Կոստանեան ընտանիքը Խարբերդ քաղաքէն։

Կօշկարեան-Գալուստեան հաւաքածոյ, Ֆալմութհ, Մասաչուսէց

Այս էջով ներկայացուած նիւթերը մեր տրամադրութեան տակ դրուեցան Կօշկարեան/Գալուստեան ընտանիքին կողմէ։ Ընտանիքին նախնիները Խարբերդի դաշտէն (Խարբերդ քաղաք, Մամուրէթուլ-Ազիզ, Հիւսէնիկ, Շնթիլ) եւ Մալաթիա քաղաքէն են։

Կօշկարեան ընտանեկան ճիւղէն մեզի ծանօթ է Յովակիմը, որ ծնած է Շնթիլ գիւղը։ Գիտենք որ Յովակիմը 20-րդ դարու սկիզբը կու գայ Միացեալ Նահանգներ իբրեւ բանուոր։ Ան տարիներ շարունակ կ՚աշխատի ամերիկեան հանքի մը, ինչպէս նաեւ գործարաններու մէջ՝ հայրենիք վերադառնալու եւ հոն յարաբերաբար բարեկեցիկ կեանք մը ապրելու հեռանկարով։ Որոշ գումար մը վաստկելէ ետք ան իր գիւղը Շնթիլ կը վերադառնայ, կ՚ամուսնանայ, երկու-երեք տարի ետք կրկին ԱՄՆ կը մեկնի՝ հայրենի գիւղը ձգելով կինն ու երկու մանչ զաւակները, որոնք Ցեղասպանութեան տարիներուն պիտի անհետանան։ Երկու առիթներով՝ 1909-ին եւ 1910-ին, կալուածներ կը գնէ Շնթիլի, ինչպէս նաեւ շրջակայ տարածքին մէջ։ Այս գործառնութիւնները տեղի կ՚ունենան Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ անոնք վաւերացուած են Նիւ Եորքի Օսմանեան կայսրութեան հիւպատոսարանին մէջ, ինչպէս նաեւ ամերիկեան նոտարական գրասենեակի մը կողմէ։ Քանի մը տարի ետք տեղի ունեցած Ցեղասպանութիւնը ի դերեւ կը հանէ Յովակիմի ծրագիրները։ Ճակատագրական այդ տարիներուն Յովակիմ կը գտնուէր Միացեալ Նահանգներ։

Յովակիմի կալուածական գործառնութիւններուն բնօրինակները կը պահուին Կօշկարեան/Գալուստեան ընտանիքին քով։ Այս իւրայատուկ փաստաթուղթերը կը ներկայացնենք սոյն էջով։

Յովակիմ Կօշկարեան կը վերամուսնանայ Մարիձա Մազմանեանի հետ, որ ծնած էր 1892-ի շուրջ Հիւսէնիկի մէջ։ Մարիձայի հայրը՝ Դաւիթ Մազմանեան (1856-1933) Հիւսէնիկի մէջ մսագործ էր, իսկ մօր անունն էր Վարդիկ (ծնեալ Քիպարեան)։ Վարդիկ եւ Դաւիթ ունէին վեց դուստր. Մարիձա (յետագային Կօշկարեան), Ազնիւ (յետագային Դանիէլեան), Սաթենիկ (յետագային Ակնեզեան), Սիրուն (յետագային Մոսոյեան), Արաքսի (յետագային Թաշճեան) եւ Եղսաբէթ (յետագային Հուկազեան, աւելի ուշ ալ Շատպեկեան)։ Մարիձային մայրը 1915-ին կ՚անհետանայ, իսկ ինք տեղահանութենէ կը խուսափի բռնի ամուսնութեան մը գնով։ Պատերազմի աւարտին ամեիկացի միսիոնարներու օգնութեամբ կը փախի, իր ետին ձգելով դուստր մը։ Մարիձային քոյրերն ալ կը վերապրին եւ յետագային բոլորն ալ կը հաստատուին Ուստըր (Մասաչուսէց)։ Ցեղասպանութենէն ետք Մարիձան կը գտնենք նախ Հալէպի մէջ, ուրկէ 1920-ին կ՚անցնի Լիբանան, ապա Մարսիլիա, եւ այդտեղէն ալ նաւով կ՚ուղղուի Միացեալ Նահանգներ։

Յովակիմ եւ Մարիձա կ՚ամուսնանան Միացեալ Նահանգներու մէջ 1921-ի շուրջ եւ կ՚ունենան երկու զաւակ՝ Գուրգէն (Ճորճ) եւ Վարդ (Ռոզ)։

