1922-ի շուրջ, գաղթականները կը մեկնին Թուրքիայէն։ (Լուսանկարը սիրայօժար տրամադրած է ԱՄՆ մենոնական եկեղեցիի արխիւը, Էլքհարթ, Ինտիանա)

Նելլի Միլեր Մանն արխիւ

Հեղինակ՝ Ռոզմէրի Ռասէլ

Պատկեր հերոսութեան

Կը վստահեցնեմ ձեզի, բարեկամնե՛ր, եթէ դուք ըլլայիք հոն` տեղւոյն վրայ, եւ ինծի պէս դուք ալ այդ պայմաններուն ականատեսը ըլլայիք, դուք ալ այլ բան պիտի չանուանէիք, քան արիութիւն կամ հերոսութիւն։ Ի տես յուսահատ եւ մահացող բազում կեանքերի՝ սեփական կեանքը թանկագին սեպելը գերագոյն անարիութիւն պիտի ըլլար։ [1]

Այս խօսքերը կը պատկանին Նելլի Միլեր Մաննին, որ 1921-1923 Պէյրութի մէջ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց կոմիտէի քարտուղարուհին էր։ Ինտիանա նահանգի Կոշէն քաղաքի «Կոշէն քոլեճ» կոչուող համալասարանի շրջանաւարտ Նելլին գործին լծուած էր քարտուղարուհիի համեստ պաշտօնով՝ պատրաստ սղագրութեամբ եւ մեքենագրութեամբ իր մասնակցութիւնը բերելու «աշխարհի պատմութեան մէջ մանուկներու բարօրութեան ուղղուած ամենախոշոր [նախաձեռնութեան][2]։ Իր վերադասը եղած բազում գանձապահներու շարքին էին մենոնական Ռէյ Ֆ. Պէնտէրը եւ «Մարաշի առիւծները» գիրքի հեղինակ Սթանլի Քէրը։

Գրասենեակի հաշուապահութիւնը եւ թղթակցութիւնն ու գրագրութիւնը ժրաջան կերպով վարելէ բացի, Նելլին արթնամտութիւնը ունեցած էր Նպաստամատոյցի մէջ իր պաշտօնավարութիւնը ժամանակին ընդդէմ լուսանկարներու միջոցով արձանագրելու. լուսանկարելը Նելիի սիրած զբաղումն էր։ Լուսանկարները կը գործածէր Ամերիկայի իր ընկերները եւ ընտանիքը անդամները իրազեկ դարձնելու իր տեսած իրավիճակներուն մասին, ինչպէս նաեւ իր պաշտօնակիցներուն եւ վերապրողներուն իրեն պատմած կացութիւններուն մասին։ Իր միտքէն անգամ չէր անցներ, որ իր նկարած լուսանկարները պիտի օգնէին հաստատելու հայ, յոյն եւ ասորի գաղթականներու դիմագրաւած տեւական ողբերգութիւնը։

Նելլի Միլերը հասակ առած էր Էլքհարթի մէջ (Ինտիանա նահանգ), յաճախեր էր Փրէրի փողոցին վրայ գտնուող մենոնական եկեղեցին։ Կոշէն քոլէճէն շրջանաւարտ եղած էր 1921-ին։ Կրնայ անհաւանական թուիլ, որ երիտասարդ քարտուղարուհի մը յետոյ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մարդասիրական գործունէութիւն ծաւալէր, բայց պէտք չէ մոռնանք Նելլիի եւ այլ մենոնականներու Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք կեանքեր եւ քաղաքներ վերակերտելու օգնելու մղումը։

Պատերազմէն տուժածներու օգնութեան մենոնական յանձնախումբը կազմուած էր Նելլիի ծննդավայր Ինտիանա նահանգի Էլքհարթ քաղաքին մէջ 1917-ին։ Նպատակը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մենոնական բարեսիրական առաքելութիւն հիմնելն էր։ Տեղւոյն վրայ կատարուած այց մը սակայն բացայայտ դարձուցած էր, որ գոյութիւն ունեցող ենթակառոյցը ըստ պատշաճի կը սատարէր արդէն ծաւալուող նպաստամատոյց գործունէութեան։ Հետեւաբար, Մենոնական եկեղեցին աւելի խոհեմ համարած էր անկախ գործունէութիւն մեկնարկելու փոխարէն Ամերիկեան նպաստամատոյցին հետ համագործակցիլը։ [3]


1) 1922-ի շուրջ
Կարաւանը որբերը կը տանի Թուրքիայէն դէպի Լիբանանի որբանոցները։ Այս խորհրդանշական պահը ամենայն հաւանականութեամբ Ամերիկեան նպաստամատոյցի աշխատակից մը անմահացուցած է։
(Լուսանկարը սիրայօժար տրամադրած է ԱՄՆ մենոնական եկեղեցիի արխիւը, Էլքհարթ, Ինտիանա)
2) 1922-ի շուրջ
Գաղթականները կը մեկնին Թուրքիայէն։
(Լուսանկարը սիրայօժար տրամադրած է ԱՄՆ մենոնական եկեղեցիի արխիւը, Էլքհարթ, Ինտիանա)

Այն փաստը, որ այս բարեսիրական յանձնախումբը ծնունդ առած էր Էլքհարթի մէջ մեզի կը յիշեցնէ հիւսիսային եւ կենտրոնական ինտիանացի բազմաթիւ միսիոնարներու զօրակցութիւնը, սկսեալ 1898-էն Ռոուզ Լամպերթի գործունէութեամբ։ Լամպերթը հիմնած էր Հաճնոյ (Թուրքիա) Բողոքական որբանոցը եւ առաքելութիւնը։ Ռոուզի քոյրը՝ Նորան, պզտիկ տարիքին յաճախած էր Նելլիին եկեղեցին եւ ինքն ալ Կոշէն քոլէճ դասերու հետեւած էր։ 1914-ի վերջաւորութեան, երբ սկիզբ առած էր պատերազմը, ամբողջ Էլքհարթը կը սպասէր Նորային՝ Էւերէկէն (Թուրքիա) իր վտանգաւոր փախուստէն ետք ապահով տուն վերադարձած ըլլալու լուրին։[4] Այս սարսափելի օրերէն հազիւ հինգ տարի առաջ Նորայի մեծ քոյրը՝ Ռոուզը բոլոր լրատուականներու առաջին լուրի նիւթը եղած էր Հաճընի պաշարման ժամանակ (1909-ին), երբ հակահայ ջարդեր բռնկած էին Ատանայի վիլայէթի ամբողջ տարածքին։ [5]

Լամբերթ քաջ քոյրերէն բացի, կար նաեւ էլքհարթցի Ատէլին Պրունքը։ Պրունքը Հաճըն ժամանելէ վեց շաբաթ ետք պիտի մահանար։ Հենրի Մաուրերը՝ Ահանայի կոտորածներուն սպաննուած երկու ամերիկացիներէն մէկը, Հաճըն երթալէ առաջ Կոշէն ապրած էր։ Մօտակայ Սաութ Պէնտ քաղաքի բնակչուհի Քաթրին Պրետեմուսը նոյնպէս հիւսիսային ինտիանացի միսիոնար մըն էր, որ Բողոքական որբանոցին ու առաքելութեան ճամբով նպաստամատոյց ծառայութիւն պիտի մատուցանէր որբերու Հաճընի եւ Կիպրոսի մէջ։

Երբ Նելլին տասնչորս տարեկան էր (1911-ին) Փրէրի փողոցի մենոնական եկեղեցին բանախօսութեան համար հիւրընկալած էր Ռոուզ Լամպէրթը եւ անոր հիւրը՝ Ատանայի նախկին առաջնորդ Մուշեղ սրբազան Սերոբեանը։ Ըստ տեղւոյն լրագիրին՝ Էլքարթ քաղաքը «այդ տարիներուն մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէր հայերու բարօրութեան հանդէպ» եւ յոյս ունէր որ «Սերոբեան սրբազանը տեսնելու եւ անոր խօսքը լսելու […] հնարաւորութիւնը, որ ունեցած էին», չխամրող տպաւորութիւն պիտի գործէր։ [6] Ինը տարի անց (1920-ին), Քաթրին Պրետեմուսը, որ զինադադարէն ետք Հաճըն վերադարձած էր, ստիպուած եղած էր հոն մնալու այդ հայկական քաղաքին վերջին եւ ճակատագրական մաքառման օրերուն։ «South Bend Times»-ը այս հոգեխռով լուրերը պիտի արծարծէր իր էջերուն մէջ։ [7] Այդ օրերուն Պրետեմուսը հայրենի տուն վերադարձած հաճընցի որբերով կը զբաղէր։

Թերեւս իր եկեղեցիին 1911-ին կազմակերպած ձեռնարկները խորունկ տպաւորութիւն գործած էին Նելլիի վրայ։ Եւ վստահաբար հայ որբերուն հասնելու Էլքհարթ քաղաքի աւանդոյթը եւ ինտիանացի բազմաթիւ միսիոնարներու գոյութիւնը կարեւոր դեր ունեցած էր որպէս նպաստամատոյց գործիչ Մերձաւոր Արեւելք երթալու իր որոշումին մէջ։

Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտին, գրաւուած Կիլիկիոյ ֆրանսական իշխանութիւններու որոշումով հայ մանուկներու որբահաւաք եւ հայրենադարձ կազմակերպուած էր. բազմաթիւ որբեր զիրենք [գերեվարած կամ որդեգրած] թուրք, քիւրտ կամ արաբ ընտանիքներէն վերադարձուած էին հայրենի քաղաք։[8] Նելլիին Պէյրութ ժամանումը 1921-ին միայն մի քանի շաբաթով նախորդած էր Անգարայի դաշինքի կնքումին եւ անոր համաձայն Կիլիկիոյ պարպումին, երբ Ֆրանսան Թուրքիոյ պիտի զիջէր ճիշդ այն հողերը, ուր որբերը վերադարձած եւ բնակութիւն հաստատած էին 1919-ին։[9]


Խումբ մը այնթապցի որբեր կը սպասեն, որ Ղազիր փոխադրեն զիրենք։
(Լուսանկարը սիրայօժար տրամադրած է ԱՄՆ մենոնական եկեղեցիի արխիւը, Էլքհարթ, Ինտիանա)

1921-ի նոյեմբերին, թուրք-ֆրանսական դաշինքին յաջորդած ամսուան ընթացքին, Նելլիին նամականին կը սկսի արձանագրել Թուրքիայէն փախող գաղթականներու մեծ ալիքները։ 1922-ի իր նամակները ահագնացող մտահոգութիւն կ’արձանագրեն Այնթապի, Մարաշի, Մարտինի, Տիարպէքիրի, Ուրֆայի եւ Խարբերդ/Հարփութի շուրջ 7000 որբերու ճակատագիրով։ «Տակաւին 1200 որբ կայ Մարաշի մէջ»,- կը գրէ Նելլին փետրուար 19-ին։[10] Ապրիլի կէսերուն 300 մարաշցի եւ 130 ուրֆացի որբ ապահով տեղահանուած էին։ Թրքական կառավարութիւնը չէր արտօնած մանուկներու զանգուածային տեղահանութիւնը, ուրեմն նպաստամատոյց գործիչները ստիպուած էին «քաղաքը լքող իւրաքանչիւր ընտանիքի հետ մի քանի որբ ղրկելու»,- կը բացատրէր Նելլին աւելի վաղ գրուած նամակի մը մէջ։[11] Ի վերջոյ թրքական կառավարութիւնը պիտի արտօնէր բոլոր հայ որբերու մեկնումը, որոշում մը, որ որբերու զանգուածային տեղափոխութիւնը պիտի մեկնարկէր։

