Չորպաճեան ընտանիքը լուսանկարուած Մարաշի մէջ, 1892/1893.

Քարէն Պետրոսեան Ռիչարտսոն հաւաքածոյ - Նիւ Եորք

Այս ընտանեկան մանրապատմութիւնը եւ լուսանկարները կը ներկայացնեն Սահակ քահանայ Տէր Պետրոսեանի եւ իր կնոջ Զապէլի (ծնեալ Չորպաճեան) նախնիներուն (Գալփաքեան ընտանիքը Այնթապէն/Մարաշէն), ինչպէս նաեւ զոյգին չորս զաւակներուն կեանքի ճամբան։ Բոլոր տեղեկութիւնները քաղուած են ընտանիքի անդամներու արխիւներէն, յուշերէն եւ ընտանիքին մասին գրուած զանազան յօդուածներէն, ինչպէս նաեւ Հէրի Չարխուտեանի յուշերէն, ուր ան կը պատմէ Գալփաքեան ընտանիքի ծագումնաբանութեան եւ կեանքի դժուար ուղիին մասին 1800ականներէն սկսեալ։ Այս յուշերը կարելի է կարդալ pdf տարբերակով սոյն էջին վրայ։

Սահակ քահանայ Տէր Պետրոսեան (3/26/1877 – 10/08/1927) Մարաշի Սբ. Ստեփանոս եկեղեցւոյ տեղապահն էր ինչպէս նաեւ Մարաշի Առաջնորդին տեղակալը 1908-էն 1914։ Տէր Սահակ շառաւիղն էր 20 սերունդ հայ առաքելական եկեղեցւոյ պատկանող քահանաներու։ Կինը՝ Զապէլ (10/15/1885 – 10/22/1933) ծնած էր Մարաշ եւ դուստրն էր Լուսիա Չորպաճեանի (ծնեալ Գալփաքեան) եւ Նշան Չորպաճեանի։ Զապէլ 10 տարեկան էր երբ հայրը սպաննուեցաւ 1895-ի հայերու ջարդի ժամանակ, տրուած ըլլալով որ ան տեղական Հնչակեան կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարն էր։ Զապէլի մայրը, Լուսիա, 30 տարեկան էր այդ ժամանակ, ամուսնոյն սպանութիւնէն ետք, ան ժամանակաւոր բանտարկութեան ենթարկուեցաւ։ Լուսիայի ազատ արձակումէն ետք, Զապէլ եւ իր փոքր եղբայրը Արսէն գացին ապրելու Մարաշի ամերիկեան որբանոցին մէջ, միեւնոյն ժամանակ յաճախեցին Մարաշի ամերիկեան Ակադեմիան։ Մինչ այդ իրենց մայրը՝ Լուսիա եւ ամէնէն փոքր եղբայրը՝ Եզնիկ գացած էին ապրելու Լուսիայի մօր եւ եղբօր քով։ Ընտանեկան պատմութիւնը կ՚ըսէ թէ Զապէլ եւ իր ապագայ ամուսինը՝ Սահակ քահանայ Տէր Պետրոսեան հանդիպեցան երբ Զապէլ կը յաճախէր Մարաշի Ակադեմիան, իսկ Սահակ կը յաճախէր Մարաշի ամերիկեան աստուածաբանական դպրեվանքը, նախապէս աւարտած ըլլալով Թարսուսի Սբ. Պօղոս քոլէճը։ Զապէլ աւարտեց Մարաշի Ակադեմիան, դարձաւ ուսուցիչ եւ զոյգը ամուսնացաւ 1903-ին երբ Զապէլ 18 տարեկան էր։

1915-ին Սահակ քահանայ Տէր Պետրոսեան, համայնքի ուրիշ կարեւոր դէմքերու կողքին, ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ Տէր Զօր, ուրկէ ան կը ղրկուի Հալէպ։ Հալէպի մէջ ան ձերբակալուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ 15 անգամ. դատուեցաւ նաեւ զինուորական դատարանի մէջ վտանգաւոր գործողութիւններ իրականացնելու զրպարտանքով, որ հիմնուած էր Տէր Սահակի գրած նամակին վրայ ղրկուած ՀԲԸՄ-ի Գահիրէի կեդրոնին խնդրելով դրամական օգնութիւն Մարաշի հայ գիւղացիներուն համար։ Տէր Սահակ կրկին աքսորուեցաւ Տէր Զօր բայց յաջողեցաւ փախչիլ եւ ապաստան գտաւ Հալէպի մէջ ազգականի մը քով մինչեւ Համաշխարհային առաջին պատերազմին աւարտը։

1918-ին Տէր Սահակ վերադարձաւ Մարաշ եւ հիմնադիրներէն եղաւ Հայկական ազգային միութեան, որ պիտի օգնէր աքսորէն վերադարձող 25,000 հայերուն։ 1919-ին ան նամակ կը գրէ Կիլիկիոյ Սահակ Բ. Կաթողիկոսին նկարագրելով Մարաշի անյոյս եւ վատթարացող վիճակը։ Այս նամակէն օրինակ մը գտնուած է Տէր Սահակի անձնական արխիւին մէջ. նամակը կրնաք կարդալ հետեւելով այս կապին՝ archive.org/stream/DerBedrosian1919Marash/DerBedrosian_1919_Marash ։ Երբ 1920-ին ֆրանսական զօրքերը կը հեռանան Մարաշէն, եւ Թուրքիոյ կողմէ հովանաւորուած Այնթապի խաղաղութեան յանձնախումբը, որուն անդամ էր նաեւ Տէր Սահակ, ձախողութեան կը մատնուի, Մարաշի մէջ կեանքի պայմանները կրկին անտանելի կը դառնան եւ հալածանքը կը սաստկանայ։

1922-ին երբ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կ՚արտօնէ որ հայերուն Այնթապէն գաղթը, Տէր Սահակ իր ընտանիքին վերապրող անդամներուն ՝ կնոջ եւ երեք զաւակներուն հետ կը մեկնի Հալէպ։ Սեպտեմբեր 14, 1922-ին, Տէր Պետրոսեան ընտանիքը կը մեկնի Մարսէյ, Ֆրանսա, հոս ալ կը նստի Միացեալ Նահանգներ գացող Պրիթանիա նաւը։ Անոնք կը հասնին Ռօտ Այլընտ հոկտեմբեր 1, 1922-ին։

Ընտանիքին ճամբորդական փաստաթուղթերուն համաձայն, Տէր Սահակ 45 տարեկան էր երբ հասաւ Միացեալ Նահանգներ, իսկ կինը Զապէլ՝ 37 տարեկան։ Անոնց որդին Ասքանազ (Ալվին) 10 տարեկան էր, քոյրը՝ Սահականոյշ (Մարի) 7 տարեկան, իսկ փոքրիկ Սմբատը մէկ ու կէս տարեկան։ Տէր Սահակի եւ Զապէլի ամէնէն մեծ որդին՝ Նշան (Մարք) եւ անոր մեծ մայրը՝ Լուսիա յուլիս 1922-ին գաղթած էին Ամերիկա եւ անմիջապէս հաստատուած Սփրինկֆիլտի մէջ, ուր արդէն հաստատուած էր Լուսիայի ամէնէն փոքր որդին, Եզնիկը ինչպէս նաեւ ուրիշ Գալփաքեան/Չարխուտեան ազգականներ։

Տէր Սահակ եւ իր ընտանիքը նախ կ՚երթան Թրօյ, Նիւ Եորք ուր Տէր Սահակ կը դառնայ Սբ. Պետրոս հայկական առաքելական եկեղեցւոյ հովիւը։ Եկեղեցին այդ ժամանակ կը գտնուէր Կրին Այլընտ, Նիւ Եորք։ Ան չորրորդ քահանան էր որ ծառայեց որպէս հովիւ այս եկեղեցիին մէջ։ Եկեղեցին ընդլայնուեցաւ եւ նախ փոխադրուեցաւ Թրօյ (Նիւ Եորք) եւ ապա իր այժմու տեղը՝ Ուաթըրվլիթ, Նիւ Եորք։

Հինգ տարի անց, Տէր Սահակ մահացաւ 50 տարեկան հասակին։ Իր այրին Զապէլ եւ անոնց չորս զաւակները Թրօյէն փոխադրուեցան Սփրինկֆիլտ, Մասաչուսէց ուր անոնք ապրեցան ազգականներու հետ մինչեւ 1932։ Հոս Մարքը եւ Ալվինը ժամանակաւոր գործ գտան Bosch ընկերութեան մէջ։ Անգործութեան տարիներուն, գործարանը գոցուեցաւ եւ եղբայրները կը յաջողին իրենց ընտանիքները պահել ձայնասփիւռ նորոգելու ընտանեկան գործի մը ձեռնարկելով։

| Արսէն Չորպաճեան ծնած է Մարաշ, 1887-ին, մահացած է Նիւ Ճըրզի 1976-ին։ Արսէն փայլուն աշակերտ էր։ Մարաշի Ակադեմիան աւարտելէ ետք, կրթանպաստ կը ստանայ որպէսզի յաճախէ Թարսուսի համալսարանը։ Ապա, 1908-ին կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ եւ կ՚ուսանի Եէյլ համալսարանին մէջ երբ 21 տարեկան էր։ Կը ստանայ իր տոքթորականը եւ երկար եւ յաջող գործունէութիւն կը ծաւալէ բնագիտութեան եւ ելեքտրոնաբանութեան ոլորտներուն մէջ։ Արսէն Տէր Պետրոսեան իր մականունը կը փոխէ Լիւսեանի։

| Եզնիկ Չորպաճեան,նոյնպէս ծնած է Մարաշ, ան Արսէնի փոքր եղբայրն է։

| Նշան (Մարք) Տէր Պետրոսեան, ծնած է 29 յունիս 1905-ին, ան նկարին մէջ մօտաւորապէս 2 կամ 3 տարեկան է, ուրեմն կրնանք եզրակացնել թէ պատկերը 1907-ին կամ 1908-ին նկարուած է Մարաշի մէջ։ 1922-ին Նշան Տէր Պետրոսեան իր մեծմօր Լուսիայի հետ միասին կը գաղթէ Միացեալ Նահանգներ, կը մահանայ 1987-ին Նիւ Ճըրզիի մէջ։

| Զապէլ Չորպաճեան ծնած է Մարաշ 1885-ին։ Աւարտած է Մարաշի Ակադեմիան եւ աշխատած որպէս ուսուցիչ։ Երբ տակաւին ուսանող էր, կը հանդիպի դպրեվանքի երիտասարդ ուսանողի մը, Սահակ Տէր Պետրոսեան անունով։ 1903 թուականին, երբ 18 տարեկան էր, Զապէլ կ՚ամուսնանայ Սահակի հետ։

| Լուսիա Չորպաճեան (ծնեալ Գալփաքեան), ան Զապէլի մայրն է, ծնած է Այնթապ 1865-ին։ Լուսիա ամուսնացած էր Նշան Չորպաճեանի հետ։

| Լուսիա Գալփաքեան Չորպաճեան ծնած է Մարաշ 1865-ին եւ մեկնած է Միացեալ Նահանգներ երբ 57 տարեկան էր։ Ան կը մահանայ Փէնսըլվէնիա 1949-ին։ Լուսիա բժիշկ Ապուճան Գալփաքեանի քոյրն էր, որ Մարաշի մէջ ճանչցուած էր եւ որուն նախնիները նոյնպէս բժիշկներ էին (1730-ականներէն սկսեալ սերունդէ սերունդ բժիշկներ եղած են ընտանիքին մէջ)։

| Օրիորդ Չորպաճեան, ան Նշանի քոյրն է (անունը անյայտ)։ Նշան եւ իր քոյրը որդեգրուած էին Չորպաճեան ընտանիքին կողմէ, կ՚ենթադրենք որ անոնց ծննդեան մականունը Փամպուքեան էր։ Տեղեկութիւններ կան թէ օրիորդ Չորպաճեան կ՚ամուսնանայ Զէյթունի չորս իշխաններէն մէկուն հետ։

| Զապէլ Չորպաճեան դուստրը եւ անդրանիկ զաւակն է Լուսիայի եւ Նշանի։ Ան ծնած է Մարաշ հոկտեմբեր 15, 1885-ին։ Զապէլ 1922-ին կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ 37 տարեկան հասակին։ Զապէլ կը մահանայ 1935-ին երբ 50 տարեկան էր։

| Եզնիկ Չորպաճեան Լուսիայի եւ Նշանի ամէնէն փոքր զաւակն էր։ Հօր մահէն ետք, Նշան, իր եղբայրը Եզնիկ եւ իրենց մայրը Լուսիա կ՚երթան ապրելու Լուսիայի մօր եւ եղբօր քով, իսկ աւելի փոքր երեխաները որբանոց կ՚երթան։ Հետագային Եզնիկ կը զբաղի Մարաշէն գոհարեղէններու եւ ձեռագործի առուծախով։ Ան Մարաշէն կը մեկնի իր ընտանիքի միւս անդամներէն շատ աւելի կանուխ. նախ կ՚երթայ Գահիրէ ապրելու հօրեղբօր հետ, ապա 1914-ին կ՚անցնի Միացեալ Նահանգներ։ Ամերիկայի մէջ Եզնիկ կ՚աշխատի որպէս կօշկակար։

| Նշան Չորպաճեան Հնչակեան կուսակցութեան տեղական մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղարն էր։ Ան կը սպաննուի 1895-ի ջարդերու ժամանակ։ Նշանին սպաննելէ ետք, զինուորները կ՚երթան Լուսիային տունը զինք հարցաքննելու, յուսալով որ պիտի գտնեն Հնչակեան կուսակցութեան դիւանները, սակայն ոչինչ կը գտնեն եւ Լուսիան կը բանտարկեն ժամանակաւորապէս երբ ան 30 տարեկան էր։

| Արսէն Չորպաճեան Լուսիայի եւ Նշանի երէց որդին է, ծնած է Մարաշ 1887-ին։ Արսէն Միացեալ Նահանգներ կը մեկնի  1908-ին եւ մականունը կը փոխէ «Լուսեան»ի։ Զապէլ 10 տարեկան էր իսկ Արսէն 8 տարեկան էր երբ իրենց հայրը կը սպաննուի։ Զապէլ եւ Արսէն Մարաշի ամերիկեան որբանոցին մէջ կ՚ապրին եւ կը յաճախեն Մարաշի Ակադեմիան։

| Հրանդ Չորպաճեան միջնեկ Չորպաճեան եղբայրն էր, ան կը մահանայ փոքր տարիքին։

Քարէն Պետրոսեան Ռիչարտսոն այս 1558 թուակիր շքադրամը ժառանգած է իր ընտանիքէն։ Քարէնի մեծ հայրը Տէր Սահակ Տէր Պետրոսեան, որուն պատկանած է այս շքադրամը, իր ընտանիքին մէջ վերջինն էր 21 սերունդներու հայ առաքելական քահանաներուն շարքին։

Գալփաքեանները, իրենց արմատներով Մարաշէն, Քարէն Պետրոսեան Ռիչարտսոնի հօրենական մեծ մօր՝ Զապէլ Չորպաճեանի նախնիներն են։ Զապէլի մօր անունը Լուսիա Գալփաքեան էր։

Այս լուսանկարին մէջ կը տեսնենք Գալփաքեան ընտանիքի անդամները հաւաքուած Ապուճան Գալփաքեանի դագաղին շուրջ, յետ մահու լուսանկարի մը համար։ Անոնց մէջ են Ապուճան Գալփաքեանի զաւակները՝ Հայկանոյշ, Աւետիս, Ճանիկ եւ Հապիպ, եւ անոնց ընտանիքները։

Վերջին շարքին կեցողներուն ինքնութիւնները անյայտ են, հաւանականութիւն կայ որ նոյն շարքին ամէնէն աջին կանգնած տղան, ճերմակ հագուած, Աւետիսի որդին է։

Երկրորդ շարքին ձախէն աջ ոտքի՝ Մարի Վարժապետեան Գալփաքեան (Աւետիսի կինը), Հայկանոյշ Գալփաքեան Քերողլեան (հանգուցեալին դուստրը), Մարի Մեսրոպեան Գալփաքեան (Ճանիկի կինը), ինքնութիւնը անյայտ, Ովսաննա Տիսչէքէնեան Գալփաքեան (Հապիպի կինը, անոնց զաւակներն են՝ Լիւսի եւ Ժագ), ինքնութիւնը անյայտ, ինքնութիւնը անյայտ։

Առաջին շարքին ձախէն աջ ոտքի՝ հաւանաբար Աւետիսին որդին, հաւանաբար Աւետիսին միւս որդին, Աւետիս Գալփաքեան (հանգուցեալին երէց որդին, իր զաւակներն են՝ Աննա, Զարուհի, Նշան, Յակոբ, Օննիկ), Գառնիկ Գալփաքեան (Ճանիկի որդին), Ճանիկ Գալփաքեան (հանգուցեալին երկրորդ որդին, իր զաւակներն են՝ Գառնիկ եւ Ժագ), Հապիպ Գալփաքեան (հանգուցեալին կրտսեր որդին, իր զաւակներն են՝ Լիւսի, Ժագ, Էտտի, Մարի), Օննիկ Գալփաքեան (Աւետիսին որդին), Եսայի Չարխուտեան, եւ Նահապետ Չարխուտեան։

Տէր Պետրոսեանները Քարէն Պետրոսեան Ռիչարտսոնի հօրենական նախնիներն են։ Տէր Սահակ քահանան Քարէնի հօրենական կողմէն մեծ հայրն է։

Տէր Սահակ քահանայ Տէր Պետրոսեան

Տէր Սահակ ծնած էր Մարաշ 1877-ին։ Ան իր նախնական կրթութիւնը ստացած էր տեղական Կեդրոնական վարժարանին մէջ։ Հետագային, ան յաճախած էր Թարսուսի Սբ. Պօղոս ամերիկեան քոլէճը, ապա Մարաշի ամերիկեան աստուածաբանական դպրեվանքը։ Աւարտելէ ետք, Տէր Սահակ չորս տարի որպէս ուսուցիչ աշխատած էր իր ծննդավայրին մէջ։ 1903-ին, ան ամուսնացաւ եւ ունեցաւ չորս զաւակ։ 1906-ին Սիսի մէջ քահանայ ձեռնադրուեցաւ Կաթողիկոս Սահակ Բ. Խապայեանի կողմէ։ Տէր Սահակ դարձաւ հայ առաքելական Սբ. Ստեփան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը։

1915-ին Ուրիշներու կողքին աքսորուեցաւ Տէր Զօր, եւ 15 անգամ բանտարկուեցաւ ապա ղրկուեցաւ Հալէպ զինուորական դատարանին ներկայանալու՝ Պօղոս Նուպար Փաշային նամակ ղրկած ըլլալու հանգամանքով։

Զինադադարէն ետք, ան վերադարձաւ Մարաշ եւ հիմնեց Հայկական ազգային միութիւնը, որ կը միտէր օգնել վերադարձող 25,000 աքսորեալներուն։ 1922-ին Տէր Սահակ իր ընտանիքին հետ վերջնականապէս լքեց Մարաշը եւ մեկնեցաւ Հալէպ։ Հալէպի մէջ հինգ կարճատեւ ամիսներ ապրելէ ետք, ան հրաւիրուեցաւ մաս կազմելու Թրօյի (Միշիկըն, ԱՄՆ) հայկական եկեղեցւոյ հովուութեան։ Այսպիսով Տէր Պետրոսեանները գաղթեցին Միացեալ Նահանգներ։ Մինչեւ իր մահը՝ 1927 թուականը, Տէր Սահակ ծառայեց Աբ. Պօղոս հայկական եկեղեցւոյ մէջ։

Տէր Պետրոսեաններու ճամբորդական փաստաթուղթերուն համաձայն Սահակ քահանայ Տէր Պետրոսեան 45 տարեկան էր երբ գնաց Միացեալ Նահանգներ, իսկ իր կինը 37 տարեկան։ Ասքանազ Տէր Պետրոսեան 10 տարեկան էր, քոյրը Սահականոյշ 7 տարեկան իսկ Սմբատ մէկ ու կէս տարեկան։

Այս պատկերը 1922-ի շուրջ նկարուած է, երբ ընտանիքը նոր հասած էր Միացեալ Նահանգներ կամ նոր ճամբայ կ՚ելլէին։

Միացեալ Նահանգներու մէջ Տէր Սահակ կը դառնայ Կրին Այլընտ, Նիւ Եորքի Սբ. Պետրոս հայկական եկեղեցիին հոգեւոր հովիւը, եւ շատ սիրուած էր։ Դժբախտաբար Ամերիկա հասնելէն 5 տարի ետք, Տէր Սահակ կը մահանայ։ Թուրքիոյ մէջ բանտարկութեան ժամանակ իր ապրած չարչարանքը անոր առողջութեան շատ վնասած էր։ Իր մահէն ետք, Զապէլը եւ երեխաները կը փոխադրուին Սփրինկֆիլտ, որպէսզի աւելի մօտիկ ըլլան ընտանիքի ազգականներուն։

Մարաշէն Մասաչուսեց

Սոյն յուշերը («Մարաշէն Մասաչուսեց») կը պատկանին Հէրի (Արթին) Չարխուտեանի եւ գրի առնուած են 1981-ին Thomas A. Crawford Jr.ի կողմէ։ Այստեղ կը ներկայացուին Մարաշի Չարխուտեան եւ Գալփաքեան ընտանիքներու պատմութիւնները իրենց հայրենի քաղաքէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ։

Նահապետ Չարխուտեան Մարաշի մէջ խանութպան էր, կ՚ամուսնանայ Վարդուհի Գալփաքեանի հետ, որուն ընտանիքը դեղագործութեամբ կը զբաղէր։ Կ՚ունենան հինգ որդի. Նշան (1889), Լեւոն (1891), Գարեգին (1898), Արթին (Հէրի) (1900), Եսայի (Էտուըրտ) (1908)։

1912-ին երբ Լեւոն կը հասնի զինուորագրութեան տարիքին, ընտանիքը զինք կ՚ուղարկէ Միացեալ Նահանգներ, ուր կը հաստատուի Սփրինկֆիլտի մէջ Մասաչուսէց։ Այդ տարիներուն Պալքանեան պատերազմը բռնկած էր եւ Օսմանեան բանակը զինուորներ կը ղրկուէին ռազմաճակատ։ 1913-ին Նշան նոյնպէս զինուորագրութենէ խուսափելու համար կը գաղթէ Միացեալ Նահանգներ, ուր կը միանայ եղբօրը։ Նշան Մարաշի մէջ արդէն կօշկակար էր,
այնպէս որ այս արհեստը կը շարունակէ բանիլ նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։

Լեւոն սկզբնական շրջանին կը սպասարկէ պանդոկի մը մէջ, այնուհետեւ կը յաճախէ Պոսթոնի դեղագործական համալսարանը։ Յիշենք որ Մարաշի մէջ ան երկար տարիներ աշխատած էր իր մօրեղբօր՝Հապիպի դեղատան մէջ։ Նշան ինք կը հոգար եղբօր ուսման ծախսերը։ 1917-ին կ՚աւարտէ դեղագործութեան ճիւղը, ապա կրթաթոշակ մը ստանալով կ՚ուսանի նաեւ տարրաբանութիւն։

1914-ին Նահապետ Չարխուտեան կը մահանայ սրտի կաթուածէ։ Վարդուհի իր երեք զաւակներուն հետ (Գարեգին, Արթին եւ Եսայի) կը փոխադրուի եղբայրներուն՝ Տոքթ. Աւետիսի եւ Հապիպի տունը։ 1915-ին, Գալփաքեան եղբայրները դեղագործ ըլլալու պատճառով զերծ կը մնան տեղահանումէ, այս ձեւով կը փրկուին նաեւ Վարդուհին եւ իր որդիները, որոնք կը շարունակեն մնալ Մարաշ։

Պատերազմէն ետք Մարաշը կը գրաւուի ֆրանսական բանակներուն կողմէ եւ հայկական կեանքը կը շարունակուի ֆրանսական տիրապետութեան տակ։ Սակայն 1920-ի սկիզբը, թրքական ազգայնական ուժերու ապստամբութենէն ետք, ֆրանսական բանակները կը քաշուին Մարաշէն, իրենց հետ նաեւ քանի մը հազար հայեր։ Այս վերջին խումբին մաս կը կազմէին նաեւ Արթին եւ Գարեգին Չարխուտեանները, որոնք կը հասնին Ատանա։ Միացեալ Նահանգներու եղբայրները դրամ կը փոխանցեն իրենց միանալու նպատակով։ Նոյն տարին իսկ (1920) Արթին եւ Գարեգին Մերսինէն նաեւ կ՚առնեն, կը մեկնին Իզմիր, ապա Պոլիս, այստեղէն կ՚անցնին Ֆրանսա եւ ի վերջոյ Նիւ Եորք։

1921 Դեկտեմբերին տակաւին Մարաշ մնացող Եսայի Չարխուտեանը եւ մայրը՝ Վարդուհի Մարաշէն Հալէպ կը մեկնին, այնտեղէն Լիբանան, իսկ 1922-ին ալ կը հասնին Միացեալ Նահանգներ, ուր կը միանան ընտանիքի մնացեալ անդամներուն։

Յուշերը կարդալու համար սեղմեցէք վարի նկարին վրայ։