Աւօ Ղազալ հաւաքածոյ - Նիւ Եորք, ԱՄՆ
Աւօ Ղազալ հաւաքածոն կը ներկայացնէ Ղազարեան եւ Շահինեան ընտանիքներու անդամները. երկու ընտանիքներն ալ Սեբաստիայէն են։ Աւոյի հօրենական մեծ հայրը՝ Աւետիս Ղազարեան, աքսորուած էր Սամսոնէն ուր իր ընտանիքը կ՚ապրէր եւ ուր ան անձնական գործ ունէր։
Ցեղասպանութեան ժամանակ Աւետիսը եւ իր եղբայրը՝ Հրայր կը սպաննուին քաղաքէն դուրս։ Աւոյի հօրենական մեծ մայրը՝ Փառանձեմ Ղազարեան (ծնեալ Շահինեան, 1893-ին Սեբաստիա), կը փրկուի եւ կը հասնի Սեբաստիոյ հարաւը գտնուող Քանկալ գիւղաքաղաքը, իր հետ տանելով մանուկ հասակի Աւոյի հայրը եւ հօրեղբայրը՝ Նորայրը, որ երէցն էր, եւ Հրայրը։ Փառանձեմ կը յաջողի վերադառնալ Սեբաստիա իր եղբօր՝ Միհրան Շահինեանի ջանքերուն շնորհիւ եւ կ՚ապրի Ամերիկեան որբանոցի մը մէջ որ կը կառավարուէր Ամերիկեան միսիոնի խորհուրդին կողմէ, Մարի Լուիզ Կրաֆամի ղեկավարութեամբ։ Հրայր միշտ կը յիշէր այն երգը որ որբանոցին մէջ սորված էին Մարի Լուիզ Կրաֆամին նուիրուած։ Ընտանիքը կը շարունակէ ապրիլ որբանոցին մէջ մինչեւ այն ժամանակ երբ Սեբաստիա մնալ այլեւս կարելի չէր։ Ուստի 1923-էն առաջ, Փառանձեմ, իր որդիները՝ Նորայր եւ Հրայր, ինչպէս նաեւ իր խնամիին որդին Վահան Ղազարեան, որ նոյնպէս Փառանձեմի հոգատարութեան տակ էր, կը գաղթեն Պոլիս։ Վահան գրեթէ պատանի էր, եւ Պոլիս երթալէն ետք ան կ՚երթայ Յունաստան որբանոց մը յուսալով որ պիտի շարունակէ իր ճամբան դէպի Խորհրդային Հայաստան. ասոր փոխարէն ան կը յայտնուի Միացեալ Նահանգներ ուր ան կ՚ամուսնանայ եւ կ՚ունենայ որդի մը եւ դուստր մը։ Տարիներ անց, Վահան կը հանդիպի իր վերապրող եղբօրը Խորհրդային Հայաստանի մէջ։ Պոլսոյ մէջ, Նորայր եւ Հրայր հայկական դպրոց կը յաճախեն իսկ Փառանձեմ ընտանիքը կը պահէ տունը կար եւ ձեռագործ աշխատելով։
Աւօ Ղազալի մեծ մօր հայրը՝ Յակոբ փաշա Շահինեան Օսմանեան առաջին խորհրդարանի (1877-1878) մէջ երեսփոխան էր, այսպիսով իր ընտանիքը որոշ հեղինակութիւն ունէր Ցեղասպանութեան ժամանակ, հակառակ այս հանգամանքին, ան չփրկուեցաւ։
Այս էջին մէջ ցուցադրուած են պատուակալ Յակոբ Շահինեանի լուսանկարները Սեբաստիայէն։ Առաջինը լուսանկարուած է 1880-ին իսկ երկրորդը իր յետմահու լուսանկարն է։ Առաջին լուսանկարին մէջ Յակոբ Շահինեան 30-40 տարեկանի միջեւ է, ան կը կրէ օսմանեան որոշ աստիճանի պաշտօնակատարի տարազ, սուր եւ ֆէս. ան լուսանկարուած է արուեստանոցի մը մէջ որ զարդարուած է աւանդական եւ արդիական խորհրդանիշերով։ Իսկ յետմահու լուսանկարը ցոյց կու տայ մահացածը շրջապատուած իր ամբողջ ընտանիքով եւ տան անձնակազմով։
Շահինեան ընտանիքի անդամները լուսանկարուած Սեբաստիոյ մէջ, 1890-ականներու վերջաւորութեան։
Աջ կողմի վրայ աթոռին վրայ նստած աղջնակը Աւօ Ղազալի մեծ մայրն է՝ Փառանձեմ Շահինեանը (հետագային Ղազարեան, ծնեալ Սեբաստիա, 1893)։
Նկարին կռնակը գրուած անուններն են՝
1. Մարիամ Շահինեան
2. Վարդանոյշ Շահինեան
3. Զարեհ Շահինեան. Փառանձեմի զարմիկներէն մէկը որ հետագային Պարսկաստան կ՚երթայ
4. Հնազանդ Քանդարճեան (?)
5. Մ. Պուտախեան (?)
6. Փառանձեմ Շահինեան. Աւօ Ղազալի մեծ մայրիկը
7. Սաթենիկ Շահինեան
Ղազարեան ընտանիքի անդամներ լուսանկարուած 1912-ին Սամսոնի մէջ:
Նազարէթ Ղազարեանի ընտանիքի անդամները. ան Աւօ Ղազալի մեծ հօր՝ Աւետիս Ղազարեանի մեծ եղբայրն է։ Հակառակ որ եղբայրները Սեբաստիա ծնած էին, անոնք երկուքն ալ Սեբաստիոյ ինչպէս նաեւ Սամսոնի մէջ գործ ունէին։ Այս լուսանկարին կռնակին գրուած է թէ Նազարէթ «Ներսէսեան» տպագրատան (Պոլիս) սեփականատէրն էր։
Ղազարեան եղբայրներուն մասին գիտենք որ երկուքն ալ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան (ՍԴՀԿ) անդամ էին եւ իրենց տան առաջին յարկը Հնչակեան կուսակցութեան տրամադրած էին։
Ցեղասպանութեան ժամանակ Աւետիս եւ Նազարէթ երկուքն ալ աքսորուեցան Սամսոնէն եւ սպաննուեցան քաղաքէն դուրս ։
Աւօ Ղազալին հօրեղբայրը՝ Հրայր Ղազարեան 50-ականներուն Սամսոն կ՚երթայ Ֆրանսա հաստատուած վերապրած ազգականի մը հետ. անոնք կը գտնեն Ղազարեան ընտանիքին պապենական տունը որ վերածուած էր նախակրթարանի։
Ղազարեան ազգականները, Սեբաստիա, 1920-ականներու սկիզբ։
Աւօ Ղազալի հայրը՝ Նորայր Ղազարեան երկու եղբայրներէն երէցն է։ Ան ոտքի կեցած է ձախին իսկ փոքր եղբայրը՝ Հրայր, աջին։ Նորայրի եւ Հրայրի ազգական Վահան Ղազարեան նստած է մէջտեղը։ Պատկերը շատ հաւանաբար Սեբաստիայէն Պոլիս փոխադրուելէն ճիշդ առաջ լուսանկարուած է։
Ղազարեան եւ Շահինեան ընտանիքներուն վերապրող անդամները հաւաքուած եւ լուսանկարուած Պոլիս, 1920-ականներուն։
Փառանձեմ Ղազարեան նստած է մէջտեղը. իր ամէնէն փոքր եղբօրաղջիկը նստած է իր գիրկը։ Իր ետեւը ոտքի կեցած է իր եղբայրը՝ Միհրան Շահինեան։ Միհրանի քով, աջին, ոտքի կեցած է իր երէց դուստրը՝ Մարիամը, որ Պոլիսի մէջ լուսանկարչատուն կը վարէր։ Մարիամի դիմաց, քիչ մը աջին ոտքի կանգնած է Նորայր Ղազարեանը, իսկ ամէնէն առջեւը աթոռին վրայ նստած է իր եղբայրը՝ Հրայր Ղազարեան, ձեռքերը ծունկերուն դրած։
1. Միհրան եւ Տիգրանուհի Շահինեաններուն ամուսնական լուսանկարը։ Միհրան, Աւօ Ղազալի մեծ մօր եղբայրն է եւ Յակոբ փաշա Շահինեանի որդին։ Զոյգը լուսանկարուած է 1909-ին, Սեբաստիոյ մէջ։ Լուսանկարիչ՝ Էնքապապեան եղբայրք։
2. Աւօ Ղազալի հօրենական մեծ հօր եւ մեծ մօր՝ Աւետիս եւ Փառանձեմ Ղազարեաններու (ծնեալ Շահինեան) հարսանեկան լուսանկարը։ Զոյգը լուսանկարուած է 12/23 հոկտեմբեր 1909-ին, Սեբաստիոյ մէջ։ Լուսանկարիչ՝ Էնքապապեան եղբայրք։
Աւետիս Ղազարեանի այցեքարտը։
Այս մէկը ուղղուած է Տէր եւ Տիկին Յովսէփ Պօղոսեաններուն (?), Ամասիա, Սամսոն։ Թուական՝ 20 յունիս 1914։
Ղազարեան եղբայրներ՝ Նորայր եւ Հրայր լուսանկարուած Պոլիս, 1920-ականներուն, իրենց մօր՝ Փառանձեմի եւ իրենց ազգական Վահան Ղազարեանի հետ Սեբաստիայէն Պոլիս փոխադրուելէն անմիջապէս ետք։
Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի 1934-ի շրջանաւարտները։
Թէեւ Նորայր եւ Հրայր Ղազարեանները տարեկից չէին, սակայն երբ անոնք Սեբաստիայէն փոխադրուեցան Պոլիս, եւ սկսան յաճախել Կեդրոնական վարժարան, զանոնք նոյն դասարանը դրին եւ այսպէս անոնք նոյն տարին աւարտեցին դպրոցը։ Հրայր Ղազարեան, որ փայլուն աշակերտ էր, առաջին շարքին մէջ ոտքի կեցած ձախէն երկրորդ շրջանաւարտն է։ Իսկ Նորայր որ այս տեսակ ձեւականութիւններ չէր սիրեր, չէ լուսանկարուած դասընկերներուն հետ. կարելի է նաեւ որ Նորայր լուսանկարուելու յարմար հագուստ չունէր, տրուած ըլլալով ընտանիքին համեստ պայմանները։
1. Փառանձեմ Ղազարեանի (ծնեալ Շահինեան) դպրոցական վկայագիրը Սեբաստիոյ ազգային Ս. Հռիփսիմեան վարժարանէն. թուական՝ 25 յունիս 1909։ Վկայագիրին մէջ նշուած է թէ Փառանձեմ ծնած է Սեբաստիա 1893-ին, ուր նաեւ նշուած է թէ ան յաջողութեամբ աւարտած է կրթական տարին։ Վկայականը նաեւ ստորագրուած է Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեանի (1874-1939) կողմէ որ Սեբաստիոյ առաջնորդն էր։ Ան 1931-էն մինչեւ իր մահը եղած է Երուսաղեմի հայոց պատրիարքը։ Վկայագիրի թուղթը տպուած էր Սամսոն, Ճեմիլ տպագրատան մէջ։
2. Փառանձեմ Ղազարեանի համար յանձնարարական նամակ, թուակիր՝ 11 յուլիս 1927։ Նամակը գրած է Նինա Ռայս որ Սեբաստիոյ աղջկանց որբանոցի պատասխանատուն էր, ուր կը նշուի թէ Փառանձեմ պաշտօնավարած է 3 տարի որպէս ուսուցիչ ու հոգատար եւ թէ ան աւելի քան կարող է նմանատիպ պաշտօն ստանձնելու։ Մինչեւ 1920-ականները Ամերիկեան որբանոցը Սեբաստիոյ մէջ էր, ապա անոնք իրենց գործունէութիւնը փոխադրեցին Լիբանան եւ Յունաստան։
Յակոբ Շահինեանի լուսանկարը։
Հոս պատուակալը լուսանկարուած է 1880-ին, Սեբաստիա։ Ան 30-40 տարեկանի միջեւ է, կը կրէ օսմանեան որոշ աստիճանի պաշտօնակատարի տարազ, սուր եւ ֆէս, եւ լուսանկարուած է արուեստանոցի մը մէջ որ զարդարուած է աւանդական եւ արդիական խորհրդանիշերով՝ գետինը փռուած են արեւելեան գորգեր, Շահինեան նստած է եւրոպական տիպի բազկաթոռի մը վրայ, իր ետեւը կայ փոքր սեղան մը արեւելեան սուրճի գաւաթներով, քովը ժամացոյց մը, որ ամէն ինչէ աւելի նոր դար մը կը խորհրդանշէ։
Վերը ցուցադրուած Յակոբ Շահինեանի լուսանկարին հիման վրայ այս իւղաներկը Փառանձեմի եղբօր ընտանիքի անդամներուն տան մէջ կը պահուէր Պոլիսի Ֆերիքօյ թաղամասին մէջ։ Երբ երէց ազգականները կը մահանան, ընտանիքի շառաւիղները այս իւղաներկը կը նուիրեն Պոլսոյ պատրիարքութեան թանգարանին ուր ան այժմ կը գտնուի։
Սեբաստիա, 1898, Յակոբ փաշա Շահինեանի յետմահու լուսանկարը։
Վերջերս մահացած ընտանիքի նահապետը վերջին անգամ ըլլալով հագած է իր պատուակալի տարազը ու նստած աթոռի մը վրայ՝ շրջապատուած իր ամբողջ ընտանիքով եւ տան անձնակազմով։ Սեբաստիոյ ինչպէս նաեւ այլ քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ յետմահու լուսանկարներու երեւոյթը տարածուած էր։ Շահինեանի կողքի փոքր աղջիկը իր դուստր Փառանձեմն է (Աւօ Ղազալի մեծ մայրը)։
Մարիամ Շահինեանի թաղումի լուսանկարը, Սեբաստիա 19 յունուար 1909. ան շատ հաւանաբար Յակոբ փաշա Շահինեանի կինն էր։
Աւօ Ղազալ այս սուրբ գիրքի մեկնութիւնը ժառանգած է իր հօրեղբայր՝ Հրայր Ղազարեանէն։ Ինչպէս նաեւ ուրիշ գիրքեր որոնք Պոլիսէն Նիւ Եորք ղրկուած են։
Այս գիրքի հեղինակը Պոլսոյ նախկին պատրիարք Մաղաքիա արք. Օրմանեանն է, բայց Սեբաստիայէն գնուած է։ Սեբաստիոյ «Լուսաբեր» գրավաճառատան կնիքը յստակօրէն կ՚երեւի երկրորդ էջին վրայ։