Ըստ Նելլիին բեռնատար մը Ուրֆայէն, ուր հաւաքուած էին այլ որբակայաններու որբերը, Ճերապլուս կը բերէր մանուկները։ Մի քանի անգամ պէտք կ'ըլլար կատարել ճամբորդութիւնը, որովհետեւ բեռնատարը միաժամանակ միայն քսան որբ կրնար փոխադրել։ Ճերապլուսի մէջ պզտիկները Հալէպ գացող շոգեկառքը կը բարձրանային։ Հալէպ հասնելով կը քնանային մինչեւ առտուան ժամը 5:00-ի Պէյրութ մեկնող շոգեկառքը բարձրանալը եւ կէս գիշերին հազիւ կը հասնէին Պէյրութ։ Օր օրի ետեւէ Նպաստամատոյցի աշխատողները կը դիմաւորէին պաշարումէ նոր ազատած այս մանուկները եւ զանոնք կը տանէին Ղազիրի որբանոցը (Լիբանան)՝ առժամեայ կարգադրութեամբ մը[12]։

Հազարաւոր հայ որբերու ապահով փոխադրութեան ամեհի պարտականութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց ապաստան տալու, զանոնք կրթելու եւ մեծցնելու քաջարի աշխատանքը թրթռուն կերպով ժամանակագրուած են Նպաստամատոյցի Պէյրութի գրասենեակի գանձապահի զգայուն եւ խորաթափանց միտքի տէր քարտուղարուհիին կողմէ։ Նելլին թէ կը լուսանկարէր եւ թէ կ’երեւակայէր իր հաւաքածոյին 200-է աւելի լուսանկարները (տեղւոյն վրայ գէշ-աղէկ պատշաճեցուած մութ սենեակի մը մէջ)։ Թէեւ Թուրքիոյ տարածքին չէր ճանապարհորդած, իրեն կը պարտինք Թուրքիոյ խորքերը գտնուող կայաններու մէջ ուրիշներուն լուսանկարած պատկերներու ապահով պահպանումը։

Վերջերս Տաւիտ Մաննը իր մայրը պիտի մեծարէր հետեւեալ խօսքերով. «Տաղանդաւոր եւ խոնարհ անձ մըն էր ան, որ ունէր մեծ կարիքի մէջ յայտնուած խումբ մը մարդոց ծառայելու նուիրում եւ ցանկութիւն։ Այն փաստը, որ ան հօրս նշանուած ըլլալով մէկտեղ մեկնած է [Պէյրութ], շատ բան կ’ըսէ ծառայելու եւ առաքելութեան հաւատալու իր ոգիին մասին։»

Այս որբերը մեկուսացուած են, միչեւ բուժուի իրենց գոնջը, որ գանկի մորթի սնկախտի սուր տեսակ մըն է։ Ամերիկեան նպաստամատոյցի գործածած շէնքերը նախքան պատերազմը հայ որբերու գերմանական որբանոցներ եղած են։ Լուսանկարը նկարած է Հ. Պ. Մք Աֆին, որ Պէյրութի մէջ Ամերիկեան նպաստամատոյցի կառավարիչ-տնօրէնն էր։
(Լուսանկարը սիրայօժար տրամադրած է ԱՄՆ մենոնական եկեղեցիի արխիւը, Էլքհարթ, Ինտիանա)

Միասին խաղացող որբերու այս լուսանկարը կրնայ ըլլալ որ Նելլիին Պէյրութ հասնելէն առաջ նկարուած ըլլայ։
(Լուսանկարը սիրայօժար տրամադրած է ԱՄՆ մենոնական եկեղեցիի արխիւը, Էլքհարթ, Ինտիանա)

Ամերիկեան նպաստամատոյցը զբաղած է հազարաւոր հայ որբերու փոխանցիկ հիւանդութիւններու դարմանումով։ Որբերը թերսնման եւ աղքատութեան բերումով ոջիլ կ’ունենային (գլխու եւ մարմինի), գոնջ (գանկի մորթի սուր սնկախտ), քոս (անընդհատ քերուըտուք) եւ աչքի մանրախտ (trachoma, աչքի վարակիչ հիւանդութիւն մը)։ Այս լուսանկարին մէջի որբերուն, նախքան Սուրիայի որբանոցներէն մէկուն մէջ զանոնք տեղաւորելը, պիտի տրուէր լոգանք, մաքուր հագուստներ եւ բժշկական դարմանում։
(Լուսանկարը սիրայօժար տրամադրած է Մանն ընտանիքը)

Որբերը կը բեռնաթափեն Պէյրութէն եկած Ամերիկեան նպաստամատոյցի բեռնատարը։ Այս այցէն ետք Նելլին իր նշանածին պիտի գրէր. «Կը կասկածիմ որ կրնաս Ամերիկայի մէջ գտնել [մանչերու] խումբ մը, որոնք Ժպէյլի (Պիպլոսի) եւ Անթիլիասի մէջ մեր ունեցածներէն որեւէ ձեւով աւելի առնական են, աւելի յարգալից են, աւելի ձեռներէց եւ աւելի խելացի են։
(Լուսանկարը սիրայօժար տրամադրած է Մանն ընտանիքը)

1) Հեռուն երեւցող կառոյցը Թռչնոց բոյնն է (Լիբանանի հարաւը կը գտնուի)։ Ժամանակին փաշայի մը պերճ ապարանքը եղած այս շէնքը յետագային պիտի վերածուէր որբանոցի, ուր Մարիա Եաքոպսոնը ամենափոքր տարիքի (մինչեւ 9 տարեկան) 400 որբի ապաստան ու գուրգուրանք պիտի տար։ Նելլին շատ կը սիրէր այցելել Թռչնոց բոյն։
(Լուսանկարը սիրայօժար տրամադրած է Մանն ընտանիքը)
2) Հայ որբերը Լեռնալիբանանի Շեմլան գիւղ կիրակնօրեայ դպրոցի ճամբուն։ Մարթա Ֆրիրսոնը, որ տարիներով որբանոց մը վարած էր Այնթապի մէջ, այս մանչերուն պատասխանատուն էր։
(Լուսանկարը սիրայօժար տրամադրած է Մանն ընտանիքը)

Մարիա Եաքոպսոնի վարած Թռչնոց բոյնին մէջ ապրող աշխատակիցները եւ 400 որբուհիները։
(Լուսանկարը սիրայօժար տրամադրած է Մանն ընտանիքը)

1) Նելլին Նպաստամատոյցի Պէյրութի գրասենեակի իր գրասեղանին նստած։
(Լուսանկարը սիրայօժար տրամադրած է Մանն ընտանիքը)
2) Նելլին նամակ կը գրէ, թերեւս իր նշանածին՝ Քլիօ Մաննին, որուն դիմանկարը իր դիմացն է։
(Լուսանկարը սիրայօժար տրամադրած է Մանն ընտանիքը)

Հեռուն երեւցող կառոյցը Թռչնոց բոյնն է (Լիբանանի հարաւը կը գտնուի)։ Ժամանակին փաշայի մը պերճ ապարանքը եղած այս շէնքը յետագային պիտի վերածուէր որբանոցի, ուր Մարիա Եաքոպսոնը ամենափոքր տարիքի (մինչեւ 9 տարեկան) 400 որբի ապաստան ու գուրգուրանք պիտի տար։ Նելլին շատ կը սիրէր այցելել Թռչնոց բոյն։
(Լուսանկարը սիրայօժար տրամադրած է Մանն ընտանիքը)

1) եւ 2) Մարիա Եաքոպսոնը մանուկները աղբիւրի ջուրով կը լոգցնէ։ Եաքոպսոնը միշտ ուշադիր էր, որ որբերը մաքուր-կոկիկ ըլլային՝ մազերը սանտրուած, հագուստները լուացուած-մաքուր, ձեռքերը եւ երեսները լուացուած։
(Լուսանկարները սիրայօժար տրամադրած է Մանն ընտանիքը)
3) Նելլին եւ որբանոցի աշխատակիցներէն մէկը կը հսկեն պատշգամին վրայ մատուցուած ճաշին։ (Լուսանկարը սիրայօժար տրամադրած է Մանն ընտանիքը)

Ամէն առտու ժամը 5:00-ին աղջիկներուն զարթնումի ժամն էր։ Մեծ որբուհիները պարտականութիւն ունէին նախաճաշին համար խսիրները փռելու եւ թիթեղէ ամանները եւ դգալները շարելու։
(Լուսանկարը սիրայօժար տրամադրած է Մանն ընտանիքը)

Նելլին այցելութեան եկած էր Թռչնոց բոյն, երբ բեռնատար մը Մաամըլթէինի (Պէյրութի հիւսիսը գտնուող) Ամերիկեան նպաստամատոյցի որբանոցի մանչերուն այս մանկական հեծանիւները բերած էր։ Ձախին կեցած կինը Մարիա Եաքոպսոնն է, որուն մասին Նելլին կ՚ըսէր թէ «մայրական մեծ սիրտ» ունէր։
(Լուսանկարը սիրայօժար տրամադրած է Մանն ընտանիքը)

Մարիա Եաքոպսոնը (ձախին) եւ Նելլին (աջին)։ Մարիա Եաքոպսոնը շրջապատուած է եօթը որբուկներով, որոնցմէ մէկը պաչիկ կու տայ իրեն։ Ըստ Նելլիին, Մարիա Եաքոպսոնը հաւասարապէս կարգ ու կանոն պահանջող եւ գուրգուրանք տուող հոգեմայր մըն էր։
(Լուսանկարը սիրայօժար տրամադրած է Մանն ընտանիքը)

Աննան Նելլիին գիրկն է, Իպրահիմը անոր աջին է։ Ամեն յետմիջօրէ մի քանի որբ կարգով ժամանակ կ’անցընէին շքեղ պարտէզին մէջ՝ մոլոշավարդերով, ծաղկած նռնենիներով, վարդերով, մանուշակներով, մարգարտածաղիկներով, լալաներով եւ բուսական ու կենդանական աշխարհի բազմաթիւ այլ ներկայացուցիչներով շրջապատուած։
(Լուսանկարը սիրայօժար տրամադրած է Մանն ընտանիքը)

1923, Թռչնոց բոյն, Սայտա/Սիտոն

1) եւ 2) Ձախին՝ Իպրահիմը, աջին հեռուն՝ Աննան։ Ամեն յետմիջօրէ, մի քանի որբ կարգով ժամանակ կ’անցընէին շքեղ պարտէզին մէջ՝ մոլոշավարդերով, ծաղկած նռնենիներով, վարդերով, մանուշակներով, մարգարտածաղիկներով, լալաներով եւ բուսական ու կենդանական աշխարհի բազմաթիւ այլ ներկայացուցիչներով շրջապատուած։
(Լուսանկարը սիրայօժար տրամադրած է Մանն ընտանիքը)
3) Նելլին (ձախին) որբանոցին յարակից գեղեցիկ պարտէզին մէջ։
(Լուսանկարը սիրայօժար տրամադրած է Մանն ընտանիքը)

Նելլին որբուկի մը հետ մէկ ոտքին ապա միւս ոտքին վրայ ցատկռտելու խաղը կը խաղայ գեղատեսիլ գաւիթին մէջ։
(Լուսանկարը սիրայօժար տրամադրած է Մանն ընտանիքը)

Առտուները բոլորը միշտ շատ զբաղած կ’ըլլային Թռչնոց բոյնէն ներս։ Աւելի մեծ աղջիկները պարտականութիւն ունէին անկողինները հաւաքելու, պարտէզին մէջ խոտին վրայ նախաճաշի տեղերը պատրաստելու, մանուկներուն ձեռքերը եւ երեսները լուալու եւ զանոնք հագցնելու, արմաւենիի ճիւղերով բակը աւլելու եւ գետինը սրբելու։ Եթէ ժամանակէն շուտ վերջացնէին աշխատանքը, կրնային խաղալ մինչեւ դպրոցի զանգը։
(Լուսանկարը սիրայօժար տրամադրած է Մանն ընտանիքը)

Այս գեղեցիկ սրահը «Ճափոնական սենեակ» անունը կը կրէր։
(Լուսանկարը սիրայօժար տրամադրած է Մանն ընտանիքը)

Պէյրութի իր գրասեղանին նստած Նելլին կը դիտէր գաղթական մանուկներու շարուէ շարան անցքը։ Անոնց հագին ցնցոտիներ ու պարկաձորձ կ՚ըլլար, եւ շատերը վէրքերով ծածկուած կ’ըլլային։ Դրախտային Թռչնոց բոյնէն ներսՆելլին սփոփանք կը գտնէր ուրախ եւ առողջ պզտիկներու ձայներուն մէջ, պարտէզին մէջ անցուցած իր ժամանակին մէջ, եւ վերջալոյսին երկինքի զգլխիչ տեսարանին մէջ։ «Ամենագեղեցիկ պահը մայրամուտն է։ Մարդ չի կրնար անգամ երեւակայել տեսարանը։»
(Լուսանկարը սիրայօժար տրամադրած է Մանն ընտանիքը)

Յատուկ շնորհակալութիւն Տաւիտ Մաննին, Տորոթի Մաննին եւ Տաւիտ Հորսթին՝ Նելլիին զաւակներուն եւ թոռնիկին։ Շնորհակալութիւն նաեւ ԱՄՆ մենոնական եկեղեցիի (Էլքհարթ, Ինտիանա) արխիւներու պատասխանատու ՃԷյսոն Քաուֆմանին։


[1] Cleo A. and Nellie Miller Mann Papers, 1920-2000. HM1-695. Mennonite Church USA Archives - Elkhart. Elkhart, Indiana. Series 2 Box 4 Folder 2. Talks about Near East Relief Work։
[2] Նոյն։
[3] Guy F. Hershberger and Atlee Beechy, "Relief Work." Global Anabaptist Mennonite Encyclopedia Online. 1989. Web. 17 յուն 2017։
[4] “Miss Lambert Back from Troubled Asia,” Elkhart Daily Review լրագիր, 18 դեկտ. 1914, էջ 5։
[5] “Note from Miss Lambert Asks Help,” Elkhart Truth հանդէս, 23 ապրիլ 1909, էջ 1, “Rose Lambert and Other American Missionaries Stationed in Hadjin,” Elkhart Truth հանդէս, 27 ապրիլ 1909, էջ 4։
[6] “Adana Minister Speaker Here.” Elkhart Truth հանդէս, 27 մարտ 1911, էջ 4։
[7] “Armenian City Seeks Relief from Allies,” South Bend Times հանդէս, 30 յունիս 1920, էջ 4, “South Bend Woman Tells,” South Bend Times հանդէս, 26 դեկտեմբեր 1920, էջ 4։
[8] Vahé Tachjian, “Bref aperçu sur les orphelinates arméniens du Liban, de Syrie et de Palestine”, in Kévorkian/Nordiguian/Tachjian (eds), Les Arméniens, 1917-1939: la quête d'un refuge, Presses de l'Université Saint-Joseph, 2007, Պէյրութ, էջ 82-91։
[9] David Mann, ed., Letters from Syria 1921–1923: Response to the Armenian Tragedy including Stories and reports written by Nellie Miller-Mann, Morgantown, PA, Masthof Press, 2013, էջ 57–105։
[10] Նոյն, էջ 57–58։
[11] Նոյն, 57։
[12] Նոյն, 76։