Յովակիմի եւ Մարիձայի որդին Գուրգէն (Ճորճ) Կօշկարեանը Միացեալ Նահանգներու մէջ կ՚ամուսնանայ Իզապէլ (Զապէլ) Գալուստեանի հետ։ Իզապէլի մայրը Հայկանուշ Գալուստեանն էր (ծնեալ Կոստանեան), Խարբերդ քաղաքէն։ Առաջին ամուսնութեամբ Հայկանուշի ամուսինն էր Մկրտիչ Պօղոսեան, որմէ կ՚ունենայ երեք դուստր՝ Զապէլ, Լուսինէ, Եւկինէ։ Հայկանուշի ընտանիքը Ցեղասպանութեան զոհ կ՚երթայ։ Այսպէս, ամուսինը Յունիս 1915-ին կը սպաննուի Մամուրէթուլ-Ազիզի (Մեզիրէ) մօտ, իսկ երեք դուստրերը՝ տեղահանութեամ ընթացքին։ 1915-1918 Հայկանուշը կը գտնենք Հալէպի մէջ, ուր իբրեւ սպասուհի կը ծառայէ արաբ քրիստոնեայ ընտանիքի մը մէջ։ Պատերազմի աւարտին կը վերադառնայ հայրենի տունը՝ Խարբերդ։ Հոս կը մնայ մօտաւորապէս վեց ամիս, տունը բաժնելով յետագային Խորհրդային Հայաստան գաղթած եւ հեռաւոր ազգական Հրաչ Հոլոփիկեանի հետ։ 1921-ին կամ 1922-ին Հայկանուշ կը հաստատուի Միացեալ Նահանգներ։ Այստեղ կը վերամուսնանայ մալաթիացի Ասատուր Գալուստեանի հետ եւ կ՚ունենան մէկ դուստր՝ Իզապէլ (Զապէլ) Գալուստեան (յետագային Կօշկարեան)։

Ընտանիքին Կոստանեան ճիւղը

1) Առաքել եւ Աննա (ծնեալ Գասբերեան) Կոստանեանի ամուսնութեան պատկերը։ Առաքել Կոստանեան Հայկանուշի զարմիկն էր, հօրեղբօր որդին։

2) Նշան եւ Օվսաննա (ծնեալ Եալեան) Կոստանեանի ամուսնութեան պատկերը։ Նշան Կոստանեան եւ Արաքել Կոստանեան եղբայրներ էին։

Ձախէն աջ՝ Հայկանուշ Գալուստեան (ծնեալ Կոստանեան), Նշան Կոստանեան եւ Օվսաննա Կոստանեան։

Խարբերդ քաղաք, 1915-ի շուրջ։ Պատկերին մէջ կը տեսնենք Հայկանուշ Գալուստեանի (ծնեալ Կոստանեան) ընտանիքը, քոյրը՝ Մենտուհի, մայրը՝ Եղնար «Անա» Կոստանեան (ծնեալ Ատամեան), մօրաքոյրը՝ Թուրունճ Ատամեան։

Առաջին կարգի 5 երեխաները, ձախէն աջ՝ Կարապետ Մարկոսեան (Աղաւնիին որդին), անունը անծանօթ երեխայ մը (գիրկը նստած), Մենտուհի Կոստանեան (յետագային Չէչեան, բայց մականունը կը փոխուի եւ կը դառնայ Էնկին), Սարգիսի որդին (անունը անյայտ)։ Նստած, ձախէն աջ՝ Կարապետ («Աստրկագ») Քելճիքեան, Թուրունճ Ատամեան Քելճիքեան, Եղնար Ադամեան Կոստանեան։ Կանգնած, ձախէն աջ՝ Աղաւնի Քելճիքեան Մարկոսեան (յետագային Պալեան, Կարապետին մայրը), երկրորդէն հինգերորդը ներառեալ՝ Քելճիքեան դուստրեր կամ Քելճիքեան հարսեր կամ Քելճիքեան որդիներ։ Կիներէն մէկը Սարգիսին կողակիցն է, որ հաւանաբար կանգնած է Սարգիսի կողքին, վեցերորդը՝ Սարգիս (Եղնարի որդեգիր զաւակը)։

Կոստանեան ընտանիքը, Խարբերդ քաղաքէն. ձախէն աջ՝ Աղաւնի Կոստանեան, Եղնար «Անա» Կոստանեան (ծնեալ Ատամեան, Աղաւնիի մայրը), Տիգրան Կոստանեան (Աղաւնիի եղբայրը), Գրիգոր Կոստանեան (հայր), Յովհաննէս Կոստանեան (հօրեղբայր), Յովհաննէսին կինը (անունը անծանօթ), Ազնիւ Կոստանեան (Յովհաննէսին դուստրը)։

Աղաւնի Կոստանեանը (ամէնէն ձախի փոքրիկ աղջիկը) Հայկանուշ Կոստանեանի (Իզապէլի մօր) քոյրն է։ Եղնար «Անա» Կոստանեանը Հայկանուշին մայրն է, իսկ Տիգրան Կոստանեանը Հայկանուշի երէց եղբայրն էր։ Յովհաննէս Կոստանեանը Հայկանուշի հօրեղբայրն է։

Հայկանուշ երեք այլ քոյրեր ունէր՝ Նարկիզ (1896-1915), Վերոնիքա (1894-1915) եւ Մենտուհի (1908-1990), որոնք այս լուսանկարին մէջ չկան։ Նարկիզն ու Վերոնիքան Ցեղասպանութենէն առաջ ամուսնացած էին եւ երկուքն ալ մէկական դուստր ունէին։ Նարկիզը, անոր աղջիկն ու Վերոնիքան Աղէտին զոհ գացին, Մենտուհին եւ Վերոնիքայի աղջիկը՝ Ռազմուհին, վերապրեցան։

Ցեղասպանութեան տարիներուն Աղաւնի արդէն մայր էր մանչ զաւակի մը՝ Կարապետ, որ կը սպաննուի, իսկ մայրն ալ չդիմանալով կսկիծին անձնասպան կ՚ըլլայ։ Տիգրան նոյնպէս կը սպաննուի 1915-ին։ Գարեգին՝ Հայկանուշին փոքր եղբայրը, տեղահանութեան եւ ջարդի այդ տարիներուն կ՚որդեգրուի քիւրտի մը կողմէ, կ՚ապրի Խարբերդ, ապա 1950-ականներուն կը հաստատուի Պոլիս։ Մենտուհին կը շարունակէ ապրիլ Խարբերդի մէջ եւ կը մահանայ 1990-ին։

Հայկանուշ եղբօր՝ Գարեգինի հետ կը նամակցէր մինչեւ անոր մահը 1960-ին, իսկ Մենտուհիին հետ ալ մինչեւ 1980-ական թուականները։ Հայկանուշ կը մահանայ Միացեալ Նահանգներու Քոնէթիքըթ նահանգին մէջ 1984-ին։

Կ՚ենթադրուի որ Ուստըրի մէջ գործած խարբերդցի լուսանկարիչ Ղազարոս Մելիքեան այս լուսանկարը պատրաստած է երկու անջատ պատկերներ զիրար միացնելով Հայկանուշի խնդրանքին վրայ։

Առաքել եւ Աննա (ծնեալ Գասբերեան) Կոստանեանի (պատկերին ճիշդ կեդրոնը) ամուսնութեան 25 ամեակը։ Աջէն երրորդը՝ Հայկանուշ Գալուստեան (ծնեալ Կոստանեան)։

1) Ձախին աջ՝ Հայկանուշ Գալուստեան (ծնեալ Կոստանեան) եւ իր զարմուհիները՝ Օվսաննա Կոստանեան (ծնեալ Եալեան, ոտքի) եւ Ազնիւ Գուրգէնեան (ծնեալ Կոստանեան)։ Ազնիւ քոյրն է Նշան Կոստանեանի եւ Առաքել Կոստանեանի։

2) Հայկանուշ Գալուստեան (ծնեալ Կոստանեան)։

Ընտանիքին մէջ ունկնդրուող երգի ձայնապնակներ

Սոյն հայերէն երգերը Կոստանեան/Գալուստեան/Կօշկարեան/Մազմանեան ընտանիքին մէջ կ՚ունկնդրուէին Միացեալ Նահանգներու մէջ 1920-ական թուականներէն սկսեալ։ Երգերը շատ յաճախ խարբերդցի կամ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ծնած հայ երգիչներու եւ հեղինակներու գործերն են, որոնք սկաւառակով հրատարակուած են Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Մեր տրամադրութեան տակ ունինք նաեւ այլ երգեր - սոյն էջով չհրատարակուած -, մեծ մասամբ Խորհրդային Հայաստանի մէջ պատրաստուած սկաւառակներու արձանագրութիւններ. ասոնք սիրային, հայրենասիրական բնոյթի դասական երգեր են, որոնք նոյնպէս կը լսուէին այս էջին մէջ հնչող անուններուն յարկին տակ։

Ընտանիքին Գալուստեան-Պուռնազեան ճիւղը

Հայկանուշ Միացեալ Նահանգներ կը հասնի 1920-ի շուրջ։ Այստեղ ան երկրորդ ամուսնութիւն մը կը կնքէ Ասատուր Գալուստեանի հետ։ Կ՚ունենան դուստր մը՝ Իզապէլ (Զապէլ) Գալուստեան (յետագային Կօշկարեան)։ Զապէլ անունն էր նաեւ Հայկանուշի առաջին ամունութենէն ծնած դստեր, որ կը սպաննուի 1915-ին։ Հայկանուշի նոր ամուսինը Ասատուր ունէր քոյր մը Վարդեր, որ ամուսնացած էր մալաթիացի Գրիգոր Պուռնազեանի հետ։

Խմբանկար, որուն մէջ առջեւի շարքին, ձախէն երկրորդը Իզապէլ (Զապէլ) Գալուստեանն է (յետագային Կօշկարեան)։ Նոյն շարքին վրայ Զապէլի ձախին գտնուողները անոր զարմուհիներն են. Լուսի Կոստաենեան (յետագային Կրանթ), Տորոթի (Աննա) Կոստանեան (յետագային Մոսէսեան)։ Լուսի եւ Տորոթի դուստրերն են Նշան Կոստանեանի եւ Օվսաննա Կոստանեանի (ծնեալ Եալեան)։ Լուսի Կոստանեան աւելի ուշ կը դառնայ ծանօթ երգչուհի մը Մասաչուսէցի հայկական համայնքին մէջ, յաճախ համերգներ կու տար իր ամուսնոյն՝ Քորթլանտ Կրանթի հետ. ան հանդէս կու գար Լուսիլ Տէյն արուեստագիտուհիի ծածկանունով։

Ոտքի, աջին՝ Ասատուր Գալուստեան։ Առջեւը կանգնած աղջնակը դուստրն է՝ Զապէլ Գալուտեան (յետագային Կօշկարեան)։ Առջեւի շարք, նսստած, աջէն երկրորդը՝ Հայկանուշ Գալուստեան (ծնեալ Կոստանեան)՝ Զապէլի մայրն ու Ասատուրի կինը։

Լուսիլ Տէյն եւ ամուսինը՝ Քորթլանտ Կրանթ։ «Լուսիլ Տէյն» արուեստագիտուհիի անունն էր Լուսի Կոստանեան Կրանթի։

Հայկանուշ Գալուստեանի (ծնեալ Կոստանեան) ամուսինին՝ Ասատուր Գալուստեանին պատկանող ծոցատետր։ Ասատուր ծնած էր Մալաթիա, Միացեալ Նահանգներու մէջ ան Խորհրդային Հայաստանի համակիր մըն էր, անդամ էր Երեւանի հովանաւորութիւնը վայելող Հայ Օգնութեան Կոմիտէին (ՀՕԿ)։ Քաղաքական այս ուղղուածութիւնը կ՚արտայայտուի ծոցատետրին մէջ գրի առնուած բանաստեղծութիւններու եւ երգերու ընդմէջէն։ Այսպէս, այստեղ ընդօրինակուած են Խորհրդային Հայաստանի գովքը հիւսող երկու բանաստեղծներու գործեր, Կարապետ Սիտալի (Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Համայնավար կուսակցութեան անդամ) եւ Գեղամ Սարեանի պատկանող։ Գրութիւններ կան նաեւ Անժէլ Սրապեանէն (ծնեալ Չիլինկիրեան), որ պոլսահայ ուսուցչուհի մըն էր, յետագային կը հաստաուի Փարիզ, ապա Ուստըր, ուր հայերէն կը դասաւանդէր նաեւ Իզապէլ (Զապէլ) Գալուստեանին (յետագային Կօշկարեան)։ Անժէլի բանաստեղծութիւններէն մէկը նուիրուած է Զապէլի եւ վերնագրուած է «Իմ հարազատ Սէր», գրուած 1933-ի շուրջ։

Սեղմել վերի նկարին վրայ ծոցատետրին բոլոր էջերը PDF ձեւով տեսնելու համար։

1) Պուռնազեան ընտանիքը։ Ձախէն աջ՝ Գրիգոր (հայր), Ճորճ (որդի), Վարդեր (մայր), Տէյվիտ (որդի)։

2) Կեդրոնը Իզապէլ (Զապէլ) Գալուստեան։ Ձախին՝ հայրը Ասատուր Գալուստեան, աջին՝ մայրը Հայկանուշ Գալուստեան (ծնեալ Կոստանեան)։

Ընտանիքին Կօշկարեան ճիւղը

Յովակիմ Կօշկարեան Խարբերդի դաշտի Շնթիլ գիւղէն էր (ներկայիս Պահչէքափը)։ 1900-ական թուականներուն կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ, ուր կը գործէ հանքի մը, ինչպէս նաեւ զանազան գործարաններու մէջ։ Ամուսնացած էր եւ Շնթիլի մէջ կ՚ապրէին կինն ու երկու զաւակները։ Յովակիմի նպատակն էր վերադառնալ հայրենի գիւղ եւ իր վաստկած գումարը գործի դնել ընտանիքին բարօրութեան օգտին։

Այս էջով կը ներկայացնենք Յովակիմ Կօշկարեանի պատկանող շարք մը վաւերաթուղթեր, որոնց շարքին են կալուածաթուղթեր։

Կօշկարեան ընտանիքը, Շնթիլ։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Յովակիմ Կօշկարեան, Յովակիմի քոյրը՝ Մարի Մուշախեան (ծնեալ Կօշկարեան), Մարգար Կօշկարեան (Յովակիմի զարմիկը), Յովակիմի քոյրը՝ Սուլթան Պուռնազեան (ծնեալ Կօշկարեան)։ Յայտնի է որ Յովակիմին եւ Մարգարին նկարները յետագային աւելցուած են այս լուսանկարին վրայ։

Նստած, ձախէն աջ՝ Յովակիմի առաջին կինը (անունը անյայտ), կնոջ գիրկը նստողը Յովակիմի որդին է, Շուշան Կօշկարեան (Յովակիմի մայրը), Գուրգէն Կօշկարեան (ոտքի կանգնած ժպտացող տղան, Յովակիմի առաջին ամուսնութենէն ծնած որդին), Յովհաննէս Պուռնազեան, գիրկը նստողը որդին է, Գրիգոր Պուռնազեան (ոտքի կանգնած, հօրը աջին)։ Սոյն Գրիգոր Պուռնազեանը, որ Շնթիլէն էր, պէտք չէ շփոթել նոյն անունը կրող այլ անձի մը հետ, որ Մալաթիայէն էր եւ ամուսնացած էր Ասատուր Գալուստեանի քրոջ հետ։

Յովակիմ Կօշկարեանի օսմանեան անցագիրը, որ իրեն յանձուած է Նոյեմբեր 1910-ին Նիւ Եորքի մէջ օսմանեան հիւպատոսարանին կողմէ։ Այդ ժամանակ Յովակիմ արդէն իսկ կը գտնուէր Միացեալ Նահանգներ եւ գիտենք որ մէկ անգամ վերադարձած է Շնթիլ։ Հաւանաբար այս անցագիրը ստացած է սոյն ճամբորդութիւնը իրականացնելու համար։ 1913-ին կրկին կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ եւ այս ձեւով կը փրկուի Ցեղասպանութենէն։ Այս երկրորդ ճամբորդութիւնը կը պատմուի որ տեղի ունեցած է խուսափելու համար Պալքանեան պատերազմին ընթացքին Օսմանեան բանակ զինուորագրուելէ եւ ռազմաճակատ ղրկուելէ։ 1915-ին, Շնթիլ մնացած ընտանիքը անհետ կը կորի։ Անցագիրին մէջ նշուած է, որ 1910-ին Յովակիմ 29 տարեկան է։

Յովակիմ Կօշկարեանին պատկանող օսմանեան անցագիր ֆրանսերէն եւ օսմաներէն-թրքերէն լեզուներով։ 1910-էն ետք ան կը վերադառնայ Շնթիլ, բայց կրկին կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ։ Սոյն անցագիրը փաստօրէն կը ներկայացնէ կայսրութենէն ելքի եւ Միացեալ Նահանգներ մտնելու իր անցագիրը, յանձնուած է 4/17 Մարտ 1913-ին։ Նշուած է նաեւ որ զայն կրողը կը մեկնի Ostour Օսդուր։ Պանդուխտ հայերը ամերիկեան Worcester քաղաքին անունը կը հնչէին Ուստըր։ Օսդուր/Ostourն ալ շատ հաւանաբար հայկական տարբերակին աղաւաղուած ձեւն է։

Յովակիմ Կօշկարեանին պատկանող կալուածաթուղթ օսմաներէն-թրքերէն լեզուով։ Պատրաստուած է 1909-ին եւ նոյն տարին ալ թարգմանուած եւ վաւերացուած է անգլերէնի։ Անգլերէն տարբերակը կը ներկայացնենք ստորեւ։

Սեղմել կալուածաթուղթին պատկերին վրայ բոլոր էջերը PDF ձեւով յստակօրէն կարդալու համար։

Սոյն կալուածաթուղթը կը պատկանի Յովակիմ Կօշկարեանի, պատրաստուած է 26 Նոյեմբեր 1909-ին, վաւերացուած է ամերիկեան նոտարական գրասենեակի մը, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի օսմանեան հիւպատոսարանին կողմէ։

Անիկա կը հաստատէ, որ Յովակիմ Կօշկարեան Ուստըր (Worcester) քաղաքէն (Մասաչուսէց) 200 ամերիկեան տոլար վճարելով կալուածներ գնած է Գրիգոր Տէր Մինասեանէն (Ուստըրի մօտակայ Միլֆորտ քաղաքէն)։

Օսմաներէն-թրքերէնով գրուած սոյն երկու էջերն ալ մաս կը կազմեն Յովակիմ Կօշկարեանի եւ Գրիգոր Տէր Մինասեանի միջեւ կնքուած կալուածային պաշտօնական գործառնութեան։ Այս վաւերաթուղթերը կը հաստատեն անգլերէն թարգմանութեան վաւերականութիւնը։

Սեղմել կալուածաթուղթին պատկերին վրայ բոլոր էջերը PDF ձեւով յստակօրէն կարդալու համար։

Այս մէկը նոյնպէս կալուածաթուղթ մըն է՝ վաւերացուած ամերիկեան նոտարական գրասենեակի մը, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի մէջ օսմանեան հիւպատոսարանին կողմէ։ Շատ հաւանաբար այս մէկը եւս կ՚առնչուի Յովակիմ Կօշկարեանի կալուածային գործառնութիւններուն։ Այստեղ նշուած է թէ Գրիգոր Կարապետեան (Worcester Ուստըր քաղաքէն) կը լիազօրէ Կարապետ Յովհաննէսեանը (Շնթիլ գիւղէն [Խարբերդի մէջ]) Յովակիմ Խաչատուրեանի փոխանցելու զանազան կալուածներ, որոնք մանրամասնօրէն սահմանուած են սոյն վաւերաթուղթին մէջ։ Սոյն կալուածաթուղթը կը կրէ 2 Փետրուար 1910 թուականը։

Շնթիլ գիւղին նուիրուած բանաստեղծութիւն՝ գրուած Մարիձա Կօշկարեանի (ծնեալ Մազմանեան) կողմէ։ Մարիձան ինք Հիւսէնիկ ծնած էր, կ՚ամուսնանայ Յովակիմ Կօշկարեանի հետ, որ Շնթիլ գիւղէն էր։

Ընտանիքին Մազմանեան ճիւղը

Մազմանեան ընտանիքը Հիւսէնիկէն էր։ Մարիձա Մազմանեան Միացեալ Նահանգներու մէջ կ՚ամուսնանայ Յովակիմ Կօշկարեանի հետ, որ Շնթիլ գիւղէն էր։ Անոնց որդին Գուրգէնը (Ճորճ) կ՚ամուսնանայ Իզապէլ (Զապէլ) Գալուստեանի հետ, կ՚ունենան երեք զաւակ՝ Միքայէլ/Ճէֆրի, Քլոտիա եւ Ճորճ։

Այս էջով կը ներկայացնենք նաեւ Մարիձայէն մնացած ձայնագրութիւն մը, ուր ան իր կողմէ գրուած բանաստեղծութիւններ կ՚արտասանէ Հիւսէնիկի եկեղեցիին եւ կոչնակին նուիրուած։

Մազմանեան ընտանիքի անդամներու խմբանկար՝ լուսանկարուած Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Մարիձա Մազմանեան կեդրոնը նստածն է, ճերմակ շապիկով։

Մարիձա Մազմանեանի Միացեալ Նահանգներ ճամբորդելու նաւու տոմսը։ Գնուած է Փարիզի մէջ 6 Օգոստոս 1920-ին՝ 1112 ֆրանքի։ Ճամբորդութիւնը նախատեսուած է 11 Օգոստոս 1920-ին։

Մարիձա Մազմանեանի կողմէ գրուած 15 էջանոց գրութիւն՝ «Կենսագրութիւնս եւ վկայութիւնս 1933»։ Սոյն գրութիւնը քրիստնէական հաւատքի վկայութիւն մըն է եւ ուղղակի կենսագրական բնոյթ չունի։ Մարիձա կը մահանայ 1982 թուականին։

Սոյն գրութիւնը PDF ձեւով ամբողջութեամբ տեսնելու համար սեղմել վերի էջին վրայ։

Սուրիական իշխանութիւններուն կողմէ Մարիձա Մազմանեանի յանձնուած անցագիր՝ յանձնուած 1 Յուլիս 1920-ին Հալէպի մէջ։ Անցագիրը գրուած է ֆրանսերէն եւ արաբերէն լեզուներով։ Այս անցագրով Մարիձա կը մեկնի Լիբանան, ուր այս անգամ պիտի ստանար տեղւոյն ֆրանսական հոգատար իշխանութիւններուն կողմէ պատրաստուած անցագիրը։

Զօրավար Կուռոյի անունով եւ Լիբանանի մէջ ֆրանսական հոգատար իշխանութիւններուն կողմէ հրատարակուած ֆրանսական անցագիր, որ յանձնուած է Մարիձա Մազմանեանի։ Այս փաստաթուղթով ալ Մարիձա կը մեկնի Ֆրանսա, այնտեղէն ալ Միացեալ Նահանգներ անցնելու համար։ Անցագիրը պատրաստուած է 14 Յուլիս 1920-ին Պէյրութի մէջ։

Մարիձա Կօշկարեանի (ծնեալ Մազմանեան) գրիչին պատկանող բանաստեղծութիւններ։

«Հիւսէնիկի եկեղեցին», Մարիձա Կօշկարեան (ծնեալ Մազմանեան)

Լուսանկարին մէջ կը տեսնենք Հիւսէնիկի Վարվարա եկեղեցին, աջին՝ հայկական վարժարանը (Աղբիւր՝ Մարտիրոս Տէրանեանի հաւաքածոյ, NAASR, Պէլմոնթ, Մասաչուսէց)

Բանաստեղծութիւնը կ՚արտասանէ հեղինակը՝ Մարիձա Կօշկարեան-Մազմանեան։

1845-ին
Հիմը դրուած էր այս շէնքին,
Հայկազունեաց որդիները
Կը յեղկէին մեծ քարերը:    
   
Որմնադիրները մէկ կողմէն,
Գործաւորները չորս կողմէն,
Քար քարի վրայ կը շարէին,
Այս մեծ շէնքը կը շինէին:

Տուած էին ձեռքեր ձեռքի,
Միացած էր սրտեր սրտի,
Նպատակ կար անոնց մէջը,
Արդիւնք մը կար անոր վերջը:

Երկար օրեր աշխատեցան,
Շատ քրտինքներ հոն թափուեցան,
Եւ վերջապէս յաջողեցան
Կանգնել այս եկեղեցին աննման:

Յետոյ  եկաւ մեծ կոտորած,
Թուրքեր, Քիւրտեր զէնքեր առած,
Կը զարնէին, կը սպաննէին,
Հիւսէնիկը կ՚աւերէին:
Եկեղեցին կողոպտեցին,
Աս կոչնակն ալ վար նետեցին:

Ո՛վ՜ Հիւսենիկ – եկեղեցիդ,
Որ միացած էր դպրոցիդ,
Կամարներով շրջապատուած,
Չորս սիւներով էր հաստատուած:

Ի՛նչ հոյակապ շինուածք էիր,
Քեզ տեսնողին զարմանք էիր,
Փառաւոր էր տաճառներդ
Եւ վառվռուն՝ կանդարներդ:

Հարուստ-աղքատ հոն կու գային,
Հօր Ատտուծոյ կ՚աղօթէին,
Ոմանք ձայնով, ոմանք լալով,
Կ՚աղօթէին ահով-դողով:

Շարականներ ու մելետներ
Քաղցր ձայներ հոն կ՚երգուէր,
Քահանաներ իրենց կարգին
Կ՚աղօթէին պաղատագին:

Ուխտաւորներն ալ կու գային
Եւ նուէրներ կը բերէին:
Կար մէջը անոնց՝ կոյրեր, խուլեր,
Եւ շատ տարբեր ցաւագարներ:
   
Խորաններու առջեւ ինկած
Եւ ոմանք ալ բազկատարած,
Մեծ հաւատքով կը խնդրէին
Եւ ցաւերը կը յայտնէին:

Կային այրեր, կային կիներ,
Աստուած միայն անոնց յոյսն էր:
Երկնաւոր Հօր փառք կու տային,
Բժշկութիւն կը խնդրէին:

Այսպէս ամեն հաւատացեալ
Կ՚ըլլայ Հօրը շնորհակալ:
Իրենց տուները երբ դառնային,
Չէին մոռնար եկեղեցին:

Անհետացան այս լաւ օրեր,
Քանդուեցան եկեղեցիներ,
Նահատակուեցան մեր սիրելիներ:
Վէրքեր ունինք մենք մեր սրտեր:
Բժիշկն է Աստուածը մեր:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Հաւատքով Աստուծոյ աղօթենք,
Եւ մեր ցաւերը ողջը տանենք,
Յիսուսի պէս խաչ կրել սորվենք,

Որ, որ, համբերանք ... համբերանք ... համբերանք ...

«Հիւսէնիկի եկեղեցիին կոչնակը», Մարիձա Կօշկարեան (ծնեալ Մազմանեան)

Լուսանկարին մէջ կը տեսնենք Մեզիրէի գերմանական որբանոցին կոչնակը։

Բանաստեղծութիւնը կ՚արտասանէ հեղինակը՝ Մարիձա Կօշկարեան-Մազմանեան։

1892-ին
Ամերիկահայեր կոչնակ մը խրկեցին (ղրկեցին),
Մեր նախահայրերն այդտեղ կախեցին,
Ուրախութիւնը վեր ընդարաւերեցին(?)։

Ի՜նչքան ուրախալի էր այն օրը,
Ո՜րքան քաղցր էր անոր ձայնը։
Երբ որ հնչէր այս կոչնակը
Կը սասանէր Հիւսէնիկը։

Թուրքեր այս ձայնը երբ լսեցին,
Նախանձներ ու ոխ յայտնեցին։
Ասոր համար շատ նեղուեցան,
Հայերուն դէմ քրքրուեցան։

Պատեհութիւն կը փնտռէին,
Որ անոր ձայնը կտրէին,
Եւ վերջապէս յաջողեցան
Շուտ բերելու անոր վախճան։

Երկու տարի միակ անցաւ
Եւ անոր ձայնը թաւշեցաւ,
Տարի մըն ալ անձայն մնաց,
Ու իր տեղը կախուած մնաց։

Յետոյ եկաւ մեծ կոտորած,
Թուրքեր, քիւրտեր զէնքեր առած,
Կը զարնէին, կը սպաննէին,
Հիւսէնիկը կ՛աւերէին։

Եկեղեցին կողոպտեցին,
Այս կոչնակն ալ վար նետեցին,
Որ վերջապէս առին տարին,
Արջառներու մսուր ըրին։

Ո՜վ Հիւսէնիկ գիւղաքաղաք,
Է՜իր մեզի մայրաքաղաք,
Մեր հայրերու ծնունդավայր
Եւ շատերու բնակավայր։

Ո՜վ Հիւսէնիկ, դուն մի ըղձանք,
Շատ տարիներ եղար հրճուանք
Բոլոր անոնց, որ ծնեցան
Եւ քու դաշտերուդ մէջ ապրեցան։

Ո՜վ Հիւսէնիկ, քու զաւակներդ,
Որոնց սրտին մէջն է սէրդ,
Ամէն անգամ քեզ որ յիշեն,
Իրենց սրտէն ախ կը քաշեն։

Ո՜վ Հիւսէնիկ, ինչպէ՞ս մոռնանք,
Քանզի դուն ես մեզի պարծանք,
Եւ մէկ հատիկ Խարբերդի մէջ
Կը սփռէիր լոյս մը անշէջ։

Ո՜վ Հիւսէնիկ, այգիներդ
Այգեկութքի մեծ օրերդ,
Որքա՜ն արտեր կ՛ընէր զուարթ
Եւ երջանիկ էր ամէն մարդ։

Ո՜վ Հիւսէնիկ, քու պարտէզներդ,
Անոր մէջի պտուղներդ,
Եւ գոյնզգոյն խոտուտ վարդեր,
Ամէն տեսնողը կը զմայլէր։

Ո՜վ Հիւսէնիկ, Եոթ Մագլերդ
Որուն մէջէն կ՛ելլէր ջուրդ,
Ապառաժէն վար կը վազէր,
Բոլոր դաշտդ ան կ՛ոռոգէր։

Ո՜վ Հիւսէնիկ, Տեղէտանում(?)
Զոր ջուրերը կ՛երթար սահուն,
Վերմակի պէս կանաչ խոտեր
Չորս կողմերդ կը տեսնուէր։

Մոռենիկէն երբ դառնային
Ամէն Զատկի Մեծ հինգշաբթին,
Ուրախութեամբ վառ կը դառնար,
Մինչեւ արեւը մարը մտնար։

--[ժապաւէնը] լմնցաւ։ Ալ  չկայ։
--Too bad: