Այս էջով կը ներկայացնենք գլխաւորաբար Ֆիլիսեան ընտանիքին պատմութիւնը։ Այս էջին մէջ տեղադրուած պատկերներուն եւ յուշ-իրերուն մեծ մասը կը գտնուին Պուէնոս Այրէսի մէջ՝ Լուսիա Տէր Մկրտիչեանին քով (ծնեալ Փափազեան)։ Լուսիային մայրը Տենչալի Փափազեանն է (ծնեալ Ֆիլիսեան)։
Տենչալիին ծնողները Պուրսայի շրջանի Մեծ նոր գիւղէն են (ներկայիս՝ Yeniköy)։ 1898-ին, հոս ծնած է Տենչալիին հայրը՝ Մկրտիչ Ֆիլիսեանը (հետագային Տէր Ղուկաս քհնյ. Ֆիլիսեան)։ Ան ունէր երկու քոյր. մէկուն անունն էր Ենոս, միւսինը անյայտ է։ Մեծ նոր գիւղի մէջ կ՚ապրէին երկյարկանի տան մը մէջ։ Մկրտիչ, փոքր տարիքին կը կորսնցնէ մայրը, եւ զինք խնամողը կ՚ըլլայ ամուրի հօրաքոյրը։
Ընտանիքին մէջ կ՚ըսեն որ Ֆիլիսեան մականունը թրքերէն «ֆիլիզ» բառէն ծագում առած է. «ֆիլիզ» կը նշանակէ ծիլ, բողբոջ։ Ֆիլիսեան ընտանիքի անդամներ յատկանշուած են բոյսի ծիլի նման իրենց նրբակազմութեամբ եւ բարձրահասակութեամբ։
Տէր Ղուկաս 1919-ին քահանայ կը ձեռնադրուի եւ կը պաշտօնավարէ Պուրսայի շրջանի Քարսաք գիւղին մէջ [1]։ Կ՚ամուսնանայ Սանդուհի Աբրահամեանին հետ։
Տէր Ղուկաս քհն. Ֆիլիսեանին օսմաներէնով կնիքը։ Գրուած է «Փափազ [քահանայ] Ղուկաս, 1338»։ Թուականը (1338) ներկայացուած է իսլամական օրացոյցին հիմամբ։ Անիկա կը համապատասխանէ նոր օրացոյցի 1919-ին։
Ընտանիքին մէջ կը պատմուի, որ Տէր Ղուկասին հօրաքոյրն է, որ կը մօտենայ Սանդուհիին մօր եւ աղջկան ձեռքը կը խնդրէ իր եղբօրորդիին համար։ Ան կը տեղեկացնէ նաեւ որ Մկրտիչը քահանայ ըլլալու կը պատրաստուի։ Սանդուհիին մայրը կը մերժէ առաջարկը, քանի որ չէր ուզեր որ իր աղջիկը երէցկին դառնայ։ Այս անգամ նախաձեռնող կ՚ըլլան Մկրտիչին քոյրերը՝ Ենոսը եւ միւսը, որուն անունը անյայտ է։ Անոնք նախ Սանդուհիին կարծիքը կ՚առնեն եւ իրմէ կ՚իմանան որ ան համաձայն է իրենց եղբօր հետ ամուսնութեան։ Երկու քոյրերը կ՚որոշեն փախցնել Սանդուհին։ Կը յաջողին եւ ամուսնութիւնը տեղի կ՚ունենայ այսպիսի պայմաններու մէջ։ Այս պատմութեան մասին խօսք կ՚ըլլայ տարիներ վերջ երբ Սանդուհիին մայրն ալ միացած էր իր աղջկան ընտանիքին՝ Յունաստանի մէջ։ Օր մը, երբ մայրը Տէր Ղուկասին քոյրերուն հետ թուղթ կը խաղար՝ անոնց կը յիշեցնէ «առեւանգում»ի այս պատմութիւնը եւ կ՚աւելցնէ թէ «աղջիկս առեւանգողները կրնան նաեւ թղթախաղին մէջ խարդախութիւն ընել»։
Ցեղասպանութեան տարիներուն, Օսմանեան իշխանութիւնները Մկրտիչին (ապագայ Տէր Ղուկաս) կը բռնեն եւ կ՚աշխատցնեն բանուորական ջոկատի մը մէջ (amele taburları, labor battalions)։ Ասոնք տխրահռչակ ռազմական այն միաւորներն էին, ուր զինուորագրութեան տարիքի հայերը կը սպաննուէին։ Մկրտիչ բախտաւորութիւնը կ՚ունենայ վերապրելու։ Մկրտիչին ընտանիքը կը տեղահանուի, նոյնպէս նաեւ Սանդուհին եւ իր մայրը։
Առաջին համաշխարհային պատերազմին աւարտէն ետք, վերապրողները կը վերադառնան Պուրսայի շրջան։ Բայց Տէր Ղուկասին եւ Սանդուհիին կեանքը կարճատեւ պիտի ըլլար Պուրսայի Քարսաք գիւղին մէջ։ Կը ծագի յոյն-թրքական պատերազմը, բազմահազար քրիստոնեայ բնակիչներու (յոյն եւ հայ) նման, Ֆիլիսեան ընտանիքը նոյնպէս վերջնականապէս կը ձգէ Պուրսայի շրջանը եւ կը բռնէ գաղթի ճամբան։ Կ՚ենթադրենք որ խառնաշփոթ այս օրերուն է որ Սանդուհին կը կորսնցնէ մօրը հետքը։ Շատ մանրամասնութիւններ չենք գիտեր այս մասին, միայն ծանօթ է որ Սանդուհին եւ մայրը իրարու պիտի վերագտնէին տարիներ վերջ՝ Յունաստանի մէջ։
Ֆիլիսեանները նախ կ՚անցնին Էտիրնէ, իսկ այնտեղէն ալ Փլովտիւ, Պուլկարիա։ Հոս ժամանակ մը մնալէ ետք, կ՚անցնին Յունաստան, ուր սկիզբը կ՚ապրին Գավալայի մէջ, իսկ 1924-ին կը տեղափոխուին Քոմոթինի (Կիւմիւլճինա)։ Բոլոր այս վայրերուն մէջ Տէր Ղուկաս շարունակած է քահանայագործութիւնը։
6-7 տարի Քոմոթինի ապրելէ ետք, Տէր Ղուկաս իր ընտանիքին հետ կը փոխադրուի Սելանիկ։
Տէր Ղուկաս մինչեւ 1964 թուականը Սելանիկի հայկական համայնքին հոգեւոր հովիւը եղած է։ Այլ խօսքով, 30 տարիէ աւելի ծառայած է այս համայնքին մէջ։ Այս էջին մէջ ներկայացուած բազմաթիւ լուսանկարներու ընդմէջէն կարելի է տեսնել անոր աշխուժ մասնակցութիւնը համայնքային հոգեւոր, մշակութային եւ ընկերային կեանքին։
Ընտանիքին մէջ կը պատմեն, որ երբ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին ընթացքին Յունաստանը կը գրաւուի նացիական բանակներուն կողմէ, այդ օրերուն Խորհրդային Միութեան Կարմիր բանակէն փախուստ տուած զինուորներ կը յայտնուէին Սելանիկի մէջ։ Անոնց մէջ կային նաեւ հայ զինուորներ։ Բնականաբար, ամէն գնով կը փորձէին խուսափիլ նացիական իշխանութիւններուն կողմէ ձերբակալուելէ, այնպէս որ կը թաքնուէին կամ կը միանային յունական դիմադրութեան։ Կարմիր բանակի հայ զինուորներէն ոմանք Տէր Ղուկաս որոշ ժամանակ մը կը պահէ Սելանիկի հայոց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին հին մկրտարանի սենեակին մէջ պատրաստուած թաքստոցի մը մէջ։
Տէր Ղուկաս թոշակի կը կոչուի 1964-ին։ 1967-ին ընտանիքով կը մեկնին Արժանթին, ուր կ՚ապրի Քորտոպայի մէջ եւ կը մահանայ 1969-ին։
Տէր Ղուկաս եւ Սանդուհի կ՚ունենան երեք դուստր. Հերմոն (ծնած է Գավալա, 1923-ին), Տենչալի (ծնած է Քոմոթինի, 1925-ին), Սոնա (ծնած է Սելանիկ, 1931-ին կամ 1932-ին)։ Այս դուստրերէն Տենչալին է Լուսիային մայրը։
Հերմոն կ՚ամուսնանայ Շաւարշ Կուսիկեանի հետ (ծնած է 1905-ի շուրջ)։ Հետագային մականուննին կը փոխուի եւ կը դառնայ Գուսիգեան։ Շաւարշ ծնած էր Նազիլլի փոքր քաղաքին մէջ, որ կը գտնուի Այտըն քաղաքին արեւելքը։ Շաւարշին ծնողներն էին՝ Վարդուհի եւ Յովհաննէս։ Յովհաննէս կը սպաննուի Ցեղասպանութեան ժամանակ։ Ընտանիքին մնացեալ անդամները 1915-ին կը տարագրուին եւ կը հասնին մինչեւ Մերսին։ Շաւարշին երկու եղբայրները՝ Գէորգ եւ Սարգիս, Օսմանեան բանակին մէջ կը զինուորագրուին։ Շաւարշ ունէր նաեւ երեք քոյր՝ Արաքսի, Նուարդ եւ Սրբուհի։ Սրբուհին նոյնպէս կը սպաննուի տարագրութեան տարիներուն։
Առաջին համաշխարհային պատերազմին աւարտէն ետք, վերապրող Կուսիկեանները որոշ ժամանակ կը մնան Մերսին, ապա 1920-ի շուրջ կը գաղթեն Յունաստան։ Նախ կը հաստատատուին Քեֆալոնիա կղզիին վրայ, ապա կ՚անցնին Սելանիկ։ Շաւարշ հոս կը զբաղի կաշեգործութեամբ։ Շաւարշ եւ Հերմոն կ՚ամուսնանան Սելանիկի մէջ։ Ներգաղթի տարիներուն (1946-1947), Շաւարշին մայրը՝ Վարդուհին, քոյրերը՝ Արաքսին եւ Նուարդը, ինչպէս նաեւ եղբայրը՝ Սարգիսը, կը մեկնին Խորհրդային Հայաստան։ Հերմոն եւ Շաւարշ կ՚ունենան երեք զաւակ. Շաքէ, Վարդուհի եւ Մկրտիչ։ 1965-ին կը մեկնին Արժանթին եւ կը հաստատուին Քորտոպա քաղաքին մէջ։
Տենչալի կ՚ամուսնանայ Օննիկ Փափազեանի հետ, որ ծնած էր 1919-ին, Ռոտոսթոյի մէջ։ Օննիկ ընտանիքին միակ որդին էր։ Մօր անունն էր՝ Մախթիկ, որ ծնած էր Ատաբազար, հօր անունն էր Կարպիս։ Փափազեան ընտանիքը կ՚ապրէր Ռոտոսթօ/Թէքիրտաղի մէջ։ Կը պատմուի, որ Մախթիկ աղախին էր այս ընտանիքին մէջ։ Հետագային, ան եւ Կարպիսը կը սիրահարուին եւ կ՚ամուսնանան։ Կարպիս կենսուրախ մարդ մըն էր. կը սիրէր երգել եւ արտասանել։
Սելանիկ իրենց փոխադրութենէն ետք, Փափազեան ընտանիքը կը զբաղի կերպասավաճառութեամբ։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի առաջին տարիներուն, Օննիկ կը զինուորագրուի յունական բանակին։ Այս ճամբով նաեւ ան եւ ընտանիքը կը ստանան յունական հպատակութիւն։ 1941-ին, Յունաստանը կը գրաւուի նացիական զօրքերուն կողմէ, յունական բանակը կը կազմալուծուի եւ երկրին մէջ կը սկսի տիրել համատարած սով։ Այս պայմաններուն մէջ, շատ մը յոյներ Գերմանիա կը մեկնին իբրեւ բանուոր։ Հետագային, ուրիշ յոյներ ալ (որոնց շարքին յունահայեր) նացիական գրաւեալ բանակներուն կողմէ իբրեւ բռնի բանուոր կը ղրկուին Գերմանիա։ Կ՚ենթադրենք որ Օննիկ առաջին խումբին մաս կը կազմէր, կը մեկնի Գերմանիա, ուր կ՚աշխատի Միւնիխի ռազմարդիւնաբերական մէկ գործարանին մէջ։
1951-ին, Տենչալի, Օննիկ եւ զաւակները՝ Կարօ եւ Լուսիա, կը գաղթեն Արժանթին։
Սոնա Ֆիլիսեան կ՚ամուսնանայ Արթին Փափազեանի հետ, Աթէնքի մէջ, 1958-ին։ Մինչեւ 1967 կը բնակին Աթէնքի մէջ. այնուհետեւ իրենք եւս կը գաղթեն Արժանթին։ Կ՚ունենան դուստր մը՝ Սանդուհի։
[1] Ասատուր Յ. Մակարեան, Յուշագիրք Թրակիոյ եւ Մակեդոնիոյ հայ գաղութներու, Սելանիկ, տպ. Հորիզոն օրաթերթի, 1929, էջ 416։ «Տ. Ղուկաս քահանայ Ֆիլիսեան», Յունահայ տարեգիրք, հրատարակութիւն «Նոր Օր»ի, Աթէնք։