Ակն, 1889-ի շուրջ։ Ձախէն աջ՝ Մարկարիթ Ժամկոչեան, Աւետիսի մայրը, գիրկը՝ Էլիզա, Ագապի Ժամկոչեան։

Ժամկոչեան հաւաքածոյ - Միացեալ Նահանգներ

Չափազանց հարուստ է Ժամկոչեան ընտանիքի լուսանկարներու հաւաքածոն, որ կը պարունակէ 19-րդ դարու վերջերէն մինչեւ 20-րդ դարու առաջին երկու տասնամեակները երկարող ժամանակաշրջանը ներկայացնող նիւթեր։ Վաճառական այս ընտանիքէն անդամներ շատ կանուխէն արդէն առեւտրական առաքելութիւններով շրջած են քաղաքէ քաղաք, երկրէ երկիր, որոշ տեղեր երկար ժամանակով ալ կայք հաստատած են։ Այնպէս որ այս էջով ներկայացուած լուսանկարներն ալ կ՚ընդգրկեն տարբեր երկիրներ եւ քաղաքներ, ինչպէս Ակն, Մեզիրէ, Պոլիս, Լոնտոն, Մանչեսթըր, Լիվըրփուլ, Լոս Անճելըս, եւայլն։

Այս նիւթերը մեզի ղրկեցին Ժամկոչեան ընտանիքի շառաւիղներէն՝ Ըրլ Ժամկոչեան, Նեւտոն Ժամկոչեան եւ Սառահ Իկնաթիուս։

Ժամկոչեաններու հայրենի քաղաքը Ակնն (ներկայիս Քեմալիէ) է։ 19-րդ դարու երկրորդ կէսէն արդէն անոնք բամպակի յայտնի վաճառականներ էին, որոնք առեւտրական կապեր ունէին Մեծն Բրիտանիոյ հետ, կը զբաղէին հիւսուածեղէնի արտածումով եւ ներածումով։ Ժամկոչեաններու ընտանիքէն յայտնի է Աւետիսը, որ ծնած է 1861-ին, Ակն։ Շրջանաւարտ է Խարբերդ քաղաքի Եփրատ գոլէճէն (1881)։ Աւետիսի եղբայրը՝ Մելքոն, նոյնպէս շրջանաւարտ է ամերիկեան այս հաստատութենէն։ Աւետիս առեւտրական իր ձեռնարկին սկսած է Ակնի մէջ՝ ժառանգելով հօրը, 1892-ին կ՚անցնի Մանչեսթըր, ուր նոյն գործին մէջ մեծ յաջողութիւններ կ՚արձանագրէ։ 1911-ին կը հաստատուի Լոս Անճելըսի Կլէնտէյլ քաղաքը, որ այն ժամանակ կը կոչուէր Թրոփիքօ։ Ժամկոչեանները կ՚ըլլան այստեղ հաստատուող առաջին հայ ընտանիքներէն։

Ակն, Խարբերդ, Մեզիրէ

Աւետիս Ժամկոչեան Խարբերդ գոլէճը աւարտելէն ետք կը վերադառնայ իր հայրենի քաղաքը՝ Ակն։ Հայրը՝ Մատթէոս (1830-1878), արդէն իսկ քաղաքին մէջ յայտնի վաճառական էր եւ առեւտրական կապեր ունէր Մեծ Բրիտանիոյ մէջ վաճառականական տուներու հետ։ Այս գործին մէջ Մատթէոսին գործակիցն էր եղբայրը՝ Նիկողոս։ Բայց Մատթէոս կանուխ կը մահանայ։ Կնոջ անունն էր Հատեմ (1832-1927)։ Աւետիս կը ստանձնէ հօր առեւտրական գործը գոլէճը աւարտելէն անմիջապէս ետք։ 1886-ին կ՚ամուսնանայ Ագապի Ճանիկեանի հետ (նոյնպէս Ակնէն), որ 16 տարեկան էր։ Կ՚ունենան վեց զաւակներ. Էլիզա (ծնած Ակն, 1889-ին), Մատթէոս/Մաթիու (ծնած Ակն, 1891-ին), Նեւտոն (ծնած Մանչեսթըր, 1895-ին), Վահան (ծնած Մանչեսթըր, 1898-ին), Սիպիլ (ծնած Մանչեսթըր, 1899-ին), Նիքլաս (ծնած Քալիֆորնիա, 1912-ին)։

