Մամիկոնեան ընտանիքը, Երզնկա, 1900-ի շուրջ, ձախին՝ քոյր եւ եղբայր Ծիածան (ծնեալ1884) եւ Հմայեակ (Հերրի) Մամիկոնեաններ (1878-1953) ՝ յենած իրենց մօր Սրբուհիի (Ալատինեան) ուսերուն (1853-1925): Աջին՝ երկու անծանօթներ: Ծիածանն ու Հմայեակը Մ. Նահանգներ կը գաղթեն 1903-ին: Սերբուհին անոնց կը միանայ 1913-ին:

Մամիկոնեան հաւաքածոյ - Մասաչուսեց եւ Նիւ Հէմփշայր, Մ. Նահանգներ

Նիւթերու այս հաւաքածոն մեր տրամադրութեան տակ դրաւ Մարք Ա. Մամիկոնեանը, Պելմոնթ, Մասաչուսեցէն: Անիկա կը պարփակէ նաեւ առարկաներ իր հօրենական մեծհօր եւ մեծմօր՝ երզնկացի Մամիկոնեանու քեսիրիկցի Ասլանեան ըտանիքներէն, ինչպէս նաեւ՝ մօրենական մեծ մեծհօր եւ մեծմօր՝ խարբերդցի Մալեէմէզեան/Սարգիսեան, խարբերդցի Թաշճեանեւ արաբկիրցի Փարունակեան/Փարնակեանընտանիքներէն:

Մարքը երախտապարտ է ընտանիքի այն բոլոր անդամներուն, որոնք լուսանկարներ, առարկաներ եւ տեղեկութիւններ տրամադրեցին այն երկար տարիներուն ընթացքին, երբ ան լծուած էր զանոնք փնտռելու աշխատանքին եւ առանց որոնց՝ ան հազիւ թէ պիտի կարենար պատկերացում մը ունենալ իր ընտանիքին պատմութեան մասին: Այս էջին վրայ տեղադրուած նիւթերը կը ներկայացնեն մօտաւորապէս 150 տարուան ընտանեկան պատմութիւն մը՝ հասնելով մինչեւ 1870-ական թուականները:

1. Մարգրիտ (Պէրպէրեան) Թաշճեան (մօտաւորապէս 1859-1927), ՄարքՄամիկոնեանիմեծ-մեծ մեծմայրը՝իրզաւակներունՄարիամի (ձախին, մօտաւորապէս 1884-1956) եւ Թագուհիի հետ (աջին, մօտաւորապէս 1887-1966), Խարբերդ, 1880:

2. Մարք Մամիկոնեանի մեծ մեծհայրը՝ երզնկացի Գրիգոր Մամիկոնեանը:

Մամիկոնեան ճիւղը

Մամիկոնեան ընտանիքը սերած է Երզնկա քաղաքէն: Ընտանիքին երիցագոյն անդամը, որուն մասին նկարագրական ապացոյցներ կան, Մարքին մեծ մեծհայրն է`Գրիգոր Մամիկոնեանը: Գրիգոր կ'ամուսնանայ Սրբուհի Ալատինեանի հետ, որ զաւակն է Յովսէփին եւ Էսթերին. անոնք կ՚ունենան երկու զաւակներ՝ Հմայեակ (1878-1953), որ Մարքին մեծհայրն է եւ Ծիածան (ծնեալ 1884-ին): Սիւրմէնեանի «Երզնկա» հատորին համաձայն, երկար տարիներ Մամիկոնեանը քաղաքի դպրոցներուն համար փնտռուած տեսուչ էր եւ Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդին մղումով՝ ան քահանայ կը ձեռնադրուի Թիմաքսեան արքեպիսկոպոսին ձեռամբ: Այսուհանդերձ, ուսուցման հեւքը ծանր ազդած էր անոր առողջութեան վրայ, իսկ ձեռնադրութեան առնչուած ծոմապահութեան զրկանքը՝ աւելի եւս կը տկարացնէ անոր մարմինը: Իր առաջին պատարագը կատարելէ ետք, խեղճ մարդը կը վախճանի 45 տարեկան հասակին: Գրիգոր քահանայ Մամիկոնեան կը թաղուի Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ:

Ընտանիքին բանաւոր աւանդութեան համաձայն, Հմայեակ պէտք էր եկեղեցական դառնար հօրը նման, բայց մայրը կը վախնայ, որ ան կրնայ ենթարկուիլ նոյն ճակատագրին ինչպէս իր ամուսինը: Փոխարէնը, Հմայեակ կը դառնայ ուսուցիչ եւ շարք մը շարականներու դասաւանդման իր տետրակները պահպանուած են մինչեւ այսօր: Հմայեակ եւ Ծիածան կը գաղթեն Ամերիկա, ուր կը հասնին 1 Հոկտեմբեր 1903-ին՝ ուղղուելով դէպի Նիւ Հէմփշայր նահանգի Նաշուա քաղաքը: Անոնց մայրը Ամերիկայի մէջ իրենց կը միանայ 1913-ին: Իր կէս դար Մ. Նահանգներու մէջ ապրած կեանքին ընթացքին, Հմայեակ, որ արդէն որդեգրած էր ամերիկեան Հէրի անունը, կ'ապրի Նաշուա, Մասաչուսէց նահանգի Ուսթըր եւ Նիւ Հէմփշայրի նահանգի Մանչեսթըր քաղաքներուն մէջ:

«Վկայական Ուսուցչութեան
«Տեղւոյս Ազգային գաւառական վարչութեան Ուսումնական Խորհուրդս յետ վերահասու լինելոյ կրթական պաշտօնի ընդունակութեանն, Ուսումնական կարողութեանն եւ վարուց ու բարուց մաքրութեանը պ. Հմայեակ Գ. Մամիկոնեանի, ծնեալ յԵրզնկա յամի տեառն 1878՝ կուտայ նմա վկայական Օգնական Ուսուցչութեան, արտօնելով զնա պաշտօնավարել յԱզգային վարժարանս իբրեւ Ուսուցիչ Հայ. Աշխարհիկ լեզուի, պատմութեան եւ թուաբանութեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցական երաժշտութեան եւ Ձայնագրութեան»:

Մարք Մամիկոնեանի մեծհօր եւ մեծմօր Հմայեակ եւ Ճոհար Մամիկոնեանի հարսանեկան դիմանկարը, Սեպտեմբեր 1920-ին, շատ հաւանաբար նկարուած Ուսթըրի մէջ, Մասաչուսեց։

Ձայնագրեալ շարականներու սոյն տետրը պատկանած է Հմայեակ Մամիկոնեանի։ Անիկա կը կրէ 25 Օգոստոս 1897 թուականը եւ գրի առնուած է Երզնկայի մէջ։ Հոս կը գտնենք շարականներուն բառերը իրենց հայկական ձայնանիշերով։ Ձայնագրութեան այս ձեւը կը կոչուի «Լիմոնճեանական նօթագրութիւն», պոլսահայ երաժշտագէտ Պապա Համբարձում Լիմոնճեանի անունով։ Վերջինս, հին հայկական խազագրութեան հիման վրայ, ստեղծեց նօթագրութեան արդի համակարգ մը։ Ակնյայտ է որ Հմայեակ կը տիրապետէր հայկական այս իւրայատուկ նօթագրութեան, որ գործածութեան մէջ էր յատկապէս եկեղեցական երգեցողութեան մէջ։

Շարականներու այլ տետր մը, որ նոյնպէս պատկանած է Հմայեակ Մամիկոնեանի։ Այս մէկը կը կրէ «12/25 Հոկտեմբեր 1902, Երիզա» թուականն ու վայրը։ Տետրին սկիզբը կը գտնենք շարականներու, տաղերու եւ մեղեդիներու ցանկ մը, բաժնուած սիւնակներու։ 
1-Կարգաթիւ, որ կը ներկայացնէ նիւթերու շարքը ըստ էջերուն, 
2-Ձայն, որ կու տայ տուեալ շարականին ձայնեղանակը։ ԱՁ (Առաջին Ձայն), ԱԿ (Առաջին Կողմ), ԲՁ, ԲԿ, ԳՁ, ԳԿ, կամ ԴՁ, ԴԿ։
3-Անուն, որ կու տայ Շարականոցին որ բաժինէն ըլլալը, այսինքն՝ Օրհնութիւն, Հարց, Մեծացուսցէ, Ողորմեա, Տէր յերկնից, Մանկունք, Ճաշու, կամ Համբարձի։ Ոմանք կ՚երգուին գիշերային ժամերգութեան ժամանակ, ոմանք առաւօտեան, ճաշին, կամ երեկոյեան։ 
4-Ցուցակ եւ գլուխ շարականաց, որ կու տայ շարականին անունը (Որ նշանաւ ամենայաղթ, Օրհնեցէք մանկունք զՏէր, եւ այլն)։ 
5-Ցուցակ տաղից եւ մեղեդեաց, կու տայ ցանկը այն տաղերուն, մեղեդիներուն կամ գանձերուն որոնք շարականներ չեն, հետեւաբար կը մտնեն առանձին սիւնակի մը մէջ։ 
6-Անուն եղանակի, որ կու տայ տաղերու եւ մեղեդիներու ձայնեղանակը կամ անոր համապատասխանող արեւելեան անուանումը, ինչպէս հիճազ, հիւզզամ, իւշշագ, Նէվա, Աճէմ, Սապահ, Րաստ, եւ այլն։ 

Ձայնագրեալ շարականներու տետրէն այլ էջ մը։ Փաստօրէն Հմայեակ Մամիկոնեան այս տետրերը Երզնկայէն իր հետ բերած է Միացեալ Նահանգներ։ Անոնք թիւով եօթ են, գրառումներուն թուականները 1897-էն 1902 են։ Պահուած են իր դստեր՝ Փոլլի Մամիկոնեան-Յովսէփեանի կողմէ, որ հետագային յանձնած է Մարք Մամիկոնեանի։

Հմայեակ Մամիկոնեանի պատկանած ձայնագրեալ շարականներու այլ տետր մը, այս մէկը 15 Օգոստոս 1897 թուակիր։

Այլ էջեր Հմայեակ Մամիկոնեանի ձայնագրեալ շարականներու տետրերէն։
Յուշամատեանը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Մովսէս Տէր Գէորգեանին շարականներու տետրերուն վերաբերող մասնագիտական մակագիրները պատրաստելու համար։

Շարականներու գիրք որ պատկանած է Մարք Մամիկոնեանի մեծ մեծհայր Գրիգոր քհնյ. Մամիկոնեանի եւ ստորագրուած է անոր կողմէ։

Հմայեակ Մամիկոնեանի պատկանող մետաղեայ առարկաներ, զորս իր հետ Երզնկայէն բերած է Մ. Նահանգներ։

Ասլանեան ճիւղը

Հմայեակ կ'ամուսնանայ Ազպահար Ք. Արսլանեանի հետ (1889-1918), 17 Ապրիլ 1909-ին, Ուսթըրի մէջ: Անոնք կ'ունենան դուստր մը՝ Ռութ (1910-1959) անունով: Ազպահար, որ անունը կը փոխէ Հելէնի, կը մահանայ 1918-ին՝ ծննաբերութեան ժամանակ, երեխան կը փրկուի: Հմայեակ կը վերամուսնանայ Մարքի մեծմօր՝ Ճոհար Ասլանեան Մամիկոնեանի (1895-1981) հետ, 20 Սեպտեմբեր 1920-ին՝ նախկին խնամիներու տան մէջ, Ուսթըր: Անծանօթ պատճառներով, Ճոհար նոյնպէս անունը կը փոխէ Հելէնի:

Ճոհար ծնած է Քեսիրիկի մէջ, Խարբերդի շրջան: Ծնողները՝ Սարգիս եւ Գոհար (ծնեալ Մարճանեան) Ասլանեան: Ունէր երկու երէց եղբայրներ՝ Խաչատուր եւ Յակոբ, եւ աւելի մեծ քոյրեր՝ Զմրութ եւ Զարթիկ: Յակոբ Մ. Նահանգներ կը գաղթէ Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ: Խաչատուր եւ ծնողները զոհ կ'երթան ցեղասպանութեան: Զմրութ կը յաջողի իր ամուսնին՝ Պետրոս Եաղճեանի եւ զաւակներուն հետ խոյս տալ Ռուսիոյ վրայով եւ, ի վերջոյ, Ամերիկա հասնիլ: Զարթիկ եւ ամուսինը՝ Մովսէս Պարոնեան պատերազմին եւ ցեղասպանութեան ընթացքին կը մնան Քեսիրիկի մէջ եւ հետագային՝ կը փոխադրուին Հալէպ եւ ապա Պէյրութ:

1. Ասլանեան հարսի հագուստի մասնիկ մը: Մարք Մամիկոնեանի մեծ մեծմօր Գոհար (Մարճանեան) Ասլանեանի հարսի հագուստէն ալիքաւոր մետաքսի կտոր մը: 1870-ականներու վերջերը ան կ'ամուսնանայ Սարգիս Ասլանեանի հետ, Քեսիրիկի մէջ: 1970-ի շուրջ, Մարքի հօրաքոյրը՝ Փոլի Մամիկոնեան Յովսէփեան մասեր շրջանակի մէջ առնել կու տայ ընտանիքի անդամներուն համար:

2. Ճորճորեան կտաւի նմոյշ մը: Այս կտաւի կտորը գտնուած է Մարք Մամիկոնեանի հանգուցեալ զարմուհիներուն՝ Զապէլ Ճորճորեանի (1908-2000) եւ Այրին (Ճորճորեան) Մազմանեանի (1910-2007) տան մէջ: Թէեւ նուազ խամրած, բայց անիկա յար եւ նման է մեծ մեծմօր հարսի հագուստին համար գործածուած կտաւին: Զապէլի եւ Այրինի մայրը` Թագուհին (Թաշճեան) Խարբերդէն էր, իսկ անոնց հայրը` Եղիազար Ճորճորեան (1871-1939) Քեսիրիկէն, ուրկէ էին նաեւ Այրինին ամուսինին՝ Օսքար Մազմանեանի ծնողները (1908-2002), ուստի հաւանական է, որ այդ կտաւը եկած ըլլայ Խարբերդի շրջանէն:

Պատերազմէն առաջ Ճոհար ամուսնացած էր Պըչաքճեան մականունով մարդու մը հետ, որ կ'անհետանայ ցեղասպանութեան ժամանակ: 1915-ի ամռան, Ճոհար տեղահանութեան կարաւանով կը հեռացուի Քեսիրիկէն եւ ի վերջոյ կը հասնի Տէր Զօր: Ան այն սակաւաթիւ անձերէն է որոնք կը փրկուին ջարդերէն 1916-ին: Պատերազմէն յետոյ, ան Հալէպի մէջ կ'ամուսնանայ Գրիգոր Մարտիրոսեանի հետ, որ կը կարծուէր թէ այրիացած է: 1919-ին, անոնք կ'ունենան մանչ զաւակ մը՝ Երուանդ: Հետագային, Մարտիրոսեանի կինը որ կը կարծուէր մահացած ըլլալ Ցեղասպանութեան ժամանակ՝ կը յայտնուի ողջ: Ճոհար կը յաջողի կապ հաստատել Ամերիկա՝ եղբօր հետ եւ 1920-ին իր որդիին՝ Երուանդի հետ կը գաղթէ դէպի Մ. Նահանգներ: Երուանդ կը տառապէր գնդաւոր պնդագարութենէ եւ լուսնոտութենէ. կը մահանայ 1952-ին: Հմայեակ եւ Ճոհար կ'ունենան 4 զաւակներ. Օրօրա (1922-2016), Սաթենիկ (Փոլլի, 1924-2014), Գրիգոր (Քերոլլ, 1926-1992) եւ Գոհար (Փըրլ, 1930- ):

Վերի լուսանկարը ցոյց կու տայ խումբ մը տղաք՝ աշակերտներ Քեսիրիկի մէջ, շուրջ 1910-ին: Լուսանկարը մաս կը կազմէ Մարք Մամիկոնեանի երկրորդ զարմիկին՝ Կարպիս Մուշիկեանի հաւաքածոյին, Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա:

Խումբ մը ուսանողներ Քեսիրիկ մէջ, 1910-ի շուրջ: Ձախի սլաքով նշուած երկրորդ աղջիկը Սիրանն է (Փաշոյեան), երկրորդ կինը Նշան Մուշիկեանին՝ Կարպիս Մուշիկեանի հայրը եւ լուսանկարին սեփականատէրը: Աջի սլաքով նշուած երէց աղջիկը, երկար հիւսուածքովմը, կրնայ Մարք Մամիկոնեանի մեծմայրը՝ Ճոհարը ըլլալ:

Մալեէմէզեան (Սարգիսեան) ճիւղը

Կիրակոս (Մալեէմէզեան) Սարգիսեանը (1872-1935) առաջինն է Մարքի անմիջական նախնիներէն, որոնք ձգելով իրենց հայրենի աւանը՝ Խարբերդը կը գաղթեն Մ. Նահանգներ: Սարգիս եւ Աննա (Աճէմեան) Մալեէմէզեաններու որդին՝ Կիրակոսը հաւանաբար Մ. Նահանգներ կը հասնի 1885-ին, բայց վստահաբար 1890-ին՝ հաստատուելով Մասաչուսեց: Մականունը կը փոխէ Սարգիսեանի: 1890-ականներու վերջերը անոր կը միանայ եղբայրը՝ Յակոբը (նոյնպէս կ'որդեգրէ Սարգիսեան մականունը), որ 1900-ի շուրջ արդէն հաստատուած էր Պոսթընի ծայրագոյն հարաւը եւ ճաշարան կը դարձնէր: 1901-ին ան կը ձախողի Պոսթընի Քաղաքային Խորհուրդի անդամ ընտրուիլ, իսկ 1902-ին, Պոսթընի մէջ կ'ամուսնանայ Մարիամ Թաշճեանի հետ: 1906-ին, իր աներձագին՝ Եղիազար Ճորճորեանի եւ ազգականներէն՝ Գէորգ (Մալեէմէզեան) Կիրակոսեանի հետ, ան Ուսթըրի մէջ կը հիմնէ Արեւելեան Պլղուրի Ընկերութիւնը (Oriental Bulgoor Co.), որ 1910-ին մաս կը կազմէ «Արարատ» Նպարեղէնի Ընկերութեան, որուն հիմնադիր տէրերն էին Կիրակոսը, Ներսէս Մ. Թոմասեանը եւ Սարգիս Հ. Ադամեանը: Աննա (Մալեէմէզեան) Սարգիսեանը Մ. Նահանգներ կը հասնի 1923ին: Յայտնի չէ, թէ ե՞րբ մահացած է Սարգիս Մալեէմէզեանը:

Մալեէմէզեան ընտանիքը, Խարբերդ, մօտաւորապէս 1895-ին։ Ձախէն աջ՝ Ճոհար (1894-1907), Աննա (1858-1928), Յովսէփ (ոտքի, 1884-1915), Հանում (նստած, 1890-1986), Սարգիս (թուականները անծանօթ), Յակոբ (մօտաւորապէս 1877-1968): Մարք Մամիկոնեանի զարմիկներէն՝ Հանումի թոռան Ռիչըրտ Երկանեանի հաւաքածոյէն:

Ընտանեկան պատկեր նկարահանուած շուրջ 1890-1891-ին, Խարբերդի մէջ, Սուրսուրեանի կողմէ: Նկարի կեդրոնին աջ կողմը նստած մարդը՝ Մարք Մամիկոնեանի մեծ մեծհայրը՝ Սարգիս Մալեէմէզեանն է, իսկ անոր աջ կողմի ամէնէն ծայրը` անոր կինը Աննան է (ծնեալ Աճէմեան): Հաւանաբար 1870-ին ծնած անոնց երիցագոյն զաւակը՝ Կիրակոսը չ'երեւիր նկարին մէջ, որովհետեւ արդէն Մ. Նահանգներ գաղթած է: Անոր կրտսեր եղբայրը՝ Յակոբ (մօտաւորապէս ծնած 1877-ին, կանգնած է ծնողներուն ետեւ), Մ. Նահանգներ գաղթած է 1890-ականներու վերջերը՝ նոյնպէս իր մականունը փոխելով Սարգիսեանի եւ բնակութիւն հաստատած Պոսթընի շրջանին մէջ: Յովսէփ (մօտաւորապէս ծնեալ 1884-ին) նստած է իր հօր ոտքերուն վրայ: Ան կը ձերբակալուի Մայիս 1915-ին եւ կը սպաննուի: Հանում (մօտաւորապէս ծնեալ 1890-ին) նստած է ծնողներուն միջեւ: Ան Մ. Նահանգներ կը գաղթէ 1913-ին եւ կը հաստատուի Ուոթըրթաունի մէջ: Լուսանկարին ձախ կողմը գտնուող ընտանեկան խումբին ինքնութիւնը անծանօթ է:

Լուսանկարին մէջ երեւցող չափահասը Մարք Մամիկոնեանի մեծ մեծհօր` Սարգիս Մալեէմէզեանի եղբայրը՝ Գրիգոր Մալեէմէզեանն է: Չափահաս կինը անոր երրորդ կինն է՝ Նազելին: Կանգնած երեք աղջիկները անոնց դուստերն են՝ Աղաւնին, Մարիամը եւ Արուսեակը: Մանուկը Սուրէն Սեմոնեանն է՝ Գրիգորի դուստր Զապէլի որդին (Զապէլ չ'երեւիր նկարին մէջ): Պատկերին մօտաւոր թուականը՝ 1902-1903-ի միջեւ, նկարահանուած՝ Խարբերդի մէջ: Աղբիւր` Մարքի զարմիկ՝ Գրիգոր Մալեէմեզէանի ծոռ՝ Մանուկ Ս. Եանկի հաւաքածոյ: Այս վերջինը ներկայիս մաս կը կազմէ NAASR-ի արխիւին։

Յովսէփ Մալեէմէզեան, մօտաւորապէս ծնած 1884-ին, Խարբերդի մէջ, ձերբակալուած եւ սպաննուած է 1915-ի գարնան: Այս պատկերը նկարահանուած է Խարբերդի մէջ, 1913-ին, Սուրսուրեան եղբայրներու կողմէ: Անիկա ձօնուած է քրոջը՝ Հանումին եւ հաւանաբար յանձնուած է անոր 1913-ին՝ Խարբերդէն Ամերիկա ճամբորդելուն առիթով: Աղբիւր` Մարքի զարմիկի՝ Հանումի թոռ՝ Ռիչըրտ Երկանեանի հաւաքածոյ:

Խարբերդ, 1900-ի շուրջ, հաւանաբար Խարբերդի Կեդրոնական վարժարանի աշակերտներն ու ուսուցիչները (Ս. Յակոբ, Վերին Թաղ): Ետեւի շարքին աջէն երկրորդը` Սողոմոն Մալեէմէզեանն է, հետագային՝ Սողոմոն Եանկ (1888-1966), երկրորդ զարմիկ մը, որ երկիցս տեղափոխուած է Մարք Մամիկոնեանի մօտ եւ ան Հայկական Ուսումնասիրութեանց եւ Հետազօտութիւններու Ազգային Ընկերակցութեան (NAASR)հիմնադիր նախագահ Մանուկ Ս. Եանկի հայրն է: Նստած ձախէն երկրորդը հաւանաբար գրող եւ մանկավարժ Թլկատինցին (Յովհաննէս Յարութիւնեան) է: Աղբիւր` Մանուկ Ս. Եանկի հավաքածոյ:

1. Յակոբ եւ Յովսէփ Մալեէմեզեան/Սարգիսեան՝ Մարք Մամիկոնեանի մեծ մեծհօր Կիրակոս Սարգիսեանի եղբայրները, 1913-ին, Խարբերդի մէջ: Լուսանկարը՝ Սուրսուրեան Եղբայրներ: Պարապ աթոռը կրնայ վերապահուած ըլլալ իրենց բացակայ եղբօր Կիրակոսի:

2. Քենի Ֆլորա (Միսիրլեան) Սարգիսեան, Հանում Մալեէմէզեան/Սարգիսեան եւ Նարդուհի (Թիւֆենքճեան) Մալեէեմէզեան/Սարգիսեան, Խարբերդ, 1913-ին: Ֆլորան կ'ամուսնանայ Յակոբ Սարգիսեանի հետ՝ անոր Խարբերդ վերադարձին: 1913-ին երբ Պոսթըն կը վերադառնայ՝ իր հետ կը տանի նոր կինը եւ քոյրը՝ Հանումը:

3. Աննա (Աճէմեան) Մալեէմէզեան/Սարգիսեան, Մարք Մամիկոնեանի մեծ մեծ մեծմայրը եւ անոր թոռնուհին՝ Անժէլ Մալեէմէզեան/Սարգիսեանը, Խարբերդ, 1913-ին: Աննան մօտաւորապէս ծնած է 1858-ին, Խարբերդի մէջ: 1923-ին կը գաղթէ Մ. Նահանգներ եւ 1928-ին կը մահանայ Պոսթընի մէջ: Անժէլը, ծնեալ 1912-ին, Յովսէփի եւ Նարդուհիի (Թիւֆենքճեան) երիցագոյն զաւակն էր: Ան կը մահանայ Պէյրութի մէջ, 1939-ին:

Մալեէմէզեան/Սարգիսեան ընտանիքի անդամներ, Խարբերդ, 1913-ին: Ոտքի՝ ձախէն աջ Ֆլորա (Միսիրլեան) Սարգիսեան (1895-1986), Հանում Մալեէմէզեան/Սարգիսեան (1890-1986), Նարդուհի (Թիւֆենքճեան) Մալեէմէզեան/Սարգիսեան (մահացած 1972-ին): Նստած` Յակոբ Սարգիսեան (Ֆլորային ամուսինը), Աննա (Աճէմեան) Սարգիսեան, Յովսէփ Մալեէմէզեան (Նարդուհիին ամուսինը): Առջեւի կարգ նստած՝ Յովսէփի եւ Նարդուհիի դուստրը՝ Անժէլ Մալեէմէզեան/Սարգիսեան:

Յովսէփ Աճէմեանի յուղարկաւորութիւնը, մօտաւորապէս 1905-ին: Մարք Մամիկոնեանի մեծ մեծ մեծհօր Յովսէփ Աճէմեանի մահուան սնարին պատկերը, Խարբերդի մէջ, մօտաւորապէս 1905-ին: Հանգուցեալին գլխուն ետեւ ծունկի եկած է անոր դուստրը՝ Աննա (Աճէմեան) Մալեէմեզէանը: Դագաղին ոտքերուն կողմը նստած են Աննային դուստրերը՝ Ճոհարը (թեթեւ մազերով) եւ Հանումը (գոց գոյն մազերով): Աննային որդին `Յովսէփ Մալեէմէզեանը կանգնած է դագաղին կողքին. անոր առջեւ տեղադրուած է լուսանկար մը, ուր կ'երեւի իր եղբայրը՝ Մարք Մամիկոնեանի մեծ մեծհայրը՝ Կիրակոսը (Աղբիւրը` Հանումի թոռ` Ռիչըրտ Երկանեանի հաւաքածոյ):

1. Կիրակոս (Մալեէմէզեան) Սարգիսեան: Այս նկարը Մարքին մեծ մեծհօր ամէնէն հին ծանօթ պատկերն է, որ նկարահանուած է Պոսթընի Էլմըր Չիքըրինկ լուսանկարչատան մէջ, հաւանաբար, 1890-ի շուրջ:

2. Սարգիսեան ընտանիքը, մօտաւորապէս 1908-ին: Ծնողներ Կիրակոս եւ Մարիամ Սարգիսեանները եւ զաւակները (ձախէն աջ)՝ Սիրանոյշը (Մարք Մամիկոնեանի մեծմայրը), Սարգիսը եւ Զապէլը: Լուսանկարը` Մարգարեան լուսանկարչատան կողմէ, Ուսթըր, Մասաչուսէց:

Սարգիսեան ընտանիքները 1920-ականներու վերջաւորութեան: Ձախ կողմը, ոտքի, Անն Սարգիսեան, Սարգիս Սարգիսեան, անոնց հայրը` Յակոբ Սարգիսեան, նստած առջեւի շարք, ձախ կողմը՝ անոնց մայրը՝ Ֆլորա Սարգիսեան եւ Ժոզէֆ Սարգիսեան: Աջ կողմը, ոտքի՝ Սարգիս Սարգիսեան, Սիրանոյշ Սարգիսեան, անոնց հայրը՝ Կիրակոս Սարգիսեան, Զապէլ Սարգիսեան: Նստած առջեւը՝ անոնց մայրը՝ Մարիամ Սարգիսեան: Կեդրոնը նստած` Անժէլ Սարգիսեան, դուստրը Խարբերդցի Յովսէփ Սարգիսեանին, որ եղբայրն է Կիրակոսին եւ Յակոբին, սպաննուած՝ 1915-ին:

Թաշճեան ճիւղը

Մարիամ Թաշճեան (1884-1956) ծնեալ Խարբերդ, զաւակը Կարապետ Մ. Թաշճեանի (1855-1912) եւ Մարգրիտի (Պէրպէրեան) (1859-1927): Մարիամ իր ծնողներուն, քրոջը՝ Թագուիի (1887-1966) եւ եղբօրը՝ Միհրանի (1894-1975) հետ 1897-ին կը գաղթէ Մ. Նահանգներ եւ բնակութիւն կը հաստատէ Մասաչուսեցի մէջ: 1902-ին, Մարիամ կ'ամուսնանայ Կիրակոս Սարգիսեանի հետ եւ անոնք կ'ունենան երեք զաւակներ՝ Սիրանոյշ (1903-1991), Մարքի մեծ մայրը՝ Զապէլ (1905-1994) եւ Սարգիս (1907-1995):

Մարք Մամիկոնեանի մեծ մեծ մեծհօր խարբերդցի Կարապետ Մ. Թաշճեանի օսմանեան անցագիրը:

1. Մարգրիտ (Պէրպէրեան) Թաշճեան (մօտաւորապէս 1859-1927), Մարք Մամիկոնեանի մեծ մեծ մեծմայրը, դիմապատկերը նկարահանուած Մարգարեան լուսանկարչատան կողմէ, Ուսթըր, Մասաչուսէց, հաւանաբար՝ 1900-ականներու սկիզբը: Մարգարիտը դուստրն էր Ղուկաս Պէրպէրեանի. անոր մօր անունը ծանօթ չէ:

2. Մարիամ (Թաշճեան) Սարգիսեան, 1900-ականներու սկիզբը, Կիրակոս Սարգիսեանի հետ ամուսնութեան օրերուն (1902):

Աթոռին վրայ ձախին նստած է Մարք Մամիկոնեանի մեծ մեծ մեծմայրը` Մարգրիտ Թաշճեանը: Անոր դուստրերը՝ Մարքին մեծ մեծմայրը Մարիամը եւ մեծ մեծ մօրաքոյրը Թագուհին, կանգնած են ետեւի կողմը: Անոնց եղբայրը՝ Միհրանը նստած է ձախ կողմը գետինը: Նկարին մէջ գտնուող մնացեալ անձերուն ինքնութիւնը չէ ստուգուած. անոնք ենթադրաբար ազգականներ են: Պատկերը հաւանաբար նկարահանուած է Ուոթըրթաունի մէջ, Մասաչուսէց, 1900-ի շուրջ:

Փարունակեան ճիւղը

Մարքին մօրենական մեծհօր հայրը` Արտաշէս Փարունակեան (1871-1929) եւ մայրը՝ Մարիամ (Էմանաթեան) (1885-1973) ծնած են Արաբկիր: Արտաշէս զաւակն էր Մանուկ (ծնեալ շուրջ 1840ին) Փարունակեանի եւ Տասթայի (ծնեալ Էճահարեան, 1852ի շուրջ): Արտաշէս 1892-ին կը գաղթէ Մ. Նահանգներ, ուր 1904-ին, Ֆիլատէլֆիոյ մէջ կ'ամուսնանայ Մարիամին հետ: Անոնք կը տեղափոխուին Լորէնս, Մասաչուսէց, ուր բազմաթիւ այլ հարազատներ կ'ապրէին: Մարքին մեծհայրը՝ Արամ (1905-1983) ծնած է հոն, ինչպէս նաեւ եղբայրը `Եզնիկ (1906-1996): Ընտանիքը Պոսթըն կը փոխադրուի 1912-ի շուրջ, ուր կը ծնի նաեւ այլ զաւակ մը՝ Սիրվարդ (1917-1983):

Մարքին մօրենական մեծհայրն ու մեծմայրը` Արամ Փարնակեան/Փարունակեան եւ Սիրանոյշ Սարգիսեան իրարու կը հանդիպին 1934-ին, Պոսթընի մէջ, ուր նաեւ կ'ամուսնանան: Անոնք կը փոխադրուին Տովըր, Նիւ Հէմփշայր, ուր կը ծնի Մարքին մայրը` Էվըլին (1937-) եւ մօրաքոյրը` Էլէն (1940-):

Փարունակեան ընտանիքի անդամներ Արաբկիրի մէջ, մօտաւորապէս 1892-ին: Վերջընթեր կարգի ձախէն երրորդ կինը Մարք Մամիկոնեանի մեծ մեծ մեծմայրը՝ Տասթա Փարունակեանն է (ծնեալ Էճահարեան): Ան Մարքին մօրենական մեծհօր Արամ Փարնակեան/Փարունակեանի հօրենական մեծմայրն է:

Փարունակեան ընտանիքը, 1910-ի շուրջ: Նստած, Մարք Մամիկոնեանի մեծ մեծհայրը` Արտաշէս Փարունակեան:  Ոտքի, ձախէն աջ, Մարքին մեծհայրը՝ Արամը (որ հետագային մականունը կը կրճատէ Փարնակեանի), Մարքին մեծ մեծմայրը՝ Մարիամ (Էմանաթեան) Փարունակեան եւ մեծ մեծհօր եղբայրը՝ Եզնիկ Փարունակեան: