Թաշճեան ընտանիքը, Խարբերդ, 1890.

Թաշճեան/Պէննէեան հաւաքածոյ - Փասատինա, Գալիֆորնիա

Հեղինակ՝ Վահէ Թաշճեան, 30.01.21 (վերջին փոփոխութիւն՝ 30.01.21)

Այս էջով ներկայացուած նիւթերը կը վերաբերին Խարբերդի ծնունդ Թաշճեան/Սթոնն եւ Պէննէեան ընտանիքներուն։ Նիւթերը մեզի ղրկողն էր՝ Նիքի Յովհաննէսեանը (ծնեալ Թաշճեան/Սթոնն)։

Նիքին մեզի ղրկեց նաեւ իր իսկ կողմէ պատրաստուած ընտանիքին ծառը, ուր հարուստ տեղեկութիւններ կան ընտանիքին իւրաքանչիւր անդամին մասին։ Ընտանեկան ծառը ծայր կ՚առնէ 19-րդ դարու սկիզբին. հոն նշուող ամէնէն աւագ նախնին Պէննա Մելքոնն է, որ ծնած էր Խարբերդ, 1808-ին։

Պէննա  Մելքոն ամուսնացած էր Աննայի հետ եւ ունեցած են եօթ զաւակներ. Գէորգ Թաշճեան (1823-1893), Կարապետ Պէննէեան (1826-1908), Եղիսափէթ Պէննէեան (կը մահանայ 1884-ին), Փիլիպպոս Թաշճեան (կը մահանայ 1881-ին), Յակոբ Պէննէեան (կը սպաննուի Ցեղասպանութեան տարիներուն), Պատասխան Պէննէեան-Փաշկեան (կը մահանայ 1901-ին)։ Աննա Պէննէեան կը մահանայ 1883-ին։

Մելքոնի եւ Աննայի զաւակներէն մեզի հետաքրքրողը Գէորգ Թաշճեանին ճիւղն է, նկատի ունենալով որ Նիքի Յովհաննէսեանը անոր շառաւիղէն է։

Գէորգ Թաշճեան Խարբերդի մէջ յայտնի ճարտարապետ, քարկոփ եւ որմնադիր էր։ Ան իր քաղաքին մէջ ունէր քարկոփի արհեստանոց մը եւ հանրածանօթ էր Թաշճի Գէորգ անունով։ Այս պատճառով ալ իր շառաւիղը կը կրէ Թաշճեան մականունը փոխանակ Պէննէեանի։ Եղբայրը՝ Փիլիպպոսը, նոյնպէս Թաշճեան էր։ Խորքին մէջ թաշճը եւ պեննա մօտաւորապէս հոմանիշներ են։ Պաննա կամ պեննա արաբական ծագումով բառ մըն է, որ գործածական է նաեւ օսմաներէն-թրքերէնի մէջ եւ կը նշանակէ կառուցող, բայց կարելի է գործածել նաեւ ճարտարապետ կամ որմնադիր նշանակութեամբ։ Թաշճը թրքերէնով կը նշանակէ քարկոփ, քարագործ, որմնադիր։ Գէորգ քաղաքին մօտակայ քարահանքներէն ժայռի բեկորներ կը կտրէր, կը փոխադրէր զանոնք իր խանութը եւ անոնցմով կը կառուցէր տուներ եւ շիրմաքարեր։

Գէորգ Թաշճեան կ՚ամուսնանայ Մարիամի հետ 1857-ի շուրջ եւ կ՚ունենան երկու զաւակներ. Մարտիրոս Թաշճեան (1858-1877) եւ Խումար Թաշճեան (1861-1939)։ Մարիամ կը մահանայ երիտասարդ տարիքին։ Ասկէ ետք Գէորգ, 1868-ին, երկրորդ անգամ կ՚ամուսնանայ այս անգամ Ալթուն Ալեքսանեանի հետ (1850-1932)։ Ալթունին ալ երկրորդ ամուսնութիւնն էր. առաջինը կատարուած էր 1866-ին, բայց մէկ տարի ետք ամուսինը մահացեր էր։ Ալթուն եւ Գէորգ կ՚ունենան տաս զաւակներ. Պաղտասար Թաշճեան (1869-1939), Մարիամ Թաշճեան (1870-1874), Սուլթան Թաշճեան (1871-1875), Մարիամ/Մէյրի Թաշճեան-Պաղտասարեան (1873-1971), Սուլթան Արաքս Թաշճեան-Եղոյեան (1875-1917), Մարտիրոս Թաշճեան (1879-1975), Աղաւնի Թաշճեան (1882-1887), Եղիսափէթ/Էլիզապէթ Թաշճեան-Կոսդանդեան (1884-1960), Ֆիլիփ Պէննէեան (1887-1973), Աղաւնի/Այվի Թաշճեան-Տէվիրեան (1890-1973)։

