Մարաշցի այս երկու ընտանիքներուն վերաբերող նիւթերը մեզի տրամադրեց Մարիա Գանձապետեանը։ Ան դուստրն է Էլիսա/Էլիզ (ծնեալ Չինչինեան) եւ Պօղոս Գանձապետեանի։ Էլիսան եւ Պօղոսը ծնած են Մարաշի մէջ. առաջինը՝ 1902-ին (թէեւ լիբանանեան անձնաթուղթին մէջ գրուած է 1905), իսկ Պօղոսը՝ 1890-ին (լիբանանեան անձանթուղթին մէջ գրուած է 1896)։ Ունեցած են չորս զաւակ. Մարիա, Մաքրուհի, Խուան Լուի եւ Լիտիա։
Էլիսա Գանձապետեանի (ծնեալ Չինչինեան) մայրն էր Վարդանուշ Չինչինեան, իսկ հայրը՝ Առաքել Չինչինեան։ Բացի Էլիսայէն, Վարդանուշն ու Առաքելը ունէին երեք այլ զաւակներ. Սիրվարդ, Փանոս եւ Նուպար։ Գիտենք նաեւ որ Առաքել Չինչինեանի մայրը Մայրամն էր, ծնած 1854-ին։ Առաքելը ունէր քոյր մը (անունը անյայտ) եւ եղբայր մը՝ Պօղոս Չինչինեան, որ Մարաշի մէջ պետական պաշտօնեայ էր։
Չինչինեան ընտանիքը Մարաշի մէջ սեփականատէր էր արտերու, ուր կը մշակէին բամպակ, ցորեն, խաղող։ Անոնք կը զբաղուէին նաեւ այս բերքին վաճառքով։ Ցեղասպանութեան տարիներուն Չինչինեան ընտանիքը մարաշցի միւս հայերուն նման կը տեղահանուի դէպի Սուրիա։
Տեղեկութիւնները շատ աւելի քիչ են ընտանիքին Գանձապետեան ճիւղին մասին։ Գիտենք որ Ցեղասպանութեան տարիներուն Պօղոսին ընտանիքին մեծագոյն մասը կը սպաննուի կամ կը մահանայ սովի եւ համաճարակի հետեւանքով։ Վերապրողներու շարքին էին Պօղոսը, իր եղբայրը եւ եղբօր որդին (անունները անյայտ)։
Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք, Չինչինեան եւ Գանձապետեան ընտանիքներուն վերապրողները կը վերադառնան Մարաշ, որ այդ ժամանակ գրաւուած էր դաշնակից յաղթական ուժերուն կողմէ՝ սկիզբը բրիտանական, ապա ֆրանսական բանակները։ Բայց հայ ընտանիքներուն համար շատ կարճ կը տեւէ այստեղ ծայր առած նոր կեանքը։ Այսպէս, 1920-ին, թրքական ազգայնական ուժերը յարձակում կը շղթայազերծեն Մարաշ քաղաքին վրայ։ Ֆրանսական բանակը կը նահանջէ քաղաքէն. այս նահանջին կը միանան աւելի քան 3 հազար հայեր։ Թրքական ուժերը երբ կը մտնեն քաղաք, անմիջապէս տեղի կ՚ունենայ հոն մնացող հայերուն դէմ ջարդ, որուն զոհ կ՚երթան մօտ 5 հազար հոգի։
Չինչինեան եւ Գանձապետեան ընտանիքները նոյնպէս այդ ժամանակ Մարաշ էին, բայց չենք գիտեր թէ անոնք ֆրանսական բանակներուն հետ դուրս եկող հայերուն խումբի՞ն մաս կը կազմէին, թէ ոչ քաղաքին մէջ բռնութեան ենթակայ եղած, բայց վերապրած հատուածին։ Ամէն պարագայի գիտենք որ անոնք, Կիլիկիա գտնուող շատ մը հայերու օրինակով, 1920-ականներու սկիզբը ապաստան կը գտնեն Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ։ Ընտանիքին պատկանող Սուրբ Գիրքերէն մէկուն մէջ կայ ձեռագիր գրութիւն մը, ուր նշուած է թէ 1920-ականներու սկիզբը ընտանիքը կը հաստատուի Սուրիոյ Համա քաղաքին մէջ։ Յայտնի չէ թէ ձեռագիրը Պօղոսի՞ ընտանիքին կողմէ գրուած է թէ թէ ոչ Էլիսայի։ Միայն կ՚ենթադրենք որ Համայի մէջ կեցութիւնը կարճատեւ կ՚ըլլայ եւ քանի մը տարի ետք սոյն ընտանիքը կը տեղափոխուի Պէյրութ։
Էլիսան եւ Պօղոսը կ՚ամուսնանան Պէյրութի մէջ 1926-ին։ Երկու տարի վերջ կը ծնի անոնց առաջին զաւակը՝ Մաքրուհին։ Լիբանանի մէջ իրենց մօտ տաս տարուայ կեցութիւնը դիւրին ժամանակաշրջան մը չէր։ Լիբանանեան իրենց անձնաթուղթին մէջ նշուած է որ անոնք կ՚ապրէին Մըտաուար թաղամասին մէջ, ինչ որ կը համապատասխանէ Պէյրութի գաղթակայանական քէմփի վայրին։ Այդ տարիներուն հայ գաղթականներու արտագաղթ մը ծայր առած էր դէպի արեւմտեան երկիրներ, ուր կը կարծէին կեանքի աւելի բարենպաստ պայմաններ կրնային ստեղծել իրենց համար։ Այս ուղղութիւններէն կարեւորագոյներէն էր Արժանթինը, ուր 1920-ականներէն սկսեալ տեղւոյն հայկական գաղութը հետզհետէ կ՚ուռճանայ յատկապէս Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ Յունաստանէն ժամանող հայ գաղթականներով։
23 Դեկտեմբեր 1928-ին, Էլիսա եւ Պօղոս Գանձապետեանի ընտանիքը նոյնպէս կը մեկնի Պուէնոս Այրէս (Արժանթին), ուր կը հասնի 30 Յունուար 1929-ին, «Մենտոզա» նաւով։ Նոր ժամանողներուն մէջ էին Պօղոս Գանձապետեանը, կինը՝ Էլիսան, որ յղի էր եւ Արժանթինի մէջ Օգոստոս 1929-ին ծնունդ պիտի տար Մարիային։ Զոյգին կ՚ընկերանար իրենց մէկ տարեկան դուստրը՝ Մաքրուհին։
Սկզբնական շրջանին ընտանիքը կ՚ապրի դժուար պայմաններու մէջ։ Մնայուն տուն չունէին, յաճախակի կերպով հասցէ կը փոխէին։ Պօղոսը կը սկսի աշխատիլ սպանդանոցի մը մէջ, բայց կարճ ժամանակ ետք կ՚ունենայ արկած մը, որ զինք կիսով կ՚անդամալուծէ եւ կը ստիպուի երկար ատեն անգործ մնալ։ Աւելի ուշ կը սկսի կօշկակարութիւն ընել։ Էլիսան այս ամբողջ ժամանակ կը շարունակէ ասեղնագործութիւն ընել եւ ընտանիքին կարիքներուն կը հասնի իր ձեռագործներուն վաճառքով։