Բացի իր առեւտրականի ձեռներէցութենէն, Աւետիս նաեւ մտաւորական յատկութիւններ ունէր։ Ակնի տան մէջ ունէր մեծ գրադարան մը, անգլերէնէ հայերէնի թարգմանութիւններ կ՚ընէր։ Բայց այս տարիները կը զուգադիպին Սուլթան Ապտուլհամիտ Բ.ի բռնատիրական վարչակարգի ժամանակներուն։ Օսմանեան ոստիկանութիւնը օր մըն ալ կը խուզարկէ Ժամկոչեաններուն տունը եւ այստեղ կը գտնեն Աւետիսին կողմէ գրուած բանաստեղծութիւններ, արձակներ, որոնց մէջ գործածած էր «ազատութիւն» բառը։ Այս մէկը արդէն ծանր յանցանք կը համարուէր այն ժամանակ եւ այս պատճառով ալ Աւետիս կը բանտարկուի։ Բայց հօրեղբայրը՝ Նիկողոս, կը յաջողի կաշառել իշխանութիւնները եւ կ՚ապահովէ Աւետիսի ազատ արձակումը։ Յաջորդող ամիսներուն ոստիկանական խուզարկութիւնները չեն դադրիր։ Այսպիսի պայմաններու մէջ ընտանիքը նպատակայարմար կը նկատէ Աւետիսը ղրկել Մեծն Բրիտանիա, ուր արդէն իսկ առեւտրական կապեր ունէին։

Աւետիս արդէն մեկնած էր հայրենի Ակնէն, երբ 1895-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի կ՚ունենան հակահայ զանգուածային ջարդեր։ Ակնի մէջ եւս բազմաթիւ հայեր կը ջարդուին։ Զոհերու շարքին էին Ժամկոչեան ընտանիքի անդամներ։ Այսպէս, կը սպաննուի Նիկողոս Ժամկոչեանն (Աւետիսի հօրեղբայրը) ու զաւակները, Մելքոն Ժամկոչեան (Աւետիսի եղբայրը), Ագապի Ժամկոչեան-Ճանիկեանի (Աւետիսի կինը) հայրը։ Քաղաքին մէջ գտնուող Ժամկոչեաններու առեւտրական տունը ծանրակշիռ վնասներու կ՚ենթարկուի։

Սոյն ընտանիքը շատ հաւանաբար ակնցի է, լուսանկարուած է Ակնի կամ մօտակայ մեծ քաղաքի մը մէջ։ Անձերուն ինքնութիւնը անծանօթ է, բայց Ժամկոչեաններու ընտանեկան հաւաքածոյին մաս կը կազմէ, այնպէս որ կարելի է ենթադրել որ ազգականներ կամ մօտիկ բարեկամներ են։

1) Աւետիս Ժամկոչեան, 1890-ի շուրջ
2) Մարկարիթ Ժամկոչեան (Աւետիսի քոյրը), 1890-ի շուրջ
3) Մելքոն Ժամկոչեան (Աւետիսի եղբայրը), 1890-ի շուրջ

Ինչպէս վերի լուսանկարներուն կռնակին վրայ կը կարդանք, սոյն պատկերները գործն են Զօրաբաբել Գրիգոր Տօնաթոսեանի։ Ան կը համարուի 20-րդ դարու առաջին տասնամեակներուն Պաղտատի մէջ գործած լաւագոյն լուսանկարիչը։ Բայց քիչ բան գիտենք մինչեւ Պաղտատ հաստատուիլը լուսանկարչական անոր գործունէութեան մասին։

Զօրաբաբել ծնած է Արաբկիր 1870-ին։ 1896-ին կը գաղթէ Իրաք։ Ամուսնացած է Իզմիթի մէջ, 1904-ին, բնիկ իզմիթցի՝ Թագուհի Թագւորեանի հետ (ծնած՝ 1884-ին)։ Նոյն թուականին նորապսակ զոյգը կը մեկնի Պաղտատ։ Մաս կը կազմէ Սուլթան Ապտուլհամիտ Բ.ի կողմէ Օսմանեան կայսրութեան տարբեր անկիւնները գործուղուած եւ բնանկարներ ու ճարտարապետական կառոյցներ լուսանկարած մասնագիտական խումբին։

Պաղտատի մէջ իր լուսանկարչատունը կը գտնուէր «Խալիլ Փաշա պողոտայ»ին վրայ, որ աւելի ետք անուանափոխուելով կը վերակոչուի «Ռաշիտ պողոտայ»։ Կը մահանայ 1926-ին, Պաղտատ, եւ կը թաղուի հայ բողոքականներու գերեզմանատան հարեւանութեամբ գտնուող անգլիական գերեզմանատունը։

Սոյն լուսանկարները շատ հաւանաբար քաշուած են այն տարիներուն, երբ Զօրաբաբել լուսանկարիչ էր իր ծննդավայր Արաբկիրի մէջ։

Այս տեղդկութիւնները քաղուած են՝
Mihran Minassian, « Les photographes arméniens d'Ayntab et de la Cilicie. Bref aperçu », in Raymond Kévorkian, Lévon Nordiguian, Mihran Minassian, Michel Paboudjian, Vahé Tachjian (խմբագիրներ), Les Arméniens de Cilicie : Terroir, mémoire et identité, Presses de l’Universit Saint-Joseph, Beyrouth, 2012, էջ 135-167։

Խարբերդ, Եփրատ գոլէճ, Մանկավարժական դպրոցի շրջանաւարտուհիներ եւ ուսուցչուհիներ։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Արշալոյս Աստիկեան, Եւպրաքսէ Ապշահատեան, Փայլածու Անդրէասեան, Ներմէ Գալուստեան, Աղաւնի Թաշճեան, Ազնիւ Անդրէասեան, Սրմա Տուտու Գէորգեան, Լուսնթագ Պօզոյեան։ Նստած, ձախէն աջ՝ Պարնըմ, Սուլթան Թախմազեան, Աննա Պէննէեան, Աղաւնի Պօղոսեան, Մէյրի Լ. Տենիէլս։ Լուսանկարիչ՝ Սուրսուրեան եղբայրք։

Խարբերդ քաղաքի Եփրատ գոլէճի շրջանաւարտները։ Տարին անյայտ։ Աշակերտներուն կուրծքին դրուած կարմիր նշանները յետագային աւելցուած են։ Եկրու ծայրերը նստողները ուսուցիչներն են։ Ձախի ուսուցիչը՝ Պատուելի Մարտիրոս Շմաւոնեան, աջինը՝ Մ. Ա. Մելքոն (1839-1910)։

1) Ինքնութիւնը անծանօթ անձ մը։

2) Թիւ 1 լուսանկարին կռնակը, ուր կը տեսնենք Զօրաբաբել Գրիգոր Տօնաթոսեանի կնիքը երեք լեզուներով՝ օսմաներէն, ֆրանսերէն, հայերէն։

3) Աւետիս Ժամկոչեան 1880-ի շուրջ։

4) Թիւ 3 լուսանկարին կռնակը, որու միջոցաւ կ՚իմանանք լուսանկարիչին անունը՝ Սուրսուրեանց։ Ան լուսանկարչատուներ ունէր թէ՛ Մամուրէթուլ-Ազիզ (Մեզիրէ) եւ թէ դրացի՝ Խարբերդ քաղաքներուն մէջ։ Անունը գրուած է երեք լեզուներով՝ ֆրանսերէն, հայերէն, ռուսերէն։ Վերջին լեզուին առկայութիւնը կը բացատրուի այն բանով որ Սուրսուրեանց իր արհեստը սորված էր Կովկասի մէջ։

5) Ակն, 1889-ի շուրջ։ Ձախէն աջ՝ Մարկարիթ Ժամկոչեան (Աւետիս Ժամկոչեանի քոյրը), Աւետիսի մայրը, գիրկը՝ Էլիզա Ժամկոչեան (Աւետիսի եւ Ագապիի դուստրը), Ագապի Ժամկոչեան (Աւետիսի կինը)։

6) Թիւ 5 լուսանկարին կռնակը, ուր նոյնպէս կայ Զօրաբաբել Գրիգոր Տօնաթոսեանի կնիքը։

Նստած, ձախէն աջ՝ Մելքոն Ժամկոչեան (Աւետիս Ժամկոչեանի եղբայրը), Մարիամ Ժամկոչեան (Մելքոնի կինը)։ Փոքրիկները, ձախէն աջ՝ Մատթէոս եւ Էլիզա՝ Աւետիս եւ Ագապի Ժամկոչեաններու զաւակները։ Պատկերը քաշուած է 1892-ի շուրջ։ Մելքոն զոհ կ՚երթայ Ակնի մէջ 1895-ին տեղի ունեցած հակահայ ջարդերուն։

1) Ձախէն աջ՝ Ագապի Ժամկոչեան (ծնեալ Ճանիկեան, Աւետիս Ժամկոչեանի կինը, 1861-1940), նստած՝ Աւետիսի մայրը (անունը անծանօթ), գիրկը՝ Արաքսի Ժամկոչեան (Աւետիս Ժամկոչեանի եղբօր՝ Մելքոնի դուստրը)։ Լուսանկարը քաշուած է 1894-ի շուրջ։

2) Ձախէն աջ՝ Աւետիսի մայրը, Ագապի Ժամկոչեան (ծնեալ Ճանիկեան), Մարկարիթ Ժամկոչեան (Աւետիսի քոյրը, յետագային Գասապեան, 1872-1911), Մելքոն Ժամկոչեան (Աւետիսի եղբայրը, կը սպաննուի 1895-ի հակահայ ջարդերուն ժամանակ)։

1910, Մեզիրէ (Մամուրէթուլ-ազիզ). ամերիկեան միսիոնին պատկանող Աննի Թրէյսի Ռիկկզ (Annie Tracy Riggs) հիւանդանոցին բացումը, թուրք, հայ, ամերիկացի երեւելի անձնաւորութիւններու ներկայութեամբ։ Ժամկոչեան ընտանիքը գլխաւոր նուիրատուներէն էր այս հիւանդանոցին կառուցման գործին։

1) Յակոբ եւ Հռիփսիմէ Պէննէեան։ Լուսանկարը քաշուած է Խարբերդի մէջ, Սուրսուրեան եւ Թիւթիւնճեան լուսանկարչատան մէջ եւ նուէր է Եղսա Կոստանդեանին։

2) Թիւ 3 լուսանկարին կռնակը. լուսանկարիչներ՝ Սուրսուրեան եղբայրներ եւ Թիւթիւնճեան ընկերութիւն, Խարբերդ։

3) Անծանօթ հայ կիներ են։ Պատկերին կռնակէն կ՚իմանանք որ այս կիներէն մէկը լուսանկարը կը նուիրէ իր եղբօր աղջկան՝ Եղսա Կոստանդեանին։

Մեզիրէի (Մամուրէթուլ-ազիզ) ամերիկեան միսիոնին պատկանող Աննի Թրէյսի Ռիկկզ (Annie Tracy Riggs) հիւանդանոցին «Ժամկոչեան» սրահը, որ կառուցուած է Ժամկոչեան ընտանիքին նիւթական օժանդակութեամբ։

Եփրատ գոլէճի 1885 տարուայ շրջանաւարտները։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Մելքոն Ժամկոչեան, Մ. Շամալեան, Գ. Փափազեան, Մ. Գալայճեան, Գ. Տէր Գասպարեան, (անունը անըթեռնելի), Մ. Չուգասըզեան։ Նստած, ձախէն աջ՝ Մարտիրոս Շմաւոնեան (պատուելի), Թ. Սոլաղեան, Յ. Եարտըմեան, Կ. Միքայէլեան, Ա. Հաճինեան, Մ. Սանթիկեան, Մ. Կակոսեան, Մ. Մելքոն։

Պոլիս

Ժամկոչեաններու հաւաքածոյին մէջ կան Պոլիսէն բազմաթիւ լուսանկարներ։ Անոնց մէջ երեւցող անձերէն շատերուն ինքնութիւնը անյայտ է, բայց ակներեւ է որ անոնք ընտանեկան ազգականներ կամ բարեկամներ են։ Գիտենք որ Պոլիս կ՚ապրէին Ագապի Ժամկոչեանի (ծնեալ Ճանիկեան, Աւետիսի կինը) քոյրերն ու մայրը։ 1909-ին, երբ արդէն իսկ յստակ էր որ Ժամկոչեանները Մանչեսթըրը պիտի ձգէին եւ պիտի մեկնէին Միացեալ Նահանգներ, Ագապին եւ զաւակները  կ՚այցելեն Պոլիս, հարազատները տեսնելու համար։

Պոլիս բաժինով կարգ մը լուսանկարներ ուղղակի առնչութիւն չունին Աւետիս Ժամկոչեանի սերունդին հետ, այլ անոնք յետագային աւելցած են ընտանեկան ժառանգութեան, երբ Աւետիսի եւ Ագապիի զաւակները իրենց կարգին ամուսնացած են Միացեալ Նահանգներ ապրող հայերու հետ եւ այս ձեւով անոնց շառաւիղները այսօր իրենց ընտանեկան ախիւներուն մէջ կը պահեն Ժամկոչեան ընտանիքին զուգահեռ, այլ հայ ընտանիքներու հին պատկերներ։

Պոլիս լուսանկարուած Կոստանդեան ընտանիքը։ Աջին նստած (մօրուքով)՝ Պատուելի Աւետիս/Ճոն Կոստանդեան։ Ան մեծ հայրն է Էօժէնի Տոնչեանի (ծնեալ 1894), որ յետագային կ՚ամուսնանայ Մատթէոս/Մաթիու Ժամկոչեանի հետ (Ագապիի եւ Աւետիսի երէց որդին)։ Լուսանկարիչ՝ Phébus։

Շմաւոնեան ընտանիքը, Պոլիս։ Լուսանկարիչ՝ Sébah & Joaillier։

2) Պայծառ Ճանիկեան՝ Ագապի Ժամկոչեան-Ճանիկեանի քոյրը։

3) Անձերուն ինքնութիւնը անծանօթ։ Լուսանկարիչ՝ Նիքոլաքի Անտրիոմենոս (Nikolaki Andriomenos), հասցէ՝ Sultan Bayazid, 99 Kioktchiler-Bachi, Constantinople.

Ապտուլլահ եղբայրներուն (Պոլիս եւ Գահիրէ) արտադրած լուսանկարի մը կռնակի բաժինը, որու վրայ կը գտնենք իրենց անունն ու հասցէն։ Մաս կը կազմէ Ժամկոչեան հաւաքածոյին։

1) Պոլիս, 1901-ին լուսանկարուած։ Մարդուն ինքնութիւնը անծանօթ է, թէեւ լուսանկարին կռնակին գրուած է անունին սկզբնատառը՝ Ա., իսկ մականունը անընթեռնելի է։ Յստակ է սակայն որ մականունը կը սկսի Գ. տառով եւ կը կրէ «եան» վերջաւորութիւնը։ Լուսանկարիչ՝ Phébus։

2) Ինքնութիւնը անծանօթ։ Պատկերին կռնակէն կ՚իմանանք որ անիկա նուէր է Աւետիս էֆենտի Ժամկոչեանի։ Լուսանկարիչ՝ Կ. Ամիրեան, հասցէ՝ Okdjoular-Bachi, No 29, Constantinople։

3) Ինքնութիւնը անծանօթ։ Լուսանկարիչ՝ Sébah & Joaillier, Պոլիս։

Վերի երեք պատկերներուն յաջորդաբար կռնակի հատուածները՝ լուսանկարիչին կնիքով եւ կարգ մը բացատրութիւններով։

Պոլիս, ձախէն աջ՝ Պատուելի Աւետիս/Ճոն Կոստանդեան, Պատուելի Մատաթիա Գարագաշեան Աջի անձին ինքնութիւնը անյայտ է։ Պատուելի Աւետիս/Ճոն Կոստանդեան մեծ հայրն է Էօժէնի Տոնչեանի (ծնեալ 1894), որ յետագային կ՚ամուսնանայ Մատթէոս/Մաթիու Ժամկոչեանի հետ (Ագապիի եւ Աւետիսի երէց որդին)։ Լուսանկար՝ Ապտուլլահ եղբայրներու։

Մեծն Բրիտանիա

Աւետիս Ժամկոչեան Մաչեսթըր կը հաստատուի 1892-ին։ Յաջորդ տարին իրեն կը միանան Ակնէն ընտանիքի այլ անդամներ. կինը՝ Ագապի Ժամկոչեան (ծնեալ Ճանիկեան), դուստրը՝ Էլիզա, որդին՝ Մատթէոս։ Ակն կը շարունակեն մնալ Աւետիսի եղբօր ընտանիքը, հօրեղբօր ընտանիքը, Ագապիին ծնողները եւ այլ ազգականներ, որոնցմէ շատեր, ինչպէս տեսանք, զոհ կ՚երթան 1895-ի ջարդերուն։

Մանչեսթըր այդ ժամանակ բամպակի առեւտուրի աշխարհի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկն էր։ Աւետիս այստեղ կը հիմնէ բամպակի վաճառականութեան տուն մը եւ շատ արագ յաջողութիւններ կ՚արձանագրէ։ Ընտանիքը բարեկեցիկ էր, ամառները կ՚անցնէին Կալէսի Լլանտուտնօ քաղաքը։

1909-էն սկսեալ Աւետիս կը ծրագրէր հաստատուիլ Միացեալ Նահանգներ, մանաւանդ խոյս տալու Մանչեսթըրի անախորժ կլիմայէն։

Աւետիս Ժամկոչեան, լուսանկարուած՝ Լլանտուտնօ, Կալէս (Մեծն Բրիտանիա)։

1) Տէօվլէթեան (անունը անյայտ)՝ Ժամկոչեան ընտանիքին բարեկամներէն։ Լուսանկարուած Մաչեսթըրի մէջ։

2) Նոյն անձը՝ Տէօվլէթեան, աւելի երիտասարդ։ Լուսանկարուած Լոնտոնի մէջ։

1) Աւետիս եւ Ագապի Ժամկոչեաններու զաւակները, ձախէն աջ՝ Մատթէոս/Մաթիու (ծնած է Ակն, 1891-1981), Նեւտոն (ծնած է Մանչեսթըր, 1895-1981), Էլիզա (ծնած է Ակն, 1889-1955)։ Լուսանկարուած Մանչեսթըրի մէջ։

2) Նեւտոն Ժամկոչեան (1895-1981)։

3) Վահան Ժամկոչեան՝ Աւետիսի եւ Ագապիի չորրորդ զաւակը, ծնած է Մանչեսթըր 1898-ին, կը մահանայ 1978-ին։

Ձախէն աջ՝ Վահան Ժամկոչեան (1898-1978) եւ Նեւտոն Ժամկոչեան (1895-1981), Մանչեսթըրի մէջ։

1) Սիպիլ Ժամկոչեան, լուսանկարուած Լլանտուտնօ, Կալէս։

2) Ագապի Ժամկոչեան (ծնեալ Ճանիկեան, 1872-1955), լուսանկարուած Մանչեսթըրի մէջ։

3) Աւետիս Ժամկոչեան։

Ագապի Ժամկոչեան իր դստեր՝ Սիպիլի հետ, լուսանկարուած Լլանտուտնօ, Կալէս։ 

Միացեալ Նահանգներ

1909-ին Աւետիս անձամբ կը ժամանէ Միացեալ Նահանգներ տեղւոյն կեանքի եւ աշխատանքի պայմանները ուսումնասիրելու համար։ Լոս Անճելըսը կ՚ըլլայ Ժամկոչեաններու ընտրութիւնը։ Յաջորդող ամիսներուն պատրաստութիւններ կը տեսնուին վերջնական փոխադրութեան համար եւ 1911-ին Ժամկոչեան ընտանիքը վերջնականապէս կը հեռանայ Մեծն Բրիտանիայէն եւ կը հաստատուի Լոս Անճելըս։

Ուշագրաւ լուսանկար մը։ Ներկաներուն հագուստները, ինչպէս նաեւ ամերիկեան դրօշին ներկայութիւնը ենթադրել կու տան որ ընտանիքը նոր հասած է Միացեալ Նահահգներ։ Դժբախտաբար անձերուն ինքնութիւնը անյայտ է։

1) Նշան Գասապեան։ Ծնած է Ակն, 1866-ին։ Ամուսինն է Մարկարիթ Ժամկոչեանի (Աւետիսի եւ Մելքոնի քոյրը)։ Ամուսնացած են 1891-ին, Ակն։ Յետագային Նշան կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ համալսարանական ուսումը շարունակելու համար։ 1896-ին բժշկական վկայական կը ստանայ Northwestern Universityէն։ 1897-ին Մարկարիթ կը միանայ ամուսինին եւ զոյգը կը հաստատուի Ուիսքոնսինի մէջ։ Մարկարիթ կը մահանայ 1911-ին, Նշան՝ 1960-ին։

2) Պայծառ Ճանիկեան՝ Ագապի Ժամկոչեանի (ծնեալ Ճանիկեան) քոյրը։

1) Աւետիս եւ Ագապի Ժամկոչեան ընտանիքը Լոս Անճէլըսի մէջ, 1910-ի շուրջ։ Վերի շարք, ձախէն աջ՝ Մատթէոս/Մաթիու, Ագապի, Աւետիս, Էլիզա (յետագային պիտի ամուսնանար Յովսէփ Իկնաթիուսի հետ)։ Վարի շարք, ձախէն աջ՝ Նեւտոն, Սիպիլ, Վահան։

2) Ժամկոչեաններուն ղրկուած բացիկ մը Ֆրեզնոյէն, Սեպտեմբեր 1912 թուակիր։

1) Աւետիս Ժամկոչեանի եղբայր՝ Մելքոնի ընտանիքը, լուսանկարուած Նիւ Եորքի մէջ։ Մելքոն զոհ կ՚երթայ 1895-ի հակահայ ջարդերուն։ Այս լուսանկարը քաշուած է իր մահէն ետք, երբ ընտանիքը արդէն փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ։ Ձախէն աջ՝ Մելքոն/Մալքոլմ (1896-1984, ծնած է հօր մահէն ետք, հաւանաբար այդ պատճառով ալ Մելքոն անունանուած է հօր յիշատակին), Մարիամ Ժամկոչեան (Մելքոնի այրին), Արաքսի Ժամկոչեան (1893-1977)։

2) Ինքնութիւնը անյայտ։ Լուսանկարուած է Պոսթոնի մէջ, լուսանկարիչ՝ Սահակեան (Sahakian)։

3) Ձախէն աջ՝ Մարկարիթ Գասապեան (ծնեալ Ժամկոչեան, Աւետիսի քոյրը, 1872-1911), Մարկարիթի գիրկը՝ զաւակը, Նշան Գասապեան (Մարկարիթի ամուսինը, 1866-1960)։

Հաւանաբար Նշան Գասապեանն է երիտասարդ տարիքին։ Լուսանկարուած Նիւ Եորքի մէջ։

Այլազան

Անյայտ է թէ ո՞ւր քաշուած է այս լուսանկարը։ Պատկերին կռնակին գրուած է Յովհաննէս էֆենտի Փաշկեան, որ շատ հաւանաբար ֆէս կրող մարդն է, իսկ կողքինն ալ վստահաբար կինն է։

1) Երեք կիներուն ալ ինքնութիւնները անյայտ են։

2) Նիկոսիա (Կիպրոս), 16 Դեկտեմբեր 1919։ Կնոջ անունը Մարգարիտ Էլմաճեան (ծնեալ Կոստանդեան) է։ Նստողն ալ վստահաբար ամուսինն է՝ Ս. Էլմաճեան։

3) Նիկոսիա (Կիպրոս), 16 Դեկտեմբեր 1919, Ս. Էլմաճեան։

Վերի թիւ 2 եւ 3 պատկերներուն կռնակի հատուածները։ Երկուքն ալ Ժամկոչեաններուն ղրկուած են Նիկոսիայէն (Կիպրոս)։

1) Ինքնութիւնը անյայտ, թէեւ բաւական կը նմանի Մելքոն եւ Մարիամ Ժամկոչեանի որդւոյն՝ Մելքոնին (ծնած 1896-ին, հօր սպանութենէն ետք)։

2) Տէր եւ Տիկին Գամպերեան։

3) Մատթէոս Ժամկոչեան՝ Աւետիս Ժամկոչեանի զարմիկը։

Ինքնութիւնը անյայտ ընտանիք մը։