Ասլանեան ընտանիքը Մարաշէն է։ Հայրենի այս քաղաքին մէջ ընտանիքին ապրած ժամանակաշրջանին մասին տեղեկութիւնները հարուստ չեն։ Գիտենք որ Ասլանեան ընտանիքը կը զբաղէր ոչխարի վաճառականութեամբ եւ միսի վաճառքով։ Այս ընտանիքին մէջ ծնած են Կարապետ, Հրանդ եւ Լեւոն Ասլանեան եղբայրները։ Մեր պատումը գլխաւորաբար կը վերաբերի Կարապետ Ասլանեանին (հետագային Տէր Յակոբ Աւագ Քհնյ. Ասլանեան) եւ անոր ընտանիքին։
Հետագային, Ասլանեան ընտանիքին կարգ մը անդամներ որդեգրած են մականունին Արսլանեան ձեւը։ Այնպէս որ այս յօդուածին մէջ պիտի երեւին երկու ձեւերը։
1), 3) Տէր Յակոբ Ասլանեանի մահազդը։ Այս մէկը ընտանիքին կողմէ ղրկուած է Պուէնոս Այրէս, ուր կ՚ապրէին Տէր Յակոբին որդիներէն Պետրոսն ու Բենիամինը։ Մահազդին վրայ ձեռագիրով եւ հայատառ թրքերէնով գրուած է, որ տեղի ունեցած է «Կաթողիկոս կիպի» թաղում։ Այլ խօսքով, քահանային թաղումը եղած է հանդիսաւոր եւ խուռներամ ժողովուրդի մը ներկայութեամբ։
Մահազդին կռնակին գրուած է Երէցկին Խաթուն Ասլանեանին կողմէ հայատառ թրքերէնով նամակ մը, որ ուղղուած է զաւակներուն՝ Պետրոսին եւ Բենիամինին։ Թուականը՝ 22 Մարտ 1940-ն է։ Հոս տեղեկութիւններ կը տրուին իրենց հօր՝ Տէր Յակոբին մահուան պայմաններուն մասին։
2) Տէր Յակոբ քհնյ. Ասլանեան (1865-1940), լուսանկարուած հաւանաբար Մարաշի մէջ։
Հրանդ Ասլանեանին մասին գիտենք որ ուսեալ երիտասարդ մըն էր, կ՚ենթադրուի որ Երուսաղէմի վանքի Ժառանագաւորացի շրջանաւարտ էր։ Ան 1895-ին, օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ իբրեւ հնչակեան կուսակցութեան անդամ յեղափոխական կը ձերբակալուի եւ տանջամահ կ՚ըլլայ Մարաշի բանտին մէջ։ Կը պատմուի որ Հրանդի ձերբակալութիւնը տեղի ունեցած է Մկրտիչ անունով հայու մը մատնութեան հետեւանքով։
Կարապետ Ասլանեանի կենսագրութեան մասին աւելի ծանօթութիւններ կան։ Ան ծնած է 1865-ին։ Կը յաճախէ Մարաշի Կեդրոնական վարժարանը։ Եղած է դպիր Ս. Ստեփաննոս եկեղեցիին մէջ։ Կարապետ քահանայական կարգ կը ստանայ Զէյթունի մէջ, ձեռամբ այդ ժամանակներու Կիլիկիոյ կաթողիկոս՝ Մկրտիչ Քէֆսիզեանի (1871-1894) եւ կը կոչուի Տէր Յակոբ։ Նորընծայ քահանան կարճ ժամանակ մը կը պաշտօնավարէ Զէյթունի մէջ, որմէ ետք կը վերադառնայ Մարաշ եւ կը ծառայէ իր հայրենի Սուրբ Ստեփաննոս եկեղեցիին մէջ։
Մարաշի մէջ Տէր Յակոբ կ՚ամուսնանայ Խաթուն Սաթթճեանի հետ եւ կ՚ունենան հինգ զաւակ. չորս որդի՝ Սմբատ, Պետրոս, Բենիամին եւ Հրանդ (Հաճի) եւ դուստր մը՝ Մարի (ծնեալ 1914-ին)։
