Գասապաշ / Կէթուր հաւաքածոյ - Սաութֆիլտ, Միշիկըն, Միացեալ Նահանգներ
Լուսանկարներու եւ վաւերագրերու այս հարուստ հաւաքածոն այժմ կը գտնուի Ճօան Գասապաշ Սուէյնի քով։
Ճօանի մեծ հայրը (մօրենական) կը կոչուի Լեւոն Պէշկէօթիւրեան (ծանօթ նաեւ Կէթուր մականունով), ծնած է Խարբերդ 1888-ին եւ ընտանիքին հետ Իզմիր/Զմիւռնիա կը փոխադրուի 1892-ին, ուր կը մնան մինչեւ 1922, այլ խօսքով մինչեւ քաղաքին հայերուն եւ յոյներուն գաղթը։ Այս թուականէն ետք ան բնակութիւն կը հաստատէ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Լեւոնին ծնողները Կարապետ Պէշկէօթիւրեանն ու Մարիամ Պէշկէօթիւրեանն են։ Լեւոն ունէր նաեւ երեք եղբայրներ՝ Պերճ/Էտուըրտ, Պարգեւ եւ Գարեգին։ Միացեալ Նահանգներու մէջ Լեւոն կ՚ամուսնանայ Էլմոն Չատըրճեան-Տաղաւարեանի հետ, 1916-ին։ Կ՚ունենան երկու զաւակներ՝ Էտուըրտ/Երուանդ եւ Արմենուհի (որ աւելի ծանօթ էր Արմեն անունով)։ Արմէն (1917-2007) մայրն է նաեւ այս նիւթերը մեզի տրամադրող Ճօան Գասապաշ Սուէյնի։
Ճօանի հայրն է Յարութիւն/Հերի Գասապպաշեան, որ ծնած է Շապին Քարահիսար, 1912-ին։ Յարութիւնի հայրը՝ Երուանդ Գասապպաշեան, ծնած է Սեբաստիա, եղած է բողոքական պատուելի, որ աւարտած է Մարզուանի/Մերզիֆօնի Աստուածաբանական սեմինարը, գործած է նախ Շապին Քարահիսարի մէջ (1906-1912), ապա Ամասիոյ մէջ (1912-1915)։ Զոհ կ՚երթայ Ցեղասպանութեան։ Յարութիւնի մայրն է Արշալոյս, որ ծնած է Սեբաստիա, շրջանաւարտ է Մարզուան/Մերզիֆօնի վարժարանէն։
Յարութիւն/Հերի Գասապպաշեան կ՚ամուսնանայ Արմեն (Արմենուհի) Պէշկէօթիւրեանի հետ եւ կ՚ունենան երկու դուստրեր՝ Մարսիա Անն եւ Ճօան։
Գասապպաշեան ճիւղ՝ Սիվաս/Սեբաստիա, Մարզուան/Մերզիֆօն, Ամասիա, Շապին Գարահիսար
Մարզուան, 1906։ «Անաթոլիա գոլէճ»ի Աստուածաբանութեան ճիւղի շրջանաւարտները եւ իրենց ուսուցիչները։ Լուսանկարիչ՝ Էնգապապեան, Սեբաստիա։ Ոտքի, Երրորդ շարք, ձախէն առաջինը (սեւ պեխերով)՝ Երուանդ Գասապպաշեան, որ շրջանաւարտներէն մէկն է։ Ետեւի կարգը, աջէն երրորդը շատ հաւանաբար վերապատուելի Ճորճ Անասթասեատէսն է՝ գոլէճի ուսուցիչներէն։
Շահապեան քոյրերը։ Ձախին՝ Ծիածան, որ Սվազ/Սեբաստիոյ մէջ զոհ կ՚երթայ Ցեղասպանութեան, աջին՝ Արշալոյս (հետագային կ՚ամուսնանայ Երուանդ Գասապպաշեանի հետ)։
