Կիւզէլիմեան ընտանիքը Այնթապէն է։ Այս էջով կը ներկայացնենք բազմաթիւ լուսանկարներէ եւ վաւերաթուղթերէ կազմուած ընտանեկան հաւաքածոն, զոր մեր տրամադրութեան տակ դրաւ նոյն ընտանիքի անդամ Վահէ Կիւզէլիմեան։
Բարեբախտութիւն է որ այս ընտանիքի նախնիներէն Ներսէս Կիւզէլիմեան 1938-ին գրի առած է եօթ էջանոց ինքնակենսագրութիւն մը, ուր մանրամասնութիւններ կ՚իմանանք իր եւ ընտանիքին պատմութեան մասին։ Հոս ներկայացուող ընտանեկան մանրապատմութիւնը մեծ մասամբ հիմնուած է Ներսէսի սոյն յուշերուն, ինչպէս նաեւ անոր թոռան՝ Վահէ Կիւզէլիմեանի փոխանցած յաւելեալ տեղեկութիւններուն եւ փաստաթուղթերուն վրայ։
Ներսէս Կիւզէլիմեան ծնած է Այնթապ 1882-ին։ Մօր անունն էր Եսթեր (1863-1938, ծնեալ Լեւոնեան), հօր անունը՝ Յարութիւն/Արթին (1860-1934)։ Իրմէ զատ ընտանիքին մէջ կար երկու որդի՝ Լուտեր եւ Խաչեր եւ չորս դուստր՝ Ֆլորա, Երանուհի, Կիւլէնիա եւ Միհրանուշ։ Ներսէսին ծնունդէն անմիջապէս ետք, ան կ՚որդեգրուի հօրաքրոջը՝ Լուսիա Օղլույեանին (ծնեալ Կիւզէլիմեան) կողմէ։ Այս վերջինը հանրութեան ծանօթ էր Կիւզէլիմ Լուսիա անունով։
Լուսիայի ընտանիքը անզաւակ էր, այս պատճառով ալ Ներսէսին ծնողքը նորածինը կը յանձնեն Օղլույեան ընտանիքի հոգածութեան։ Ներսէսի որդեգիր հայրը Գրիգոր Կէօյ Օղլույեանն էր, որ իր արհեստին բերումով ծանօթ էր նաեւ Պըչաքճը (դանակագործ) Գրիգոր մականունով։ Այս պատճառով ալ Ներսէսի մականունը կը դառնայ Պչաքճեան, բայց ինչպէս պիտի տեսնենք միայն կարճ ժամանակի մը համար։
Ներսէսի ապագայ կինը Կիւլէնիա Իշխանեան ծնած է 1891-ին, Այնթապ։ Իշխանեան ընտանիքը Այնթապի մէջ յայտնի էր իբրեւ մանածի ներկարար։ Կիւլէնիայի մայրն էր Կիւլլիւ Իշխանեան (ծնեալ Իշխանեան) եւ հայրը՝ Գէորգ Իշխանեան։ Կիւլէնիայի մեծ մայրն էր Հորոմ Մարիամ Իշխանեան (ծնեալ Գարամանուկեան), իսկ մեծ հայրը՝ Քուփէլի Սահակեան, որ հետագային կ՚իսլամանայ, իսկ Հորոմ Մարիամ կը վերամուսնանայ Իշխան Իշխանեանի հետ։ Կիւլէնիա կը յաճախէ Այնթապի բողոքական աղջկանց միջնակարգ վարժարանը, զոր կ՚աւարտէ 1904-ին։ Իր երկրորդական ոուսումը կը ստանայ ամերիկեան աղջկանց գոլէճին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ կ՚ըլլայ 1908-ին։
Ներսէս Կիւզէլիմեան իր նախնական ուսումը կը ստանայ «Հեյիկ» թաղամասի բողոքական եկեղեցւոյ վարժարանին մէջ։ 1896-էն սկսեալ ան կը սկսի յաճախել ամերիկեան միսիոնարական Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճը, ուրկէ շրջանաւարտ կ՚ըլլայ 1902-ին։ 1895-ի հակահայ կոտորածներուն հետեւանքով Այնթապի մէջ բացուած էին որբանոցներ, ուր կը խնամուէին որբացած երեխաներ։ Ներսէսի որդեգիր ծնողքը 1896-էն սկսեալ կը սկսին աշխատիլ քաղաքին «Մարտին» թաղամասի որբանոցը. իրենց յանձնուած էր 70-ի չափ երկսեռ որբերու խնամքը։ Ընտանեօք կը սկսին բնակիլ այս հաստատութեան մէջ։ Ներսէս իր կարգին կ՚օգնէր իր ծնողները որբախնամ իրենց առօրեայ աշխատանքներուն մէջ, այս պատճառով ալ երեխաներուն կողմէ յորջորջուած էր «Ներսէս գարտաշ (եղբայր)»։
Ներսէս Կիւզէլիմեանէն չորս դիմապատկերներ կեանքի տարբեր փուլերուն։ Առաջին լուսանկարը 1906 թուակիր է, լուսանկարիչն է Սարրաֆեան եղբայրք, Պէյրութ։ Երկրորդ լուսանկարին մէջ զինք կը տեսնենք Օսմանեան բանակի սպայի տարազով Առաջին համաշխարհային պատերազմին ընթացքին։
Ներսէս սերտօրէն կապուած էր Այնթապի հայ բողոքականներու հոգեւոր կեանքին եւ ջերմեռանդ մաս կը կազմէր «Հեյիկ» թաղամասի եկեղեցական համայնքին։ Սոյն հոգեւոր կեդրոնին մէջ ան եղած է նաեւ կիրակնօրեայ հոգեւոր դպրոցի ուսուցիչ։ 1902-էն մինչեւ 1905 ուսուցչութիւն կ՚ընէ «Գայաճըք» եւ «Հեյիկ» թաղամասերու բողոքական եկեղեցիներուն կից գտնուող նախակրթարաններուն մէջ։ Ուսուցչութենէն վաստկած դրամը ան կը յաջողի խնայել։ 1905-ին, գրպանը ունենալով 45 օսմանեան ոսկի, կը մեկնի Պէյրութ, ուր մէկ տարի դեղագործութիւն կ՚ուսանի տեղւոյն Ամերիկեան համալսարանին մէջ։
Նպատակն էր Պէյրութէն անցնիլ Եգիպտոս, ուր 1904-էն ի վեր արդէն իսկ գաղթած էին կենսաբանական ծնողները։ Բայց Ներսէս իր յուշերուն մէջ կը գրէ թէ այդ տարիներուն պետական խիստ արգելքներ կային մանաւանդ հայերուն դէմ արտասահման մեկնելու արտօնութիւն ստանալու համար։ Բայց նոյն ժամանակ փախստական ճամբաներ ալ ստեղծուած էին մանաւանդ ծովու վրայով։ Այսպէս, Ներսէս կը նստի Պալթաճը Մոհամմէտին նաւը Լիբանանի մէջ, իբրեւ փախստական կը հասնի Եգիպտոս եւ կը միանայ Գահիրէ ապրող ընտանիքին։ Այստեղ ան 13 ամիս կ՚աշխատի իբրեւ օգնական տեղական դեղատան մը մէջ։ Այնուհետեւ միշտ իբրեւ փախստական կրկին կ՚անցնի Պէյրութ, ուր կը շարունակէ կիսատ մնացած իր դեղագործութեան ուսումը։ 1908-ին կը ստանայ համալսարանական վկայական եւ կը հաստատուի Եգիպտոս։ «Կիւզէլիմեան» մականունը կ՚որդեգրէ համալսարանական տարիներուն։ Այսպէս, օսմանեան ինքնութեան թուղթին վրայ այս անունը գրուած էր, այնպէս որ նոյնը կը գրուի համալսարանական վկայականին վրայ։
Դեղագործի բարձր պաշտօն կը ստանձնէ Գահիրէի The new Anglo-american pharmacyի մէջ, ուր կը մնայ վեց տարի։ 1910-ին, կենսաբանական մօրը Եսթերի հետ (որդեգիր մայրը Լուսիա նոյն տարին մահացած էր արդէն) կը մեկնի Այնթապ, ուր կ՚ամուսնանայ Կիւլէնիա Իշխանեանի հետ։ 1911-ին կը ծնի Ներսէսի եւ Կիւլէնիայի առաջին զաւակը՝ Լուսիան, որուն անունը կ՚ենթադրուի որ դրուած է ի յիշատակ Ներսէսի որդեգիր մօր։ 1914-ին ընտանիքը կը տեղափոխուի Հալէպ, ուր Ներսէս, ընկերակցութեամբ Յարութիւն Իշխանեանի, կը հիմնէ դեղատուն մը։ Իշխանեանի նիւթական մասնակցութիւնը դեղարանի գործերուն կը ներկայացնէր մէկ-չորրորդ բաժինը։ Ներսէսի յուշերէն այն տպաւորութիւնը ունինք որ Իշխանեան ընտանիքը (Կիւլէնիայի ընտանիքը) եւս Այնթապէն գաղթած էր Եգիպտոս։ Նոյն տարին կը ծնի ընտանիքին երկրորդ զաւակը՝ Վահրամ։
Բայց կը բռնկի Առաջին համաշխարհային պատերազմը. Ներսէս կը զինուորագրուի օսմանեան բանակին մէջ։ 1917-ին կը ծնի ընտանիքին երրորդ զաւակը՝ Ճորճը։ Ներսէս դեղագործ ըլլալուն բերումով կը դառնայ միւլազիմի էվվէլ (առաջին տեղակալ) եւ կը ծառայէ Կիլիկիոյ Ամանոս լեռներուն տարածքին մէջ. մօտ երկու տարի Իսլահիէի մօտակայ Թախթա Քէօփրիւի (Tahtaköprü) մէջ եւ շուրջ տարի մըն ալ Օսմանիէի Մամուրա բանակային հիւանդանոցներուն մէջ։
Այնուհետեւ կը փոխադրուի Հայֆայի (Պաղեստին) օսմանեան զինուորական հիւանդանոցը։ Այստեղ ծառայելու ընթացքին է որ Պաղեստինը կը գրաւուի բրիտանական զօրքերուն կողմէ։ Շատերու կարգին, Ներսէսը նոյնպէս զինուորական գերի կը դառնայ, բայց անգլերէնի տիրապետելուն շնորհիւ բրիտանական ռազմական իշխանութիւնները անմիջապէս զինք պատասխանատու պաշտօնի կը նշանակեն նոյն օսմանեան հիւանդանոցին մէջ, ուր կը գտնուէին 1200-ի չափ հիւանդ կամ վիրաւոր օսմանեան բանակի զինուորներ, քսանի չափ ալ սպաներ։
Հիւանդանոցին մէջ մօտ երեք ամիս իբրեւ գերի ծառայելէ ետք, բրիտանական հրամանատարութիւնը դրական կը գնահատէ իր աշխատանքը, ազատ կ՚արձակէ Ներսէսը, որ ճամբորդական ձրի տոմս մըն ալ ստանալով կը մեկնի Հալէպ եւ կը միանայ ընտանիքին։ Այստեղ կը վերականգնէ սնանկացած դեղարանը, մօտ երկու տարի ընտանիքով կ՚ապրին Հալէպի մէջ, բայց Սեպտեմբեր 1920-ին կը մեկնին դարձեալ Եգիպտոս, այնտեղէն ալ Միացեալ Նահանգներ գաղթելու մտադրութեամբ։ Բայց այս ծրագիրը չի գորածդրուիր եւ Կիւզէլիմեան ընտանիքը կը շարունակէ ապրիլ Եգիպտոսի մէջ։ Հոս ալ կը ծնին Ներսէսի եւ Կիւլէնիայի միւս զաւակները՝ Անահիտը եւ Ռոզինը։ Գահիրէի մէջ կը մահանան Ներսէսի կենսաբանական ծնողները՝ Եսթեր եւ Յարութիւն։
1955-ին ընտանիքը կը գաղթէ Քանատա, ուր կը մահանան Ներսէսն (1962) ու Կիւլէնիան (1973)։ Դուստրերէն Լուսիան (1911-2002) 1935-ին կ՚ամուսնանայ բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ Բիւզանդ Եղիայեանի (1899-1995) հետ։ Վահրամ (1914-1974) կ՚ամուսնանայ Լիւսի Էքմէքճեանի հետ (1930-1974)։ Ճորճ (1917-2010) կ՚ամուսնանայ Էլիզապէթ Օթթիլի Ֆոլրաթի (1937-1972)։ Անահիտ (1923-2012) կ՚ամուսնանայ Սուրէն Նորատունկեանի (1920-2003) հետ։ Ռոզին (1926-2007) կ՚ամուսնանայ Օլլի Վաարթախայի (1917-1984)։
Ներսէս Կիւզէլիմեան օսմանեան բանակի սպայական տարազով եւ սուրով։ Առաջին համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, Ներսէս կը զինուրագրուի, դեղագործ ըլլալուն բերումով կը դառնայ միւլազիմիէվվէլ (առաջին տեղակալ) եւ կը ծառայէ Կիլիկիոյ Ամանոս լեռներուն տարածքին մէջ գտնուող հիւանդանոցներու մէջ, իսկ պատերազմի աւարտին ալ՝ Հայֆայի զինուորական հիւանդանոցին մէջ։
Հալէպ, 1917 կամ 1918։ Այն պահուն երբ Ներսէս Կիւզէլիմեան Առաջին համաշխարհային պատերազմին ընթացքին կը ծառայէր օսմանեան բանակին մէջ, ընտանիքը կ՚ապրէր Հալէպի մէջ։ Այս լուսանկարին մէջ կը նկատենք Ներսէսը սպայի տարազով, երբ եկած է հաւանաբար ընտանիքին այցելութեան եւ տեսնելու նորածին որդին՝ Ճորճը։
Ձախէն աջ՝ Միհրանուշ Կիւզէլիմեան (Ներսէսի քոյրը), Կիւլէնիա Կիւզէլիմեան (ծնեալ Իշխանեան, Ներսէսի կինը), Վահրամ Կիւզէլիմեան (Ներսէսի եւ Կիւլէնիայի երկրորդ զաւակը), Լուսիա Կիւզէլիմեան (Ներսէսի եւ Կիւլէնիայի առաջին զաւակը), նորածինը՝ Ճորճ Կիւզէլիմեան (ծն. 1917), Ներսէս Կիւզէլիմեան, Երանուհի Կիւզէլիմեան (Ներսէսի քոյրը, որ հետագային կ՚ամուսնանայ Ատուր Լեւոնեանի հետ)։
1908 թուակիր Ներսէս Կիւզէլիմեանի դեղագործի վկայականը։ Գիտենք որ Ներսէս դեղագործութիւն ուսանած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ։ Այստեղ ներկայացուող վկայականը կ՚ենթադրենք որ սոյն վկայականին պետական հաստատագիրն է, որ շնորհուած է Պոլսոյ պետական համալսարանին կողմէ։
Ներսէսի անունը գրուած է «Ներսէս Արթին Կիւզէլիմ Օղլու»։ Վկայականը կը կրէ Մազհար փաշայի ստորագրութիւնը. ան տնօրէնն էր Պոլսոյ պետական համալսարանի բժշկական բաժանմունքին։
Եսթեր Կիւզէլիմեան (կեդրոնը նստած, ծնեալ Լեւոնեան) եւ իր դուստրերը՝ Ֆլորա Կիւզէլիմեան (ձախին), Կիւլէնիա Կիւզէլիմեան (Եսթերին ետեւը), Միհրանուշ Կիւզէլիմեան։ Լուսանկարուած Գահիրէ, լուսանկարիչ «Վէնիւս» (Venus)։
Հալէպ, 1919 կամ 1920. ձախէն աջ՝ Ճորճ Կիւզէլիմեան, Լուսիա Կիւզէլիմեան, Ներսէս Կիւզէլիմեան, Կիւլէնիա Կիւզէլիմեան (նստած), Վահրամ Կիւզէլիմեան։ Լուսանկարիչ՝ «Տէրունեան եղբայրներ», Հալէպ։
Ոտքի, ձախէն աջ՝ Ճորճ Կիւզէլիմեան, Վահրամ Կիւզէլիմեան, բողոքական պատուելի (վերապատուելի Համբարձումեան), Նազարէթ Իշխանեան, Միհրան Իշխանեան, Ներսէս Կիւզէլիմեան, Էմիլիա Սարգիսեան-Իշխանեան, Լաուրա Իշխանեան (Էմիլիայի գրկած երախան, որ իր դուստրն է)։ Նստած (նստարանի վրայ), ձախէն աջ՝ Կիւլէնիա Կիւզէլիմեան, Տոքթ. Գրիգոր Սարգիսեան, Մաքրուհի Սուճեան-Իշխանեան, Եսթեր Իշխանեան։ Գետին նստած երախաները, ձախէն աջ՝ Սոնիա Իշխանեան, Անահիտ Կիւզէլիմեան, Ռոզին Կիւզէլիմեան, Ճորճ Իշխանեան։
1) Կիւզէլիմեան ընտանիքը Գահիրէի մէջ։ Նստած ձախէն աջ՝ Ներսէս Կիւզէլիմեան, Ռոզին Կիւզէլիմեան (ծն. 1926), Կիւլէնիա Կիւզէլիմեան։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Լուսիա Կիւզէլիմեան, Անահիտ Կիւզէլիմեան (ծն. 1923), Ճորճ Կիւզէլիմեան (Անահիտին ետեւը), Վահրամ Կիւզէլիմեան։
2) Կիւզէլիմեան ընտանիքը Գահիրէի մէջ։ Նստած ձախէն աջ՝ Վահրամ Կիւզէլիմեան, Ճորճ Կիւզէլիմեան, Ռոզին Կիւզէլիմեան (կանգնած Ճորճին առջեւը), Անահիտ Կիւզէլիմեան (Ռոզինին աջին), Կիւլէնիա Կիւզէլիմեան (դուստրերուն ետեւը), Ներսէս Կիւզէլիմեան, Լուսիա Կիւզէլիմեան (նստած)։
Կիւլէնիա Իշխանեանի (Ներսէս Կիւզէլիմեանի ապագայ կինը) վկայականը 1904 թուակիր Այնթապի աղջկանց միջնակարգ բողոքական վարժարանէն։ Վկայականը գրուած է հայատառ թրքերէն, իսկ առաջին էջին վրայ մեքենագրուած է հայերէն թարգմանութիւնը։
Կիւլէնիա Իշխանեանի վկայականը 1908 թուակիր Այնթապի ամերիկեան աղջկանց գոլէճէն։ Վկայականը գրուած է հայատառ թրքերէն, իսկ երկրորդ էջին վրայ մեքենագրուած է հայերէն թարգմանութիւնը։
Կիւզէլիմեան ընտանիքը, Գահիրէ, 1920-ականներ։ Առաջին շարք, ձախէն աջ՝ Վահրամ Կիւզէլիմեան, Անահիտ Կիւզէլիմեան, Ճորճ Կիւզէլիմեան։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Կիւլէնիա Կիւզէլիմեան, Ներսէս Կիւզէլիմեան, Լուսիա Կիւզէլիմեան։
Կիւզէլիմեան եւ Իշխանեան ընտանիքները, Գահիրէ, 1930։ Լուսանկարին առիթը Յարութիւն/Արթին եւ Եսթեր Կիւզէլիմեանի ամուսնութեան 50-րդ տարեդարձն է։
Ամէնէն վերի շարք, ոտքի, ձախէն աջ՝ Հերրի Կիւզէլիմեան, Ճորճ Իշխանեան, Զապէլ Հասէրճեան, Վահրամ Կիւզէլիմեան, Երուանդ Իշխանեան։
Ոտքի, երկրորդ շարք, ձախէն աջ՝ Լեւոն Կիւզէլիմեան, Հռիփսիմէ Կիւզէլիմեան (ծնեալ Լեւոնեան), Լիւսի Կիւզէլիմեան (ծնեալ Լեւոնեան), Լուտեր Կիւզէլիմեան, Աբրահամ Իշխանեան, Կիւլէնիա Կիւզէլիմեան, Ալպէրթ Արոյեան։
Աթոռի վրայ նստած, ձախէն աջ՝ Նուարդ Լեւոնեան (ծնեալ Կիւզէլիմեան), Կիւլէնիա Արոյեան/Հասէրճեան (ծնեալ Կիւզէլիմեան), Խաչեր Կիւզէլիմեան, Եսթեր Կիւզէլիմեան (ծնեալ Լեւոնեան) որ գրկած է Հէրի Կիւզէլիմեանը (1930-ի ծնունդ) , Յարութիւն Կիւզէլիմեան, Ֆլորա Իշխանեան (ծնեալ Կիւզէլիմեան), Ներսէս Կիւզէլիմեան, Լիւսի Եղիայեան (ծնեալ Կիւզէլիմեան)։ Գետին նստած, ձախէն աջ՝ Բիւզանդ Կիւզէլիմեան, Սիրվարդ Իշխանեան, Ռոզին Կիւզէլիմեան, Արամ Հասէրճեան, Ճորճ Կիւզէլիմեան, Արմինէ Իշխանեան, Անահիտ Կիւզէլիմեան։
Հետաքրքրական են նաեւ աջ եւ ձախ ծայրերը երեւցող ընտանեակ լուսանկարները, ուր կ՚երեւին բացակայ ազգականներ։ Ձախ ծայրի լուսանկարը Միհրանուշ (Ներսէսի քոյրը) Պէրէճիքեանի (ծնեալ Կիւզէլիմեան) ընտանիքն է, Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Իսկ աջ կողմի պատկերին մէջ կը տեսնենք Երանուհի (Ներսէսի քոյրը) Լեւոնեանի (ծնեալ Կիւզէլիմեան) ընտանիքը։ Երանուհի ամուսնացած էր Ատուր Լեւոնեանի հետ, կ՚ապրէին Հալէպ։ Կ՚երեւին նաեւ անոնց զաւակները՝ Հրայր եւ Արփինէ։
1) Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Նիւ Եորքի կեդրոնին կողմէ տրուած երախտագիտութեան թուղթ Ներսէս Կիւզէլիմեանին երկար տարիներ միութեան ծառայած ըլլալուն համար։
2) Գահիրէի հայ աւետարանական եկեղեցիին կողմէ Ներսէս Կիւզէլիմեանի տրուած շնորհակալագիր (1955 թուակիր) յիսուն տարի շարունակ եկեղեցիին իր ծառայութեան համար։ Այս առիթով անոր կը շնորհուի նաեւ Աւագ Սարկաւագի աստիճան։
Ներսէս Կիւզէլիմեանի կողմէ գրուած «Համառօտ կենսագրութիւնս», գրուած Գահիրէ 26 Յունուար 1938-ին։ Սեղմել նկարին վրայ գրութեան ամբողջութիւնը pdf տեսնելու համար։
Վահէ Կիւզէլիմեան՝ Ներսէսի թոռը, պատրաստած է ընտանեկան ծառ մը, ուր կը նշուին աւելի քան 5200 անուններ, բոլորն ալ ԴՆԹ-ով (DNA) առնչուած Ներսէսին։ Այս ձեւով ան կը պահպանէ Ներսէսի աւանդը։ Ընտանեկան այս ծառը կարելի է տեսնել հոս՝ http://www.guzelimiantree.com