Լուսանկարներով եւ վկայութիւններով վերապրող աշխարհ մը
Հեղինակ՝ Տէյվիտ Լուիս Քորթ, 12/09/26 (վերջին փոփոխութիւն՝ 12/09/26), թարգմանութիւն՝ Վարուժ Թէնպէլեան
Ընտանեկան դիմանկարներ
1884-ին Չամիչեանները քաղաքին մէջէն քալելով կ’ուղղուին դէպի Հայկական թաղին արեւմտեան կողմը [1]։ Անոնք կ’անցնին փոքր, փայլուն գմբէթ ունեցող իրենց Հայիկ եկեղեցւոյ քովէն։ Անոր ետին կը կանգնէր առաքելական աւելի մեծ եկեղեցին, որուն գմբէթը տակաւին չէր կառուցուած։ Վեր նայելով՝ Թեփէ Պաշիի բարձունքին կը նշմարեն Ամերիկեան հիւանդանոցին կարմիր կղմինտրով ծածկուած տանիքները։ Կ’անցնին Հալաճեան որբանոցի պուրականման տարածքէն եւ կը հասնին նոր լուսանկարչատունը։ Վերջինս կը պատկանէր որբանոցին հիմնադիր վեր. Յարութիւն Հալաճեանի որդիին՝ Յովհաննէսին։ Այդ տարիներուն լուսանկարչութիւնը նորութիւն էր Այնթապի մէջ, իսկ ընտանեկան խմբանկար մը ունենալը ընտանիքներու մեծամասնութեան համար պերճանք էր։ Հալաճեանի լուսանկարչական աշխատանոցը այդ ժամանակ դեռ նոր բացուած էր, ուստի այս լուսանկարը քաղաքին մէջ առնուած ընտանեկան ամենավաղ խմբանկարներէն է։ Չամիչեաններուն նման, Հալաճեանները բողոքական էին, եւ հաւանաբար երկու ընտանիքները զիրար կը ճանչնային եկեղեցական շրջանակներու միջոցով [2]:
Չամիչեան գերդաստանի ընտանեկան արձանագրութիւններուն մէջ յիշատակուած ամենահին յայտնի անդամը Մահտեսի Ներսէս Չամիչեանն է։ Անոր «Մահտեսի» տիտղոսը կը վկայէ, թէ ան կատարած էր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դէպի Երուսաղէմ ուխտագնացութիւնը՝ հոն հասնելով Օսմանեան կայսրութեան կարաւանային ճամբաներով ու այցելելով Սուրբ Յարութեան տաճարը (կամ Սուրբ Գերեզմանի եկեղեցին) եւ այլ սրբավայրեր։ Մահտեսի Ներսէսի նման հոգեւոր կեանքով հետաքրքրուած մարդու մը համար, 1840-ական եւ 1850-ական թուականները Այնթապի կրօնական կեանքին մէջ խանդավառ ժամանակաշրջան մը եղած ըլլալու էին։ 1840-ականներու կէսերուն Մեսրոպ եպիսկոպոսը կը դառնայ առաջին առաջնորդը, որ աշխարհականները կը քաջալերէ Աւետարանը կարդալու։ Ան նաեւ վաճառականի մը կ’արտօնէ հայատառ թրքերէն Աւետարաններով լեցուն սնտուկ մը ներածել եւ քաղաք բերել: 1848-ին քանի մը նորադարձներով սկիզբ առած Այնթապի բողոքական շարժումը ընդամէնը քանի մը տարուան ընթացքին կ’աճի ու կը վերածուի հարիւրաւոր անդամներ հաշուող համայնքի մը։ 1853-ին Այնթապ կ’ունենայ նոր առաջնորդ մը՝ յանձին Մկրտիչ եպիսկոպոս Շահանեանի, որ հետագային կը հեռանայ Առաքելական Եկեղեցիէն եւ կը հիմնէ Այնթապի անկլիքան եկեղեցին։
Նոյն այն տարին, երբ Շահանեան եպիսկոպոս Այնթապ կը ժամանէ, Մահտեսի Ներսէս կը դառնայ քաղաքին առաջին բողոքական նորադարձներէն մէկը։ Այդ օրերուն, հաւատացեալները տակաւին սեփական բնակարաններու մէջ կը հաւաքուէին պաշտամունքի համար։ Հաւանաբար Ներսէս եւս մաս կը կազմէր հաւատացեալներու այն բազմութեան, որ հաւաքուած էր ներկայ գտնուելու Այնթապի Առաջին Բողոքական Եկեղեցւոյ նաւակատիքին, 1855-ին։ Յաջորդ տարի ան ականատես եղած ըլլալու է վեր. Գարա Գրիգոր Յարութիւնեանի հովիւ նշանակուելուն։ 1865-ին, Ներսէս կը միանայ վեր. Գարա Գրիգորին, երբ ան կը հեռանայ հիմնելու բողոքական երկրորդ եկեղեցին, որ հետագային պիտի ճանչցուէր որպէս Հայիկ եկեղեցի [3]:
Բայց ուրկէ՞ էր Ներսէս ծագումով։ Ըստ ընտանիքին մէջ շրջանառուող աւանդութեան, ան Պարսկաստանէն էր։ Այդ վկայութիւնները կը համապատասխանեն պատմական ծանօթ երեւոյթի մը։ Դարեր շարունակ Պարսկաստանի հայկական գաղութներէն ուխտաւորներ Երուսաղէմ կը ճամբորդէին, իսկ Այնթապ ցամաքային այդ ճամբաներէն մէկուն վրայ կը գտնուէր։ Ուխտաւորներէն ոմանք կ’ընտրէին հոն մնալ [4]: Ներսէսի շառաւիղներէն մէկը կը յիշէր, թէ «շատ տարիներ առաջ իրեն ըսուած էր», թէ Չամիչեան ընտանիքը «Պարսկահայքի Ուրմիոյ շրջանէն եկած էր»։ Ուրիշ մը կը նշէր, թէ ընտանիքը Սպահանէն էր՝ աւելցնելով, որ անոնք «Պարսկաստանէն եկած էին պիստակի ծառատունկերով»։ Իսկ երրորդ մը պարզապէս կը նշէր՝ «Իրան» [5]:
Թէեւ ընտանիքին ծագման վայրի մասին աւանդութիւնները կու տան իրարմէ տարբեր տեղեկութիւններ, սակայն բոլորը համակարծիք են մէկ կէտի շուրջ. Ներսէսի հողային կալուածները։ Ըստ փոխանցուած տեղեկութիւններուն, ան Այնթապ եկած էր կալուածներ գնելու նպատակով եւ ձեռք բերած պիստակի ծառաստաններ, թուզի մրգաստաններ, խաղողի այգիներ եւ այլ հողատարածքներ։

«Գնէ՛, գնէ՛, գնէ՛, գնէ՛։ Ան 82 կտոր հող ունէր։ Ամէն մէկ հողակտոր քաղաքի մը չափ էր։ Փոքր քաղաք մը», կը յիշէր անոր թոռան ծոռնուհին՝ Ակնէսը։ «Կը յիշեմ մայրս՝ պատերազմի ժամանակ, Առաջին համաշխարհային պատերազմի օրերուն։ Չորս տարեկան երեխայ էի։ Մայրս զիս գիւղերէն մէկը տարաւ։ Հոն թուզի մրգաստան մը կար։ Այսպէս բլուր մըն էր։ Բլուրին գագաթը կը բարձրանայիր եւ կը նայէիր. աչքդ մինչեւ ուր հասնէր` քուկդ էր»։
Ան կը յիշէր նաեւ պիստակի բերքահաւաքը։
«Հսկայական պարկերով էին։ Ամէն ուղտ երկու պարկ կը կրէր։ Քառասուն ուղտ՝ միանգամայն։ Զանոնք քաղաք կը բերէին։ Հոն մեծ բակ մը ունէր։ Ուղտերը բեռը կը բերէին ու կը պարպէին։ Ամէն պարկ բերնէ բերան լեցուն էր պիստակով։ Կը տեսնէիր ամբողջ կարաւանը, որ կու գար. մէկ ծայրը հոս էր, միւսը՝ մղոն մը անդին»։
Մահտեսի Ներսէս յայտնի կը դառնայ Fıstık Padişahı՝ «Պիստակի թագաւոր» անունով [6]:
Կալուածները կը ժառանգէ անոր միակ որդին՝ Ճըրճի Չամիչեանը։ Իր հօր նման, ան եւս գործօն դեր ունէր Հայիկ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ եւ կը ծառայէր որպէս անոր աշխարհական ղեկավարներէն մէկը։ Ան առնուազն մէկ մեծ տուն ունէր քաղաքին Թրքական թաղին մէջ՝ միջնաբերդէն ոչ շատ հեռու [7]: Ակնէս կը յիշէր Չամիչեաններու տան բակին մէջ տրուած ճաշկերոյթները, որոնց համար Ճըրճի չորս կամ հինգ ոչխար մորթել կու տար։ «Մեծ սեղաններ կը սարքէին ամբողջ թաղին համար։ Փաշաները զայն կը սիրէին»։ Անոնցմէ մէկը թանկարժէք, կանաչ քարով զարդարուած ոսկեայ մատանի մը նուիրած էր Ճըրճիին [8]:
Ճըրճի երիտասարդ տարիքին, հաւանաբար 1860-ական թուականներու կէսերուն կամ վերջաւորութեան կ’ամուսնանայ Աննա Տէօքմէճեանի հետ [9]: Աննայի ընտանիքին տունը կը գտնուէր Թարլա-ի Աթիք («Հին դաշտ») փողոցին վրայ՝ Պալըքլըկան (Balıklıgan) թաղամասին մօտ, Չամիչեաններու տունէն քալելով կարճ հեռաւորութեան վրայ։ Երբ Ճըրճի եւ Աննա ամուսնացան, հաւանաբար ընտանիքի անդամներն ու բարեկամները Թարլա-ի Աթիքէն քալելով գացին Տէօքմէճեաններու տունը՝ Աննան իր նոր տունը առաջնորդելու, ինչպէս սովորութիւն էր Այնթապի հարսանիքներուն ժամանակ։ Երկու ընտանիքներուն միջեւ կապը կը շարունակուի նաեւ յաջորդ սերունդին մէջ. Ճըրճիի եւ Աննայի դուստրը՝ Անիցան, նոյնպէս կ’ամուսնանայ Տէօքմէճեան ընտանիքի անդամի մը հետ [10]:
Ճըրճին եւ Աննան երիտասարդ տարիքին կը կազմեն իրենց ընտանիքը։ Ըստ ընտանեկան աւանդութիւններէն մէկուն, Ճըրճիի հայրը՝ Ներսէս, զայն կը յորդորէր ամուսնանալ երիտասարդ տարիքին եւ շուտով զաւակ մը ունենալ, որ ինքն ալ բախտ ունենար իր թոռը տեսնելու։ Երբ Յակոբ կը ծնի, Ներսէս անմիջապէս մարդիկ կը ղրկէ Օրուլ գիւղին մօտ գտնուող երկու հարիւր արտավար հողատարածքին վրայ ձիթենի տնկելու՝ որպէս ծննդեան նուէր իր թոռան [11]:
Այն պահուն՝ 1884-ին, երբ ընտանիքը մուտք կը գործէր Հալաճեանի լուսանկարչական աշխատանոցէն ներս, Ճըրճի եւ Աննա արդէն ունէին եօթը զաւակ։ Յակոբը, Միւնէվվէրը, Գրիգորը, Անիցան, Ներսէսը, Ռահէլը եւ Եսթերը կ’երեւին իրենց ընտանեկան դիմանկարին մէջ։



Այնթապի տղամարդիկ կը հագնէին մինչեւ ոտքերը հասնող զուպուն՝ երկար թեւերով եւ փակ օձիքով պարեգօտ մը, որուն հետ կը կրէին կարմիր ֆէս մը, լայն գօտի մը եւ սեւ գուլպաներով կարմիր հողաթափեր։ Աւելի ունեւոր վաճառականները զուպունին վրայ կը հագնէին ֆերման մը՝ ասեղնագործ բաճկոնակ մը, մինչ արեւմտեան ոճի բաճկոնները հետզհետէ աւելի կը տարածուէին ուսեալ տղամարդոց մէջ։ Կնոջ կողքին նստած եւ զաւակներով շրջապատուած՝ Ճըրճի Չամիչեան կը կրէր աւանդական ֆէս մը եւ արեւմտեան ոճի բաճկոն մը, սակայն անոնց տակի անոր հագուստը արդէն ցոյց կու տար փոխուող նորաձեւութեան մը առկայութիւնը։ Զուպունի փոխարէն ան հագած էր նախշազարդ ժիլէ մը՝ արեւմտեան ոճի տաբատով, որ սովորաբար կը կոչուէր «երկճիւղ ծառ» (çatal ağaç) կամ setrak pantalon, ինչպէս նաեւ կաշիէ կօշիկներ։ Ընտանիքին միւս անդամները նոյնպէս հագուած էին արեւմտեան ոճով [12]:
Գէորգ Սարաֆեան կը նշէ, թէ արեւմտեան ոճի հագուստ կը կրէին «դասախօսները, պատուելիները, բժիշկները, պետական պաշտօնեաները, գոլէճի շրջանաւարտներուն մեծ մասը եւ հարուստ ընտանիքներու կարգ մը անդամները»։ Կիրակի օրերը Ճըրճի չէր միանար Հայիկ եկեղեցւոյ յատակը ծածկող գորգերուն վրայ նստած տղամարդոց։ Փոխարէնը, ան կը բազմէր պատի երկայնքին դրուած նստարանի մը վրայ՝ տաբատ հագած տղամարդոց հետ [13]:
Ընտանեկան դիմանկարը առնուելէն որոշ ժամանակ ետք, Ճըրճիի անդրանիկ որդին՝ Յակոբը, նորէն կ’ուղղուի դէպի Հալաճեան լուսանկարչատուն՝ այս անգամ իր առանձին դիմանկարը առնել տալու համար։ Այս լուսանկարին մէջ Յակոբ առանձին նստած է։ Ան եւս հագուած է նոյն արեւմտեան ոճով՝ կարծր օձիքով եւ փողկապով։ Ի տարբերութիւն նախորդ դիմանկարին մէջ իր հօր, ան բաց գոյնի տաբատով է։ Կողքին դրուած փոքր սեղանին վրայ կան արդիական ժամացոյց մը եւ իրարու վրայ շարուած քանի մը գիրք։ Գիրքերուն տակ, ըստ երեւոյթին, Յակոբ իր վարժ ձեռագիրը մատնող օսմաներէն տառերով կոկիկ ստորագրած է դիմանկարը՝ ا لكاتب ياخوب چامچيان («Գրողը՝ Յակոբ Չամիչեան») [14]:

Ընտանեկան խմբանկարին մէջ միայն Ճըրճին կը կրէ ֆէս, որ դրուած է ճակատին վրայ՝ առջեւէն մազերը ամբողջովին ծածկելով, ինչ որ հասուն տղամարդոց յատուկ ոճ մըն էր։ Իսկ այս դիմանկարին մէջ Յակոբ քիչ մը աւելի բարձր կը կրէ իր ֆէսը՝ ճակատին վրայ տեսանելի ձգելով մազերու փունջ մը, ոճ մը, որ յաճախ կ’առնչուէր ուսանողներու եւ երիտասարդ տղամարդոց [15]: Սակայն դիմանկարը զինք կը ներկայացնէ ոչ թէ որպէս դպրոցական, այլ՝ ինքնավստահ երիտասարդ մը, պատրաստ իր տեղը գրաւելու ընտանիքին ու համայնքին մէջ։ Ժամանակի ընթացքին ան կը ստանձնէ հօր հողերուն եւ պիստակի ծառաստաններուն պատասխանատուութիւնը։ Օսմաներէնի իր իմացութիւնը անկասկած օգտակար եղած պիտի ըլլար ընտանեկան կալուածներու կառավարման։ Թոռնուհին՝ Ակնէսը, զայն կը յիշէր որպէս «մեծղի մարդ մը», որ «մտրակը ձեռքին ձի կը հեծնէր» եւ «մէկ գիւղէն միւսը կ’երթար՝ դրամները գանձելու» [16]:
Քանի մը տարի ետք, Յակոբ կ’ամուսնանայ Այնթապի Երրորդ Բողոքական Եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Կարապետ Մարգարեանի դստեր՝ Հայկանուշ Մարգարեանի հետ [17]: Յակոբի եւ Հայկանուշի դուստրը՝ Ճեմիլէն, կը ծնի 1888-ին [18]: Ընտանեկան յաջորդ խմբանկարը, որ առնուած է 1892-ին, կը ներկայացնէ Ճըրճիին եւ Աննային վերջին երկու զաւակները՝ Լուտերն ու Մարին Յակոբի երիտասարդ ընտանիքին հետ։ Հայկանուշ կանգնած է Յակոբի կողքին, մինչ փոքրիկ Ճեմիլէն, մէկ ոտքը թեթեւակի դարձուցած, յենած է իր մեծ հօր՝ Ճըրճիի ծունկին եւ անվստահ հայեացքով կը նայի լուսանկարչական գործիքին։ Ճեմիլէէն քանի մը տարի ետք ծնան կրտսեր քոյրերն ու եղբայրները՝ Ռոզան, Եուսուֆը (նաեւ Ճօ կոչուած), Աննալին եւ Ճորճը։

Դպրոց
1892-ի լուսանկարին մէջ Ճեմիլէ տակաւին փոքր երեխայ մըն է՝ ընդամէնը քանի մը տարի առաջ այն օրէն, երբ պիտի սկսէր յաճախել իր եկեղեցիին կից գտնուող դպրոցը։ Երբ ան կը սկսի դպրոց յաճախել, Այնթապի աւետարանական համայնքը հայերէնը որդեգրած էր որպէս ուսուցման լեզու [19]: Տուներուն մէջ ընտանիքներուն մեծ մասը դեռ թրքերէն կը խօսէր, մինչ Ճեմիլէի նման երեխաները առաջիններէն էին, որ իրենց կրթութիւնը գլխաւորաբար հայերէնով կը ստանային [20]:
«Մենք թրքերէն կը խօսէինք, ոչ թէ հայերէն», կը յիշէր Ճեմիլէի քոյրը՝ Աննալին։ «Մեծ մայրս ու մեծ հայրս միշտ թերթ մը կը կարդային» [21]: Գրեթէ վստահաբար անոնք կը կարդային հայատառ թրքերէն թերթեր, որոնք լայն տարածում ունէին Այնթապի մէջ։ Բազմաթիւ թերթեր կը հրատարակուէին զուգահեռ երկու տարբերակով՝ մէկը հայերէն, միւսը՝ հայատառ թրքերէն [22]: Դպրոցական դասագիրքերն ալ մինչեւ 1890-ական թուականները կը շարունակէին հրատարակուիլ հայատառ թրքերէնով [23]: «Բողոքական եկեղեցւոյ արարողութիւնները թրքերէնով կը կատարուէին», կը վկայէ Աննալի։ Հաւատացեալները կ’երգէին հայատառ թրքերէն երգարաններէ, իսկ ընտանիքին Աստուածաշունչը հաւանաբար խորագրուած էր ՔԻԹԱՊԸ ՄՈՒԳԱՏՏԵՍ (Kitabı Mukaddes) [24]:
«Ես հայերէն կարդալ ու գրել սորվեցայ Այնթապի նախակրթարանին մէջ։ Մենք եկեղեցիին կից դպրոցը կ’երթայինք։ Եկեղեցիին դրամ կու տայինք, իսկ եկեղեցին այդ գումարին մէկ մասը դպրոցներուն կը յատկացնէր» [25]: Ճեմիլէ շուրջ 1894-ին սկսաւ նախակրթարան յաճախել եւ ուսումը շարունակեց բարձրագոյն բաժնին մէջ, ուր ամէն առաւօտ դասերը կը սկսէին կրօնական արարողութեամբ մը, որ կ’ընդգրկէր Աստուածաշունչի ընթերցումներ, շարականներ, քարոզներ ու աղօթքներ՝ բոլորը հայերէնով [26]: Հաւանաբար շուրջ 1906-ին, ան Աղջկանց Ճեմարանին մէջ աւարտեց միջնակարգ կրթութեան համարժէք ուսումը։ Շատ չանցած, 1892-ի ընտանեկան խմբանկարին մէջ իր մեծ հօր ծունկին յենած փոքրիկ աղջիկը Այնթապի որբանոցներէն մէկուն մէջ երիտասարդ ուսուցչուհի դարձած էր արդէն։ Միեւնոյն ժամանակ, անոր փոքր քոյրն ու եղբայրը՝ Աննալին եւ Ճորճը, նոր կը սկսէին հայերէնի առաջին տառերը գծել իրենց եկեղեցւոյ դպրոցի յատակին նստած, ճիշդ այնպէս, ինչպէս իրենցմէ առաջ ըրած էր Ճեմիլէ [27]:
Կեանքը Այնթապի մէջ
Ճեմիլէի դստեր՝ Ակնէսի եւ Աննալիի յուշերուն ընդմէջէն որոշ պատկերացում կը կազմենք Այնթապի մէջ ընտանիքին կեանքին մասին։
Անոնց տունը կը գտնուէր Թրքական թաղին մէջ՝ միջնաբերդին ստորոտը, Սուպուրճու փողոցէն քիչ մը վար [28]: Աննալի կը յիշէր. «Շատ մեծ տուն ունէինք։ Հօրեղբայրս կ’ապրէր մէկ կողմը, մենք՝ միւս կողմը։ Կը բնակէինք խառն թաղամասի մը մէջ՝ հարուստ մարդոց՝ «պէյ»երու ապրած փողոցին վրայ»։
«Հայ դրացիներ շատ չունէինք, իսկ մեծ մայրս յաճախ մեզի կու գար։ Ունեւոր կիները սովորութիւն ունէին իրարու տուն այցելելու։ Բոլորն ալ գեղեցիկ տուներու մէջ կ’ապրէին եւ հերթով իրարու կ’այցելէին» [29]: Ան կ’աւելցնէ. «Անոնցմէ ոմանք թուրք էին» [30]:
Ակնէս նաեւ կը յիշէր իր մեծ հօր «մեծ բակը», որուն մէկ կողմը «խոհանոցի պէս էր»։ Հոն «մեծ սեղաններ կը շտկէին ամբողջ թաղին համար։ Փաշաները զայն կը սիրէին» [31]:
Այնթապի տուները ընդհանրապէս կառուցուած էին կեդրոնական բակի մը շուրջ։ Ազգականներ կը բաժնէին նոյն բակը՝ բնակելով առանձին սենեակներու մէջ, որոնց դռները կը բացուէին դէպի բակը։ Խոհանոցը սովորաբար կը գտնուէր բակին մէկ ծայրը։ Բակը ընտանեկան կեանքին կեդրոնն էր [32]:
Լուսանկարներէն մէկուն մէջ Ճեմիլէ նստած է մեծ ծառերու շուքին տակ՝ իր շուրջ հաւաքուած կրտսեր քոյրերուն ու եղբայրներուն հետ, հաւանաբար Չամիչեաններու տան բակին մէջ։ Աննալի ձեռքին բռնած է պտուղ մը, անոր ետին կ’երեւի ճերմակ ծաղիկ մը։ Ռոզա բռնած է կախուած տերեւներով, բաց մանիշակագոյն գեղազարդային հոտաւէտ ծաղիկներ (գլիցինիա) յիշեցնող ծաղիկներու փունջ մը, մինչ անոր ետին դէպի վեր կը կորանայ պարտէզի հիւսուած ցանկապատ մը։ Իրենց ոտքերուն տակ ուղղանկիւն սալաքարեր են։ Արեւուն լոյսը կը թափանցէ ճիւղերուն ընդմէջէն՝ սալաքարերուն վրայ լոյսի ցիրուցան բիծեր ձգելով [33]:
«Մեծ ընտանիք էինք։ Ո՜հ, իրիկունները բոլորս բակին մէջ կը հաւաքուէինք։ Կը խաղայինք, կը զրուցէինք եւ միասին շատ հաճելի ժամանակ կ’անցընէինք...։ Յետոյ մեր բոլոր զարմիկներն ալ կու գային, մեր աչքերը կը կապէինք ու պահուըտուք կը խաղայինք։ Պարան ալ կը ցատկէինք»։
«Բակին վարի մէկ անկիւնը» մեծ հայրն ու մեծ մայրը նստած կ’ըլլային իրենց թերթերով։ «Կ’երթայինք մեծ պապային ու մեծ մամային ձեռքը կը համբուրէինք։ Անոնք ալ մեզի տասը սենթ, հինգ սենթ կամ նման բան մը կու տային»։
Երաժշտութիւնը ընտանեկան այդ հաւաքոյթներուն անբաժան մասը կը կազմէր։ «[Ճեմիլէ] երգեհոն կը նուագէր, մենք ալ համախումբ կ’երգէինք եւ շատ հաճելի ժամանակ կ’անցընէինք» [34]:
Չամիչեան ընտանիքի սեղանը կ’ընդգրկէր Այնթապի աւանդական բազմատեսակ կերակուրներ։ Անոնք կը սիրէին քէօֆթէի զանազան տեսակները՝ համեմուած, աղացած հում միսը (չիյ քէօֆթէ), ափսէի մէջ եփուած միսը (սինի քէօֆթէ) կամ մածունով ապուրի մէջ եփուած մսագնդիկները (քէօֆթէլի եախնի)։ Սիրուած ուրիշ կերակուր մըն էր եաթման՝ չիյ քէօֆթէի տափակցուած ու եփուած տարբերակը։ Կը պատրաստէին նաեւ մանթը՝ ծրարուած փոքրիկ խմորագնդիկներ՝ մածունով թացանի մէջ։ Ճաշասեղանին վրայ կ’ըլլային նաեւ փոքր կլորակներու ձեւ տրուած քեպապ, փիլաւ եւ բանջարեղէնով զանազան կերակուրներ։ Անոնց շարքին էին տապակի մէջ եփուած բանջարեղէնը՝ թաւան, լուբիան (ֆասուլիա) եւ կուտատուկը (պամիա), զոր յաջորդ սերունդները սիրով կը յիշէին «bammer» անունով։ Քաղցրեղէնի շարքին էին փախլաւան, ոլորաձեւ պուրման եւ ընկոյզով լեցուած քիւնէֆէն [35]:
Թաղային խնճոյքներու առիթով երբեմն չորս կամ հինգ ոչխար կը մորթէին եւ բակին մէջ կը մատուցէին։ «Կ’եփէին, կը խորովէին ինչ ձեւով որ ուզէին», կը յիշէր Ակնէս [36]:
Աննալի կը յիշէր. «Լոլիկ կը չորցնէին եւ լոլիկի թացան կը պատրաստէին։ Սմբուկներուն միջուկը կը հանէին ու զանոնք կախելով կը չորցնէին։ Կը պատրաստէին նաեւ «պասթըրմա» եւ «սուճուխ» կամ երշիկ» [37]:
Ակնէս կը յիշէր նաեւ ընտանիքին մէջ պատմուած՝ պլղուր պատրաստելու ատեն «ցորեն լուալու» պատմութիւնները, երբ ցորենը գետինը կը փռէին բակի ջրհորին մօտ։ «Միւնէվվէր մօրաքոյրն ալ հոն էր... Պարկերով ցորեն ջաղացք կը ղրկէին՝ մաքրելու եւ աղալու համար։ Ի՜նչ գեղեցիկ ցորեն էր», կ’ըսէր ան։ «Ալիւրը դէզերով կը կուտակուէր։ Աղքատ մարդիկ չէին կրնար այդքան ունենալ։ Անոնք կը տեսնէին, որ բաւական հարուստ է մեր ընտանիքը» [38]:
Ակնէս կը յիշէր նաեւ մօր խօսքերը. «Կե՛ր։ Ուրիշները չունին։ Մենք հոս առատութիւն ունինք։ Կե՛ր»։
Իսկ նուռերը երբե՛ք չէր մոռնար. «Ճիւղերը պտուղին ծանրութենէն վար կը կախուէին... Ի՜նչ առատութիւն» [39]:


Աննալի կը յիշէր. «Մեր ուտելիքներուն մեծ մասը մեր գիւղերէն կու գար, բայց խանութներէն ալ բաներ պէտք է գնէինք» [40]: Անոնց տունէն դէպի արեւելք քալելով կարճ հեռաւորութեան վրայ կարելի էր հասնիլ քաղաքին շուկաները։ Առաւօտեան կանուխ բացուող շուկային մէջ վառ գոյներով պղպեղներու դէզեր կը բարձրանային Հաճը Վելի մզկիթին ստորոտը։ Անկէ անդին կը տարածուէին պտուղներու բոյրով լեցուն Ալմաճը շուկան եւ Արասայի մարդաշատ անցքերը։ Մօտակայ Պուղտայ (ցորենի) շուկային մէջ, ցորենը դեղին բլրակներու պէս դիզուած էր, մինչ Պղինձի շուկան կը թնդար մեծ ափսէներ ու ճեզվէներ կռող պղնձագործներու մուրճերուն ձայնէն։ Շուկայի փողոցներէն շատերը ծածկուած էին վերէն կախուած ծածկերով, ինչպէս Ուզուն Չարշըի՝ Երկար Շուկայի երկայնքին։ Չամիչեաններու տունէն ընդամէնը մէկ թաղամաս անդին հովանոցները փողոցին մէկ կողմէն միւսը կը տարածուէին՝ ստուերի տակ առնելով խաչմերուկը եւ կազմելով Աղամըն Գապալթըն (Ağamın Kabaltı)՝ ծածկուած խաչմերուկ մը, որուն երկու կողմերը շարուած էին վաճառականներու կրպակները [41]:
«Շոգեբաղնիքներ ունէինք։ Հաճելի վայր մըն էր, հանգիստ կ’ապրէինք», կը յիշէր Աննալի [42]: Անոնց տունէն դէպի հիւսիս-արեւմուտք քալելով քանի մը վայրկեան անդին կը գտնուէր Աքեոլ թաղամասի հանրային բաղնիքներէն մէկը՝ Թուֆա Համամը, որմէ կ’օգտուէին թէ՛ իսլամները եւ թէ՛ հայերը [43]: Հաւանաբար Աննալի եւ անոր ընտանիքն ալ հոն կը լոգնային։ Բաղնիքը փողոցին վրայ կը բարձրանար փեթակի մը պէս՝ գմբէթաւոր բլրակի մը տեսքով։ Քարէ աստիճաններ կ’առաջնորդէին դէպի գետնափոր սրահները, ուր մէկ սենեակէն միւսը անցնելով՝ օդը հետզհետէ աւելի կը տաքնար։ Կանանց յատկացուած օրերուն, Աննալին, մայրը եւ քոյրերը՝ Ճեմիլէն ու Ռոզան, ժամեր կ’անցընէին հոն՝ պաղ սենեակէն անցնելով գաղջ, ապա՝ տաք սենեակ։ Երբ ջեռուցման սենեակէն ձայն մը կանչէր Su geldi! (սու կելտի, ջուրը եկա՜ւ), կ’աճապարէին իրենց թասերը տաք ջուրով լեցնելու։ Սա «առաջին ջուրն» էր (պիրինճի սու – birinci su)։ Անոնք զիրար կը շփէին նարնջաբոյր կաւով, ապա ջուրով կը մաքրուէին եւ իրենց ճաշը գետինը կը փռէին՝ գետնափոր այդ վայրին մէջ փոքրիկ խնճոյք մը ընելով ձմերուկով եւ loğlaz piyazı-ով՝ սոխով ու կանաչեղէնով պատրաստուած սեւաչք լուբիայի աղցանով։ «Երկրորդ ջուր»էն (իքինճի սու – ikinci su) ետք բաղնիքէն դուրս կու գային մաքուր ու հանգստացած [44]:
Չամիչեաններու տունէն դէպի արեւմուտք փողոցները կը բացուէին դէպի հայկական Հայիկ թաղամասը, ուր կը գտնուէր նաեւ Հայիկ եկեղեցին հայ առաքելական եկեղեցւոյ շուքին տակ։
Աննալի կը յիշէր վաղ առաւօտեան պտոյտները դէպի եկեղեցի.
«Ան մեզ կանուխ կ’արթնցնէր։
Զանգերը կը հնչէին՝ եկեղեցի երթալու։
Կիրակի օրերը կ’երթայինք, Զատիկի առաւօտը, Սուրբ Ծնունդի առաւօտը։
Բոլորս կը հաւաքուէինք, մեր լաւագոյն հագուստները կը հագնէինք ու եկեղեցի կ’երթայինք։
Իսկապէս մութ կ’ըլլար։
Թրքական թաղին մէջէն կ’անցնէինք։
Առտու կանուխ եկեղեցի երթալը մարդուս վրայ ուրիշ ազդեցութիւն կը ձգէ, գիտէ՞ք...» [45]:
Մուտքին անոնք կը հանէին իրենց կօշիկները, ապա կը մտնէին ներս՝ յատակը փռուած գորգերուն վրայ։ Ցանկապատ մը աղօթասրահը կը բաժնէր երկու մասի։.Աննալի իր մօր եւ քոյրերուն հետ կը նստէր կանանց բաժինը, իսկ եղբայրները՝ տղամարդոց շարքին։ Դէպի վեր բարձր կը խոյանար գմբէթը։ Առջեւը, տաշած քարէ բարձրադիր պատուանդանի մը վրայ, կը գտնուէր պատուելիին բեմը՝ կարմիր մարմարէ ամպիոնով եւ մուգ կարմիր թաւշեայ ծածկոցով։ Պատէն կախուած էր ժամացոյց մը՝ Եէյլի Աստուածաբանական դպրոցի ուսանողներուն նուէրը։
Պաշտամունքը կը սկսէր պատուելիին բացման երգով։ Երբ երգեհոնահարը կը սկսէր նուագել իր փոքր գործիքը, հաւատացեալները ոտքի կ’ելլէին եւ միասնաբար կ’երգէին։ Ապա բարձրաձայն կը կարդացուէր Սուրբ Գիրքէն հատուած մը, որուն կը յաջորդէր քարոզը։ Այնուհետեւ երգչախումբը կը հնչեցնէր երգ մը։ Ճեմիլէ ալ մաս կը կազմէր երգչախումբին։
Օրհնութենէն ետք, Աննալի եւ իր ընտանիքը դարձեալ կը հագնէին իրենց կօշիկները եւ Հայիկի փողոցներէն քալելով կը վերադառնային տուն [46]:



Կեանքի կշռոյթներ
Ամրան ընտանիքը գիւղ կը տեղափոխուէր։ «Կարողութիւն ունեցողները գիւղ կ’երթային», կը յիշէր Աննալի [47]: «Մենք ալ կ’երթայինք, մանաւանդ երբ պիստակի տարին ըլլար։ Պիստակը երկու տարին անգամ մը բերք կու տար։ Ուստի, երբ բերքի եղանակը գար, կ’երթայինք եւ բերքէն կ’ուտէինք» [48]: Ձմրան ընտանիքները իրարու կ’այցելէին եւ երկար իրիկունները միասին կ’անցընէին։ «Ձմեռը ձիւն կու գար... Քատայիֆ կը պատրաստէինք, կամ երբ հիւրեր գային, ճոխ սեղան կը շտկէինք եւ իրիկունը բոլորս միասին կը հաւաքուէինք...։ Երեկոյեան ուշ ժամերուն ամէն մէկս իր տունը կը վերադառնար» [49]:
Ձմրան կեանքը մեծ մասամբ կը կեդրոնանար թոնիրին շուրջ։ Ցած սեղան մը կը դրուէր գետինը փորուած կլոր փոսի մը մէջ վառող ածուխի կրակին վրայ եւ կը ծածկուէր հաստ վերմակով [50]: Չամիչեանները հաւանաբար անոր շուրջ կը հաւաքուէին՝ իրարու մօտ նստած եւ ոտքերը վերմակին տակ երկարած [51]: Թոնիրը միաժամանակ թէ՛ ջեռուցման միջոց էր, թէ՛ սեղան։ Անոր շուրջ հաւաքուած երկար գիշերները կը լեցուէին Խոճայի պատմութիւններով՝ համեմուած ընկոյզի անուշի պատառներով։ Սուրճը կը պատրաստուէր պղնձեայ ճեզվէին մէջ՝ ձգելով որ ան եռայ երեք անգամ՝ իւրաքանչիւր գաւաթի մէջ մէկ դգալ փրփուր աւելցնելով [52]:
Կաղանդի օրը երեխաները տունէ տուն կը պտտէին՝ երգելով եւ անուշեղէն ստանալով։ Ակնէս հետագային կը յիշէր երգի մը պատառիկը, մօտաւորապէս այսպէս.
«Gaghandos! Bastuk, sejuk, verinler!» (Կաղանդոս! Պասթըխ, սուճուխ, վերինլէր!) [53]:
Սուրբ Ծնունդին՝ տունը երգով կը լեցուէր։ «Առաւօտ կանուխ կ’արթննայինք ու կը սկսէինք Սուրբ Ծնունդի երգեր երգել։ Յանկարծ նուէրներն ու քաղցրեղէնը մէջտեղ կը հանէին։ Ընտանիքին բոլոր անդամները բան մը կը ստանային։ Յետոյ կը շարունակէինք երգել եւ վերջաւորութեան՝ բոլորս եկեղեցի կ’երթայինք։ Եկեղեցիէն ետք կը վերադառնայինք տուն, բոլորս զիրար կը համբուրէինք եւ ճոխ ճաշ մը կ’ուտէինք» [54]: Աննալի կը յիշէր, որ իր երէց քոյրը՝ Ճեմիլէն, «բոլորին համար նուէրներ կը պատրաստէր»։ Ամէն մարդ կը ստանար «առնուազն մէկ խնձոր՝ աղուոր, խոշոր, գեղեցիկ խնձոր մը»։ Իսկ մայրը, Աննալիի յիշողութեամբ, «գուլպային մէջ բան մը կը դնէր...։ Ան գիտէր մեզ ուրախացնել։ Մմմմ» [55]:
Յաջորդ երեք օրերուն, ընտանիքները կ’այցելէին բարեկամներու եւ ազգականներու՝ միասին վայելելով Սուրբ Ծնունդի լոխումը [56]:
Զատիկն ալ իր եռօրեայ կշռոյթն ունէր [57]: Առաջին օրը յատկացուած էր եկեղեցիին ։ Ընտանիքը կ’արթննար զանգերու ղօղանջին հետ։ Հաւանաբար անոնք կ’անցնէին Պալըքլըկանէն, Երիտասարդ Քրիստոնեաներու Ընկերակցութեան (ԵՔԸ, YMCA) կեդրոնին քովէն, ու կը հասնէին փայլուն մետաղեայ գմբէթով Հայիկ եկեղեցին [58]: Երկրորդ օրը՝ Մեռելոցին, կ’այցելէին քաղաքին հարաւային կողմը գտնուող հայկական գերեզմանատունը՝ յիշելու իրենց ննջեցեալ հարազատները։ Երրորդ օրը պտոյտի օրն էր։ Ընտանիքները չէօրէկ ու պանիր կը պատրաստէին եւ քալելով կ’երթային Գաւաքլըք, ուր կը ճաշէին առուակին եզերքը՝ ունկնդրելով հոսող ջուրին կարկաչը։ Կը քաղէին առուակի ափին աճող երիցուկներ, ապա ոտքով կը վերադառնային տուն՝ ճամբու ընթացքին լէպլէպու եւ ընկոյզ ուտելով [59]:
Աննալի կը յիշէր պատրաստութիւնները. «Հաւկիթ կը ներկէինք եւ յատուկ խմորեղէն կը թխէինք։ Ճաճըխ կը պատրաստէինք։ Գառնուկի գլուխ ալ կ’եփէին. ան յատուկ կերակուր մըն էր։ Նաեւ՝ փաչա, որ գառնուկի ոտքերէն պատրաստուած ապուրի նմանող կերակուր մըն էր» [60]:
Կային ընտանեկան ուրիշ տօնախմբութիւններ ալ։ Երբ Աննալի տակաւին նախակրթարան կը յաճախէր, Ճեմիլէ քոյրը կը նշանուի։ Ճեմիլէի դուստրը՝ Ակնէս, հետագային այսպէս կը նկարագրէր իր ծնողներուն ծանօթացման պատմութիւնը։
Ան կը յիշէր՝ եկեղեցիին մէջ «նստարաններ չկային։ Գետինը կը նստէին՝ պարսկական գորգերու վրայ։ Մենք մէկ կողմն էինք, տղամարդիկ՝ միւս կողմը։ Իրարու մօտ չէինք նստեր։
«Ներս մտնելու ատեն կօշիկներդ կը հանէիր ու տեղ մը կը դնէիր։
«Մայրս երգչախումբին մէջ էր... Հայրս ալ նոյն եկեղեցին կը յաճախէր։
«Օր մը, երբ եկեղեցիէն դուրս կու գային եւ իրենց կօշիկներուն մօտ կ’երթային... Ամէն մարդ կ’երթար իր կօշիկները փնտռելու, կը գտնէր ու կը հագնէր։
«Հայրս ըսած է. «Եթէ կօշիկներս հագած ատենս ան ինծի նայի... վստահաբար զայն պիտի առնեմ»։
«Ու այդպէս ալ եղաւ։ Հայրս մէկ կողմն էր, մայրս՝ միւս կողմը։ Հայրս իր կօշիկները կը հագնէր, մայրս՝ իրենները։
«Հայրս դարձաւ ու նայեցաւ... եւ տեսաւ, որ մայրս ալ իրեն կը նայէր։ Անոնց հայեացքները հանդիպեցան։
«Եւ հայրս որոշեց. ան էր այն աղջիկը, որու հետ պէտք է ամուսնանար»։
Մօրաքոյրները կը ղրկուին՝ ապագայ հարսի ընտանիքին մասին տեղեկութիւն հաւաքելու։
Հոն կը տեսնեն Միւնէվվէր Չամիչեանը՝ ջրհորին մօտ փռուած ցորենին քով։ Ցորեն կը լուային։
Մեծ մայրս կ’ըսէ. «Դէհ՛, բաւական աղուոր տուն ունին։ Առատ ցորեն ալ ունին» [61]:
Ամառը կ’անցնի, ցորենը կ’աղացուի, իսկ այդ ընթացքին երկու ընտանիքները կը սկսին ամուսնութեան պայմաններուն շուրջ բանակցութիւններ վարել։ Երբ Չամիչեանները վերջապէս իրենց հաւանութիւնը կու տան, երկու ընտանիքները կը դառնան խնամի՝ նշանախօսութեամբ իրարու կապուած ազգականներ։
Անոնք հաւանաբար կը հետեւէին Այնթապի մէջ ընդունուած սովորութիւններուն։ Պաշտօնական «խօսքկապի»՝ նշանախօսութեան արարողութեան համար երեկոյ մը կ’որոշուի։ Քարիւղի լապտերներ բռնած՝ Յովսէփ ու իր ընտանիքը կը քալեն դէպի Թրքական թաղին մէջ Չամիչեաններուն տունը։ Յովսէփ մօտակայ տեղ մը կը սպասէ, մինչ երկու ընտանիքները շնորհաւորանքներ կը փոխանակեն եւ պտուղ կը ճաշակեն միասին։ Ապա Յովսէփը ներս կը կանչեն, երբ Ճեմիլէ դուրս կու գայ ընտանիքին ներքին մթերանոցէն՝ խազնայէն, եւ անոնք առաջին անգամ քով-քովի կը նստին [62]:
Յաջորդ տարի ընտանիքին մէջ տեղի կ’ունենայ ուրիշ հարսանիք մը՝ Աննալիի հօրեղբայր Լուտերինը։
«Կը յիշեմ բժիշկ հօրեղբօրս հարսանիքը։ Բոլորս պէտք էր քալելով երթայինք հարսը առնելու, ապա դարձեալ քալելով վերադառնայինք։ Նախ՝ դրացիները պատրաստեցին ապուր մը, որմէ բոլորս խմեցինք, ապա մեր տունը եկանք եւ փիլաւ պատրաստեցինք հսկայ կաթսայով։ Մեծ հայրս յատուկ խոհարար մը վարձած էր այս բոլորը՝ փիլաւ, փախլաւա եւ ուրիշ կերակուրներ պատրաստելու համար։ Բակը լեցուած էր հիւրերով։ Բոլորը հայ էին՝ բացի թերեւս մէկ-երկու դրացիէ»։
«Չեմ կարծեր, թէ անոնք մեղրալուսնի գացին։ Կարծեմ՝ առաջին իսկ օրէն պարզապէս հաստատուեցան տան մէջ»։
Մեղրալուսնի երթալու փոխարէն՝ Լուտեր ու Ռոզա հաւանաբար իրենց ամուսնական կեանքն սկսան ընտանիքի խազնային մէջ, ուր կը պահուէին չամիչը, թուզը եւ հարսին օժիտի սնտուկը։ Խազնան տան միակ առանձնարանն էր, եւ նորապսակ զոյգերը հոն կը քնանային մինչեւ իրենց անդրանիկ զաւակին ծնունդը [63]:
Աննալի շուրջ տասը տարեկան էր, երբ մայրը մահացաւ վեցերորդ զաւակը ծննդաբերելու ժամանակ՝ երեսունեօթը տարեկան հասակին [64]:
«Երբ մայրս մահացաւ... զայն տան մէջ պահեցին։ Զանգ հնչեցուցին, որ մարդիկ լսեն։ Երբ զանգին ձայնը լսէին, անոնք կը տեղեկանային, թէ ո՛վ մահացած էր եւ կու գային ընտանիքին այցելութեան։ Ան բարի կին մըն էր, եւ մարդիկ զայն կը սիրէին։
Յուղարկաւորութեան օրը դագաղը իրենց ուսերուն վրայ դրին եւ քալելով տարին նախ եկեղեցի, ապա՝ գերեզմանատուն։ Կը յիշեմ անոր թաղման պահը։ Գերեզմանատունը մեր տունէն բաւական հեռու էր» [65]:
Ժամանակ մը ետք, Աննալիի հայրը նորէն կ’ամուսնանայ։ Նոր հարսը՝ Ովսաննա Պիւլպիւլեան կու գար Այնթապի աւետարանական նշանաւոր ընտանիքներէն մէկէն, որ վեր. Յակոբ Պիւլպիւլեանի միջոցով սերտ կապեր ունէր Առաջին Բողոքական Եկեղեցւոյ հետ [66]: Ովսաննա եւ Յակոբ կ’ունենան մէկ զաւակ՝ Ճամիլ անունով որդի մը [67]:
Ճամիլի ծնունդէն շատ չանցած՝ Յակոբ կը մահանայ քոլերայէն։ Զանգը դարձեալ կը հնչէ։ Աննալի եւ իր քոյր-եղբայրները կը մնան իրենց մեծ հօր խնամքին տակ՝ դառնալով «մեծ հօր որբեր» [68]:
Աննալի կը յիշէր նաեւ իրենց առօրեայ կեանքին մաս կազմած թուրքեր։ Անոնցմէ մէկը Պելլէ Էֆենտին էր։ «Շատ լաւ մարդ մըն էր, երկար ժամանակ կը զրուցէր մեծ հօրս հետ», կը յիշէր ան։ Թուրք դրացիներ եւս կ’այցելէին ընտանիքին տունը։ Անոնցմէ ոմանք ներկայ եղած էին նաեւ հօրեղբօր՝ Լուտերի հարսանիքին։ Այդուհանդերձ, Աննալիի յիշողութեամբ, հայերը երբե՛ք ամբողջովին զերծ չէին բռնութեան վախէն։ «Թուրքերը կ’իշխէին», կ’ըսէր ան։ «Երբ խռովութիւններ ըլլային, թուրքերը կու գային ու մեր տան առջեւ կը նստէին, որ երբ հրամանը գար, ներս մտնէին ու մեզ կողոպտէին։ Մեր աչքին առջեւ այդպէս մեզ կը վախցնէին»։
Ապա կը սկսի Առաջին համաշխարհային պատերազմը։
Մեծ հայրը՝ Ճըրճին, ունէր երամակ մը մարզուած ջորիներու, որոնցմով բերքը կը փոխադրէր խան։ Երբ օսմանեան բանակը պատերազմի կարիքներուն համար կը սկսի փոխադրութեան ծառայող անասուններ բռնագրաւել, պաշտօնեաները կու գան անոր ջորիները տանելու։
«Զայն վախցուցին եւ պնդեցին, որ ջորիները պիտի տանին։ Ան տուն վերադարձաւ յուզուած ու վախցած եւ, մինչ հօրեղբօրս հետ կը զրուցէր, սրտի տագնապ ունեցաւ ու մահացաւ» [69]:
Ճըրճիի մահէն ետք ընտանիքին կալուածներուն պատասխանատուութիւնը կ’անցնի անոր զաւակին՝ Ներսէսին։ Երբ կը հասնի զանոնք արձանագրելու ժամանակը, Ներսէս այդ գործը կատարելու հրահանգ կը ստանայ։
Տարագրութիւն
1915-ին Զատիկը կը զուգադիպէր 4 Ապրիլին։ Կիրակի առաւօտ ընտանիքը կ’արթննայ զանգերու ղօղանջին հետ, եւ մութ նրբանցքներէն քալելով կ’երթայ եկեղեցի։ Յաջորդ օր կ’այցելեն հայկական գերեզմանատուն՝ յարգելու յիշատակը իրենց ննջեցեալ հարազատներուն։ Իսկ երրորդ օրը, ինչպէս մինչ այդ բազմիցս ըրած էին, կը միանան բարեկամներու եւ ազգականներու՝ Գաւաքլըքի՝ ուռենիներով եզերուած առուակին մօտ գտնուող պարտէզին մէջ պտոյտի ու խնճոյքի համար։
Քանի մը շաբաթ ետք, պարտէզը դարձեալ կը լեցուի հայերով, բայց այս անգամ՝ ոչ խնճոյքի եկածներով։ Օսմանեան կառավարութիւնը Զէյթունի կիներուն եւ երեխաներուն հրամայած էր հեռանալ լեռներուն մէջ գտնուող իրենց տուներէն։ Դէպի հարաւ բռնագաղթի ճամբուն վրայ Գաւաքլըքը անոնց համար կը վերածուի հանգրուանի [70]:
Ամբողջ ամրան ընթացքին, Գաւաքլըքը շարունակ լեցուն կը մնայ կայսրութեան այլ շրջաններէն տեղահանուած հայերով, որոնք դէպի հարաւ՝ Դամասկոս կամ Տէր Զօրի անապատները կը քշուէին։ Ընտանիքները կը տարածուէին մարգագետինին վրայ ու կը խմբուէին ուռենիներուն տակ՝ վերմակներու եւ կտորի պատառներու տակ պատսպարուելով [71]:
Յուլիսի վերջաւորութեան, Այնթապի հայերը, որոնց մէջ՝ Չամիչեաններու բարեկամները, դրացիներն ու գործակիցները, լուր կը ստանան, որ իրենք եւս պէտք է հեռանան։ Սկիզբը հրամանը կը վերաբերէր միայն առաքելական հայոց։ Սեպտեմբերին անոնց կը միանան նաեւ կաթողիկէ հայերը։ Իսկ Դեկտեմբերին, տեղացող ձիւնին տակ, Այնթապի բողոքական հայոց կը հրահանգուի արձանագրել իրենց կալուածները ու հեռանալ [72]:

Չամիչեան ընտանիքը պիտի բաժնուէր երկու տարբեր աշխարհներու միջեւ. ոմանք պիտի մնային Այնթապ, իսկ ուրիշներ պիտի քշուէին դէպի հարաւ։
Մինչ ձմեռը կը յառաջանար, հրաման կը հասնի նաեւ անոնց փողոցը [73]: Քաղաքի մունետիկները՝ տելլալները, կը կանգնին տան առջեւ եւ բարձրաձայն կը յայտարարեն.
«Ներսէս Չամիչեանին հրամայուած է հեռանալ իր տունէն» [74]:
Հրամանը կը հասնի փողոց մը, ուր հայերն ու թուրքերը երկար տարիներ իբրեւ դուռ-դրացի ապրած էին։ Աննալի կը յիշէր ունեւոր կիները եւ անոնց փոխադարձ այցելութիւնները՝ աւելցնելով. «Անոնցմէ ոմանք թուրք էին»։ Տեղահանութիւնները ցոյց պիտի տային, թէ այդ կապերը որքա՛ն փխրուն կրնային ըլլալ։
Քաղաքի մունետիկին յայտարարութենէն ետք, Ներսէս ընդամէնը մէկ օր ունէր իր կալուածները արձանագրելու։ Ան ճամբայ կ’ելլէ դէպի Գայաճըք՝ հաւանաբար Սուպուրճու փողոցով, անցնելով ոստիկանատան եւ Իթթիհատ վէ Թերաքքը կուսակցութեան ակումբին առջեւէն, մինչեւ որ կը հասնի Օսմանեան դրամատուն՝ իր տունը, հողերն ու ունեցուածքը թուարկող դիմումը ներկայացնելու։ Ապա կը շտապէ դէպի տուն [75]:
Ընտանիքը կը հաւաքէ ինչ որ կրնար հետը տանիլ՝ անկողին, ուտելիք եւ քանի մը անձնական իրեր։ Էշեր կը վարձեն։
Աննալիին եւ անոր քոյր-եղբայրներուն համար, սակայն, հարց մը առկախ կը մնար. որբ էին եւ իրենց հօրեղբօր յարկին տակ կ’ապրէին։ Եթէ ան հեռանար, իրե՞նք ալ պէտք էր հետը երթային։ Իսկ եթէ մնային, ո՞վ պիտի հոգար իրենց։
«Հօրեղբայրս հրաման ստացաւ, որ պէտք է իր տունէն հեռանայ։ Մենք այդպիսի հրաման չէինք ստացած, բայց բոլորս գացինք հօրեղբօրս ու անոր ընտանիքին հետ։ Քոյրերէս մէկը՝ Ճեմիլէն, ամուսնացած էր։ Ճորճը, Ճօն, Աննալին եւ Ռոզան՝ մենք չորսս, կամովին գացինք, որովհետեւ չունէինք մէկը, որուն քով կարենայինք մնալ։ Ի՜նչ խենթութիւն, ի՜նչ մտածելակերպ։ Կարծես հաճոյալի պտոյտի մը կ’երթայինք։ Պէտք չէ երթայինք։ Պէտք է մնայինք։ Ոչ ոք մեզի ըսաւ, որ մնանք» [76]:
Անոնք իրենց հօրեղբօր հետ կ’երթան։
Ցերեկները կը ճամբորդէին, իսկ գիշերները բացօթեայ կը քնանային։ Էշերու վրայ լեռները անցնելով՝ վերջապէս կը հասնին Աքչագոյունլուի մօտ գտնուող կայարանը [77]:
Աննալիի եղբայրը՝ Ճօն, միւսներէն առաջ ճամբայ կ’ելլէ։ Ան քանի մը ոսկի լիրա կարած էր իր ներքնաշապիկին մէջ՝ մէջքին շուրջ։ Ճամբուն վրայ ժանտարմաները կը բռնեն զայն ու կը փորձեն ստիպել, որ ոսկիները յանձնէ, բայց ան կը մերժէ։ Նեղութիւն տալէ ետք ազատ կ’արձակեն զինք, եւ ան կը յաջողի հասնիլ Հալէպ [78]:
Երբ իրենց կարգը կը հասնի, մնացած քոյր-եղբայրները, իրենց հօրեղբօր՝ Ներսէսի եւ անոր ընտանիքին հետ, Աքչագոյունլուէն շոգեկառքով դէպի հարաւ՝ Դամասկոս կը տարուին։ Անոնք կայարանէ կայարան կ’անցնին՝ Չոպանպէյ, Ախթարին, Միւսլիմիէի կցակէտ եւ, վերջապէս, Հալէպի Պաղտատի կայարան։ «Չեմ գիտեր ինչո՛ւ մեզ Տէր Զօրի ուղղութեամբ չղրկեցին, ինչպէս այնքա՛ն շատ ուրիշներու ըրին» [79]:
Հալէպի մէջ կը գտնեն Ճօն, բայց մնալու տեղ չունէին։ Փեսանին՝ Ճեմիլէի ամուսին Յովսէփը Հալէպ կը գտնուէր եւ օսմանեան բանակին մէջ կը ծառայէր։ Ան կը յաջողի կապ հաստատել իրենց հետ եւ կ’օգնէ ընտանիքին՝ գործ ու ապաստան գտնելու։ «Ձիերուն տեղերը կը մաքրէինք։ Կը մաքրէինք ու հոն կը քնանայինք...։ Ստիպուած էինք ախոռներու մէջ ապրելու» [80]:
Շատ չանցած՝ զանոնք կը ղրկեն աւելի հարաւ՝ Սալամիէ։ Կը փորձեն գոյատեւել ինչպէս որ կրնային՝ պատահական գործեր ընելով եւ ուտելիքի դիմաց աշխատելով։ «Եղբայրս կ’երթար քիչ մը ղուրապիէ կը ծախէր... ու քանի մը ղուրուշ կը շահէր»։ Քոյրը երեխաներ կը խնամէր եւ իրեն տրուած ուտելիքը տուն կը բերէր։ Երբեմն ապրանք կը փոխանակէին ցորենի հետ՝ հաց թխելու համար [81]:
Հիւանդութիւնը մշտական սպառնալիք էր։ «Բոլորս բծաւոր տիֆով վարակուեցանք... բայց բոլորս ալ առողջացանք»։ Շատեր, սակայն, չփրկուեցան [82]:
Պատերազմի վերջին տարիներուն պայմանները հետզհետէ անտանելի կը դառնան։ Գիները այնքան կը բարձրանան, որ ա՛լ կարելի չէր անհրաժեշտ բաները գնել։ Անօթութենէ մղուած բազմաթիւ հայոց նման՝ անոնք ալ վտանգը աչք առնելով կը հեռանան Սալամիէի համեմատաբար ապահով միջավայրէն [83]: «Թուրքերու պէս հագուեցանք ու փախանք Հալէպ»։ Գոյատեւելու համար անոնք նաեւ կը փոխեն իրենց անունները, ինչպէս այդ օրերուն կ’ընէին բազմաթիւ հայեր [84]:
«Հալէպ գացինք։ Ու ոչինչ ունէինք, ոչի՛նչ։ Ո՛չ հագուստ, ո՛չ անկողին, ոչինչ» [85]:
Անգամ մը եւս ընտանիքին օգնութիւնը վճռական կ’ըլլայ։ Ներսէս հօրեղբօր կինը՝ Մերիյէ մօրաքոյրը, կը հաւաքէ ինչ որ կրնայ՝ անկողինի կապոց մը, վերմակներ եւ ապուր, ու կը կիսէ անոնց հետ [86]: «Մեր տակը փռելու բան մը ունեցանք եւ վրանիս՝ վերմակ մը։ Այդպէս չորսս միասին կը քնանայինք» [87]:
Սալամիէէն հեռացած բազմաթիւ տեղահանուածներ Հալէպի մէջ գործ կը գտնեն օսմանեան բանակի արհեստանոցներուն՝ իմալաթխանէներուն մէջ։ «Կ’երթայինք բուրդ մանելու։ Փոխարէնը ամէն օր մեզի մէկական հաց կու տային» [88]:
1918-ի Հոկտեմբերի վերջաւորութեան Հալէպ այլեւս օսմանեան իշխանութեան տակ չէր [89]:
Մնացողները
Երբ տեղահանութիւնները ընթացք կ’առնեն, Ճեմիլէ կը սկսի գլխարկ կարել։
«Արեւի գլխարկներ, արեւէն պաշտպանող գտակներ, որ երբ ճամբայ ելլէինք, արեւէն չայրէինք», կը յիշէր Ակնէս։
«Պէտք է ձգէին ու երթային, ձգէին ու երթային, ձգէին ու երթային։ Բոլորն ալ այնքա՜ն... տխուր էին։ Կը հեռանային իրենց ընտանիքներէն, իրենց տուներէն՝ միայն իրենց վրայի հագուստով» [90]:
Տարի մը առաջ՝ 1914-ին, Ճեմիլէի ամուսինը՝ Յովսէփ, զինուորական ծառայութեան մտած էր օսմանեան բանակին մէջ։ Երբ տեղահանութեան հրամանները կը հասնին, Ճեմիլէ կը դիմէ իշխանութիւններուն։
«Ամուսինս զինուորական ծառայութեան մէջ է։ Ես չեմ կրնար երթալ»։
«Լա՛ւ» [91]:
Չամիչեանները այժմ կ’ապրէին երկու տարբեր աշխարհներու մէջ։ Հօրեղբայր Ներսէսն ու անոր ընտանիքը, Աննալի իր քոյր-եղբայրներուն հետ, տեղահանուած էին դէպի հարաւ՝ Սալամիէ։ Իսկ Այնթապի մէջ Ճեմիլէ մնացած էր իր դուստրերուն հետ, ինչպէս նաեւ Ովսաննան ու Ճամիլը, Լուտերի ընտանիքը եւ Յովսէփի քոյրերը։
Ակնէս կը յիշէր. «Մեր բախտը բերաւ, որովհետեւ հայրս բանակ գացած էր որպէս փռապան։ Քանի որ մայրս զինուորի ընտանիք կը ներկայացնէր, մեզ ազատ կացուցին տեղահանութենէն։ Մեզ միւս խումբերուն հետ չղրկեցին»։
Ինչպէս Ակնէսի եղբայրը՝ Պարգեւը, կ’ըսէր. «Ինք բախտաւոր էր, որ զինուորագրուեցաւ» [92]:
Ճեմիլէի հօրեղբայրը՝ Լուտեր Չամիչեանը, որ ընդամէնը քանի մը տարի առաջ ամուսնացած էր, նոյնպէս կը ծառայէր օսմանեան բանակին մէջ։ Անոր կինը՝ Ռոզան եւ իրենց փոքրիկ որդին տեղահանութիւններու ընթացքին կը մնան Այնթապ [93]:
Ճեմիլէի մօրուն՝ Ովսաննա Չամիչեանը եւ անոր փոքր որդին՝ Ճամիլը, նոյնպէս կը մնան Այնթապ։ Աննալի կը յիշէր.
«Ան չգնաց։ Որեւէ տեղ չգնաց։ Չեմ գիտեր ինչպէ՛ս յաջողցուց, բայց մնաց» [94]:
Անոնք չեն տեղահանուիր [95]:
Նախքան զինուորագրուիլը Յովսէփ ջուլհակ էր։ Անոր ջուլհակի հաստոցը տակաւին սենեակին մէկ անկիւնը կը մնար։ Ճեմիլէ կը սկսի գործել անոր վրայ։ Պարգեւ կը յիշէր.
«Ան փորձառութիւն չունէր։ Չէր կրնար գործել։ Թելը կը փրթէր։ Չէր գիտեր՝ ինչպէս շարունակէ...։ Օր մը բարեկամուհի մը կու գայ ու մօրս լացը կը տեսնէ։
– Ի՞նչ պատահեցաւ։
– Չեմ գիտեր,– կ’ըսէ մայրս,– չեմ կրնար այս գործը ընել» [96]:
Օր մը Ճեմիլէ իր դուստրը՝ Ակնէսը կը տանի տեսնելու տեղահանութիւններէն առաջ ընտանիքին պատկանած այգիները։
«Չորս տարեկան երեխայ էի», կը յիշէր Ակնէս՝ ձեռքը դէպի վեր շարժելով։ «Բլուր մըն էր՝ այսպէս։ Բլուրին գագաթը կը բարձրանայիր եւ որքան որ աչքդ հասնէր՝ քուկդ էր» [97]:
Ապա ետ տուն կը դառնան։
1915-ի Օգոստոսին օսմանեան իշխանութիւնները կը բռնագրաւեն հայկական եկեղեցիներն ու դպրոցները [98]:
Ամուսնութենէն առաջ Ճեմիլէ որբանոցի մը մէջ ուսուցչուհի եղած էր, իսկ ամուսնին քոյրը՝ Նունիան, իրենց եկեղեցւոյ դպրոցի երկրորդ դասարանի ուսուցչուհին էր։ Անոնք իրենց տան մէջ փոքրիկ դպրոց մը կը բանան հայ երեխաներուն համար [99]:
«Ամէն երեխայ որոշ գումար մը կը բերէր»։
Երեխաները իրենց բակին հողէ յատակին վրայ շարքով կը քալէին, մինչ Ճեմիլէ կ’երգէր. «Տա-տա-տա-տա-տա-տա-տա-տա-տու... Պա-պում-պում»։
Երգը այդ ժամանակաշրջանին տարածուած վալսերէն «Over the Waves»-ի եղանակն էր։ Ճեմիլէ զայն սորված էր մոմէ գլաններով աշխատող ձայնագիր գործիքէ մը, զոր Լուտեր հօրեղբայրը Պոլիսէն կամ Պէյրութէն բերած էր։
Ճեմիլէ իր դպրոցին աշխատանքները կը շարունակէ մինչեւ պատերազմին աւարտը [100]:
Մեկնում Այնթապէն
Պատերազմէն ետք Չամիչեաններէն ոմանք տակաւին Այնթապ կը մնային։ Լուտեր Չամիչեանի ընտանիքը վերապրած էր հոն, նոյնպէս Ովսաննա Չամիչեանն ու անոր Ճամիլ որդին։ Ճեմիլէն եւ իր դուստրերը՝ Ակնէսն ու Հռութը, կը շարունակեն իրենց դպրոցական ուսումը, մինչեւ որ այլեւս աշակերտ չի մնար։
Միւսները Հալէպ էին։ Տեղահանութենէն վերապրած Աննալի եւ Ռոզա հոն մնացած էին իրենց հօրեղբօր՝ Ներսէս Չամիչեանի եւ անոր ընտանիքին հետ։
1919-ի Նոր տարուան օրը Ճեմիլէ եւ Նունիա աղջիկները կը տանին Ամերիկեան գոլէճ։ Յովսէփ կը վերադառնար՝ տունէն մեկնելէն ճիշդ չորս տարի ետք։
Ակնէս այդ պահը կը յիշէր պատկերի մը պէս.
«Հայրս՝ մինչեւ գետին հասնող երկար վերարկուով, գլխուն՝ գլխարկ։ Նունիա մօրաքոյրս ըսաւ. «Ան հայրդ է»։ Վազեցի։ Հայրի՜կս, պապա՜ս»։
Անոնք տուն կը վերադառնան։ 1919-ի վերջաւորութեան Ճեմիլէ ուրիշ զաւակ մըն ալ կ’ունենայ։
Բայց, ինչպէս Ակնէս կը յիշէր, «երկար չտեւեց» [101]:
Այնթապի մէջ լարուածութիւնը ամիսներէ ի վեր կը սրէր։ Հայերը այլեւս չէին անցներ թրքական թաղամասերէն։ Ամենափոքր տագնապի պարագային, խանութները կը փակուէին, մինչ զինեալ մարդիկ կը շրջէին փողոցներուն մէջ։ Հայեր կը ձերբակալուէին ու կը սպաննուէին [102]:
1920-ի Փետրուարին ֆրանսացիք հեռացան Մարաշէն։ Հազարաւոր հայեր կոտորուեցան, իսկ շատ ուրիշներ ճամբաներուն վրայ սառելով մահացան [103]:
«Պէտք էր հեռանայինք։ Հայրս գիտէր այդ» [104]:
Ճեմիլէի քոյրերը արդէն Հալէպ կը գտնուէին։ Յովսէփ կը մեկնի կարաւանին հետ՝ անոնց միանալու, գործ գտնելու եւ ընտանիքին համար բնակելու տեղ մը ապահովելու։ Ճեմիլէ կը սկսի ծախել իրենց ունեցածը։
«Անկողին մը եւ վերմակ մը ունէին։ Վերմակը երկու ոսկի լիրայի ծախեց»։
Այդ գումարով անոնք պիտի մեկնէին Հալէպ [105]:
1 Ապրիլ 1920-ին կռիւները կը բռնկին Այնթապի մէջ։ Հայերը յարձակումը չէին նախատեսած։ Հին տուներէն կղմինտրներ ու քարեր կը հանեն եւ զանոնք իրարու վրայ դիզելով՝ փողոցներուն մէջ պատնէշներ կը կառուցեն [106]:
Ֆրանսական զօրասիւները Քիլիսէն ուտելիք կը բերէին, սակայն քաղաք հասնիլը դժուար էր։ Քանի մը շաբաթ ետք ուտելիքը կը սկսի պակսիլ։ Մայիս 24-ի երեկոյեան, հազարապետ Ռընօ (Captain Renaud) հանդիպում մը կ’ունենայ Հայ Ազգային Միութեան ներկայացուցիչներուն հետ եւ կը բացատրէ, որ վերադարձող զօրասիւնին հետ 6.000 հայեր պէտք է հեռանան քաղաքէն։ Հայ ղեկավարները համամիտ կը գտնուին։ Յաջորդ առաւօտ, քաղաքի պատերուն վրայ յայտարարութիւններ փակցուած էին. հեռանալ փափաքողները նոյն գիշերն իսկ ճամբայ պիտի ելլէին [107]:
Ճեմիլէ եւ Ովսաննա միասին կը կարդան յայտարարութիւնները։ Կը խորհրդակցին եւ կ’որոշեն հեռանալ։ Ինչ որ չէին կրնար իրենց հետ տանիլ, պարտաւոր էին ծախելու հայկական Պարէնաւորման Յանձնախումբին։ Նաեւ պէտք էր մեկնումները վերահսկող յանձնախումբին արտօնութիւնն ստանալ [108]: Ապա պէտք էր իրենց կապոցները պատրաստել։
«Ամէն ինչ հաւաքեցինք։ Մայրս բարեկամուհիներ ունէր. եկան ու սկսան հաւաքել՝ հաւաքել, հաւաքել, հաւաքել» [109]:
Ովսաննա իրեն հետ կ’առնէ երիտասարդ Յակոբին ֆէսով լուսանկարը։ Ճեմիլէ իր կապոցին մէջ կը դնէ աւելի փոքր լուսանկար մը՝ կտրուած այն լուսանկարէն, ուր իր հայրն ու մեծ հայրը աստիճաններուն վրայ կ’երեւէին, ինչպէս նաեւ՝ իր հարսանիքի լուսանկարներէն մէկը։
Ժամը չորսի շուրջ թրքական հրետանիին ռումբերը կը սկսին իյնալ Քիլիս տանող ճամբուն վրայ՝ գոլէճին առջեւ հաւաքուած գաղթականներուն մօտ։ Ռումբերէն մէկը կառք մը կը հարուածէ։ Ֆրանսացիք կը պատասխանեն հրետանային երեք մարտկոցներով [110]:
«Կը լսէի թնդանօթներուն որոտը՝ ֆրանսական թնդանօթները թրքական թաղամասերը կը ռմբակոծէին» [111]:
Այդ գիշեր աւելի ուշ, բարեկամներ կ’օգնեն կապոցները տանելու մինչեւ այն ճամբան, ուր շարասիւնը կը հաւաքուէր։ «Կը յիշեմ այդ գիշերը՝ մեծ կապոցներով եկանք», կ’ըսէր Ակնէս։ Երեխաները՝ Ճամիլն ու Ակնէսը, Հռութն ու փոքրիկը բարձրացան կապոցներուն վրայ։
«Հոն էինք՝ բեռներուն վրայ նստած, աստղերուն տակ»։
Մինչ երեխաները կը սպասէին, Ովսաննա եւ Ճեմիլէ կ’երթան ջորիով քաշուող կառք` արապա վարձելու [112]: Փոքրիկը կը յանձնեն Ակնէսի խնամքին։ Երբ կը վերադառնան, Ճեմիլէ յանկարծ կ’աղաղակէ.
«Փոքրիկը ո՞ւր է։ Վերմակին տա՞կ է։ Շունչ չ’առներ»։ Ան իսկոյն կը գրկէ փոքրիկը։ «Հօրը ի՞նչ պիտի ըսեմ։ Հօրը ի՞նչ պիտի ըսեմ»։
Ովսաննա մեծ մայրիկը կ’առնէ փոքրիկը եւ ուժգին հարուած մը կու տայ անոր կռնակին։ Փոքրիկը աչքերը կը բանայ։
Կապոցները կը բեռցնեն արապային մէջ եւ իրենք ալ կը բարձրանան անոնց վրայ։
Այդ պահուն անձրեւ կը սկսի։ Երբ շարասիւնը մթութեան մէջ ճամբայ կ’ելլէ, Ճեմիլէ մէկ ձեռքով հովանոցը բռնած էր, միւսով՝ փոքրիկը գրկած։ Ամբողջ գիշեր կ’անձրեւէ։ Լուսաբացէն առաջ կը հասնին Ուլու Մեզրէ [113]:
«Առաւօտուն արեւը կը փայլէր», կը յիշէր Ակնէս։ Վերմակներն ու բարձերը կարմիր ցեխով պատուած էին։
Երեկոյեան՝ շարասիւնը դարձեալ ճամբայ կ’ելլէ [114]:
«Ցեխոտ հագուստները, ցեխոտ անկողինները՝ ամէն ինչ արապային մէջ դրինք, ու մենք ալ վրան նստանք»։
Ամբողջ գիշերը կը ճամբորդեն։ Առաւօտ կանուխ ընտանիքը կը մօտենայ Քիլիսի՝ հեռագրասիւներու շարքին հետեւելով դէպի քաղաք։
Աւելի ուշ, իրենց ետեւէն՝ հեռուէն, հրացանաձգութեան ձայներ կը լսուին։ Վերջին առուակէն անցնելու ժամանակ թրքական հեծելազօրը կը յարձակի շարասիւնի յետնամասին վրայ։ Ֆրանսացի զինուորական բժիշկ մը կը սպաննուի [115]:
Ակնէս յարձակումին մասին ոչինչ կ’իմանայ։
Այնթապէն հեռացած ընտանիքներուն մեծ մասը Քիլիսի մէջ կը սկսի կառքերը պարպել։ Ճեմիլէ եւ Ովսաննա այդպէս չեն վարուիր։ Փոքր խումբ մը ճամբան կը շարունակէ դէպի Հալէպ։ «Մօտ քառասուն կամ յիսուն ընտանիք էին», կը յիշէր Ակնէս։
Կենդանիները հազիւ հանգստացած՝ ամբողջ օրը կը շարունակեն ճամբան կիզիչ արեւի տակ։ Կէսօրէ ետք կ’անցին Ազէզէն, մայրամուտէն ետք կը հատեն Պաղտատի երկաթուղին եւ նոյն գիշեր կը հասնին Գաթմայի երկաթուղային կայարանը [116]:
«Այդ վակոններուն մէջ մնացինք երեք օր ու երեք գիշեր», կ’ըսէր Ակնէս։
«Ծարաւ էինք։ Ջուր չկար։ Մայրս փոքրիկ ինքնաեռ (սամովար) մը գտաւ»։
Ճեմիլէ ինքնաեռը կը տանի վարորդի մը մօտ եւ կը փորձէ գործածել իր գիտցած քանի մը արաբերէն բառերը։
«Խայթօ, խայթօ, մայ, մայ»՝ քոյրի՛կ, քոյրի՛կ, ջո՛ւր, ջո՛ւր։
Վարորդը քիչ մը ջուր կու տայ անոր։ «Այդպէս ալ մայրս մեզի քիչ մը ջուր խմցուց» [117]:
Յանկարծ բազմութեան մէջ աղաղակ մը կը բարձրանայ.
«Հէ՜յ... հէ՜յ... Շոգեկառքը։ Շոգեկա՜ռքը»։
Բոլորը կը սկսին շարժիլ ու զիրար հրմշտկել։ Կը բարձրանան բեռնատար բաց վակոնները ու կը նստին իրենց կապոցներուն վրայ։
«Մենք վերն էինք։ Բոլորը շոգեկառքին վրայ էին», կը յիշէր Ակնէս։
Այդ գիշեր կը մնան շոգեկառքին մէջ։ Յաջորդ օրը շոգեկառքը կը սկսի շարժիլ։ Կէսօրէ ետք կը նշմարեն Հալէպը։ Մարդիկ կը սկսին ծափահարել։ «Հէ՜յ»։ Բազմութեան մէջ Ակնէս կը տեսնէ իր մօրաքոյրը։ «Մօրաքոյրս տեսայ։ Հէ՜յ, եկած է։ Ռոզա մօրաքոյրս՝ մօրս քոյրը։ Ռոզա մօրաքոյրս մեզի համար կառք մը բերած էր»։
Անոր հետ քաղաքին մէջէն անցնելով՝ կ’երթան Յովսէփին վարձած տունը։ «Մեզի համար մեծ սենեակ մըն էր։ Վեց պատուհան եւ դուռ մը ունէր»։
«Սա Հալէպի սկիզբն էր»։
Ովսաննա հոն էր։ Յովսէփն ալ։ Նաեւ երեխաները՝ Ճամիլն ու Ակնէսը, Հռութն ու փոքրիկը, ինչպէս եւ երեք քոյրերը՝ Ճեմիլէն, Ռոզան ու Աննալին։
Ընտանեկան լուսանկարներ
Հալէպի մէջ ընտանիքը դարձեալ կը համախմբուի՝ լուսանկարուելու համար։
Երեք քոյրերը միասին լուսանկարուած են։ Ճեմիլէ ու Ռոզա քիչ մը կողմ թեքուած են, իսկ Աննալի ուղիղ կը նայի լուսանկարչական գործիքին [118]:
Ներսէսն ու իր ընտանիքն ալ ընտանեկան լուսանկար մը հանած են. ծնողները նստած են կեդրոնը, իսկ զաւակները հաւաքուած են անոնց շուրջ [119]:
Ովսաննա լուսանկարուած է իր զաւակին՝ Ճամիլի հետ, որ կանգնած է մօր կողքին՝ մէկ ձեռքը գրպանին մէջ [120]:
Ճեմիլէ եւս իր ընտանիքին հետ նկարուած է։ Աւագ աղջիկները իրարու ձեռք բռնած են, իսկ փոքրիկ Պարգեւ կռթնած է հօրը [121]:
Քանի մը տարի ետք ընտանիքը դարձեալ կը հաւաքուի Հալէպի մէջ՝ այս անգամ խոտածածկ վայր մը։ Հոն են Լուտերի որդի Ճորճն ու Ներսէսի թոռ Յարութիւնը։ Կեդրոնը նստած են Ովսաննան եւ Ճեմիլէն՝ երեխաներով շրջապատուած [122]:
Շատ չանցած՝ ընտանիքը անգամ մը եւս կը հաւաքուի Հալէպի մէջ՝ Լուտեր Չամիչեանի տունը։ Անոնց վերեւ, պատէն կախուած էր Ճըրճի Չամիչեանի մեծցուած դիմանկարը՝ կարօտալի աշխարհի մի յուշարարը [123]:
1925-ին Ովսաննա իր ոչ-կենսաբանական դստեր՝ Ռոզա Չամիչեանին կը ղրկէ իր եւ որդւոյն՝ Ճամիլի լուսանկարը՝ զայն հասցէագրելով «Տիկին Ռոզա»-ին, ետեւը հայատառ թրքերէնով գրելով. «Ընդունէ՛ եղբօրդ եւ իմ այս լուսանկարը՝ իբրեւ յիշատակ...
Մայրդ՝
Ովսաննա Չամիչեան
2 Յունիս 25»։ [124]
Ճամիլ սոյն լուսանկարը ղրկած է ետեւը հայերէնով գրելով.
«Ի յիշատակ սիրոյ ձեր ընտանիքին կը ղրկեմ այս նկարը»։
Ճէմիլ Չամիչեան
20 Սեպտեմբեր 1942
Երուսաղէմ»։ [125]
Երախտագիտութեան խօսք
Խորին երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ Կրէյս Չաւուրին, Ճեք Չաւուրին, Ճէյսըն Քելեճեանին, Ժան Տանքելին, Քրիսթին Կրեկըրիին, Էնտրու Կրեկըրիին, Քարի Փէյնին, Սթիվըն Հաուսին, Էնն Չերչեան-Հաուսին, Արփի Չերչեան-Քորթին եւ մեր ընտանիքի միւս բոլոր անդամներուն, որոնք տարիներու ընթացքին հաւաքուած են՝ սերունդէ սերունդ միասին բաժնեկցելու սնունդ եւ պատմութիւններ։ Անոնք միասնաբար նպաստած են, որ այս յօդուածը հասնի իր վերջնական ձեւին։ Յատկապէս երախտապարտ եմ Անի Չամիչեանին, Արփի Քելեճեանին եւ Հենրի Քելեճեանին, որոնք Կրէյս Չաւուրին եւ Ճեք Չաւուրին հետ միասին յաջողեցան գտնել Չամիչեաններու տունը Այնթապի մէջ եւ զայն վաւերագրելու նպատակով ճամբորդեցին հոն։ Բոլորն ալ Չամիչեան ընդարձակ գերդաստանի անդամներն են՝ ծագումով կամ ամուսնութեամբ։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ Մուրատ Ուչաներին, որուն առատաձեռնութիւնն ու պատմական քարտէսներու հետազօտութիւնը մեծապէս խորացուցին քաղաքին մասին պատկերացումներս։ Մեծապէս օգտուած եւ շատ բան սորված եմ անոր Hafızasını Kaybeden Kent: Antep (Իր յիշողութիւնը կորսնցուցած քաղաքը. Այնթապ) գիրքէն։
Այս յօդուածին մէջ ներկայացուած նիւթին մեծ մասը կը պարտիմ Չամիչեան եւ Չերչեան ընտանիքներու երէց սերունդի առատաձեռնութեան։ Ակնէս Չերչեան-Ուորտը (մօրաքոյր Ակնէս) եւ Պարգեւ Չերչեանը մեր տարիներու բազմաթիւ զրոյցներուն ընթացքին ինծի փոխանցեցին իրենց հարուստ յիշողութիւնները, ներառեալ՝ ձայնագրուած բազմաժամ հարցազրոյցներու միջոցով։ Անկեղծ շնորհակալութիւն նաեւ Փօլ Չերչեանին (մօրեղբայր Փօլ), Հռութ Չերչեան-Կրեկըրիին (մօրաքոյր Հռութ) եւ Հելէն Չերչեան-Միսիրեանին (մօրաքոյր Հելէն)՝ տարիներ շարունակ ինծի հետ պատմութիւններ, սնունդ եւ սուրճ բաժնեկցելնուն համար։ Երախտապարտ եմ նաեւ Ճամիլ եւ Եունիս Չամիչեաններուն (մօրեղբայր Ճամիլ եւ մօրաքոյր Եւնիկէ), որոնք իրենց տան դռները բացին Արփիին ու իմ առջեւ։ Այդ ժամանակ Այնթապի մասին քիչ բան գիտէի։ Այսօր, երբ ետ կը նայիմ, անոնց այգիին առատ պտուղները կը յիշեցնեն խաղողի ողկոյզներն ու նռնենիները, որոնք այնքան յաճախ կը յայտնուին Այնթապի մասին ընտանեկան պատմութիւններուն մէջ։ Երախտագիտութեան յատուկ խօսք ունիմ Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանին, որ մեր ընտանիքին պարգեւեց մեծ գանձ մը՝ հաղորդելով Այնթապի կեանքին մասին վառ յիշողութիւններ իրենց ամբողջ հարստութեամբ։ Իբրեւ ընտանիքի նոր անդամը՝ բախտն ունեցայ այցելելու մօրաքոյր Աննալիին, անոր հետ երգելու եւ կենդանի կապ մը զգալու այն աշխարհին հետ, զոր ան կը կրէր իր մէջ։ Սու Պասմաճեանն ու Միհրան Պասմաճեանը հեռատեսութիւնն ունեցած էին 1977-ին արձանագրելու Աննալիի կեանքի պատմութիւնը. շնորհակալ եմ իրենց, որ զայն ազնուօրէն տրամադրեցին ինծի։ Նոյնպէս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Լոռնա Թուրեան-Միլլըրին եւ Տոնալտ Ըրլ Միլլըրին, որոնք 1984-ին արձանագրեցին Աննալիի վկայութիւնը եւ անոր գրառուած տարբերակը մատչելի դարձուցին մեր ընտանիքին։
Խորապէս երախտապարտ եմ հոս յիշատակուած բոլոր անձերուն՝ իրենց առատաձեռնութեան եւ ինծի հանդէպ անոնց ցուցաբերած վստահութեան համար, առանց որոնց այս յօդուածը կարելի պիտի չըլլար իրականացնել։ Ես կը ստանձնեմ բոլոր մեկնաբանութիւններուն եւ սխալներուն ամբողջական պատասխանատուութիւնը։
Քարտէսներ
Աղբիւրներ. Սոյն յօդուածին մէջ ներկայացուած Այնթապ քաղաքի քարտէսները գլխաւորաբար պատշաճեցուած օրինակներն են Գէորգ Ա. Սարաֆեանի «Պատմութիւն Անթէպի Հայոց» աշխատութեան մէջ տեղ գտած Այնթապի քարտէսին (Պոսթըն, 1953. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վերահրատարակութիւն՝ 2013), զոր պատրաստած է Գէորգ Հ. Պարսումեան, իսկ գծագրած՝ Կարապետ Հ. Նազարեան (Հալէպ, Յունիս 1952)։ Նշուած պարագաներուն, քարտէսները լրացուած են տեղական պատմական հետազօտութիւններով եւ ժամանակակից լուսանկարներով։ Ճամբաներն ու շրջակայ գիւղերը ցոյց տուող շրջանային քարտէսները պատշաճեցուած տարբերակներն են Karte von Mesopotamien und Syrien քարտէսաշարի թիւ 1b՝ Aleppo օրինակին, զոր պատրաստած է Փրուսիոյ Արքայական Քարտէսագրական Ծառայութեան (Kgl. Preuß. Landesaufnahme) քարտէսագրական բաժանմունքը Մայիս 1918-ին, 1։400.000 համեմատութեամբ։ Քարտէսը կը գտնուի Փրինսթըն Համալսարանի գրադարանին մէջ (HMC01.4206)։
Չամիչեաններու տան մօտ գտնուող շուկաներն ու խաները, շուրջ 1910
«Մեր ապրանքներուն մեծ մասը կու գար մեր գիւղերէն, բայց դարձեալ ստիպուած էինք որոշ բաներ գնել խանութներէն»։
Չամիչեաններու տունէն երկու թաղամասէն իսկ պակաս հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր Աղամըն Գապալթը-ն՝ վաճառականներու կրպակներով շրջապատուած ծածկուած խաչմերուկ մը (անոր տեղադրութիւնը հիմնուած է Մուրատ Ուչաների հետազօտութեան վրայ)։
Մօտակայ Պալըքլըկան թաղամասը, որ պաշտօնապէս կը կոչուէր Balıklı Çarşısı (Պալըքլը չարշըսի, «Ձկնառատ շուկայ»), իր անունն ստացած էր աղբիւրի ջուրով սնանող աւազանէ մը, ուր ժամանակին ձուկեր կը լողային։
Մօտակայքին կը գտնուէին նաեւ Արասա-ն (Arasa, պազար), Ցորենի (Buğday) շուկան, Պղինձի շուկան, Ալմաճը (Almacı) շուկան, ինչպէս նաեւ քաղաքի գլխաւոր խաներէն քանի մը հատը՝ Գարա Նազար խանը (Kara Nazar Han), Միլլէթ խանը (Millet Han) եւ Շիրէ խանը (Şire Han)։ Այս շուկաներն ու խաները միասնաբար կը կազմէին Այնթապի առեւտրական կեդրոնը։
Քարտէսին վրայ «Վաղ առաւօտեան շուկայ» նշուած վայրին տեղադրութիւնը առնուած է Ֆրանքլին Վակներ Փիրսի մէկ լուսանկարէն, որուն բացատրութեան մէջ գրուած է. «Վաղ առաւօտեան շուկան։ Կարմիր պղպեղներու կոյտեր՝ գոյներու անզուգական խրախճանքի մը մէջ»։
Այնթապի եկեղեցիները, շուրջ 1910
«Ես ու դուն՝ թրքական այդ թաղերուն մէջէն։ Առտու կանուխ եկեղեցի երթալը ուրիշ զգացում մըն է, գիտէ՞ք»։
Չամիչեաններու տունը քալելով կարճ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր Այնթապի բոլոր եկեղեցիներէն, ներառեալ երեք բողոքական եկեղեցիները՝ Գայաճըքի եկեղեցին (Առաջին Բողոքական եկեղեցի), Հայիկի եկեղեցին (Երկրորդ Բողոքական եկեղեցի) եւ Ալայ Պէյի եկեղեցին (Երրորդ Բողոքական եկեղեցի), ինչպէս նաեւ Երիտասարդ Քրիստոնեաներու Ընկերակցութեան (YMCA) կեդրոնը։ Այս եկեղեցիները ծանօթ էին նաեւ իբրեւ Աւետարանական կամ Ժողովական եկեղեցիներ։
Ալայ Պէյի եկեղեցին միակն էր, որ կը գտնուէր հատող գիծէն (Transversal) արեւելք։ Հայ առաքելական եկեղեցին՝ Սուրբ Աստուածածին Մայր Տաճարը, քաղաքի ամենէն նշանաւոր տեսարժան վայրերէն մէկն էր. անոր ոսկեզօծ խաչը տեսանելի էր Այնթապի տարբեր կողմերէն։ Քարտէսին վրայ նշուած է նաեւ հայկական խաչքարի մը վայրը։
Աննալի Չամիչեանի եւ անոր ընտանիքին՝ Այնթապէն Աքչագոյունլու հաւանական երթուղին, ձմեռ 1916
«Էշեր վարձեցինք եւ մեր անկողինները անոնց վրայ բեռցուցինք։ Ցերեկները կը քալէինք, իսկ գիշերները բացօթեայ կը քնանայինք։ Լեռները անցանք։ Այսպէս շարունակեցինք մեր ճամբան, մինչեւ հասանք կայարան, ուր մեզ շոգեկառք նստեցուցին»։
Այս քարտէսը կը վերակազմէ Աննալի Չամիչեանի, անոր քոյր-եղբայրներուն եւ հօրեղբօր՝ Ներսէս Չամիչեանի ընտանիքին տեղահանութեան ճամբուն հաւանական առաջին հանգրուանը՝ 1916-ի Փետրուարին Այնթապէն անոնց արտաքսումէն ետք։ Ռէմոն Գէորգեան կը նշէ, թէ բացի տեղահանուածներու առաջին երկու խումբերէն, որոնք հաւանաբար մեկնած էին արեւմտեան ճամբով, «Այնթապէն տեղահանուած բոլոր հայերը ուղարկուեցան դէպի Աքչագոյունլուի երկաթուղային կայարանը»։ Սարաֆեանի քարտէսին վրայ քաղաքէն դէպի հարաւ-արեւելք տանող ճամբան նշուած է «Դէպի Ագչէ Գօյունլու», ինչ որ կը հիմնաւորէ այստեղ ներկայացուած երթուղին։ Որոշ հատուածներու մէջ, սակայն, երթուղին կը մնայ անորոշ։ Ընդգծուած վայրերուն շարքին են տեղահանութեան կարաւաններու ծանօթ կանգառները, ինչպէս Սազկընը (քարտէսին վրայ՝ «Sarin»), որ հաւանաբար տեղահանուածներու առաջին գիշերային կանգառի վայրն էր, եւ Աքչագոյունլուի երկաթուղային տարանցիկ ճամբարը (քարտէսին վրայ՝ «Aktsche K.»)։ Ժամանակակից վկայութիւնները կը նկարագրեն Սազկընի մօտ տեղահանութեան կարաւաններուն դէմ ծրագրուած յարձակումներ եւ կը նշեն մերձակայ այն գիւղերը, որոնց բնակիչները մասնակցած են հայոց վրայ յարձակումներուն։ Անոնց շարքին էին Թիլպաշարը (քարտէսին վրայ՝ «Tell Bâschar»), Մեզրան (քարտէսին վրայ՝ «Mezra’asy») եւ Քանթարան։ Տեղական ճանապարհային ցանցը, ներառեալ ժամանակակից այլ քարտէսի մը վրայ նշուած՝ Քանթարան Աքչագոյունլուին կապող լրացուցիչ ճամբան, կ’օգնէ հասկնալու, թէ ինչպէս այս գիւղերէն զինեալ խումբեր կրնային արագօրէն հասնիլ տեղահանութեան կարաւաններուն եւ կտրել անոնց ճամբան։
Աղբիւրներ. Raymond Kévorkian, The Armenian Genocide: A Complete History, London, I. B. Tauris, 2011, p. 944; Ümit Kurt, The Armenians of Ayntab: The Economics of Genocide in an Ottoman Province, Cambridge, Mass., Harvard University Press, 2021, p. 94–95.
Ջորեկառքերու կարաւանը. 25–26 Մայիս 1920-ի գիշերը, Այնթապէն դէպի Ուլու Մեզրէ
«Ամբողջ գիշերը անձրեւեց»։
25 Մայիս 1920-ին, մութը կոխելէն ետք, Այնթապի հայոց՝ ֆրանսացիներու կազմակերպած պարպումի ծիրին մէջ, գաղթականները ճամբայ ելան եւ անձրեւին ու կարմիր ցեխին մէջէն յառաջանալով՝ յաջորդ առաւօտ հասան Ուլու Մեզրէ։
Աղբիւրներ. Ray Travis diary, 26 May 1920. Ակնէս Չերչեան-Ուորտի հետ Տէյվիտ Լուիս Քորթի կատարած հարցազրոյցները, 2001–2003: Maurice Abadie, Les quatre sièges d’Aïntab (1920–1921)։
Ջորեկառքերու կարաւանը։ 26–27 Մայիս 1920-ի գիշերը, Ուլու Մեզրէէն դէպի Քիլիս։
«Յաջորդ առաւօտ, ինչ որ գետինը մնացած էր՝ ցեխին մէջ թրջուած էր»։
Ցերեկը Ուլու Մեզրէի մէջ հանգստանալէ ետք, գաղթականները նոյն երեկոյեան դարձեալ ճամբայ կ’ելլեն եւ ամբողջ գիշերը կը յառաջանան դէպի Քիլիս։ Հեռագրասիւները ճամբուն երկայնքով կ’ընթանային մինչեւ քաղաք։ Ըստ Ռէյ Թրեվիսի վկայութեան, թրքական հեծելազօրի յարձակում մը կը հարուածէ շարասիւնի յետնամասին՝ Քիլիսէն շուրջ 1,5 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։ Քարտէսին վրայ այս կէտը կը համապատասխանէ քաղաք հասնելէ առաջ վերջին առուակի անցման վայրին։
Ջորեկառքերու կարաւանը։ 27 Մայիս 1920, ցերեկ եւ երեկոյ, Քիլիսէն դէպի Գաթմայի երկաթուղային կայարան։
«Այդ վակոններուն մէջ մնացինք երեք օր ու երեք գիշեր»։
Քիլիսէն մեկնելէ ետք, 40-50 ընտանիքներ կը շարունակեն իրենց ճամբան դէպի հարաւ՝ Մայիսի վերջաւորութեան արեւուն տակ անցնելով Ազէզէն։ Պաղտատի երկաթուղագիծը անցնելէ ետք, անոնք կ’ուղղուին դէպի հիւսիս-արեւմուտք՝ Գաթմա։ Այդ գիշեր կը հասնին Գաթմայի երկաթուղային կայարանը եւ կը բարձրանան բաց հարթակով վակոնները՝ շարունակելու համար դէպի Հալէպ իրենց ճամբորդութիւնը։
Ջորեկառքերու կարաւանը։ 28 Մայիս 1920, ցերեկը, Գաթմայի երկաթուղային կայարանէն դէպի Հալէպ։
«Ասիկա Հալէպի սկիզբն է»։
Գաթմայի երկաթուղային կայարանին մէջ բաց վակոններուն վրայ գիշերելէ ետք, գաղթականները երկաթուղիով կ’ուղղուին դէպի հարաւ՝ Հալէպ։ Կայարանին մէջ Ակնէս ամբոխին մէջ կը նշմարէ իր Ռոզա մօրաքոյրը։ Ռոզա ընտանիքը կ’առաջնորդէ Յովսէփին վարձած տունը՝ «վեց պատուհան եւ դուռ մը»։
- [1] Սոյն ուսումնասիրութիւնը կը վերաբերի Այնթապի Հայիկ եկեղեցիին պատկանող Ճըրճի Չամիչեանի ընտանիքին։ Այնթապի մէջ կ’ապրէին նաեւ ուրիշ Չամիչեան ընտանիքներ, սակայն անոնց ազգականական կապը այս ընտանիքին հետ կը մնայ անորոշ։ Չամիչեան այլ ընտանիքի մը աւելի ծանօթ անդամներէն էր Արմենակ Չամիչեանը՝ Վարդանեան կրթարանի ուսուցիչ, հետագային՝ Կիլիկեան Ճեմարանի տնօրէն։
- [2] Houshamadyan, «ODA | Americas | Wistar Archive – USA», այցելուած 8 Մայիս 2026-ին։ Լուսանկարին բացատրութիւնը կը նշէ, թէ հայ առաքելական Սուրբ Աստուածածին Մայր Տաճարի գմբէթին շինարարութիւնը սկսած է 1893-ին։ Maurice Abadie, Opérations au Levant: Les Quatre Sièges d’Aïntab (1920–1921), Paris, Charles-Lavauzelle et Compagnie, 1922, p. 19, Gallica, Bibliothèque Nationale de France, Gallica — “Trades and Photographers in Ayntab”, Houshamadyan, այցելուած 7 Մայիս 2026-ին։ Աղբիւրը կը նշէ, թէ Հալաճեան ընտանիքը կը պատկանէր Այնթապի հայ աւետարանական համայնքին, Յովհաննէս Հալաճեան լուսանկարչութիւն սորված էր 1883–1884-ին, 1884-ին վերադարձած էր Այնթապ եւ յաջորդ տասնամեակին եղած էր քաղաքին միակ լուսանկարիչը։ Լուսանկարչատան տեղադրութեան համար տե՛ս Մուրատ Ուչաների՝ Այնթապի պատմական անտիպ քարտէսը, զոր ան տրամադրած է հեղինակին։
- [3] «Մաղտեսի» տիտղոսը, որ կը նշանակէ, թէ Ներսէս ուխտի գացած է Երուսաղէմ, կը յայտնուի Չամիչեան ընդարձակ գերդաստանի անդամներուն քով պահպանուած տոհմածառերուն մէջ, ներառեալ՝ Յակոբ Չամիչեանի թոռ Պարգեւ Չերչեանի եւ Ռահէլ Չամիչեանի որդիին՝ Ալպերթ Փափազեանի տոհմածառերը։ Ճորճ Չամիչեան Հայկ, Պարգեւ Չերչեանին ուղղուած 28 Յունուար 1975 թուակիր նամակի մը մէջ կը յիշէ, թէ իր մեծ հօր մեծ հայրը՝ Ներսէսը, Այնթապի առաջին հայերէն էր, որոնք « բողոքական դարձան 1853-ին»։ Ամերիկեան Պորտ-ի միսիոնար Պենճըմին Շնայտըր, 1853-ի Մայիսին Այնթապի մէջ գրած իր տեղեկագիրին մէջ կը նշէ, թէ բողոքական եկեղեցիին անդամներուն թիւը հասած է 700-ի, որոնց 38-ը միացած են այդ տարուան ընթացքին (Benjamin Schneider, «Report, Ayntab Station, May 1853», American Board of Commissioners for Foreign Missions, May 1853, p. 4, SALT Research, Identifier ABA001701366,
Գէորգ Ա. Սարաֆեան կը նկարագրէ Մեսրոպ եպիսկոպոսի կողմէ Աւետարանի ընթերցանութեան քաջալերումը եւ անոր արտօնութիւնը՝ հայատառ թրքերէն Աւետարաններ Այնթապ ներմուծելու (էջ 18–19), Մկրտիչ եպս. Շահանեանի ժամանումը 1853-ին եւ հետագային անոր հեռացումը Հայ Առաքելական Եկեղեցիէն՝ Այնթապի մէջ անկլիքան եկեղեցի հիմնելու համար (էջ 19), 1848-էն սկսեալ բողոքական համայնքին կազմաւորումը, սկզբնական աճը եւ անոր՝ առանձնատուներու մէջ պաշտամունք կատարելը (էջ 46–47), ինչպէս նաեւ Առաջին Բողոքական եկեղեցիին նուիրագործումը 1855-ին, վեր. Գարա Գրիգոր Յարութիւնեանի հրաւիրումը 1856-ին եւ Երկրորդ Բողոքական՝ Հայիկ եկեղեցիին հիմնադրութիւնը 1865-ին (էջ 47–48) (տե՛ս նաեւ Kevork A. Sarafian, A Briefer History of Ayntab, Boston, Union of the Armenians of Ayntab, 1957, HathiTrust Digital Library)։ - [4] Ընտանեկան յիշողութեամբ պահպանուած՝ Ուրմիայէն եւ Սպահանէն ընտանիքին ծագումը կը համապատասխանէ Պարսկաստանէն Երուսաղէմ հայոց ուխտագնացութեան աւելի լայն պատմութեան։ Այնթապը, իբրեւ Կիլիկիոյ կարեւոր քաղաքներէն մէկը եւ Պարսկաստանէն Երուսաղէմ տանող ցամաքային ճանապարհին վրայ գտնուող կեդրոն մը, հաւանաբար կարեւոր կանգառ մը եղած է հայ ուխտաւորներուն համար։
17-րդ դարու սկիզբին Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Գրիգոր Պարոնտէրը Երուսաղէմի ուխտագնացութիւնը վերածեց պաշտօնապէս կազմակերպուած հաստատութեան։ Պաշտօնական «նուիրակ»ներ հայկական համայնքներէ ուխտաւորներ կը հաւաքէին՝ Երուսաղէմ մեկնող կարաւաններուն միանալու համար։ Պարսկաստանէն Օսմանեան կայսրութեան տարածքով դէպի Երուսաղէմ տանող այս ճանապարհներուն վրայ ուխտաւորներու համար հանգրուաններ հաստատուած էին (տե՛ս Nir Shafir, “In an Ottoman Holy Land: The Hajj and the Road from Damascus, 1500–1800”)։
Ըստ Սարաֆեանի, պարսկահայ ուխտաւորներու Այնթապ կանգ առնելու աւանդոյթը կը հասնի մինչեւ 1700 թուականը, ներառեալ անոնցմէ մէկը, որ կը ճամբորդէր հայկական եկեղեցին վերակառուցելու արտօնութիւն ձեռք բերելու համար։ Ան հրաժարած է իր ուխտագնացութիւնը շարունակելէ, երեք եղբայրներ նոյնպէս ընդհատած են իրենց ճամբորդութիւնը՝ Այնթապի հայկական գերեզմանատունը ընդարձակելու համար (Sarafian, A Briefer History of Ayntab, p. 13)։ Ան կը յիշատակէ նաեւ Մուրատ Վարժապետեանի պատմական օրինակը, որ 1844-ին ընդհատած էր դէպի Երուսաղէմ իր ուխտագնացութիւնը եւ մնացած Այնթապ՝ քաղաքի առաջին դպրոցներէն մէկը հիմնելու համար (Sarafian, op. cit., p. 42)։
Ինչպէս Մեքքէ ուխտագնացութիւն (հաճ) կատարող իսլամ մը կը ստանար «Հաճի» կոչումը, Երուսաղէմէն վերադարձող հայ ուխտաւորը կը ստանար «Մաղտեսի» տիտղոսը (Պէյթ ալ-Մաքտես՝ Երուսաղէմ բառէն)։ Այս տիտղոսին կը հանդիպինք Այնթապի հայոց երեւելի անդամներու պարագային։ 1876-ին Այնթապի վերակառուցուած հայ առաքելական եկեղեցւոյ բացումը հովանաւորողներու շարքին էին Մահտեսի Ատուր Յակոբեան, Մահտեսի Ներսէս Պալեան եւ Մահտեսի Սարգիս Ուստա Ղատէհճեան (տե՛ս Ani Voskanyan, “Ayntab – Churches (Part I): The Armenian Apostolic Church”, Houshamadyan)։
Պարգեւ Չերչեանի տոհմածառը գերդաստանին առաջին ծանօթ նախահայրը կը ներկայացնէ իբրեւ «NERSES (HAJI) CHAMICHIAN ՆԷՐՍԷՍ (ՄԳՏՍԻ) [Mqdsi]: ՉԱՄԻՉԵԱՆ»՝ հայերէն «Մահտեսի» տիտղոսը անգլերէն բացատրելով «Haji»։ Ալպերթ Փափազեանի տոհմածառին մէջ ան կը յիշատակուի իբրեւ «MAKDESI NERSES of AINTAB»։ - [5] Պարգեւ Չերչեանին ուղղուած իր նամակին մէջ, Ճորճ Չամիչեան Հայկ կը վերաթուէ ընտանեկան աւելի հին աւանդութիւն մը, ըստ որուն՝ ընտանիքին ծագման վայրը Պարսկաստանի Ուրմիոյ շրջանն է. «Ինչ կը վերաբերի Չամիչեան անունին, շատոնց ինծի ըսուած է, թէ Չամիչեան ընտանիքը սկզբնապէս եկած է Պարսկահայքի Ուրմիոյ շրջանէն։ Բայց Չամիչեան անուններ գտած եմ նաեւ Իսթանպուլի մէջ...»։
Հեղինակին հետ գերդաստանին ծագման մասին անձնական զրոյցի մը ընթացքին Անի Չամիչեան նշած է, թէ հայրը՝ Ճամիլ Չամիչեան, իրեն պատմած է, որ գերդաստանը ծագումով Սպահանէն է եւ գաղթած ատեն իրեն հետ պիստակի տունկեր բերած է։
Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեան Լոռնա Թուրեան-Միլլըրի հետ 2 Մարտ 1984-ին կատարած հարցազրոյցին մէջ – որուն անտիպ, գրառուած օրինակը կը գտնուի հեղինակին մօտ – գերդաստանին ծագման վայրը պարզապէս «Իրան» կը նշէ։ Ան այս անձին մասին կը խօսի իբրեւ իր «մեծ հայրը», որ Ճըրճի Չամիչեանը պիտի ըլլար։
Ընտանեկան քանի մը վկայութիւններ նաեւ կը յիշատակեն թրքական հրատարակութիւն մը, ուր խօսք կայ Օհաննէս Չամիչեան անունով օսմանեան պաշտօնատարի մը մասին։ Եունիս Չամիչեան, իր «Origin of Chamichians» անտիպ ընտանեկան պատմութեան մէջ – որ Ճէյսըն Քելեճեանի տնօրինումով կը գտնուի հեղինակին քով – կը գրէ. «Ըստ 1968-ին թուրք ծերակուտականի մը հեղինակած թրքերէն գիրքին՝ Պարսկաստանի Ուրմիայէն Օհաննէս Չամիչեան անունով նշանաւոր պաշտօնատար մը [...] նշանակուած էր Կոստանդնուպոլսոյ օսմանեան կառավարութեան գանձային բաժանմունքին (թերեւս՝ Dairesi) մէջ երկրորդ բարձրագոյն պաշտօնին։ Շուրջ 1750-ին ան գործուղուած էր Այնթապ։ Քաղաքը շատ սիրելով՝ հաստատուած էր հոն»։ Dairesi օսմաներէնով կը նշանակէ «բաժանմունք» կամ «գրասենեակ»։
Ճորճ Չամիչեան Հայկ եւս կը յիշատակէ այս հրատարակութիւնը՝ գրելով. «Վերջերս թուրք ծերակուտական մը հայոց մասին վարկաբեկիչ գիրք մը հեղինակեց։ Հոն կը յիշատակէ Չամիչեան անունով օսմանեան բարձրաստիճան պաշտօնատար մը...»։ Ան կ’աւելցնէ, թէ «ամենայն հաւանականութեամբ՝ ան Իսթանպուլէն Այնթապ եկած էր պետական կապերով»։ - [6] Ակնէս Չերչեան-Ուորտ, հարցազրոյց Տէյվիտ Լուիս Քորթի հետ, Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա, Յունիս 2002։ Յիշելով, թէ Ներսէս Այնթապ եկած էր հող գնելու նպատակով, ան կ’ըսէ. «Գնել, գնել, գնել, գնել»։
Տե՛ս նաեւ Չամիչեան Հայկի նամակը. «Որքան գիտեմ, Չամիչեանները Այնթապի առաջին խոշոր հողատէրերն էին. ըսել կ’ուզեմ՝ քաղաքէն դուրս գտնուող հողերու»։ Իսկ Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեան 1984-ի իր հարցազրոյցին մէջ Ճըրճի Չամիչեանի մասին կ’ըսէ. «Ան շատ կալուածներ ու հողեր ունէր.... Շրջակայքի գիւղացիներուն հետ գործ կ’ընէր»։
Ակնէս Չերչեան-Ուորտ նաեւ կը յիշէր. «Ան ունէր եօթը այգի, իւրաքանչիւրը՝ խաղողի տարբեր տեսակով»։ Ակնէս նաեւ կը յիշէր, թէ իր մեծ հօր մեծ հայրը՝ Ներսէս, ծանօթ էր իբրեւ «Fıstık Padişahı՝ Պիստակի Թագաւոր» (Ակնէս Չերչեան-Ուորտի հետ հարցազրոյց, Յունիս 2002)։ Հայկ Չամիչեան եւս կը յիշէր, թէ իր մեծ հայրը «կը կոչուէր Fıstık Padişahı»։
Սարաֆեան կը նշէ, թէ Այնթապի շրջակայ բերրի հովիտները «կ’արտադրէին ամէն տեսակի համեղ խաղող, ընկոյզ եւ այլ ընդեղէն, յատկապէս պիստակ, որ շատերու համար հարստութեան աղբիւր էր» (Sarafian, A Briefer History of Ayntab, p. 10)։ - [7] Ճըրճի Չամիչեան կ’երեւի Հայիկի (Երկրորդ Բողոքական) եկեղեցիին աշխարհական ղեկավարներու խմբանկարին մէջ՝ վեր. Մանասէ Գ. Փափազեանի հետ (Գէորգ Ա. Սարաֆեան, Պատմութիւն Անթէպի Հայոց, Պոսթըն, 1953. վերահրատարակութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Անթիլիաս, 2013), էջ 509)։
Այնթապի Թրքական թաղին մէջ Չամիչեաններու տան վայրին համար տե՛ս Կրէյս Չաւուրի անձնական հաղորդակցութիւնը հեղինակին հետ, ինչպէս նաեւ Մուրատ Ուչաների՝ Այնթապի պատմական անտիպ քարտէսը, զոր ան տրամադրած է հեղինակին։
Աննալի Պասմաճեան եւս կը յիշէր, թէ իր քոյր-եղբայրներուն եւ հօրեղբօր՝ Ներսէսի ընտանիքին հետ կ’ապրէր մեծ տան մը մէջ։ Միաժամանակ ան կը պատմէր իր մեծ մօր այցելութիւններուն մասին, ինչ որ ենթադրել կու տայ, թէ ընդարձակ ընտանիքը մէկէ աւելի բնակարան ունէր (Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1984)։ - [8] Ակնէս Չերչեան-Ուորտ, հարցազրոյցներ Տէյվիտ Լուիս Քորթի հետ, Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա. Դեկտեմբեր 2001 (պիստակի բերքահաւաքի կարաւաններ) եւ Յունիս 2002 (ընտանեկան հողեր ու այգիներ, թաղի փաշաներուն տրուած ընթրիքներ եւ արժէքաւոր մատանին)։
Եթէ այլ կերպ նշուած չէ, Ակնէս Չերչեան-Ուորտի յիշողութիւնները կը համադրեն իր մանկութեան անձնական յուշերն ու ընտանիքին մէջ փոխանցուած պատմութիւնները, յատկապէս իր մօր՝ Ճեմիլէ Չամիչեան-Չերչեանի պատմածները։
Իր մօրական մեծ հօր՝ Ճըրճիի մասին խօսելով՝ Ակնէս կը յիշէր.
«Փաշան տոհմին մէջ մեծ մարդ մըն է։ Չեմ գիտեր՝ ինչպէ՛ս կ’ըսեն.... Ամէն պարագայի, ան յարգուած մարդ մըն էր։ Երբ ընթրիք տար, չորս-հինգ ոչխար կը մորթէին, գիտե՞ս։ Մեծ բակ մը կար, որուն մէկ մասը խոհանոցի պէս էր։ Կ’եռացնէին, կ’եփէին, կը խորովէին ինչ որ պէտք էր։ Եւ ամբողջ թաղին համար մեծ սեղաններ կը պատրաստէին։ Իրեն պէս փաշաները կու գային ընթրիքը վայելելու։ Այդ փաշաներէն մէկը մատանի մը տուած էր մեծ հօրս։ Մեծ, կանաչ [քարով] մատանի մը։ Քար մը ունէր, գիտե՞ս, չեմ գիտեր՝ ի՛նչ քար էր։ [Մատանին] ոսկիէ էր, բայց քարը շատ, շա՜տ արժէքաւոր էր։ Թանկարժէք քարերէն»։ - [9] Առկայ տուեալները ենթադրել կու տան, թէ Ճըրճի Չամիչեան ծնած էր հաւանաբար 1840-ականներու վերջաւորութեան, թերեւս՝ 1848–1850-ին։ Ճորճ Չամիչեան Հայկ կը յիշէր, թէ Ճըրճի մահացած էր 65 տարեկանին (Չամիչեան Հայկի նամակը), մինչ Ալպերթ Փափազեան անոր ծննդեան եւ մահուան թուականներ կը նշէ 1850–1914-ը (Albert Papazian, Chamichian Family Tree, ձեռագիր տոհմածառ, 1980, հեղինակին մօտ)։ Օտէթ Պապիկեան եւս կը յիշէր, թէ Ճըրճիի հայրը զինք քաջալերած էր կանուխ ամուսնանալու եւ կարճ ժամանակ ետք զաւակ ունենալու (Օտէթ Պապիկեան, բանաւոր հաղորդակցութիւն Ճէյսըն Քելեճեանի հետ, շուրջ 2010, նշումներ՝ հեղինակին մօտ)։
Յակոբ Չամիչեան հաւանաբար ծնած է 1866–1869-ի միջեւ։ 1888-ին ան արդէն ամուսնացած էր եւ զաւակ ունէր։ Այս տուեալները միասնաբար ենթադրել կու տան, թէ Ճըրճի եւ Աննա Տէօքմէճեան ամուսնացած էին 1860-ականներու կէսերուն կամ վերջաւորութեան, իսկ Յակոբ ծնած էր անկէ կարճ ժամանակ ետք։ 1884-ի ընտանեկան լուսանկարը, ուր Յակոբ երիտասարդ տղամարդու մը տեսքն ունի, կը համապատասխանէ այս ժամանակագրութեան։
Ըստ ընտանեկան առանձին յուշաբերութեան մը, Ճըրճիի հայրը՝ Մաղտեսի Ներսէս, Ճըրճիի ծնունդին ատեն կրնար շուրջ վաթսուն տարեկան եղած ըլլալ։ Եթէ այս յուշքը ճիշդ է, Ներսէսի ծնունդը կարելի է տեղադրել 1790-ականներուն (Պապիկեան, բանաւոր հաղորդակցութիւն)։ - [10] Անիցա Չամիչեանի ամուսինը Յակոբ Տէօքմէճեանն էր։ Տէօքմէճեաններէն բացի, Ճըրճի եւ Աննա Չամիչեաններու զաւակներուն հետ ամուսնութեամբ կապուած էին նաեւ Պիւլպիւլեան, Մարգարեան, Նազարեան, Ափոշեան, Պերեճիքլեան, Կիւզէնեան, Վասոյեան եւ Փափազեան ընտանիքները։
Ճըրճիի եւ Աննայի Ռահէլ դուստրը ամուսնացած էր Մովսէս Փափազեանի հետ։ Փափազեաններու տունը թէ՛ Չամիչեաններու եւ թէ՛ Տէօքմէճեաններու տուներէն ընդամէնը քանի մը թաղամաս հեռու կը գտնուէր։ Քանի որ հայ բողոքականները փոքրամասնութիւն կը կազմէին եւ քաղաքի այս մասին մէջ համեմատաբար քիչ հայեր կ’ապրէին, բնական էր, որ այսպիսի ընտանիքներ զիրար լաւ ճանչնային՝ թէ՛ թաղային կապերու եւ թէ՛ եկեղեցական կեանքի շնորհիւ։
Փափազեաններու տան վայրը ճշդուած է Մուրատ Ուչաների՝ Այնթապի անտիպ քարտէսին վրայ։
Մովսէս Փափազեան նաեւ յիշատակուած է Միլլէթ խան-ի վաճառականներու շարքին։ Սարաֆեան զայն կը ներկայացնէ իբրեւ «Բողոքական» նշուած ընդամէնը երեք անձերէն մէկը, մինչ քսանմէկ ուրիշներ նշուած են «Լուսաւորչական»։ Սա աւելի հաւանական կը դարձնէ, թէ ան նոյն Մովսէս Փափազեանն է, որ ամուսնութեամբ կապուած էր Չամիչեան ընտանիքին հետ (Սարաֆեան, Պատմութիւն Անթէպի Հայոց, էջ 311)։
Վեր. Մանասէ Գ. Փափազեան եղած է Հայիկ եկեղեցիին հովիւը, սակայն անոր եւ Մովսէս Փափազեանի միջեւ ճշգրիտ ազգականական կապը ցարդ փաստուած չէ։ - [11] Eunice Chamichian, Origin of Chamichians։ Եունիս կը պատմէ, թէ երբ Ճըրճիի առաջին որդին՝ Յակոբը ծնաւ, Ներսէս Չամիչեան «անմիջապէս մարդ մը ղրկեց Օրուլ կոչուած գիւղը՝ 200 արտավար հողի վրայ ձիթենի տնկելու, իբրեւ ծննդեան նուէր իր թոռան՝ Յակոբին»։ Օրուլը (ներկայիս՝ Sekili) կը գտնուի Այնթապէն շուրջ 31 քիլոմեթր հարաւ-արեւելք։
- [12] Տղամարդոց «սովորական տարազին» նկարագրութեան համար տե՛ս Sarafian, A Briefer History of Ayntab, p. 184 and p. 186. «Հասարակ ժողովուրդին մէջ տաբատները կը կոչուէին «tchatal aghaj» («ճիւղաւոր ծառ») կամ «setrak pantalon»»։
- [13] Այնթապի կրթուած եւ ունեւոր տղամարդոց մէջ արեւմտեան հագուստի որդեգրման, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ մէջ տաբատ հագնող տղամարդիկը գորգածածկ յատակին փոխարէն պատերուն երկայնքով դրուած նստարաններուն վրայ նստեցնելու սովորութեան մասին տե՛ս Sarafian, A Briefer History of Ayntab, p. 186։
- [14] Անյստակ մէկ տառի ընթերցումէն կախեալ՝ արձանագրութիւնը կը թուի կարդացուիլ ال كاتب ياخوب چامچيان (al-kātib Yākhūb, «Գրագիրը՝ Յակոբ»), կամ թերեւս ا ل كاتب ياقوب (al-kātib Yāqūb)։ Թէեւ մականունին քանի մը տառերը աղօտ են, տեսանելի چا ــــ ن տառաշարքը կը համապատասխանէ Չամիչեան ընթերցումին։
Յակոբի օսմաներէն արձանագրութիւնը կը թելադրէ, որ իր կրտսեր եղբօր՝ Լուտերի նման, ան հաւանաբար յաճախած էր Կեդրոնական Թուրքիոյ Գոլէճի Նախապատրաստական բաժինը, ուր օսմաներէնը գլխաւոր առարկաներէն մէկն էր՝ շաբաթական հինգ կամ վեց դասաժամով։ Արդէն եօթներորդ դասարանէն – որ համարժէք էր մօտաւորապէս տասներորդ դասարանին – աշակերտները պաշտօնական գրաւոր լեզուն խորացուած կ’ուսանէին։ Ուսումնական ծրագիրը կը ներառէր Mesâlik-i Edebiyyât-ı Osmaniyye («Օսմանեան գրականութեան սկզբունքները»), Ṣarf-ı Osmanî (Mutavvel)՝ օսմաներէնի ընդարձակ քերականական ձեռնարկ մը, եւ Mihri-ի Usûl-i Kitâbet («Գրելու սկզբունքները»), որ կը շեշտէր գեղագրութիւնն ու շարադրութիւնը։ Աշակերտները նաեւ կը ծանօթանային պարսկերէն եւ արաբերէն բառապաշարին ու քերականական կառոյցներուն, որոնք գրական օսմաներէնի յատկանիշներէն էին։ Ըստ Կեդրոնական Թուրքիոյ Գոլէճի 1880 եւ 1901 թուականներու ցուցակներուն, ուսուցումը կը շարունակուէր նախապատրաստական բոլոր տարիներուն՝ քերականութենէն, շարադրութենէն եւ թարգմանութենէն աստիճանաբար անցնելով դէպի աւելի բարձր մակարդակի գրական ուսումնասիրութիւն։ Գոլէճի բաժին անցնող աշակերտները հետագային նաեւ կը սորվէին կազմել իրաւական եւ այլ պաշտօնական փաստաթուղթեր՝ պատրաստուելով ուշ օսմանեան շրջանի մասնագիտական կեանքին (Central Turkey College, Catalogue of the Central Turkey College at Aintab, Vilayet of Aleppo, Turkey in Asia, 1880–81, p. 11–13; Catalogue of the Central Turkey College at Aintab, Vilayet of Aleppo, Turkey in Asia, Constantinople, Press of H. Matteosian, Bible House, 1901, p. 25–26)։ - [15] «Ֆէսը գլխուն վրայ կրելու ձեւը քիչ թէ շատ կը մատնանշէր անձին բնաւորութիւնը կամ դիրքը։ Աւելի լուրջ մարդիկը՝ դասախօսներ, եկեղեցական հովիւներ կամ աշխարհիկ կեանքէ հոգեւոր կեանքի դարձած անձեր, ֆէսը կը կրէին ուղիղ՝ ճակատին շարունակութեան պէս։ Քիչ մը ցուցամոլ կեցուածք ունենալ ուզողները զայն մէկ կողմ ու առաջ կը թեքէին՝ ծոպը դիմաց կախուած։ Ուսանողներուն մեծ մասը ֆէսը գլխուն գագաթին կը կրէր՝ քիչ մը մազ կամ ճակատամասի փունջ (kenkil) դիմացէն երեւցնելով։ Իսկ «kabadayi»-ն՝ իսկական աշխարհիկ տիպարը, ֆէսը կը կրէր գլխուն ետեւը՝ ծոպը օդին մէջ ճօճելով» (Sarafian, A Briefer History of Ayntab, p. 185)։ Kenkil-ը կրնայ ներկայացնել թրքերէն kâkül բառը՝ ճակատին վրայ ինկող մազափունջ։ Kabadayı-ն օսմաներէն թրքերէն եզր մըն էր՝ ինքնավստահ, կռուարար թաղային «ուժեղ տղու» մը իմաստով։
- [16] Ակնէս Չերչեան-Ուորտի հետ հարցազրոյց, Յունիս 2002։
- [17] Հայկանուշ Մարգարեան ծնած էր 1870-ին (Պարգեւ Չերչեանի ընտանեկան տոհմածառի ձեռագիր), Հալէպի մէջ, երբ իր հայրը հոն կը ծառայէր իբրեւ հովիւ (Հայկ Չամիչեանի նամակը)։ Ան հաւանաբար մեծցած էր Այնթապի Երրորդ Աւետարանական՝ Ալայ Պէյի եկեղեցիի համայնքին մէջ, ուր իր հայրը ծառայեց իբրեւ հիմնադիր հովիւ 1878-էն 1893։ Եկեղեցին պաշտօնապէս կազմակերպուեցաւ 1879-ին։ Ծագումով ատանացի վեր. Կարապետ Մարգարեան Մարաշի Աստուածաբանական Ճեմարանի շրջանաւարտ էր։ Սարաֆեան զայն նկարագրած է իբրեւ «բարձր կրթութիւն ստացած եւ պերճախօս քարոզիչ»։ Ան նաեւ պատմութիւն դասաւանդած է Կեդրոնական Թուրքիոյ Գոլէճին մէջ 1881–1887-ին։ Հայկանուշի որդին՝ Ճորճ Հայկ, հետագային զայն կը յիշատակէր իբրեւ «իմ մօրական մեծ հայրս՝ պատուելի Կարապետ Մարգարեան», եւ կը գրէր. «Հայրս վեց զաւակ ունէր՝ հինգը Հայկանուշ Մարգարեանէն (պատուելի Կարապետ Մարգարեանի դուստրը)։ Մայրս ծնած էր Հալէպ, երբ իր հայրը հոն հովիւ էր։ Պատուելի Մարգարեան Ատանայէն էր» (Պարգեւ Չերչեան, ընտանեկան տոհմածառի անտիպ ձեռագիր, հեղինակին մօտ։ Sarafian, A Briefer History of Ayntab, p. 50, 60։ Հայկ Չամիչեանի նամակը(։
- [18] Ընտանիքի անդամները Jemilé անունը կ’արտասանէին «Ճէ-ՄԻԼ-է» (արեւմտահայերէն՝ Ճեմիլէ)։ Հեղինակը կը յիշէ, որ աւագ ազգականները զինք կը սրբագրէին, երբ անունը կ’արտաբերէր արաբերէն արտասանութեամբ՝ «Ճա-ՄԻ-լա»։
- [19] Ani Voskanyan, “Ayntab – Schools (Part 4): Armenian Evangelical Schools”, Houshamadyan, այցելուած 7 Մայիս 2026-ին։
- [20] Sarafian, A Briefer History of Ayntab, p. 2.
- [21] Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1984։
- [22] “Ayntab – The Periodical Press”, Houshamadyan, այցելուած 7 Մայիս 2026-ին։
- [23] Ani Voskanyan, “Ayntab – Schools (Part 4): Armenian Evangelical Schools”։ Հեղինակը կը նշէ, թէ հայ աւետարանական դպրոցները 1890-ականներուն սկսան հայատառ թրքերէն դասագիրքերը փոխարինել հայերէն դասագիրքերով։ Սակայն այս փոփոխութիւնը համընդհանուր չէր։ Կեդրոնական Թուրքիոյ Գոլէճը (Ամերիկեան Գոլէճը), որ աւելի լայն աշակերտական շրջանակի կը ծառայէր, թրքերէնը պահեց իբրեւ պաշտօնական լեզու։ 1906-ի ցուցակն ու 1910-ի տեղեկագիրը կը նշեն, թէ «Գոլէճին պաշտօնական լեզուն թրքերէնն է» եւ կը յայտնեն, որ առարկաներուն մեծ մասը կը դասաւանդուի թրքերէնով, իսկ հայերէնն ու անգլերէնը կը գործածուին սահմանափակ պարագաներու (General Catalogue of Central Turkey College, Ayntab, Turkey-in-Asia (1906), p. 24։ Bulletin of Central Turkey College at Ayntab, Turkey-in-Asia (1910), p. 27)։
- [24] Պարգեւ Չերչեան կը յիշէր, որ իր հայրը՝ Յովսէփ Չերչեան, 1920-ականներուն Հալէպի մէջ Աստուածաշունչ կը վաճառէր: Այդ Աստուածաշունչները գրուած էին այն լեզուով, զոր ինք կը նկարագրէր իբրեւ «թրքերէն՝ հայկական տառերով»։ «Զայն հայերէն-թրքերէն կը կոչեն», կը բացատրէր ան (Պարգեւ Չերչեան, հարցազրոյց Տէյվիտ Լուիս Քորթի հետ, Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա, 1996)։
Պարգեւ Չերչեանի յիշած հայերէն-թրքերէն Աստուածաշունչները մաս կը կազմէին հայատառ տպուած բողոքական գրականութեան աւելի լայն ժառանգութեան, որ լայնօրէն գործածուած էր Օսմանեան կայսրութեան հայ բողոքականներուն կողմէ։ Կար հայատառ թրքերէն բողոքական երգարան մը՝ İlahiler (Constantinople, H. Madteosian Press, 1923), որ կը պահուի ARIT / SALT Research-ի Armeno-Turkish Editions of Books հաւաքածոյին մէջ։ Թէեւ գիրքը լոյս տեսած է պատերազմէն ետք, ան կը ներկայացնէ հայ աւետարանական համայնքներուն մէջ օգտագործուող նիւթերուն տեսակները։ Բովանդակութիւնը կը բացայայտէ համայնքին յատուկ բողոքական շեշտադրումները՝ Աստուածաշունչին (Kitab-ı Mukaddes), Յիսուսի հետ հաղորդակցութեան (İsa ile müşareket), անձնական հաւատքին (Müminin ahvali) եւ ապաշխարութեան (Tevbe) նուիրուած երգերով։ Այլ բաժիններ կը վերաբերին կիրակնօրեայ դպրոցին, մկրտութեան, Տիրոջ վերջին ընթրիքին եւ եկեղեցւոյ կեանքին։ Բովանդակութեան ցանկին մէջ երբեմն պահպանուած են նաեւ հայերէն եզրեր։ Յիսուս Քրիստոսի նուիրուած բաժինը, օրինակ, վերնագրուած է Hisous Krisdos (Յիսուս Քրիստոս) եւ ոչ թէ թրքերէն İsa Mesih, իսկ Giragi mektebine mahsus («Կիրակնօրեայ դպրոցին յատուկ») արտայայտութիւնը կը միացնէ հայերէն Կիրակի բառը թրքերէն բառազոյգի մը հետ։ - [25] Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1984։
- [26] Ani Voskanyan, “Ayntab – Schools (Part 4): Armenian Evangelical Schools”.
- [27] Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի՝ 1984-ին Լոռնա Թուրեան-Միլլըրի հետ կատարած հարցազրոյցին մէջ կը յիշուի, որ Ճեմիլէ կը դասաւանդէր «որբանոցին մէջ», մինչ 1977-ին Միհրան Պասմաճեանի եւ Սու Պասմաճեանի կատարած աւելի հին ձայնագրուած հարցազրոյցը ընդհանուր կերպով կը խօսի «դպրոցին մէջ» դասաւանդելու մասին։ Տոնալտ Ըրլ Միլլըրի եւ Լոռնա Թուրեան-Միլլըրի “Survivors: An Oral History of the Armenian Genocide, Berkeley, University of California Press, 1993” աշխատութեան մէջ Աննալիի ծննդեան տարի նշուած է 1898-ն (էջ 206)։ Սա հաւանական կը դարձնէ, որ անոր աւագ քոյրը՝ Ճեմիլէն, արդէն աւարտած էր դպրոցը եւ սկսած էր դասաւանդել, երբ Աննալի եւ անոր կրտսեր եղբայր Ճորճը տակաւին նախակրթարանի դասարաններուն մէջ էին։
Ամենէն բնական մեկնաբանութիւնը այն է, որ Ճեմիլէ կը դասաւանդէր Այնթապի որբանոցներէն մէկուն կից դպրոցի մը մէջ։ Ուշ օսմանեան շրջանին, Այնթապի մէջ կային քանի մը որբանոցներ, ներառեալ՝ վեր. Յարութիւն Հալաճեանի 1876-ին հիմնած Հալաճեան որբանոցը եւ օրիորդ Ֆրիըրսընի 1897-ին հիմնած Ֆրիըրսըն որբանոցը (Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեան, հարցազրոյց Միհրան Պասմաճեանի եւ Սու Պասմաճեանի հետ, 1977, Տէյվիտ Լուիս Քորթի պատրաստած գրառուած տարբերակ՝ Սու Պասմաճեանի տրամադրած ձայնագրութենէն, հեղինակին մօտ։ Sarafian, A Briefer History of Ayntab, p. 57–59)։ - [28] Chavoor communication; Uçaner map.
- [29] Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1984։
Այս հատուածը կը թելադրէ, որ Չամիչեանները մէկէ աւելի բնակարան կը պահէին։ Նման կարգադրութիւններ, ըստ երեւոյթին, անսովոր չէին Այնթապի ունեւոր հայ ընտանիքներուն մէջ։ Գայաճըքի մէջ հայապատկան տուներու Իւմիթ Քուրթի քարտէսը կը ներկայացնէ բազմաթիւ օրինակներ, ուր ազգական ընտանիքներ կ’ապրէին իրարու կից սեփականութիւններու մէջ, մինչ Մուրատ Ուչաների անտիպ քարտէսագրական հետազօտութիւնը նման երեւոյթներ կը մատնանշէ Գոզանլըի (Սողանլը Պուչաղի, Soğanlı Bucağı) մէջ (Ümit Kurt, The Armenians of Ayntab: The Economics of Genocide in an Ottoman Province, Cambridge, Mass., Harvard University Press, 2021, p. xvi–xvii։ Uçaner map։ Մուրատ Ուչաներ, անձնական հաղորդակցութիւն հեղինակին հետ)։ - [30] Աննալիի վերյիշումները կը նկարագրեն աշխարհ մը, ուր հայերն ու թուրքերը երբեմն կը բաժնէին ընկերային շրջանակներ եւ անձնական յարաբերութիւններ։
«Կը բնակէինք խառն թաղամասի մը մէջ», կը յիշէր ան, թէ՛ հայ եւ թէ՛ թուրք «հարուստ մարդոց՝ «պէյ»երու ապրած փողոցին վրայ»։ Թաղամասի ունեւոր կիներուն մասին ան կը յիշէր, որ «իրարու տուն կ’այցելէին։ Բոլորն ալ գեղեցիկ տուներու մէջ կ’ապրէին եւ կարգով իրարու այցելութեան կ’երթային»՝ աւելցնելով, թէ «անոնցմէ ոմանք թուրք էին»։ Իր հօրեղբօր հարսանիքին ալ, թէեւ հիւրերուն մեծ մասը հայ էր, թուրք հիւրեր եւս կային՝ «մէկ-երկու դրացի»։ Ընտանիքին ագարակներուն մէջ աշխատող թուրք գործաւորներ երբեմն գիւղէն վերադառնալու ատեն գիշերը Չամիչեաններուն տունը կը մնային։ Այդ գործաւորներէն մէկը՝ «շատ լաւ մարդ» մը, որ ծանօթ էր «Պելլէ Էֆենտի» անունով, «շատ ժամանակ կ’անցընէր մեծ հօրս հետ խօսելով»։
Միեւնոյն ժամանակ Աննալի կը խօսէր հայոց անհաւասար եւ յաճախ անապահով դիրքին մասին՝ նշելով, թէ «թուրքերը կ’իշխէին, իսկ հայերը առանձին թաղամասերու մէջ կ’ապրէին»։
Իր մեծ հօր՝ Ճըրճիի մահը յիշելով՝ ան կը բացատրէր. «Քանի որ մեծ հայրս հարուստ էր եւ մարզուած ջորիներ ունէր, կառավարութիւնը ուզեց զանոնք։ Զայն վախցուցին եւ պնդեցին, որ պիտի տանին։ Ան տուն վերադարձաւ շատ յուզուած ու վախցած եւ, մինչ հօրեղբօրս հետ կը խօսէր, սրտի տագնապ ունեցաւ ու մահացաւ։ Շատ կը վախնայինք թուրքերէն։ Երբ բարկանային՝ զէնքերով մեզ կը վախցնէին։ Երբեմն պարզապէս կը դողայինք զանոնք տեսնելով... Երբ խռովութիւններ ըլլային, թուրքերը կու գային ու մեր տան առջեւ կը նստէին, որ երբ հրամանը գար՝ ներս մտնէին ու մեզ կողոպտէին։ Մեր աչքին առջեւ մեզ կը վախցնէին»։ Աննալիի յուշերը կը թելադրեն, որ իր ապրած աշխարհին մէջ հայերն ու թուրքերը իրարու հետ կը շփուէին իբրեւ դրացի, այցելու եւ բարեկամ, սակայն հայերը միաժամանակ գիտակից էին իրենց խոցելի դիրքին եւ երբեք ամբողջովին չէին ազատեր բռնութեան վախէն (Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1984)։ - [31] Ակնէս Չերչեան-Ուորտի հետ հարցազրոյց, Յունիս 2002։
- [32] «Այնթապի տուները կառուցուած էին արեւելեան ոճով՝ կեդրոնական բաց բակի մը շուրջ շարուած սենեակներով։ Շատ յաճախ մօտ ազգականներ նոյն բակին մէջ կ’ապրէին՝ իւրաքանչիւր ընտանիք զբաղեցնելով մէկ սենեակ կամ առանձին բաժին մը։ Երկյարկանի տուներն ալ սովորական էին։ Այդպիսի տուներու առաջին յարկը կը գործածուէր իբրեւ մառան կամ պահեստ։ Խոհանոցն ու արտաքնոցները, որոնք բոլոր ընտանիքները միասնաբար կը գործածէին, միշտ կը գտնուէին բակին ամենահեռու ծայրը.... Իւրաքանչիւր ընտանիքի զբաղցուցած բաժինը հիմնականին մէջ կը բաղկանար բնակելի սենեակէ մը, ներքին մեծ պահեստէ մը՝ խազնա, եւ մառանէ մը՝ քիլար կամ պոտուրում» (Sarafian, A Briefer History of Ayntab, p. 189)։
- [33] Պարգեւ Չերչեան հետագային կը յիշէր, թէ Այնթապի Չերչեաններու տան բակը, ուր Ճեմիլէ Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն ժամանակաւոր դպրոց մը կազմակերպած էր, «սալապատ չէր», այլ ունէր հողէ յատակ, ուր երեխաները կը քալէին շարքով, մինչ ան կ’երգէր՝ քայլքին կշռոյթը պահելու համար։ Այս տարբերութիւնը կրնայ արտացոլել այն իրողութիւնը, որ Ճեմիլէ ծնած էր համեմատաբար ունեւոր Չամիչեան ընտանիքին մէջ, իսկ ամուսնութեամբ մտած էր աւելի համեստ Չերչեան ընտանիքին յարկը (Պարգեւ Չերչեան, հարցազրոյց Տէյվիտ Լուիս Քորթի հետ, Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա, 1997)։
- [34] Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1977։
- [35] Էնտրու Կրեկըրի, անձնական հաղորդակցութիւն հեղինակին հետ, Դեկտեմբեր 2024։ Էնտրու կը յիշէր այն կերակուրները, որոնք իր մայրը՝ Հռութ Չերչեան-Կրեկըրի, սորված էր իր մօրմէն՝ Ճեմիլէէն։ Հռութի դուստրը՝ Քրիսթին Կրեկըրի, հեղինակին հետ Յունիս 2026-ի անձնական հաղորդակցութեան ընթացքին հաստատած է այս յիշողութիւնները։
Պամիայի համար ընտանիքին մէջ գործածուող «bammer» ծածկանունը յիշած են Արփի Չերչեան-Քորթ եւ Էնն Չերչեան-Հաուս՝ հեղինակին հետ Յունիս 2026-ի անձնական հաղորդակցութիւններուն ընթացքին։ - [36] Ակնէս Չերչեան-Ուորտի հետ հարցազրոյց, Յունիս 2002։
- [37] Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1984։
Պասթըրման աղադրուած եւ չորցուած տաւարի միս է, իսկ երշիկը սուճուխի՝ համեմուած չոր միսի հայկական անուանումն է։ Պարգեւ Չերչեան կը յիշէր, թէ Այնթապը յայտնի էր իր պասթըրմայով եւ սուճուխով, իսկ Ակնէս Չերչեան-Ուորտ հետագային սուճուխը, այս պարագային անոր քաղցրաւենիքի տեսակը (շարոց, րոճիկ), կը յիշէր իբրեւ Նոր տարուան առիթով երեխաներուն տրուող հրամցուքներէն մէկը։ (Պարգեւ Չերչեանի հետ հարցազրոյց, 1997։ Ակնէս Չերչեան-Ուորտ, անձնական հաղորդակցութիւն հեղինակին հետ, շուրջ 1998)։ - [38] Ակնէս Չերչեան-Ուորտ, հարցազրոյց Տէյվիտ Լուիս Քորթի հետ, Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա, Յունիս 2003։
- [39] Ակնէս Չերչեան-Ուորտի հետ հարցազրոյց, Յունիս 2002։
- [40] Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1984։
- [41] Հոս նկարագրուած վայրը կը հետեւի Մուրատ Ուչաների առաջարկած սրբագրութեան՝ հիմնուած երկար տարիներ հոն ապրած բնակիչներու եւ շրջանին ծանօթ շառաւիղներու հետ կատարուած հարցազրոյցներուն վրայ։ Ըստ այդ սրբագրութեան, Աղամըն Գապալթը-ն կը գտնուէր մէկ թաղամաս արեւելք՝ Գէորգ Ա. Սարաֆեանի «Պատմութիւն Անթէպի Հայոց» աշխատութեան քարտէսին վրայ նշուած վայրին հետ բաղդատած (Գէորգ Ա. Սարաֆեան, Պատմութիւն Անթէպի Հայոց, Պոսթըն, 1953. վերահրատարակութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Անթիլիաս, 2013. քարտէսը պատրաստած է Գէորգ Հ. Պարսումեան, գծագրած՝ Կարապետ Հ. Նազարեան, Հալէպ, Յունիս 1952։ Նաեւ՝ Ուչաների հետ հաղորդակցութիւն)։
Սիմոնեանի 1883 թուականի քարտէսը կը ներկայացնէ Ուզուն Չարշըն (Երկար Շուկայ)` Միջնաբերդի մօտակայքէն մինչեւ Արասա տարածուող անընդհատ ստուերածածկումով, ինչ որ կ’ենթադրէ շուկայի փողոցին մեծ մասը պատսպարող ծածկերու առկայութիւնը (Nigoghos Simonian, Ayntab, քարտէս, 1883, Staatsbibliothek zu Berlin, resolver.staatsbibliothek-berlin.de/SBB0003497200000000): - [42] Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1984։
- [43] İbrahim Alisinanoğlu, «Tufa (Tuffa) Hamamı», Gaziantep Miş Miş Facebook խումբ, 1 Սեպտեմբեր 2019, այցելուած 8 Յունիս 2026-ին։ Աղբիւրը կը նշէ, թէ ուշ օսմանեան շրջանին միասնաբար բաղնիք կը յաճախէին թէ՛ իսլամ եւ թէ՛ ոչ-իսլամ բնակիչներ։
Տե՛ս նաեւ՝ Tülay Karadayı Yenice and Meltem Ararat, “Turkish Bath Tradition: The Example of Gaziantep, Turkey”, International Journal of Intangible Heritage, # 17 (2022), p. 197–210, ուր կը նշուի, թէ ոչ-իսլամ բնակիչները ընդհանրապէս կը գործածէին Կազիանթէպի Քէյվանպէյ (Keyvanbey) եւ Հիւսեյն փաշա (Hüseyin Pasha) բաղնիքները։ - [44] Sarafian, A Briefer History of Ayntab, p. 180–183.
- [45] Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1977։
- [46] Ճորճ Չամիչեան Հայկ հետագային Հայիկ եկեղեցին նկարագրած է իբրեւ մեծ, քարաշէն սրբավայր մը՝ վերնատուներով, բարձր գմբէթով, կարմիր մարմարէ ամպիոնով, պատուելիի բեմին վրայ մուգ կարմիր թաւշեայ ծածկոցով եւ Եէյլի Աստուածաբանական դպրոցի ուսանողներուն նուիրած պատի ժամացոյցով։ Եկեղեցիի ներքին տարածքին՝ կործանումէն առաջ եւ ետք պահպանուած լուսանկարները կը հաստատեն իր նկարագրած բարձրադիր բեմը, կամարազարդ խորապատկերը, բազրիքը եւ ժամացոյցը։ Ան նաեւ կը նկարագրէ Աստուածաշունչի ընթերցումը, աղօթքը, երգեհոնով ուղեկցուող միասնական երգեցողութիւնը, քարոզները եւ օրհնութիւնը՝ իբրեւ պաշտամունքի սովորական բաղադրիչներ։ Ըստ անոր յուշերուն, կանոնաւոր պաշտամունքները կը սկսէին կէսօրէ ետք ժամը երեքին, թէեւ Աննալի կը յիշէր նաեւ Սուրբ Ծննդեան եւ Զատկուան օրերուն լուսաբացէն առաջ կատարուող պաշտամունքները։
Ալիս Շեփըրտ Ռիկս (Alice Shepard Riggs), նկարագրելով 1907-ի յոբելենական պաշտամունք մը, կը յիշէ «փոքր, պահարանաձեւ երգեհոն» մը, ինչպէս նաեւ պաշտամունքի՝ ըստ սեռի առանձին նստած մասնակցողները՝ բազրիքով բաժնուած գորգածածկ յատակին վրայ։ Հիւրընկալները կը պահէին միջանցքը՝ վերնատուներուն տակ «կարմիր ֆէսերու ծովի» եւ «սեւ մետաքսէ չարշաֆներու կամ փողոցային քօղերու» միջեւ (George E. Haig [George Chamichian Haig]:, «The Last Service», Ararat (Summer 1980), p. 9, fliphtml5.com/fqpe/qipr/Ararat_1980_Quarter_3/: Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1977։ Alice Shepard Riggs, Shepard of Ayntab (New York, Interchurch Press, 1920), p. xiv, HathiTrust Digital Library, babel.hathitrust.org/cgi/pt: - [47] Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1984։
- [48] Նոյն տեղը։
- [49] Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1977։
- [50] Sarafian, A Briefer History of Ayntab, p. 192–194.
Պարգեւ Չերչեան 2003-ին Կլենտէյլի մէջ հեղինակին համար գծած Այնթապի աւանդական տան մէկ ուրուագիծին վրայ այս կառոյցը նշած է «TONIR թոնիր» անունով։
Սարաֆեան կը գործածէ «թանտուր կամ թոնիր, կամ քուրսի» անուանումները։ - [51] Սարաֆեան կը նշէ, թէ երբ վեց կամ աւելի հոգիի ոտքերն ու սրունքները նոյն վերմակին տակ կը հաւաքուէին, շատ հաւանական էր «ոտքերու բարեկամական շփում» մը, մանաւանդ եթէ «դրացիին գեղեցիկ աղջիկը պատահաբար թոնիրին շուրջ նստած ըլլար»։ Ան կատակով կը նկատէ. «Ո՞վ կրնար փաստել, թէ այդ շփումները միտումնաւո՞ր էին, թէ՞ պատահական» (Sarafian, A Briefer History of Ayntab, p. 194)։
- [52] Խոճայի պատմութիւնները՝ Նասրէտտին Խոճայի հետ կապուած զուարճալի պատումները, ընտանեկան կեանքին մասը մնացին նոյնիսկ ընտանիքին Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէն շատ տարիներ ետք։ 1980-ականներուն Ճեմիլէի զաւակները՝ Ակնէս, Պարգեւ, Փօլ եւ Հելէն, տակաւին կը հաւաքուէին «հայկական սեղան»-ի շուրջ եւ հայերէնով կը պատմէին Նասրէտտին Խոճայի ու Խելօք Դաւիթի պատմութիւնները, մինչ երիտասարդ սերունդները լողաւազանին մօտ նստած՝ անգլերէն կը խօսէին։ Ընտանիքին հաճելի պատմութիւններէն մէկը «Խոճան եւ կաթսան» էր. Խոճան կը համոզէ իր դրացին, թէ փոխ առած կաթսան նախ «ծնած» է, իսկ հետագային՝ «մեռած» (հեղինակին յիշողութիւնը ընտանեկան հաւաքոյթներէն, 1980–1990-ականներ)։ Պարգեւ Չերչեան հետագային կը յիշէր նաեւ Հալէպի ձմեռնային երեկոները՝ թոնիրին շուրջ կծու ընկոյզի անուշ ուտելով։ Մանկութեան մէկ դրուագին, մեծերը ընդօրինակելու փափաքով ան ամբողջ ընկոյզ մը մէկ անգամէն կուլ տուած է եւ քիչ մնացած է որ խեղդուի (Պարգեւ Չերչեան, անձնական հաղորդակցութիւն հեղինակին հետ, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, 1998)։ Չամիչեաններու ժառանգները մինչեւ այսօր սուրճը ճեզվէով կը պատրաստեն՝ մատուցելէ առաջ երեք անգամ բարձրացնելով։ «Կ’ըսեն՝ այդպէս լաւ պատրաստուած կ’ըլլայ», կ’ըսէր Հելէն։ Անոնք նաեւ կը հետեւին, որ իւրաքանչիւր գաւաթի մէջ քիչ մը սուրճի փրփուր ըլլայ (Հելէն Չերչեան-Միսիրեան, անձնական հաղորդակցութիւն հեղինակին հետ, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, 2003)։
- [53] Ակնէս Չերչեան-Ուորտ, անձնական հաղորդակցութիւն հեղինակին հետ, շուրջ 1998։ «Gaghandos! Bastuk, sejuk, verinler!» արտայայտութիւնը մօտաւորապէս կարելի է թարգմանել՝ «Կաղա՜նդ։ Պաստըխ ու սուճուխ տուէ՛ք մեզի»։ Պահպանուած այս հատուածը կը ցոլացնէ հայերէնի եւ թրքերէնի այն խառնուրդը, որ առկայ էր Այնթապի առօրեայ խօսակցութեան մէջ։ Gaghandos-ը կու գայ հայերէն «Կաղանդ» բառէն՝ Նոր Տարի իմաստով։ Bastuk-ը խաղողի հիւթէն պատրաստուած բարակ, թերթանման քաղցրեղէն է (թրքերէն՝ pestil), իսկ sejuk-ը այս պարագային նոյնպէս քաղցրեղէն մըն է (շարոց, րոճիկ)։
- [54] Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1984։
- [55] Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1977։
- [56] Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1984։
- [57] Պարգեւ Չերչեան, անձնական հաղորդակցութիւն հեղինակին հետ, շուրջ 2005։ Ան կը նկարագրէ Այնթապի Զատկուան եռօրեայ տօնակատարութիւնը եւ կը յիշէ, թէ ընտանիքները ճամբու ընթացքին լէպլէպու՝ բոված սիսեռ, եւ ընդեղէն կը ճաշակէին։ Սարաֆեան կը նշէ, թէ Զատկուան երկրորդ օրը՝ Մեռելոցը, յատկացուած էր գերեզմանատուն այցելութեան, իսկ երրորդ օրը աւանդական խնճոյքի եւ դաշտագնացութեան օրերէն էր։ Այլ տեղ մը, ան կը նկարագրէ ընտանեկան դաշտագնացութիւնները դէպի Գաւաքլըք. մարդիկ իրենց հետ կը տանէին «հաց, քահքէ եւ պանիր», առուակին մօտ կը ճաշէին եւ ջուրի եզերքին աճող երիցուկ կը հաւաքէին (Sarafian, A Briefer History of Ayntab, p. 209)։ Ըստ Արփի Չերչեան-Քորթի՝ Սարաֆեանի քահքէն կը համապատասխանէ ընտանիքին գործածած քահքէ բառին, որ չէօրէկի մէկ ուրիշ անուանումն էր։ Ան նաեւ կը յիշէր, որ իր մայրը երիցուկ կը հաւաքէր՝ թէյ պատրաստելու համար։ Ընտանիքին մէջ երիցուկը ծանօթ էր պապունէժ անունով (Արփի Չերչեան-Քորթ, անձնական հաղորդակցութիւն հեղինակին հետ, Յունիս 2026)։
- [58] Այս բաժինին մէջ նկարագրուած վայրերն ու երթուղիները հիմնուած են Այնթապի Պարսումեան–Նազարեան քարտէսին վրայ։ Մուրատ Ուչաներ կը նշէ, թէ պաշտօնապէս Պալըքլը Չարշըսը (Balıklı Çarşısı, «Ձկնառատ շուկայ») կոչուող թաղամասը տեղական բարբառով սովորաբար կը կոչուէր Պալըքլիկան (Balıklıgan)։ Անունը ծագած էր աղբիւրէ սնուող աւազանէ մը, ուր ժամանակին ձուկեր կը լողային։ Թաղամասէն անցնող ճամբան ծանօթ էր իբրեւ Պալըքլիկան Եոլու («Ձուկի շուկայի ճամբայ») (Murad Uçaner, Hafızasını Kaybeden Kent: Antep, Ankara, Dipnot Yayınları, 2021, sayfa 114–116)։
- [59] Սարաֆեան Գաւաքլըքը այսպէս կը նկարագրէ. «Գաւաքլըքը շատ զով եւ ստուերոտ վայր մըն էր, ուր առուակ մը ոլորապտոյտ կ’անցնէր, իսկ անոր երկու կողմերը կանաչութիւն կը տարածուէր՝ ստեղծելով դաշտագնացութիւններու համար իտէալական վայր մը։ Երեխաներուն համար ան դրախտին ամենամօտ բանն էր։ Բնութեան անխառն վայելքին եւ գարնանային առաւօտեան կազդուրիչ օդին համար բազմաթիւ ընտանիքներ արեւածագէն շատ առաջ կ’արթննային, իրենց հետ հաց, քահքէ եւ պանիր կ’առնէին ու ոտքով կը քալէին դէպի շուրջ երկու մղոն հեռու Գաւաքլըք։ Հոն կը նստէին ցօղապատ խոտերուն վրայ, կը վայելէին իրենց ուտելիքը՝ շնչելով թարմ օդը եւ ունկնդրելով առուակին կարկաչն ու ծառերուն մէջ թռչուններուն ծլվլոցը։ Ապա կը հաւաքէին ջուրի եզերքին աճող վայրի դեղին վարդեր կամ անուշաբոյր երիցուկի ճիւղեր եւ տուն կը վերադառնային ժամանակին՝ աշխատանքի կամ դպրոց երթալու համար» (Sarafian, A Briefer History of Ayntab, p. 209)։
- [60] Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1984։ Ճաճըխը մածունով եւ անանուխով պատրաստուած թացան մըն է։
- [61] Ակնէս Չերչեան-Ուորտի հետ հարցազրոյց, Յունիս 2003։ Ակնէս կը յիշէր. «Միւնէվվէր մօրաքոյրն ալ հոն էր», երբ ազգականները այցելեցին ապագայ հարսին տունը։ Պատումին մէջ «մեծ մայր»ը կը վերաբերի Հռոմէ Պիւլպիւլեան-Չերչեանին։ Թէեւ Հռոմէ Պիւլպիւլեան-Չերչեանի եւ վեր. Յակոբ Պիւլպիւլեանի ու Ովսաննա Պիւլպիւլեանի ընտանիքին միջեւ ճշգրիտ ազգակցական կապը անորոշ է, ըստ երեւոյթին բոլորն ալ կը պատկանէին Այնթապի համեմատաբար փոքր հայ աւետարանական համայնքին։
- [62] Sarafian, A Briefer History of Ayntab, p. 201–203, 212. Պաշտօնական նշանտուքի արարողութիւնը ծանօթ էր իբրեւ խօսքկապ, որուն ընթացքին երկու ընտանիքները հրապարակաւ կը հաստատէին ամուսնութեան համաձայնութիւնը։ Պաշտօնական նշանտուքէն ետք, Չամիչեանները հաւանաբար նշանտուքի հիւրասիրութիւն մը կազմակերպած էին՝ փախլաւայի ափսէներով, իսկ Չերչեանները, հաւանաբար, Ճեմիլէին յանձնեցին նշանախօսութեան աւանդական նուէրը՝ «սինի տիւզմէ» (sini duzme) կոչուածը. մեծ շաքարագլուխ մը՝ զարդարուած հարսին համար նախատեսուած ոսկեդրամներու մանեակով եւ շրջապատուած խնձորներու, նարինջներու ու արծաթաթուղթով զարդարուած քաղցրեղէնի շարաններով։ Վեր. Պետրոս Թոփալեան 1907-ին յաջորդեց վեր. Մանասէ Փափազեանին իբրեւ Հայիկի (Երկրորդ Աւետարանական) եկեղեցւոյ հովիւ եւ ծառայեց մինչեւ իր հրաժարականը 1910-ին։ Եթէ Ճեմիլէ եւ Յովսէփ նշանուած են 1910-ին, հաւանական է, որ ան ներկայ գտնուած է պաշտօնական նշանտուքին՝ եկեղեցւոյ հաւանութիւնը տալու համար։
- [63] Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1984։ Սարաֆեան կը նշէ, թէ Այնթապի մէջ նորապսակ զոյգը կը քնանար խազնային մէջ՝ մթերանոց մը, ուր կարելի էր հասնիլ բնակելի սենեակէն բարձրացող քանի մը աստիճաններով։ Հոն կը պահուէին չամիչ, թուզ, փախլաւա եւ այլ ուտելիքներ, ինչպէս նաեւ մօր հարսանեկան սնտուկը։ Քանի որ սովորաբար ընտանիքին անդամները միասին կը քնանային գլխաւոր բնակելի սենեակին մէջ՝ գիշերը փռուած անկողիններու վրայ, խազնան տան առանձնացած միակ տարածքն էր։ Սարաֆեան կը նշէ, թէ նորապսակները իրենց «մեղրալուսինը» հոն կ’անցընէին եւ զայն իբրեւ ննջասենեակ կը գործածէին մինչեւ իրենց անդրանիկ զաւակին ծնունդը (Sarafian, A Briefer History of Ayntab, p. 190)։
- [64] Ակնէս Չերչեան-Ուորտ հետագային կը յիշէր, թէ մօրը հարցուցած էր, թէ ինչո՛ւ իրեն տուած էր Հայկանուշ անունը. «Ըսի՝ «ինչո՞ւ զիս Հայկանուշ կոչեցիր»։ Մամաս ըսաւ՝ «Մտածեցի, որ ամէն անգամ քեզ կանչելուս՝ մայրս պիտի յիշեմ»։ Ակնէս-ը Հայկանուշի անգլերէն ձեւն է (Ակնէս Չերչեան-Ուորտ, հարցազրոյց Տէյվիտ Լուիս Քորթի հետ, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, 1998)։
Աննալի կը յիշէր. «Մայրս մահացաւ վեցերորդ զաւակը ծննդաբերելու ատեն։ 37 տարեկան էր, երբ երեխային հետ մահացաւ, իսկ ես շուրջ տասը տարեկան էի»։ Քանի որ Աննալի ծնած էր 1898-ին, իր յիշողութիւնը Հայկանուշի մահը կը տեղադրէ 1908-ի շուրջ։ Այս ժամանակագրութիւնը նաեւ կը թելադրէ 1870-ին շուրջ ծննդեան թուական մը, ինչ որ կը համապատասխանէ Պարգեւ Չերչեանի տոհմածառին, եւ Հայկանուշը շուրջ տասնութը տարեկան պիտի դարձնէր իր անդրանիկ զաւակին՝ Ճեմիլէի ծնունդին՝ 1888-ին (Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1984)։ - [65] Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1984:
- [66] Վեր. Յակոբ Պիւլպիւլեան (1859–1912) Կեդրոնական Թուրքիոյ Գոլէճի եւ Էնտովըրի Աստուածաբանական Ճեմարանի (Andover Theological Seminary) շրջանաւարտ էր։ Ան ծառայած է իբրեւ Երիտասարդ Քրիստոնեաներու Ընկերակցութեան (YMCA) Նիզիպլեան Թանգարանին գործադիր քարտուղար, ինչպէս նաեւ Առաջին Բողոքական՝ Գայաճըքի եկեղեցիին եւ Թալասի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ, ապա վերադարձած է Առաջին Բողոքական եկեղեցի։ Ան 1912-ին մահացած է քոլերայէն եւ յիշուած իբրեւ «Աստուծոյ անկեղծ ու նուիրեալ մարդ», ինչպէս նաեւ՝ «ազդեցիկ քարոզիչ եւ լաւ հովիւ» (Sarafian, A Briefer History of Ayntab, p. 60)։
- [67] Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարզազրոյց, 1977։ Ճամիլ Չամիչեան ծնած է 1 Փետրուար 1913-ին (Ճէյսըն Քելեճեան, անձնական հաղորդակցութիւն հեղինակին հետ)։
- [68] Ակնէս Չերչեան-Ուորտի հետ հարցազրոյց, Յունիս 2003։ Ակնէս կը բացատրէր. «Մեծ հօր որբեր կ’ըսէին անոնց։ Շատ բան չեն ժառանգեր։ Ինչ որ մեծ հայրը տար իրենց»։
- [69] Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1984։ Խաները մեծ բակով շինութիւններ էին, ուր վաճառականները ապրանք կը պահեստաւորէին, առեւտուր կ’ընէին եւ ճամբորդութեան ընթացքին կեցութեան տեղ կը գտնէին։ Ճըրճիի ջորիներու երամակին կորուստը տեղի ունեցաւ պատերազմի ժամանակ կիրարկուած բռնագրաւումներու աւելի լայն համակարգի ծիրին մէջ՝ ըստ Թեքալիֆի հարպիէի (Պատերազմական պարտաւորութիւններ, Tekâlif-i Harbiye) օրէնքներուն։ Բանակին կարիքները հոգալու նպատակով 1914-ի Օգոստոսին հաստատուած այս օրէնքներով Օսմանեան կայսրութեան ամբողջ տարածքին ստեղծուեցան Բռնագրաւման յանձնաժողովներ։ Այնթապի մէջ այս յանձնաժողովները մասնաւորաբար թիրախ դարձուցին հայերն ու այլ ոչ-իսլամները՝ առանց հատուցման բռնագրաւելով անասուններ, ապրանքներ, տնային իրեր եւ այլ սեփականութիւն, մինչ մեծ մասամբ կը խնայէին իսլամ երեւելիներուն։ Հայ արհեստաւորները նոյնպէս ստիպուած էին առանց վարձատրութեան ապրանքներ արտադրելու զինուորականներուն համար։ Իւմիթ Քուրթ նաեւ ցոյց կու տայ, որ Այնթապի Բռնագրաւման յանձնաժողովը Օսմանեան դրամատունէն բռնագրաւած էր տեղահանուած հայոց պատկանող առեւտրական ապրանքները, միտումնաւոր նուազ արժեւորած զանոնք, լքեալ գոյք նկատած եւ յատկացուցած բանակին (Ümit Kurt, The Armenians of Ayntab…, p. 123–124)։
- [70] Ինչպէս Իւմիթ Քուրթ կը նշէ, Այնթապի հայերը թէեւ տեղեակ էին կայսրութեան այլ վայրերուն մէջ տեղի ունեցող տեղահանութիւններէն, «չէին կարծեր, թէ իրենք ալ կրնային նոյն ճակատագիրին արժանանալ» (The Armenians of Ayntab…, p. 90)։ Քուրթ Զէյթունէն առաջին տեղահանուածներուն Այնթապ հասնիլը կը թուագրէ 3 Մայիս 1915-ին։ Ան կը գրէ, թէ այդ օր այնթապցիք տեսան իրենց քաղաքէն անցնող առաջին կարաւանը, որ կը բաղկանար Զէյթունէն շուրջ երեք հարիւր կիներէ եւ երեխաներէ։ Ան նաեւ կը նշէ, թէ տեղահանուածները կը պահուէին Գաւաքլըք թաղամասին մէջ (Kurt, The Armenians of Ayntab…, p. 89–90)։
- [71] Kurt, op. cit., p. 90.
- [72] Քուրթ 1 Օգոստոսը կը նշէ իբրեւ այն օրը, երբ Այնթապէն մեկնեցան «միայն առաքելական հայերը» (Kurt, op. cit., p. 93), թէեւ ան նաեւ կը մէջբերէ օրիորդ Ֆրիըրսընի յուշագրութիւնը, ըստ որուն՝ առաջին մեկնումները տեղի ունեցած են 30 կամ 31 Յուլիսին (Kurt, op. cit., p. 300)։ Կաթողիկէ հայոց տեղահանութեան համար տե՛ս Kurt, The Armenians of Ayntab…, p. 97, ուր կը նշուի, թէ հրամանները տրուած էին 19 Սեպտեմբերին, իսկ Վարդան վրդ. Պաղչէճեան եւ իր կաթողիկէ համայնքը տեղահանուած էին նոյն ամսուան աւելի ուշ օրերու։ Բողոքականներու տեղահանութեան համար տե՛ս Kurt, The Armenians of Ayntab…, p. 100, ուր առաջին բողոքական կարաւանին մեկնումի թուական կը նշուի 19 Դեկտեմբեր 1915-ը։ Ռէմոն Գէորգեան տեղահանութիւններուն սկիզբը նկարագրած ատեն կը նշէ, թէ անոնք «սկսան տեղացող ձիւնի տակ» (Raymond H. Kévorkian, The Armenian Genocide: A Complete History, London, I. B. Tauris, 2011, p. 944)։
- [73] Ներսէս Չամիչեանի ընտանիքին հասած տեղահանութեան հրամանին ճշգրիտ թուականը անորոշ է։ Այնթապի բողոքականներուն տեղահանութիւնները սկսան 1915-ի Դեկտեմբերին եւ շարունակուեցան մինչեւ 1916-ի սկիզբը։ Ըստ Քուրթի՝ բողոքական առաջին չորս կարաւանները, որոնք մեկնեցան 19–23 Դեկտեմբեր 1915-ի միջեւ, Աքչագոյունլուի ճամբով ուղարկուեցան դէպի Տէր Զօր։ Տեղահանութիւնները վերսկսան 4 Յունուար 1916-ին եւ շարունակուեցան մինչեւ Մարտ։ Քանի որ Աննալի Չամիչեան եւ իր քոյր-եղբայրները Տէր Զօրի փոխարէն գացին Սալամիէի ճամբով. անոնք հաւանաբար մաս կը կազմէին բողոքականներու աւելի ուշ տեղահանուած խումբերէն մէկուն եւ Այնթապէն մեկնած են 1916-ի Յունուարէն Մարտ ամիսներուն միջեւ (Kurt, The Armenians of Ayntab…, p. 100–101)։
- [74] Տեղահանութեան հրամանները, ըստ երեւոյթին, հրապարակաւ կը փակցուէին եւ կը յայտարարուէին քաղաքային մունետիկներու (dellal) միջոցով, որոնք աւանդաբար կառավարական հրամանները կը հաղորդէին փողոցներուն եւ հրապարակներուն մէջ։ Գէորգեան կը նշէ, թէ Այնթապի տեղահանութեան առաջին հրամանը «փակցուեցաւ եւ քաղաքային մունետիկին կողմէ յայտարարուեցաւ 30 Յուլիսի առաւօտուն» (Kévorkian, The Armenian Genocide…, p. 942)։ Վերապրողի վկայութիւն մը կը հաստատէ այս սովորութիւնը. «Քաղաքի մունետիկը կանչեց, թէ պէտք է քաղաքէն հեռանանք» (Miller and Miller, Survivors…, p. 70)։ Ուրիշ վկայ մը կը յիշէ. «Քաղաքային երկու մունետիկները կը կանչէին. «Ժողովո՛ւրդ, մի՛ վախնաք։ Փակեցէ՛ք ձեր դռները, ձեր դրամը դրամատուն դրէք կամ վստահեցէք ձեր թուրք բարեկամներուն։ Շատ ժամանակ պիտի չանցնի մինչեւ ձեր վերադարձը։ Կառավարութիւնը ձեզ կը վստահեցնէ» (Stina Katchadourian, Efronia: An Armenian Love Story, Boston, Northeastern University Press, 1993, p. 111)։
Նոյնիսկ գիտենք Այնթապի երկու մունետիկներուն անունները։ 1 Յունիս 1916 թուակիր սեփականութիւններու ցուցակ մը «Dellal Yakup»-ն ու «Dellal Mustafa»-ն կը նշէ իբրեւ լուծարքի ենթարկուած հայկական գոյք գնողներ (Kurt, The Armenians of Ayntab…, p. 135)։ Հաւանական է, որ ասոնք նոյն մունետիկներն էին, որոնք յայտարարեցին տեղահանութեան այն հրամանները, որոնցմով Ներսէս Չամիչեանն ու անոր ընտանիքը բռնեցին աքսորի ճամբան։ - [75] Այնթապի հայերը պարտաւոր էին տեղահանութեան հրամանը ստանալէ ետք մէկ օրուան ընթացքին արձանագրելու իրենց շարժական եւ անշարժ գոյքը՝ դիմումներ ներկայացնելով Այնթապի Լուծարքի յանձնաժողովին (Kurt, The Armenians of Ayntab…, p. 127)։ Այս յայտարարութիւնները յաճախ կ’արձանագրուէին Օսմանեան դրամատան միջոցաւ, որ տեղահանուողներուն անունով կը փաստագրէր սեփականութիւնները, ապա զանոնք կը փոխանցէր Յանձնաժողովին՝ լուծարելու եւ աճուրդի հանելու համար (Kurt, op. cit., p. 133–134)։ Ըստ Ուչաների հետ հաղորդակցութեան՝ Օսմանեան դրամատան Այնթապի մասնաճիւղը կը գտնուէր Գայաճըք թաղամասին մէջ։
Գայաճըքի մէջ 1877-ին իբրեւ Ամերիկեան Աղջկանց դպրոց կառուցուած շէնք մը հետագային վերածուած էր Օսմանեան դրամատան, ապա ծառայած էր քաղաքացիական տարբեր նպատակներու, ներառեալ՝ ելեւմտական գնահատման գրասենեակ եւ Գայաճըքի նախակրթարան (Gaziantep City Archive and Research Center, Gaziantep Kent Arşivi ve Araştırma Merkezi, «Kayacık İlkokulu», Nakşiye Güzel Album, Instagram, 23 Յունիս 2025, այցելուած 7 Յունիս 2026-ին
Այնթապի՝ տեղահանութենէն ետք Օսմանեան դրամատան ներկայացուած սեփականութեան արձանագրութեան մատեանի վերարտադրուած պատկերի մը համար տե՛ս Ümit Kurt, “The Armenians of Ayntab”, Ottoman History Podcast, www.ottomanhistorypodcast.com/2024/02/kurt.html։
Իթթիհատ վէ Թէրաքքըի ակումբը կը ծառայէր իբրեւ Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն Կոմիտէի (Committee of Union and Progress – CUP) տեղական կեդրոնատեղի։ «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն»ը Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան իշխող քաղաքական կազմակերպութիւնն էր։ Ըստ Իւմիթ Քուրթի՝ Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն կազմակերպութեան տեղական ղեկավարներն ու այլ երեւելիներ առանցքային դեր ունեցան Այնթապի հայոց տեղահանութեան, սեփականութեան բռնագրաւման ու կողոպուտին մէջ։ Քուրթ կը փաստարկէ, որ կառավարութեան պաշտօնական ուղիներուն կողքին «ուրիշ յատուկ ցանց մը կը զբաղէր բռնագրաւման եւ սեփականութեան իւրացման գործընթացով՝ Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն կազմակերպութեան միջոցաւ»։ Քուրթի բնորոշումով՝ Այնթապի Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն կազմակերպութեան առնչուած տեղական դերակատարները այդ գործընթացի «գործօն մասնակիցներ էին» (Kurt, The Armenians of Ayntab, p. 124)։ - [76] Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1984։
- [77] Նոյն տեղը։ Տե՛ս նաեւ Kévorkian, The Armenian Genocide․․․, p. 944, ուր կը նշուի, թէ «բողոքականները ի վերջոյ տեղահանուեցան Աքչագոյունլուի երկաթուղային կայարանին ճամբով»։
- [78] Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1977։ Աննալի կը յիշէր. «Ուրեմն մենք՝ էշերուն ու ձիերուն վրայ.... Ա՜հ, անկէ առաջ եղբայրս՝ Ճօն... քանի մը լիրա ունէր եւ զանոնք կարած էր իր մէջքի շապիկին մէջ։ Այդ gurrulus-ները զայն բռնեցին, փորձեցին դրամը առնել, բայց ան չտուաւ։ Զայն տարին, բայց ի վերջոյ ազատ արձակեցին։ Եւ ան Հալէպ եկաւ։ Անկէ ետք մենք ալ մեր ունեցած քիչ իրերով Հալէպ եկանք հօրեղբօրս ընտանիքին հետ»։ Հոս gurrulus ձեւով գրուած բառին իմաստը անորոշ է, սակայն բնագիրէն դատելով՝ Աննալի, ըստ երեւոյթին, կը խօսի զինեալ մարդոց կամ ժանտարմաներու մասին, որոնք ճամբուն վրայ կը կեցնէին աքսորականները։
- [79] Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1984։
- [80] Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1977։ Աննալի կը յիշէր. «Գիտե՞ս ով փորձեց մեզ գտնել։ Քրոջս ամուսինը՝ էնիշթէն՝ Յովսէփը։ Մեզ մեծ խան մը տարին, եւ հոն մնացինք։ Ձիերուն ու էշերուն տեղերը մաքրեցինք եւ հոն քնացանք»։ Էնիշթէ թրքերէն բառ մըն է եւ կը նշանակէ «քրոջ ամուսին»՝ փեսայ։
- [81] Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյցներ, 1977 եւ 1984։ 1984-ին Աննալի կը յիշէր. «Այդպէս ամբողջ ճամբան գացինք մինչեւ Պաղտատի կայարանը եւ յարդանոցներու մէջ ապրեցանք, մինչեւ որ մեզ հոնկէ դուրս հանեցին։ Գացինք Սալամիէ կոչուած գիւղ մը»։
- [82] Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1984։ Տեղահանուածներուն մէջ համաճարակային հիւանդութիւններու ընդհանուր վիճակին մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար տե՛ս Vahé Tachjian, Daily Life in the Abyss: Genocide Diaries, 1915–1918, New York, Berghahn Books, 2017, p. 130։ Թաշճեան կը նշէ, թէ համաճարակները «մնայուն աղէտներ էին, որոնց ենթակայ էին բոլոր տեղահանուածները», իսկ մալարիան, բծաւոր տիֆն ու քոլերան «կը քայքայէին ընտանիքին կորիզը եւ կը խաթարէին գոյատեւման պայքարը»։ Նոյնիսկ երբ տեղահանուածները կը փորձէին հոգ տանիլ մաքրութեան, տարանցիկ ճանապարհներու եւ գերբնակեցուած վայրերու մէջ կեդրոնացած ըլլալով՝ «շարունակաբար ենթակայ էին ամէն տեսակ վարակիչ հիւանդութիւններով լի գօտիներու ազդեցութեան»։
- [83] Պատերազմի վերջին տարիներուն տնտեսական ճգնաժամի սաստկացման մասին տե՛ս Tachjian, Daily Life in the Abyss, p. 70–71։ 1917-ին «աննախընթաց սղաճը» տեղահանուածները մատնած էր խոր ճգնաժամի՝ գիները հասցնելով այնպիսի մակարդակի, զոր սովորական ընտանիքները այլեւս չէին կրնար դիմագրաւել։ Սալամիէի մէջ բազմաթիւ հայեր կը գոյատեւէին «պատահական աշխատանքներ» կատարելով։ Սակայն երբ «գոյատեւման առկայ միջոցները սկսան անհետանալ» եւ «սովի սպառնալիքը մօտեցաւ», անոնք ստիպուեցան հեռանալ։ Թաշճեան կը նշէ, թէ այս յուսահատ կացութիւնը «ստիպեց զանոնք լքել հիւրընկալ եւ համեմատաբար ապահով Սալամիէն» ու աշխատանք փնտռել աւելի մեծ քաղաքներու՝ Համայի, Հոմսի ու Հալէպի մէջ։ Միաժամանակ, ճամբորդութեան սահմանափակումները մեղմացան։ Մինչ նախապէս ճամբորդելու համար պաշտօնական արտօնագիր մը՝ վեսիգա անհրաժեշտ էր, տեղահանուածները 1917-ին «շարժումի աւելի մեծ ազատութիւն կը վայելէին, թէեւ սահմանափակ տարածքի մը մէջ», եւ հազարաւորներ աշխատանք որոնելու նպատակով ճամբայ ելան։
- [84] «Թուրքերու պէս հագուեցանք ու փախանք Հալէպ.... Մեր անուններն ալ փոխեցինք»։ Աննալիի այս հաստատումը կրնայ վերաբերիլ կա՛մ բառացի ծպտումի, կա՛մ իսլամ անուններ եւ ինքնութիւն որդեգրելու՝ այդ տարիներուն տարածուած գոյատեւման ռազմավարութեան, կամ՝ երկուքին համադրութեան։ Թաշճեան կը նշէ, թէ Սալամիէի նման շրջաններու մէջ ռազմավարական իսլամացման այս գործընթացը գրեթէ համընդհանուր դարձած էր հայ տեղահանեալներուն մէջ։ Անոր պատճառներն էին թէ՛ անապատ աքսորուելու սպառնալիքը եւ թէ՛ համայնքին ներսէն եկող ճնշումը՝ արտաքնապէս համակերպելու՝ իբրեւ գոյատեւման միջոց։ Այս պայմաններուն մէջ, հայ տեղահանեալներու կազմակերպուած իսլամացումը «սահուն տեղի ունեցաւ եւ նշանակալի խոչընդոտներու չհանդիպեցաւ» (Tachjian, Daily Life in the Abyss, p. 159)։ Շատ պարագաներու այս գործընթացը հիմնականին մէջ կը սահմանափակուէր իսլամական նոր անուններու արձանագրութեամբ եւ ինքնութեան նոր փաստաթուղթերու ստացումով, մինչ տեղահանեալները անձնական կեանքին մէջ կը շարունակէին գործածել իրենց հայկական անունները։ Վերապրող մը հետագային կը յիշէր, թէ «ոչ ոք մեզ լրջօրէն իսլամ կը նկատէր» (Tachjian, op. cit., p. 163)։ Աննալիի եղբայրը՝ Ճորճը, հետագային ինքզինք յիշատակած է «Ապտուլ Ռահման» եւ «Ապտուլ Խալիք» անուններով (Lowell Thomas, “Rugs and Rebels”, Ararat, Summer 1980, p. 8)։ Այս անունները կը յիշեցնեն հայ կրօնափոխներուն տրուած «Ապտուլլահ» եւ «Ուտուլլահ» անունները (Tachjian, op. cit., p. 162)։
- [85] Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1977։
- [86] Նոյն տեղը։ Աննալի կը յիշէր. «Մերի մօրաքոյրս շատ, շա՜տ մեծ կապոց մը պատրաստեց։ Բոլոր անկողինները, անկողնային իրերը, բարձերը, վերմակները ծրարեց: Ուտելու ապուր պատրաստեց։ Մեր այդ ունեցածով պէտք էր մեր գլխուն ճարը տեսնէինք։ Որոշ ժամանակ այդպէս ապրեցանք»։
- [87] Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1984։ Աննալի կը յիշէր. «Հալէպի մէջ դարձեալ տուն մը վարձեցինք չորսիս համար՝ երկու քոյր եւ երկու եղբայր։ Տակերնիս փռելու բան մը ունէինք եւ վրանիս՝ վերմակ մը. չորսս ալ այդպէս կը քնանայինք»։
- [88] Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1984. «Եղբայրս եւ քոյրս imalet khane-ին մէջ կ’աշխատէին»։ 1977-ի հարցազրոյցին մէջ Աննալի նաեւ կը յիշէր. «Անկէ ետք, երբ սկսանք գաղթականներուն հետ աշխատիլ, բուրդ մանելու կ’երթայինք։ Ամէն օր մեզի հաց մը կու տային»։ Աննալիի եղբօր՝ Ճորճի մահագրութիւնը եւս կը նշէ, թէ ան Հալէպ գացած էր «թրքական զինուորական արհեստանոցներուն մէջ աշխատելու» (“Lt. Col. George Haig Fought Against Ottoman Empire”, The Armenian Reporter, 11 November 1982, p. 6)։
Օսմաներէն imalat hane եզրը, բառացիօրէն՝ «արտադրութեան տուն», ընդհանրապէս կը նշանակէր արհեստանոց կամ արտադրական հաստատութիւն։ Թաշճեան կը նշէ, թէ պատերազմի տարիներուն հազարաւոր հայեր աշխատանք գտան օսմանեան զինուորական արհեստանոցներուն մէջ, ուր աշխատանքը տեղահանեալներուն համար գոյատեւման կարեւոր միջոց մը դարձաւ (Tachjian, Daily Life in the Abyss, p. 177, 199)։
Պատերազմէն ետք սակայն, նոյն եզրը յաճախ կը գործածուէր նպաստամատոյց կազմակերպութիւններու ղեկավարած արհեստանոցներուն համար, ուր հայ գաղթականներ կ’աշխատէին։ Պարգեւ Չերչեան, յիշելով Հալէպի մէջ եզրին հետագայ գործածութիւնը, զայն կը կապէր Նպաստամատոյց Ընկերութեան (Relief Society) հետ։ Ան կը յիշէր, որ նպաստամատոյց մարմինները տեղացի ջուլհակները կեդրոնացուցած էին մէկ արհեստանոցի մէջ եւ իր հայրը՝ Յովսէփ Չերչեանը, նշանակած էին վերահսկիչ, որովհետեւ ան անգլերէն կը խօսէր եւ ծանօթ էր արհեստին (Պարգեւ Չերչեանի հետ հարցազրոյց, 1997)։ - [89] Բրիտանական առաջնորդութեամբ գործող ուժերը Հալէպը գրաւեցին 26 Հոկտեմբեր 1918-ին՝ Մուտրոսի զինադադարէն (30 Հոկտեմբեր 1918) ընդամէնը քանի մը օր առաջ (տե՛ս Eugene Rogan, The Fall of the Ottomans: The Great War in the Middle East, 1914–1920, New York, Basic Books, 2015, p. 380)։
- [90] Ակնէս Չերչեան-Ուորտի հետ հարցազրոյց, Դեկտեմբեր 2001։
- [91] Kurt, The Armenians of Ayntab…, p. 101–102։ Քուրթ կը նշէ, թէ օսմանեան բանակ զօրակոչուած զինուորներու, սպաներու եւ բժիշկ սպաներու ընտանիքները շարքին էին այն խումբերուն, որոնք տեղահանութենէն ազատ կը կացուցուէին՝ «բանակին կարիքները հոգալու համար»։ Միեւնոյն ժամանակ, ան կը շեշտէ, որ այս բացառութիւնները հետեւողական չէին կիրարկուեր։ Տարբեր ռազմաճակատներու վրայ օսմանեան բանակին մէջ ծառայող հայ զինուորներու – որոնց մէջ կային նոյնիսկ գնդապետի աստիճան ունեցողներ – ընտանիքներ եւս տեղահանուած էին (p. 102)։ Իր ընտանիքին Այնթապի մէջ վերապրելուն անդրադառնալով՝ Պարգեւ պարզապէս կ’ըսէր. «Մենք բախտաւոր էինք» (Պարգեւ Չերչեանի հետ հարցազրոյց, 1997)։
- [92] Ակնէս Չերչեան-Ուորտի հետ հարցազրոյց, Դեկտեմբեր 2001։ Պարգեւ Չերչեանի հետ հարցազրոյց, 1997։ Ակնէս Չերչեան-Ուորտ կը յայտնէր, թէ իր հայրը կամաւոր մտած էր զինուորական ծառայութեան մէջ, փոխանակ սպասելու զօրակոչուելուն, եւ այդ որոշումը կը նկատէր տեղահանութենէն ընտանիքին փրկութեան պատճառը։ Պարգեւ Չերչեան, սակայն, իր հօրմէն պահպանած էր աւելի մանրամասն պատմութիւն մը, ըստ որուն՝ Յովսէփ օսմանեան բանակին զինուորագրուած էր զօրակոչի գրասենեակ ներկայանալէ ետք։ Պարգեւ հետագային այդ վայրը նոյնացուցած էր Բերդին մօտ գտնուող զօրակայանին հետ։ Յովսէփ հոն զինուորական պաշտօնատարներուն ներկայացած էր իր հիւանդ հօր հետ։
- [93] Լուտեր Չամիչեան օսմանեան բանակին մէջ կը յիշատակուի իբրեւ գնդապետ (տե՛ս Hratch Yervant Kestenian, A Portrait of Armenian Student Life at the Syrian Protestant College, 1885–1920, MA thesis, American University of Beirut, 2015, p. 106)։ Աննալի Պասմաճեան կը յիշէր. «Բժիշկ հօրեղբայրս բանակին մէջ էր։ Բայց միւս հօրեղբայրս հրաման ստացաւ, որ պէտք է իր տունէն հեռանայ։ Մենք այդպիսի հրաման չստացանք, բայց բոլորս հօրեղբօրս եւ իր ընտանիքին հետ գացինք» (Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1984)։ Այս մէկը կը թելադրէ, որ մինչ Ներսէս տեղահանութեան հրաման ստացած էր, անոր բժիշկ եղբայրը՝ Լուտեր, չէր ստացած։
Ըստ Գէորգ Պապոյեանի, Լուտեր Այնթապ կը գտնուէր 1920-ի սկիզբը՝ Փետրուարին, 4 Ապրիլին եւ 9 Մայիսին, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ այդ ժամանակ ան քաղաք վերադարձած էր արդէն (տե՛ս Kevork Baboian, The Heroic Battle of Ayntab, translated by Ümit Kurt, London, Gomidas Institute, 2018, p. 29, 60, 103)։ Լուտերի դուստր Օտէթի ընտանեկան աւելի ուշ յուշաբերութիւնն ալ կը փոխանցէր, թէ քանի որ իր հայրը օսմանեան բանակին մէջ ծառայած էր իբրեւ բժիշկ, անոր ընտանիքը չէր տարագրուած հայոց առաջին տեղահանութեան ալիքներուն հետ։ Ըստ Օտէթի՝ իրենք Այնթապ մնացին մինչեւ 1920 կամ 1921, իսկ իր եղբայրը՝ Ճորճը, ծնաւ Հալէպի մէջ 1921-ի ամրան (Ճէյսըն Քելեճեան, նամակ հեղինակին, 22 Մարտ 2015)։ Այս տուեալները միասնաբար կը թելադրեն, որ Լուտերի կինն ու փոքր ընտանիքը տեղահանութիւններու տարիներուն մնացած են Այնթապ եւ հետագային Հալէպի մէջ միացած են Չամիչեան ընտանիքի միւս անդամներուն։ - [94] Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1977։
- [95] Իւմիթ Քուրթ կը նշէ, թէ Այնթապի մէջ պաշտօնապէս բացառութիւն ստացած խումբերուն շարքին էին օսմանեան բանակին մէջ ծառայող հայ զինուորներու, սպաներու եւ բժիշկ սպաներու 30-35 ընտանիքներ։ Այս խումբը յատկապէս առնչուած է Չամիչեան ընտանիքին, քանի որ թէ՛ Ճեմիլէի ամուսինը՝ Յովսէփը եւ թէ՛ հօրեղբայրը՝ Լուտեր Չամիչեան, տեղահանութիւններուն ատեն կը ծառայէին օսմանեան բանակին մէջ։ Ակնէս հետագային կը յիշէր, որ ընտանիքը փրկուած էր, որովհետեւ Յովսէփ բանակին մէջ էր, իսկ Աննալի կ’ըսէր, թէ իր «բժիշկ հօրեղբայրը» բանակին մէջ էր։ Քուրթ նաեւ կը նշէ այնթապցի հայ զինուորական բժիշկներ, որոնց ծառայութիւնը բացառութիւն ապահոված էր իրենց ընտանիքներուն, ներառեալ՝ Յովսէփ Մահտեսեան, Վարդան Փիրանեան, Ալպերթ Աբէլեան, Արամ Տէր Պօղոսեան, Յովսէփ Ենիգոմշուեան, Մովսէս Քիւփելեան, Աւետիս Նագգաշեան, Աւետիս Ճեպեճեան, Երուանդ Հ. Խրլոբեան եւ Մովսէս Պապիկեան։ Ըստ երեւոյթին, Լուտեր Չամիչեանն ալ այս խումբին մէջ կը մտնէր։ Պատերազմի աւարտին ան արդէն գնդապետի աստիճանով զինուորական բժիշկ էր օսմանեան բանակին մէջ (Kestenian, Portrait of Armenian Student Life, p. 106)։
Զինուորական ընտանիքներու կողքին, Քուրթ կը նշէ նաեւ բացառութիւն ստացած այլ խումբեր։ Անոնց շարքին էին բանակի արտադրական արհեստանոցներուն մէջ աշխատող 370 հայեր, ինչպէս նաեւ 65–70 ատամնաբոյժներ, ոսկերիչներ, արծաթագործներ, թիթեղագործներ, կաթսայագործներ, անասնաբոյժներ, դերձակներ, որմնադիրներ, ներկարարներ, թամբագործներ եւ հացագործներ՝ իրենց ընտանիքներով։ Ան նաեւ կը նշէ, թէ 30 հայ ընտանիքներ իսլամութիւն ընդունելով կրցած էին մնալ։ Այլ տեղ մը Քուրթ կը գնահատէ, որ «միայն շուրջ երկու հազար հայոց արտօնուեցաւ մնալ» Այնթապի մէջ (տե՛ս Kurt, The Armenians of Ayntab…, p. 101–102, 307–308)։
Ռէմոն Գէորգեան եւս կը խօսի Այնթապի մէջ մնացած շուրջ 2.000 հայոց մասին, բայց կը նշէ, թէ շատ բացառութիւններ ժամանակաւոր էին. որոշ հայեր կրցած էին մնալ միայն «քանի մը ամիս՝ պայմաններէն կախեալ»։ Ան նաեւ նկատել կու տայ, թէ քաղաքին մէջ ապաստան գտած հայ կիներն ու երեխաները «համակարգուած կերպով չէին հաւաքուեր» (Kévorkian, The Armenian Genocide…, p. 942–943)։
Չամիչեան ընտանիքի պատմութիւնը լաւ կը ցուցադրէ այս բացառութիւններուն բարդութիւնը։ Աննալի կը յիշէր, որ մինչ իր «բժիշկ հօրեղբայրը»՝ Լուտեր Չամիչեան, օսմանեան բանակին մէջ կը ծառայէր, իր միւս հօրեղբայրը՝ Ներսէս Չամիչեան, տեղահանութեան հրաման ստացած էր։ «Մենք այդպիսի հրաման չստացանք», կը գրէր ան, բայց ինք եւ իր երեք քոյր-եղբայրները, այնուամենայնիւ, ընկերացան իրենց հօրեղբօր եւ անոր ընտանիքին, որովհետեւ «մեզի հետ մնացող ոչ ոք ունէինք»։ Յետադարձ հայեացքով, ան դառնութեամբ կը զղջար այդ որոշման համար. «Պէտք չէ երթայինք։ Պէտք է մնայինք։ Ոչ ոք մեզի ըսաւ, որ մնանք»։
Այս բոլոր տուեալները միասին կը թելադրեն, որ Այնթապի հայոց մնալու հնարաւորութիւնը կախեալ էր զինուորական ծառայութեան, մասնագիտական աշխատանքի, ժամանակաւոր պաշտպանութեան, կրօնափոխութեան եւ այլ բացառութիւններու խառն համակարգէ մը, զոր ընտանիքները իրենք ալ միշտ ամբողջութեամբ չէին հասկնար։ Պարգեւ հետագային կը յիշէր, որ երբ տեղահանութեան հրամանները հասան, Ճեմիլէ իշխանութիւններուն ըսած էր. «Ամուսինս ծառայութեան մէջ է։ Ես չեմ կրնար երթալ»։ Ըստ ընտանեկան յուշերուն՝ պատասխանը եղած էր պարզ. «Լա՛ւ»։
Աննալիի յուշը լրացուցիչ տեսանկիւն մը կու տայ. ինք եւ իր քոյր-եղբայրները տեղահանութեան հրաման չէին ստացած, թէեւ վերջապէս իրենց հօրեղբօր ընտանիքին հետ աքսորի գացին։ Ան նոյնպէս կը խոստովանէր, թէ չէր գիտեր՝ ինչպէ՛ս իր մօրուն՝ Ովսաննան, կրցած էր Այնթապ մնալ. «Չեմ գիտեր՝ ինչպէ՛ս յաջողցուց, բայց մնաց» (Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1977։ Պարգեւ Չերչեանի հետ հարցազրոյց, 1997)։ - [96] Պարգեւ Չերչեանի հետ հարցազրոյց, 1997։
- [97] Ակնէս Չերչեան-Ուորտի հետ հարցազրոյց, Յունիս 2002։ Ըստ հեղինակին քով գտնուող՝ Պարգեւ Չերչեանի ընտանեկան տոհմածառի անտիպ ձեռագիրին, Ակնէս ծնած էր 1912-ին։
- [98] Kévorkian, The Armenian Genocide…, p. 944. «1915-ի Օգոստոսին իշխանութիւնները բռնագրաւեցին բոլոր ոչ-թրքական դպրոցներն ու բոլոր եկեղեցիները»։
- [99] Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1984. «Ուրեմն աւագ քոյրս մեզի հոգ կը տանէր։ Ան որբանոցին մէջ ուսուցչուհի էր»։ Աննալի Չամիչեան-Պասմաճեանի հետ հարցազրոյց, 1977. «Երբ մայրս մահացաւ, քոյրս ստիպուած էր դպրոցին մէջ դասաւանդել»։ Ճորճ Չամիչեան Հայկ, նամակ Պարգեւ Չերչեանին, 28 Յունուար 1975, Նունիայի մասին գրելով. «Ան իմ երկրորդ դասարանի ուսուցչուհիս էր»։
- [100] Պարգեւ Չերչեանի հետ հարցազրոյց, 1997. «Ամէն երեխայ որոշ գումար մը կը բերէր։ Այդպէս քիչ մը եկամուտ կու գար»։
- [101] Ակնէս Չերչեան-Ուորտի հետ հարցազրոյց, Յունիս 2002։
- [102] Maurice Abadie, Opérations au Levant: Les Quatre Sièges d’Aïntab (1920–1921), Paris, Charles-Lavauzelle et Compagnie, 1922, p. 30–46, Gallica, Bibliothèque Nationale de France։
- [103] Lorin Shepard, “Fighting the Turks at Ayntab”, Current History, # 14 (1921), p. 591։ Շեփըրտ կը հաղորդէ, որ Մարաշի մէջ կռիւներն սկսան 19 Յունուար 1920-ին, ֆրանսացիք երեք շաբաթ ետք նահանջեցին, քաղաքին երկու հինգերորդը կործանեցաւ, իսկ 10.000 հայեր սպաննուեցան։ Ռէյ Թրեվիս, անտիպ օրագիր (թուայնացուած), 12–13 Փետրուար 1920, Մարաշէն դէպի Իսլահիէ փախչող գաղթականներու շարասիւնը նկարագրելով. «Եղանակը սաստիկ ցուրտ էր եւ տկարներէն շատեր ճամբեզրին կը մնային՝ սառելու կամ սովամահ ըլլալու համար»։ Ան նաեւ կը գրէ, թէ «հազարէ աւելի գաղթական ձիւնին մէջ մահացած էր» (թուայնացուած էջերու պատճէնները՝ Yates County History Center-ի տրամադրութեամբ, հասանելի են Յուշամատեան-ի միջոցով:
- [104] Ակնէս Չերչեան-Ուորտի հետ հարցազրոյց, Յունիս 2002։
- [105] Պարգեւ Չերչեանի հետ հարցազրոյց, 1997։
- [106] Baboian, The Heroic Battle of Ayntab, p. xx. «Հայերը տակաւին չէին կասկածեր, որ անմիջական յարձակում մը կը սպառնար»։ Հին տուներէն քարերու եւ կղմինտրներու քանդուելուն ու պատնէշներ կառուցելու համար գործածուելուն մասին տե՛ս նոյնը՝ էջ 46։
- [107] Baboian, The Heroic Battle of Ayntab, p. 114–115։ 24 Մայիս 1920-ին գնդապետ Ռընօ Հայ Ազգային Միութեան տեղեկացուց, որ պարէնաւորման դժուարութիւններուն պատճառով «չափազանց դժուար դարձած էր հայերը պարէնով ապահովելը», եւ որ 6.000 հոգի պէտք է քաղաքէն հեռանար վերադարձող շարասիւնին հետ։ Նոյն գիշերն ընդունուեցաւ Տէր Ներսէս քահանայ Թաւուքճեանի առաջարկը՝ «արտօնել հեռանալ փափաքողներուն մեկնումը»։ Յաջորդ առաւօտ քաղաքի պատերուն վրայ յայտարարութիւններ փակցուեցան։
- [108] Baboian, The Heroic Battle of Ayntab, p. 114. «Ընդունուեցաւ Տէր Ներսէս քահանայ Թաւուքճեանի հետեւեալ առաջարկը՝ պիտի արտօնենք հեռանալ փափաքողներուն մեկնումը։ Սակայն քաղաքի ինքնապաշտպանութեան նպաստելու կարող տղամարդիկը հոս պիտի մնան։ Երեք հոգիէ բաղկացած յատուկ յանձնախումբ մը պիտի վերահսկէ մեկնողները… Հեռանալ փափաքողները իրենց պաշարները պէտք է ծախեն Պարէնաւորման Յանձնախումբին եւ իրենց զէնքերը յանձնեն Զինուորական Մարմինին»։
- [109] Ակնէս Չերչեան-Ուորտի հետ հարցազրոյցներ, Դեկտեմբեր 2001 եւ Յունիս 2002։
- [110] Թրավիսի օրագիրը, 25 Մայիս 1920։ Ռէյ Թրեվիս կը գրէ, որ «բլուրներուն վրայ գտնուող թուրքերը, ըստ երեւոյթին, նկատած էին հաւաքուող բազմութիւնը» եւ ժամը չորսի շուրջ սկսան ռմբակոծել շրջանը։ Ռումբերէն մէկը հարուածեց սայլ մը, բայց չպայթեցաւ։ «Ֆրանսացիք անմիջապէս պատասխանեցին հրետանիի երեք հարուածով»։ Թրեվիսի 24–28 Մայիս 1920-ի օրագրային գրառումները գրեթէ օր առ օր կը պահպանեն Այնթապէն շարասիւնին մեկնումին ու պարպումի պայմանները։ 25 Մայիսին ան կը գրէ, որ ֆրանսացիք խնդրած էին 5.000–6.000 հոգիի պարպումը եւ կը գնահատէ, որ շարասիւնին մէջ կային շուրջ 4.000 հայեր, 650 որբեր եւ 200 փրկուած կիներ։
- [111] Ռմբակոծումը նկարագրելու ատեն, Ակնէս նախ կը յիշէ top բառը. «Top. Topat lal? Topat»։ Պարգեւ կը թարգմանէ՝ «Թնդանօթ»։ Ակնէս ապա կը շարունակէ. «Կը լսէի թնդանօթին որոտը» (Ակնէս Չերչեան-Ուորտի հետ հարցազրոյց, Յունիս 2002)։
- [112] Ակնէս նախ փոխադրամիջոցը կը կոչէ արապա. «Արապա՞»։ Պարգեւ կը թարգմանէ՝ «Կառք։ Ձիաքարշ կառք»։ Ակնէս անմիջապէս կը սրբագրէ զայն. «Ձի չէ»։ Երբ հարց կը տրուի՝ ջորիո՞վ էր քաշուած, ան կը պատասխանէ. «Ջորի» (Ակնէս Չերչեան-Ուորտի հետ հարցազրոյց, Յունիս 2002)։
- [113] Թրավիսի օրագիր, 26 Մայիս 1920. «Այս առաւօտ ժամը վեցէն քիչ ետք, օդանաւը եկաւ ու վայրէջք կատարեց։ Դիտորդը հաղորդեց, որ շարասիւնը հասած է Ուլումաշ (Ouloumashe) [Ուլու Մեզրէ]։ Ճամբու երկայնքին ամէն ինչ հանդարտ եղած է, եւ ըստ երեւոյթին՝ որեւէ դիմադրութեան չեն հանդիպած»։
- [114] Թրեվիսի օրագիր, 27 Մայիս 1920։ Առաւօտեան ժամը եօթին Ռէյ Թրեվիս արձանագրած է զօրավար տը լա Մոթի (General de la Motte)՝ Քիլիսէն օդանաւով Այնթապ ժամանումը։ Զօրավարը յայտնած է, որ երբ ինք Քիլիսէն մեկնած է առաւօտեան ժամը 6։30-ի շուրջ, գաղթականներու կարաւանը քաղաքէն «երկու ժամուան հեռաւորութեան վրայ» կը գտնուէր։ Հետեւաբար, կարելի է ենթադրել, թէ կարաւանին առջեւի մասը Քիլիս հասած է 27 Մայիսի առաւօտեան՝ մօտաւորապէս ժամը 8։30-ին։ Ուլու Մեզրէէն Քիլիս հեռաւորութիւնը շուրջ 43,5 քիլոմեթր է՝ չափուած Karte von Mesopotamien und Syrien, թերթ 1b (Aleppo) քարտէսէն, պատրաստուած Փրուսիոյ Արքայական Քարտէսագրական Ծառայութեան կողմէ, Մայիս 1918, scale՝ 1։400.000, Princeton University Library (HMC01.4206)։ Գաղթականներու՝ սայլերով, անասուններով եւ երեխաներով ճամբորդող կարաւանի մը հաւանական արագութիւնը նկատի ունենալով՝ այս ճանապարհը կտրելու համար անհրաժեշտ պիտի ըլլար մօտաւորապէս 14–17 ժամ։ Այս հաշուարկին հիման վրայ՝ կարաւանը, ըստ երեւոյթին, Ուլու Մեզրէէն մեկնած է 26 Մայիսի յետմիջօրէի ուշ ժամերուն կամ երեկոյեան։
- [115] Abadie, Opérations au Levant…, p. 22. «Այս բոլոր [հեռագրական] թելերը այսօր քանդուած են» (Toutes ces lignes sont aujourd’hui détruites)։ Հեռագրական հաղորդակցութիւնը տակաւին կը գործէր 1919-ի վերջաւորութեան, սակայն յաջորդող ամիսներուն աստիճանաբար խանգարուեցաւ։ 1919-ի Դեկտեմբերին եւ 1920-ի Յունուարին վերաբերող տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, որ հեռագրական թելերը կը կտրէին՝ կարգ մը պարագաներու ամբողջովին ընդհատելով հաղորդակցութիւնը։ 1920-ի Փետրուարին Այնթապի եւ Քիլիսի միջեւ հեռագրաթելը կտրուած էր արդէն, իսկ շուրջ յիսուն հեռագրասիւներ՝ արմատախիլ եղած (Abadie, op. cit., p. 42)։ Ժամանակակից քարտէսները ցոյց կու տան, որ դէպի Քիլիս տանող ճամբուն վերջին վեց քիլոմեթրերուն հեռագրաթելը կ’ընթանար ճամբուն երկայնքով՝ այն կէտէն սկսեալ, ուր երթուղին կը դառնար դէպի արեւմուտք՝ քաղաք ուղղուելով (Karte von Mesopotamien und Syrien, թերթ 1b [Հալէպ]:)։
Թրեվիսի օրագիր, 28 Մայիս 1920. «Այսօր իմացանք, որ երէկ առաւօտ Քիլիս հասած կարաւանին յետնամասը ենթարկուած է թրքական հեծելազօրի յարձակումին, երբ կը գտնուէր Քիլիսէն մէկուկէս քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, եւ ֆրանսացի հարիւրապետ մը՝ բժիշկ սպայ մը, սպաննուած է»։ Նոյն քարտէսը ցոյց կու տայ, որ կարաւանին՝ Քիլիս մօտենալու երթուղիին վրայ, քաղաքէն մօտաւորապէս 1,5 քիլոմեթր արեւելք, կար կարեւոր ջրահոսքի մը անցումը (Karte von Mesopotamien und Syrien, թերթ 1b [Հալէպ]:)։ Նման անցումները հաւանաբար կը դանդաղեցնէին գաղթականներու երկար կարաւանին ընթացքը եւ պատճառ կը դառնային, որ սայլերն ու բեռնակիր անասունները իրարու մօտ կուտակուէին՝ յետնամասը յատկապէս խոցելի դարձնելով հեծելազօրի յարձակումին դիմաց։ - [116] Քիլիսէն Գաթմա հեռաւորութիւնը շուրջ 26 քիլոմեթր էր (Karte von Mesopotamien und Syrien, թերթ 1b [Aleppo]:)։ Թէեւ ջորիով քաշուող սայլերը կրնային ժամական շուրջ 2,5–3 քիլոմեթր յառաջանալ, գաղթականներու մեծ շարասիւները շատ աւելի դանդաղ կը շարժէին։ Յառաջընթացը կախեալ էր յոգնած անասուններուն ջուր տալու եւ հանգստացնելու բազմաթիւ կանգառներէն, յատկապէս Մայիսի վերջաւորութեան տաք եղանակին։ Նոյնիսկ առանց երկար կանգառներու՝ ճամբորդութիւնը պիտի տեւէր հաւանաբար շուրջ տասը ժամ, իսկ ջուր տալու եւ հանգստանալու դադարները յաւելեալ ժամեր պիտի պահանջէին։ Եթէ գաղթականները Քիլիսէն ուշ առաւօտեան՝ միայն կարճ հանգիստէ մը ետք մեկնած էին, կրնային Գաթմայի կայարանը հասած ըլլալ 27 Մայիսի մայրամուտէն ետք։
- [117] W. J. Childs, Across Asia Minor on Foot (Edinburgh and London, William Blackwood and Sons, 1917, p. 410, Internet Archive. «Կ’ըսեն, թէ հիւսիսէն Քիլիս մտնելու ատեն թրքերէն պիտի լսես, իսկ հարաւէն դուրս գալու ատեն՝ միայն արաբերէն։ Եւ ճիշդ այդպէս ալ եղաւ իմ փորձառութեանս մէջ՝ թէ՛ քաղաք մտնելու եւ թէ՛ անկէ դուրս գալու ժամանակ»։
- [118] Ռոզա Չամիչեան, Աննալի Չամիչեան եւ Ճեմիլէ Չամիչեան-Չերչեան՝ Հալէպի մէջ։ Թուայնացուած է Ակնէս Չերչեան-Ուորտի լուսանկարներու ալպոմէն։ Բնօրինակը հետագային կորսուած է։
- [119] Ներսէս Չամիչեան եւ ընտանիքը՝ Հալէպի մէջ, 1924։ Վերի ձախ անկիւնէն՝ ժամացոյցի սլաքներու ուղղութեամբ. Եփրոն, Ճորճ, Հենրի, Լեւոն, մանուկ Հերմինէ (կամ Անայիս), աթոռին վրայ նստած՝ փոքրիկ Հերմինէ (կամ Անայիս), նստած՝ Ներսէս, եւ նստած՝ Մերիյէ։ Թուային պատճէնը տրամադրած են Չամիչեան, Չաւուր եւ Քելեճեան ընտանիքները։
- [120] Ճամիլ եւ Ովսաննա Չամիչեան։ Լուսանկարը կը գտնուի Չամիչեան, Չաւուր եւ Քելեճեան ընտանիքներու տրամադրութեան տակ։
- [121] Ճեմիլէ Չամիչեան-Չերչեան՝ իր ընտանիքին հետ, Հալէպ, շուրջ 1924։ Մայրը՝ Ճեմիլէ, գրկած է մանուկ Փօլը, իսկ հայրը՝ Յովսէփ, գրկած է փոքրիկ Պարգեւը, որ իբրեւ մանուկ ճամբորդած էր ջորիներով քաշուող սայլերու կարաւանին հետ։ Ալիս նստած է աթոռին վրայ։ Սայլերու կարաւանով ճամբորդած երկու քոյրերը՝ սպիտակ կօշիկներով Ակնէսն ու Հռութը, իրարու ձեռք բռնած են։ Լուսանկարը կը գտնուի Չերչեան, Քորթ եւ Հաուս (House) ընտանիքներուն քով։
- [122] Ընտանիքը՝ Հալէպի մէջ, 1930-ականներու սկիզբը։ Վերի աջ անկիւնէն՝ ժամացոյցի սլաքներուն հակառակ ուղղութեամբ. Ճորճ՝ Լուտեր Չամիչեանի որդին, Յարութիւն՝ Ներսէս Չամիչեանի թոռը, Պարգեւ Չերչեան՝ գնդակ մը բռնած, Ալիս Չերչեան, Ակնէս Չերչեան՝ Ճերմակ զգեստով, Հելէն Չերչեան, Փօլ Չերչեան եւ Ճեմիլէ Չամիչեան-Չերչեան։ Կեդրոնը Ովսաննա Չամիչեանն է։ Լուսանկարը կը գտնուի Չերչեան, Քորթ եւ Հաուս ընտանիքներուն քով։
- [123] Ճեմիլէի եւ Աննալիի կրտսեր եղբայրը՝ Ճորճ Չամիչեան, 1936-ին Միացեալ Նահանգներէն կ’այցելէ Հալէպ։ Այցի ընթացքին ան այս լուսանկարը կը նուիրէ իր եղբօրորդի Պարգեւ Չերչեանին՝ այն մանուկին, որ 1920-ին Այնթապէն ճամբորդած էր ջորիով քաշուող սայլի մը վրայ։ Տոքթ. Լուտեր Չամիչեան, նախշազարդ փողկապով, նստած է կեդրոնէն քիչ մը աջ՝ ակնոցաւոր կնոջմէ ներքեւ։
- [124] Լուսանկարին ետեւի արձանագրութիւնը՝ հայատառ թրքերէնով.
Պէն վէ պիրատէրին պու / ֆօթէկրաֆըմըզը եատիկեար հալընտա քապուլ վէ հիֆզ / էտէրէք պիզի խաթր — Ben ve biraderin bu fotoğrafımızı yadigâr hâlinde kabul ve hıfz ederek bizi hatır... — Իմ ու եղբօրդ այս լուսանկարը ընդունէ՛ իբրեւ յիշատակ եւ զայն պահելով մեզ յիշէ՛…
[Մասամբ անընթեռնելի]: ...նիզի — [Մասամբ անընթեռնելի]: ...nizi — Թարգմանութիւնը անորոշ է։
արզու էտէրիզ — arzu ederiz — Կը ցանկանք... / կը յուսանք...
Վալիտէն — Validen — Մայրդ։
Հովսաննա Չամիչեան — Hovsanna Chamichian — Ովսաննա Չամիչեան։
Վերջաւորութեան հատուածը մասամբ անընթեռնելի է։ Ան կ’աւարտի arzu ederiz («կը ցանկանք» կամ «կը յուսանք») արտայայտութեամբ։ Պակսող բառերը կրնան կա՛մ արտայայտել այն յոյսը, որ Ռոզա պիտի յիշէ իր ընտանիքը, կա՛մ կրնան մաս կազմել բարեմաղթութեան ընդունուած արտայայտութեան մը։
Լուսանկարը կը գտնուի Չամիչեան, Չաւուր եւ Քելեճեան ընտանիքներուն քով։ - [125] Լուսանկարին ետեւի արձանագրութիւնը՝ հայերէնով.
Ի յիշատակ սիրոյ ձեր ընտանիքին կը ղրկեմ այս նկարս։
Ճեմիլ Չամիչեան — Jamil Chamichian։
Ապրիլ 20, 1942 — 20 Ապրիլ 1942։
Երուսաղէմ — Jerusalem։
Լուսանկարը կը գտնուի Չերչեան, Քորթ եւ Հաուս ընտանիքներուն քով։ - [126] Լուսանկարին ետեւի արձանագրութիւնը՝ հայատառ թրքերէնով.
Սէվկուլու Ամմիմ — Sevgülü ammim — Սիրելի՛ հօրեղբայրս։
Տոքթ. Լ. Չամիչեան — Dr. L. Chamichian — Տոքթ. Լ. Չամիչեան։
զիգրիյէթ պէնտէն սիզէ — Zikriyet benden size — Յիշատակ մը ինձմէ՝ ձեզի։
Ճեմիլ Չամիչեան — Cemil Chamichian — Ճեմիլ Չամիչեան։
Հոկ. 25, 1942 — 25 Hog. 1942 — 25 Հոկտեմբեր 1942։
Երուսալէմ — Yerusalem — Երուսաղէմ։
Լուսանկարը կը գտնուի Չամիչեան, Չաւուր եւ Քելեճեան ընտանիքներուն քով։

























































