Նստած ձախէն աջ՝ Մղտեսի Պօղոս, Հաճի Յովհաննէս Խազանճեան եւ Մղտես Ազնաւուր Ահարոնեան։ Ետեւի շարք՝ Փիլիպոս եւ իր քոյրը՝ Մարիձան։ Յովհաննէսին առջեւը կեցած է իր թոռնիկը՝ Միհրանը։

Գազանճեան հաւաքածոյ – Լոս Անճելես

17/02/22 (վերջին փոփոխութիւն՝  17/02/22)

Գազանճեան ընտանիքը. համառօտ պատմութիւն

Հեղինակ` Տիրտրա Գասպարեան

Փիլիպոսը՝ Յովհաննէս/Օհաննէս Գազանճեանի եւ Եղիսաբէթ Ահարոնեան-Գազանճեանի կրտսեր որդին, ծնած էր 1870-ին Քեսերիկ/Քեսրիկ (այսօր՝ Քըզըլայ, Խարբերդի դաշտ)։ Երբ մօտաւորապէս մէկ տարեկան էր, Հայրը Հիւսէնիկ (այժմ՝ Ուլուքենթ) կը փոխադրէ զինք ընտանիքի որոշ անդամներու հետ՝ մօր՝ Եղսայի,եւ իր երեք եղբայրներուն՝ Յակոբի (տասը տարեկան), Պետրոսի (ինը տարեկան) եւ Յովհաննէս/Ճոնի (չորս տարեկան)։ Քոյրը՝ Մարիցան (հետագային՝ Թէրզեան) Հիւսէնիկի մէջ կը ծնի եօթը տարի ետք։ Յովհաննէսի եւ իր առաջին կնոջ՝ Մարիամ Հազարխանի զաւակները կը մնան Քեսերիկ։ Այս խորթեղբայր-քոյրերուն անունները գիտենք, բայց ծննդեան թուականները անյայտ են։ Կը կոչուէին Տօնապետ, Պօղոս, Կարապետ, Ասլան, Խաբլան եւ Ղայան։

Փիլիպոսը հեղինակն է ծաւալուն հատորի մը։ Հատորին հայերէն վերնագիրը «Խարբերդ եւ իր գիւղերը»-ն է։ Հիմնուած է գլխաւորաբար Փիլիպոսի իսկ դիտարկումներուն եւ իր հայրենակիցներէն լսածներուն վրայ։ Կը ներառէ նաեւ երկար հատուածներ Փիլիպոսի կեանքին մասին, որոնք լրացուցիչ արժէք կու տան գործին ինքնակենսագրական բնոյթին։ Այս էջին վրայ բերուած տեղեկութիւններուն մեծ մասը Փիլիպոսի յուշերէն է։

Փիլիպոսը կը մահանայ 1936-ին. չի հասցներ հրատարակել իր գիրքը։ Ձեռագիր գրառումները եւ մակագրուած լուսանկարները այսօր իր ծոռներուն սեփականութիւնն են։ Այս գիրքին մէջ ան կը խօսի Ղազանճի Մղտես Օհաննէսի՝ Բալուի տան մէջ գտնուող Աստուածաշունչին մասին, որ ընտանիքին մասին կարեւոր տեղեկութիւններ կը պարունակէր։ Դժբախտաբար այս Աստուածաշունչը չէ գտնուած։ Ունինք սակայն անոր բովանդակած տեղեկութեան հիման վրայ Փիլիպոսին կողմէ պատրաստուած տոհմածառը։

Գազանճեան ընտանիքի տոհմածառը. 1929-1930-ականներուն զայն կազմած է Փիլիպոս Գազանճեանը, իսկ իր թոռնուհին՝ Պէաթրիս Գասպարեանը թարգմանած է անգլերէնի 1977-ին։ Լրացուցիչ մանրամասնութիւններու համար տեսնել PDF տարբերակը։

Փիլիպոսը կը պատմէ մեզի, թէ իր մեծ հայրերէն մէկը մսագործ էր, իսկ միւսը՝ համայնքի ղեկավարներէն մէկը։ Հաւանական է, որ ընտանիքին մէջ աւելի վաղ սերունդներու բազմաթիւ անդամներ պղնձագործ էին։ Ատով կը բացատրուի ընտանիքին մականունը՝ գազանճի-ղազանճի՝ պղնձագործ, կաթսայագործ, որ, աւանդաբար ընտանիքին անդամներուն տոհմական գործը նկարագրող թրքերէն բառն է։

Չենք գիտեր Յովհաննէս Գազանճեանը իր ընտանիքը ինչո՛ւ Հիւսէնիկ տարած է։ Բայց այս տեղափոխութիւնը կը նշանակէր, որ պզտիկները բլուրն ի վեր քալելով կրնային երթալ այդ օրերուն բարգաւաճող Եփրատ քոլեճ՝ Խարբերդի մէջ գտնուող ամերիկացի միսիոնարներու դպրոցը։ 1880-ին Պետրոս Գազանճեանը դպրոցի շրջանաւարտներու առաջին հունձքին անդամ էր։ Կրնանք ենթադրել, որ ընտանիքին Հիւսէնիկ փոխադրութիւնը բանական կշռադատուած որոշում մըն էր, որուն շնորհիւ Յովհաննէսը պիտի կարենար աւելի դիւրութեամբ կառավարել Մօրենիկի (այժմ՝ Չաթալչեշմէ) եւ Վարդաթիլի (այժմ՝ Եազըքոնաք) գիւղերուն մէջ իր ունեցած հսկայ ագարակները։ Կրնանք նաեւ մտածել որ այս տեղափոխութեան խթան էր Յովհաննէսի ցանկութիւնը՝ աւելի մօտ ըլլալու իր ձեռնարկած առեւտրական նախաձեռնութիւններուն։ Ան Հաճի Յովհաննէսի, Հաճի Յարութիւնի եւ Հաճի Յակոբի հետ գործընկեր էր։ Վերջիններս ազգական էին, բայց Յովհաննէսի եւ անոնց ազգակցական կապը ճիշտ ինչ էր՝ յայտնի չէ։

Յայտնի չէ նաեւ թէ ընտանիքը ե՛րբ մտած է առեւտուրի գործին մէջ։ Պատեհ առիթներ շատ էին. Փիլիպոսը կը նշէ, թէ միջազգային առեւտուր ընող վաճառականներ էին, որոնք կապերտներ, ձեռագործ եւ հին զէնքեր կ’արտահանէին ԱՄՆ, ափիոն՝ Մեծ Բրիտանիա, չմշակուած մետաքս, աղուէսի մուշտակ եւ գայլի կաշի՝ Ֆրանսա։ Կրնայ պատահիլ որ ափիոն ալ արտածած ըլլան ԱՄՆ, ուր ափիոնի վաճառքը օրինական էր, եւ Պոսթոնի մէջ շատեր հարստացած են Չինաստանի մէջ ապօրինի կերպով ափիոն ծախելով։ Փիլիպոսը կը նշէ, որ Հալէպէն օճառ եւ ձէթ կը ներածէին, Պոլիսէն ալ՝ եւրոպական ապրանքներ։ Ապրանքը երեւի կը փոխադրուէր ուղտերու եւ ջորիներու աւանդական կարաւաններով։ Գազանճեաններու ընտանեկան պատմութիւնները ինչպէս նաեւ Փիլիպոսին գործած գորգերէն քանի մը հատը յաւերժացուցած են այս կարաւաններուն յիշատակը։

Եփրատ քոլեճ, Խարբերդ։ Ձախէն աջ՝ Հայկազ Գազանճեան (1897-1915) եւ Տրդատ Գազանճեան (1892-1966)։ Երկուքն ալ Փիլիպոսի եղբօր՝ Յակոբին որդիներն են։

Եփրատ քոլեճը, Խարբերդ։ Նկարին առջեւի մասին մէջ պատկերուած երկու աշակերտները Փիլիպոսի եղբօր՝ Յակոբ Գազանճեանի որդիներն են՝ Տրդատը (1892-1966, Էլիզապէթ Ակորեանի որդին) եւ Հայկազը (1897-1915)՝ Յակոբի երկրորդ կնոջ՝ Զմրուխթ/Զեմրուտ Այվազեանի որդին։

Խարբերդ. Եփրատ քոլեճին դիմաց։

Պետրոսը դպրոցական էր, Եփրատ քոլեճ կը յաճախէր, իսկ իր եղբայր Յակոբը արդէն ամուսնացած էր եւ առեւտրական էր։ Յակոբին կեդրոնատեղին հաւանաբար Թիֆլիս քաղաքն էր, Ցարական կայսրութեան անդրկովկասեան մայրաքաղաքը։ Հաւանական է, որ Պետրոսը այս նախաձեռնութեան մէջ ընդգրկուած էր, ինչպէս նաեւ հաւանական է որ ընտանեկան ընդարձակ ագարակներուն տնօրինումին իր մասնակցութիւնը բերած ըլլայ։

Բարիկեանները Քեսերիկ գիւղի Գազանճեաններուն մտերիմ ընկերներն էին։ Ըստ Էլիզապէթ Գզիրեանի պատմածին (Էլիզապէթը Աբրահամ Բարիկեանի երկու որդիներէն կրտսերին՝ Հաճի Պաղտասարին հետ ամուսնացած էր), Բարիկեանները կ’ապրէին Խարբերդի Սինամուտ լեռնային պզտիկ թաղամասին մէջ։ Երեք եղբայրները՝ Աբրահամը, Տատան եւ Մանուկը, քաղաքին միակ ձուլարանին տէրերն էին. հոն կ’արտադրէին եւ կը նորոգէին ամեն տեսակի մեքենական սարքեր, գործիքներ եւ կարի մեքենաներ։ Նաեւ բանալի կը պատրաստէին։ Աւելին. անոնք նաեւ տէրն էին ալրաղացի մը, որ թէ՛ ջաղացք էր, թէ՛ մարդու բազուկի ուժով աշխատող աղօրիք։ Մանուկը վաճառական էր։ 1880-ի շուրջ Խարբերդ վերադարձած էր ԱՄՆ-էն, ուր գացած էր մեքենագիտութիւն ուսանելու Փրովիտենսի մէջ (Ռոտ Այլանտ)։ ԱՄՆ-էն հետը բերած էր խառատի հաստոց մը եւ այն տեղեկութիւնը, որ Նիւփորթի հարուստ ամերիկացիները արեւելեան գորգերը գրկաբաց ընդունող շուկայ կը պարզէին։ Այդ օրերուն բազմաթիւ հայեր Մասաչուսեցի գործարաններուն մէջ աշխատելով դրամ կը շահէին։

Եփրատ քոլեճէն 1880-ին շրջանաւարտ ըլլալէ ետք Պետրոսը կը կատարէ դէպի ԱՄՆ իր բազում ճամբորդութիւններուն առաջինը։ Սկիզբը Պոսթոնի մէջ հայ գորգավաճառի մը խանութին մէջ կ’աշխատի։ Մէկ տարին չլրացած՝ Պետրոսը կը դառնայ Նիւփորթ (Ռոտ Այլանտ) հաստատուած առաջին հայը, ուր, Պել Վիու պողոտային վրայ վարձու սենեակի մը մէջ կը հիմնէ ներածումի իր գործը։ Հայրը Հիւսէնիկին Պետրոսին գորգ եւ այլ բեռներ կը ղրկէր, եւ Պետրոսը Նիւփորթի մէջ կը ծախէր զանոնք։ Գործը կը մեծնայ, եղբայրը կը միանայ Պետրոսին, ինչպէս նաեւ Փիլիպոսը, Մարսուպը՝ Տոնապետի որդին եւ Միհրանը՝ Յակոբի որդին։ Ի վերջոյ իրենց «Kazanjian Store» կոչուող խանութը կը գրաւէ փողոցին մեծ մասը։

Փիլիպոսը 17 տարեկան էր երբ ԱՄՆ կու գայ 1887-ին, եւ հոն կը մնայ միայն երեք տարի։ Ընտանիքին մէջ շատ կը պատմեն, որ յաճախորդուհիները կը սիրահետէր։ Թերեւս կը կարօտնար իր սիրած աղջիկը՝ Եղսա Բարիկեանը (1874-1962), Աբրահամ Բարիկեանի աւագ դուստրը։ 1890-ին, երբ Փիլիպոսը կը վերադառնայ Խարբերդ, Աբրահամը կ’ըսէ իրեն, թէ Եղսային հետ ամուսնանալէ առաջ պէտք է փաստէր, որ կրնար իր տիկնոջ ապրուստը հոգալ եւ որ Փիլիպոսի վաճառական ըլլալը իր՝ Աբրահամի սրտով չէր. պէտք էր Փիլիպոսը արհեստ մը սորվէր։ Թերեւս այս ատեն Փիլիպոսը ձեռքերը թաթխած է ընտանիքին մսագործութեան գործին մէջ, որովհետեւ առաջինն էր, որ մսաղաց բերած էր Խարբերդի շրջան։ Իր յուշերուն մէջ կը գրէ որ իր բերած մեքենան երեք գլան ունէր եւ մանկական եռանիւ հեծիկներու պէս ոտնակներով կ’աշխատէր։

Վերջ ի վերջոյ Փիլիպոսը դերձակութիւն կը սորվի։ Կը շարունակէ կառավարել ընտանիքին ագարակները, ինչպէս նաեւ կ’օգնէ եղբայրներուն որ ԱՄՆ-ի մէջ ծախելու համար տեղական գորգեր ձեռք ձգեն։ Կրնայ ըլլալ որ դերձակի իր աշխատանքն էր գորգագործութեան հանդէպ Փիլիպոսի հետաքրքրութիւնը գրգռողը։ Մեզի յայտնի են հետագայ տարիներուն Փիլիպոսի ձեռքով գործուած երեք գորգ՝ առաջինը իր ամերիկահպատակ դառնալուն առիթով, երկրորդը Հիւսէնիկեան իր յիշատակները վաւերագրելու, իսկ երրորդը՝ 1932-ի Ողիմպիական խաղերուն ցուցադրելու համար։

Փիլիպոս Գազանճեանը հանգիստ-հանգիստ կլկլակ կը ծխէ։ Իր ետեւի պատին կախուած է իր իսկ գործած գորգը։ Ասիկա Փիլիպոսի գործած առաջին գորգն է՝ 6 յունիս 1899-ին ԱՄՆ քաղաքացիութիւն ստանալուն առիթով։ Գորգին վրայ արձանագրած է իր անունը, ամերիկահպատակ դառնալու թուականը եւ ուղտ մը։ Լուսանկարը հաւանաբար Պոլիս նկարուած է 1900-ին, եւ որպէս յիշատակ զայն ղրկած է հօրը՝ Յովհաննէս Գազանճեանին։

Փիլիպոսը եւ Եղսան կ’ունենան երկու որդի՝ Խոսրովը եւ Արտաշէսը։ Պետրոսը Պոլսոյ մէջ կ’ամուսնանայ Հայկանուշ Աղասարեանին հետ եւ զինք կը տանի Նիւփորթ 1895-ի հայերու համիտեան կոտորածներէն անմիջապէս առաջ։ Ճոնը այդքան բախտաւոր չ’ըլլար. երբ տասնմէկ տարի յետոյ ամուսնանալու նպատակով կը վերդառնայ Երկիր, ինքը եւ կինը՝ Վարդ Հարբութլեանը, 1895-ի ջարդերէն ետք միայն կը կարենան ԱՄՆ մեկնիլ։ Փիլիպոսը կը պատմէ, որ Գազանճեան ընտանիքը կ’ապաստանի Մեզիրէ/Մամուրեթ-ուլ-Ազիզ (այժմ՝ Էլազըկ) քաղաքը եւ այդպիսով կը փրկուի։

Փիլիպոսը 1896-ին կը միանայ ԱՄՆ գտնուող իր եղբայրներուն։ Կ’աշխատի Նիւփորթի մէջ եւ կ’ապրի մինչեւ հպատակութիւն ստանալը։ Հետը կը տանի իր տիկնոջ հարսի հագուստով դիմանկարը, ինչպէս նաեւ կնոջ՝ իրենց երկու պզտիկ տղոց հետ նկարուած լուսանկարը։ Այս ատեն է որ Քոտաք լուսանկարչական գործիք մը կը գնէ, որմով նկարուած նկարները հաւանաբար ղրկած է տուն՝ Հիւսէնիկ։ Հինգ տարի ետք արդէն ԱՄՆ քաղաքացի Փիլիպոսը կը վերադառնայ Հիւսէնիկ 1901-ին՝ հետը տանելով իր լուսանկարչական գործիքը։ Ան հաւանաբար պիտի շարունակէր եղբայրներուն հետ աշխատիլ գորգերու եւ կապերտներու գործին մէջ եւ ընտանիքին ագարակները կառավարէր։ Կ’ենթադրենք որ փողոցի տեսարաններ, ընտանեկան կեանք ու ընկերներ պատկերող լուսանկարները Փիլիպոսը ինքը նկարած է։ 1907-ին իր տիկնոջ՝ Եղսայի եւ իրենց հինգ զաւակներուն (Խոսրովին, Արտաշէսին, Հայաստանին, Ճոնին եւ մանուկ Հայկին), իր կնոջ խորթ քրոջ՝ Ազնիւ/Թագուհիին հետ Փիլիպոսը անգամ մը եւս ճամբայ կ’իյնայ դէպի ԱՄՆ։ Այս երրորդ ճամբորդութենէն ետք ան չի վերադառնար հայրենի տուն եւ իր ընտանիքին հետ վերջնականապէս բնակութիւն կը հաստատէ ԱՄՆ-ի մէջ։

Փիլիպոսը իր ընտանիքը կը տանի Ֆաուլեր (Քալիֆոռնիա), ուր ինքը պտղաբուծութեամբ կը զբաղէր, եւ բոլորով հոն կ’ապրին յառաջիկայ քսան տարիներուն։ Փիլիպոսի դուստրը՝ Անահիտ/Տիանան, Ֆաուլեր ծնած է։ 1928-ին Փիլիպոսը կը փոխադրուի Լոս Անճելես՝ աւելի մօտ ըլլալու համար իր որդիներուն։ Քարլ/Խոսրովը ճարտարապետ էր, Արթուր/Արտաշէսը՝ ատամնաբոյժ։ Իրենց որդիներէն Ճոնը համալսարանը աւարտելէ ետք կ’որոշէ արհեստավարժ ըմբիշ դառնալ։ Ընտանիքին տոհմածառը պատրաստուած է որպէսզի Ճոնը կարենայ իր հայ զարմիկներուն բացատրել անոնց հետ իր ունեցած ազգակցական կապը։ Հայկը դեղագործութիւն կ’ուսանի, Հայաստանը երկու դուստր կ’ունենայ, իսկ Անահիտ/Տիանան հանդերձաստեղծի մը աշկերտը կ’ըլլայ։

Փիլիպոսի հայրը կը մահանայ 1904-ի շուրջ։ Իր մօր ճակատագիրը անյայտ կը մնայ մինչեւ այսօր։

Հատուածներ Փիլիպոս Գազանճեանի «Խարբերդ եւ իր գիւղերը» անտիպ գործէն

Փիլիպոս Գազանճեան 832 էջերու մէջ գրի առած է Խարբերդ քաղաքին եւ շրջակայ շատ մը գիւղերու եւ աւաններու (Հիւսէնիկ, Մօրենիկ, Քասիրիկ, Սուրսուրի, Բազմաշէն, Խուլագիւղ, Վարդաթիլ, Փարչանճ, Գայլու, Խույլու (Թլկատին), Էրթմընէկ, Իջմէ/Իչմա, Կարմրի) պատմութիւնը։ Հեղինակը գրած է պարզ ոճով մը, գործածած է խօսակցական լեզու մը, որ փաստօրէն Խարբերդի բարբառն է։ Դէպքերու եւ դէմքերու շատ մը նկարագրութիւններ ուղղակի ականատեսի վկայութիւններ են, ուրիշներ ան լսած է աւելի երէց անձերէ։ Այս իմաստով Փիլիպոսին յուշերը իւրայատուկ արժէք ունին, նկատի ունենալով որ բազմաթիւ հատուածներ ամբողջովին նորութիւն են եւ անոնց կարելի չէ հանդիպիլ Խարբերդի շրջանին վերաբերող տպագիր սկզբնաղբիւրներուն մէջ։

Հոս կը ներկայացնենք այս մեծածաւալ գործէն կարգ մը հատուածներ։ Յոյսով ենք որ ապագային կարելի պիտի ըլլայ գործը ամբողջութեամբ արտագրել եւ հանրութեան ներկայացնել։ Հայերէն բնատիպին մէջ միայն ուղղագրական սխալները ուղղած ենք եւ յարգած ենք կէտադրական որոշ կանոններ։ Լեզուն պահած ենք մեծ մասամբ նոյնութեամբ։ Խմբագրական միջամտութիւնները կ՚երեւին կեռ փակագիծերու մէջ։

Էջեր Փիլիպոս Գազանճեանի «Խարբերդ եւ իր գիւղերը» անտիպ գործէն։

Բարիկեան եղբայրներուն երկաթի գործարանը Խարբերդի Սինամուտ թաղամասին մէջ

Տիգրան Թէրզեան եւ Գէորգ Թաշճեան Ամերիգայէն երկաթ հալել կը սորվին եւ կու գան Խարբերդ[ի] Վերի թաղը Քուրքճեան Փավլըքաճոնց [1] տանը դէմ իրենց տունը եառտը [բակին մէջ] օճաղ կը շինեն, որ ցորեն[ը] հոսելու մաքինայի երկաթ մասը թափեն։ Երբ օճախը կը վառեն բոլոր թաղին հայերը կ՚երթան կառավարութեան թէ մեր մեր մայլան կրակ կ՚իյնայ, ուստի կառավարութիւնը կու գայ կ՚արգիլէ։ Ասիկա թուէս 46 տարի առաջ է եւ վերջը [Թէրզեանը եւ Թաշճեանը] կ՚երթան Սինամուտը Բարիկեան Աբրահամ եւ Մանուկի գործարանը որ տեմիրճի եւ չիլինկիր էին [երկաթագործ] եւ երկու այլուրի ջաղարջ ունէին, հոն օճաղ շինեցին եւ [երկաթը] հալեցին ու թափեցին։ Բայց քարէ քեմիրը [քարածուխը] Սամսոնէն տավաներով կը բերէին որ շատ ծաղք կ՚ըլլար։ Գացին Խարբերդի մօտերը Զարֆանիկի պարտէզի մէջ, որ Մազիրայէն 2 ժամ հիւսիս էր եւ գտան զմուռսի հանք, բայց կառավարութիւնը չի թողուց որ փորեն հանեն։ Թերզեան եւ Թաշճեան նորէն Ամերիգա դարձան։ Բարիկեան եղբայրները որ հիւսէնիկցի էին եւ ամէն օր կու գային Սինամուտը իրենց նոր գործարանը եւ Ամերիգայէն ինճին թոռնօ [խառատի մեքենայ] եւ ծակելիք բերին եւ չարխերը ջրով կը դառնար եւ սկսեցին բամպակի կուտը հանելու ճըռճըռ ալ կը թափէին ու ճըռճըռներուն վրայ հայերէն, թուրքերէն եւ գաղիերէն գրուած էր «Բարիկեան եղբայրք, Խարբերդ»։ (էջ 58-60)։

(…) Խարբերդէն Տիգրան Թէրզեան, որ Ամերիգա Թէյլըր մականունը ունի եւ իր աներձագը՝ Հաճի Գէորգ Թաշճեան, ինչպէս գրած եմ թէ իրենք բերին թոռնօ ինճին եւ երկաթ ծակելիք 1888-ին Ամերիգայէն, նաեւ բերին ցորեն հոսելու մախինայի թաքում, այսինքն երկաթ մասերը եւ վրայի մասը։ Հիւսէնիկցի Աբրահամ եւ Մանուկ Բարիկեանները վրայի սնտուկ կը շինեն ու կը ծախէին 10 ոսկի։ Հաճի Գէորգ Թաշճեանին փեսաներ էին Տիգրան Թէրզեան եւ Աբրահամ Բարիկեան։ Առաջ բոլոր գաւառին եւ գուղերը ցորենը էրթէն զատելը հովի պիտի նայէին եւ ձեռքի հոսելիով վեր պիտի նետէին որ շատ դժուար էր եւ շատ անգամ կալերը աշնան անձրեւին կը մնար։ [Այս գործիքը] մեծ բարիք մը եղաւ բոլոր երկրագործներուն։ Առաջին անգամ 100 թաքում բերին եւ երթալով շատցուցին։ Բարիկեան երեք եղբայրները եւ տղան՝ Օրսէփ Բարիկեանը իրենք կը թափէին երկաթը հալելով։ Վերջերը [անընթեռնելի անուն մը] Էթթարեան՝ Հիւսէնիկէն, եւ Խալընեան՝ Քասիրիկէն, օրթախ էին, Ամերիգայէն 100 թաքում մը կը բերէին ամէն տարի եւ Հիւսէնիկէն Քուրքճեան եղբայրներն ալ 100 թաքում՝ ցորենի մաքինայի թաքում, կը բերէին Ամերիգայէն։

Առաջին անգամ Բարիկեան եղբարք՝ հիւսէնիկցի, անոնք դրին կալ հոսելու մաքինան. Հիւսէնիկի կալերը դրին եւ ցորենը էրդէն զատելու համար հոսեցին։ Բոլոր գուղերէն կու գային, կը տեսնէին, կը զարմանային. կը հոսէր եւ ցորենը կողմը եւ էրդը կողմը կ՚ելլէ, քանի որ առաջ հոսելիով պիտի նետէին երբ հով ըլլար եւ շատ տարիներ կալերը կը մնար ձմեռուայ անձրեւի։

Սկսեցին գուղացիք գնել, Խարբերդու բոլոր գուղերը քանի մը հատ եւ վերջը սկսաւ շրջակայք. Բալու, Մալաթիա, Արաբկիր, Տիգրանակերտ, Մուշ, Պիթլիս, Էրզուրում, Սիվազ ալ [սկսան] գնել Խարբերդէն։ Վերջի տարիները ամէն տարի 1000 թաքում կը ծախուէր։ Եւ բոլոր գուղացոց մեծ բարիք եղաւ, քիչ նեղութիւն եւ շուտ գործը լմննալ, եւ կնիկներ որ վերջը տունը ցորեն որ մաղով պիտի մաղէին, մաքինան շուտ մը կը մաղէր։ (էջ 108-109)

(…) Բարիկեան Աբրահամը առաջին պղլուր աղալիք ջաղարջը շինեց որ ձիով կը դառնար ջաղարջը եւ կ՚աղար, քանի որ առաջ երկանի քարով՝ ձեռքով կ՚աղային։ (էջ 161)

Հիւսէնիկ, 1890։ Նստած ձախէն աջ՝ Աբրահամ Բարիկեան եւ իր երկրորդ կինը՝ Մարիձա Գաւճեան-Բարիկեան։ Ոտքի ետեւի շարք, ձախէն աջ՝ Եղսա Բարիկեան (հետագային՝ տիկին Գազանճեան) եւ Յովսէփ Բարիկեան՝ Աբրահամի եւ անոր առաջին տիկնոջ՝ Նոնիկ Թաշճեանի զաւակները։ Երկու աղջնակները Աբրահամի եւ Մարիձայի չորս զաւակներէն երկուքն են։ Նոնիկ Բարիկեանը նստած է գետինը։ Ան մահացած է իր զաւակներուն հետ 1915-ին. զանոնք խեղդած է, որպէսզի չկոտորուին։ 
Աջին ոտքի կեցած է Խանումը (նաեւ ծանօթ Թագուհի/Քուինի անուններով), որ հետագային Ռոտ Այլանտ փոխադրուած է եւ ամուսնացած Լէօ Թահագճեանին հետ։ Այս ընտանեկան լուսանկարին մէջ բացակայ են երկու մանուկ. մէկը Սաթենիկն է, որ հետագային փախած է Ֆրանսա, ուր մահացած է իր ամուսինը՝ Նշան Սեւաճեանը։ Սաթենիկին երկրորդ ամուսինը՝ Լեւոն Սապպաղը, զինք բերած է ԱՄՆ։ Բացակայ երկրորդ մանուկը Հառի Պաղտասարն է, զոր իր հօրեղբայրները եւ եղբայրը ԱՄՆ ղրկած են 1911-ին։ ԱՄՆ-ի մէջ Հառի Պաղտասարը ամուսնացած է Էլիզապէթ Գզիրեանին հետ (լուսանկարիչ՝ Մ. Լ. Թէրզեան, Քարբութ[Խարբերդ], Քասրիկ [Քեսերիկ])։

Խարբերդի թուրքերուն կողմէ երգուած երգ 1895-ի հակահայ կոտորածին մասին

1895 կոտորածին ժամանակ թուրքերը հայոց վրայ երգ հանեցին որ թուրքերէն էր.

[թրքերէն]
Մազիրանին եօլու պու տըր
Չիֆթայ կուկիմ տալի սու տըր
Պէյլիկ իսթիեանըն հալի պու տըր
Եանտըմ տոլանայ տոլանայ
Էյ էրմանի քըզի կել իմանայ

[հայերէն թարգմանութիւն]
Մազիրայի ճանապարհը այս է
Զոյք մը կուկում (պախըրէ ջրաման) լեցուն ջուր է
Ազատութիւն ուզողին վիճակը այս է
Այրեցայ ոլորելով, ոլորելով
Ով հայ աղջիկ եկուր հաւատքի (թրքանալ) (էջ 101-102)։

Խարբերդցի հայեր Տիարպեքիրի մօտերը նոր գիւղ մը կը հիմնեն

Խարբերդէն ալ շատ մը մարդիկ միացան ընկերովի՝ Տիգրանակերտ քաղաքին արեւելեան կողմը, գետին միւս կողմը մեծ գետին գնեցին, որ առատ ջուր ունի, ընդարձակ դաշտ մըն էր, որ մեծ ջուր [գետ] մը կ՚անցնէր, որ անունը ջուրին Անպար չայ էր։ Եւ գուղ մը շինեցին եւ անունը Անպար չայի գուղ կոչեցին։

Գուղին դաշտը գնողներն էին հետեւեալն. Պատուելի Մարտիրոս Շմաւոնեան, Սարգիս եւ Միքայէլ Շըխլօյեան, Յակոբ Պանայեան, Կարապետ Պանայեան, Գալկոնց Մանուկ, Գէորգ Տինճեան, Թե(ք՞)մաճի Կարապետ, Տիգրան Թերզեան, որ հիմա Տիք Թէյլըր կը կոչուի Ամերիգայի մէջ, եւայլն։

Այդ դաշտը գնեցին 1881-ին եւ բաժին հաշուով։ Ամէն մէկ բաժին 10 թրքական ոսկի էր։ Ով որ ուզէր քանի բաժին կրնար առնել եւ ով որ ուզէր երթար այդ նոր գուղը տուն շինէր եւ իր դրամին չափով տեղ կը տրուէր որ մշակէր։ Սկիզբը Շըխլօյեան եղբայրները եւ Գալկոնց Մանուկ եւ քանի մը ուրիշ[ներ] գացին եւ տուն շինեցին եւ գործու սկսան. վարել, ցանել եւ այգի, թթի ծառ եւ խաւախ տնկել եւ բրինձ ցանել։

Միւս շատերը ուզեցին մէկ երկու տարի սպասեն, ինչ կ՚ըլլայ եթէ աղէկ ըլլայ երթան, եթէ ոչ չերթան։ Խարբերդի Պըզմըշէն [Բազմաշէն] գուղէն շատ մը երկրագործ տարին Անպար չային եւ տուն շինեցին բոլորին ալ։ Բայց այս Պըզմըշէն գուղին երթողներ քանի մը տարիէն բոլորը ետ եկան օդը գէշ ըլլալուն համար, քանզի մալարւոյ (դող) կար, ջուր շատ էր, որ չեմլա տեղ շատ կար, պըզմըշէնցի միայն երկու տուն կեցան մինչեւ վերջ. Համբօ եւ Աբրահամ Քաեայները։

Գալկոնց Մանուկը Անպար չայ գուղին մէջ մալարիայէն (դող) մեռաւ։ Գուղը մնաց Շըխլօյեան եղբայրներ[ը], Համբօ եւ Աբրահամ Քաեայները եւ բերին քուրտ երկրագործ որ աշխատին։

Առաջին տարին ամէն բաժինի խրկեցին չուալ մը չալթուկ (բրինձը իր վրայի թեփով) եւ այդ եղաւ առաջ[ին] եւ վերջի ամէն 10 ոսկի բաժին գալը։ Շատերը Պատուելի Մարտիրոս Շմաւոնեանի վստահեցան, քանզի Պատուելին Տիգրանակերտի անգղիական գոնսոլ Պատուելի Թովմասին փեսան էր, որ կրնար զիրենք պաշտպանել քուրտերու դէմ Անպար չայի գուղը։ Բոլոր գուղի բաժանորդները ձգեցին եւ մնաց Շըխլօյեան եղբարց, որ անոնք մնացին մինչեւ 1895-ի ջարդին, որ բոլոր գուղը վառեցին եւ բոլոր հայեր[ը] ջարդեցին եւ նորէն գետին դարձուցին. քանի որ վերջին տարիները շատ այգի եւ ամէն տեսակ պտուղի ծառեր եւ իփակի համար թթի ծառաստան եւ շատ մեծ տեղ խավախի ծառ [գոյացած էր] եւ կը ցանուէր ցորեն, բրինձ, բամպակ եւ հավէճ (բակլայ), սիսեռ, ոսպ, եւայլն։

Անպար չայէն 5-էն 6 ժամ հեռու է Լըճէ եւ Հայնի քիւրտ գուղերէն, որ ճանբաները այդ քուրտերուն Տիգրանակերտ գալու համար Անպար չային է, որ բոլորը կողոպտեցին եւ տարին։ 1895-ի կոտորածին անգղիական գոնսուլ Պատուելի Թովմաս ալ կաթուածի ըրաւ եւ մեռաւ։ (էջ 110-111)

Ամերիկայէն Խարբերդ հայերու ներմուծած նորարութիւնները

Առաջի[ն] Ամերիգայէն պայսիքըլ, որ առջի գլանը մեծ եւ վերջինը փոքր գլանով [բերողը եղած են] Պօղոս Վարդապետեան եւ մէկ հատ ալ Գրիգոր Պօյաճեանը, որ[ոնք] երբեմն կը հեծնէին դէմ կ՚երթային վալի կամ մեծ պաշտօնեայ կու գար։ Թուրքերը [հեծանիւը] կը կոչէին ճանսըզ աթ (առանց հոգիի ձի)։ (էջ 157)

Փիլիպոս Գազանճեանին գործած գորգերուն մասին

Փիլիպպոս Յ. Խազանճեան [Հիւսէնիկի մէջ] շինեց պարսկական խալի 1904-ին, որուն վրայ [կ՚երեւին] պատկերներ եւ հայերէն աբգ լման։ Մէկ հատ 1907 իրեն տանը ծառը՝ զաւակաց անունը ծառին վրայ գրուած եւ վրան հայերէն գրուած [է] «Խարբերդ Հիւսէնիկ 1907» թիւովը։ Մէկ խալի շինեց Ամերիգա Լոս Անճելոս քաղաքին մէջ։ Լոս Անճելըս էկզամինըր եւ Հերըլտ եւ Ֆրեզնոյի Մշակ թերթը խալին եւ իրեն պատկերը դրած էին թերթերուն մէջ։ Խալիին վերի ճակատը[ին կայ] Լոս Անճելըսի ժողովուրդին թիւը եւ քաղաքը [որ] 151 տարուայ [է]։ 1892-1932, քառասուն տարի առաջ Ողիմպիական խաղը սկսիլ[ն է], որ ամէն 4 տարին աշխարհին մէկ երկիրը կը խաղան։ [1932-ին] տասներորդ ողիմպեան խաղն է որ պիտի ըլլայ [Լոս Անճելըսի մէջ]։ Երկու կողմերը Հայ հանրապետութեան եռագոյն դրօշը եւ մէջտեղը ամերիգական երկու դրօշ կախուած են եւ կողմերը երկու գաւաթներ։ Մէկին վրայ W որ կը նշանակէ աշխարհի եւ միւս գաւաթին վրայ C գիրը որ կը նշանակէ չամփիըն (ախոյեան) եւ տղիս պատկերը, որ ձեռքը երկաթ [գունդ] կը նետէ ու կէքսին [անոր շապիկին] վրայ իր անուան սկզբնատառերը JCK որ [կը նշանակէ] Ճոն Քէյսի Խազանճեան։ Եւ իր երկու կողմերը երկու տիրակ, որուն մէկին վրայ U գիրը որ Միացեալ, S [գիրը, որ կը նշանակէ] Նահանգներ։ Անկէ վարը Լոս Անճելըսի քալիսէումին շէնքին պատկերը, ուր որ բոլորն ալ ատոր մէջ պիտի խաղան։ Ատկէ վար գրուած է անգլերէն վէլքամ Լոս Անճելըս 1932 եւ Խ գիրը, որ կը նշանակէ Խազանճեան։

Փիլիպոս Գազանճեանի Հիւսէնիկի մէջ 1907-ին գործած մէկ գորգը. չափերը՝ 27” x 41” (68.5 սմ x 104 սմ)։ Իր յուշերուն մէջ Փիլիպոսը մանրամասն կը նկարագրէ գորգը, անոր տեսքը, պատկերանախշերը։ Յուշերուն այդ հատուածը բերուած է այս էջին մէջ։

Կողմերը մինակ ինիշըլնին [սկզբնատառերը] գրուած է միայն։ 

Զօրավար Անդրանիկ հայերէն է, միւս [բոլորը] անգլերէն է։ 

ԶԱ՝ Զօրավար Անդրանիկ՝ 40 տարի հայերուն համար կռուեցաւ։ LB Պըրպանք՝ աշխարհի պտուղ եւ ծաղիկ աշընողը։ CL Լինպըրկ՝ մինակ օվկիանոսը կտրեց օդանաւով։ RB Պըրտ՝ հարաւային բեւեռը գտաւ օդանաւով։ HH Հխենօ Հենոր (՞)՝ զափլինով աշխարհին չորս կողմը գնաց։ GM Մարքոնի՝ րէտիոյին հնարողը։ TA Էտիսըն էլէկտրիքը եւ ուրիշ հնարողը։ JP Փըրշինկ՝ համաշխարհային պատերազմին հրամանատարը։ JW Ուոշինկթըն՝ Ամերիգայի առաջին նախագահը։ AL Լինքըն՝ գերիներուն ազատութեան համար կռուեցաւ։ TR Րովզէլթ՝ Ամերիգայի մէկ լաւ նախագահ։ WW Ուլսըն՝ Ամերիգայի լաւ նախագահ որ գծեց հայոց աշխարհագրութիւնը։ HH Հուվըր՝ այս տարուայ Ամերիգայի նախագահ էր։ JR Րալֆ՝ Քալիֆորնիոյ ներկայացուցիչը Ուաշինկթըն(՞)։ JP Փորթըր՝ Լոս Անճելոսի վալին [նահանգապետ]։ PK Փիլիպպոս Խազանճեան՝ այս խալին շինած է։ (էջ 157-160)

(…) [Չորս խալի գործած եմ]։ Մէկը Ամերիգայի Նիւփորդ Րօտայլընի մէջ 1898-ին, եւ միւս երկուքը (…) 1904-ին եւ 1907ին Հիւսէնիկի մէջ։ 1904ի [խալիին] վրայ գրուած է տղուս՝ Խոսրով Խազանճեան [անունը] եւ Փ.Խ. [Փիլիպպոս Խազանճեան] հայերէն գրով, [գործուած է] արապ մը ուղտը հեծած եւ կին մը, երկու աման, ջրի քովը կանգնած, ձեռքով բռնած [է] եւ եզայ [եզի] կառք մը եւ բոլոր հայերէն աբգ։

Երրորդ [խալիին] վրան գրուած [է] Խարբերդ Հիւսէնիկ 1907 եւ [կ՚երեւին] երկու կին՝ մէկը զպունով, մէկը շալվարով, որ[ոնք] թան հարելու խնոցին կախած՝ թան կը հարեն եւ խոյինը քովը։ Ուղտ մը եւ ձագը եւ ուղտապանը, մեր տան ծառը, որ ծառի վրայ տղայ մը խավալ կը փչէ եւ ամէն մէկ ճիւղի վրայ զաւակացս անունները. առաջին Խ.Խ.՝ Խոսրով Խազանճեան, երկրորդ Ա.Խ.՝ Արտաշէս Խազանճեան, երրորդ Ե.Խ.՝ Եղսայբեդ Խազանճեան, չորրորդ Ճ.Վ.Խ.՝ Ճան Վանտըրպիլթ Խազանճեան եւ հինգերորդ Փ.Խ.՝ Ֆիլիփ Հայկ Խազանճեան։

Ծառին մէկ կողմը աղբիւր մը կամարով եւ լակլակ մը վրան կանգնած եւ ջուրը դէպի ծառը կ՚երթայ։ Ծառին մէկ կողմը կով մը եւ միւս կողմը հորթ մը եւ տակը հայերէն գրուած Ե.Փ.Խ., որ իմ կնոջս անունը՝ Եղսայ Փ. Խազանճեան։ Եւ մէկ խալի ալ [գործած եմ] Լոս Անճելոս Քալիֆորնիա, որ[ուն] պատմութիւնը գրած եմ արդէն։ (էջ 276-278)

1895-ին Խարբերդի շրջանին մէջ կատարուած հակահայ կոտորածի նկարագրութիւն. ականատեսի վկայութիւններ

1895 հոկ. 30[-ին] Հիւսէնիկ[ի] կոտրուել եւ թալընուելուն վրայ պիտի գրեմ։ 15-էն 20 օր առաջ լուր ելաւ որ հայեր[ուն] կը կողոպտեն եւ կը զարնեն, բայց իբրեւ քուրտեր են։ Ուստի կառավարութիւնը տալլալ պոռալ տուաւ որ իրիկունը ժամը 12-ին որ ալաֆրանկա 6-էն վերջը մարդ դուրս չի պիտի ելլէ։ Այսպիսով [կառավարութիւնը] հաղորդութիւնը [հաղորդակցութիւնը] կտրել տալ կ՚ուզէր եւ շաբաթ մը առաջ հեռուայ գիւղերը զօրքը իր տան հագուստը հագած ժողովուրդին հետ եւ քուրտ ձեւացնելով կը զարնէին եւ կը կողոպտէին։ Քասիրիկ գուղը [զօրքը] Եաղճի Օղլի Գրիգոր էֆէնտիին տանը վրայ կ՚երթան, բայց Գիրգոր Էֆէնտին քանի մը երիտասարդներ առնելով դէմ կը դնէ զէնքով, վերջը զօրքը իր կանոնաւոր հագուստով կու գայ, որ Գրիգոր էֆէնտին կը յանձնուի իր 24 ընկերներով, որ[ոնց] կը տանին Մազիրան եւ բանտ կը դնեն։

Քասիրկէն Մանսոյ Գօգօյին տղան եւ քանի մը հատ (՞) [անհասկնալի բառ մը] եկան Հիւսէնիկ Մազմանեան Մինաս աղային տունը, քանզի կինը քասիրկցի էր եւ շատ մը հայեր գացինք լուր առնելու. [անոնք] ըսին թէ քուրտ[ը] չէ, կառավարութիւնն է ընողը։

Հիւսէնիկցիք որ մինչեւ այդ ժամանակ կը պատրաստուէին որ քրտուն դէմ պիտի դնեն եւ տուները պղինձ թաշթ բղող ջուր կը լեցնէին, որ[պէսզի] ջուրի համար դուրս չի ելլեն։ Եւ կիները իրենց արժէքաւոր բաները կը թաղէին կամ թուրքի տուն կը վերցնէին, եւայլն, ալ յոյսերը կտրաւ, երբ Հացելու գուղէն փախողներ եկան եւ պատմեցին որ կը ջարդեն, կը վառեն եւ կին ու աղջիկ կը քաշեն կը տանին։

Հիւսինկա մեծ մասը Մազիրան գացին, իրենց պաշտպանութիւնը հոն լաւ է, եւ ոմանք Սերայի պակերուն [պէկ] տունը եւ ոմանք թուրքերու տուն գացին։ 1895 հոկտ. 30 երկուշաբթի առտուն գուղը պաշարեց քուրտի հագուստով զօրքով։ [Եկած էին] իրենց զինուորական պոռիով. ետ, առաջ, պատրաստ եւ կրակեցէք բոլորն ալ պոռիով հրաման կ՚ընէր Մուսթաֆա փաշան, որ ինք իր փայթոյնին մէջ նստած է եղեր, իր փայթոնը վարողը սարայցի Եղազար աղբար[ն] է։ [Ան] պատմած է ինծի եւ քաղաք տալ խափուն(՞) [անհասկնալի բառ մը] է եղած զարնելու հրամանը տալով Մուսթաֆա փաշան. եօթը ջորի բառցած էին պզտիկ թոբը Մազիրայէն քաղաք [Խարբերդ քաղաք] տարին։ Ես աչքովս տեսայ, քանզի ես Մազիրան փախած էի (…), Քերոբ Խազանճեանի տունը էինք [եւ] պատուհանէն կը դիտէինք։ Նոյնպէս Հուսէնիկ բերած էին թոբ եւ թուրքերուն գոռներուն հոն դրած էին թոբը, որ պէտք ըլլայ գործածեն։ Հիւսէնիկ չի գործածեցին, բայց քաղաք [Խարբերդ քաղաք] միսիոնարաց շէնքերը եւ հայոց տուները թոբով փլցուցին եւ կրակ ձգեցին։

Մէկ աւոր մէջ զարկին եւ թալընեցին Հիւսէնիկը, Սինամուտը, ասորցոց թաղը եւ Սուրբ Կարապետի մէկ մասը ու Սուրբ Յակոբի թաղը [2]։ Ստեփաննոսի թաղը քաղքի [Խարբերդ քաղաքի] Պակ օղլին չի թողուց որ զարնեն կամ թալընեն։ Հազարներով, թուրք, քուրտ եկած էին բոլոր գուղերէն։ Երբ առտուայ կէս օր ով որ հանդիպաւ զարկին եւ կողոպտեցին եւ ոմանց տունը վառեցին։ Երբ պոռին փչեց թէ ալ (մայնայ) լմնցաւ, ոչ մէկը զարկուաւ որեւէ տեղ։ (էջ 166-168)

Հիւսէնիկ քաղաքը (այժմ Ուլուքենթ)։
Հիւսէնիկ քաղաքը (այժմ Ուլուքենթ)։ Սեւ-ճերմակ այս պատկերը գունաւորուած է Myheritage.com-ի միջոցաւ։

Սուրսուր – Գոմէշամարտ

Սորսըր [Սուրսուր] ունէր շատ ընտիր գոմէշներ եւ մատակ գոմէշ, որ նոր էր ծնին. պըքիր (նոր ծնած մատկին ձագին կ՚ըսեն)։ Ամէն քանի մը տարին գոմէշ կը կռուըցնեն, շատ բազմութիւն կու գայ եւ թէ կառավարութեան կողմէն։ Անգամ մը, 52 տարի առաջ, Քամալենց եւ Կուրղիկեանենց գոմէշնին ծեծուըցուցին Սորսըրու [Սուրսուրի] Եազի թութերու քովը։ Մազիրային վալի[ն] եւ ասքարեայի փաշան ալ եկած էին։ Երկու կողմին ալ խոստացած էին, որ եթէ իրենց գոմէշը յաղթէ 10 քիլա [360 քիլօ] ցորեն պիտի տան գուղին եկեղեցուն։ Երկու կողմերը ալ գոմէշնուն ծեծած կերցուցած էին երեք շաբաթ, ամէն օր գինի կը խմցնեն եւ օրը քանի մը անգամ կը լոգցնեն, պոռնուզնին խարտոցով կը սրէին եւ իւղ կը քսէին որ կը փայլէր, նաեւ ոտքերուն եղունգնին կ՚եղէին եւ վերջի պահուն որ պիտի կռուին, երկու գոմէշը ալ մէկ երկու ժամ ջրին մէջ նստած որ զով զգան։ Երբ բերին եւ երկուքը իրարու ճակտի զարկին, կարծես ամպ գոռաց եւ կայծակը տեղ մը զարկաւ։ Սկսեցին իրար հրելը։ Թէ ծունկի կու գան [եւ] կը հրեն իրար, թէ կանգնած կը հրեն։ Երբեմն իրար կը ձգեն ետ երթան եւ նորէն կու գան գլուխով իրարու կը զարնեն, երկուքին ճակատէն ալ արիւնը կը վազէ։

Այս երկու գոմէշնուն տիրանը պայման մը ունէին. այն էր որ Կուրղիկեաններուն ծեր մարդը չպիտի գայ գոմէշնուն կռուած տեղը եւ ընդունած էին, քանզի գուղ[ին մէջ] բոլորն ալ այն հաւատքը ունէին, որ այդ ծեր մարդը անանկ աչք ունի որ քարը կը կոտրի Կուրղիկեան աչքով։

Բայց երբ լուր կ՚երթայ գուղը, թէ ձեր գոմէշը յաղթուելու կողմ է, գուղէն վազելով եկաւ եւ կը պոռայ գոմշուն անունը՝ «Արապ, քեզ տեսնամ»։ Գուղացիք սկսեցին պարան նետել եւ մս(՞)նին [անհասկնալի բառ մը] քաշել որ զատեն։ Բայց վալին եւ փաշան զօրքին հրաման ըրին որ գուղացիք չի զատեն, ըսին աչքը ինչ կրնայ ընել։

[Կուրղիկեանը] Գալածին պէս՝ իրենց գոմէշը որ յաղթուելու վրայ էր [եւ] ճար կը փնտռէր որ տեղէ մը փախի, երբ ծեր Կուրղիկեանը «Արապս, քեզ տեսնեմ» ըսելը գիտցաւ, պոռնուզով զարկաւ միւս գոմշուն փառթին եւ չախուի պէս ծակեց փառթը եւ ան գոմէշը փախաւ գնաց ջրին առուին մէջ նստաւ եւ միւս ալ գնաց ջուրին սավին(՞) [անհասկնալի բառ մը] մէջ նստաւ։

Քամալենք տարին գոմէշը դուռը իրենց եւ մորթեցին. մեծ պատրաստութիւն տեսած էին, որ մեծ տավաթ պիտի տային այդ յաղթուող գոմէշին տէրը ք(՞) [անհասկնալի բառ մը] մարապա[յին քով] [3] էր, բայց ալ սուգի տուն էր, անօթի Հիւսէնիկ եկանք, չի գացինք մարապային տունը։

Միւս Կուրղիկեանը 10 քիլան չափեց իրենց եկեղեցի[ի]ն եւ մեծ բազմութեան կերակուր տուաւ։ (էջ 606-611)

Հիւսէնիկ Եօթնակ ժայռը կամ Եօթնակ աղբիւրը։ Ժայռերուն ստորոտը լուսանկարիչին նայող մարդոց խումբ մը կ’երւեի։ Լուսանկարիչ՝ Ա. Յ. Սուրսուրեան։ Սեւ-ճերմակ այս պատկերը գունաւորուած է Myheritage.com-ի միջոցաւ։

Վերի պատկերէն մեծցուած հատուածներ։

Գայլու [ներկայիս Քարշըպաղ] գիւղի աղային՝ քիւրտ Խըզըլպաշ Սատըղ էֆէնտիին մասին (էջ 664)

Գայլըվա գուղին աղան քուրտ Խըզըլպաշ Սատըղ էֆէնտին էր, որ հայոց բնաւ չարիք չէր հասցներ եւ միշտ կը պաշտպանէր։

Սատըղ էֆէնտիին հայրը իմ մեծ հօրս Մղտեսի Օյնոյ կամ Օվանէս Խազանճեանի հետ օրթախ եղած է եւ ինք ու եղբայրը՝ Հուսօ[ն] ալ միշտ առուտուր ըրած են հօրս հետ, երբ [Սատըղին] հայրը խասպութիւն [հաշուապահութիւն] կ՚ընէ իր երիտասարդութեանը, որ վերջը վաճառական էր իմ հայրս։

Սատըղ էֆէնտին եւ եղբայրը՝ Հուսուն, միշտ մեր տունը կու գային եւ կը կենային եւ մեր տնեցիք ալ իրենց տունը կ՚երթային եւ հայու մը չափ հայերէն խօսիլ գիտէին։

Եղբայրս Հաճի Ակոբը Գայլու հող գնած էր եւ Գայլըվա ջաղարջը եղբօրս եւ Սատըղ էֆէնտիին էր, որ իրարու հետ եղբօր պէս էին։ Եղբօրս կինը եւ զաւակը օդափոխութեան երբեմն Գայլու կ՚երթային, Սատըղ էֆէնտիենց կը կենային։ Սատըղ էֆէնտիին կին[ն ալ] Մազիրա եղբրանցը տունը կու գար կը կենար։

Սատըղ էֆէնտին այս վերջին տեղահանութեան ժամանակ Մազիրան 15 տարի կ՚ընէր եւ Մազիրա[յի մէջ] հաշուապահութիւն կ՚ընէր։ Եղբայրը՝ Հուսօն, մեռած էր եւ տղան՝ Հուսօյին բանտին Մազիրայի վերակացու[ն] (մաբուսխանա մուտոր էր) էր տեղահանութեան ժամանակ։ Երբ այս վերջին տեղահանութեան եղբայրս [Յակոբը] եւ մեծ տղան՝ Հայկազը կը ձերբակալեն, որ պիտի տանին զարնէին, [Սատըղ] կ՚ուզէ ազատել, բայց չի կրնար, քանզի եղբայրս մախքամայի (բարձր դատարանի) ազայ (անդամ) էր, որ կը կոչէին եղբօրս անունը Հաճի պակ։

Սատըղ էֆէնտին իր եղբօրորդուն [հետ] - որ իր ալ փեսան էր եւ մափուսխանա մուտուր (բանտապահ) էր -, եղբօրս մեծ տղ[ուն]՝ Հայկազ[ին] գիշերով բանտէն փախցուց եւ իրեն ծանօթ թուրքի մը տուն պահեց։ Եւ եղբայրս ինչ չափ հակ բամպակ ունէր, 500 թրքական ոսկի եւ տուն[ի] բոլոր խալիները կաշառք տուաւ Հաճ Պալոշենց Մամատ Պակին որ զինք տնով աքսոր չի խրկէ։ Ճանճիկեան Ակոբ էֆէնտին [ալ] 800 ոսկի տուած էր Մամատ պակին, քանզի վրայի(՞) [անհասկնալի բառ մը] մեծ պաշտօնեան էր։ Մինակ կաշառքը երկու շաբաթ վերջը խրկեց եւ այսպէս բոլորը կողոպտեց հայերը։

Երբ եղբայրս, Ճանճիկեան[ը] ու Առաջնորդը [Խարբերդի հայոց Առաջնորդը] մեծ խումբ մը հայեր[ու հետ] աքսորեցին եւ տարին Հար Օղլուն ըսուած տեղը ջարդեցին։

Եղբօրս կինը՝ Զմրութ, երկու տղաքը՝ Եփրատ եւ Տիգրիս եւ երկու աղջիկ՝ Մայլուն եւ Յասմիկ, Հայկազ տղին կինը ու զաւակը ալ կը բերէ իր տունը Սատըղ էֆէնտին եւ կ՚ըսէ թէ իմ կինը եւ զաւակներս եւ հարսս եւ թոռս է, որ աքսոր չտանին ու զարնեն։ Բայց օգուտ չի ըներ, քանզի եղբայրս ճանչցուած մարդ էր կառավարութենէն։ Կու գան Սատըղ էֆէնտիէն կ՚ուզեն բոլորն ալ։ Ինք կ՚ըսէ իմ կինս եւ զաւակներս են, բայց կ՚ըսեն ուր է նիքայի (կարգուելու) թուղթդ։ Թուղթ չկայ, կը հանեն տունէն եւ բոլորը կ՚աքսորեն Իզոլ՝ Եփրատ գետին եզերքը քուրտ Խըզըլպաշ գուղ մը։

Սատըղ էֆէնտին անմիջապէս քաղաք կ՚երթայ եւ մուֆթիէն նիքայի թուղթ մը կ՚առնէ եւ բոլորին անունը մէջը կը յիշէ։ Չեմ գիտեր ինչ կաշառք տուած էր մուֆթիին։

Անմիջապէս Սատըղ էֆէնտի իր ազգականներէն մէկը կառքով կը ղրկէ Իզոլ, որ ետ բերեն։ Կ՚երթայ որ տղաքը զատած են եւ ուրիշներու հետ կը տանին որ զարնեն եւ գետը նետեն։ Կ՚երթայ անոնց մէջէն կը զատէ երկու տղաքը՝ Եփրատ[ը] եւ Տիգրիս[ը] եւ եղբօրս կինը, երկու աղջիկը, հարսը եւ թոռը առապայով կը բերէ Սատըղ էֆէնտիին տունը եւ կը պահէ մինչեւ խաղաղութիւն եւ վերջը [Սատըղ] կ՚ըսէ՝ գացէք ձեր տունը։

Բայց մեր տղան Հայկազը, կը տեսնէ որ մայրը տնով իր կինը ու զաւակը ազատ են։ Օրին մէկը մունետիկ [մը] կը պոռայ, թէ ալ ամէն մարդ ազատ է, ինք կ՚ուզէ պահուած տեղէն ելլել, բայց պահող թուրքը կ՚ըսէ մի ելլեր, հոգ չի ընէր, կ՚ելլէ եւ ուրիշ քանի մը հայ ալ որ ուրիշ թուրքի տուն պահուած էին, անոնք ալ կ՚ելլեն։ Կառավարութիւնը բոլորն ալ կը բռնէ եւ թեւերը կապելով աքսոր կը ղրկէ մինչեւ Խէրխիկի քովի Քաքլիկ թափան եւ հոն բոլորը կը սպաննեն։

Այս գրեցի որ գիտնաք թէ քուրտին բարեկամութեան կը վստահուի, բայց ոչ մէկ թուրքի։ (էջ 664-668)

Փիլիպոսը (ձախին) եւ անծանօթ մը՝ Օսմանեան կայսրութենէն ԱՄՆ գաղթի ճամբուն վրայ։ Սեւ-ճերմակ այս պատկերը գունաւորուած է Myheritage.com-ի միջոցաւ։

Խարբերդէն Ամերիկա գաղթին մասին

Հայեր կիներ [Միացեալ Նահանգներ] բերելը կամ հայ օրիորդ նշանած բերելը 1895[-ի] կոտորածէն վերջ եղաւ, քանզի թուրք կառավարութիւնը արգիլեց Ամերիգայէն գալողնին եւ բանտ կը դնէր ծովեզերքի քաղաքները։ Ստիպուած սկսեցին կին եւ զաւակ տանիլ Ամերիգա։

1900-ին, թուրքը բոլորովին արգիլեց հայեր[ուն] Ամերիգա երթալը եւ սկսեցին հայեր եւ թուրքեր, Խարբերդէն հայ երիտասարդներ 5-ով 10-ով լեռներէն ոտքով կը քալէին մինչեւ ծովըզերք եւ անկէ կաշառքով գաղտնի նաւ կը նստէին Եւրոպայի մէկ ծովեզերք կ՚ելլէին եւ անկէ Ամերիգա կու գային։

Ամերիգա հայութիւնը անոնք որ կին [եւ] զաւակ ունէին, բերին եւ չունեցող[ն] ալ մեծ ծաղք ըրաւ, երկիր իր հօրը եւ մօրը գրեց, որ նշանած մը խրկեն։ Ուստի տղան իր ֆօթօկրաֆը կը խրկէր աղջկան ցուց կու տային եւ աղջկան հօրը եւ մօրը, եւ պատկերով կը նշանէին, համ արդէն նոյն գուղէն էին, կը ճանչնային։ Աղջկան ալ պատկերը կը հանէին ու կը խրկէին տղուն։ Երբեմն տղան ծաղսը կ՚ընէր, աղջիկը հոս [Ամերիգա] կու գար այդ տղուն ծախսովը, բայց հոս աղջկան եղբայրը կամ ազգականը Նիւ Եորք աղջկան դէմ կ՚երթային եւ ուրիշ տղու մը հետ կը կարգէին։ (էջ 814, 818, 821)

[1] Փավլըքաճոնց - այս բառը հոս իբրեւ մականուն կը գործածուի։ Փավլըքա կը նշանակէ գործարան։
[2] Այս բոլորը Խարբերդ քաղաքին թաղամասերն են։
[3] Մարապա - Երկրագործ գիւղացի, որ իր հողին տէրը չէ եւ հողին բերքը պէտք է բաժնէ տիրոջ հետ։

1907, Պոլիս կամ Խարբերդ. Փիլիպոսը եւ Եղսան իրենց զաւակներուն հետ։ Ասիկա իրենց անցագրային ընտանեկան լուսանկարն է, որ նկարուած են նախքան ԱՄՆ մեկնիլը։ Ձախէն աջ՝ Հայաստան, Արթուր/Արտաշէս, Եղսա՝ մանուկ Հայկը գրկած, Քարլ/Խոսրով (ֆէսով), Ճոն (հօր եւ մօր միջեւ) եւ Փիլիպոս։ Ամենաաջին կեցած աղջիկը, ըստ արձանագրութեան, Ազնիւն է (Ադամի դուստրը), երիտասարդուհի մը, որ հոգ կը տանէր Գազանճեան ընտանիքին։
Բազում նշումներ կան սակայն առ այն, որ Ազնիւը իրականութեան մէջ Եղսայի խորթ քոյրն էր՝ Թագուհի/Քուինի Բարիկեանը։ Էլիզապէթ Գզիրեանը, որ հետագային պիտի ամուսնանար Քուինի եղբօր՝ Հառի Պաղտասար Բարիկեանին հետ, ընտանիքին պատմութեան մէջ կը գրէ թէ Լեւոն Թահագճեանը ուզեր էր որ կին մը գտնուէր իրեն համար։ Թագուհի/Քուինին առաջարկեր էին իբրեւ թեկնածու։ Ըստ Էլիզապէթի՝ Քուինին եւ Մարիամ Թահագճեանը՝ իր ապագայ կեսուրը, միասին ճամբորդած են դէպի Ամերիկա, եւ պսակադրութիւնը իրենց ժամանումէն անմիջապէս յետոյ կատարուած է։

Նստած ձախէն աջ՝ Մղտեսի Պօղոս, Հաճի Յովհաննէս Խազանճեան եւ Մղտես Ազնաւուր Ահարոնեան։ Իրենց միջեւ եղած ազգակցական կապը չենք գիտեր ինչ է։ Հաւանաբար Պօղոսը Յովհաննէսի եւ անոր առաջին տիկնոջ՝ Մարիամ Հազարխանի որդին է։ Ազնաւուր Ահարոնեանը կրնայ Յովհաննէսի կնոջ՝ Եղիսաբէթ Ահարոնեան-Խազանճեանի մեծ հայրը եղած ըլլալ։
Ետեւի շարքին կեցած են Փիլիպոսը եւ իր քոյրը՝ Մարիձան, Յովհաննէսի եւ Եղիսաբէթի զաւակները։
Յովհաննէսին առջեւը կեցած է իր թոռնիկը՝ Յակոբի որդի Միհրանը։ Լուսանկարիչ՝ Սուրսուրեան եղբայրք։

Սարկաւագ Օվան Աղբար (ծեր մարդը) եւ Ճոն Վանտերպիլթ Գազանճեանը՝ Փիլիպոս Գազանճեանի որդին։ Ըստ Փիլիպոս Գազանճեանի յուշերուն՝ երբ Օվան Աղբարը 20 տարեկան էր, գերմանացի զօրավար Մոլթքէի տունը ծառայ էր, երբ վերջինս 1830-ականներուն կարճ ժամանակ մը ապրած է Խարբերդի մէջ։ Լուսանկարի դարձերեսին Փիլիպոսը գրած է, որ այս պահը յաւերժացուցած է Օվան Աղբարի՝ իր որդին օծելը իբրեւ «հայ ազգի մէջ քաջ մը»։ Ճոն «Քեյսի» Վանտերպիլթը հետագային պիտի դառնար արհեստավարժ ըմբիշ ու ապա նուիրուէր ագարակապանութեան։ Լուսանկարիչ՝ Ա. Յ. Սուրսուրեան։

1. Վարդ Ս. Հարբութլեան (1878-1960)։ 1895-ի շուրջ Վարդը ամուսնացած է այս լուսանկարին մէջ պատկերուած մարդուն՝ Ճոն Յ. Գազանճեանին հետ (1865-1941), որ Փիլիպոսին եղբայրն է։ Ճոնը եւ Վարդը կ’ապրէին Նիւփորթ (Ռոտ Այլանտ), ուր 1897-ին ծնած է իրենց առաջնեկը։ Երբ այս լուսանկարը նկարուած է, Վարդը հաւանաբար տակաւին Խարբերդ էր, իսկ իր ամուսինը արդէն ԱՄՆ էր։
2. Փիլիպոս Գազանճեանը Նիւփորթի մէջ (Ռոտ Այլանտ)։

Հիւսէնիկ. քաղաքի համայնապատկերը։ Սեւ-ճերմակ այս պատկերը գունաւորուած է Myheritage.com-ի միջոցաւ։
Հիւսէնիկ. քաղաքի համայնապատկերը։

Եփրատ քոլեճի շրջանաւարտներ, Խարբերդ։

Հիւսէնիկ, 1904։ Ձախէն աջ՝ Խաչատուր Թաշճեանի կինը եւ հարսը (անունները չենք գիտեր) թան կը հարեն խնոցիի մէջ։ Լուսանկարի միւս անձերուն ինքնութիւնը անյայտ է։ Ամենայն հաւանականութեան Խաչատուրի հարսին զաւակներն են։ Լուսանկարին մէջ նաեւ հորթուկ մը կայ։ Խաչատուր Թաշճեանին «մուհենտիս» (ճարտարագէտ, շինարար) կ’ըսէին։ Ըստ Փիլիպոս Գազանճեանին՝ Խաչատուրը Մեզիրէ (Մամուրեթ ուլ-Ազիզ) քաղաքին համար կենսական ճամբաներ շինած է։ Չենք գիտեր՝ Թաշճեաններուն եւ Գազանճեաններուն միջեւ ազգակցական կապ կա՞ր, թէ՞ ոչ։ Կրնայ ըլլալ որ Թաշճեանները Փիլիպոսի եղբայր Ճոնի կնոջ՝ Վարդ Հարբութլեանին զարմիկներն էին։ Քարլ Մարթին Թաշճեան-Սթոնը ըստ երեւոյթին Ճոնին եւ Վարդին հետ ԱՄՆ գաղթած է եւ 1900-ին իրենց տունը կ’ապրէր։

Այս լուսանկարը ամենայն հաւանականութեամբ նկարուած է Յովհաննէս/Օհաննէս Խազանճեանի յուղարկաւորութեան 1904-ին, Հիւսէնիկի մէջ։ Յակոբը՝ ննջեցեալի որդին, դագաղի ձախին է. գլխաբաց է (ֆէս չկայ), եւ ձեռքը կը հանգչի հօրը բազուկին վրայ։ Յովհաննէսի միւս որդին՝ Փիլիպոսը, դագաղի աջին է՝ ֆէսով եւ ակնոցով, եւ ձեռքը դրած է դագաղին վրայ։

Հիւսէնիկ. Հաւանաբար Փիլիպոսի հօր՝ Յովհաննէս/Օհանէս Խազանճեանի յուղարկաւորութիւնն է 1904-ին։ Փիլիպոսը դագաղին ձախին, ձեռքը դագաղին ծունկի եկած մարդն է։ Աջի մարդը, որ նոյնպէս ձեռքը դագաղին դրած է, հաւանաբար Յակոբն է՝ Փիլիպոսին եղբայրը։ Փիլիպոսին քովը նստած մարդը ընտանեկան բազմաթիւ նկարներու մէջ նկարուած է, իսկ Յակոբին ուսին ձեռքը դրած մարդը հաւանաբար Յակոբին որդիներէն մէկն է։

Հիւսէնիկ, 1904, Յովհաննէս/Օհաննէս Խազանճեանի յուղարկաւորութիւնը։ Թոռնիկները ամենաառջեւն են՝ Խոսրով/Քարլ, Հայաստան եւ Արտաշէս/Արթուր։ Դագաղին ետին՝ Եղսա Գազանճեանն է (ծնեալ Բարիկեան)՝ սեւ քօղով, որդին՝ Ճոնը, գիրկը։ Եղսային ձախին նստած երկու այրերը ամենայն հաւանականութեամբ հանգուցեալին որդիներն են։ Ննջեցեալին այրին՝ Եղիսաբէթը, նստած է Եղսային աջին, դագաղին գլուխը։ Դագաղի գլխուն կեցած ձեռքը սիրտին այրը ամենայն հաւանականութեամբ ննջեցեալի թոռներէն մէկն է, թերեւս Տրդատը։ Լուսանկարիչ՝ Սուրսուրեան։

Հիւսէնիկ, 1904. Օհաննէս Գազանճեանի յուղարկաւորութեան երկու լուսանկարի պատառիկ։

Հատուած մը Հիւսէնիկ քաղաքէն (ներկայիս՝ Ուլուքենթ). Քարլ/Խոսրով Գազանճեանը զայն գծած է՝ հիմնուելով իր յիշատակներուն վրայ։ Քաղաքի պարիսպներուն եւ փողոցին հատման մասին բարձրացած աջ կողմի մեծ տունը ամենայն հաւանականութեամբ Գազանճեաններու պապենական տունն է։

Իր յուշերուն մէջ Փիլիպոս Գազանճեանը կը պատմէ ժամացոյցին պատմութիւնը։

«Մօրենիկ գուղէն մէկը, անունը Բալվըցոնց, հին սուլթանի մը խոհարարը եղած է։ Անգամ մը թագաւորը կ’ըսէ՝ աշճի [aşçı, խոհարար], կ’ըսէ՝ հրամմէ տէր իմ։ Կ’ըսէ թագաւորը՝ թէ պատճանը [սմբուկ] աղէկ կերակուր չէ։ Աշճին կ’ըսէ՝ տէր իմ, պատճանը թուն [թոյն] է։ Թագաւորը կ’ըսէ՝ աշճի, կերակուրներուն մէջ շատ քիչ պատճանը լաւ է։ Աշճին կ’ըսէ՝ տէր իմ, պատճանով կերակուրը սեղանին ծաղիկ է։ Թագաւորը կ’ըսէ՝ աշճի, երբ պատճանը կու գայ սեղանին վրայ կարծես միւս կերակուրները համը կը փոխեն։ Տէր իմ, կ’ըսէ աշճին, պատճանը ինք բոլորովին մազարաթ է [mazarrar, վնասակար]։ Թագաւորը կ’ըսէ՝ աշճի ես կը գովեմ, դուն չափէն աւելի կը գովես, իսկ ես որ գէշ է կ’ըսեմ, դուն կը գէշցնես։ Աշճին կը դառնայ թագաւորին՝ տէր իմ, ես քեզի կը ծառայեմ, ոչ թէ պատճանի։ Քանի որ դուն կը դառնաս, ես ֆըռըլտախի [fırıldak, հոլ] պէս կը դառնամ։ Այն ժամանակ թագաւորը ժամացոյց մը ընծայ տուած է, իր տղան [խոհարարին տղան] այդ ժամացոյցը հօրս 4 մաճիտի ծախած է եւ հայրս մեռնելէն վերջ ես հետս Ամերիգա բերած եմ։ Մեծ ծոցու ժամացուց մը է»։ (էջ 387-388)

Փիլիպոս Գազանճեանին պատկանած փայտեայ սնտուկ մը։ Չափերը անյայտ են։

1. Գազանճեան ընտանիքը. լուսանկարուած են Ֆաուլերի մէջ, Քալիֆոռնիա, 1908-ի շուրջ։ Նստած ձախէն աջ՝ Եղսա (ծնեալ Բարիկեան) եւ Փիլիպոս։ Փիլիպոսին քով կեցած է Հայաստանը։ Ետեւի շարքին կեցած են ձախէն աջ Արտաշէս/Արթուրը եւ Խոսրով/Քարլը։ Հայկը կեցած է հօրը առջեւը, իսկ Ճոն «Քեյսին» նստած է քրոջը առջեւը։ Այս լուսանկարի նկարուելու պահին Տիանան դեռ չէր ծնած։
2. Եղսա Գազանճեան (ծնեալ Բարիկեան) եւ Փիլիպոս Գազանճեան։

Գունաւորուած լուսանկարին մէջ Փիլիպոս Գազանճեանը ձախին է։ Սեւ-ճերմակ նկարին մէջ՝ աջին։ Միւս անձին ինքնութիւնը անյայտ է։ Լուսանկարները հաւանաբար Գազանճեաններուն Նիւփորթի տան առջեւ նկարուած են (Ռոտ Այլանտ)։

Այս պատկերը կ’ենթադրուի ըլլալ իսլամական ծիսակատարութիւն մը, որու ընթացքին ծիսական թափօրը կ՚անցնի փողոցէ-փողոց։ Պատկերին լուսանկարիչը շատ հաւանաբար Փիլիպոսն է, այնպէս որ կ’ենթադրենք որ ամենայն հաւանականութեամբ լուսանկարուած է Խարբերդ քաղաքին կամ Հիւսէնիկի մէջ։