Ցեղասպանութեան տարիներուն, ինչպէս Մարաշի հայերուն մեծամասնութիւնը, Ասլանեան ընտանիքը եւս կը տեղահանուի Հալէպ-Հոմս-Համա-Ամման գիծին ուղղութեամբ։ Գիտենք նաեւ որ այս վայրերը տեղահանուած հայ կրօնաւորները 1916-ին կը ձերբակալուին եւ առանձին խումբով մը կ՚աքսորուին Թաֆիլէ, որ Երուսաղէմէն աւելի հարաւ՝ Մաանի մօտերը գտնուող գիւղաքաղաք մըն էր (ներկայիս Յորդանան)։ Տէր Յակոբ, որ աքսորեալ քահանաներու խումբին մաս կը կազմէր, կը յաջողի փախուստ տալ եւ ապաստան գտնել Երուսաղէմ, ուր այդ տարիներուն աքսորական կ՚ապրէր նաեւ Կիլիկիոյ Սահակ Բ կաթողիկոսը։
Առաջին համաշխարհային պատերազմէն եւ օսմանեան բանակներուն պարտութենէն ետք, Ասլանեան ընտանիքէն վերապրողները կը վերադառնան իրենց հայրենի քաղաքը՝ Մարաշ։ Պատմական Կիլիկիոյ այս տարածքները այդ ժամանակ գրաւուած էին դաշնակից բանակներուն կողմէ։ Հայերուն համար նոր կեանք մը ծայր առած էր Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ետք։ Բայց նոր ժամանակները երկար չեն տեւեր։ Մուսթաֆա Քէմալ Փաշային (հետագային Աթաթիւրք) հետեւորդ թրքական ազգայնական զօրքերը կը պաշարեն Մարաշ քաղաքը, ֆրանսական գրաւեալ բանակները հետզհետէ կը նահանջեն եւ այս ընթացքին հակահայ ջարդեր տեղի կ՚ունենան քաղաքին մէջ։ Ասլանեան գերդաստանի անդամ 22 անձեր զոհ կ՚երթան այս ջարդերուն։ Տէր Յակոբի ընտանիքը այնուհետեւ բնակութիւն կը հաստատէ Ատանայի մէջ, որ տակաւին կը մնար ֆրանսական տիրապետութեան տակ։
Բայց Ատանայի մէջ ալ անոնց կեցութիւնը երկար չի տեւեր։ Ֆրանսա եւ Թուրքիա Հոկտեմբեր 1921-ին կը կնքեն համաձայնութիւն մը, ըստ որու ֆրանսական իշխանութիւնները ամբողջ Կիլիկիոյ տարածքը պիտի զիջէին Անգարայի կառավարութեան։ Այս համաձայնութիւնը խուճապ կը ստեղծէ տեղւոյն հայերուն մօտ, որոնք զանգուածային գաղթի կը դիմեն յատկապէս դէպի Սուրիա եւ Լիբանան։
Ահաւասիկ այս ձեւով ալ Տէր Յակոբ քհնյ. Ասլանեանի ընտանիքը շատ հաւանաբար 1922-ի առաջին շաբաթներուն, Մերսինէն ճամբայ ելած նաւով մը կը հասնի Պէյրութ։ Հոս, գաղթական զանգուածին համար նախատեսուած էր մեծ գաղթակայան մը, Պէյրութի հիւսիս-արեւեքը՝ նաւահանգիստին անմիջական հարեւանութեամբ տեղ մը. հիւսիսի կողմէն սահմանը ծովն էր, իսկ հարաւի կողմէն՝ թրամվայի գիծը։
Կեանքը Պէյրութի քէմփին մէջ
Պէյրութի քէմփի բնակիչները սովորական գաղթական ժողովուրդն էր, Ցեղասպանութենէն վերապրածներ, անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր իր խայտաբղէտ պատմութիւնը, որ ամէն վերապրող հայու նման ծայր կ՚առնէր իր հայրենի գիւղէն եւ քաղաքէն, կը հասնէր մինչեւ Լիբանան եւ կը շարունակուէր հոս՝ բազմաթիւ եւ բազմապիսի հանգրուաններով, դրուագներով, տագնապներով, կորուստներով, բարքերով, լեզուներով, ապրումներով, մշակոյթներով։
Բաւարար է հայկական այս գաղթակայանէն քանի մը լուսանկար դիտել եւ անմիջապէս պիտի համոզուինք, որ զուրկ էր առողջապահական նուազագոյն պայմաններէ, տուները խրճիթներ էին՝ կառուցուած պատահական շինանիւթերով, ձմեռները փողոցները ցեխոտ էին, իսկ ամառները՝ փոշիոտ։ Առաւել եւս, վկայութիւնները ցոյց կու տան, որ ամբողջ այս տարածքը կը յատկանշուէր անտանելի գարշահոտութեամբ՝ կոյուղիներու բացակայութեան հետեւանքով։ Աւելի՛ն, կար բնակչութեան գեր-խճողուածութիւնը, ընտանիքներու կողք-կողքի, մէջ-մէջի համակեցութիւնը, տիրող անգործութիւնը, շատերու գաղթականի եւ Ցեղասպանութենէ վերապրողի ուժասպառութիւնը, ընկճուածութիւնն ու հոգեխռովութիւնը։ Ուրիշ խօսքով, ընկերային այսպիսի անբնական պայմաններու մէջ ամբողջ քէմփը խոցելի էր հիւանդութիւններու առջեւ, ներքին կռիւները, մինչեւ իսկ սպանութիւնները անպակաս էին, ոգելից ըմպելիքներու գործածութիւնը սովորականէն շա՛տ աւելին էր, մեծապէս տարածուած երեւոյթ էր նաեւ խումարը՝ թղթախաղի կամ այլ ձեւերու տակ։
Տէր Յակոբի ընտանիքին համար քէմփի միջավայրը պիտի ըլլար նոր սկիզբի մը հանգրուանը՝ դժուար, նեղ եւ փակ պայմաններու մէջ։ Հոս կը գտնուէին Տէր Յակոբին կինն ու զաւակներէն չորսը։ Անոնցմէ Հաճին (Հրանդ) արդէն ամուսնացած էր եւ՝ իր կարգին ընտանիք կազմած։ 1924-ին կամ 1925-ին, քէմփի մէջ բնակութիւն կը հաստատէ նաեւ Տէր Յակոբին եղբայրը՝ Լեւոնը, իր ընտանիքով։ Անոնք նախապէս Դամասկոս կ՚ապրէին։ Հետագային, Լեւոնին որդին՝ Հրանդ Արսլանեանը, գրի պիտի առնէր Տէր Յակոբ Ասլանեանին կենսագրականը («Յուշեր Տ. Յակոբ Աւագ Քհնյ. Արսլանեանի սրբակրօն կեանքէն», 2010, Անթիլիաս) եւ զայն պիտի հրատարակէր։ Ասլանեան ընտանիքի անդամները կը յաջողին քէմփի իրենց խրճիթը տարիներու ընթացքին երկյարկանի տունի մը վերածել։
Տէր Յակոբի որդիներէն՝ Սմբատը, կ՚ենթադրուի որ Առաջաին համաշխարհային պատերազմէն առաջ կամ անկէ անմիջապէս ետք գաղթած էր Միացեալ Նահանգներ։ Ընտանեկան վկայութիւններէն գիտենք, որ 1920-ական թուականներու սկիզբը ոճիր մը կը գործէ եւ տասնամեակներ արգելափակուած կը մնայ Նիւ Եորքի մէկ բանտին մէջ։ Ոճիրին դրդապատճառը իր սիրած աղջկան հարցով վէճ մըն էր նոյն աղջկան մէկ ուրիշ սիրահարուածի մը հետ. խնդիրը մահացու աւարտ մը կ՚ունենայ։
Տէր Յակոբ քահանայագորութիւնը կը շարունակէ Պէյրութի քէմփի հայութեան շրջանակին մէջ։ Այս վայրին Սուրբ Խաչ փայտաշէն եկեղեցիին կառուցումը շատ բան կը պարտի Տէր Յակոբի ճիգերուն։ Եկեղեցին կը գտնուէր Կեդրոնական քէմփին մէջ, որ ծանօթ է նաեւ Ատանա քէմփ, Մեծ քէմփ կամ Մար Մխայէլի քէմփ անուններով։ Այս վայրը առաջին գաղթակայանն էր, ուր Կիլիկիայէն հասած հայերը հաստատուած էին Պէյրութի մէջ։ Այս իմաստով ալ, Սուրբ Խաչը Լիբանանի առաջին հայ առաքելական եկեղեցին էր, որ կառուցուած էր նոր ժամանած հայերուն կողմէ։ Այս ամբողջ գաղթակայանը երբեմն կը յիշուէր նաեւ Սուրբ Խաչ անունով։ Սուրբ Խաչ եկեղեցիէն ոչ շատ հեռու կը գործէին նաեւ հայ կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական նոյնպէս փայտաշէն եկեղեցիները։
Սուրբ Խաչ եկեղեցիին կառուցման ճշգրիտ թուականը յայտնի չէ։ Սկզբնաղբիւրներուն մէջ անոր գոյութիւնը կը յիշատակուի 1923-էն սկսեալ։ Բայց հաւանաբար աւելի համեստ պայմաններու մէջ անիկա կը գործէր 1922-էն իսկ։ Սկզբնական շրջանին, անոր տանիքը պարզապէս կտաւով ծածկուած էր։ Տէր Յակոբին մասին գրուած կենսագրականին մէջ, նշուած է որ քահանան անձամբ գացած է մօտակայ Պէյրութի շուկան անհրաժեշտ կտաւը գնելու համար։ Աւելի ճշգրիտ գիտենք, որ 1923-ին, այս եկեղեցիին կառուցուածքը որոշ բարելաւում կ՚ունենայ. տանիքը - ինչպէս պատկերներուն մէջ կը տեսնենք - կը ծածկուի թիթեղով։ Եկեղեցիին ճիշդ քովը Հոկտեմբեր 1923-էն կը գործէր նաեւ դպրոցը, որու անունը 1927-էն սկսեալ կը յիշատակուի իբրեւ «Սահակեան» վարժարան։ Նոյն այս քէմփի տարածքը ունէր երկրորդ հայ առաքելական եկեղեցի մըն ալ՝ Սուրբ Երրորդութիւնը, որ կը գտնուէր «Ամանոս» կոչուած գաղթակայանին մէջ։ Անոր կողքին գործող վարժարանը կը կոչուէր «Մեսրոպեան»։ 1924-ին, ամբողջ քէմփին մէջ կը գործէին երեք քահանայ։
Կռիւ, վէճ, նոյնիսկ սպանութիւն մաս կը կազմէին գաղթակայանի առօրեային։ Այդ տարիներու Լիբանանի հայկական, մինչեւ իսկ ֆրանսատառ եւ արաբատառ մամուլը յաճախ անդրադարձած է քէմփի ներքին խնդիրներուն, մանաւանդ երբ անոնք ոճրային բնոյթ կ՚առնէին։
Ընտանեկան պատումին մէջ կը յիշատակուի դէպք մը, որ կ՚առնչուի նաեւ Ասլանեան ընտանիքին պատմութեան։ Թուականը յստակ չէ, բայց կ՚ենթադրուի որ դէպքը տեղի կ՚ունենայ 1920-ականներուն կամ 1930-ականներուն։ Քէմփի ծովափին կը գտնուի սպաննուած հայու մը դիակը, որուն ինքնութիւնը շուտով կը պարզուի։ Միեւնոյն Մկրտիչն էր, որ ինչպէս տեսանք Մարաշի մէջ յայտնի էր իրբեւ օսմանեան ոստիկանութեան հաշուոյն աշխատող լրտես։ Իբրեւ գաղթական ան նոյնպէս ստիպուած էր ապրիլ քէմփի նեղ շրջանակին մէջ, ուր ամէն մէկը միւսը կը ճանչնար, անանունութիւն պահպանել անկարելի էր…
Յունուար 1926-ին պատահած ուրիշ խնդրի մը մէջ Տէր Յակոբ Ասլանեանի անունն ալ կը նշուի։ Այդ ժամանակ քէմփը եկեղեցական առանձին Թեմ մըն էր, որուն առաջին Առաջնորդը եղած է Եփրեմ վրդ. Տոհմունին։ Գիշեր մը Առաջնորդին պատկանող քէմփի սենեակին մէջ կնոջ մը ներկայութիւնը կը նկատուի, ժողովուրդ կը հաւաքուի, աղմուկ կը բարձրանայ, Առաջնորդին վրայ յարձակողներ կ՚ըլլան, ծեծուըռտուք տեղի կ՚ունենայ, կնոջը դուրս կը հանեն սենեակէն, այլ տունի մը մէջ կը բանտարկեն իբրեւ վկայ։ Յաջորդ օրը քէմփի Առաջնորդարանին մէջ կը հաւաքուի մեծ բազմութիւն, որ բաղկացած էր հակադիր հոսանքներէ. Առաջնորդին պաշտպաններն ու ամբաստանողները։ Այս անգամ աւելի մեծ կռիւ տեղի կ՚ունենայ հակամարտ կողմերուն միջեւ, կրակոցներ եւ դանակոծումներ կ՚ըլլան, 7-8 հոգի կը վիրաւորուի, լիբանանեան ոստիկանութիւնը կը միջամտէ եւ կը ձերբակալուին բազմաթիւ անձեր։ Մամուլին մէջ կը հրատարակուին յօդուածներ, ուր Առաջնորդ Տոհմունիին պաշտպանները կ՚ամբաստանեն Տէր Յակոբն ու այլ մարաշցի մը՝ Աւետիս Ասլանեանը (Տէր Յակոբին մէկ ազգականը) այս ամբողջը դաւադրաբար կազմակերպելուն մէջ, յայտնելով որ այս խմբակը գիշերով Առաջնորդին սենեակին մէջ գաղտնաբար մտցուցած են խնդրոյ առարկայ կինը եւ այս ձեւով գայթակղութիւն հրահրած։ Տէր Յակոբի կողմը կը շեշտէր դէպքին վաւերականութեան վրայ՝ այլազան փաստեր բերելով։
Այսպիսի դէպքեր երբեք չէին կրնար մեղմացնել քէմփի արդէն իսկ տառապագին եւ դժնդակ պայմանները։ Այս միջավայրէն փախուստ տուողները շատ էին։ Հեռանալու ձեւերէն մէկն էր գաղթը դէպի հեռաւոր ափեր։ Միացեալ Նահանգները իր սահմանները փակած էր գաղթականութեան առջեւ, այնպէս որ այդ օրերուն ուղղութիւններէն ամէնէն աւելի որդեգրուածը Ֆրանսան եւ Հարաւային Ամերիկան էր (յատկապէս Արժանթին եւ Պրազիլ)։ Տէր Յակոբին զաւակներէն Պետրոսը եւ Բենիամինը նոյնպէս կը գաղթեն Արժանթին։ Պետրոսին պարագային գիտենք որ այս ճամբորդութիւնը տեղի կ՚ունենայ 1928-ին։ Իր հետ կը մեկնին Պետրոսին կինը՝ Կիւլէնիան (ծնեալ Գութուճեան), եւ որդիները՝ Անդրանիկն ու Յովհաննէս/Խուանը։ Անդրանիկ ծնած էր 1927-ին։
30 Յունուար 1933-ին «Ատանա» քէմփին մէջ կը ծագի մեծ հրդեհ մը, որ մօտ վեց հարիւր տուներու քանդումին պատճառ կ՚ըլլայ եւ անպատսպար կը ձգէ մօտ չորս հազար հայեր։ Այս հրդեհին հետեւանքով հրոյ ճարակ կ՚ըլլան նաեւ Սուրբ Խաչ եկեղեցին եւ «Սահակեան» վարժարանը։ Նոյն այս տարիներուն Պէյրութի ծայրամասին գտնուող Պուրճ Համուտի մէջ սկսած էին կառուցուիլ հայկական նոր թաղամասեր քարաշէն տուներով։ Այս թաղամասերէն գլխաւորը կը կոչուէր Նոր Մարաշ, ուր կը հաստատուի քէմփի ժողովուրդէն մեծ թիւ մը։ Ասոնց շարքին էր նաեւ Տէր Յակոբ Ասլանեանի ընտանիքը։
Երէցկին Խաթուն Ասլանեան Պուրճ Համուտի իր տան մէջ։ Պատէն կախուած է Տէր Յակոբին դիմանկարը։ Պատկերին կռնակին հայատառ թրքերէնով երկտող մը կայ ուղղուած Պետրոս Արսլանեանին։ Յայտնապէս Երէցկին դժգոհ է իր որդիէն նամակ չըստանալուն պատճառով։ Ան կը գրէ.
«Սիրելի որդիս Պետրոս Ասլանեան.
Այս նկարը ինձմէ յիշատակ մը թող ըլլայ, որպէսզի ինձ յիշես։ Այսօր ինձ մոռցաք, սակայն երբ մահանամ պիտի ուզէի ըսել եւ ուրախանալ, որ ես ալ որդի մը մեծցուցած եմ։ Յամենայնդէպս դուք ողջ եղէք։ 18 Օգոստոս 1952»։
Photo Edmond, Լիբանան։
Պուրճ Համուտի մէջ. ժողովուրդին հարազատ քահանան եւ զարմանահրաշ բուժիչը
Տէր Յակոբի կենսագիր՝ Հրանդ Արսլանեան կը գրէ, թէ մինչեւ վերջ ալ Տէր Յակոբ շարունակեց պահել քէմփի իր տունը։ Նոր Մարաշի մէջ թէեւ ունէր իրեն յատկացուած տուն մը, բայց ան կը շարունակէր նաեւ ապրիլ քէմփին մէջ։
Տէր Յակոբ նուիրուած էր Նոր Մարաշի ծաղկումին, մանաւանդ այստեղ հայկական եկեղեցի մը կառուցելու ճիգերուն։ Բազմաթիւ վկայութիւններ ցոյց կու տան, թէ Տէր Յակոբ խթանիչ գլխաւոր ուժ մը հանդիսացած է Նոր Մարաշի Ս. Քառասուն Մանուկ եկեղեցիի շինութեան. կը կազմակերպէր դրամահաւաք, շրջապատին մէջ կը գտնէր մարդիկ, կը համոզէր զանոնք որ գան եւ մասնակցին եկեղեցիին շինութեան աշխատանքներուն՝ մէկը իբրեւ պարզ բանուոր, ուրիշ մը իբրեւ արհեստաւոր, եւայլն։
1931-ին, երբ Ս. Քառասուն Մանուկը կը կառուցուի եւ գործել կը սկսի, Տէր Յակոբը կը դառնայ եկեղեցիին գլխաւոր քահանան։ Բայց շատ երկար պիտի չտեւէր հայկական այս նորահաստատ թաղամասին մէջ անոր հոգեւոր գործունէութիւնը։ 1940-ին, ուղեղային կաթուած կ՚ունենայ եւ կարճ ժամանակ ետք կը մահանայ Նոր Մարաշի իր տան մէջ նոյն տարուան Մարտ 10-ին։
Նոյն օրն իսկ հանգուցեալին մարմինը կը տեղադրուի Ս. Քառասուն Մանուկ եկեղեցին։ Հոս ամբողջ օր մը հանգուցեալը կը պահուի բաց դագաղի մը մէջ խուռներամ ժողովուրդի մը առջեւ։ Յաջորդ օրը կը մատուցուի պատարագ եւ կը կատարուի մահացած քահանային վերջին օծումը բարձրաստիճան կրօնաւորներու մասնակցութեամբ։ Լիբանանի Առաջնորդ Եղիշէ Արք. Կարոյեան իր քարոզին մէջ կը շեշտէ այն փաստը, որ Տէր Յակոբի ջանքերով կառուցուած են քէմփի Սուրբ Խաչ եւ Նոր Մարաշի Ս. Քառասուն Մանուկ եկեղեցիները։ Ապա կը կազմուի հսկայ թափօր մը, որուն մէջ կային նաեւ Պուրճ Համուտի Աբգարեան, Արամեան, Նուպարեան եւ Կիլիկեան վարժարաններու աշակերտներն ու ուսուցիչները, ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, քահանայական դասը, խուռներամ ժողովուրդ մը։ Թափօրը կը շրջի Նոր Մարաշի թաղերուն մէջ, որմէ ետք կը վերադառնայ Ս. Քառասուն Մանուկ, ուր հանգուցեալը կը թաղուի եկեղեցւոյ ձախ կողմը, այս առիթով պատրաստուած յատուկ գերեզմանի մը մէջ։
Կը կարծեմ որ Տէր Յակոբ ժողովուրդին սիրելին եւ հարազատը ըլլալու այս հանգամանքը չէր պարտեր միայն իր նուիրումին, համեստութեան, անխարդախութեան եւ հաւատքին։ Վկայութիւնները ցոյց կու տան, որ ժողովուրդէն մեծարուելու այլ պատճառ մըն ալ ունէր։ Շատեր կը հաւատային բուժելու անոր հրաշագործ ուժին։ Այս համբաւը ան կը կրէր տակաւին Մարաշի մէջ քահանայագործութեան իր օրերէն, բայց անիկա աւելի մեծ տարողութիւն կ՚առնէ քէմփի գաղթական, ուժասպառ եւ անպաշտպան ժողովուրդին շարքին, եւ հետագային ալ նոյն թափով կը շարունակուի Պուրճ Համուտի մէջ։
Նշանաւոր էր այս իմաստով Տէր Յակոբի «Կիպրիանոս» աղօթագիրքը։ Կը հաւատային որ քահանային կողմէ անկէ կարդացուած աղօթքները կրնային հիւանդներ բուժել։ Բացի հայ հաւատացեալներէն, Մարաշի մէջ թուրքեր ալ իր աղօթքներուն կ՚ապաւինէին։ Կը պատմուի նաեւ որ Միացեալ Նահանգներ գաղթած կին մը Տէր Յակոբին լուր կը ղրկէ իր «Կիպրիանոս»էն էջ մը նուիրել, որպէսզի իր հիւանդ զաւակը բուժէ։ Գիտենք որ քահանային «Կիպրինաոս»էն բազմաթիւ էջեր կը պակսին. վստահաբար ուրիշներ ալ նոյն փափաքով դիմած են քահանային։ Ոմանք էջը կը խաշէին ջուրի մէջ եւ կը խմէին։ Գիտենք նաեւ որ Տէր Յակոբին մահէն ետք, զանազան հիւանդութիւններէ տառապողներ կամ անոնց հարազատները կու գային Տէր Յակոբին գերեզմանէն բուռ մը հող կ՚առնէին, ջուրի հետ միասին սուրճի գաւաթի մը մէջ կը դնէին եւ կը խմէին կամ ալ հիւանդին խմել կու տային։ Քէմփի եւ Պուրճ Համուտի օրերուն, տեղացի իսլամներ ալ կու գային Տէր Յակոբին քով եւ անոր աղօթքները կը լսէին բժշկուելու յոյսով։
1), 2) Տէր Յակոբ Ասլանեանին գրած նամակը եղբօրը՝ Լեւոնին, որ այդ ժամանակ կ՚ապրէր Դամասկոսի մէջ։ Նամակին թուականը 16 Մարտ 1924 է։ Գիտենք որ քանի մը ամիս ետք Լեւոնն ու ընտանիքը պիտի հաստատուէին Պէյրութի մէջ։ Նամակը հայատառ թրքերէն է։
«Կիպրիանոս» աղօթագիրքին նման հռչակ ունէր նաեւ Տէր Յակոբին քահանայական գաւազանը։ Ան չէր վարաներ այս առարկան գործածելէ անկարգներու դէմ։ Բայց կային անձեր, որոնք այս հարուածները օրհնութիւն կը համարէին…։ Կը պատմուի օրինակ, որ 1970-ականներուն Միացեալ Նահանգներէն Պուրճ Համուտ կու գայ անձ մը, որ իր փոքր տարիքին չափազանց անհանդարտ ըլլալուն պատճառով՝ ծնողքը դիմած էր Տէր Յակոբի օգնութեան։ Քահանային աղօթքները նոյնպէս ապարդիւն կ՚անցնին, մինչեւ որ Տէր Յակոբ գաւազանի հարուած մը կու տայ տղուն։ Հաւատացեալը համոզուած է, որ ասկէ ետք իր անկարգութիւնները կը դադրին եւ իր առջեւ կը բացուին յաջողութիւններու դռները։ Տարիներ ետք նոյն այս մարդը կը խնդրէր ձեռք ձգել Տէր Յակոբի փայտեայ գաւազանէն շերտ մը, որպէսզի երթար եւ զայն դնէր իր զաւակին բարձին տակ, նոյն հրաշագործութիւնը ակնկալելով։
1946-47 տարիներուն Լիբանանէն դէպի Խորհրդային Հայաստան կատարուած ներգաղթին ժամանակ, Տէր Յակոբի որդիներէն՝ Հաճին (Հրանդ), նոյնպէս կը մեկնի իր ընտանիքով։ Տէր Յակոբին զաւակներէն Լիբանան կը մնան միայն Մարին, որ ամուսնացած էր Երուանդ Պօյաճեանի հետ, ինչպէս նաեւ Երէցկինը՝ Խաթունը։
1951-ին, Սմբատը, որ ինչպէս տեսանք Միացեալ Նահանգներու մէջ բանտարկուած էր, ազատ կ՚արձակուի եւ կը հաստատուի Լիբանան։ Ան բնակութիւն կը հաստատէ նախ իր քրոջ՝ Մարիին, ապա քրոջ աղջկան՝ Անահիտին տունը՝ Նոր Մարաշի մէջ, ուր կը մնայ մինչեւ իր մահը։ Սմբատ 56 տարեկան էր երբ կը հասնի Լիբանան, իրեն համար բոլորովին անծանօթ երկիր մը։
Հաճիին ընտանիքը աւելի ուշ Հայաստանէն պիտի գաղթէր Միացեալ Նահանգներ։ Մարին եւ ընտանիքը իրենց կարգին Լիբանանը պիտի ձգէին եւ պիտի հաստատուէին Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Տէր Յակոբի յիշողութեան վերականգնումը
Վերջին տասնամեակին, մանաւանդ ընկերային ցանցերու ընձեռած հաղորդակցութեան դիւրութիւններուն լոյսին տակ, Տէր Յակոբին յիշատակը նոր թարմացում մը ապրած է անոր աշխարհասփիւռ շառաւիղներուն շրջանակին մէջ։ Արժանթինէն, Ֆրանսայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ապու Տապիէն ազգականներ կը ժամանեն Լիբանան եւ կ՚այցելեն Պուրճ Համուտի Տէր Յակոբի շիրիմը։ Այս բոլորը առիթ ալ կ՚ըլլայ, որ իրարմէ անծանօթ ազգականներ իրարու հետ կապ հաստատեն եւ երբեմն նաեւ հանդիպին։
Այս մասին կը պատմէ Յուշամատեանի աշխատակից Կարօ Տէրունեանը, որ իբրեւ մարաշցի, յատուկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է Տէր Յակոբի գործունէութեան նկատմամբ եւ յաճախ ընկերակցած է մարաշցի քահանային ազգականներուն՝ Լիբանան կատարած իրենց զանազան այցելութիւններուն ընթացքին։ Կարօն էր նաեւ, որ Տէր Յակոբին վերաբերող զանազան գրութիւններ, լուսանկարներ եւ պատմութիւններ ընկերային ցանցերով տարածած է, ինչ որ շատ մը ազգականներու հետաքրքրութիւնը շարժած է եւ մարաշցի քահանային յիշողութեան վերականգման նպաստած։
Այս բնոյթի Լիբանան այցելութիւններէն Կարօն կը նշէ Ապու Տապիէն Մարիին (Տէր Յակոբին դուստրը) թոռնուհիին եւ Անահիտին աղջկան՝ Լենա Մաթոսեան-ՄըքՔրիրիին ժամանումը։ Ասոր յաջորդած են Պուէնոս Այրէսէն Պետրոսին (Տէր Յակոբին որդին) զաւակին՝ Անդրանիկին եւ անոր թոռնիկներուն այցելութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ Յասմիկ Պօյաճեան-Կիյանին (Մարիին թոռնուհին)։ Անդրանիկը մէկ տարեկան էր, երբ ընտանիքով կը գաղթէ Արժանթին։ Ինչպէս այս էջով կարգ մը պատկերներ ցոյց կու տան, ան մէյ մըն ալ Լիբանան կ՚այցելէ 1953-ին։ Իր երկրորդ այցելութիւնը տեղի կ՚ունենայ 2014-ին, ընկերակցութեամբ իր որդւոյն Ալէխանտրոյին։ Ասոր կը յաջորդեն Անդրանիկին կնոջ՝ Սուսանային, դուստրերուն՝ Մարինային եւ Վերոնիքային, ինչպէս նաեւ որդւոյն՝ Մարքոյին այցելութիւնները։
Կարօ կը պատմէ Անդրանիկին եւ Պետրոսին զարմիկին՝ Հրանդ Արսլանեանին յիշատակելի հանդիպումը։ Հրանդ ինչպէս տեսանք հեղինակն էր Տէր Յակոբի կենսագրական գրքոյկին։ Ներկայիս երկուքն ալ մահացած են. Անդրանիկ կը մահանայ 2019-ին, մինչ Հրանդ՝ 2020-ին։ Ինչ որ ուշագրաւ է, երկու ազգականներուն հասարակաց լեզուն թրքերէնն էր, այնպէս որ անոնց ամբողջ զրոյցն ալ տեղի կ՚ունենայ այդ լեզուով։ Թրքերէնը Տէր Յակոբի, ինչպէս նաեւ շատ մը մարաշցի հայ ընտանիքներու խօսակցական լեզուն էր։ 1920-ականներու վերջերը, երբ Անդրանիկին հայրը՝ Պետրոսը, ընտանիքով կը մեկնի քէմփէն, այս միջավայրին մեծամասնութեան լեզուն նոյնպէս թրքերէնն էր։ Փաստօրէն Պետրոս լեզուական այս ժառանգութիւնը իր հետ տարած էր Պուէնոս Այրէս եւ ընտանիքին մէջ շարունակած էր թրքերէն խօսիլ, այս ձեւով Անդրանիկն ալ նոյնպէս հասակ առած էր այս լեզուն սորվելով եւ խօսելով։ Այս էջին մէջ ներկայացուած ընտանեկան զանազան բացիկներ եւ նամակներ նոյնպէս գրուած են հայատառ թրքերէնով։ Օրինակի համար, Հաճի երբ Հայաստան կը ներգաղթէ, ընտանիքի անդամներուն յղուած անոր կարգ մը գրութիւնները հայատառ թրքերէնով էին։
Վերջապէս նշեմ, որ այս էջով հրատարակուած նիւթերուն մեծ մասը Կարօ Տէրունեանին քով պահուող թուայնացուած պատկերներ կամ վաւերաթուղթեր են։ Բնատիպերը կը գտնուին Պուէնոս Այրէս, Սուսանա Ալաէզ Արսլանեանին (Անդրանիկին կինը) քով։