Աւտոյեան հաւաքածոյ - Ուաշինկթըն, ԱՄՆ
Այս էջը նուիրուած է Հիւսէնիկէն Պոյաճեան եւ Ճորճորեան ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ Պիթլիսէն Աւտոյեան ընտանիքին։ Աւտոյեան հաւաքածոյի լուսանկարները մեզի տրամադրեց Լեւոն Աւտոյեան. լուսանկարները ցոյց կու տան Լեւոնի մօրենական կողմի նախնիները նկարուած իրենց ծննդավայր՝ Հիւսէնիկի (Խարբերդի դաշտ, այժմ՝ Ուլուքենթ) մէջ, ապա Միացեալ Նահանգներու մէջ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբը։ Հաւաքածոյին մէջ կան նաեւ Լեւոն Աւտոյեանի հօրենական կողմի նախնիներէն նկարներ։
Որոշ լուսանկարներ ցոյց կու տան Լեւոն Աւտոյեանի մօրենական մեծ – մեծմայրն ու հայրը՝ Ելցա Պոյաճեանը (ծնեալ Միքայէլեան) ու Գրիգոր Պոյաճեանը, ինչպէս նաեւ իր մեծ մայրն ու հայրը՝ Պայծառ Պոյաճեան (հետագային Ճորճորեան, ծնեալ Հիւսէնիկի մէջ) եւ Օսքար Ճորճորեան (ծնեալ Քեսիրիք), որոնք կանուխէն՝ տակաւին Ցեղասպանութենէն առաջ, հաստատուած էին Միացեալ Նահանգներ։ Այլ պատկերներու մէջ կ՚երեւին Լեւոնի հօրենական մեծ մայրն ու հայրը՝ Փերուզ եւ Սեդրակ Աւտոյեաններ, որոնք նոյնպէս գաղթած էին Միացեալ Նահանգներ։ Լուսանկարներուն բոլոր բացատրութիւնները տրամադրած է Լեւոն Աւտոյեան։
Լուսանկարուած Հիւսէնիկի մէջ. պատկերի մէջի երկու ծնողներն են՝ Ելցա (ծնեալ Միքայէլեան) Պոյաճեանն (ոտքի ձախէն առաջինը) ու ամուսինը՝ Գրիգոր Պոյաճեանը (նստած)։ Առջեւը կանգնած մանչուկը Լեւոն Աւտոյեանի մեծ հօրեղբայրն է, Վահանը։ Ետեւի շարքին կանգնած աղջնակին ինքնութիւնը անծանօթ է։ Լեւոնի մեծմայրը՝ Պայծառ, կ՚երեւի աջին եւ ձեռքին բռնած է գիրք մը։
Ձեռքը գիրք բռնած այս տղեկը՝ Վահան Պոյաճեանը, Լեւոն Աւտոյեանի մեծ-մօրեղբայրն է։ Վահան լուսանկարուած է Հիւսէնիկի մէջ, նոյն ժամանակ երբ վերի ընտանեկան լուսանկարները քաշուած են։ Այս նկարին մէջ, Վահան առանց ֆէսի նկարուած է։ Հետաքրքրական է տեսնել թէ այս եւ վերի ընտանեկան պատկերին մէջ Վահան աջ ականջին օղ մը դրած է։ Լուսանկարին մեծցուած տարբերակին մէջ յստակօրէն կ՚երեւի որ ան միայն մէ՛կ ականջին օղ ունի։
Լեւոն Աւտոյեանի մեծմօր՝ Պայծառ Պոյաճեանի եւ Օսքար Ճորճորեանի ամուսնական լուսանկարը, Միացեալ Նահանգներ։
Պայծառ Պոյաճեան Ճորճորեան (ծնեալ Հիւսէնիկի մէջ) եւ Օսքար Ճորճորեան (ծնեալ Քեսիրիք), իրենց ամուսնութեան առիթով, մօտաւորապէս 1907, Մասաչուսէց։ Պայծառ եւ Օսքար Լեւոն Աւտոյեանի մօրենական մեծ մայրն ու հայրն են։
1. Պայծառ Պոյաճեան եւ իր որդիներ՝ Էտուարտ (ծնեալ 1913-ին) աջին եւ Դաւիթ (ծնեալ 1910-ին) ձախին։ Լուսանկարուած Միացեալ Նահանգներու մէջ, մօտաւորապէս 1915-1916-ին։
2. Պայծառ Պոյաճեան (Լեւոն Աւտոյեանի մեծ մայրը) եւ իր դուստր՝ Էւելին Պէաթրիս (ծնեալ 1918-1919) լուսանկարուած Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Էւելին Պէաթրիս Լեւոն Աւտոյեանի մայրն է։
Պայծառ Պոյաճեան Ճորճորեան՝ ձախին (1915-ի շուրջ), լուսանկարուած երիտասարդ կնոջ մը հետ. այս վերջինս ենթադրաբար Պայծառի զարմուհին է եւ ամուսնացած էր Չարլզ Նաճարեանի մը հետ (այս տեղեկութիւնը յիշողութեան վրայ հիմնուած է)։
Այս լուսանկարը ցոյց կու տայ Աւտոյեան ընտանիքը։ Լեւոն Աւտոյեանի հայրը՝ Լեւոն, կանգնած է ձախին, ան մօտաւորապէս 8 տարեկան է։ Ան ծնած է 1919-ին, ուրեմն կը հետեւցնենք թէ լուսանկարը 1920-ականներու կէսերուն նկարուած է Fort Washington, Manhattan. Լեւոն Աւտոյեանի մեծ մայրն ու հայրը՝ Փերուզ եւ Սեդրակ Աւտոյեաններ, նստած են ձախէն աջ. իրենց ետեւը ոտքի կանգնած պատանիներն են՝ Էտուարտ եւ Արաքսի։
Հայ կիներու խմբանկար մըն, հաւանաբար լուսանկարուած Փրովիտընսի մէջ։ Նստած, աջէն երկրորդը շատ հաւանաբար Լեւոն Աւտոյեանի մեծ մօրաքոյրն է՝ Աննի Ճորճորեան (ամուսնացած Օսքարին եղբօր՝ Թոլի հետ), Լեւոնի մեծ մայրը՝ Պայծառ, կանգնած է ետեւի շարքին, կեդրոնը։
Ոտքի, աջէն ձախ՝ Միսաք Աւտոյեան, Ալիս Աւտոյեան (դուստր), Լիւսի (Միսաքին կինը)։ Ծունկի եկած, ձախէն աջ՝ Մարճ Մելտոնեան (դուստր), Ռապըրթ (Զոհրապ) Աւտոյեան։
Հիւսէնիկցիներու դաշտահանդէս, 22 Սեպտեմբեր 1935, Ռիհոպոթի (Rehoboth) մէջ, Մասաչուսէց։ Պատկերին մէջ կ՚երեւի Լեւոն Աւտոյեանի մեծ հայրը՝ Օսքար Ճորճորեան (ոտքի, ետեւի շարք, աջէն եօթներորդը գլխուն գլխարկ, ձեռքերը տաբատին գրպաններուն մէջ)։ Լեւոնին մեծ հայրը Խարբերդի դաշտի Քեսիրիք (ներկայիս Քըզըլայ) գիւղէն էր։ Ան ամուսնացած էր Պայծառ Պոյաճեանի հետ, որ ծնած էր դարձեալ Խարբերդի շրջանին մէջ՝ Հիւսէնիկ գիւղաքաղաքը։