Գասապպաշեան ընտանիքը։ Երուանդ Գասապպաշեան, կինը՝ Արշալոյս Գասապպաշեան (ծնեալ Շահապեան), եւ իրենց որդիները՝ Յարութիւն/Հերի (Երուանդին գիրկը) եւ Վահրամ (ոտքի)։ Լուսանկարուած են 1913-1914-ի շուրջ, այն ժամանակ երբ Ամասիա կ՚ապրէին։ Լուսանկարիչ՝ Տիլտիլեան եղբայրներ, Մարզուան/Մերզիֆօն։
1. Յարութիւն էֆենտի Գասապպաշեան (Երուանդին հայրը) լուսանկարուած իր ձիուն վրայ Սեբաստիոյ մէջ։
2. 1921, Մարզուան/Մերզիֆօն։ Առաջին Համաշխարհային պատերազմին աւարտէն ետք Արշալոյս եւ իր երկու որդիները քանի մը տարի ապրեցան Մարզուանի մէջ։ Ամուսինը՝ Երուանդ, սպաննուած էր 1915-ին։ Արշալոյս յետ-Ցեղասպանութեան այս տարիներուն աշխատեցաւ Մարզուանի մէջ հաստատուած Ամերիկեան նպաստամատոյց ընկերութեան համար։
Յարութիւն էֆենտի Գասապպաշեան, Սիվաս/Սեբաստիա։ Ան Երուանդ Գասապպաշեանին հայրն էր եւ Սեբաստիոյ մէջ բարձրաստիճան ոստիկան էր։ Կը մահանայ Հոկտեմբեր 1909-ին։
Մարզուան/Մերզիֆոն, ամերիկեան միսիոնարական աղջկան վարժարանին շրջանաւարտները, 1907-ին։ Արշալոյս Շահապեան (հետագային Գասապպաշեան) սոյն գոլէճի շրջանաւարտ էր։ Պատկերին մէջ, վերէն երկրորդ շարք, ոտքի, ձախէն հինգերորդը։
Ընտանեկան Աստուածաշունչի վերջին էջերուն արձանագրութիւններ Երուանդ եւ Արշալոյս Գասապպաշեանին (ծնեալ Շահապեան) կողմէ կատարուած։ Այս կը նշանակէ որ այս Սուրբ Գիրքը ընտանիքին պատկանելիութիւնը եղած է Ցեղասպանութենէն առաջ, իսկ 1915-ին՝ Երուանդին սպանութենէն ետք, ընտանիքը շարունակած է զայն պահել, իրենց հետ փոխադրած են Միացեալ Նահանգներ, ուր Արշալոյս շարունակած է արձանագրութիւնները։
Շահապեան ընտանիքին մասին հետեւեալ տեղեկութիւնները կը քաղենք.
- Արշալոյսին հայրը՝ Տիգրան Շահապեան, ծնած է 1844-ին եւ կը մահանայ 1911-ին։
- Արշալոյսին մայրը՝ Լուսիա Շահապեան (ծնեալ Շիրինեան), ծնած է 1858-ին եւ կը սպաննուի Ցեղասպանութեան տարիներուն։
- Տիգրան եւ Լուսիա Շահապեան կ՚ունենան երկու որդի՝ Յովակիմ եւ Հրատ, երկու դուստր՝ Արշալոյս եւ Ծիածան։
- Յովակիմ Շահապեան, ծնած է 1876-ին, կը մահանայ Միացեալ Նահանգներու մէջ, 1949-ին։
- Հրատ Շահապեան, ծնած է 1896-ին, Առաջին Համաշխարհային պատերազմին կը զինուորագրուի եւ զոհ կ՚երթայ Ցեղասպանութեան։
- Ծիածան Շահապեան, ծնած է 1895-ին, կը սպաննուի Ցեղասպանութեան ընթացքին։
- Արշալոյս Շահապեան, ծնած է 20/2 Հոկտեմբեր 1888-ին, Սեբաստիա։
Գասապպաշեան ընտանիքին մասին գրուած է՝
- Յարութիւն Ա. Գասապպաշեան (Երուանդին հայրը), կը մահանայ 18/31 Հոկտեմբեր 1909-ին, Սեբաստիոյ մէջ։
