Տատոյեան տոհմը, ըստ ընտանիքին բանաւոր պատմութեան, ծագումով Արցախի շրջանէն է: Այս էջով ներկայացուած պատմութիւնը ծայր կ’առնէ Հազրոյի մէջ ուր այս ընտանիքը հաստատուած էր դարեր առաջ: Ընտանեկան պատմութեան հիմնական աղբիւրն է Արշակ Տատոյեանի 1965-ին գրած Հազրոյի յուշամատեանը, որ անտիպ է եւ կը պահուի ձեռագիր վիճակի մէջ: Արշակի տեղեկութիւններուն – մանաւանդ Տատոյեան տոհմին վերաբերող բաժիններուն – բանաւոր հիմնական աղբիւր հանդիսացած է Արշակի մայրը՝ Սառա Տատոյեանը (ծնեալ Տէր Գասպարեան, 1880-1975):
Հազրօ (կը գրուի նաեւ Հազզօ) փոքր քաղաքը կը գտնուի Տիարպեքիր քաղաքէն հիւսիս-արեւելք: Մինչեւ 1915, ըստ Արշակ Տատոյեանի, Հազրոյի մէջ կը գտնուէր 600-700 տուն, որոնց կէսը հայ էր, միւս կէսը՝ քիւրտ: Արշակ Տատոյեանի կարծիքով, իւրաքանչիւր հայ տուն կազմուած էր միջին հաշուով 12 անձէ: Դարձեալ ըստ նոյն հեղինակին, Դատոնց տունը (Տատոյեան ընտանիքին պատմական անունը) երկար ժամանակ ամէնէն ազդեցիկ ուժը եղած է այս քաղաքին մէջ, մինչեւ որ իր դիրքը զիջած է երկու քիւրտ պէկերու:
Դատոյեան/Տատոյեան գերդաստանի նախահայրերէն կը յիշատակուին Մղցի Գէորգը, Մղցի Ղազարը եւ Մղցի Թուխմանը: Ասոնք շատ հաւանաբար ապրած են 18-րդէն 19-րդ դարերուն միջեւ: Մեր պատմութիւնը կեդրոնացած է այս ընտանիքներէն Մղցի Գէորգի ճիւղին վրայ, որու շառաւիղները մեզի տրամադրեցին այս էջով ներկայացուած բոլոր նիւթերն ու տեղեկութիւնները:
Մղցի Գէորգի ճիւղը
Մղցի Գէորգ (կնոջ անունը անյայտ է) ունեցած է հինգ զաւակ՝ չորս դուստր՝ Եւա, Մրթուշ/Մարի, Սառիկ, չորրորդին անունը անյայտ է, եւ մէկ որդի՝ Պապոշ:
Մրթուշ հարս գացած էր Տէր Թումենց տունը եւ ունեցած է վեց զաւակ՝ Մկրտիչ, Յովհաննէս, Տիգրան, Թովմաս, Գրիգոր եւ Սառիկ: Եւա հարս գացած էր Դեբոնց տունը: Սառիկ հարս գացած էր Հազրոյի դրացի Լիճէ գիւղաքաղաքը: Պապոշ ունեցած է չորս դուստր եւ երկու որդի՝ Թումա, Մարիցա, Սուսան, Լուսօ, Կարապետ, Սարգիս:
Թումա հարս գացած էր Նիգանենց տունը եւ ունէր որդի մը՝ Յովհաննէսը: Մարիցա հարս գացած էր Տիարպեքիր՝ Տէր Վարդանին տունը, ունէր հինգ զաւակ՝ Յակոբ, Գառնիկ, Վարդգէս, Զաւէն, Զապէլ: Սուսան հարս գացած էր Տիարպեքիր եւ ունէր երկու որդի: Կարապետ ամուսնացած էր Ֆարղինէն Գրիգոր Տէր Մանուէլեանի դստեր՝ Հայկանուշի հետ, եւ ունէր երկու զաւակ՝ Վարդգէս եւ Զապէլ: Կ’ապրէին Ֆարղինի մէջ: Լուսօ հարս գացած էր Հազրոյէն Տէր Աւետիսենց տունը: Սարգիս 1898-ին ամուսնացած էր ալիփընարցի Տէր Գասպարի աղջկան՝ Սառա Տէր Գասպարեանի հետ (Արշակ Տատոյեանի մայրը): Նախապէս, 1890-ին, ան ամուսնացած էր Հայկանուշի հետ, որ կանուխ մահացած էր: Առաջին կնոջմէ ունեցած է դուստր մը՝ Արուսեակը: Սառայէն կ’ունենայ չորս որդի՝ Գէորգ (ծնած է 1900-ին), Արշակ (ծնած է 1904-ին), Զոհրապ (ծնած է 1910-ին), Վահան (ծնած է 1912-ին): 1907-ին կ’ունենան նաեւ դուստր մը՝ Նուարդը, որ կանուխ կը մահանայ: Արուսեակ ամուսնացած էր Հազրոյէն Յովհաննէս Տալալեանի հետ եւ ունէր դուստր մը՝ Ազնիւը:
Այս մեծ ընտանիքի անդամներուն մեծամասնութիւնը զոհ կ’երթայ 1915-ի ցեղասպանութեան: Հազուագիւտ վերապրողներն էին Մարիցայի զաւակներէն մէկը (անունը անյայտ է), Սառան եւ իր չորս որդիները, ինչպէս նաեւ Սառայի մայրը, երկու քոյրերը եւ քոյրերէն մէկուն որդին:
Սարգիս Տատոյեանի երկրորդ կինը՝ Սառա, ծնած էր 1880-ին, Տիարպեքիրի մօտակայ Ալիփընար (Alipınar) գիւղաքաղաքը: Հայրը՝ Տէր Գասպար Տէր Գասպարեան Ալիփընարի հոգեւոր հովիւն էր: Ան կը սպանուի 1895-ին՝ սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.ի գահակալութեան օրերուն տեղի ունեցած հայկական ջարդերուն ընթացքին: Այդ խժդժութեանց ատեն կը սպանուի նաեւ Տէր հօր եղբայրը՝ Կարապետը: Սառայի մայրը երէցկին Մարիամն էր (ծնեալ Ալփունարեան): Տէր Գասպարի եւ Մարիամի միւս զաւակներն էին Յովհաննէսը, Վարդուհին, Յակոբը եւ Մանուշակը (Մենուշ): Մանուշակ Տէր Գասպարեան կ’ամուսնանայ Հայնի գիւղէն Սարգիս Տէր Մանուէլեանի հետ եւ կ’ունենայ երեք որդի՝ Անդրանիկ, Արտաշէս եւ Տիրան: Վարդուհի կ’ամուսնանայ Սարգիս Միքայէլեանի հետ: Յակոբ Տէր Գասպարեան 1912-ին արդէն գաղթած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր կ’ամուսնանայ տիգրանակերտցի կնոջ մը հետ (անունը անյայտ է) եւ կ’ունենայ որդի մը՝ Անդրանիկը: Առաջին կնոջ մահէն ետք, ան կը վերամուսնանայ դարձեալ տիգրանակերտցի Լուսիա Գազանճեանի հետ եւ կ’ունենայ երեք որդի՝ Ճոն/Յովհաննէս, Չարլի/Կարապետ եւ Սարգիս/Յարութիւն/Հէրի: Ա. Մ. Ն.ի մէջ Տէր Գասպարեան մականունը կը պարզեցուի եւ կը դառնայ Գասպարեան: Չարլի (գրչանունը C. K. Garabed, 1927-2022) իր գրութիւններուն ճամբով աշխուժ մասնակից եղած է Տիգրանակերտի շրջանի հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման: Ան նաեւ կարեւոր դեր խաղցած է յատկապէս Նիւ Ճըրզիի հայկական համայնքային-մշակութային կեանքին մէջ:
Սարգիս Տատոյեանի եղբայրը՝ Կարապետ, ունէր երկու աներորդի՝ Տիգրան եւ Արամ Տէր Մանուէլեանները, որոնք կ’ապրէին Ֆարղին: 1913-ին Արամ կ’ընդունուի Արմաշի դպրեվանք: 1914-ին Տիգրան պէտք է զինուորագրուէր օսմանեան բանակին մէջ: Խուսափելու համար զինուորական ծառայութենէն, Տիգրան իրեն հետ առնելով նաեւ Արամը, նոյն տարի կը գաղթէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Առաջին համաշխարհային պատերազմի բռնկումէն ետք ամբողջովին կը կտրուի Տատոյեան ընտանիքին կապը այս երկու եղբայրներուն հետ:
Հազրօ եւ իր հայերը՝ Արշակ Տատոյեանի յուշամատեանին ընդմէջէն
Հազրոյի հայոց եկեղեցին Սուրբ Աստուածածինն էր, որու դիմաց կը գտնուէր երեք խոշոր սենեակներով հայկական վարժարանը՝ մանկապարտէզէն մինչեւ վեցերորդ դասարան: Դպրոցի կողքին կար ասորիներու փոքր եկեղեցին՝ Սուրբ Շմաւոնը: Կ’ենթադրուի թէ աւելի հին ժամանակներուն Հազրոյի բնակչութեան կարեւոր հատուածը ասորի եղած է, բայց աւելի ուշ անոնց թիւը նօսրացած է. Արշակ Տատոյեան իր ապրած ժամանակներուն համար կը նշէ գոյութիւնը միայն մէկ ասորի ընտանիքի, որ հայախօս դարձած էր: Ուստի Հայ եկեղեցին սկսած էր կառավարել Սուրբ Շմաւոն եկեղեցին:
Հազրոյէն հիւսիս-արեւելք, ոտքով մօտաւորապէս կէս ժամ հեռաւորութեամբ կը գտնուէր Այն-Պարիք/Այնպրեխ անունով վայր մը, ուր կար Արշակ Տատոյեանի համար անունն անյայտ վանք մը: Ան կը գտնուէր լեռան մը լանջին՝ շրջապատուած պտղատու բազմատեսակ ծառերով: Վանքը շրջանի հայութեան համար կարեւոր ուխտավայր մըն էր: Վանքին շուրջ կառուցուած էին ուխտաւորներուն յատկացուող քանի մը սենեակներ: Վանքին առջեւ, ընկոյզի եւ բարտիի հսկայ ծառերուն տակէն կը բխէր չափազանց պաղ ջուրով աղբիւր մը, որ կը թափուէր մօտակայ երկու աւազաններու մէջ: Տօնական օրերուն հոս կու գային Հազրոյէն քահանաներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ուխտաւորներ: Կը մատուցուէր պատարագ, որմէ ետք ծայր կ’առնէր տօնախմբութիւնը. երգ, պար, խաղեր…
Հազրոյի հարաւ-արեւմուտքը, մօտաւորապէս տասը մղոն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր 15-20 տուն հայերէ բաղկացած Թարճըլ գիւղը: Հոսկէ ոտքով քառորդ ժամ հեռաւորութեան վրայ կար Սուրբ Թումայի վանքը, որուն շուրջ կառուցուած էին ուխտաւորներու յատկացուող բազմաթիւ սենեակներ: Սուրբ Թումայի տօնը մեծ շուքով կը նշուէր այս վանքին եւ անոր մերձակայքին մէջ: Ուխտաւորներ հոս կը ժամանէին Հազրոյէն, շրջակայ գիւղերէն, մինչեւ իսկ Տիարպեքիր քաղաքէն: Տօնախմբութիւնը կը սկսէր առաւօտեան ու կը շարունակուէր մինչեւ երեկոյ. երգ, պար, նշանառութիւն, խաղեր, բնութեան մէջ պտոյտ, արշաւ... Կարգ մը ուխտաւորներ ամբողջ շաբաթ մը կը մնային այս վայրին մէջ: Վանքը նշանաւոր էր իր բուժիչ յատկութիւններով. ուխտաւորներ կը հաւատային որ վանքը կրնար բուժել, յատկապէս, ջղային հիւանդութիւններէ տառապողները: Քիւրտ ուխտաւորներ ալ յաճախ ներկայ էին հոս:
Հազրոյի հայերը հայախօս էին, անոնց լեզուն Սասունի բարբառի ճիւղերէն մէկուն խօսուածքն էր: Հայկական միջավայրին մէջ երգուած երգերը մեծ մասամբ քրտերէն էին: 1908-ին օսմանեան Սահմանադրութեան վերահաստատումէն ետք, հայերէն երգեր ալ կը սկսին մտնել հայկական տուներէն ներս: Արշակ Տատոյեան կը նշէ տեղական պարերու անուններ ալ՝ կովանտ, շանկլի, կրանի, շամլի, չաբիք (Տարօնի տարքուշքայի տարբերակը), գաչքան (կնոջական պար): Տեղի հայ արհեստաւորներէն կարեւոր հատուած մը կօշկակար էր: Անոնք տարուան մեծ մասը իրենց արհեստը կը բանեցնէին Տիարպեքիրի մէջ:
Ցեղասպանութեան ժամանակ Հազրոյի հայութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը կը բռնագաղթեցուի: Քաղաքը կը մնան քանի մը արհեստաւոր ընտանիքներ, որոնք կ’իսլամանան:
Մղցի Ղազարի ճիւղը
Մղցի Ղազար ունէր չորս որդի եւ երկու դուստր՝ Յակոբ, Յովհաննէս, Առաքել, Զաքար, Սառիկ, Մարիամ, Լուսօ:
Արշակ Տատոյեանի ձեռագիրին մէջ Մղցի Ղազար կը նկարագրուի իբրեւ Հազրոյի ամէնէն ազդեցիկ անձնաւորութիւնը՝ մինչեւ որոշ ժամանակաշրջան մը: Տատոյեան յստակ թուական մը չի տար Մղցի Ղազարի ապրած տարիներուն մասին, բայց կ’ենթադրենք թէ նկարագրուած դէպքերը կը վերաբերին 19-րդ դարու կէսերուն, երբ օսմանեան իշխանութիւնները թոյլ էին այս շրջաններուն մէջ եւ քիւրտ պէկեր ու աղաներ շատ վայրերու մէջ միահեծան իշխանութիւն հաստատած էին: Բայց Հազրոյի մէջ Մղցի Ղազար տակաւին կը մնար նկատառելի ուժ մը: Ան կրնար ձերբակալել եւ խստօրէն պատժել հայերու արտեր կամ տուներ մտնող գողերը, որոնք առհասարակ քիւրտ կ’ըլլային: Այս փաստը քիւրտ պէկեր ու աղաներ չէին կրնար հանդուրժել: Հազրոյի մէջ գլխաւոր դժգոհները Սիւտին փաշան եւ Ռաճապ պէկն էին: Անոնք բողոք կը ներկայացնեն պետական մարմիններու՝ Տիարպեքիր ու Պոլիս, եւ Ղազարը կ’ամբաստանեն իսլամներ պատժելու եւ նոյնիսկ սպանելու յանցանքով: Ղազար դատի կը կանչուի Տիարպեքիր: Բայց ան այս քաղաքին մէջ պետական պաշտօնեաներու հետ ամուր կապեր հաստատած ըլլալով, անոր հակառակորդները դատը փոխադրեն Պոլիս: Հոն Ղազարին կը զօրակցի հայոց պատրիարքարանը եւ անոր կը յատկացնէ պաշտպան փաստաբաններ: Դատավարութիւնը տեղի կ’ունենայ. Ղազար անպարտ կը յայտարարուի ու ազատ կ’արձակուի: Արշակ Տատոյեան կը գրէ, որ մայրաքաղաք գտնուած օրերուն, Հազրոյի այս երեւելի հայը հանդիպած է նոյնիսկ սուլթանին, որ անոր սուր մը նուիրած է: Կը նշուի նաեւ որ Պոլիսէն Հազրօ վերադարձի ճամբուն վրայ, 1840-ական թուականներուն, Ղազար կանգ կ’առնէ Ուրֆա քաղաքը, որու հայերը կը նորոգէին իրենց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին: Ղազար կարեւոր նուիրատուութիւն մը կը կատարէ շինարարական այս ծրագիրին:
Յաջորդող տարիները Հազրոյի մէջ Ղազարի ուժի անկումի շրջանն է: Զուգահեռաբար կ’ամրապնդուի քիւրտ երկու պէկերուն՝ Սիւտին փաշայի եւ Ռաճապ պէկի ազդեցութիւնը: Արշակ կը գրէ, որ այս երկուքը թէեւ կը վայելէին օսմանեան իշխանութիւններուն հովանաւորութիւնն ու պաշտպանութիւնը, այդուհանդերձ, կեդրոնին հետ անոնց յարաբերութիւնները հետզհետէ կը վատթարանան (Արշակ չի նշեր պատճառները): Անոնք կ’աքսորուին Պոլիս ու անոնց ապարանքները թնդանօթով հիմնայատակ կը քանդուին: Արշակի գրի առած պատմութեան մէջ կը տեսնենք, որ այս դէպքէն ետք Ղազար դարձեալ կարեւոր դերակատար է: Այսպէս, ան կը մեկնի Պոլիս եւ իր բոլոր կապերը ի գործ կը դնէ երկու պէկերուն ներում ստանալու համար: Ան ի վերջոյ կը յաջողի իր այս առաքելութեան մէջ, եւ քիւրտ պէկերը իրենց ընտանիքներով կը վերադառնան Հազրօ:
Աւելի ուշ, Ղազար, արդէն ծերացած, կը զղջար պէկերուն ի նպաստ իր միջամտութեան համար: Արշակ կը գրէ որ Ղազարի որդիներէն մէկն ու անոր ընկերը երբ կը գտնուէին Հազրոյի իրենց արտին մէջ, կը նկատեն որ քիւրտ հովիւ մը իր ամբողջ հօտը հոն բերած է եւ կ’արածէ: Երբ կը փորձեն հովիւն ու հօտը դուրս հանել արտէն, քիւրտը իրենց վրայ դանակ կը քաշէ: Կռիւ կը ծագի եւ հովիւը կը սպանուի: Ղազարի որդին ու անոր ընկերը կը ձերբակալուին եւ Ֆարղինի բանտը կը տարուին: Երկու պէկերը իրենցմէ ակնկալուած միջամտութիւնը չեն ըներ: Ղազար կը ստիպուի ինք Ֆարղին երթալ: Որդին ու անոր ընկերը ի վերջոյ ազատ կ’արձակուին:
Մղցի Ղազարի որդիներէն Յակոբ ամուսնացած էր եւ ունէր երեքական որդի եւ դուստր՝ Թովմաս, Պետրոս, Գրիգոր, Թումա, Սողօ, Վարդի: Թովմաս ունէր չորս որդի եւ մէկ դուստր՝ Յակոբ, Մկրտիչ, Սերոբ, Պետրոս, Սողիկ: Պետրոս ունէր երեք որդի՝ Յակոբ, Ղազար, Կարապետ: Գրիգոր ամուրի էր. ան կը սպանուի ցեղասպանութեան տարիներուն՝ Հալէպի բանտին մէջ: Թումա Հազրօ հարս գացած էր եւ ունէր երկու զաւակ՝ Մանուկ եւ Աննա: Սողօ նոյնպէս Հազրօ հարս գացած էր Ապաչունք տունը եւ ունէր երեքական որդի եւ դուստր (անունները անյայտ են): Վարդի հարս գացած էր Հազրոյի Թիւրպենտեան ընտանիքին եւ ունէր երեք որդի՝ Ստեփան, Տիգրան, Յովհաննէս: Ստեփան կը սպանուի 1915-ին: Տիգրան Ա. Մ. Ն. գաղթած էր 1915-էն առաջ: Յովհաննէս ու Վարդի կը վերապրին ցեղասպանութենէն:
Մղցի Ղազարի որդիներէն Առաքել ունէր մէկ որդի եւ մէկ դուստր (անունները անյայտ են), որոնք ամուսնացած էին եւ ունէին զաւակներ: Զաքար ունէր երկու որդի, որոնք ամուսնացած էին եւ ունէին զաւակներ: Սառիկ հարս գացած էր Շամ-Շամ/Շէմշան (Տիարպեքիրի նահանգին մէջ), Մարիամ՝ Հազրոյի Տէր Կարապետենց, Լուսօ՝ Հազրոյի Տէր Աւետիսենց: Երեքն ալ ունէին զաւակներ եւ թոռներ:
Մղցի Ղազարի այս մեծ ընտանիքին բացարձակ մեծամասնութիւնը կը կոտորուի ցեղասպանութեան ժամանակ. կը վերապրին միայն Վարդին եւ երկու որդիները՝ Տիգրանը եւ Յովհաննէսը:
Մղցի Թուխմանի ճիւղը
Մղցի Թուխման ունէր հինգ որդի եւ երկու դուստր՝ Գասպար, Մանուկ, Յովսէփ, Պապոշ, Լութֆիկ, Սուսան, Թումա (Հաճի Խաթուն):
Գասպար ամուսնացած էր եւ ունէր երեք որդի եւ մէկ դուստր՝ Թովմաս, Յովսէփ, Կարապետ եւ Սուսան: Թովմաս ամուսնացած էր եւ ունէր երեք զաւակ (անունները անյայտ են): Յովսէփ ամուսնացած էր եւ ունէր երկու որդի (անունները անյայտ են): Կարապետ ամուրի էր: Սուսանա մուսնացած էր Սարգիս Ղազարեանի (Կամաւոր Սարգիս) հետ: Վերջինս առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին կը ծառայէր օսմանեան բանակին մէջ եւ իր զօրամասով կը ղրկուի իրաքեան ճակատ: Հոն գերի կ’իյնայ բրիտանական զօրքերուն, կը տարուի Եգիպտոս, ուր կամաւոր կ’արձանագրուի Հայկական լեգէոնին մէջ: Կը մեկնի Կիպրոս՝ մարզումներու, ապա կը ղրկուի պաղեստինեան ռազմաճակատ: Հալէպի մէջ կ’իմանայ որ ընտանիքը բնաջնջուած է: Այնուհետ կը վերամուսնանայ:
Մղցի Թուխմանի որդիներէն Մանուկ ունէր մէկ որդի եւ մէկ դուստր, որոնք ամուսնացած էին եւ ունէին տասնեակ մը զաւակներ: Յովսէփ ունէր չորս դուստր եւ մէկ որդի: Ան Հալէպ հաստատուած էր գործի բերումով, բայց 1914-ին կ’որոշէ վերադառնալ Հազրօ, ուր ընտանիքին հետ կը բնաջնջուի: Պապոշ ունէր չորս զաւակ՝ Թուխման, Յակոբ, Լութֆիկ եւ Վարդօ: Լութֆիկ ունէր զաւակներ եւ տասնեակ մը թոռներ: Սուսան Տիարպեքիր հարս գացած էր, ունէր զաւակներ եւ թոռներ:
Թուման (Հաճի Խաթուն) ամուսնացած էր լիճէցի Յովսէփ Պոյաճեանի հետ: Կ’ապրէին Հալէպ, ուր Յովսէփ Régie de Tabacs-ի (ծխախոտի ընկերութիւն) պաշտօնեայ էր: Ունէին հինգ որդի եւ երկու դուստր՝ Կարապետ, Հայկ, Ռուբէն, Արամ, Լեւոն, Թագուհի, Հայկանուշ:
Մղցի Թուխմանի այս ճիւղէն միայն Թումանն (Հաճի Խաթուն) ու ընտանիքը (բացի իր Կարապետ որդիէն) կը վերապրին 1915-ի ցեղասպանութենէն: Թումանի ամուսինին գործը, մանաւանդ անոնց Հալէպ գտնուիլը բախտորոշ այդ տարիներուն փրկութիւն կ’ըլլայ այս ընտանիքին համար: Որդիներէն Հայկը դաշնակցական էր: Պատերազմի տարիներուն ան Հալէպի մէջ կը բանտարկուի եւ արգելափակուած կը մնայ մինչեւ 1918-ին արաբական բանակներուն մուտքը քաղաք:
Մղցի Թուխմանի որդիներէն Պապոշը 1914-ին իր ամբողջ ընտանիքով Երուսաղէմ ուխտի գացած է: Արշակ Տատոյեան իր ձեռագիրին մէջ կը նկարագրէ ժողովրդային այն ընդունելութիւնը, որ Հազրոյի հայութիւնը կազմակերպած է այս ուխտաւոր ընտանիքի վերադարձին: Բազմութիւնը, որուն մէջ կային նաեւ Հազրոյի դպրոցին աշակերտներն ու ուսուցիչները, հաւաքուած էր Սուրբ Թումայի ճամբուն վրայ գտնուող Գանիա Գազա (սագերու աղբիւր) կոչուող, ծառերով պատուած վայրը: Նախքան Հազրօ մտնելը, Պապոշ ընտանիքին հետ գացած էր Թարճըլի Սուրբ Թումա վանքը՝ Երուսաղէմ իրենց ուխտագնացութիւնը լրումին հասցնելու համար: Երբ կը հասնին ժողովուրդին հաւաքուած վայրը, աշակերտները, շարքի կեցած, կը սկսին երգել, ժողովուրդը կը սկսի պարել եւ ուրախութեան բացագանչութիւններով դիմաւորել ուխտաւորները: Հոս քիչ մը հանգստանալէ ետք, բոլորը կ’ուղղուին դէպի Հազրօ, ուր տօնական մթնոլորտը կը շարունակուի մինչեւ ուշ գիշեր:
1895-ի հայկական ջարդերը եւ Հազրոյի հայութեան փրկութիւնը
Արշակ Տատոյեանի ձեռագիրին մէջ յատկանշական նկարագրութիւններ կան 1895-ին Օսմանեան կայսրութեան տարածքին տեղի ունեցած հայկական ջարդերու ընթացքին Հազրոյի իրավիճակին մասին: Քաղաքին մէջ օսմանեան բանակը ներկայացուած էր տասնապետով մը, որ միաժամանակ Հազրոյի գաւառակի միւտիրն էր (կառավարիչ): Անոր կողքին կը գործէին քանի մը ժանտարմաներ: Միւտիրը Սիւտին փաշայի եւ Ռաճապ պէկի ազդեցութեան տակ էր ամբողջովին: Տասնապետը այս երկուքին հետ պէտք է համակարգէր եւ գործադրէր Հազրոյի հայութեան հալածանքները: Այս նպատակով կը գումարուի ժողով մը, որու կը մասնակցին միւտիրն ու անոր օգնականը, Սիւտին փաշան եւ անոր որդիները՝ Շահմուտ, Պետրի եւ Պարան պէկերը, Ռաճապ պէկի որդիներ Խաթի եւ Ահմատ պէկերը: Կը յաջորդէ այլ ժողով մը, որու կը հրաւիրուին նաեւ Հազրոյի քիւրտ աղաները եւ շրջակայ վայրերէ քիւրտ ցեղապետեր, որոնց նեցուկն ու մասնակցութիւնը էական էին հայոց նկատմամբ խժդժութիւններ իրականացնելու համար:
Էջեր Արշակ Տատոյեանի ձեռագիրէն։ Արշակ Տատոյեանի անտիպ ձեռագիրի խորագիրն է«Հազրոյի պատմութիւն» (1965)։ Անիկա յուշամատեան ոճի աշխատանք մըն է, ուր բազմաթիւ տեղեկութիւններ կան ընդհանրապէս քաղաքի պատմութեան եւ մասնաւորապէս անոր հայ տարրին, առօրեայ կեանքին, ընտանիքներու պատմութեան մասին, եւայլն։ Ձեռագիրը կը պահուի չորս տարբերակներով։ Անոնցմէ ամէնէն ամբողջականը կը գտնուի Նիւ Ճըրզի, իսկ միւս տարբերակները եւ անոնց հետ Արշակէն մնացած այլ ձեռագիրներ կը պահուին Նիւ Եորքի մէջ:
Այս ընթացքին Ռաճապ պէկի չերքէզ կինը կը կռահէ թէ իր շուրջինները հայոց ջարդ մը կը կազմակերպեն մութին մէջ: Չերքէզուհին երկխօսութիւն կ’ունենայ իր որդիներէն Խաթի պէկին հետ: Երբ զրոյցի ընթացքին յստակ կը դառնայ որ ծրագրուածը զանգուածային բռնութիւն է իսկապէս, ան իր մայրական ամբողջ ազդեցութիւնը գործի կը դնէ որդին տարհամոզելու եւ հեռու պահելու այս ջարդին մասնակցելէ: Խաթի պէկ ի վերջոյ կը զիջի եւ կ’անցնի ջարդը կանխարգիլելու գործին: Եղբայրները կը միանան իրեն: Անոնց զինեալները կը փակեն Հազրօ տանող ճամբաները՝ արգիլելու համար շրջակայքէն հասնող զինեալ խօւժանին մուտքը քաղաք: Սիւտին փաշա կը յայտնուի կատարուած իրողութեան մը առջեւ եւ կը միանայ Ռաճապի որդիներու՝ Հազրօն բռնութիւններէ զերծ պահելու քայլերուն: Սիւտին փաշա իր քոնաքը (ապարանք) կը հրաւիրէ Հազրոյի երեւելի հայերը, անոնց կ’իմացնէ սպասուող վտանգը եւ իրենց որդեգրած դիրքը, ապա կը թելադրէ որ հայերն ալ մասնակցին ինքնապաշտպանութեան: Հայերը անմիջապէս կը կազմեն զինեալ խումբեր եւ կը մասնակցին Հազրօ տանող ճամբաներու փակումին:
Այս միջոցառումներէն տեղեակ կ’ըլլան շրջակայ գիւղերու քիւրտերը եւ խուժանը կը հրաժարի Հազրոյի վրայ յարձակելէ: Այսպիսով ո՛չ միայն Հազրօ քաղաքին, այլեւ շրջակայ գիւղերու հայերը զերծ կը մնան 1895-1896-ի ջարդերէն:
Սիւտին փաշայի մասին կը պատմուի, թէ ան մեծապէս դառնացած էր 1908-ին օսմանեան Սահմանադրութեան վերահաստատումէն: Անընդունելի կը գտնէր որ ժողովուրդները հաւասար ապրէին եւ ինք իր առանձնաշնորհումներէն զրկուէր: Ան Տիարպեքիր կը մեկնի իր բողոքը ներկայացնելու եւ ընդդիմանալու նոր կարգերուն դէմ: Արշակ Տատոյեան կը գրէ, որ ան հոն կը ձերբակալուի, ապա կ’աքսորուի, եւ աքսորավայրին մէջ ալ կը մահանայ:
Ցեղասպանութիւնը եւ հետագայ պատմութիւնը
1915-ին երբ ծայր կ’առնէ ցեղասպանութիւնը, Տատոյեան ընտանիքին բոլոր չափահաս տղամարդիկը կը ձերբակալուին, կը տարագրուին եւ անհետ կը կորսուին: Անոնց շարքին էին Պապոշն ու անոր Սարգիս եւ Կարապետ որդիները: Սարգիս իբրեւ ամելէ թապուրի (աշխատաւորներու ջոկատ) կը ղրկուի Ուրֆայի կողմերը եւ հոն կը սպանուի: Հազրօ կը մնան Սառա, չորս զաւակները՝ Արշակը, Զոհրապը, Վահանը եւ Գէորգը, Սառայի մայրը՝ Մարիամը, Սառայի քոյրերը՝ Վարդուհին եւ Մանուշակը, ինչպէս նաեւ վերջինիս որդին՝ Անդրանիկը:
Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն, ընտանիքը թաքնուած կեանք մը կ’անցընէր տան մէջ՝ ոստիկաններուն կողմէ ձերբակալուելու եւ տարագրուելու մշտական սարսափին մէջ: Արշակ Տատոյեանի ձեռագիրէն կ’իմանանք որ Սառա եւ անոր զաւակները որոշ ժամանակ մնացած են Վարդի Թիւրպենտեանի տան մէջ: Մղցի Ղազարի թոռնուհի Վարդուհիին ամուսինը փռապան էր, եւ ընտանիքը տարագրուելէ զերծ մնալու վաւերաթուղթ (վեսիքա) ունէր: Զինադադարէն ետք ալ Տատոյեան ընտանիքի այս անդամները կը շարունակեն ապրիլ Հազրոյի մէջ: 1923-ին Սառա, զաւակները, մայրը եւ քոյրերը կը տեղափոխուին Հալէպ, իսկ աւելի ուշ՝ Պէյրութ:
Հետաքրքրական է Սառայի քրոջ՝ Վարդուհիի ամուսինին՝ Սարգիս Միքայէլեանի պարագան: Ան իսլամացած էր եւ կը շարունակէր ապրիլ Տիարպեքիրի մէջ: Երբ Սառա եւ իր քոյրերը կ’որոշեն Հալէպ հաստատուիլ, Սարգիս կը շարունակէ մնալ Տիարպեքիր: Ան ամուսնացած էր տեղացի իսլամ կնոջ մը հետ: Հետագային երբ կինը կը մահանայ, ան լուր կը ղրկէ Պէյրութ ապրող Վարդուհիին, որ գայ եւ իրեն միանայ: Վարդուհի իսկապէս կ’առնէ այդ քայլը եւ 1960-ականներու վերջը քանի մը տարի կը մնայ նախկին ամուսինին քով, իսկ անոր մահէն ետք կը վերադառնայ Պէյրութ:
Սառայի որդիներէն Գէորգ Հալէպի մէջ կը հաստատէ հիւսուածեղէնի գործարան մը: Վահան կը սկսի յաճախել Ազգային Հայկազեան վարժարան, ապա՝ նոյն քաղաքին մէջ Փատովայի Սեն Անթուան գոլէճը: Վահան եւ անոր հարազատներէն ուրիշներ կը տիրապետէին բազմաթիւ լեզուներու: Վահան կրնար խօսիլ հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն, իտալերէն, անգլերէն, գերմաներէն, քրտերէն եւ թրքերէն:
Սառայի երէց որդին՝ Գէորգ (1900-1989, Նիւ Ճըրզի) 1935-ին Հալէպի մէջ կ’ամուսնանայ Վալանթինի հետ (ծնեալ Տէօքմէճեան, Տիգրանակերտ, 1903-ին, հայրը՝ Մելքոնը ասորի էր) եւ կ’ունենայ երեք որդի՝ Արսէն (ծնած է 1941-ին), Հրաչ (1935-2018, Նիւ Ճըրզի) եւ Պերճ (ծնած է 1937-ին): Արսէն ներկայիս կ’ապրի Նիւ Եորքի մէջ. ամուսնացած է մտաւորական եւ գիրքերու հեղինակ Սեդայի (ծնեալ Պարսումեան) հետ: Պերճ ներկայիս կ’ապրի Աթէնքի մէջ:
Սառայի երկրորդ որդին՝ Հազրոյի յուշագրութեան հեղինակ Արշակ (1905-1974) Հալէպի մէջ կ’անդամագրուի Հ. Յ. Դաշնակցութեան: 1938-ին կը տեղափոխուի Պէյրութ, ապա Դամասկոս: Դաշնակցութեան անդամներու դէմ այս քաղաքին մէջ ծայր առած ձերբակալութիւններու եւ բանտարկութիւններու ալիքէ մը ետք, ան կրկին կ’անցնի Պէյրութ: 1942-ին կ’ամուսնանայ ուրֆացի Յակոբ Գէորգեանի (Պոռենց) դստեր՝ Արշալոյս Գէորգեանի հետ: Յակոբ Գէորգեան իր եղբօր՝ Զոհրապի հետ Դամասկոսի մէջ կը զբաղէր հիւսուածեղէն ներկելու գործով: Արշակի մահէն ետք, Արշալոյս կը հաստատուի Հալէպ:
Զոհրապ Տատոյեան Հալէպի մէջ 1944-ին կ’ամուսնանայ ծագումով սասունցի Հայկուհի Տաուտ Արէեանի հետ: Զոյգը կը տեղափոխուի Դամասկոս, ապա՝ Պէյրութ: Կ’ունենան չորս զաւակ՝ Սալբի (ներկայիս՝ Գալիֆորնիա), Ռոպերթ/Բաբգէն (ներկայիս՝ Գալիֆորնիա), Սոնա (կը մահանայ Գալիֆորնիոյ մէջ՝ 2020-ին), Ծովինար/Ծովիկ (ներկայիս՝ Գալիֆորնիա): Զոհրապ կը մահանայ 1990-ին՝ Էնսինոյի մէջ, Գալիֆորնիա:
Վահան Տատոյեան (1913-2001) 1947-ին Պէյրութի մէջ կ’ամուսնանայ տիգրանակերտցի Օննիկ Մուրատեանի Անահիտ դստեր հետ:Կ’ունենան չորս զաւակ՝ Արփի (կը մահանայ Արիզոնայի մէջ՝ 2021-ին), Հուրի (ներկայիս՝ Նիւ Ճըրզի), Սօսի (ներկայիս՝ Նիւ Ճըրզի), Սարգիս (կը մահանայ Գալիֆորնիոյ մէջ՝ 2002-ին): Պէյրութի մէջ Արփի տաղանդաւոր դերասանուհի մըն էր։ 23 տարեկանին ան արդէն հիանալիօրէն մարմնաւորած է «Ո՞վ է վախցողը Վիրճինիա Վուլֆէն» թատերական գործին Մարթայի կերպարը։ Միացեալ Նահանգներու մէջ ան կը շարունակէ ստեղծագործել եւ արտադրել կատակերգութիւններ (ինչպէս IPENKIM եւ բազմաթիւ ուրիշներ), որոնց մէջ դերեր կը ստանձնէր։ Վահան առեւտրական գրասենեակ մը ունէր Պէյրութի կեդրոնին մէջ: Ան եղած է Լիբանանի թեմի առաջնորդանիստ Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամ: Վահան եւ Անահիտ կը մահանան Նիւ Ճըրզիի մէջ: