Հիւսէնիկ, 1895-ի շուրջ. Սատոյեան ընտանիքի անդամները (իսկական նկարէն յատուած մը)։

Էտուին Սատոյեան հաւաքածոյ - Ֆրեզնօ

Այս էջը նուիրուած է Էտուին Սատոյեանի նախնիներուն, որոնք Հիւսէնիկէն (ներկայիս Ուլուքենթ) եւ Մորենիկէն (ներկայիս Չաթալչեշմէ) են։ Հիւսէնիկ եւ Մորենիկ կը գտնուին Խարբերդի դաշտին մէջ։ Սատոյեան ընտանիքի անդամներ գաղթած են Միացեալ Նահանգներ 1915-էն առաջ։

Էտուինի հօրենական կողմը Հիւսէնիկէն էր. իր հայրը՝ Խաչատուր Սատոյեան ծնած էր Հիւսէնիկ 1909-ին։ Խաչատուրի հայրը՝ Յովհաննէս Սատոյեանն էր իսկ վերջինիս կինը՝ Սառա Սատոյեանը։ Ծանօթ են նաեւ Էտուինի մեծ մեծ ծնողները՝ Մարտիրոս Սատոյեանը եւ անոր կինը, որուն պատկերը ցուցադրուած է այս էջին վրայ, սակայն անունը կը մնայ անյայտ։ Սատոյեանները հինգ եղբայրներ էին՝ Մարտիրոսը, Միհրանը, Յարութիւնը, Առաքելը, եւ Էտուինի հայրը՝ Խաչատուրը։

Էտուինի մօրենական կողմը Մորէնիկէն էր։ Իր մօրենական մեծ ծնողներն էին՝ Իւղաբեր Ռուստիկեանը եւ Զաքար Ռուստիկեանը։ Էտուինին մօրենական մեծ մայրն էր Վարդեր Աւագեանը (ծնեալ Ռուստիկեան) իսկ մեծ հայրը՝ Եփրեմ Աւագեանը։ Վարդերի եւ Եփրեմի դուստրը Փայլածու, Էտուինի մայրն է. ան ծնած է 1902-ին եւ գաղթած է Միացեալ Նահանգներ, երբ 3 տարեկան էր։ Էտուինի մեծ մեծ հայրը եւ մեծ մեծ մայրը՝ Իւղաբեր եւ Զաքար ունէին չորս դուստրեր՝ Վարդեր եւ իր երեք քոյրերը (անունները անյայտ) եւ 3 որդիներ՝ Ճոն, Եղիա, եւ Աւետիս։ Էտուինի մեծ հայրը՝ Եփրեմ Աւագեան ծնած է Մորենիկ 1876-ին եւ մահացած է Միացեալ Նահանգներ 1968-ին. ան շատոնց գաղթած էր Ամերիկա։ Եփրեմ ունէր նաեւ եղբայր մը՝ Ասատուր Աւագեան։

Էտուինի ծնողները՝ Խաչատուր Սատոյեան եւ Փայլածու Աւագեան ամուսնացած են 1916-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ։

Ձախէն աջ՝ Մարտիրոս Սատոյեան (Էտուինի հօրեղբայրը), որ ձախէն առաջինն է ոտքի կանգնած, Յովհաննէս Սատոյեան (Էտուինի հօրենական մեծ հայրը) նստած, Միհրան Սատոյեան (Էտուինի հօրեղբայրը) ձախէն երկրորդը ոտքի կանգնած, ձախէն երկրորդ նստածը Էտուինի մեծ մեծ մայրն է, Մարտիրոս Սատոյեանի կինը, անունը անյայտ, Յարութիւն Սատոյեան (Էտուինի հօրեղբայրը), որ ձախէն երրորդն է ոտքի կանգնած, Մարտիրոս Սատոյեան (Էտուինի մեծ մեծ հայրը) նստած ամէնէն աջին, եւ Սառա Սատոյեան (Էտուինի մեծ մայրը) ոտքի կանգնած աջին։

Ծնողները (Սառա եւ Յովհաննէս) եւ մեծ ծնողները (Մարտիրոս եւ իր կինը) չյաջողեցան հասնիլ Միացեալ Նահանգներ, բայց անոնց որդիները կրցան գաղթել 1909-ին։ Որդիները կը ցանկանային վերադառնալ հայրենիք, բայց Ցեղասպանութիւնը խափանեց այս ծրագիրը։

Ձախէն աջ՝ ոտքի կանգնած կնոջ եւ անոր քով նստած կնոջ ինքնութիւնները անյայտ են։ Սատոյեան մեծ մայրը ձախէն երկրորդ նստածն է (ան Էտուինի մեծ մեծ մայրն է, անունը անյայտ), ապա Յովհաննէս Սատոյեանն է մէջտեղը ոտքի կանգնած (Էտուինի մեծ հայրը), Մարտիրոս Սատոյեանը նստած է ամէնէն աջին (Էտուինի մեծ մեծ հայրը), իսկ Մարտիրոս Սատոյեանը ոտքի կանգնած է աջին ետեւը (Էտուինի հօրեղբայրը)։ Ասոնցմէ ոչ մէկը կրցաւ միանալ արդէն իսկ Միացեալ Նահանգներ գաղթած հարազատներուն։ Հաւանաբար բոլորն ալ զոհ գացին Ցեղասպանութեան։

1. Բացիկին վրայ կ՚երեւի Հիւսէնիկի Սուրբ Վարվար եկեղեցին (ձախին), Հիւսէնիկի հայկական դպրոցը (մէջտեղը), եւ Հիւսէնիկի բողոքական եկեղեցին (աջին)։

2. Բացիկին կռնակը. թուական՝ 1920, հայերէն գրութիւնը՝ «Նուէր Գալիֆօրնիայի Հիւսէնիկցիներուն», ուղղուած է Յովհաննէս Ազատեանին, հետեւեալ հասցէին՝ 138 Charles Street։

Սուրբ Վառվառ եկեղեցին կառուցուած է 1856-ին։ Յատակագիծը պատրաստած էր ակնցի ճարտարապետ Կարապետ Ամիրա։ Շինարարական աշխատանքները կը կատարուին հիւսէնիկցի վարպետներ Յակոբ Վահանեանի, Մանուկ Պէննէեանի եւ Գէորգ Գոնճոյեանի հսկողութեամբ։ Եկեղեցին քարաշէն էր, ունէր երեք խորան. Ս. Վառվառ, Ս. Աստուածածին, Ս. Կարապետ։ 1888-ին Միացեալ Նահանգներ գաղթած հիւսէնիկցի պանդուխտներու նուիրատուութեամբ հայրենի քաղաքին համար զանգակ մը կը ձուլուի եւ կը փոխադրուի մինչեւ Հիւսէնիկ։ 1895-ի հակահայ ջարդերուն ընթացքին, տեղացի թուրք պէկերու հրամանով զանգակը վար կ՚առնուի։

Առուակ մը կը հոսէր եկեղեցիին խորաններուն տակէն։ Սուրբ Վառվառը հռչակաւոր էր նաեւ աչքի բուժումներու համար։ Այնպէս որ մօտիկ կամ հեռու վայրերէ աչքացաւէ տառապող ուխտաւորներ շաբաթ օրերը կու գային այստեղ, պատարագէն ետք կը մօտենային Սուրբ Վառվառի խորանին առջեւ պլպլացող կանթեղին, Տէր հայրը կանթեղին մուռէն կ՚առնէր եւ աղօթքներու ընկերակցութեամբ կը քսէր ուխտաւորին ցաւող աչքին։

Սատոյեան ընտանիքի անդամներ լուսանկարուած Հիւսէնիկի մէջ։ Ձախէն աջ՝ Սատոյեան որդիներէն մէկը (Էտուինի հօրեղբայրը), Սատոյեան մեծ մայրը (Էտուինի մեծ մեծ մայրը, անունը անյայտ), եւ Սատոյեան որդիներէն միւսը (Էտուինի հօրեղբայրը)։

Ռուստիկեան ընտանիքը։ Ձախէն աջ՝ ձախէն առաջին եւ երկրորդ ոտքի կանգնած երկու քոյրերը Էտուինի մեծ մօրաքոյրներն են, անոնց անունները անյայտ են, Իւղաբեր Ռուստիկեանը ձախէն առաջին նստածն է, իր ետեւը Ճոն Ռուստիկեանն է, ան Էտուինի մեծ մօրեղբայրն է, ձախէն երկրորդ նստածը Էտուինի մեծ մօրաքոյրներէն մէկն է, ձախէն երրորդ նստածը Զաքար Ռուստիկեանն է, ան Էտուինի մեծ մեծ հայրն է, ձախէն չորրորդ ոտքի կանգնած պզտիկ տղան Եղիա Ռուստիկեանն է, ան Էտուինի մօրեղբայրներէն մէկն է, ամէնէն աջին նստած է Աւետիս Ռուստիկեանը, ան Էտուինի մեծ մօրեղբայրն է, իսկ ամէնէն աջին ոտքի կանգնածը Վարդեր Ռուստիկեանն է, ան Էտուինի մօրենական մեծ մայրն է։

Ընտանեկան ծառ, ուր կ՚երեւին Սատոյեան ընտանիքի նախահայրերը, հասնելով Էտուին Սատոյեանի մեծ մեծ մեծ մեծ հօր՝ Թովմաս Սատոյեանին։

Էջին վերի ձախ անկիւնը գրուած ընտանեկան պատմութիւնը կը ներկայացնէ երեք եղբայրներու պատմութիւնը, որ ծայր կ՚առնէ Կարսի մէջ, բայց ստիպուած եղած էին փախչիլ այս քաղաքէն եւ հաստատուիլ Հիւսէնիկ։ Կեանքը երեք եղբայրներուն տարբեր ուղղութիւններով տարած էր՝ Կիլիկիա, Դամասկոս, եւ այլն. պայմաններու բերումով իրենցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր մականուն որդեգրած էր։ Էտուինի նախնիները Սատոյեան մականունը որդեգրած էին քանի ըստ ընտանեկան պատմութեան, նախահայրը Սատօ անունով թուրքէ մը հող գնած է։ Երկրորդ եղբայրը Ժամկոչեան մականունը որդեգրած էր (ընտանիքին մէջ ժամկոչներ կային), երրորդ եղբայրը Սուճիկիլ («սու» ջուր կը նշանակէ թրքերէնով, ընտանիքի անդամներ ջուր կրողներ էին) իսկ Դամասկոս (արաբերէնով նաեւ «Ալ-Շամ») գացողները Շամլեան դարձած էին։

Ընտանեկան ծառին աւելի ընթեռնելի տարբերակը տեսնելու համար սեղմեցէք հոս։

Սատոյեան ընտանիքը։ Ձախէն աջ՝ Սարա Սատոյեան (Էտուինի մեծ մայրը) ոտքի կանգնած ձախին, Մարտիրոս Սատոյեան (Էտուինի մեծ մեծ հայրը) ձախէն առաջին նստածը, Յարութիւն Սատոյեան (Էտուինի հօրեղբայրը) ոտքի կանգնած ետեւը ձախէն երկրորդը, Միհրան Սատոյեան (Էտուինի հօրեղբայրը) ոտքի կանգնած առջեւը, Տիկին Սատոյեան (Էտուինի մեծ մեծ մայրը, անունը անյայտ) նստած մէջտեղը, Խաչատուր Սատոյեան (Էտուինի հայրը) ետեւի շարքը ոտքի կանգնած ձախէն երրորդը, Յովհաննէս Սատոյեան (Էտուինի մեծ հայրը) նստած ամէնէն աջին, եւ Առաքել Սատոյեանը (Էտուինի հօրեղբայրը) ետեւի շարքին ոտքի կանգնած ամէնէն աջին ձեռքը Յովհաննէսի ուսին դրած։

Այս լուսանկարը ընտանիքին Միացեալ Նահանգներ մեկնելէն առաջ է։

Ձախէն աջ՝ Վարդեր Աւագեան (Էտուինի մեծ մայրը), Փայլածու աւագեան (Վարդերի դուստրը, Էտուինի մայրը), եւ Ասատուր Աւագեան (Էտուինի մեծ մօրեղբայրը)։

Վարդերի ամուսինը՝ Եփրեմ Աւագեան արդէն Միացեալ Նահանգներ կը գտնուէր եւ կը սպասէր ընտանիքը։ Ան կ՚աշխատէր եւ ամերիկեան քաղաքացիութիւն ստացած էր նախքան ընտանիքին զինք միանալու կանչելը։ Եփրեմ Խարբերդ քաղաքի Եփրատ գոլէճի ուսանող էր նախքան գաղթելը։