- Երուանդ Գասապպաշեան (Արշալոյսին ամուսինը, Յարութիւնին որդին), ծնած է 12/25 Հոկտեմբեր 1880-ին, Սեբաստիա, պատուելի կը ձեռնադրուի Յունիս 1914-ին Մարզուանի «Անաթոլիա գոլէճ»ին մէջ։ Կը սպաննուի Յուլիս 1915-ին, Ցեղասպանութեան նախօրեակին Ամասիոյ մէջ։
- [Սոյն տողերը գրուած են Երուանդին կողմէ] «Աղջիկս - Հրեշտակ - ծնաւ Յունուար 16/29 1909, Ուրբաթ երեկոյ ժամը 2-ին եւ ապրեցաւ 20 ժամ եւ մեռաւ Շաբաթ ժամը 10-ին, Շապին Գարահիսար»։
- «Վահրամ, որդիս, ծնաւ Յունուար 6 1910-ին, Հինգշաբթի երեկոյ ժամը 12-ին, Շապին Գարահիսար»։
- «Յարութիւն որդիս ծնաւ Փետրուար 2/15 1912-ին, Հինգշաբթի առաւօտ ժամը 4-ին, Շապին Գարահիսար»։
Սիվազ/Սեբաստիոյ հայկական վարժարանին շրջանաւարտները 1912-ի շուրջ։ Պատկերին մէջ պէտք է ըլլայ Արշալոյսի եղբայրներէն Հրատ Շահապեանը։
1. Մարզուան/Մերզիֆոնի «Անաթոլիա գոլէճ»ի աղջկանց վարժարանի վկայական։ Կը պատկանի Արշալոյս Շահապեանի (հետագային Գասապպաշեան) եւ կը կրէ 19 Յունիս 1907 թուականը։ Ուսուցչական կազմէն կը կրէ հետեւեալներուն ստորագրութիւնները. Շարլոթթ Ռ. Ուիլլըրտ, Մէրի Ուարտ, Քլարիպէլ Փլաթթ, Միրա Պարնզ, Բրաբիոն Կիւրեղեան, Մաքրուհի Ազատեան, Սիմա Գույումճեան։
2. Մարզուան/Մերզիֆոնի Աստուածաբանական սեմինարէն Երուանդ Յ. Գասապպաշեանի վկայականը, 1906 թուակիր։
Արշալոյս Շահապեան (հետագային Գասապպաշեան) նախքան Մարզուանի մէջ ուսանիլը, յաճախած է իր հայրենի քաղաքին՝ Սեբաստիոյ ամերիկեան վարժարանը, որմէ շրջանաւարտ դուրս եկած է 1903-ին։ Այստեղ կը ներկայացնենք սոյն վարժարանէն իր վկայականը որ կը կրէ 6 Յուլիս 1903 թուականը։ Զայն ստորագրած են Մերի Լ. Կրաֆֆամ, Մարիցա Տըլըճեան, Պայծառ Փափազեան, Հրանուշ Պօյաճեան։
Երուանդ Գասապպաշեանին մայրը՝ Եսթեր (Յարութիւնին կինը)։ Ան Ցեղասպանութեան վերապրող մըն է, գիտենք որ հետագային Սուրիա կ՚ապաստանի, ուրկէ նաեւ գրած է այս բացիկը, որ ուղղուած է Միացեալ Նահանգներ ապրող իր որդւոյն՝ Հայկին։ Միւս որդին՝ Երուանդը, զոհ գացած էր Ցեղասպանութեան։ Իր պատկերին վրայ անգլերէնով կը կարդանք՝ "Is it getting cold or am I getting old"։ Հաւանաբար գրուած է նոյնինքն Եսթերին կողմէ։
Շապին Գարահիսարի մասին յօդուած, որ լոյս տեսած է ամերիկեան միսիոնարական թերթի մը մէջ, 1911-ին։ Այնտեղ ակնարկութիւն կայ պատուելի Երուանդ Գասապպաշեանին եւ կնոջ՝ Արշալոյսին, ինչպէս նաեւ զետեղուած են անոնց լուսանկարները։
Պէշկէօթիւրեան գերդաստանին ընտանեկան ծառը։ Պատրաստած է Կարապետ Պէշկէօթիւրեան։ Ինչպէս կը տեսնենք, Պէշկէօթիւրեաններուն հայրենի քաղաքը եղած է Խարբերդը։ Կարապետ Պէշկէօթիւրեան նոյնպէս Խարբերդ ծնած է, այստեղ ալ ընտանիք կազմած է, 1892-ին ընտանիքին հետ կը փոխադրուի Իզմիր։
Պէշկէօթիւրեան ընտանիքը, Իզմիր, 1890-ի շուրջ։ Ձախէն աջ՝ Էտուըրտ/Պերճ (ոտքի), Մարիամ (նստած), Պարգեւ (ճերմակ հագուած փոքրիկ տղան), Լեւոն (Պարգեւին առջեւ նստած երեխան), Կարապետ։ Չորրորդ զաւակը՝ Գարեգին, այս ժամանակ տակաւին ծնած չէր։ Լուսանկարիչ՝ Աքրօպոլիս, Իզմիր, Հայոց թաղ, թիւ 51։
Իզմիր, 1890-ի շուրջ, Պէշկէօթիւրեան ընտանիքը։ Ձախէն աջ՝ Էտուըրտ/Պերճ (ոտքի), Մարիամ (նստած), Պարգեւ (նստած բարձր սեղանին վրայ), Լեւոն (նստած Պարգեւին առջեւ), Կարապետ։
Մարիամ Պէշկէօթիւրեան, լուսանկարուած Իզմիրի մէջ։ Ան կը մահանայ 1896-ին, իր չորրորդ որդւոյն՝ Գարեգինին ծնունդ տալէն անմիջապէս ետք։ Լուսանկարիչ Զիլփոշ եւ Պիւքմէճեան, Իզմիր, Rue des Roses 18։
Կարապետ Պէշկէօթիւրեան (1861-1941), լուսանկարուած 1894-ին։ Լուսանկարիչ Զիլփոշ եւ Պիւքմէճեան, Իզմիր, Rue des Roses 18։
Կարապետ շրջանաւարտ է Խարբերդ քաղաքի «Եփրատ» գոլէճէն։ Ուսուցչական պաշտօններ վարած է Խարբերդի, Մալաթիոյ, Սեբաստիոյ եւ Էրզրում/Կարինի մէջ։ 1892-ին իբրեւ հայերէնի եւ հայ գրականութեան ուսուցիչ պաշտօնի կը հրաւիրուի ամերիկեան միսիոնին պատկանած Իզմիրի International Collegeին մէջ։ Այստեղ կը դասաւանդէ 25 տարիներ շարունակ։ 1921-ին կամ 1922-ին կը գաղթէ Իզմիրէն եւ կը հաստատուի Միացեալ Նահանգներու Տիթրոյիթ քաղաքը, ուր կը մահանայ 1941-ին։
Աշխատակցած է Աւետաբեր (Պոլիս), Արեւելեան Մամուլ (Իզմիր), Բիւրակ (Պոլիս), Կոչնակ (Նիւ-Եորք/Պոսթոն), Պայքար (Պոսթոն) թերթերուն։
1. Լեւոն Պէշկէօթիւրեան (Միացեալ Նահանգներու մէջ մականունը կը վերածուի Կէթուրի), լուսանկարուած Իզմիրի մէջ։
2. Լեւոն (ձախին) եւ Պերճ/Ետուըրտ Պէշկէօթիւրեան եղբայրները, լուսանկարուած Իզմիրի մէջ։ Երկու եղբայրները Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն առաջ արդէն դուրս կու գան Օսմանեան կայսրութենէն։ Լեւոն (1888-1981) կ՚անցնի Եգիպտոս, ուր կը մնայ մօտ երկու տարի, այնտեղէն ալ Ֆրանսայի վրայով կը գաղթէ Միացեալ Նահանգներ, ուր արդէն հաստատուած էր եղբայրը՝ Պերճը։ Հետագային Լեւոն ատամնաբուժութիւն կ՚ուսանի եւ կը դառնայ ատամնաբուժ։
Լեւոն Պէշկէօթիւրեանէն նամակ գրուած հօրը՝ Կարապետ Պէշկէօթիւրեանին, 20 Յունիս 1920 թուակիր։ Լեւոն եւ եղբայրը՝ Պերճ, արդէն Միացեալ Նահանգներ հաստատուած էին եւ այս նամակը գրուած է Տիթրոյիթ քաղաքէն։ Այստեղ կը գտնուէր նաեւ Կարապետ Պէշկէօթիւրեանի եղբայրը՝ Սահակը, իր ընտանիքով։ Լեւոն արդէն ամուսնացած էր Էլմոն Չատըրճեան-Տաղաւարեանի հետ եւ ունէին երկու զաւակներ՝ Արմեն-Արմենուհի (ծնած 1917-ին) եւ Երուանդ (ծնած 1919-ին)։
Այս նամակով կ՚իմանանք, որ Ամերիկա գտնուող երկու եղբայրները կարգադրութիւններ կ՚ընէին Իզմիր գտնուող իրենց ընտանիքը նոյնպէս Միացեալ Նահանգներ փոխադրելու։ Այս մասին Լեւոն կը գրէ՝
«Դուք ալ կարելի եղածին չափ շուտ ամէն բան ծախեցէք, նոյնիսկ վնասով եթէ պէտք ըլլայ, եւ շուտ մը հոս փոխադրուեցէք։ Այդ անիծեալ երկրին ոչ հողը եւ ոչ ալ ջուրը պէտք է։ Ձեր տարիքը արդէն բաւական առած է եւ ասկէ ետք միայն մէկ հաճոյք կայ, այն ալ ձեր սիրելիներուն քով խաղաղ կեանք մը անցնել է. մանաւանդ որ մենք չորս եղբայրներ պէտք եղածին չափ ի վիճակի ենք առանց զգալի զոհողութիւն ընելու ձեզ հոգալ»։
Սոյն նամակը գրուած էԼեւոն Պէշկէօթիւրեանին կողմէ իր հօրը՝ Կարապետ Պէշկէօթիւրեանին, որ կը գտնուէր Իզմիր։ Կը կրէ 19 Մայիս 1910 թուականը եւ գրուած է Միացեալ Նահանգներու Վիրճինիա նահանգի Ճէյմսթաուն քաղաքէն։ Այս քաղաքին մէջ արդէն իսկ բնակութիւն հաստատած էր Լեւոնին եղբայրը՝ Պերճը։
Նամակէն կ՚իմանանք որ Լեւոն նոր հասած է Միացեալ Նահանգներ, իսկ Ճէյմսթաունի մէջ իր ապագայ կեցութիւնն ալ կախեալ է գործի հնարաւորութիւններէն։ Լեւոն մանրամասնութիւններ կու տայ իր ճամբորդութիւններուն մասին։ Գահիրէէն ճամբայ կ՚ելլէ Ապրիլ 16-ին, կը հասնի Փորթ Սաիտ նաւահանգիստը, ուրկէ նաւ առնելով կ՚ուղղուի Մարսէյ, այնտեղէն ալ շոգեկառքով կը հասնի Փարիզ։ Ֆրանսական մայրաքաղաքին մէջ կը մնայ ութ օր, զբօսաշրջական այցելութիւններու կողքին, այստեղ կը հանդիպի նաեւ Պէշկէօթիւրեան գերդաստանէն ազգականներու։ Ապրիլ 29-ին Հավրի նաւահանգիստէն շոգենաւ մը առնելով կը մեկնի Նիւ Եորք, ուր կը հասնի Մայիս 10-ին։
Իզմիրի նաւահանգիստը, գծագրութիւն։ Այս նկարը պատկանած է Պէշկէօթիւրեան ընտանիքին Իզմիրի մէջ։ Ընտանիքի անդամներ զայն իրենց հետ փոխադրած են Միացեալ Նահանգներ։ Թուականը՝ 1678:
Սոյն բացիկ/պատկերը ստորագրուած է Յովհաննէս Չատըրճեանի կողմէ եւ կը կրէ 16 Օգոստոս 1888 թուականը։ Այս ընտանիքէն է Էլմոն Չատրճեան, որ ծնած է Սեբաստիա։ Էլմոնի հայրը՝ Աղայեկ 1890-ականներուն արդէն կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ։ 1902-ին ընտանիքը (որոնց շարքին 10 տարեկան Էլմոնը) կը միանայ իրեն եւ կ՚ապրին Ինտիանափոլիս։ 1916-ին Էլմոն կ՚ամուսնանայ Լեւոն Պէշկէօթիւրեանի հետ։ Էլմոն այս նիւթերը մեզի տրամադրող Ճօան Գասապաշ Սուէյնի մօրենական մեծ մայրն է։
Տակաւին Օսմանեան ժամանակաշրջանին, Չատրճեաններէն ոմանք իրենց մականունը փոխած են եւ դարձած Տաղաւարեան։ Ասոնց շարքին է յայտնի հայ յայտնի քաղաքական գործիչ եւ բնագէտ Նազարէթ Տաղաւարեանը, որ Օսմանեան խորհրդարանի անդամ էր եւ զոհ կ՚երթայ Ցեղասպանութեան։ Նազարէթ Տաղաւարեան ծնած էր Սեբաստիա եւ Էլմոնի հօրեղբայրն էր։
Հայկուհի Չատըրճեան եւ ամուսինը (անունը անծանօթ)։ Կեսարիա/Քայսերի, հաւանաբար 1892-ին։ Շատ հաւանաբար այս զոյգը Էլմոն Չատըրճեանի (Լեւոն Պէշկէօթիւրեանի կինը) ազգական է։
Նամակին կռնակին հայատառ թրքերէնով գրուած է. «Նազարէթ Էֆենտի Չատըրճեանին, իմ կողմէս՝ երջանիկ յիշատակներով, 92 [դժուարութեամբ ընթեռնելի], Դեկտեմբեր 29, Քայսէրի, Հայկուհի Չատըրճեան»։
Մկրտութեան վկայագիր, որ կը պատկանի Էլմոն Չատրճեանի։ Կը կրէ 1 Դեկտեմբեր 1891 թուականը եւ պատրաստուած է Սեբաստիոյ մէջ։ Էլմոն դուստրն է Աղայէկ Չատրճեանի, մկրտուած է Սեբաստիոյ Մայր Տաճարին (Սուրբ Աստուածածին), ձեռամբ Եղիշէ քահանայի, իսկ կնքահայրն էր Կարապետ Ֆրանկիւլեան։ Վկայագիրին արժէքը 1 ղուրուշ է եւ կը կրէ եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին կնիքը։
Հայկ Ֆ. Գասապաշ հաւաքածոյ՝
Այս բաժինի մէջ ցուցադրուած լուսանկարները մեզի ղրկեց՝ Հայկ Գասապաշը. ան Ճօան Գասապաշ Սուէյնի զարմիկն է։ Լուսանկարները ցոյց կու տան Հայկի հայրը՝ Տոքթ. Հայկ Հ. Գասապաշը։
Տոքթ. Հայկ Հայկունի Գասապաշի (Գասապպաշեան) մասին հետեւեալ հակիրճ ընտանեկան մանրապատմութիւնը գրած է Հայկ Ֆ. Գասապաշը։
Հայկ Հ. Գասապաշ իմ մեծ հօրս՝ Յարութիւն Գասապպաշեանի եւ Եսթեր Գասապպաշեանի ութ զաւակներուն եօթներորդն էր։ Հայկի ամենամեծ եղբայրը՝ Երուանդ Գասապպաշեան, Յարութիւնի երէց զաւակն էր, ան Ճօան Գասապաշ Սուէյնի մեծ հայրն է։ Հայկ Հ. Գասապաշ ծնած է Սեբաստիա 1899-ին եւ մահացած է սեպտեմբեր 1, 1943-ին Նիւ Եորքի մէջ. Հայկ մահացած է գործողութեան ընթացքին, ուղեղի բարորակ ուռուցքի մը պատճառով։ Ըստ բժիշկներուն, թուրքերու կողմէ Հայկի ստացած հարուածներուն հետեւանքով է որ այս ուռուցքը գոյացած էր։ Տրուած ըլլալով որ ան մահացաւ երբ ես 7 տարեկան էի, այս տեղեկութիւնները հաւաքած եմ ուրիշներէ։
Թուրք/Յոյն բժիշկ՝ Տոքթ. Արիսթոքլէս (Ճորճ) Օկիւսթին իր օրագիրին մէջ գրած է Հայկի մասին. յունիս 1916-ին, երբ Արիսթոքլէս այցելած է Ամասիա, ան հանդիպած է Հայկին եւ անոր ազգականներուն (հաւանաբար նաեւ Արշալոյսին)։ Արիսթոքլէս վերադարձած է Ամասիա մարտ 1, 1917-ին եւ կրկին անգամ հանդիպած է Հայկին։ Այդ գիշեր, Հայկ երաժշտական երեկոյ մը կազմակերպած է կառավարիչին տունը եւ երկուքն ալ նուագած են եւ երեկոն մեծ խրախճանքի մը վերածուած է։
Ճօան Սուէյնի հօրեղբայրը՝ Տոքթ. Վահրամ Գասապաշ (Հայկի զարմիկը) կը գրէ. «Թուրքերը այնքան ծեծած էին Հայկը որ ան անգիտակից էր. երբ գիտակցութիւնը կը վերականգնուի, Հայկ կը վերադառնայ Սեբաստիա եւ ապաստան կը գտնէ ընկերներուն եւ Ամերիկեան Միսիոնար Դպրոցի նախկին ուսուցիչներուն քով, որոնք կը խնամեն զինք եւ կը բուժեն թոքատապը որով վարակուած էր գիշերային ճամբորդութիւններու սաստիկ պայմաններուն պատճառով։ Երբ թուրքերը կ՚իմանան որ ան վերադարձած է, ան կ՚երթայ Ամասիա՝ Արշալոյսի տունը. Արշալոյս իր մեծ եղբօր, Երուանդի, այրին էր։ Պատերազմի աւարտին, Հայկ երաժշտութեան ուսուցիչ կը դառնայ Ամասիոյ մէջ, բայց կը ցանկանայ իր ուսումը շարունակել։ 1920-ին Հայկ կը գաղթէ Միացեալ Նահանգներ եւ որոշ ժամանակ կ՚աշխատի Նիւ Եորքի մէջ, ապա կ՚անցնի Անն Արպըր, Միշիկըն, ուր կը յաճախէ Միշիկընի համալսարան եւ 1926-ին կ՚աւարտէ բժշկական համալսարանը բարձր գնահատականներով։ Ան աշխատանքային փորձ ձեռք կը բերէ Համալսարանի հիւանդանոցին մէջ եւ կը մասնագիտանայ ռատիոբանութեան մէջ։ 1929-ին կ՚երթայ Նիւ Եորք եւ կ՚աշխատի Երիցական հիւանդանոցին մէջ։ Քոլոմպիա համալսարանին մէջ ռատիոբանութեան դասախօս կը դառնայ ինչպէս նաեւ՝ Ամերիկեան Ռատիոբանութեան Քոլէճի գիտաշխատող։ Իր մասնագիտական կարճատեւ կեանքին ընթացքին կը յայտնաբերէ «Գասապաշ-Մերիթ ախտանշանը», գործընկեր՝ Քաթարին Մերիթի հետ։
1934-ին Հայկ կ՚ամուսնանայ Էռնա Քուրպըրի հետ. անոնք կ՚ունենան երկու զաւակ՝ Հայկ Ֆրէտէրիք Գասապաշ եւ Առլին Գասապաշ։