Յակոբ Պէննէեան եւ կինը՝ Հռիփսիմէ Պէննէեան (ծնեալ Շիքլոյեան), Խարբերդ, 1890-ականներու վերջը։ Լուսանկարիչ՝ Սուրսուրեան եւ Թիւթիւնճեան։ Պատկերին կռնակի գրութիւնը ցոյց կու տայ, որ անիկա ուղարկուած է Միացեալ Նահանգներ՝ Յակոբի եղբօրորդի՝ Պաղտասար Թաշճեանին։ Յակոբ եւ Հռիփսիմէ Ցեղասպանութեան զոհեր են։

Այս 10 զաւակներուն շարքին Մարտիրոս Թաշճեան/Սթոնն մեծ հայրն է Նիքի Յովհաննէսեանին։ Սոյն Մարտիրոսը պէտք չէ շփոթել Գէորգ Թաշճեանի առաջին կնոջ՝ Մարիամի ծնունդ տուած նոյնանուն անձին հետ, որ երիտասարդ տարիքին մահացած էր արդէն երկրորդ Մարտիրոսին ծնունդէն առաջ։ Գէորգի եւ Ալթունի որդին՝ Մարտիրոսը, 1899-ին՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ, պիտի դառնար աւետարանական քարոզիչ։ Անգլիախօս աշխարհին մէջ ծանօթ էր Պատուելի ՄԳ Սթոնն անունով։ Ան Միացեալ Նահանգներու մէջ կ՚ամուսնանայ Թրայֆինա Քոտիի (1891-1979) հետ։ Պսակի արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ 1922-ին, Փասատինայի մէջ, Գալիֆորնիա։ Կ՚ունենան երկու զաւակ. Տօն Ֆիլիփփ Սթոնն (1924-1964) Փոլ Սթոնն (1926-2009)։ Նիքին Փոլ Սթոննի դուստրն է։

Գէորգ Թաշճեանի ընտանիքը կ՚ապրէր Խարբերդ քաղաքի Վերի թաղը, հոն ուր կար Սուրբ Յակոբ եկեղեցին եւ Եփրատ գոլէճը։ Անոր որդին՝ Մարտիրոսը, յաճախած է Եփրատ գոլէճը՝ մանկապարտէզի տարիքէն մինչեւ գոլէճի վերջին դասարանը։

Այս էջով ներկայացուած տեղեկութիւններուն մեծագոյն մասը հիմնուած են Պատուելի Մարտիրոս Թաշճեանի (ՄԳ Սթոնն) անգլերէնով գրի առնուած յուշերուն վրայ։

Խարբերդի Աղա մզկիթին կառուցումը եւ անոր լուսանկարը

Մարտիրոսի եղբայրներէն՝ Պաղտասար Թաշճեանը, հօրը հետ կ՚աշխատէր իր արհեստանոցին մէջ։ Ան ալ վարպետ քարկոփ եւ որմնադիր էր։ Այլ ազգականներ եւս կ՚աշխատէին Գէորգ Թաշճեանին քով։ Անոնցմէ կը յիշուին Դաւիթը Թաշճեանը եւ Գասպարը Թաշճեանը, որ Գէորգի եղբօր՝ Փիլիպպոս/Ֆիլիփի որդիներն էին։

Մարտիրոսի յուշերուն մէջ կը նշուի յատկանշական շինարարութիւն մը, որ կը վերագրուի Թաշճեան ընտանիքին։ Այսպէս, տարի մը Գէորգ Թաշճեան կը ստանձնէ Խարբերդ քաղաքին մէջ մզկիթի մը կառուցումը։ Մինարէին կառուցումը կը յանձնէ իր որդւոյն՝ Պաղտասարին։ Այս շինարարութիւնը հաւանաբար տեղի ունեցած է 1889-ի շուրջ, այսինքն մօտաւորապէս այն ժամանակ երբ Պաղտասարն ու քանի մը զարմիկներ կը պատրաստուէին մեկնիլ Միացեալ Նահանգներ։ Պաղտասար վստահաբար մեծապէս հպարտ էր ճարտարապետական իր այս իրագործումով, քանի որ գիտենք թէ ան մինարէն լուսանկարել տուած է կառուցումէն անմիջապէս ետք։

Մինարէին այս պատկերը յատկանշական է նաեւ այն բանով, որ ճարտարապետն ու գործակիցները անոր մէջ կ՚երեւին։ Ճարտարապետը՝ Պաղտասարը, ուղղակի կանգնած է մինարէի մուէզզինի հատուածին մէջ։ Վարը, որ հաւանաբար մզկիթին տանիքն է, կանգնած են չորս տղաք։ Եղիսափէթ/Էլիզապէթ Թաշճեան-Կոսդանդեանը կ՚ենթադրէ -ըստ Մարտիրոսի յուշերուն-, որ իրենց ձեռքերը ուս-ուսի դրած տղաքը Յովհաննէս/Ճոն John Փաշկեանն ու Կարապետ Պէննէեանն են (ապագայ Վերապատուելին)։ Անոնք Պաղտասարին զարմիկներն էին։ Մարտիրոս կ՚աւելցնէ, որ նուազագոյն հաւանականութեամբ անոնց ձախին կանգնած ֆէսով տղեկը ինքն է, երբ տաս տարեկան էր։ Ինչպէս ինք կը գրէ՝ տարիքի բերումով լաւ չի յիշեր լուսանկարուիլը, բայց կ՚աւելցնէ որ 10 տարեկան տղեկի յիշողութեան մէջ վառ մնացած է շինարարութեան ընթացքին մինարէի ոլորաձեւ աստիճաններէն ելլելն ու իջնելները, ինչպէս նաեւ ժամերով այս վայրին մէջ ժամանակ անցընելը։

Պաղտասար այս լուսանկարը իր հետ բերած է Միացեալ Նահանգներ։ Առաջին անգամ երբ գործի դիմած է, ցոյց տուած է զայն իր ամերիկացի գործատէրին իբրեւ ապացոյց իր հմտութեան։ Ըստ ընտանեկան բանաւոր աւանդութեան ալ ան անմիջապէս գործի ընդունուած է։

Այս էջի պատրաստութեան ժամանակ սոյն լուսանկարը ցոյց տրուեցաւ պատմաբան Մուսթաֆա Պալապանի, որ Խարբերդի պատմութեան քաջածանօթ անձ մըն է։ Ան անմիջապէս յաջողեցաւ ճանչնալ այս կառոյցը. Աղա մզկիթն է, որ մինչեւ այսօր գոյութիւն ունի։ Իսկ խորքին, սոյն Աղա ճամիին ձախին գտնուող երկրորդ մզկիթը՝ Խարբերդի Ալաճալը մզկիթն է։

Աղա մզկիթի ժամանակակից երկու պատկեր։
(Աղբիւրներ՝ https://mapio.net/wiki/Q8195601-fr/  եւ  https://www.tripadvisor.com/Attraction_Review-g672950-d15191977-Reviews-Aga_Cami-Elazig_Elazig_Province.html

Պէտք է ըսել որ մզկիթին կառուցումը մօտաւորապէս կը համապատասխանէ Խարբերդի հայութեան տնտեսական աճի եւ մշակութային զարգացումի օրերուն։ Խարբերդ եւ մօտակայ Մեզիրէ (կամ Մամիւրէթ ուլ-Ազիզ) քաղաքներուն մէջ յառաջ եկած էր տնտեսական հայկական վերնախաւ մը, որ երկու քաղաքներուն մէջ ալ տիրական դիրք ունէր արհեստներու, առեւտրական ընկերութիւններու եւ արտադրական գործարաններու մարզերէն ներս։ Խարբերդ քաղաքի Վերի թաղը այս վերնախաւին բնակավայրը դարձած էր։ Նախապէս հոս կը բնակէին քաղաքին թուրք պէյերն ու աղաները, բայց անոնց ուժն ու հարստութիւնը նուազած էր եւ իրենց թաղամասը զիջած էին հայկական նոր վերնախաւին։ Թաշճեան ընտանիքն ալ այս վերնախաւին կը պատկանէր։ Երեք յարկանի տուն մը ունէին հոս, Մարտիրոս Թաշճեան Եփրատ գոլէճի մէջ կ՚ուսանէր հօրը նիւթական միջոցներով, առանց կրթաթոշակ ստանալու։ Մէկ խօսքով, որոշ ինքնավստահութիւն մը կը տիրէր հայերու այս խաւին մէջ, իրենց դիրքն ու ազդեցութիւնը հետզհետէ ամրապնդելու վրայ էին։

Թերեւս այս ինքնավստահութեան արդիւնքն է ընտանիքին մէջ պատմուող մէկ այլ դրուագ մը այս մզկիթին շինութեան վերաբերեալ։ Այսպէս, կը պատմուի, որ Գէորգ Թաշճեան գաղտնօրէն անոր հիմքին զետեղած է Աստուածաշունչ մը եւ կրօնական երգարան մը։ Գէորգ այս գաղտնիքը յայտնած է միայն կնոջը՝ Ալթունին, որ իր կարգին երբ եկած է Միացեալ Նահանգներ, պատմած է իր զաւակներուն։

Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.ի գահակալութեան ժամանակաշրջանին, երբ 1895-ին ծայր կ՚առնեն հակահայ ջարդերը, Խարբերդ քաղաքին վրայ յարձակող խուժանին առաջին թիրախը կ՚ըլլայ հայերու հարստութեան եւ թուրք երեւելիներու անկումին խորհրդանիշ դարձած Վերի թաղը։ Գէորգ Թաշճեանի երեք յարկանի տունը նոյնպէս պիտի հրկիզուէր ուրիշ բազմաթիւ տուներու հետ։

Պէննէեան ընտանիքը, Խարբերդ, 1896։ Ձախէն աջ՝ Մելքոն Պէննէեան (ոտքի), Խաչաթուն Պէննէեան (ծնեալ Տէմիրճեան, Մելքոնի մայրը, նստած), Խաչաթունին գիրկը նստողը Վիքթորիա Պէննէեանն է (հետագային Պօղոսեան, Մելքոնի դուստրը), Կարապետ Պէննէեան (Մելքոնի հայրը), Հայկանուշ Պէննէեան (ծնեալ Եագուպեան, Մելքոնի կինը), որ յղի է Ալպըրթ Պէննէեանով։ Լուսանկարիչ՝ Սուրսուրեան։

Գէորգ Թաշճեանի մահուան պատկերը, 1893, Խարբերդ։ Տարածուած սովորութիւն էր, որ հարազատները վերջին անգամ մը լուսանկարուէին հանգուցեալին շուրջ բոլորուած։ Գէորգին կինը՝ Ալթուն (1), զաւակները՝ Աղաւնի/Էյվի (2), Խումար (3), Սուլթան-Արաքս (4), Ֆիլիփ (5), Մարտիրոս (6), Եղիսափէթ/Էլիզապէթ (7), Գէորգի եղբայրները՝ Յակոբ Պէննէեան (8) եւ Կարապետ Պէննէեան (9), Յակոբի որդիներ՝ Հրանդ Պէննէեան (10) եւ Խոսրով Պէննէեան (11), Կարապետի որդին՝ Խաչատուր (12), Սաթենիկ Պէննէեան (ծնեալ Նահիկեան) (13)։ Լուսանկարը ղրկուած է Գէորգի երէց որդւոյն՝ Պաղտասարին, որ այդ ժամանակ արդէն գաղթած էր Միացեալ Նահանգներ։ Լուսանկարիչ՝ Սուրսուրեան։

Միացեալ Նահանգներ գաղթը

10 Նոյեմբեր 1895-ին, Խարբերդի մէջ ծայր կ՚առնեն հակահայ զանգուածային բռնութիւնները։ Քաղաքին վրայ յարձակողները քիւրտերէ բաղկացած խուժան մըն էր, որ - ինչպէս Մարտիրոս Թաշճեան կը գրէ - կը գործէր տեղի թուրք իշխանաւորներուն եւ երեւելիներուն հրահանգներուն հիմամբ։

Մարտիրոս կը գրէ, որ 1895-ի ջարդերը վճռական դեր կ՚ունենան հայրենի քաղաքէն գաղթելու իր առած որոշումին վրայ։ Ընտանիքէն կարգ մը անդամներ արդէն իսկ հաստատուած էին Միացեալ Նահանգներ։ Այսպէս, գաղթողներու շարքին առաջիններէն կ՚ըլլայ Մարտիրոսին հօրեղբօր՝ Փիլիպպոս/Ֆիլիփին որդին՝ Դաւիթը։ Խարբերդի մէջ ան կ՚աշխատէր Գէորգ Թաշճեանի քարկոփի արհեստանոցին մէջ, ուր լաւապէս տիրացած էր արհեստին։ Միացեալ Նահանգներ անոր գաղթին յստակ թուականը անյայտ է, բայց գիտենք որ 1889-էն առաջ տեղի ունեցած է։ Ան կը հաստատուի Վերմոնթ նահանգին մէջ եւ կը սկսի աշխատիլ Vermont Marble Companyին մէջ։ Աւելի ուշ այս գործարանին մէջ իրեն կը միանան իր եղբայրը՝ Գասպարը, եւ զարմիկը՝ Պաղտասարը (Մարտիրոսին եղբայրը)։ Այս վերջինը Միացեալ Նահանգներ կը գաղթէ 1889-ին։ Վերմոնթէն ետք, Թաշճեան զարմիկները կը տեղափոխուին Սան Պերնարտինօ, Գալիֆորնիա։ Հոս կը հիմնեն իրենց մարմարի արհեստանոցը, որ մեծ յաջողութիւն կ՚ունենայ։ Քանի մը տարի ետք Պաղտասար կը հեռանայ իր զարմիկներէն եւ կը հիմնէ իր սեփական արհեստանոցը Պէյքըրսֆիլտի։ Տեղական միջավայրին մէջ ծանօթ էր BK Stone անունով։

Մարտիրոս զանազան մանրամասնութիւններով կը նկարագրէ Խարբերդէն Միացեալ Նահանգներ իր ուղեւորութիւնը։ Առաջին հերթին կը ստանայ օսմանեան իր անցագիրը, որ իշխանութիւններուն կողմէ իրեն կը շնորհուի միակ այն պայմանով որ կայսրութեան տարածք այլեւս ոտք պիտի չկոխէր։ Ճամբորդութեան ատեն իրեն կ՚ընկերանար հօրեղբորը՝ Յակոբի որդին՝ Խոսրովը։ Մարտիրոս 17 տարեկան էր, Խոսրով՝ 16։

Ճամբայ կ՚ելլեն 30 Նոյեմբեր 1896-ին։ Ուղեւորներու մեծ խումբի մը մէջ էին. մօտաւորապէս 200 հոգի, որոնց մեծամասնութիւնը Պոլիս տեղափոխուող որբուհիներ էին։ Արդ, 1895-ի հակահայ ջարդերը հազարաւոր հայ որբերու առկայութեան մարդասիրական խնդիր մը յառաջ բերած էր կայսրութեան հայաբնակ գաւառներուն մէջ։ Խումբը նախ կը հասնի Սամսոն՝ Սեւ Ծովու ափին նաւահանգիստ-քաղաքը, 19 Դեկտեմբերին։ 26 Դեկտեմբերին ֆրանսական «Փաքէ» շոգենաւը կը նստին, ճամբայ կ՚իյնան նախ Պոլիս, ուր կը մնան մէկուկէս օր, ապա կը շարունակեն իրենց ուղին մինչեւ Մարսէյ, ուր կը հասնին 4 Յունուար 1897-ին։ Երկու օր ետք, Մարտիրոս եւ Խոսրով ֆրանսական այս քաղաքին մէջ գնացք կը նստին երթալու համար հիւսիսի Լէօ Հավր քաղաքը։ Խոսրով հոստեղէն կը մեկնի Լոնտոն՝ քրոջը այցելելու համար, իսկ Մարտիրոս նաւով կը ճամբորդէ Նիւ Եորք, ուր կը հասնի 17 Յունուարին։ Առաջին հերթին կ՚երթայ Ուսթըր քաղաքը, ուր այդ ժամանակ աւետարանական հովիւ էր իր զարմիկը՝ Խաչատուր Կ. Պէննէեանը։ Երեք շաբաթ ետք, նաւով կը մեկնի Կալվեսթըն (Թեքսաս), հոսկէ ալ ցամաքի ճամբով կը հասնի Պէյքըրսֆիլտ, Գալիֆորնիա, Պաղտասարին քով։

Մարտիրոս արհեստակից կը դառնայ Պաղտասարին եւ միասին կը գործեն քարագործութեան արհեստանոցին մէջ։ 1899-ին այս գործը կը ձգէ, երբ կը դառնայ աւետարանական քարոզիչ։ Հետագայ տարիներուն, Գէորգ Թաշճեանի ընտանիքի անդամներուն մեծամասնութիւնը նոյնպէս կը հեռանայ հայրենի Խարբերդէն եւ Մարտիրոսի եւ Պաղտասարի կը միանան Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Գէորգ Թաշճեան արդէն Խարբերդի մէջ մահացած էր։ Ամերիկա կը մեկնին Գէորգի կինը՝ Ալթունը, զաւակներէն՝ Խումարը (Գէորգի առաջին ամուսնութեան ծնունդ), Մարիամը, Եղիսափէթ/Էլիզապէթը, Ֆիլիփը, Աղաւնի/Այվին։

Ցեղասպանութեան զոհ կ՚երթան Մարտիրոսի հօրեղբայրը՝ Յակոբը, անոր կինը՝ Հռիփսիմէն (ծնեալ Շիքլոյեան), դուստրերը՝ Մարակրէթը, Աննան, Զարուհին, եւ Մարկարէթի ամուսինը՝ Օվանը։

Մարտիրոսի հօրեղբօր՝ Կարապետի որդին էր Վերապատուելի Խաչատուր Կ. Պէննէեան (1864-1944)։ Ան Խարբերդի Եփրատ գոլէճի դասախօսներէն էր։ Աւելի ուշ, երբ կը գաղթէ Միացեալ Նահանգներ, հանրածանօթ կը դառնայ իբրեւ «Հայաստանի Կոչնակ» շաբաթաթերթի տնօրէն-խմբագիր։ Թերթը մեծ տարածում ունէր եւ լոյս կը տեսնէր Նիւ Եորքի մէջ։ Պէննէեան այս պաշտօնը կը վարէ 1907-էն մինչեւ իր մահը, որ տեղի կ՚ունենայ 1944-ին։

Քրոշէ ասեղնագործ, հաւանաբար օձիք, չափ՝ 12.5 ինչ x 9 ինչ (33 սմ. x 22.4 սմ.)
Քրոշէ ասեղնագործ, ծածկոց, տրամագիծ՝ 4 7/8 ինչ (12.5 սմ.)

Մարտիրոս Թաշճեանի (ՄԳ Սթոնն) քոյրերուն՝ Խումարին, Մարիամին, Եղիսափէթ/Էլիզապէթին, Աղաւնի/Այվիին կողմէ գործուած ասեղնագործութիւններ 1940-ական եւ 1950-ական տարիներուն Միացեալ Նահանգներու մէջ։

Մոխրաման, որ պատկանած է Փոլ Սթոնի՝ Պատուելի Մարտիրոս Թաշճեանի որդին։

Հիւսուածք, որ պատկանած է Մարտիրոս եւ Թրայֆինա Սթոնն/Թաշճեանի։ Չափ՝ 35 ինչ × 19 3/4 ինչ (89 սմ × 50.4 սմ)։