Քիթապճեան հաւաքածոյ – Լոս Անճելես
Հեղինակ՝ Կրեկօրի Քիթապճեան, 13.07.20 - թարգմանութիւն՝ Շաղիկ Շահինեան-Արծրունի
Քիթապճեաններու [1] տոհմի՝ Կեսարիոյ մէջ (Քայսերի) գոյութիւնը կրնանք կապել Յարութիւն Քիթապճեանին հետ, որ ծնած էր Հաճըն 1810-ին։ Մեր նախնիները, որոնք Իւրեճեան մականունը ունէին, 1750-ականներուն գաղթած էին Հաճըն, իսկ աւելի ուշ՝ 1850-ականներուն, Կեսարիա։ Վերջերս կատարուած ծինային ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ կրնայ գոյութիւն ունեցած ըլլալ նաեւ ակ մը Նոր Ջուղա (Իսպահանի մօտ, Պարսկաստան), ուր 1601-ին Շահ Ապպասը բռնի տարած էր Նախիջեւանի հայերը։ Յարութիւնը գրագիր էր եւ Կեսարիոյ չափաբերական մատեանին մէջ կը գրէր քաղաքին բնակիչներուն տուեալները։ Քիթապ թրքերէն ըսել է գիրք (մատեան), քիթապճի՝ գիրքի մարդ։ Ի վերջոյ Յարութիւնը իր մականունը կը փոխէ եւ կը դառնայ Քիթապճեան։
Յարութիւն Քիթապճեանը ամուսնացած էր Սրբուհի Տալղրանեանին հետ։ Ունէին երեք որդի եւ երկու դուստր.
1) Կարապետ Քիթապճեան
2) Կիւլիզար Քիթապճեան-Մուրատեան
3) Գրիգոր Քիթապճեան
4) Հնազանդ Քիթապճեան-Օտապաշեան
5) Սեդրակ Քիթապճեան։
Մեր նախահայր Յարութիւն Քիպապճեանին երեք որդիներն ալ ճարտար ոսկերիչներ ու արծաթագործներ էին եւ յաջողած վարպետներ իրենց ասպարէզին մէջ մինչեւ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը։
Գրիգոր Քիթապճեանի ընտանիքը՝ լուսանկարուած Կեսարիա (Քայսերի) 1909-ին։ Ոտքի ձախէն աջ՝ Արուսեակ Քիթապճեան (ծնեալ Պենլեան), Հրանուշ (Արուսեակի դուստրը) եւ Գրիգոր Քիթապճեան։ Նստած ձախէն աջ՝ Արթին Քիթապճեան (հայրս), հօրս մեծ մայրը՝ Փերլանթին Պենլեան՝ Հայկ Քիթապճեանը գիրկը, եւ Բարսեղ Քիթապճեան։ Լուսանկարին դարձերեսին այլ գրիչով գրուած 1907 թուականը ճիշդ չէ, որովհետեւ Հայկ Քիթապճեանը 1908-ին ծնունդ է եւ այս նկարին մէջ մէկ տարեկան կը թուի ըլլալ։ Լուսանկարը 1915-1918-ի տեղահանութիւններուն չէ ոչնչացած, որովհետեւ կոտորածներէն առաջ ղրկուած էր Բարսեղ Օտապաշեանին՝ Հալէպ (հետագային Դամասկոս) ապրող զարմիկին։ Լուսանկարիչները Ս. Մոստիչեանը եւ Կ. Թիմուրեանն են։
1) Կարապետ Քիթապճեանը (1859-1915) ամուսնացած էր Անթիկոն Ժամկոչեանին հետ. ունէին չորս զաւակ՝ Յարութիւն Կ. Քիթապճեանը (1895-1936), որ ամուսնացած էր Նարկիզ Մինասեանին հետ եւ ունէր վեց զաւակ, Ալիս Քիթապճեան-Առաքելեանը (1901-2005), որ ամուսնացած էր Յակոբ Առաքելեանին հետ (Իրաքէն) եւ ունէր երկու զաւակ, Նազար Քիթապճեանը (1907-1980), որ ամուսնացած էր Արաքսի Սառաֆեանին հետ եւ ունէր չորս զաւակ, Փերուզ Քիթապճեան-Չոքկարեանը (1908-1990), որ ամուսնացած էր Սուրէն Չոքկարեանին հետ եւ ունէր երկու զաւակ։
2) Կիւլիզար Քիթապճեան-Մուրատեանը (1861-1915) ամուսնացած էր Միսակ Մուրատեանին հետ եւ ունէր չորս զաւակ՝ Կարապետ Մուրատեանը (1894-1982), որ 1915-էն առաջ Պոսթոն գաղթած էր եւ Ցեղասպանութենէն վերապրող միակ անդամն էր իր ընտանիքին. ամուսնացած էր Արաքսի Տեւելեանին հետ (Ռոտ Այլընտի մէջ) եւ ունէր երկու զաւակ։ Կիւլիզարին միւս երեք զաւակները՝ Սրբուհի Մուրատեանը, Արթին Մուրատեանը եւ Արշալոյս Մուրատեանը իրենց մօր հետ զոհ պիտի երթային Հայոց ցեղասպանութեան։
3) Գրիգոր Քիթապճեանը (1863-1928) ամուսնացած էր Արուսեակ Պենլեանին հետ եւ ունէր վեց զաւակ՝ Արթին Գ. Քիթապճեանը (1896-1987) 1925-ին Հալէպի մէջ ամուսնացած էր Պէաթրիս Մաթոսեանին հետ (այնթապցի), ունէին երկու դուստր եւ մէկ որդի, Արփինէ Քիթապճեան-Սիմոնեանը (1926-2016), Շաքէ Քիթապճեան-Պալըգճեանը (1930) եւ Կրեկորի Քեթապճեանը (1936)։ Երկրորդ զաւակը՝ Հրանուշ Քիթապճեանը (1899-1915) մահացած էր Ապու-Հարարա (սուրիական անապատ)։ Երրորդը՝ Բարսեղ Քիթապճեանը (1902-1974) ամուսնացած էր Քնարիկ Թոլակեանին հետ Պէյրութի մէջ. ունէին երեք զաւակ՝ Գրիգոր Բ. Քիթապճեանը (1932-2008), Արուսեակ Քիթապճեան-Փալանճեանը (1938) եւ Յարութիւն Բ. Քիթապճեանը (1944)։ Չորրորդը՝ Հայկ Քիթապճեանը (1908-1999) ամուսնացած էր Արփինէ Պարսամեանին հետ եւ ունէր չորս զաւակ՝ Արամ Քիթապճեանը (1946-2018), Լեւոն Քիթապճեանը (1952-2016), Գրիգոր Քիթապճեանը (1955) եւ Հենրի Քիթապճեանը (1958)։ Հինգերորդ զաւակը՝ Փերուզ Քիթապճեանը (1910) մանուկ հասակին մահացած էր (նախքան 1915 թուականը), իսկ ամենակրտսերը՝ Արամ Քիթապճեանը (1911-1915) պիտի մահանար Թեթիֆի մէջ (սուրիական անապատ)։
4) Հնազանդ Քիթապճեան-Օտապաշեանը (1865-1954) ամուսնացած էր Բարսեղ Օտապաշեանին հետ եւ ունէր երեք զաւակ՝ Շամի Օտապաշեանը, որ ամուսնացած էր Ալեքսան Փաշայեանին էր եւ ունէր երեք զաւակ, Յակոբ Օտապաշեանը (1894-1970) որ ամուսնացած էր Փերուզ Պախթիարեանին հետ եւ ունէր երկու զաւակ եւ Էօժէն Օտապաշեանը, որ 1915-ի տեղահանութեան ճամբուն սպաննուած էր։
5) Սեդրակ Քիթապճեանը (1867-1915) ամուսնացած էր Փերլանթին Բակլայեանին հետ եւ ունէր երեք զաւակ՝ Արթաքի Քիթապճեանը, Մակարոս Քիթապճեանը եւ Վիքթորիա Քիթապճեանը, որոնք բոլորն ալ տեղահանութեան ճամբաներուն վրայ պիտի մահանային։
Ցեղասպանութեան օրերուն Կարապետը եւ Սեդրակը կը ձերբակալուին, ծեծի կ’ենթարկուին եւ ապա Թոմարզայի ճամբուն վրայ քարկոծուելով կը սպաննուին։ Մեծ հայրս՝ Գրիգորը, զինք ձերբակալող ժանտարմին (ոստիկանին) քսան հնչուն ոսկի կը խոստանայ, եթէ զինք փախցնէ Հալէպ։ Ահա թէ ինչպէս կը փրկուի։ Բայց երբ կ’իմանայ թէ ընտանիքը քշուած է Տէր-Զօր, կը միանայ անոր Պապի մէջ։
Ցեղասպանութեան օրերուն ընտանիքին վիճակին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար տե՛ս Gregory Ketabgian, Leaving Kayseri, A Journey of One Hundred Years, Avid Readers Publishers, 2015։
Տէր-Զօրի մէջ Ցեղասպանութենէն վերապրելէ ետք հայրս՝ Արթին Քիթապճեանը, կու գայ Հալէպ։ Դժուար էր հոս առանց մեծ դրամագլուխի գործի մը սկսիլը, եւ շատ էին գործ փնտռող փրկուած հայերը։ Հայրս՝ Արթինը, 1919-ին վտանգաւոր ճամբորդութիւն մը կ’ընէ դէպի Կեսարիա, փորձ մը ընելու Հալէպ բերելու մեծ քանակութեամբ ոսկեղէն, արծաթեղէն եւ արժէքաւոր հին իրեր, որ պահած էին իրենց տան մէկ յատուկ թաքստոցին մէջ։ Ցաւօք, երբ կը մտնէ տան նկուղը եւ կը նայի քարէ երկու պատերուն միջեւ գտնուող թաքստոցին մէջ, կը տեսնէ որ պարունակութիւնը ամբողջութեամբ յայտնաբերուած ու տարուած էր։
Վերադառնալով Հալէպ՝ իր բախտը կը փորձէ լումայափոխութեան, օղիի (արաք) վաճառականութեան եւ հնավաճառութեան մէջ։ Նոյնիսկ խանութ մը կը բանայ Պէյրութի մէջ՝ ծախելու համար իրենց արտադրած արծաթեղէնը, բայց տնտեսական ծանր պայմաններուն բերումով գործը կը ձախողի, եւ Արթինը ետ կը փոխադրուի Հալէպ։ Վերջ ի վերջոյ պենզինի կայան մը կը բանայ Ռամատանիէ թաղամասին մէջ, եւ ինքնաշարժի շարժիչներու համար շփումը փոքրացնող նիւթերու խանութ մը՝ Պուսթան Քելէպի մէջ, ուր բազմաթիւ մեքենագէտներ կ’աշխատէին լիաժամ։ Դժուար էր շահիլ վստահութիւնը արաբ հարուստ հողատէրերուն, որոնք բեռնատարներու ամբողջ ցանց մը կը գործարկէին իրենց բերքը Տիգրիս գետի ափամերձ բերրի դաշտերէն Արեւելք տեղափոխելու համար։ Սակայն բարի համբաւ ձեռք ձգած ըլլալը, անխարդախ ապրանք ծախելը եւ ձեռք թօթուելով ապառիկ վաճառքի համաձայնիլը յաջողութեան ճամբայ բացած էին։ 35 տարուան ամենօրեայ աշխատանքէ ետք՝ Արթինը կ’որոշէ հանգստեան կոչուիլ, մեկնիլ Սուրիայէն եւ հաստատուիլ Հարաւային Քալիֆորնիա, ուր գաղթած էին իր երեք զաւակները։
Հայրս ամուսնացած էր Պէաթրիս Մաթոսեանին հետ, որ չորս դուստր ունեցող այնթապցի ընտանիքի մը զաւակ էր, վերջինս տեսեր էր քոյրերուն հետ իր լումայափոխի խանութին քովէն անցած ատենը։ Երբ ընտանիքները կը հանդիպին որ ամուսնութեան կարգադրութիւնները ընեն, Մաթոսեանները երկընտրանքի դէմ յանդիման կը յայտնուին, որովհետեւ Պէաթրիսը ընտանիքին կրտսերն էր, եւ աւանդոյթը կը պահանջէր, որ նախ մեծ քոյրերը ամուսնանար։ Սակայն, նկատի ունենալով որ ընտանիքին բոլոր անդամներուն ապրուստը հայթայթելու դժուարութիւն ունէին, կու տան իրենց համաձայնութիւնը։
Հօրս միջնեկ եղբայրը՝ Բարսեղը, կը շարունակէ արծաթագործութեան ընտանեկան աւանդութիւնը եւ կը պատրաստէ բարձրայարգ (սթերլինկ) արծաթէ սպասք, ինչպէս նաեւ ժանեակահիւս արծաթէ (telkâri) շաքարամաններ, շաքարատուփեր եւ աղանդերի դգալ-պատառաքաղներ։ Երբ Սուրիան կը դառնայ ընկերվարական պետութիւն, եւ քաղաքական մթնոլորտը կը փոխուի դառնալով խիստ անկայուն, Բարսեղը ընտանիքով կը փոխադրուի Պէյրութ (Լիբանան)։
Հօրս ամենակրտսեր եղբայրը՝ Հայկն ալ արծաթագործ էր, բայց տեսողութեան խնդիրներ ունենալով, ստիպուած կ’ըլլայ լքել այս ասպարէզը։ Ան ունէր չորս մանչ։ Բ համաշխարհային պատերազմէն ետք կ’արձանագրուի Ներգաղթին՝ Խորհրդային Հայաստան հայրենադարձելու նպատակով։ Սակայն, Սեւ Ծովով ներգաղթողները փոխադրող նաւերէն մէկուն վրայ բռնկած խորհրդաւոր հրդեհի մը հետեւանքով Ստալինի դէմ կեցուածքին ստեղծած ուշացումներուն պատճառով մինչեւ նոյեմբեր 1965 կարելի չ’ըլլար իրագործել այս ծրագիրը։
Ամառուան արձակուրդները Պիթիասի մէջ (Մուսա Լեռ)
Տէր Զօրէն մեկնելէ եւ Հալէպ հաստատուելէ ետք՝ ծնողքս եւ իրենց գերդաստանի անդամ մի քանի հոգի եւս ամառները կարճ արձակուրդի կ’երթային Պիթիաս։ Պիթիասը Մուսա Լեռան գլխաւոր վեց հայ գիւղերէն մէկն էր։ Մուսա Լեռը կը գտնուի դէպի Միջերկրական Ծով նայող Անտիոք քաղաքէն (այսօրուան Հաթայ նահանգի Անթաքիա քաղաքը) հարաւ-արեւմուտք։ Ամբողջ շրջանը այդ օրերուն որպէս Սուրիոյ վրայ ֆրանսական հոգատարութեան մաս Ֆրանսայի հոգատարութեան տակ էր։ Հետագային, ֆրանսաթրքական համաձայնութեամբ զայն պիտի զիջէին Թուրքիոյ 1939-ին։
Այս գիւղերը առաւելապէս հայաբնակ էին, եւ զբօսաշրջութեան տնտեսութեան մէջ գործուն ներդրում ունէին։ Զբօսաշրջիկներու գիշերակացի տեղեր, սրճարանային եւ ճաշարանային եռուն կեանք եւ զարգացած արհեստներ՝ շրջանի կարծր փայտով պատրաստուած սանտրերու, պատառաքաղներու, դգալներու պատրաստութիւն։ Եղանակը մեղմ էր, ինչպէս կ’ըլլայ Միջերկրականի ափին, ծովէն փչող զեփիւռով զովացուած ամառ, իսկ բնութեան պարգեւն էին զմրուխտ հովիտները եւ յորդահոս գետերը. Հալէպի տաք եւ փոշոտ ամառներուն լրիւ հակառակ վիճակը։
Իրենց այս այցելութիւնները վաւերագրուած են լուսանկարներով։ 1931-էն 1933 տարիներուն էին։ Հոն կը հանդիպէին իրենց բարեկամներէն ոմանց, ընտանիքի այլ անդամներու եւ անցեալը կը վերյիշէին։ Վերապրած Քիթապճեանները այդ ատեն արդէն սկսած էին իրենց անձնական ընտանիքները կազմելու։ Հօրս ընկերներէն Լեւոն Կրպոյեանը, որ երկու նկարի մէջ կայ, հօրս եւ անոր ընտանիքին կեանքը փրկած էր տարագրութեան ատեն։ Անապատին մէջ ան արաբի տարազ հագած կեցած էր խաչմերուկի մը. ձեռքերը շարժելով դէպի իր կողմը հրաւիրեր էր հայրս, որ կը քշէր զինք, եղբայրը եւ մայրը տանող սայլը քաշող եզները։ Երբ մօտեցեր են իրեն, Լևոնը ըսեր է, որ ոստիկաններուն աչքէն հեռու պահու մը սայլը տանին պատի մը ետեւ։ Ըսեր է, որ բոլոր միւսները, որոնք դէպի Արեւելք տանող ճամբան բռնած էին, կը սպաննուէին։ Աւելի ուշ մերինները գիտցեր են, որ հայ էր զիրենք փրկողը, բայց որ արաբի արտաքին զգեցած էր՝ ինքզինքը փրկելու համար։ Կրպոյեանը կայ նաեւ եկեղեցիի բակին պատին տակ հռչակաւոր հարիսայի պատրաստութիւնը պատկերող լուսանկարին մէջ։
1. Պիթիաս, 1931։ Եկեղեցիին բակին մէջ սուրբ Աստուածածնայ տօնի աւանդական հարիսան: Ձախէն երրորդը՝ ֆէսը գլխուն եւ ձեռքը դստեր՝ հնգամեայ Արփինէին ուսին, Արթին Քիթապճեանն է։ Արթինին եղբայրը՝ Հայկը, ձախէն չորրորդն է, գլխարկով է եւ հարիսային համին կը նայի։ Ձախէն վեցերորդ անձը (ֆէսաւոր) Լեւոն Կրպոյեանն է, իսկ եօթներորդը (ֆէսաւոր) Բարսեղ Քիթապճեանն է։
2. Պիթիաս, 1931։ Եկեղեցիին բակին մէջ, պատին տակ, աւանդական հարիսայի պատրաստութիւն։
Յարութիւն Չոլաքեան (հետագային՝ տէր Գարեգին)
Հօրեղբօրս՝ Բարսեղ Քիթապճեանի կնոջ՝ Քնարիկ հարսքոյրիկիս հայրն էր Տէր Գարեգինը։ Կեսարացի Յարութիւն Չոլաքեանը (1842-1931) ուսեալ մարդ էր։ Ան ուսուցիչ եղած էր Կեսարիոյ Կիւմշեան վարժարանին (1900-1901) եւ Միացեալ ուսումնարանին մէջ (1903-1904)։ Նաեւ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցուոյ սարկաւագը։
Չոլաքեանը եւ ընտանիքը 1915-ի Ցեղասպանութեան ատեն չէին աքսորուած, որովհետեւ Չոլաքեանը գիտէր ֆրանսերէն, եւ օսմանեանը բանակը զինք իբրեւ թարգմանիչ կ’աշխատցնէր, որովհետեւ գերմանացի սպաները ֆրանսերէն գիտէին, եւ թարգմանիչի խիստ կարիք կար։ Պատերազմի աւարտէն ետք Չոլաքեանները մնացած էին Կեսարիա մինչեւ 1923, ապա փոխադրուեր էին Սուրիա եւ հաստատուեր էին Ճարապլուս (հիւսիսային Սուրիա), ուր Չոլաքեանը հայ պզտիկներու համար նախակրթարան մը բացած էր. դուստրը՝ Քնարիկը, ուսուցիչ էր այդ դպրոցին մէջ եւ հօրը օգնականն էր։ Չոլաքեանը քահանայ ձեռնադրուած էր Պէյրութի մէջ եւ օծուած 1925-ին ձեռամբ Սահակ Բ կաթողիկոսին՝ դառնալով տէր Գարեգին քահանայ։ Ապա ընտանիքը պիտի փոխադրուէր Հալէպ, եւ տէր Գարեգինը պիտի դառնար Հալէպի ս. Քառասուն մանկանց հայ առաքելական եկեղեցիի քահանայապետ։
Բժիշկ Միհրան Գրիգոր Գասապեան
Բժիշկ Միհրան Գրիգոր Գասապեանը (1870-1910), որ Կեսարիա ծնած էր եւ ճառագայթաբանութեան մէջ առաջին գիտահետազօտողներէն մէկն էր, մեր հեռաւոր ազգականն էր, ամուսնութեամբ մեր գերդաստանին անդամ դարձած էր։ Զարմուհիս՝ Մարի Տեքմեճեան-Գասապեանը ամուսնացած էր բժիշկ Ճոն Գասապեանին հետ, որուն հօր հօրեղբայրն էր բժիշկ Միհրան Գ. Գասապեանը։
Բժիշկ Միհրան Գասապեանը իր նախնական կրթութիւնը ստացած էր Թալասի ամերիկեան միսիոնարական հաստատութենէն ներս, ապա ճամբորդած Լոնտոն շարունակելու իր կրթութիւնը լուսանկարչութեան, աստուածաբանութեան եւ բժշկութեան մէջ՝ ի պատրաստութիւն միսիոնարի իր աշխատանքին։ Ան «Medico-Chirurgical College» բժշկութիւն ուսանելու համար գաղթած է Ֆիլատելֆիա (ԱՄՆ) ճիշդ այն ատեն, երբ 1885-ին ռենտկենեան ճառագայթները յայտնագործուած էին եւ կը գործածուէին կիրառական բժշկութեան մէջ։ Սպանա-ամերիկեան պատերազմին ան կամաւոր էր, եւ այդ ընթացքին ախտորոշումներ ընելու համար սպառիչ կերպով գործածած է ռենտկենային ճառագայթներով պատկերումը ։ 1898-ին, երբ կը զօրացրուի, կը ստանայ բժշկութեան վկայական եւ ԱՄՆ հպատակութիւն։ Սակայն, արդէն ձեռքերը ճառագայթուածութեան սկզբնական ախտահարում ունէին, որովհետեւ ձեռքը կը գործածուէր վայրասայրի կարգաւորման համար։ Ձեռքերուն հետագայ ճառագայթումը եւ հիւսկէններուն մնայուն վէրքերը իր կարճատեւ կեանքին մնացեալ ամբողջ ընթացքին պիտի հալածէին զինք, եւ ի վերջոց պիտի մահանար մորթի քաղցկեղէ՝ վերջինիս տարածումը կանխելու նպատակով երեք վիրահատութեան ենթարկուելէ ետք։ Պիտի մահանար 1910-ին։ Թաղուած է Արլինկթոն գերեզմանատան մէջ (Drexel Hill, Pennsylvania)։ Ան հեղինակն է ճառագայթաբանութեան մասին առաջին դասագիրքերէն մէկուն, որուն երկրորդ հրատարակութիւնը լոյս պիտի տեսնէր իր մահուան տարին։ 2019-ին «Scholar Select» հրատարակչութիւնը վերահրատարակեց գիրքը, որ ան մնայ ապագայ գիտնականներու տրամադրութեան տակ։ [2]
- [1] Մականուններուն գրելակերպերը փոխուած են ըստ ընտանիքին անդամներէն ոմանց ապրած վայրին. ԱՄՆ ներգաղթելէ ետք եղած է «Ketabgian», Խորհրդային Հայաստան ներգաղթելէ ետք՝ «Քիթաբչյան», Եգիպտոս ներգաղթելէ ետք՝ Գրասէրեան կամ «Kracerian»։
- [2] Mihran K. Kassabian, Rontgen Rays and Electrotherapeutics, Wentworth Press, 2019։
1-2. Գրիգոր Քիթապճեանի Կեսարիոյ տան սեփականութեան վկայական։ Փաստաթուղթին մէջ անունը Գարգուր Քիթապճիօղլու գրուած է։
3. Սեդրակ Քիթապճեանի Կեսարիոյ տան սեփականութեան վկայական։ Փաստաթուղթին մէջ մականունը Քիապճիօղլու գրուած է։
1. Պիթիաս, 1931։ Ձախէն աջ՝ Արթին Քիթապճեան, Պէաթրիս Քիթապճեան (ծնեալ Մաթոսեան), Արփինէ Քիթապճեան, Քնարիկ Քիթապճեան, Հայկ Քիթապճեան եւ Բարսեղ Քիթապճեան այծերու հետ։
2. Պիթիաս, 1931: Արփինէ Քիթապճեան.