Այս հաւաքածոն մեզի տրամադրած է Մելինէ Յարաթունեան Լաչինեանը, որուն նախնիները Քարհատէն (այսօր՝ Աքինճիլար, Սիվաս/Սեբաստիայի պզտիկ գիւղ մը, Զարայէն անմիջապէս արեւմուտք գտնուող), Պարտիզակէն (այսօր՝ Պահչէճիք, Իզմիթի հայկական գիւղերէն, Պոլսոյ արեւելքը) եւ Կարինէն (Էրզրում) էին։
Մարիամ Եղիկեան Յարութիւնեան
Մելինէի հօրենական մեծ մայրը՝ Մարիամ Եղիկեան Յարութիւնեանը, ծնած էր Քարհատ 1906-ին ապրիլին Զատիկ Եղիկեանի (Յակոբ եւ Մարթա Եղիկեաններու որդին) եւ Թրվանտա Սուլթանեան Եղիկեանի (Կարապետ Սուլթանեանի եւ Նարիկ Մալխասեան Սուլթանեանի դուստրը) ընտանիքին մէջ։
Մարիամը երկու տարեկան դեռ չբոլորած՝ երկու ծնողներն ալ մահացած էին, եւ ինքը յանձնուած էր Սեբաստիոյ զուիցերիական որբանոցին։ Այդ որբանոցը հիմնուած էր 1897-ին զուիցերիացի բողոքական միսիոնարներու կողմէ՝ 1895-ի կոտորածներուն որբացած հայ մանուկներուն ապաստան տալու սկզբնական նպատակով։
Թէեւ 1915-ի յուլիսին Սեբաստիոյ հայ բնակչութեան սպանդն ու տեղահանութիւնը արդէն ծայր առած էին, Մարիամը եւ զուիցերիական որբանոցի միւս հայ որբերը ձեւով մը չարիքէն հեռու պահուած էին, եւ իրենց արտօնած էին Սեբաստիոյ մէջ մնալ եւս մի քանի տարի։ Բազմաթիւ պատմագրական վկայութիւններ կը նշեն, որ զուիցերիական որբանոցի հայ աղջիկներու անփորձանք մնալու երախտաւորը ամենայն հաւանականութեամբ Մերի Լուիզ Կրաֆամն էր, ամերիկացի միսիոնարուհի մը, որ Ցեղասպանութենէն առաջ, ետք, եւ անոր ընթացքին Սեբաստիոյ մէջ կ’ապրէր։ Ցեղասպանութեան առաջին օրերուն օրիորդ Կրաֆամը, պաշտպան ըլլալու մտադրութեամբ, անձամբ ընկերակցած էր Սեբաստիաէն տեղահանուող հայ բնակչութեան առաջին ալիքին. ի վերջոյ օսմանցի «ճանտարմաները» (ոստիկանները) պիտի շաբաթներով ձերբակալուած պահէին զինքը Մալաթիոյ մէջ եւ ստիպէին Սեբաստիոյ հայերը ապրելու առանց իրեն։ [1] Սեբաստիա իր վերադառնալու օրը օրիորդ Կրաֆամը պիտի իմանար, որ զուիցերիական որբանոցի հայ աղջիկները յաջորդ օրը պիտի տեղահանութեան ենթարկուէին, եւ ան անմիջապէս պիտի անցնէր Սեբաստիոյ վալիին (կառավարիչ) հետ բանակցութիւններու եւ յաջողցնէր կարգադրել, որ այնքան ատեն որ օրիորդ Կրաֆամը իրենց հետ էր եւ որբանոցը կը տնօրինէր, այս աղջկները փորձանքէն հեռու պիտի պահուէին։ [2] Թուրք լայն հանրութեան յայտնի էր, որ օրիորդ Կրաֆամը կանոնաւոր եւ ուղղակի կապի մէջ էր ԱՄՆ դեսպան Հէնրի Մորկընթաուի հետ. կրնայ ըլլալ որ սկիզբը հայ որբերուն ձեռք չտալուն լրացուցիչ պատճառ մըն եղած էր աս։ [3]
Ըստ պատմագրական աղբիւրներու, զուիցերիական որբանոցին մէջ կային ութսուն հայ որբեր, որոնց, երբ ծայր առած էր Ցեղասպանութիւնը, արտօնուած էր տեղահան չընել եւ ձգել որ մնան Սեբաստիոյ մէջ։ [4] 1916-ի մայիսին օսմանեան կառավարութիւնը Սեբաստիա մնացած բոլոր օտարահպատակ միսոնարներուն պիտի հրամայէր հեռանալ քաղաքէն՝ բացառութեամբ օրիորդ Կրաֆամի, որուն պզտիկ կացարան մը պիտի յատկացուէր քաղաքի շրջափակէն ներս, իսկ մօտակայ տան մը մէջ թխմուած որբերուն, շնորհիւ իր պաշտպանութեան, ձեռք պիտի չտրուէր։ [5] Յետագայ տարիներուն որբերուն չորս անգամ պիտի ստիպէին տեղ փոխել Սեբաստիոյ մէջ [6], իսկ Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտին որբանոցը պիտի անցնէր ամերիկեան Նպաստամատոյց կոմիտէի տնօրինութեան տակ։
Զուիցերիական որբանոցի մատեաններու գրառումները ապացոյց են այն փաստին, որ 1916-ի դրութեամբ, երբ Մարիամը տասը տարեկան էր, ինքը եւ այլ հայ որբուհիներ տակաւին Սեբաստիոյ մէջ կ’ապրէին եւ տակաւին կը սորվէին հայագիտական նիւթեր հայերէնով. նշանակալի է այս երեւոյթը, նկատի ունենալով թէ իրենց շուրջը ազգաբնակչութեան ի՛նչ մաքրագործում տեղի կ’ունենար այդ ժամանակ։ Հաւանական է, որ այս յաջողութեան կարելի եղած էր հասնիլ Մարի Լուիզ Կրաֆամի քաջութեան շնորհիւ եւ անոր ունեցած ծանօթութիւններուն միջոցով։
Յստակ չէ թէ Մարիամը եւ իր որբանոցի միւս հայ աղջնակները ի վերջոյ ե՛րբ հեռացած են Սեբաստիայէն։ Սեբաստիոյ հայ որբանոցը կանգուն եւ անխեղ կը մնար 1917-ի դրութեամբ։ [7] Զուիցերիական որբանոցի մատեանը կ’աւարտի 1918-ին (Մարիամը տասներկու տարեկան էր այդ ատեն), եւ հաւանական է, որ այս թուականը Սեբաստիոյ մէջ իր կեցութեան աւարտին կը համապատասխանէ։ Հայ որբերը իրենց իսկ ապահովութեան համար վստահաբար բոլորն ալ Սեբաստիայէն հեռացած պիտի ըլլային 1920-ականներու սկիզբները՝ օրիորդ Կրաֆամի մահէն ետք (1921-ին) [8], իսկ Նպաստամատոյց կոմիտէն քեմալիստներու իշխանութեան գալէն ետք տակաւին Թուրքիա ապրող որբերը պիտի փոխադրէր Յունաստան, Լիբանան եւ այլ երկիրներ։
Սեբաստիոյ որբանոցէն մեկնելով՝ Մարիամը պիտի երթար հիւսիսային Յունաստանի մէջ տեղ մը գտնուող որբանոց մը։
Ինչպէս բնորոշ էր հայկական որբանոցներուն, Մարիամին եւ միւս հայ աղջիկներուն կը սորվեցնէին որոշ հմտութիւններ, որպէսզի կարենային չափահաս տարիքին իրենք իրենց ապրուստը ապահովել։ Արդիւնքը ան էր, որ Մարիամը բաւական վարպետ դարձած էր կարի, ժանեակագործութեան եւ ձեռագործի այլ ձեւերու մէջ։ Մարիամի ժանեակագործութեան այս նմուշները հաւանաբար պատրաստուած են երբ վերջինս տակաւին որբանոցը կ’ապրէր, կամ այդ օրերէն անմիջապէս ետք։
Մարիամին գերդաստանին Քարհատ ապրող բոլոր անդամները պիտի սպաննուէին 1915-ի Ցեղասպանութեան ընթացքին. Մարիամին մայրը՝ Թուրուանտա Սուլթանեան Եղիկեանը 17 քոյր-եղբայր ունեցած էր, որոնցմէ 15-ը իրենց առաջին տարիէն աւելի ապրած էին, բայց որոնք բոլորն ալ մահացած էին Ցեղասպանութենէն առաջ կամ անոր ընթացքին, բացառութեամբ Թուրուանտայի եղբայրներէն չորսին՝ Քերովբէ եւ Սերովբէ Սուլթանեաններուն (որոնք Նիւ Եորք գաղթած էին համապատասխանաբար 1896-ին եւ 1906-ին), ինչպէս նաեւ Մանաս «էֆենտի» Սուլթանեանին (Պոլսոյ մէջ դպրոցի տնօրէն) եւ Ռուբէն Սուլթանեանին (որ նոյնպէս Պոլիս կ’ապրէր). Թուրուանտայի քոյրերէն ոչ մէկը կենդանի մնացած էր։ 1926-ի կողմերը, երբ Քերովբէն եւ Սերովբէն կը գիտնան որ Մարիամը ողջ է, կարգադրութիւններ կ’ընեն, որ Մարիամը Նիւ Եորք գայ։ Մարիամը ԱՄՆ կը ժամանէ 12 ապրիլ 1926-ին եւ սկզբնական շրջանին կ’ապրի Քերովբէ եւ Մանիա Սուլթանեաններու յարկին տակ։
Մարիամի Նիւ Եորք ժամանումէն քիչ անց հայրենակից քարհատցի մը, Ովսաննա Եղիկեան Գրիգորեանը, զինք պիտի ծանօթացնէր ամուսնութեան թեկնածուի մը՝ Միհրան Եղիկեան Յարութիւնեանին, նոյնպէս քարհատցի։ Մարիամը եւ Միհրանը ի վերջոյ 55 տարուան ամուսնական կեանք պիտի վայելէին իրարու հետ։
1) Սեբաստիոյ Զուիցերիական որբանոցէն դուրս գալէ ետք Մարիամը որոշ ժամանակ պիտի մնար Յունաստանի հիւսիսային շրջանին մէջ գտնուող որբանոց մը։ Այս լուսանկարը կը պատկերէ Մարիամին որբանոցին շէնքը, հաւանաբար հիւսիսային Յունաստանի մէջ։
2) Հինգ որբուհիներու այս խմբանկարը եւ ամենավերի նկարը կարծես նոյն սենեակին մէջ նկարուած են, եւ աղջիկներէն շատերը երկու նկարներուն մէջ ալ կան, բայց այս մէկը մի քանի տարի ետք նկարուած է։ Մարիամը ամենաձախինն է։ Միւս լուսանկարուողներուն ինքնութիւնները անյայտ են։
Ինչպէս նշուած է հարսանեկան հրաւէրին մէջ, Մարիամը եւ Միհրան Յարութիւնեանը պիտի պսակուէին Նիւ Եորքի մէջ 20 նոյեմբեր 1926-ին, Մարիամին ԱՄՆ ժամանումէն եօթ ամիս ետք։
1) Քերովբէ Սուլթանեանը եւ կինը՝ Մանիա Սուլթանեանը Նիւ Եորքի մէջ 1920-ականներու սկիզբը։
2) Ընտանեկան լուսանկար. Մարիամը, Միհրանը եւ իրենց որդիները՝ Ժիրայր եւ Մուշեղ Յարութիւնեանները (լուսանկարուած է 1934-ի շուրջ, Նիւ Եորքի մէջ, երբ Մարիամը մօտաւորապէս 28 տարեկան էր)։
Քեռիներուն եւ անոնց ընտանիքին միանալու Մարիամի սպասումը արտացոլուած է 1926-ի Ամանորի իր օրագրային գրառումներուն մէջ. «1926 տարոյ այգը ինծի պիտի բերէ առանձնութեան նոր շրջան մը. առանձին նստած սենեակիս աղօտ լոյսին տակ կը մտածեմ անցեալիս եւ ներկայիս վրայ, թէ արդեօ՞ք նոր տարոյ այգը պիտի բերէ բաղդի նոր յոյս մը, տօնել իմ սիրելիներուս հետ որոնց կարօտ եմ»։
Մարիամը նաեւ այս գուլպաները գործած է, որոնք հիւսուած են Սեբաստիոյ աւանդական ձեւով, Մարիամին որբանոցային օրերուն կամ անմիջապէս յետոյ։
Ասեղնագործի նմուշներ։ Ասոնք Մարիամի քով - նօթատետրին կողքին - պահուող էջեր են, որոնց շնորհիւ կը տեսնենք թէ Սեբաստիոյ որբանոցի որբուհիները ինչպէս ձեռագործ կը սորվէին։
Մարիամ Յարութիւնեանի (ծնեալ Էղիկեան) Սեբաստիոյ մէջ որբանոցային կեանքէն մնացած է նաեւ նօթատետր մը, որ ներկայիս կը պահուի իր թոռնուհիին՝ Մելինէի քով։
Առաջին հայեացքով անիկա սովորական տետրակի մը բնոյթը ունի։ Այնտեղ գրի առնուած են զանազան բանաստեղծութիւններ, արձակ գրութիւններ, յայտնապէս բոլորն ալ հեղինակային գործերու արտագրումներ։ Բայց նօթատետրին գրառումները կատարուած են պատմական իւրայատուկ ժամանակահատուածի մը, բան մը որ յաւելեալ արժէք կու տայ այս տետրակին եւ մեզի ալ կը մղէ զայն աւելի մօտէն ուսումնասիրելու։
Նօթատետրին վրայ գրուած է «Էլիզա Տօնիկեան. 1916 Նոյ. 2»։ Այս արդէն ենթադրել կու տայ որ տետրակը չի պատկանիր Մարիամ Յարութիւնեանի, իսկ Էլիզան ալ շատ հաւանաբար Սեբաստիոյ նոյն որբանոցէն որբուհի մըն է։ Թէեւ չենք գիտեր թէ ինչ պայմաններու տակ նօթատետրը Մարիամի ձեռքը անցած է, բայց յստակ է որ Առաջին համաշխարհային պատերազմին աւարտէն ետք Մարիամ ինք սկսած է անոր մէջ յաւելումներ կատարել՝ բանաստեղծութիւններ, երգեր կամ անձնական նօթեր գրելով։ Իսկ տեղ մըն ալ լուսանցքի մէջ ուղղահայեաց գրած է՝ «Անուշիկ քոյրիկիս գիրը մնաց յիշատակ»։ Մարիամին գրութիւնն է, շատ հաւանական է որ յետագային աւելցուած նօթ մըն է եւ խօսքը ուղղուած է Էլիզին եւ իր նօթատետրին։ Դժբախտաբար բան չենք գիտեր Էլիզին մասին, մանաւանդ թէ ան ինչ ճակատագիր ունեցաւ։
Տետրակին մէջ տեղ գտած բանաստեղծութիւններն ու արձակ գրութիւնները բազմազան են։ Անոնք մեծ մասամբ այդ ժամանակահատուածին շատ կարդացուող գրողներու - ինչպէս Պետրոս Դուրեան, Սիամանթօ, Դանիէլ Վարուժան, Աւետիս Ահարոնեան - գործերէն են։ Կը գտնենք Դուրեանի «Սե՜ւ, սե՜ւ» եւ «Իղձք առ Հայաստան» բանաստեղծութիւնները։ Աւետիս Ահարոնեանի «Յարգանք քեզ»ը, «Աշուղը» եւ «Օրօր»ը։ Սիամանթոյի «Կովկաս» եւ «Ես երգելով կ՚ուզեմ մեռնիլ» բանաստեղծութիւնները։ Դանիէլ Վարուժանի «Պատգամաւորներս» գործը։
Այլ գործերու շարքին նշենք Տիգրան Չէօկիւրեանի «Յաւերժանալ»ը, Սմբատ Բիւրատի «Հայաստանի վախճանը», Հերանուշ Արշակեանի (1887-1905) «Մահուան մօտ»ը, Շահան Նաթալիի «Հացի Աստծոյն»ը, Գամառ Գաթիպայի «Իմ երգը», Ա. Կ. Պետիկեանի «Գրիչս իմ անուշիկ»ը։ Կան այլ գրութիւններ (արձակ կամ բանաստեղծութիւն), որոնց հեղինակները անյայտ կը մնան, ինչպէս օրինակ «Հին տարին», «Պարիկներու թագուհին» (թատերգութիւն), «Տարագին ուղին», «Աղջիկ չենք ուզեր» (թատերգութիւն), «Որբն առ սոխակ»ը, «Բնութեան լացը - Սիհուն»ը։
Յատկանշական է որ այս գործերու հեղինակներէն շատեր Ցեղասպանութեան զոհեր են (Սիամանթօ, Տիգրան Չէօկիւրեան, Դանիէլ Վարուժան)։ Նոյն այն ժամանակ երբ այս գրողները կը տարագրուէին եւ կը սպաննուէին, որբուհիները Սեբաստիոյ իրենց որբանոցի սենեակներուն մէջ քաշուած անոնց յախուռն, ըմբոստ եւ ազգայնական ներշնչումով գրուած բանաստեղծութիւնները կ՚արտագրէին։ Խորքին մէջ խիստ վտանգաւոր արաքն մըն էր, երբ գիտենք որ քանի քանիներ - չափահասներ կամ աշակերտական տարիքի տղաք ու աղջիկներ - Ցեղասպանութեան այդ տարիներուն ամբաստանուեցան օրագիր, նօթատետր կամ հայկական ազգայնական գրականութիւն պահելու մեղադրանքով։ Զուիցերիական միսիոնարական հաստատութեան մը մէջ գտնուիլը հաւանաբար որոշ ապահովութիւն կը ներշնչէր որբերուն, բայց չենք կարծեր որ այս պաշտպանութիւնը զիրենք պիտի փրկէր եթէ այսպիսի նօթատետր մը անցնէր իշխանութիւններուն ձեռքը։
Կ՚ենթադրենք նաեւ որ այս գրութիւնները արտագրուելու պահուն որբերը իրենց տրամադրութեան տակ չեն ունեցած սոյն գրողներուն տպագիր գործերը։ Որբանոցին տնօրէնութիւնը վստահաբար զանոնք արդէն փճացուցած կամ առնուազն պահած էր, խուզարկութիւններու եւ ամբաստանութիւններու առաջքը առնելու նպատակով։ Բայց որբերը յայտնի է որ զանոնք գոց գիտէին։ Այս միտքը աւելի եւս կը հաստատուի, երբ կը տեսնենք որ տետրակին մէջ տեղ գտած զանազան արտագրութիւններուն մէջ ուղղագրական բազմաթիւ սխալներ կան։
Նօթատետրին մէջ գրի առնուած են նաեւ բազմաթիւ առածներ։
Ինչպէս ըսինք տետրակը կը պատկանի Էլիզ Տօնիկեանին, բայց այստեղ տեղ գտած արտագրութիւնները յաճախ կատարած են իր ընկերներն ու ընկերուհիները, շատ հաւանաբար բոլորն ալ նոյն որբանոցի սաներ։ Գիրերու յստակ տարբերբութիւնները աւելի եւս կ՚ամրապնդեն այս միտքը։ Կ՚ենթադրենք որ հաւաքաբար նօթատետր մը լեցնելը սովորութիւն մըն էր եւ իւրաքանչիւր գրութիւն՝ նուէր մը նօթատետրին տիրոջ ուղղուած։ Ապացոյցը այն է, որ յաճախ նշուած են ընդօրինակողին (աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել արտագրողին) անունն ու մականունը, ինչպէս նաեւ անոր կողմէ սրտագին խօսք մը ուղղուած նօթատետրին տիրոջ։
Այսպէս օրինակ «Որբն առ սոխակ» գրութեան իսկական հեղինակը անծանօթ է, իսկ գրութեան վերջաւորութեան նշուած է «1916 Դեկտ. 22 Սիվազ - Ազգանոյշ Իշխանեան», այս մէկը շատ հաւանաբար գրութիւնը արտագրողին անունը, մականունը եւ արտագրման թուականն է։ Ազգանոյշ Իշխանեան նոյն գրութեան հեղինակն ալ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ գրութեան տակը նշուած է նաեւ ստեղծագործութեան թուականը, որն է 1886։ Դանիէլ Վարուժանի բանաստեղծութեան տակ գրուած է. «Յիշէ անկեղծ ընկերուհիդ երբ որ բաժնուիս անկէ, յիշէ նախ այն ուրախ եւ տխուր օրերը որ միասին անցուցինք, յիշէ եւ մի մոռնար»։ Ստորագրուած է Հ. Գարայեան որ շատ հաւանաբար Էլիզին ընկերուհիներէն էր։ «Բնութեան լացը» բանաստեղծութեան տակ աւելցուած նօթին մէջ կը կարդանք. «քեզ հետ ապրող բարեկամուհիդ Վերժին Գոհարեան, forget me not»։ Սիամանթոյի մէկ բանաստեղծութեան արտագրողը Մելանոյշ Չիթպաշեանն է, որ նոյն ժամանակ գրած է. «Ժպիտ մը կրնայ բուժել խոժոռութեան վէրքը» եւ «Անկեղծ ու խորունկ սէրը միշտ համր է լինում» (1922 Հոկտեմբեր)։
Հաւանաբար այն պահէն երբ նօթատետրը կ՚անցնի Մարիամին ձեռքը, ան իր կարգին կը սկսի այնտեղ գրութիւններ եւ նօթեր աւելցնել։ Մարիամին ձեռագիրը դիւրութեամբ կարելի է զանազանել միւսներէն, այնպէս որ նօթատետրին վերջաւորութեան աւելցուած գրութիւնները վստահաբար իր կողմէ կատարուած են։ Ասոնց շարքին են Աւետիս Ահարոնեանի «Օրօր»ը կամ «Կամաւորական քայլերք»ը (ծանօթ նաեւ «Յառաջ Նահատակ» անունով)։ Երկուքն ալ Համաշխարհային առաջին պատերազմէն ետք գրուած գործեր են, կ՚ենթադրենք որ Մարիամ զանոնք գրի առած է երբ արդէն Սեբաստիայէն հեռացած է։ Բացի այս արտագրութիւններէն, Մարիամ նաեւ կարճ նօթեր ունի իր անձնական կեանքէն առնուած։ Ասոնք գրի առած է նօթատետրին մէջ պարապ մնացած զանազան էջերու մէջ։ Այնպէս որ զանազան բանաստեղծութիւններու տակ, որոնք հաւանաբար արտագրուած ըլլան Սեբաստիոյ մէջ Ցեղասպանութեան տարիներուն, մենք կը գտնենք Մարիամէն նօթեր 1920-ական թուականներէն։
Ան կը գրէ. «1924 Յունիս 15-ին եղաւ իմ առաջին դժբախտութեանս թուականը, իմ կեանքիս առաջին նախաքայլը որուն մէջ ունեցայ շատ մը պայքարներ. այդ սեւ օրը յիշեցէք իմ մեռնելէս վերջ։ 1924 Յուլիս 10-ին եկայ այս տունը ունեցայ ուրախ եւ տխուր եւ լքուած պահեր, իսկ Սեպտեմբեր 1-ին անդադար արցունք թափեցի լսելով թէ որբերը շատ գէշ են. ա՜խ աստուած երբ քու արդար դատաստանդ պիտի ընես որ մենք ալ իրաւունք ունենանք մարդ կոչուելու»։
Այս տողերը գրի առնուած պէտք է ըլլան երբ Մարիամ Յունաստանի որբանոցէն դուրս եկած է։ Որբուհիներու պարագային, երբ որբանոցէն հեռանալու ժամանակը հասնէր, հաստատութեան տնօրէնութիւնը տարբեր ձեւեր կը փնտռէր այս աղջիկներուն յետ-որբանոցային դուրսի կեանքը յարաբերաբար ապահով դարձնելու համար. այս գծով տարբեր լուծումներ կը նկատուէին ամուսնութիւնը, ազգականներու քով տեղաւորումը, վստահելի ընտանիքի մը քով իբրեւ սպասուհի աշխատիլը, եւայլն։ Կ՚ենթադրենք որ Մարիամի պարագային, նկատի ունենալով որ ընտանիքէն վերապրողներ չէին գտնուած (Միացեալ Նահանգներու իր քեռիները աւելի ուշ պիտի իմանային իր կենդանի ըլլալը) լուծումը եղած է զայն ընտանիքի մը մէջ տեղաւորել իրբեւ սպասուհի։ Վերի տողերը գրած պահուն յայտնի չէ թէ Մարիամը տակաւին Յունաստան է կամ ոչ, բայց 1925 Դեկտեմբեր 4-ին գիտենք որ ան արդէն կը հաստատուի Եգիպտոս «անգլիացիներուն տունը» (վստահաբար անգլիացի ընտանիք մը Գահիրէի մէջ)։
«Սեւ եւ անիծեալ թուական մը (Մարտ 7, 1925, Թանթա)։ Չի պիտի մոռնամ մինչեւ ի գերեզման այն սիրոյ կրակը որ կապուած էր իմ եւ իր սիրտին թելերուն հետ։ Աւա՜ղ, անգութ մահը առանց մեղքանալու եկաւ ու բաժնեց յաւիտեան»։ Յստակ չէ թէ Մարիամ որո՞ւ մահուան կ՚ակնարկէ։ Արդեօ՞ք իր եղբօր սպանութեան լո՞ւրը կը հաստատուի։ Կամ արդեօ՞ք ուրիշ սիրելիի մը կ՚ակնարկէ։ Գիտենք որ Մարիամ Ցեղասպանութենէն առաջ որբանոց մտած է իր եղբօր հետ, որուն շատ կապուած էր։ Տեղահանութենէն անմիջապէս առաջ եղբայրը որբանոցէն կը հանուի, որպէսզի ընտանիքին հողամշակութեան գործերուն օգտակար ըլլայ։ Այնուհետեւ անհետ կը կորի, շատ հաւանաբար ինքն ալ կը սպաննուի ուրիշ շատ շատերու նման։ Ընտանիքը կը պատմէ որ Մարիամ մինչեւ կեանքին վերջն ալ ողբացած է այս եղբօր կուրուստը։
Միացեալ Նահանգներ հաստատուած Մարիամի քեռիները հետքը կը գտնեն ու զինք կը հրաւիրեն իրենց հետ ապրելու։ Մարիամ արդէն պատրաստութիւններ կը տեսնէ իր հարազատներուն քով երթալու։ Բայց յայտնի է որ այս մէկը պիտի ըլլայ իրեն համար դէպի անծանօթը ճամբորդութիւն մը. «1926 տարուայ այգը ինծի պիտի բերէ առանձնութեան նոր շրջան մը։ (…) Կաղանդի սեղանը. իսկ ես այս օտարութեան մէջ չունիմ մէկը ինծի մխիթարող ու ես ալ կ՚երթամ ինքզինքս յանձնել այն Արարչին որ խոստացաւ մեզի հայր ըլլալ»։
Աւելի ուշ կը գտնենք այլ մուտքագրում մը, որ հաւանաբար այս նօթատետրին մէջ Մարիամին վերջինն է. «1926 Ապրիլ 12-ին եկայ Նիւ Եորք մօրեղբայրներուս քով»։
Միհրան Եղիկեան Յարութիւնեան
Մարիամի ամուսինը եւ Մելինէի հօրենական մեծ հայրը՝ Միհրան Եղիկեանը, ծնած էր Քարհատ, Սեբաստիա 1900-ի մայիսին Յարութիւն Եղիկեանի (Եղիկ եւ Փառան Եղիկեաններու որդին) եւ Շարուքէ Թէրզեան Եղիկեանի (Գրիգոր եւ Քարէն Թէրզեաններու դուստրը) կազմած ընտանիքին մէջ։ Յարութիւնը եւ Շարուքէն պիտի ունենային առնուազն վեց որդի (Մարուքէ, Առաքել, Յովակիմ, Արշակ, Միհրան Եղիկեան, եւ որդի մը, որուն անունը անյայտ է), ինչպէս նաեւ մէկ դուստր (որուն անունը նոյնպէս յայտնի չէ)։ Բոլորը ծնած էին Քարհատի մէջ եւ ամենայն հաւանականութեամբ գարի եւ ցորեն մշակող հողագործներ էին։ Ցեղասպանութեան ընթացքին անոնց անմիջական ընտանիքի բոլոր անդամները, որոնք Քարհատի մէջ կ’ապրէին, պիտի սպաննուէին, բացի Միհրանէն եւ իր Մարուքէ եղբօրը դուստր Ովսաննայէն, որոնք երկուքն ալ ողջ պիտի մնային Տէր Զօր տանող մահասփիւռ տեղահանութենէն ետք։
Մակագիր. Միհրան Եղիկեան Յարութիւնեանը իր այս լուսանկարը նկարել տուած է 1919-ի կամ 1920-ի շուրջ, Ցեղասպանութենէն փրկուելով Պոլիս հասնելէն քիչ ժամանակ ետք։ ԱՄՆ հասնելով Միհրանը իր մականունը պիտի փոխէր Յարութիւնեանի ի պատիւ իր հօրը՝ Յարութիւնին, որ Ցեղասպանութեան զոհ գացած էր։ Իր որդիները յետագային ընտանիքին մականունը պարզացնելով պիտի փոխէին Յարաթունեանի։
Ովսաննա Եղիկեան Գրիգորեան
Ովսաննա Եղիկեանը ծնած էր Քարհատ 1886-ին Մարուքէ (Միհրան Եղիկեանի աւագ եղբայրը) եւ Էլմաս Եղիկեաններու ընտանիքին մէջ։ Ծնողքը, ամուսինը եւ չորս զաւակները Ցեղասպանութեան զոհ պիտի երթային։ Պատերազմի աւարտին երբ տեղահանութեան թոհուբոհները Ովսաննան հասցուցած էին Պոլիս, իր հօրեղբայրը՝ Միհրանը, զինք կը ծանօթացնէ Գառնիկ Սաղրեան Գրիգորեանին հետ, որ օգնած էր Միհրանին Ցեղասպանութեան օրերուն գոյատեւելու։ Ովսաննան եւ Գառնիկը պիտի ամուսնանային 19 փետրուար 1920-ին Պոլսոյ մէջ։
Այս խմբանկարը Պոլսոյ մէջ նկարուած է, հաւանաբար Ովսաննայի եւ Գառնիկ Գրիգորեանի ամուսնութեան օրը (19 փետրուար 1920)։ Առաջին շարքին ձախէն աջ նստած են Ովսաննա Եղիկեան Գրիգորեանը եւ Գառնիկ Գրիգորեանը։ Երկրորդ շարքին ոտքի ձախէն աջ՝ Միհրան Եղիկեան Յարութիւնեան, Հումեակ (Հմայեա՞կ) Եղիկեան (Միհրանի հօրեղբօր որդին) եւ Արշակ Եղիկեան (Միհրանի աւագ եղբայրը, որ Ցեղասպանութենէն առաջ Պոլիս հաստատուած էր)։ Բոլորն ալ քարհատցի են եւ Ցեղասպանութենէն վերապրողներ։ Յետագային Արշակ Եղիկեանը պիտի ամուսնանար Իմաստուհի Սուլթանեանին հետ (հայրենակից քարհատցի եւ Մանաս «էֆենտի» Սուլթանեանի (Մարիամ Սուլթանեանի մօրեղբօր) դուստրը), պիտի ունենար երկու դուստր՝ Ալիս եւ Սօսի, եւ մնացեալ ամբողջ կեանքը Պոլիս ապրէր։ Հումեակ Եղիկեանը պիտի գաղթէր Քորֆու (Յունաստան), ապա, ամուսնանալէ եւ Արամ անունով որդի ունենալէ ետք 1940-ականներուն պիտի ներգաղթէր Հայաստան։
1), 2) Ովսաննա եւ Գառնիկ Գրիգորեաններու որդին՝ Անդրանիկ Գրիգորեանը, ծնած եւ մկրտուած էր Պոլսոյ մէջ 1921-ին։ Ըստ իր ծննդեան եւ մկրտութեան այս վկայականին, ան կնքուած էր ս. Ստեփանոս եկեղեցիին մէջ հայր Յուսիկ Քերեսթէճեանի ձեռամբ, իսկ իր կնքահայրը Արիստակէս Սուլթանեանը եղած էր։ Արիստակէսը, որ նոյնպէս քարհատցի էր, յետագային պիտի գաղթէր Նիւ Եորք եւ ամուսնանար Սերովբէ Սուլթանեանի դուստր Զարուհիին հետ։
3) Անդրանիկի ծնունդէն մի քանի ամիս ետք Գրիգորեաններու երիտասարդ ընտանիքը պիտի մեկնէր Պոլսէն եւ Նիւ Եորք գաղթէր։ Այստեղ պատկերուած է Ովսաննա, Գառնիկ եւ Անդրանիկ Գրիգորեաններու հայաստանեան անցագիրը։
Պոլիսէն Նիւ Եորք իրենց ճամբորդութեան համար Ովսաննան հետը տարած էր այս սանը (տրամագիծ 40 սմ, կամ 16 ինչ)՝ նաւուն վրայ մանուկ Անդրանիկը լոգցնելու համար։ Սանը հաւանաբար Պոլսոյ, թերեւս ալ Սեբաստիոյ մէջ պատրաստուած էր։
Պոլիսէն մեկնած ատենը Ովսաննան նաեւ այս երկու գորգերը հետը տարած էր. գորգերը Պոլիս, թերեւս ալ Սեբաստիա գործուած էին։ Տեսքէն դատելով՝ արհեստավարժ վարպետի գործ չեն, եւ կրնայ ըլլալ, որ մէկը կամ երկուքն ալ իր իսկ ձեռքի գործը ըլլան։
Պոլիսէն մեկնած ատենը Ովսաննան նաեւ այս երկու գորգերը հետը տարած էր. գորգերը Պոլիս, թերեւս ալ Սեբաստիա գործուած էին։ Տեսքէն դատելով՝ արհեստավարժ վարպետի գործ չեն, եւ կրնայ ըլլալ, որ մէկը կամ երկուքն ալ իր իսկ ձեռքի գործը ըլլան։
Այս նկարը կը պատկերէ քարհատցի Թագուոր Սուլթանեանը՝ Գառնիկ եւ Ովսաննա Գրիգորեաններու պսակի քաւորը։ Լուսանկարը կարծես 1905-ին կամ 1910-ին նկարուած է, բայց յայտնի չէ թէ ո՛ւր, եւ յայտնի չեն հետը նկարուած մանուկներուն անունները։ Թագուորը Ցեղասպանութենէն վերապրող մըն էր, հասեր էր Պոլիս եւ հոն ապրեր էր մինչեւ մահը։
Առաքել Եղիկեանը (Միհրան Եղիկեան Յարութիւնեանի մեծ եղբայրը) նախքան Ցեղասպանութիւնը Պուլկարիա գաղթած էր եւ հինգ զաւակ ունէր։ Առաքելը 1921-ին Պուլկարիա նկարուած այս լուսանկարը ղրկեր էր Միհրանին. նկարին մէջ Առաքելի երկու աւագ զաւակներն են՝ Լուսինեղան եւ Արթին (Յարութիւն) Եղիկեանները։ Միհրանը եւ Առաքելը երբեք չէին հանդիպած իրարու, որովհետեւ Առաքելը Քարհատէն Պուլկարիա մեկնած էր նախքան Միհրանին ծնիլը 1900-ին։ Առաքելի մահէն ետք (երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք), անոր այրին եւ հաւանաբար հինգ զաւակները բոլորն ալ Հայաստան ներգաղթած են։
1) Այս լուսանկարին մէջ ոտքի կեցած ձախէն աջ պատկերուած են Գալուստ Եալեանը եւ Հայկարամ Երէցեանը, երկուքն ալ քարհատցի, որոնք ողջ մնացեր էին տեղահանութեան ընթացքին, պատերազմէն ետք գացեր էին Պոլիս եւ ապա Նիւ Եորք գաղթեր։ Նստած նկարուած մարդուն ինքնութիւնը յայտնի չէ։ Կրնայ ըլլալ որ նոյնպէս քարհատցի Գառնիկ Անդրէասեան-Սակայերենցն է, որ Տէր Զօրի մահատարած ճամբուն Գալուստին եւ Հայկարամին հետ կենդանի մնացած էր։ Լուսանկարը հաւանաբար Պոլսոյ մէջ նկարուած է 1920-ին։
2) Քարհատցի տղամարդոց այս լուսանկարը նկարուած է Նիւ Եորք 1927-ի շուրջ։ Ոտքի ձախէն աջ նկարուած են Գալուստ Եալեանը, Վարազդատ Սուլթանեանը (Սերովբէ Սուլթանեանի որդին եւ Մարիամ Եղիկեան Յարութիւնեանի մօրեղբօր տղան), Արիստակէս Սուլթանեանը (Անդրանիկ Գրիգորեանի կնունքի կնքահայրը, որ ամուսնացած էր Սերովբէ Սուլթանեանի դուստր Զարուհիին հետ) եւ Յովհաննէս Անդրէասեանը (Գառնիկ Սաղրեան Գրիգորեանի հեռաւոր ազգականը, որ օգներ էր Միհրանին ԱՄՆ գաղթելու)։ Նստած ձախէն աջ՝ Հայկարամ Երէցեան, Իսրայէլ Թէրզեան (Գառնիկ Սաղրեան Գրիգորեանի ուրիշ մէկ հեռաւոր ազգականը, որ հաւանաբար Ցեղասպանութենէն առաջ Նիւ Եորք գաղթած էր) եւ Միհրան Եղիկեան Յարութիւնեանը։
Հոկտեմբեր 1926-ին նկարուած այս լուսանկարը Սմբատ Եալեանի եւ իր տիկնոջը (անունը չենք գիտեր) հարսանեկան նկարն է։ Յայտնի չէ ո՛ւր նկարուած է։ Սմբատը ծնած էր Քարհատ, վերապրեր էր Ցեղասպանութենէն եւ 1918-ի զինադադարէն ետք միացեր էր քարհատցի միւս վերապրողներուն Զարայի մէջ (Սեբաստիա)։ Սմբատը Գալուստ Եալեանի եղբայրն էր։
Մելինէի մօրենական մեծ մեծ հայրը Մկրտիչ Ալաչանեանն էր, մեծ մեծ մայրը՝ Պայծառ Միխայիլեան Ալաչանեանը, որոնք ունեցած էին առնուազն եօթ զաւակ։ Անոնց անդրանիկ դուստրը 1865-ին ծնած Զարուհին էր։ Զարուհին ամուսնացած էր Միխայիլ Քննապճեանին հետ (ծնեալ 1863-ին), եւ անոնք ունեցած էին առնուազն եօթ զաւակ, որոնցմէ մէկը Եւտոքսիա Քննապճեան Վէմեանն էր՝ Մելինէի մօրենական մեծ մայրը։ Բոլորը Պարտիզակ ծնած էին։ Այս նկարին մէջ պատկերուած են՝ նստած ձախէն աջ Մկրտիչ Ալաչանեանը եւ Պայծառ Միխայիլեան Ալաչանեանը, ոտքի ձախէն աջ՝ Միխայիլ Քննապճեանը եւ Զարուհի Ալաչանեան Քննապճանը։ Լուսանկարը հաւանաբար նկարուած է Պարտիզակի մէջ, թերեւս ալ Պոլսոյ մէջ, 1910-ի շուրջ։ Մկրտիչը այս լուսանկարի նկարման ժամանակ արդէն մահացած էր, եւ իր պատկերը, որ մի քանի տարի առաջ նկարուած էր, ներբերուած էր յետադարձ կերպով՝ ընտանեկան նկարը ամբողջական դարձնելու համար։
1) Այս լուսանկարին մէջ Պայծառ Միխայիլեան Ալաչանեանն է, հաւանաբար 1915-ի շուրջ նկարուած, Պարտիզակի կամ Պոլսոյ մէջ։
2) Կարապետ Ալաչանեանը Եւտոքսիայի մօրեղբօր տղան էր։ Ծնած էր 1900-ին Պարտիզակի մէջ։ Կարապետի եւ Եւտոքսիայի այս լուսանկարը նկարուած է Պոլսոյ մէջ 1919-ի օգոստոսին։ Նկարի դարձերեսի նշումը, Եւտոքսիայի ձեռքով գրուած, կը հաստատէ, որ նկարուած է «աքսոր»-էն իր վերադարձէն մէկ ու կէս ամիս ետք. «աքսոր» մեղմաբանութեամբ Եւտոքսիան կ’ակնարկէ չորս տարիներու ընտանիքէն բռնի իր բաժանումին Ցեղասպանութեան օրերուն, տարիներ, որոնց ընթացքին Պարտիզակի իր գերդաստանէն 50 հոգի պիտի սպաննուէին։
Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք Եւտոքսիան պիտի հասնէր Հաւանա, Քուպա։ Հոն իրեն պիտի ծանօթացնէին Սուրէն Վէմեանին հետ, որուն հետ պիտի ամուսնանար 30 սեպտեմբեր 1923-ին։ Այս լուսանկարը Եւտոքսիայի եւ Սուրէնի հարսանեկան նկարն է։
Կարապետ Քննապճեանը՝ Եւտոքսիային եւ Ստեփանին պէս Ցեղասպանութենէն վերապրող իրենց միակ եղբայրը, ծնած էր Պարտիզակ 1892-ին եւ ի վերջոյ հանգրուաներ Պուլկարիա։ Այս խմբանկարը նկարուած է 1919-ին, ըստ երեւոյթին Պուլկարիոյ Սոֆիա քաղաքին մէջ։ Սգոյ պսակի ժապաւէնին վրայ կարծես գրուած է «ՀՅԴ անզուգական գործիչ Արզումանին Պալքանի ընկերներէն»։ Նկարի դարձերեսին գրուած է «Տիգրան Խաչիկեանի յիշատակի երեկոյ»։ «Արզուման»-ը Տիգրան Խաչիկեանի յեղափոխական ծածկանունը եղած է։ Վերի շարքին ձախէն երրորդ անձը ձեռքին բռնած է թերթ մը, որ կարծես ՀՅԴ պաշտօնաթերթ Ճակատամարտի թիւ մըն է։ Ստեփան Քննապճեանը կամ Կարապետը (հաստատապէս կարելի չէ ըսել ո՛ր եղբայրն է) կարծես աջէն երկրորդ նստած անձն է։
Իր քրոջ Եւտոքսիային պէս Ստեփան Քննապճեանն ալ ի վերջոյ Պոլիսը պիտի ձգէր եւ Քուպա երթար։ Այս լուսանկարը կը պատկերէ Քուպայի Հաւանա քաղաքին մէջ 1924-ին միասին աշխատող խումբ մը հայ այրեր։ Ստեփանը ոտքի ձախէն հինգերորդ անձն է. միւս մարդոց ինքնութիւնը եւ կատարած աշխատանքին բնոյթը անյայտ են։
Այս լուսանկարն ալ Հաւանա, Քուպայի մէջ նկարուած է, 1925-ին։ Ստեփան Քննապճեանը ձախին պատկերուածն է։ Աջի մարդու ինքնութիւնը անյայտ է։
Արտեմ Ալաչանեան Բարաղամեանը (Զարուհի Ալաչանեան Քննապճեանի կրտսեր քոյրը) ծնած էր 1880-ին։ Ամուսնացած էր Նշան Բարաղամեանի հետ (ծնեալ 1871)։ Նշանը եւ եղբայրները Պարտիզակի վարպետ ատաղձագործներէն էին։ Արտեմը եւ Նշանը ունեցած էին երեք զաւակ՝ Շաքէ Բարաղամեան Անուշեանը (ծնեալ 1896-ին), Թորգոմ Բարաղամեանը (ծնեալ 1900-ին) եւ Վեհանոյշ Բարաղամեան Էլակէօզեանը (ծնեալ 1909-ին)։ Շաքէն պիտի ամուսնանար Լեւոն Անուշեանի հետ, եւ պիտի ունենային երկու զաւակ՝ Ալիս եւ Կարպիս Անուշեանները։ Բոլորը Պարտիզակ ծնած էին։ Այս լուսանկարը Պոլիս նկարուած է 1917-ին։ Կետրոնը նստած է Արտեմ Ալաչանեան Բարաղամեանը։ Անոր ետեւը ոտքի կեցած են իր երկու դուստրերը, ձախին՝ Վեհանոյշ Բարաղամեան Էլակէօզեանը, աջին՝ Շաքէ Բարաղամեան Անուշեանը։ Առջեւի շարքին են ձախէն աջ Կարպիս (Արտեմի գիրկի մանուկը) եւ Ալիս (ոտքի Արտեմին քով) Անուշեանները՝ Շաքէին զաւակները։ Ընտանիքը Պարտիզակէն Պոլիս ապաստանած էր Ցեղասպանութենէն անմիջապէս առաջ՝ Արտեմը, Շաքէն եւ Վեհանոյշը ոտքէն-գլուխ սեւ քօղերով ծածկուած, որպէսզի անճանաչելի դառնային։
1) Այս լուսանկարը նկարուած է Ռումէլի Հիսարի (Պոլսոյ ծովափնեայ շրջաններէն մէկը, ուր կ’ապրէր Արտեմին ընտանիքը), 1925-ին։ Նախորդ նկարին մէջի բոլոր անձերը կան (նախորդ նկարին մէջի դիրքերով), բայց այս անգամ նկարուած է նաեւ Նշան Բարաղամեանը (Արտեմի ամուսինը, նստած է Արտեմին քով կետրոնը). հաւանական է, որ Նշանը նոր միաւորուած էր ընտանիքին հետ։
2) Այս լուսանկարին մէջ Մկրտիչ Ալաչանեանն է, Զարուհի Ալաչանեան Քննապճեանի եղբօր՝ Աբրահամ Ալաչանեանի որդիներէն մին։ Լուսանկարը հաւանաբար 1905-ին կամ 1910-ին նկարուած է Պարտիզակի կամ Պոլսոյ մէջ։
Այս լուսնկարը նկարուած (եւ Եւտոքսիային ղրկուած) է 1931-ին. հաւանաբար Պոլիս նկարուած է։ Առաջին շարքին ձախէն շարք նստած են Աբրահամ Ալաչանեանը եւ տիկինը՝ Եղիսաբէթ Հայրապետեան Ալաչանեանը։ Անոնց ետեւը ձախէն աջ ոտքի կեցած են Թորգոմ Բարաղամեանը (Արտեմ Բարաղամեանի որդին) եւ Մկրտիչ Ալաչանեանը (Աբրահամի եւ Եղիսաբէթի աւագ որդին). լուսանկարուածները բոլորն ալ Պարտիզակ ծնած են։
Սուրէն Վէմեան
Մելինէի մօրենական մեծ հայրը՝ Սուրէն Վէմեանը, ծնած էր Էրզրում (հաւանաբար Չայ Ղարա թաղին մէջ) մայիս 1890-ին Գէորգ Վէմեանի եւ Տիրուհի Ազարեան Վէմեանի ընտանիքին մէջ։ Գէորգ Վէմեանը ծնած էր 1865-ին։ Թէ՛ Գէորգը, թէ՛ Տիրուհին Էրզրում ծնած էին։
Էրզրումի Վէմեանները, իբրեւ վարպետ զինագործներ եւ բարձրակարգ սպառազինութիւն պատրաստողներ, հանրածանօթ էին ամբողջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ. անոնք զէնք կը մատակարարէին սուլթաններուն եւ կայսերական արքունիքին։ [9]
Այս խմբանկարը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Սոֆիա (Պուլկարիա) 1918-ին գումարուած ժողովի մը առիթով նկարուած է։ Սուրէն Վէմեանը մեկնուած է առաջին շարքին, ձախին (միւսներուն ինքնութիւնները յայտնի չեն)։
ԱՄՆ գաղթելէ ետք Սուրէնը Կարնոյ հայրենակցական միութեան գործունեայ անդամներէն եղած է, 1949-ին՝ վարչութեան անդամ։
Լորիս Վէմեան
Սուրէն Վէմեանի եղբայրը՝ Հայկը, ամուսնացած էր Վերգին Ահընկոյեանի հետ եւ ունեցած առնուազն մէկ զաւակ՝ Լորիս Վէմեանը, որ ծնած էր Էրզրում սեպտեմբեր 1914-ին։
1) Այս լուսանկարին մէջ Լորիս Վէմեանը գրկի մանուկ է, հաւանաբար նկարուած է Էրզրումի մէջ Ցեղասպանութենէն անմիջապէս առաջ։
2) «Մեծապատիւ պ. Սուրէն Վէմեան. Առ սիրելի հօր եղբայր. քո եղբօր որդուդ նկարը պահիր յիշատակ մինչեւ մեծնամ, Լորիս Վէմեան»։
- [1] Ethel Daniels Hubbard, Lone Sentiles in the Near East: War Stories of American Women in Turkey and Serbia, 1920, էջ 53-57։
- [2] Նոյն, էջ 57; Jay Winter (ed.), America and the Armenian Genocide of 1915, Cambridge University Press, 2003, էջ 236; Gordon Severance and Diana Severance, Against the Gates of Hell: The Life & Times of Henry Perry, University Press of America, 2003, էջ 345; Auroraprize.com/en/stories/detail/regular/8793/mary-louise-graffam։
- [3] America and the Armenian Genocide of 1915, էջ 239։
- [4] R.H. Kevorkian, Le Génocide des Arméniens, Փարիզ, 2006, էջ 543։
- [5] Lone Sentinels in the Near East, էջ 59-60։
- [6] Նոյն, էջ 62։
- [7] Ararat: Searchlight on Armenia by the Armenian United Association, vol. 5, University of Michigan Library, 2010, էջ 151։
- [8] Նոյն, էջ 239, թիւ 77։
- [9] Ugur Umit Ungor եւ Mehmet Polatel, Confiscation and Destruction: The Young Turk Seizure of Armenian Property, Continuum International Publishing Group, 2011, էջ 18. Anahit Astoyan, Armenians in the Ottoman Economy, Part 2, հոկտեմբեր 26, 2009 (http://hetq.am/eng/print/31213/) [հայերէն բնագիրը՝