիրենք Հայաստան տանող նաւուն վրայ Թուրեանցները վիթխարի ուղեբեռ ունէին. անոր մէջ կար տուն-տեղ շինելու համար անհրաժեշտ ամեն ինչ՝ գործիքներ, կարասիներ, կտոր-կերպասեղէն, եւ այլն։ Նաեւ հսկայ ծանրոցներ կը ղրկուէին Պէյրութէն Երեւան՝ խորհրդային առօրեային համահունչ, որոնք կը պարունակէին հագուստեղէն, զուգագուլպաներ, շպարեղէն եւ Խորհրդային Միութեան մէջ դժուար գտնուող այլ ապրանքներ։ Ասոնք բոլորը «տակից» կը փոխանակուէին այլ ապրանքներու հետ։

1967-ին Յակոբ, Մամբիլ եւ Կարապետ Թուրեանցները կը հաստատուին Նիւ Եորք։ Յակոբը Խորհրդային վարագոյրին ետին իր փորձառութեան մասին գիրք մը պիտի գրէր՝ «Search for a Homeland» («Հայրենիքի որոնում»)։ [28]

1949-ին Բագրատ Պագալեանը կ’ամուսնանայ Սոնա Ալահվերտիին հետ (ծնեալ Իսթանպուլ, 25 մայիս 1922-ին, մահացած Նիւ Եորք 27 մայիս 27, 2006-ին)։ Բագրատը եւ Սոնան զարմիկներու զաւակներ էին, բայց իրարու երբեք չէին հանդիպած։ Բագրատը Պէյրութ մեծցած էր, Սոնան՝ Իսթանպուլ։

Ունէին չորս զաւակ։ Վերջին յղիութիւնը երկուորեակներ էին՝ Հուրին նորածին մահացած էր.

  • Անի Պագալեան (ծնեալ Պէյրութ, 1951-ին) հասարակագիտութեան դոկտոր է (Քոլոմպիայի համալսարան)։ Հեղինակ է երկու գիրքի եւ բազմաթիւ յօդուածներու։ Հիմնադրած է Նիւ Եորքի քաղաքային համալսարանի մագիստրոսական կեդրոնին մէջ «Graduate Center, City University of New York» գործող «Middle East and Middle Eastern Studies (MEMEAC)»-ը (Մերձաւոր Արեւելք եւ մերձաւորարեւելեան ուսումնասիրութիւններ)։
  • Սարգիս Պագալեան (ծնեալ Պէյրութ 10 յունուար 1952-ին, մահացած Պէյրութ, 6 նոյեմբեր 2009-ին), Պէյրութի մէջ «SIDUL»-ի կառավարիչ։
  • Ռուպի Պագալեան- Կուլեան (ծնեալ Պէյրութ, 1953-ին) Հնագիտութեան մագիստրոսի աստիճան ստացած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն եւ խոհարարական վկայագիր «New York Restaurant School»-էն։

Պագալեաններու քառասերունդ գերդաստանը մէկ յարկի տակ կ’ապրէր Խանտաք էլ-Ղամիքի մէջ. հոն մեծցած են զաւակները։ 1957-ին կը փոխադրուին Պատարօ անունով նոր «արուարձանին» մէջ գտնուող արդիական յարկաբաժին մը։

Բագրատ Պագալեանը կը շարունակէ գործունեայ մնալ հայութեան դատերուն մէջ։ Ան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Հիմնադրամի (ՀԲԸՄ) ասպետ էր, հիմնադիրն էր Վերածնունդ միութեան, որուն նպատակը հայ եւ արաբ մշակոյթները յառաջմղելն էր։ Վերածնունդի նստավայրը կը գտնուէր Պէյրութի Մար Մխայէլ թաղամասին մէջ, Զիղպի շէնքի առաջին յարկին, Լիբանանի ելեկտրականութիւն ընկերութեան շէնքին դիմացը։ Կազմակերպիչները կը հովանաւորէին մարզական խումբեր, որոնց շարքին էր հեծելանուորդներու Սեւան խումբը, որ կը մրցէր լիբանանեան այլ խումբերու դէմ։ Կար նաեւ համոյթ մը, որ հայկական երգ ու երաժշտութիւն կը կատարէր։ Վերածնունդը նաեւ թատերական երեկոյթներ կը կազմակերպէր։ Կար նաեւ տիկնանց յանձնախումբ մը, որ խոհարարական դասընթացքներ եւ անգլերէնի դասեր կը կազմակերպէր։ Հոն էր նաեւ որ Կաղանդ պապան նուէրներ կը բերէր աղքատ պզտիկներուն։

1.Վերածնունդ ակումբ, 26 դեկտեմբեր 1953։ Սեղանին շուրջ նստած են ձախէն աջ՝ Անի Նուպար Խուպեսէրեան (մանուկը) Նուպար Խուպեսէրեան, անծանօթ մը, Շաքէ Աշըգեան-Նաճարեան, անծանօթ մը, Նիկողոս Յակոբեանի քոյրը, Մաքրունի/Մարկօ Միքալեան-Բրուտեան, Ալիս Յովսէփեան, Սոնա Պագալեան. Բագրատ Պագալեանը ոտքի կեցած է Շաքէին քովը։

2.1953, Վերածնունդ միութիւն, Խորհրդային Հայաստանէն բանախօսներ։

3.1954, Վերածնունդ միութիւն. Պարահանդէս Պէյրութի պանդոկներէն մէկուն մէջ։

1956-ի փետրուարին, Պաղ պատերազմի օրերուն զուգադիպած Կիլիկիոյ կաթողիկոսի ընտրութիւններուն ատեն, Պէյրութի մէջ միջհայկական լարուածութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ։ Խորհրդային Միութիւնը Պէյրութ ղրկեց Ամենայն հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա վեհափառը այն յոյսով, որ էջմիածնամէտ կաթողիկոս մը կ’ընտրուէր Կիլիկիոյ աթոռին։ Խորհրդայիններուն հակառակորդները Լիբանանի նախագահ Քամիլ Շամուունը, Լիբանանի խորհրդարանի անդամ հայ երեսփոխաններն էին եւ ՀՅԴ-ն, որոնք Հալէպէն Զարեհ սրբազանի կողմնակիցներն էին։ Այս մրցակցութիւնը Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին գաղափարաբանական երկու խումբի բաժնած էր, եւ այս բաժանումը աստուածաբանական ոչ մէկ հիմք ունէր։ Այս երկակի «օրէնսդրութիւնները» Սփիւռքը պառակտած էին՝ երկու եկեղեցի, երկու ճամբարի հիմնարկներ, դպրոցներ, մամուլ, մարզական միութիւններ, սկաուտական միութիւններ, եւ այլն։

Փոքրամասնութիւն մը կար, որ կը մտածէր որ ՀՅԴ-ն զաւթեր էր Եկեղեցին եւ իր ուզած ճամբով կը տանէր զայն։ Բագրատ Պագալեանը եւ Վերածնունդի իր ընկերները, օրինակ, այլեւս Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը յաճախելու փոխարէն Նոր Հաճընի Սուրբ Գէորգ եկեղեցին կ’երթային եկեղեցական տօներուն, պսակի, կնունքի, թաղման կամ այլ արարողութիւններու համար։ Էջմիածնական հոգեւորականները մնացեր էին անտուն եւ պէտք էր ժամանակաւոր օթեւան մը գտնէին մինչեւ որ իրենց համար յարկաբաժին մը վարձուէր։

Իր գիրքին մէջ Զաւէն Մսըրլեանը ի ցոյց կը դնէ, թէ ինչքան գործունեայ առաջնորդ էր Բագրատ Պագալեանը 1940-ականներուն, 1950-ականներուն եւ 1960-ականներուն սկիզբը լիբանանահայութեան թէ Լիբանանի քաղաքական եւ առօրեայ կեանքերուն մէջ։ 1947-ի ընտրութիւններուն նախորդող քարոզարշաւի օրերուն Բագրատին անունը ՀՅԴ-ի հակառակորդ Հայկական միացեալ ճակատին ցանկին վրայ էր։ Հայկական միացեալ ճակատին նախընտրական ծրագիրին մէջ կար հայկական դպրոցներու մակարդակը բարձրացնել, հայկական թաղամասերուն մէջ փողոցներ շինել, առողջապահական պայմանները բարելաւել եւ պետական պաշտօններու նշանակել հայեր, որոնք կարող էին եւ լաւ արաբերէն գիտէին։ [29]

1951-ի ընտրութիւններուն Բագրատը դարձեալ Հայկական միացեալ ճակատին անդամ էր։ 23 մայիս 1959-ի ան հայ անկախականներու պատուիրակութեան մը հետ կ’այցելէ Լիբանանի նախագահ Ֆուատ Շէհապին։

Մսըրլեանը կը նշէ, որ այս այցը տեղի ունեցած է մի քանի օր ետք նախագահ Շէհապի Անթիլիասի կաթողիկոսարան պաշտօնական այցէն, իսկ այս քայլը կը մեկնաբանուէր այսպէս՝ Հայաստանեայց եկեղեցիին վերաբերեալ տիրող կացութիւն մէջ փոփոխութիւն պէտք չէր ակնկալուէր Լիբանանի մէջ մօտ ապագային։ [30] Կասկածէ վեր է, որ այս երեւելի անձերը կ’ուզէին արձանագրել ՀՅԴ քաղաքական գործիչներուն իրենց ընդդիմութիւնը, միաժամանակ սակայն կ’ուզէին հաստատել իրենց հաւատարմութիւնը Լիբանանին։ Քաղաքական հանդիպումներէն բացի Բագրատ եւ Վազգէն Պագալեանները ներկայ գտնուած են Վերածնունդ միութեան կողմէ ի զօրակցութիւն Տիգրան Ճ. Թոսպաթի (1911-2002) թեկնածութեան 28 յունիս 1953-ին կազմակերպուած շքեղ ճաշկերոյթին։ Երեսփոխանական ընտրութիւններուն Թոսպաթը կը ներկայանար իբրեւ Ռեմոն Էտտէի Ազգային խմբակցութեան անդամ։ Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Լիբանանի առաջին տիկին Զալֆա Շամունը։

Զարեհ Ա կաթողիկոսի վախճանումէն ետք (ծնած էր Մարաշ 1915-ին եւ վախճանուած Պէյրութ 1963-ին), Ամենայն հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա հրաւէր կը ղրկէ Զարեհ Ա-ին յաջորդած Խորէն կաթողիկոսին իրեն հանդիպելու Երուսաղէմ։ Հայրապետական այս ժողովը պիտի «հաշտեցնէր» կաթողիկոսական երկու աթոռները իրարու հետ, բայց առօրեայ սովորոյթներէն բան պիտի չփոխուէր։ Խաթ արք. Աջապահեանը, որ 1956-ի բողոքներուն առաջնորդողը եղած էր, վանքէն դուրս կ’ապրէր եւ վատառողջ էր։ 11 նոյեմբեր 1963-ին ան պատուիրակութիւն մը կը ղրկէ իր անունէն շնորհաւորելու նոր կաթողիկոսը։ Բանագնացներէն մէկը Բագրատն էր։ Տարուան վերջաւորութեան Խաթ սրբազանը արդէն իրաւունք ունէր իր կեանքի վերջին տարիները միաբան եղբայրներուն հետ անցընելու, բայց «ընդդիմադիր» հոգեւորականներէն ուրիշ ոչ մէկուն կարգավիճակը պիտի վերականգնուէր։ Այս առիթով է որ Բագրատ Պագալեանին անունը վերջին անգամ պիտի յիշատակուէր մամուլի մէջ։

1960-ականներու կէսերուն Բագրատ Պագալեանը քաշուած էր լիբանանահայ հասարակական-քաղաքական կեանքէն։ Կրնայ ըլլալ որ այս նոր ապրելակերպը զուգադիպած է 1967-ի գարնան իր ստացած սրտի առաջին կաթուածին հետ, «Վերածնունդ»-ի լուծարումին հետ, կամ պարզապէս այլ մարտահրաւէրներ փնտռելուն հետ։

Հայ համայնքին եւ Լիբանանի ճարտարարուեստին իր մատուցած ծառայութիւններուն համար 1947-ի փետրուարին Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գէորգ Զ վեհափառը (Չէօրէքճեան, 1945-1953 կաթողիկոս ամենայն հայոց) Բագրատը պարգեւատրած է սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի մետալով եւ յատուկ կոնդակով դրուատած հայրենադարձութեան մէջ իր ունեցած դերը։

Լիբանանի վարչապետ Սամի ալ Սոլհը 1955-ի յունիսին Բագրատ Պագալեանը պարգեւատրած է «Արժանեաց շքանշան» ոսկեայ մետալով՝ առ ի գնահատանք Լիբանանի ճարտարարուեստի զարգացումին եւ տնտեսութեան վերելքին մէջ անոր ունեցած ծառայութիւններուն։ Սամի ալ Սոլհը թրքերէն սորված էր, որովհետեւ ծնած էր 1887-ին երբ Լիբանանը Օսմանեան կայսրութեան մաս կը կազմէր։ Ան հինգ անգամ եղած է Լիբանանի վարչապետ։ Սարգիս Պագալեանը եւ որդին սերտ յարաբերութիւններ ունէին Պէյրութի այս թրքախօս բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ։

Տասնամեակներու թաւալումին հետ եղբայրները բազմաթիւ նոր նախաձեռնութիւններու մէջ ներդրում պիտի ունենային տարբեր գործընկերներու հետ, մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին բռնկումը։ 1960-ականներու կէսերուն Ղանա արտագաղթած Լիբանանցի մը՝ Անթոնի Իրանին, Բագրատ եւ Վազգէն Պագալեաններուն կ’առաջարկէ ալիւրաղացի իրենց փորձն ու փորձագիտութիւնը տանիլ Թեմա ու գործարան մը հիմնել։ «SIDUL»-ը կը դառնայ բաժնետէր ու վերահսկող «Grands Moulins du Ghana» ՍՊԸ-ին։

Շատ եկամտաբեր ներդրում էր․ բացի վերոյիշեալէն, ուրիշ գործարան մըն ալ կը հիմնուի Թաքորատիի մէջ, յետոյ ալ հատ մը դրացի Թոկօ երկիրին մէջ՝ «Société Générale des Moulins du Togo» ընկերութիւնը։

1975-ին բռնկած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին այն կռիւները, որոնց բարձրակէտը պիտի ըլլար 1976-ի յունուարի «Քարանթինայի սպանդը» տեղի կ’ունենային «SIDUL»-ի շէնքին մէջ եւ անոր շուրջ։ Յարակից գաղթակայանի թիթեղաշէն տուներու բնակիչները ապաստանած էին ալիւրաղաց գործարանին շէնքին մէջ, եւ անոնց մէկը մասը պիտի մահանար։ Մռայլ հեռանկարներ աչքին առաջ՝ Բագրատը 1976-ի յունուարի սրտի կաթուածէ կը մահանայ Պաապտաթի մէջ։

Մամբիլ Սարգիս Պագալեանը (ծնեալ Մերսին 5 մայիս 1919-ին, մահացած Քուինզ (Նիւ Եորք, ԱՄՆ) 2000-ին) ամուսնացած էր Յակոբ Կարապետ Թուրեանցին հետ։ Մերսինի մէջ իր ծնունդէն քիչ անց ընտանիքը կը փոխադրուի Կիպրոս, ապա 1920-ի սկիզբները կը հաստատուի Լիբանան։

Մամբիլը կը յաճախէ սրբոց Հռիփսիմեանց աղջկանց վարժարանը (Խանտաք էլ-Ղամիքի, Պէյրութի կեդրոն)։ Իրենց տունն ալ հոն էր, եւ շատ հայեր հոն կ’ապրէին։

Մամբիլին հայրը 1937-ի ամառը կը մահանայ, երբ ինքը սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանէն ներս աւարտական դասարանի աշակերտուհի էր։ Շրջանաւարտից հանդէսին Մամբիլը սեւազգեստ կը բարձրանայ բեմ. միւս աշակերտուհիները ճերմակ  հագած էին։ Մայրապետները կը սորվեցնէին հայերէն եւ ֆրանսերէն, թուաբանութիւն, իրագիտութիւն եւ տնային տնտեսութիւն։ Ս. Հռիփսիմեանցի դասընկերուհիները իրենց ամբողջ կեանքը մտերիմ ընկերուհիները պիտի ըլլային Մամբիլին․ օրինակ Հերմինէ Պետրոսեան-Վարժապետեանը, Էօժէնի Ապանճեան-Սանտրիքը եւ Մարուսիա Միքալեան-Կիւլպէնկը։ Մայրապետները նաեւ աշակերտները կը տանէին պտոյտի Պաալպէք, Պէյթ էլ-տին եւ Լիբանանի լեռները։

Երբ Մամբիլը կ’աւարտէ երկրորդական վարժարանը, Հայկուհին կ’որոշէ ճամբրդութիւն մը ընել Ռումանիա, ուր կ’ապրէին իր մայրը՝ Տիրուհին, եղբայրները՝ Կարապետը եւ Յակոբը ու այլ ազգականներ։ Մամբիլը, Վազգէնը եւ Շաքէն (Հայկուհիին եղբօրը աղջիկը), հետը կ’երթան։ Նաւով կը ճամբորդէն Պէյրութէն Կոստանցա՝ անցնելով Տարտանէլի եւ Վոսփորի նեղուցներէն։ Մամբիլը, Շաքէն եւ Վազգէնը կը ծանօթանան իրենց մեծ մօր, քեռիներուն, զարմիկներուն եւ ազգականներուն հետ։

Երբ Հայկուհին, Մամբիլը, Շաքէն եւ Վազգէնը կը վերադառնան Լիբանան, իրենց մայր եւ մեծ մայր Տիրուհի Աշըգեանն ալ իրենց հետ կ’երթայ։

Մամբիլը կը սիրահարուի Յակոբ Կարապետ Թուրեանցին (ծնեալ Գահիրէ 24 յուլիս 1913-ին, մահացած Քուինզ (Նիւ Եորք, ԱՄՆ) 2000-ին), որ իր եղբօր Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասընկերներէն էր։ Կ’ամուսնանան Պէյրութ 1943-ին։

Բ համաշխարհային պատերազմէն ետք Խորհրդային Միութիւնը կը քաջալերէր հայերու ներգաղթը։ Յակոբը 4 յուլիս 1947-ին Պէյրութէն մեկնած հայերնադարձներու կարաւանին աւագն էր։ Խորհրդային Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ սակայն յուսախաբութիւններ պիտի ապրէին։

Հայաստանի մէջ Մամբիլը եւ Յակոբը կը բախտաւորուին մանչ զաւակով մը՝ Կարապետ (Կարօ) (ծնեալ Երեւան 1948-ին)։

1961-ին Հայկուհի Պագալեանը՝ Մամբիլի մայրը, կը մեկնի Երեւան եւ քանի մը ամիս հոն կը մնայ։ Առաջին անգամ ըլլալով կը հանդիպի իր թոռնիկին՝ Կարոյին։ Ամառը կը վերադառնայ Լիբանան։

1965-ին Դուրեանները կը վերադառնան Պէյրութ եւ ի վերջոյ կը գաղթեն ԱՄՆ 1967-ին։ Կը հաստատուին Քուինզ (Նիւ Եորք)։ Յակոբը Խորհրդային Հայաստանի մէջ իրենց փորձառութիւններուն եւ աներձագներուն հետ իր անհամաձայնութիւններուն մասին գիրք մը կը գրէ՝ «Search for a Homeland» (Հայրենիքի որոնում, 1987)։

1. 4 յուլիս 1947. Մամբիլի բարեկամները զինք ճամբու կը դնեն Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ։ Մամբիլը աջէն երկրորդ կինն է, ամուսինը՝ Յակոբ Թուրեանց հայրենադարձներու կարաւանին պատասխանատուն էր Պոբեդա (յաղթանակ) նաւուն վրայ։ 

2. 4 յուլիս 1947. հայրենադարձներ Խորհարդային Հայաստան մեկնելու պահուն։ Մամբիլ Թուրեանցի (ծնեալ Պագալեան) ընտանիքը նոյնպէս ներկայ է։ Ձախէն աջ՝ Տիրուհի Աշըգեան, (Մամբիլին մեծ մայրը), Մամբիլ (մութ ակնոցներով), հայրենադարձութեան ներկայացուցիչը (անունը անծանօթ), Մարինա Աշըգեան (Մամբիլին մօրաքոյրը), Հայկուհի Աշըգեան (Մամբիլին մայրը), Վազգէն Պագալեան (Մամբիլին եղբայրը, կարճ տաբատով)։

Վազգէն Սարգիս Պագալեանը (ծնեալ Լառնաքա, Կիպրոս 8 նոյեմբեր 1921-ին, մահացած Պէյրութ 25 մարտ 2007-ին) ծնած էր Լառնաքա, ապա ընտանիքը փոխադրուած էր Լիբանան (1920-ականներու սկիզբը)։ Վազգէնը մինչեւ աշխատելու սկսիլը ամառները մեծ մասամբ անցուցած է լեռները։

Վազգէնը նախակրթարանի տարիներուն կը յաճախէ սուրբ Նշան վարժարան (եկեղեցիին քովի շէնքը, Պէյրութի Կառավարական պալատին մօտ), ապա կը յաճախէ ճիզուիթներու՝ յաջորդաբար «Petit Collège» եւ «Grand Collège» դպրոցները (Աշրաֆիէ թաղամաց, Հիւվըլէն փողոց)։

Երբ 1937-ին հայրը կը մահանար, Վազգէնը անչափահաս էր։ Ընտանիքին մեծերը եւ բարեացակամ խորհրդատուները կ’որոշեն Վազգէնին ծննդեան վկայականին մէջ վերջինիս ծննդեան թուականը կեղծել՝ ժառանգութեան թղթաբանութիւնը դիւրացնելու համար։ Լիբանանեան մատեաններուն մէջ Վազգէնին ծննդեան թուականը 1921-ի փոխարէն 1919 արձանագրուած է։

1938-ի ամառը Վազգէնը մօր, քրոջ եւ զարմուհիին հետ կ’երթայ Ռումանիա։ Երբ կ’աւարտէ դպրոցը եւ կը յաջողի պետական պաքալօրեայի քննութեան, կ’որոշէ անմիջապէս գործի անցնիլ ալիւրաղաց գործարանին մէջ եւ մասնագիտանալ ալիւրաղաց մեքենաներու մէջ։ Կ’որոշէ ուսումը չշարունակել եւ բարձրագոյն կրթութիւն չստանալ, բայց ամբողջ կեանքին ընթացքին կը կարդայ տնտեսագիտութեան, վարչարարութեան, կառավարումի եւ այլ նիւթերու մասին եղբօրը թէ այլ գիրքեր։

Վազգէնի ուսման լեզուն ֆրանսերէնն էր, մինչ եղբայրը՝ Բագրատին անգլերէնն էր, բայց երկուքն ալ կը խօսէին հայերէն, արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ թրքերէն։ Վազգէնը նաեւ գերմաներէն սորված էր 1936-ին «MIAG»-ի ալիւրաղաց մեքենաներուն հետ Պէյրութ եկած գերմանացի մեքենագործէ մը։ Երբ դեռ երիտասարդ էր, իր պատասխանատուութիւնը ալիւրաղաց գործարանի մեքենաներուն վրայ աշխատող գործաւորներուն վրայ հսկելն էր, եւ երբ ընկերութիւնը կ’որոշէր բարելաւել մեքենաները, ինքն էր որ նորերը կ’ընտրէր։ Սակայն ժամանակի ընթացքին, փորձառութիւն հաւաքելով, եւ մանաւանդ եղբօր մահէն ետք, Վազգէնը պիտի կառավարէր ամբողջ ընկերութիւնը։ Ան Ափրիկէի մէջ երեք ալիւրաղաց գործարան պիտի հիմնէր՝ Թեմա եւ Թաքորատի (Ղանա) եւ Լոմէ (Թոկօ)։

«SIDUL»-ի բաժնետէրերը կ’որոշեն ընկերութեան դրամագլուխը բարձրացնել 1 500 000 լ. ո.-ի՝ աւելցնելով 700 000-ի նոր բաժնետոմսեր։ Եւ 1952-ի յունիսին շԷյխ Պութրոս Էլ-Խուրին եւ Ֆեպիւս Պ. Քիփրիանուն կը գնեն «SIDUL»-ի բաժնետոմսերուն մէկ մասը եւ կը նշանակուին հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ։ Վազգէն Պագալեանը եւ Պետրոս Աշըգեանը հոգաբարձու կը մնային, իսկ Բագրատը նախագահն էր։ Ընկերութիւնը կը բարձրացնէ գործարանին արդիւնաւէտութիւնը 24 ժամուան մէջ 275 թոննա կարողականութեամբ «Bühler-MIAG» նոր մեքենաներու ձեռքբերումով։ Այնպէս կը թուի, որ դէպքերու այս զարգացումները պսակուած են Լիբանանի նախագահ Քամիլ Շամունի Քարանթինա այցով։

Պագալեանները ամառները Տհուր էլ-Շուէիր կ’անցընէին։ Հոն Վազգէնը կը ծանօթանայ կնոջը եւ անոր ընտանիքին, որոնք Եգիպտոսէն էին։ Վազգէնը եւ Լիսպէթ Զարմիր Քէշիշեանը (ծնեալ Գահիրէ 1926-ին) կ’ամուսնանան Գահիրէ 1950-ի ապրիլին։ Վազգէնին եղբայրը՝ Բագրատը, կնքահայրն էր, Բագրատին կինը՝ Սոնան՝ կնքամայրը։ Պէյրութէն եկած հարսնեւորներու շարքին էին փեսային մայրը՝ Հայկուհին, զարմուհիները՝ Շաքէ եւ Սիրարփի Աշըգեանները եւ ընկերները՝ Պերճ Գազանճեանը եւ Բենիամին Պալանձեանը։ Պսակէն ետք նորապսակները 1950-ի յուլիսին մեղրալուսինի կ’երթան Ֆրանսա եւ առիթէն օգտուելով Վազգէնը կը բուժուի Մոն Տօրէի ջերմուկները, որովհետեւ հեղձանքով (ասթմա) կը տառապէր։

1950-ի ամառուան մնացեալ ամիսները Պագալեանները եւ Քէշիշեան քոյրերը կ’անցընեն Տհուր էլ-Շուէիր՝ ի մեծ երջանկութիւն Հայկուհիի։

Վազգէն եւ Լիսպէթը երեք զաւակ ունէին

  • Սերժ Պագալեանը (ծնեալ Պէյրութ 1952-ին) գործարար,
  • Թանիա Պագալեան-Սաֆիէտտինը (ծնեալ Պէյրութ 1954-ին), նկարչուհի
  • Լենա Պագալեանը (ամուսնացած Միշել Սետնաուիի հետ եւ ամուսնալուծուած) (ծնեալ Պէյրութ, 1955-ին), ծնողքին գործերու կառավարիչն է։

1960-ականներու սկիզբներուն Լիսպէթը կը յաճախէ Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ համալսարանը եւ կը ստանայ տնտեսագիտութեան պսակաւորի կոչում։

Վազգէն Պագալեանը կ’ապրէր շէնք մը, որուն դիմացը կը բացուէր Դամասկոս փողոցը, հանրային պարտէզ մը, որուն մէջ կային հռոմէական աւերակներ եւ Լիբանանի նահատակաց յուշարձանը։ Շէնքի ձախին կար Պէյրութի ազգային թանգարանը։

1960-ին որպէս Վերածնունդ միութեան անդամ Վազգէնը իր թեկնածութիւնը կը դնէ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն, որովհետեւ եղբայրը՝ Բագրատը, չէր ուզէր մասնակցիլ։ Զաւէն Մսըրլեանը կը պատմէ, թէ նոյն տարուան 7 ապրիլին ՍԴՀԿ եւ ՌԱԿ կուսակցութիւններուն, Վերածնունդ միութեան, եւ Խումբ մը անկախականներու ներկայացուցիչները ժողով կը գումարեն։ Նախագահողը Ճիտեճեանն էր, իսկ օրակարգը՝ ընտրութիւններն էին Պէյրութի թիւ 1 ընտրատարածքի եւ Մեթնի մէջ։ Անոնք կ’որոշեն գալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցիլ միացեալ ճակատով եւ կ’արձանագրեն, որ այս երկու ընտրատարածքներուն մէջ հայ ընտրողներու մեծամասնութիւնը իրենց զօրավիգ էր։ Ճակատը ներկայացնող ընտրական յանձնախումբ մը կ’ընտրուի, որ բաղկացած էր բժիշկ Ճիտէճեանէն, Հրաչեայ Շամլեանէն (անկախական), Ճերեճեանէն (ՍԴՀԿ), Սեդրակեանէն (ՌԱԿ) եւ Վազգէն Պագալեանէն (Վերածնունդ)։ [31]

Ուրեմն Փիէռ Էտտէն կը կազմէ Ազգային ճակատի ցանկը, որ ընտրապայքար կը մղէր Փաղանգաւոր կուսակցութիւն-ՀՅԴ դաշինքին դէմ։ Թէ՛ «Սփիւռք» եւ թէ՛ «Արարատ» լիբանանահայ օրաթերթերը Վազգէն Պագալեանը կը նկարագրէին իբրեւ առաջատար լիբանանցի արդիւնաբերող, «SIDUL»-ի տնօրէն։ Իր նախընտրական ծրագիրով Վազգէն Պագալեանը կը խոստանար բարելաւել Լիբանանի ժողովուրդին կենսամակարդակը, պաշտպանել քաղաքացիներուն իրաւունքները եւ պայքարին փտախտի դէմ։ Ազգային ճակատը պիտի չկարենար սակայն յաջողցնել իր անդամներէն մէկուն ընտրութիւնը։ Մեքենան, որուն դէմ ընտրավազքի ելած էին, իրենցմէ հզօր էր։

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն (1975-1990) Պագալեաններուն յարկաբաժինը կը գտնուէր մայրաքաղաքը «Արեւելեան Պէյրութ»-ի (ուր մեծամասնութեամբ քրիստոնեաներ կ’ապրէին) եւ «Արեւմտեան Պէյրութ»-ի (ուր մահմետականները մեծամասնութիւն էին) բաժնող «Կանաչ գիծին» վրայ։ Շատ վտանագաւոր էր, որովհետեւ արձակազէնները յետիոտնները թիրախ կ’ընտրէին ըստ բախտի։ Այս վտանգէն խուսափելով է որ Վազգէնը եւ կինը՝ Լիսպէթը իրենց ժամանակը առաւելաբար Ափրիկէ պիտի անցընէին՝ Եւրոպա ալ կարճ այցելութիւններ ընելով։

Ի տարբերութիւն իր գերդաստանի այրերուն՝ հայր, եղբայր, նոյնիսկ եղբորոդի-քեռորդիներուն, Վազգէնը երկար կեանք մը ապրեցաւ, որովհետեւ կերածին ուշադիր էր (ջերմուժը կը հաշուէր), թենիս կը խաղար, կը քալէր։ Բնաւորութեամբ եղբօրմէն նուազ ընկերային էր, բայց ընկերները մօտիկ պահած էր իրեն ամբողջ կեանքին ընթացքին։ Իր մտերիմներէն մէկը զարմիկն էր՝ Պերճ Տիրան Գազանճեանը, Տիգրան Աշըգեանին թոռնիկը։ Վազգէնին պէս ան ալ Լառնաքա ծնած էր 1921-ին եւ ճիզուիթներու դպրոցը յաճախած։ Բարի եւ առատաձեռն մարդ մըն էր։

Պետրոս եւ Մարինա Աշըգեաններու սերունդները

Շաքէ Պետրոս Աշըգեանը (ծնեալ Մերսին, 12 ապրիլ 1921-ին, մահացած Նիւ Եորք (ԱՄՆ) 19 փետրուար 2007-ին) ամուսնացած էր Բիւզանդ Նաճարեանին հետ,  մանկապարտէզ յաճախած էր Լառնաքայի մէջ։

Շաքէն եւ զարմուհին՝ Մամբիլ Պագալեանը, մտերիմ էին մինչեւ վերջինիս Հայաստան հաստատուիլը (1947-ին)։ Մամբիլը Շաքէէն երկու տարի մեծ էր։

Պետրոս եւ Մարինա Աշըգեանները կը հաստատուին Լիբանան 1929-ի շուրջ, Շաքէն կը յաճախէ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան, ուր ուսուցումը հայերէնով եւ ֆրանսերէնով էր։

1938-ին Շաքէն հօրաքրոջը՝ Հայկուհիին եւ զարմիկներուն հետ Ռումանիա կ’երթայ։ Հոն կը ծանօթանայ մեծ մօրը՝ Տիրուհիին, հօրեղբայրներուն եւ զարմիկներուն հետ։

Շաքէն երկրորդական ուսումը անգլերէնով կ’ընէ «British Syrian School for Girls» վարժարանէն ներս (Փաթրաքիէ/Մար Էլիաս)։ Ապա համալսարանական դաընթացներու կը յաճախէ «American Junior College for Women»-էն ներս։

Շաքէն արդիական մտածելակերպի տէր, ուսեալ կին մըն էր, կը խօսէր հայերէն, թրքերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ արաբերէն։ Մինչեւ ամուսնանալը կ’աշխատէր «Malifer» ընկերութեան մէջ։ Երեւի ինքնաշարժ ունեցող եւ քշող Պէյրութի հազուագիւտ հայուհիներէն մէկն էր։ Փոքրամարմին էր, ճաշակով կը հագուէր։ Մարդամօտ էր. երբ Սոնան եւ Լիսպէթը իր զարմիկներուն հետ կ’ամուսնանան, Շաքէն զանոնք կը ծանօթացնէ Պէյրութի իր շրջանակին հետ եւ քաղաքը կը ծանօթացնէ իրենց։ Վերածնունդի գործունէութեան մէջ մաս կ’առնէր եւ խոհարարական դասեր Համրա թաղամասին մէջ գտնուող հանրայայտ Պրիսթոլ պանդոկի խոհարարապետէն։

Շաքէին ատամնաբոյժը՝ բժիշկ Խաչատուր (Սիմոն) Փիլաւճեանը, որ նաեւ Վերածնունդի առաջնորդներէն էր, զինք կը ծանօթացնէ իր ապագայ ամուսինին՝ Բիւզանդ Նաճարեանին հետ(ծնեալ 24 յունիս 1910-ին Տիարպէքիր, մահացած Նիւ Եորք 20 հոկտեմբեր 1992-ին)։ Նաճարեանը հասակ առած էր Երուսաղէմի մէջ, առեւտրական էր եւ արեւելան գորգերու խանութ մը ունէր։

Բիւզանդ Նաճարեանին հայրը Օհաննէս (Յովհաննէս) Պետրոս Սարգիս Նաճարեանն էր, Տիարպէքիրի մօտական Զերիկա գիւղի դպրոցին ուսուցիչը։ Ամուսնացած էր Արուսեակ Սարգիս Մուրատեանին հետ 1898/99-ի կողմերը (Արուսեակը մահացած է Պէյրութ, 1966-ին)։ Ունէին չորս զաւակ՝ Անդրանիկը (ծնեալ 1900-ին), Զապէլը (ծնեալ 1904-ի շուրջ), Բիւզանդը (ծնեալ 1910-ին) եւ Պետրոսը (ծնեալ 1914-ի շուրջ)։ Օհաննէսը Ցեղասպանութեան զոհ գացած էր։ Արուսեակը զաւակները փախցուցած էր ապահով տեղ եւ ի վերջոյ հաստատուած Պաղեստին։ Զապէլը ամուսնացած էր Երուսաղէմի մէջ պարոն Մատոնեանին հետ. ունէին երեք որդի՝ Միքայէլը, Արամը եւ Վահէն։ Ի վերջոյ բոլորը պիտի գաղթէին ԱՄՆ։

Բիւզանդ Նաճարեանը իր ամբողջ կեանքին ընթացքին լուսանկարած է։

25 օգոստոս 1956-ին Շաքէն կ’ամուսնանայ Բիւզանդ Նաճարեանին հետ Պիքֆայայի սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցիին մէջ։

Շաքէին հարսի հագուստը յայտնի զգեստանկարիչ Ժան-Փիւէռ Տելիֆերի (1931-1999) յղացումն էր։ Տելիֆերին քոյրերը եւ Շաքէն ընկերներ էին։ Տելիֆերները ֆրանսախօս կաթողիկէ հայեր էին։ Ժան-Փիէռը ուսանացած էր Պէյրութի, ապա Փարիզի գեղարուեստի կաճառներուն մէջ եւ փորձաշրջան անցած Քրիսթիան Տիորին քով։ 1952-ին ան Պէյրութի մէջ բացած էր «Maison de Couture»-ը։ Զգեստներ կը յղանար նաեւ թատերական ներկայացումներու, շարժանկարներու եւ հռչակաւոր երգչուհի Ֆէյրուզի Պաալպէքի փառատօնին երաժշտաթատերական ներկայացումներուն համար։ Ան որպէս ամառնային բարձրաշխարհիկ երեկոյթներու զգեստ հնարողն էր կիներուն «ապայա»-ին (պարզ, թափուող վերնազգեստ որ առաջ պետէուինուհիները կը հագուէին), որ մինչեւ հիմա «մոտա» է։

Պսակէն ետք Շաքէն եւ Բիւզանդը իրենց բոյնը կը հիւսեն Պէյրութի Համրա թաղամասին մէջ։ Բիւզանդը առեւտրական էր, 1851-էն ի վեր հռչակաւոր ամերիկեան «ARROW» արանց շապիկներու ներկայացուցիչն էր, ինչպէս նաեւ ամերիկեան այլ ապրանքներու։ Տարին երկու անգամ Պարսից ծոց կը ճամբորդէր ապսպրանքներու համար, որոնք ուղղակի կը ղրկուէին Լիբանան։

Երբ 1960-ականներուն Շաքէն եւ Բիւզանդը ամբողջ գերդաստանին առաջին հեռատեսիլը գնեցին, իրենց եղբայր-քոյրերուն զաւակները սկսան կիրակի օրերը իրենց տունը գալ «Bonanza» դիտելու եւ Բիւզանդին համբաւաւոր «շիշ քեպապը» ճաշակելու, տունը պատրաստուած լաւաշ հաց եւ «ապրահամ պէօրէկ» ուտելու։

Բիւզանդը եւ Շաքէն իրենց Ճերի շան հետ (եորքշայր ցեղատեսակի) 1978-ին կը գաղթեն Նիւ Եորք՝ փախուստ տալով Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն։ Այս քայլով անոնք ճամբայ կը հարթեն իրենց եղբայր-քոյրերուն զաւակներուն Նիւ Եորք քաղաք հաստատուելուն։ Յարկաբաժին մը կը գտնեն 71-րդ փողոցին եւ Երկրորդ պողոտային անկիւնը, որ իրենց օճախը կը դառնայ իրենց կեանքին մնացեալ տարիներուն համար։

Շաքէն Քոռնել համալսարանի «գործնական աշխատանքի» գրասենեակի վարչական օգնականն էր մինչեւ հանգստեան կոչուիլը, ապա Ուիթնի թանգարան կամաւոր եղած է։

Շաքէն եւ ԲԻւզանդը կանոնաւոր կերպով պլոթ թղթախաղը կը խաղային Իհմալեան քոյրերուն՝ Պերճուհիին եւ երկուորեակներուն՝ Մայտային եւ Այտային հետ։ Շաքէն «Մալիֆեր» ընկերութիւն աշխատած ատեն ծանօթացած էր Պերճուհի Իհմալեանին։ Իհմալեանները իրենց ծնողներուն եւ հօրաքրոջ հետ կ’ապրէին Մորիս Պարէս փողոցին վրայ, Պէյրութի սուրբ Նշան եկեղեցիին արեւմուտքը։ Անոնք ամուսնացած չէին, լաւ աշխատանք ունէին։ Պերճուհին գործադիր քարտուղար էր, Այտան հիւանդանոցի կառավարիչ, իսկ Մայտան սկիզբը ֆրանսերէն կը դասաւանդէր, ապա, Լոս Անճելես գաղթելէ ետք, Մեսրոպ սրբ. Աշճեանին օգնականն էր։ Ի վերջոյ քոյրերը պիտի երթային Մայտային քով՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին բերումով։ Պէյրութ ըլլար թէ Լոս Անճելես, Իհմալեանները ապրած են կեանքը լիաբուռն եւ առատաձեռն։ Իրենց բակէն թուզ եւ այլ պտուղներ կը ղրկէին Նիւ Եորք։

Շաքէին եւ Բիւզանդին մտերիմ ընկերն էր նաեւ Էօժէնի Ապանճեան- Սանտրիքը, որուն հետ Շաքէն ծանօթացած էր սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանին մէջ, եւ որ նոյնպէս պլոթ կը խաղար։ Էօժէնիին ամուսինը արկածի զոհ պիտի երթար Կանայի մէջ երբ իրենց զաւակները՝ Անին, Էլենը եւ Սերգօն դեռ պատանի էին։

Ուրիշ մտերիմ բարեկամ մըն էր Երուանդ Պօղոս Սարաֆեանը։ Սարաֆեան եղբայրները տիարպեքիրցի էին եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ համբաւաւոր լուսանկարիչներ էին։ Երուանդը եւ Բագրատ Պագալեանը իրենց երիտասարդութեան օրերէն ընկերներ էին։ Աւելի ուշ Բիւզանդը եւ Շաքէն ընկերացած էին Երուանդին եւ իր ամերիկուհի տիկնոջ՝ Լուիզին հետ։ Երուանդը Սուք էլ Ժամիլի մէջ խանութ մը ունէր, կը ծախէր գլխաւորաբար գրամեքենաներ, լուսանկարչական մեքենաներ եւ ապրանքներ,  «Schaeffer» եւ «Parker» ինքնահոսներ, ամանորի շնորհաւորական բացիկներ, զարդարանքներ եւ նման բաներ։

Շաքէն եւ Բիւզանդը երջանիկ կ’ապրէին մինչեւ Բիւզանդին մահը ուղեղի կաթուածէ։ Շաքէն պիտի գտնէր թղթախաղ խաղացող նող ընկերներ իր թաղամասին մէջ ապրող եւ պիտի մասնակցէր «պրիճ»-ի մրցումներու։ Անկումէ մը քիչ ետք պիտի մահանար։

 Սիրարփի (Փեփի) Պետրոս Աշըգեանը (ծնեալ Լառնաքա (Կիպրոս) 1927-ին) իր մեծ քրոջ՝ Շաքէին պէս յաճախած էր սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան։ Ամուսնացած էր Գէորգ Եաղճեանին հետ։

Անգլիալեզու «British Syrian School for Girls» (Փաթրաքիէ/Մար Էլիաս թաղամասին մէջ գտնուող) աղջկանց երկրորդական վարժարանը աւարտելէ ետք Սիրարփին կը մտածէր համալսարան երթալու մասին, բայց հայրը յայտարարեր էր, թէ ուսման վճարը կը մերժէր տալ, բացի եթէ Սիրարփին բժիշկ կամ հիւանդապահ դառնալ որոշէր։ Այդ օրերուն հայրերու մեծ մասը իրենց զաւակներուն ընտրած արհեստներուն նեցուկ չէին կանգնիր։

Սիրարփին սակայն քիչ անց կը յաջողի համոզել հայրը, որ իր ուսման վճարը տայ, եւ «American Junior College for Women» համալսարանէն կը ստանայ բարձրագոյն կրթութիւն։

Այդ տարիներուն ուսումէն ետք երիտասարդ աղջիկները իրենց մայրերուն կ’օգնէին, օգտակար կ’ըլլային իրենց ծնողներուն։ 1949-ին իր զարմիկը՝ Բագրատ Պագալեանը, կը վերամուսնանայ Սոնա Ալլահվերտիին հետ, եւ Սիրարփին կ’օգնէ վերջինիս ծանօթանալու եւ մաս կազմելու հայ համայնքին, ներառեալ Վերածնունդին, կը ծանօթացնէ Պէյրութ քաղաքին։ Երբ իր միւս զարմիկը՝ Վազգէն Պագալեանը կ’ամուսնանայ, Սիրարփին Գահիրէ կ’երթայ ներկայ ըլլալու պսակին։ 1950-ի ամառը Պագալեանները եւ Լիսպէթ Քէշիշեան-Պագալեանին քոյրերը՝ Հերմինէն եւ Ալիսը, կ’անցընեն Տհուր էլ-Շուէիրի մէջ։

Սիրարփիին զարմիկներուն զաւակները, երբ փոքր էին, զինք «Փեփի» կը կոչէին, եւ Սիրարփին կը սիրէր այդ փաղաքշական անունը։ Փեփին լաւ կը պարէր. նրբ զարմիկները Ռումանիայէն Լիբանան եկեր էին 1951-ին, Փեփին Պարոյր Կարապետ Աշըգեանին սորվեցուցեր էր փասօ տոպլէ, թանկօ եւ չաչա պարել։ Ձմեռները Վերածնունդը իր ակումբին մէջ պարի զանազան երեկոներ կը կազմակերպեր, բայց մեծ պարահանդէսները տեղի կ’ունենային Լիբանանի լեռնային պանդոկներուն կամ սրճարաններուն մէջ, որովհետեւ Պաղտատէն եւ Գահիրէէն եկած հայերն ալ ներկայ կ’ըլլային այս ձեռնարկներուն։ Տհուր էլ Շուէիրի մէջ ամենասիրուածները Հաուիի եւ Սենթրալ քազինոյի նուագախումբերն էին։

Սիրարփին գործի ասպարէզ մտած էր որպէս քարտուղար 1954-ին «SIDUL» սպը-ին մէջ։ Վերադասները իր զարմիկներն էին՝ Բագրատ եւ Վազգէն Պագալեաններ։ Հօր՝ ՊետրոսԱշըգեանին մահէն ետք Սիրարփին կը դառնայ ընկերութեան վարչարարներէն մէկը եւ կը ժառանգէ հօրը բաժնետոմսերը։

16 յունուար 1960-ին Պիֆքայայի սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին մէջ Սիրարփին կ’ամուսնանայ Գէորգ Եաղճեանին հետ (ծնեալ Գոնիա 14 յունուար 1921-ին, մահացած Նիւ Եորք 17 ապրիլ 2001-ին)։

Գէորգը Լիբանան մեծցած էր։ Ընտանիքը Գոնիայէն էր։ Գէորգը «Contracting and Trading (C.A.T.)» ընկերութեան հաշուապահն էր, որ 1937-ին Հայֆայի մէջ Էմիլ Պուսթանիի, Ապտալլահ Խուրիի եւ Շուքրի Շամմասին կողմէ հիմնադրուած հեղինակաւոր ընկերութիւն մըն էր։ Մինչեւ այսօր կը գործէ ան։

Երբ Փեփին կ’ամուսնանայ, իր ամսականը կը նուազեցուի, որովհետեւ կ’ենթադրուի, որ ամուսինը պիտի հոգայ իր ծախսերը։ Այդ օրերուն շատ տարածուած էր այս երեւոյթը։

Սիրարփին եւ Գէորգը ունեցած են դուստր մը՝ Ալինը, որ շուտ մահացած է։ Յետոյ ունեցած են երկու մանչ՝

  • Վիգէն Եաղճեան (ծնեալ Պէյրութ 1964-ին) ուսումը ստացած է Նիւ Եորք եւ դեղագործ է
  • Փաթրիք Եաղճեան (ծնեալ Պէյրութ 1967-ին) ուսումը վերջացնելէ ետք վկայեալհաշուապահ կ’աշխատի։

Փեփիին եւ Գէորգին տունը կը գտնուէր Պէյրութի ազգային թանգարանին դիմացը, 1975-1990-ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին առաւելաբար քրիստոնեաբնակ արեւելեան Պէյրութը արեւմտեանէն բաժնող «կանաչ գիծին» վրայ։ Իրենց ապրած վայրը շատ վտանգաւոր էր, որովհետեւ արձակազէնները ըստ բախտի կը կրակէին յետիոտններուն վրայ։ 

Սիրարփիենք ընտանեօք Նիւ Եորք կու գան 1983 սեպտեմբերին, բայց ծնողները կը վերադառնան Լիբանան իրենց գործերը կարգի դնելու համար։ Վիգէնը «CUNY» համալսարանի քրէական արդարադատութեան Ճոն Ճէյ բաժանմունքը կը յաճախէ, ապա ուսումը կը շարունակէ եւ դեղագործութեան դոկտոր կը դառնայ։ Փաթրիքը կը յաճախէ Ֆորեսթ Հիլզ համալսարանը (Քուինզի մէջ) եւ կը դառնայ վկայեալ հաշուապահ։

1984-ին Գէորգը վերջնական կը հաստատուի որդիներուն քով, իսկ Փեփին Պէյրութի մէջ իր գործերը կը դասաւորէ եւ ընտանիքին կը միանայ Նիւ Եորք  1988-ին։ Քաղաքացիական պատերազմի օրերուն ԱՄՆ մեկնելէ առաջ Փեփին տասնամեակներով ժրաջան ու բարեխիղճ գործ կատարած էր «SIDUL»-ի մէջ։ Ցաւօք, հակառակ 35 տարուան նուիրուած աշխատանքին ան «SIDUL»-ի պատմութեան մէջ աննշան յիշատակութիւն մը միայն պիտի ըլլար։ Նիւ Եորքին մէջ ան գործ կը գտնէ Առաջնորդարանի սուրբ Վարդան եկեղեցիի գրախանութիւն մէջ եւ կ’աշխատի մինչեւ հանգստեան կոչուիլը։ 

Տիրան եւ Ատէլ Գազանճեաններու սերունդները

Արփինէ Տիրան Գազանճեան-Սալաթեանը (ծնեալ Ատանա 1903-ին, մահացած 8 դեկտեմբեր 1978-ին Աթէնք) յաճախած էր Ատանայի «Sacré Cœur» ֆրանսական վարժարանը, ապա Պէյրութի «Collège de la Sainte Famille» դպրոցը։ Հայրը՝ Տիրան Գազանճեանը, կը պահանջէր որ աղջկան ձեռքը խնդրողները ուսեալ մարդիկ ըլլային։

Արփինէն ամուսնացած էր Աբգար Պաղտասար Սալաթեանին հետ (ծնեալ Զէյթուն, 1902-ին, մահացած Հալէպ 1971-ին)։ Աբգարը բժշկութիւն ուսանած էր Պէյրութի ամերիկեան համալսարան, աւարտած էր 1929-ին, ապա ծառայած բրիտանական բանակին մէջ Սուտան։ Լիբանանեանհպատակութիւն ստանալէ ետք (ֆրանսական հոգատարութեան տարիներուն)՝ բժիշկ Սալաթեանը վերահաստատուած էր Հալէպ, ուր մինչեւ մահը գործող բժիշկ էր։ Այդ օրերուն մեծ չէր բժիշկներու թիւը Հալէպի մէջ, եւ Աբգարը շատ յարգուած ու փնտռուած բժիշկ էր (իրեն ուղղուած անհասցէ նամակը միշտ ալ այնուամենայնիւ կը հասնէր իրեն)։ Մարդասէր էր ու մարդկային. նոյն ուշադրութեամբ ու հոգատարութեամբ կը վարուէր թէ՛ հարուստին, եւ թէ՛ աղքատին հետ։

Արփինէն եւ Աբգարը ունեցեր են հինգ մանչ, բայց որդիներէն միայն երկուքը ապրած են։

  • Մարալ Սալաթեանը (ծնեալ Հալէպ 1939-ին) յաճախած է Վիեննայի համալսարանը եւ հոգեբուժութիւն ուսանած, աշխատած է Լիբանանի Ասֆուրիէի հոգեբուժարանը, կ’ապրի Սկովտիա։
  • Վահան Սալաթեանը (ծնեալ Հալէպ 1942-ին) ելեկտրական ճարտարագիտութեան մագիստրոսի աստիճան ստացած է Երեւան, աշխատած է «NCR» ընկերութեան մէջ, կ’ապրի Գանատա։

Յարութիւն Տիրան Գազանճեանը (ծնեալ Ատանա 1 օգոստոս 1906-ին, մահացած Աթէնք 10 դեկտեմբեր 1978-ին) ուսում ստացած է նախ Ատանա, ապա Կիպրոս եւ վերջապէս Լիբանան։ Յաճախած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը, ուսանած է քաղաքացիական ճարտարագիտութիւն։ Մայրը ամեն տարի որդիին ոսկեայ ապարանջան մը կը նուիրէր ուսման վճարի համար։

Յարութիւնը կրտսեր եղբօրը՝ Պերճին հետ իրենց սեփական ճարտարագիտական ընկերութիւնը ստեղծած էր։ Իր նախագիծերէն մի քանի հատը թուենք՝ Լիբանանի խորհրդարանը, Ռոքսի շարժանկարի թատրոնը, Ռոն Փուէն պանդոկը։ Իր ընկերութիւնը համագործակցած է Յարութիւնի դասընկերներէն Էմիլ Պուսթանիի «Contracting and Trading Company (C.A.T.)» ընկերութեան հետ, նախ Սուտանի մէջ, ապա տասը տարի Քուէյթի մէջ։ Ընկերութիւնը շինած է Քուէյթ քաղաքի փողոցներուն մեծ մասը, նաւահանգիստը, առաջին հիւանդանոցը եւ բազմաթիւ տուներ ու պալատներ շէյխերուն համար։

Յարութիւնը ամուսնացած էր Փիննա Ասատուրեանին հետ (Կիպրոսէն) 1946-ի կողմերը։ Ունեցած են երեք զաւակ.

  • Ատրինէ Գազանճեան-Սալաթեանը (ծնեալ Պէյրութ 1948-ին) հիւանդապահուհի։ Գանատայի մէջ ան ցաւազերծող հիւանդապահութեան մէջ վկայեալ առաջին բուժքոյրն էր։
  • Լիզա Գազանճեան-Պոյաճեանը (ամուսնալուծուած) (ծնեալ Պէյրութ 1950-ին, մահացած Լոնտոն 2007-ին), յաճախած է «Reading College» հաստատութիւնը (Անգլիա) եւ ուսանած մանկաբաժուական հիւանդապահութիւն։
  • Տիրան Գազանճեանը (ծնեալ Պէյրութ 1956-ին) ելեկտրական ճարտարագիտութիւն ուսանած է Պիրմինկհամ համալսարանին մէջ։ Գործակիցի մը հետ ստեղծած է Վիկլէն ընկերութիւնը (որ անձնական համակարգիչներ կ’արտադրէր), ապա վաճառած է զայն։

1960-ականներուն Յարութիւն Գազանճեանը եւ կինը՝ Փինան կ’ամուսնալուծուին։

Անահիտ Տիրան Գազանճեան-Պետրոսեանը (ծնեալ Ատանա 1907-ին, մահացած Պաղտատ 1981-ին) քրոջը պէս յաճախած էր Ատանայի «Sacré Cœur»  վարժարանը ապա Պէյրութի «Collège de la Sainte Famille» դպրոցը։

Անահիտը ամուսնացած էր Արսէն Պետրոսեանին հետ, որ քաղաքացիական ճարտարագէտ էր, եւ փոխադրուած Պաղտատ։ Յետագային մայրը՝ Ատէլը, պիտի գար քովը ապրելու եւ աչքերը փակէր Իրաքի մայրաքաղաքին մէջ։ Անահիտը եւ Արսէնը ունէին մէկ որդի.

Խաչիկ Արսէն Պետրոսեանը (ծնեալ Պաղտատ 1940-ին, մահացած Պաղտատ 2015-ին) երկրագործական ճարտարագէտ էր։ Կինը եւ երեք մանչերը Լոնտոն կ’ապրէին։

Պերճ Տիրան Գազանճեանը (ծնեալ Լառնաքա, Կիպրոս 1921-ին, մահացած Պէյրութ 1978-ին) եւ զարմիկը՝ Վազգէն Պագալեանը ծնած էին իրարմէ երկու ամիս տարբերութեամբ եւ իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին մտերիմներ էին։

Պերճը յաճախած էր ճիզուիթներու դպրոց՝ սկիզբը «Petit Collège», ապա «Grand Collège»-ը (երկուքն ալ Աշրաֆիէ թաղամաս, Հիւվըլէն փողոցին վրայ)։ 1950-ին դպրոցը կը փոխադրուի քաղաքէն դուրս եւ կ’անուանուի «Notre Dame de Jamhour»։ Ճիզուիթ դպրոցներու աշակերտները կը սորվէին ըլլալ կարգապահ, վստահելի, աշխատասէր, ջանասէր, անհատականութիւն ունեցող եւ իրենց տեսակէտը պարտադրող մարդիկ։

Երկրորդականը աւարտելէ եւ «պաքալորէան» ստանալէ ետք Պերճը ճարտարագիտութեան պսակաւորի աստիճան կը ստանայ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն։ Ան կը միանայ եղբօրը՝ Յարութիւնի ճարտարագիտական ընկերութեան։

Պերճը եւ Սիրան Ահարոն Իզմիրլեան-Գազանճեանը (ծնեալ Պէյրութ 1932-ին) կ’ամուսնանան 16 յունիս 1951-ին Անթիլիասի սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ։

Սիրանը միակ զաւակն էր երկու զոյգ քոյր-եղբայրներու՝ երկու եղբօր հետ ամուսնացած երկու քոյրերու։ Սիրանին մայրը Արաքսի Հազարապետեանն էր, հայրը՝ Ահարոն Իզմիրլեանը։ Սիրանին մօրաքոյրը՝ Ովսաննան, ամուսնացած էր Սիրանի հօրեղբօր՝ Կարապետին հետ։ ԱհարոնըԱնտիոքի մէջ պանդոկատէր էր, իսկ Կարապետը դատաւոր էր, որ յանուն Լիբանանի հայոց Առաջնորդարանի վճիռներ կ’արձակէր ապահարզաններու, ժառանգութեան հարցերու եւ կտակներու վերաբերեալ։

Արաքսի Հազարապետեան-Իզմիրլեանը ծնած էր Պէյրութ։ Ընտանիքը փոխադրուած էր հոն Ալեքսանտրէթէն (Իսքենտերուն) 20-րդ դարու սկիզբներուն։ Այդ օրերուն Լիբանան ապրող հայերուն թիւը շատ փոքր էր։ Սարաֆեան եղբայրք լուսանկարիչները Պէյրութ հաստատուած հայ ընտանիքներէն էին։ Արաքսիին ձեռագործները արտակարգ գեղեցիկ էին. Դստեր օժիտը լեցուն էր ասեղնագործ անկողինի ճերմակեղէններով, ծածկոցներով, ձեռագործ սեղանի սփռոցներով եւ այլայզան այլ ձեռագործներով։

Պերճ եւ Սիրանը երկու դուստր ունէին.

  • Նորա Գազանճեանը (ծնեալ Պէյրութ 1952-ին) Լիբանանի թիւով քիչ ճարտարագէտ կիներէն մէկն էր եւ 1976-ին ընդունուած էր Լիբանանի ճարտարգէտներու արհեստակցական ընկերութիւն։
  • Թինա Գազանճեան-Ալեքսանեանը (ծնեալ Պէյրութ 1955-ին) ճարտարապետութիւն ուսանած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարան, կ’ապրի Քալիֆոռնիա։

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն Պերճը սիրտի հերթական բուժական ստուգման համար Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոց կը մտնէ։ Ճակատագրի հեգնանք՝ կը մահանայ հիւանդանոցին մէջ իրեն փոխանցուած վարակէ մը, մինչ ընտանիքը կը հաւատար, որ սրտի կաթուածի զոհ պիտի երթար։

Կարապետ եւ Ցոլինէ Ճիրճիրեաններու սերունդներ

Գառնիկ/Շառլ Կարապետ Ճիրճիրեանը (ծնեալ Մարսիլիա 1922-ին, մահացած Մարսիլիա 16 դեկտեմբեր 2017) հասակ առած է եւ ապրած Մարսիլիոյ մէջ, ուր արանց հագուստի խանութ ունէր։

Շարլը ամուսնացած էր Միշէլ Մարթէնի հետ։ 1964-ի կողմերը ամոլը Շարլի ազգականներուն այցի գացած էր Լիբանան։ Նաեւ Ատանա գացած էր՝ իրենց նախնիներու ճամբան կրկնելով։ Շարլը գտած էր Տիգրան եւ Մարի Աշըգեաններուն տունը, եւ այդժամեայ բնակիչները իրենց ցոյց տուած էին սենեակները, մառանը։ Շարլը գեղեցիկ գտած էր կառոյցը եւ Ատանայի այս տան որոշ մասերը կրկնօրինակած էր Փիրէնեան լեռներու իր տան մէջ։

Տընի Կարապետ Ճերճիրեանը (ծնեալ Մարսիլիա 1936-ին) եղբօր՝ Շարլին պէս եւ անոր հետ մեծցած է Մարսիլիա։ Ամուսնացած է հոն եւ դուստր մը ունեցած, որ իրեն թոռնուհի մը պարգեւած է։

Լեւոֆէթ եւ Վիքթոր Բամպուքճեաններու սերունդները

Մայտա Լեւոֆէթ Բամպուքճեանը (ծնեալ Զահլէ (Լիբանան) 1922-ի կողմերը, մահուան մասին տեղեկութիւն չունինք) պզտիկ էր երբ մայրը՝ Էլիզ Միհրան Աշըգեանը, Լեւոֆէթ Մ. Բամպուքճեանի կինը, մահացեր էր։ Հայրը վերամուսնացեր էր քենիին՝ Վիքթոր Միհրան Աշըգեանին հետ։ Վիքթորիան Մայտային մայրութիւն ըրած էր նոյն կերպ, ինչպէս իր իսկ զաւակներուն։

Մայտան վկայեալ հիւանդապահուհի էր։ Ամուսնացած չէր։

Միհրան Լեւոֆէթ Մ. Բամպուքճեանը (ծնեալ Լիբանան 1935-ի շուրջ, մահուան թուականը անյայտ) ճարտարապետութիւն ուսանած էր Անգլիա։ Կարճ ժամանակ աշխատած էր Անգլիոյ մէջ, ապա զանազան արաբական երկիրներու մէջ։ 1960-ականներուն օգնած էր հօրը Պէյրութի մէջ։

Լիզեթ Լեւոֆէթ Մ. Բամպուքճեանը (ծնեալ Լիբանան 1937-ի շուրջ, մահուան թուականը անյայտ) դաշնակահար էր եւ դաշնամուրի դաս կու տար Պէյրութի երաժշտանոցը։ Ամուսնացած չէր։

Միրանտա Լեւոֆէթ Մ. Բամպուքճեան (ծնեալ Լիբանան 1939-ի շուրջ, մահուան թուականը չենք գիտեր) ուսանած է Փարիզ եւ վերջերս պետական պարգեւատրումի արժանացած։ Ամուսնացած չէր։

Բարուհի եւ Սարգիս Ուրֆալեաններու սերունդները

Փիթըր Սարգիս Ուրֆալեան (ծնեալ Պէյրութ, 1949-ի շուրջ) կ’ապրի Մոնթրէալ։

Պելլա Սարգիս Ուրֆալեան (ծնեալ Պէյրութ, 1953-ի շուրջ) կ’ապրի Մոնթրէալ եւ ֆրանսերէն կը դասաւանդէ։

  • [1] Կարապետ Բ. Աշըգեան, «Ուզուն Աշըգեան գերադաստանին պատմութիւնը», տպ. Տօնիկեան, Պէյրութ, 1968, էջ 68-70։
  • [2] Նոյն, էջ 9։
  • [3] Պօղոս Բարսեղ Ուզուն Աշըգեանը Պետրոսին թոռնիկն էր, իսկ Պետրոսը եւ եղբայրը՝ Բարսեղը, տոհմի հիմնադիրներն էին։ Պօղոսը ծնած էր Կեսարիա, գործի համար Զմիւռնիա գացած էր։ Հոն զինք կը մեղադրեն յեղափոխական գործիչ ըլլալու մէջ եւ կը դատապարտեն մահուան։ Պօղոսը իսլամութիւն կ’ընդունի, մականունը կը փոխէ Քեամիլի եւ կ’ամուսնանայ իսլամ թրքուհիի մը հետ։ 1908-ի Երիտթուրքերու յեղափոխութիւնը տեղի կ’ունենայ եւ 1876-ի սահմանադրութիւնը կը հռչակուի՝ մեկնարկելով բազմակուսակցական քաղաքականութիւն։ Յաջորդ տարին Ապտուլ Համուտ սուլթանը գահընկէց կ’ըլլայ եւ գահ կը բարձրանայ իր եղբայրը։ Այս ազատ ու ազատական մթնոլորտէն օգտուելով՝ Պօղոս/Քեամիլը այցի կ’երթայ իր ընտանիքին։ Պոլիս վերադարձին կը մահանայ։
  • [4] Başbakanlık Osmanlı Arşivi (BOA), ŞD 1225/9, 21/Ca/1326 (21/6/1908)։
  • [5] Կարապետ Բ. Աշըգեան, նշ. աշխ., Էջ 88։
  • [6] Տարսոնի ջրաելեկտրակայանը 1902-ին գործարկուած է։
  • [7] «Ատանայի հայոց պատմութիւն», խմբ. Բիւզանդ Եղիայեան, հրատ. Ատանայի հայրենակցական միութեան,Անթիլիաս, Լիբանան, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, 1970, էջ 160-164։
  • [8] «Ատանայի հայոց պատմութիւն», նշ. աշխ., էջ 158։
  • [9] Կարապետ Բ. Աշըգեան, նշ. աշխ., էջ 24։ Տե՛ս նաեւ էջ 71։
  • [10] Şubat 1331 (27 փետրուար 1916)։ Ըստ երեւոյթին Աշըգեան-Պագալեան ընկերութեան յաջողութեան համար Սարգիսը անփոխարինելի դարձած էր։ DH EUM 2. Şube, 18/19, 22/R/1332 (27/02/1916)։
  • [11] BOA. DH I UM, 12-1/2-56, 24/ Ca/1337 (25/2/1919)։
  • [12] 1950-ականներու սկիզբներուն Սարգիսին որդին՝ Բագրատը, իր ընկերոջ՝ Թոմաս Հաճիթոմասին հետ Աթէնք կ’երթայ ծծումբ գնելու։ Կը հանդիպին առեւտուրի նախարարին, որ Պոտոսաքի կը կոչուէր։ Ան Բագրատին կը հարցնէ՝ հայրդ Սարգի՞սն է, եւ Բագրատին Ատանայի եւ Սարգիսի մասին պատմութիւններ կը պատմէ։ Պէյրութ վերադառնալով Բագրատը կը պատմէ թէ առեւտրի նախարարի շատ ջերմ ընդունած էր զիրենք։ Պոտոսաքիի անունը լսելով ՊետրոսԱշըգեանը (Սարգիսին աներձագը) եւ գործընկերը Բագրատին եւ եղբօրը՝ Վազգէնին կը պատմէ այս պատմութիւնը այն մասին, թէ ինչպէս Սարգիսին փոխարէն Պոտոսաքին թղթախաղի նստած էր օսմանեան կայսրութեան բանակի բարձրաստիճան սպային հետ։
  • [13] Վազգէն Պագալեանը՝ Սարգիսի որդին, այս պատմութիւնը մահէն քիչ առաջ պատմած է Անի Պագալեանին։
  • [14] «Հայերը Լիբանանի մէջ. Պագալեան ալիւրի գործարանը», Ազդակ, չորեքշաբթի 21 յուլիս 1937, n° 117 (2046), էջ 2։
  • [15] Գրիգորի ծ. վարդ. Պալաքեան, «Հայ Գողգոթան. Դրուագներ հայ մարտիրոսագրութեան», Բ հատոր, Բ. Տպագրութիւն, Պէյրութ, 1977, էջ 204։
  • [16] Նոյն, էջ 235։
  • [17] Սահակ Բ (ծն. 1839) Կիլիկիոյ աթոռի կաթողիկոսն էր 1902- 1939, սկիզբը՝ Սիս (այժմ Քոզան, թուրքիոյ տիրապետութեան տակ), ապա Հալէպ եւ ի վերջոյ Անթիլիաս (Լիբանան)։
  • [18] «Կիլիկեան կսկիծներ. Վաւերագրեր Կիլիկիոյ կաթողիկոսական դիւանէն 1903-1915», հրատ. եւ յառաջաբան՝ Զ. Պզտիկեան, տպ. Հրազդան, Պէյրութ, էջ 24։
  • [19] Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեան, Աթոռակից կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, «Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ (1441-էն մինչեւ մեր օրերը)», տպ. Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, 1939, էջ 961։
  • [20] Կարապետ Բ. Աշըգեան, նշ. աշխ., էջ 150։
  • [21] Սարգիս Պագալեանը կը հանգչի հայ առաքելական գերեզմանատան մէջ (հիմնուած 1924-ին)։ Գերեզմանատունը կը գտնուի Դամասկոս փողոցին առընթեր ս. Ժոզէֆ բժշկական համալսարանին կից։ Իր ազգականները սերունդներով հոն թաղուած են։ Շիրմաքարին վրայ գրուած են ննջեցեալներուն անունները եւ ծննդեան ու մահուան թուականները։
  • [22] «Սարգիս Պագալեան», «Ազդակ», երեքշաբթի 3 օգոստոս 1937, n° 126 (2065), էջ 3։
  • [23] Այդ օրերուն կիները թաղման արարողութեան չէին մասնակցեր եւ գերեզմանատուն չէին երթար։
  • [24] «Սարգիս Պագալեան», «Ազդակ», հինգշաբթի 5 օգոստոս 1937, n° 126 (2065), էջ 3։
  • [25] «Ատանայի հայոց պատմութիւն», խմբ. Բիւզանդ Եղիայեանի, նշ. աշխ., էջ 162-164։
  • [26] Տիանա Թումանեանը (ծնեալ Պէյրութ 1941-ին) անակնկալ ըրաւ հօրը եւ այցելեց անոր Պէյրութ 1972-ի ամառը, վերջինիս մահէն քիչ առաջ։ Տիանան ֆրանսերէն կը դասաւանդէր երկրորդական վարժարանի մէջ։ Ամուսնացած է Սթանֆորտ Սմայլոուի հետ եւ կ’ապրի Նիւ Եորք։
  • [27] Կարապետ Բ. Աշըգեան, նշ. աշխ., Էջ 81։
  • [28] Hagop J. Touryantz, Search for a Homeland, self-published, New York, 1987
  • [29] Zaven Messerlian, Armenian Participation in the Lebanese Legislative Elections 1934-2009, Haigazian University Press, Պէյրութ, 2013
  • [30] Նոյն։
  • [31] Նոյն։