Օհաննէսեան Հծոյ - Պաֆալօ, Նիւ Եորք, ԱՄՆ
Այս էջին մէջ ցուցադրուած լուսանկարները, փաստաթուղթերը եւ առարկաները մաս կը կազմեն Փիթըր, Սթիւ, եւ Արիս կրտսեր Օհաննէսեաններու հաւաքածոյին, Պաֆալօ, Նիւ Եորք, ԱՄՆ։ Շնորհակալ ենք որ Օհաննէսեան եղբայրները իրենց ընտանեկան արխիւը Յուշամատեանի տրամադրութեան տակ դրին։ Լուսանկարները ցոյց կու տան Օհաննէսեաններուն մեծ մայրը՝ Սաթենիկ Գայնաքեան (ծնեալ Գիզիրեան), որ ծնած է Կիւրին 1902-ին եւ մահացած Միացեալ Նահանգներ 1996-ին, եւ մեծ հայրը Տիգրան Գայնաքեան, որ նոյնպէս ծնած է Կիւրին 1893/1894-ին եւ մահացած՝ Միացեալ Նահանգներ 1975-ին։ Տիգրանի հայրն էր Գէորգ Գայնաքեան, իսկ մեծ հայրը՝ Մանուկ աղա Գայնաքեան։
Գայնաքեան ընտանիքը Կիւրինէն է։ Գիտենք որ 1913-ին Տիգրան Գայնաքեան իր հայրենի քաղաքէն կը հեռանայ եւ կը հաստատուի Մանչեսթըր (Նիւ Հեմփշըր, Միացեալ Նահանգներ)։ Միացեալ Նահագներու մէջ ան կ՚աշխատէր կօշիկի գործարանի մը մէջ։ Տիգրան 4 եղբայր ունէր՝ Յովհաննէս, Սուքիաս, Մանուէլ եւ Սամուէլ, եւ մէկ քոյր՝ Թագուհի։ Տիգրանին եղբայրներէն Մանուէլն ու Յովհաննէսը կ՚ապրէին Սեբաստիա, իսկ Տիգրանի ծնողները կը շարունակէին մնալ Կիւրինի մէջ։ Տիգրանի մօր անունը Մարի Վրանեան (հետագային Գայնաքեան) է։ 1920-ին Տիգրանի քոյրը՝ Թագուհին կը գաղթէ Միացեալ Նահանգներ իր հետ տանելով նաեւ ծնողները։ Անոնք կը հաստատուին Ռիչմընտ, Վըրճինիա։
Ցեղասպանութիւնը ցիրուցան կ՚ընէ այս ընտանիքը եւս։ Շատեր կը մեռնին, իսկ ընտանիքին վերապրած անդամներէն ոմանք 1919-ին - բազմաթիւ այլ վերապրողներու նման - կը հաստատուին Կիլիկիա։ Գիտենք նաեւ որ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, Տիգրան Միացեալ Նահանգները կը ձգէ 1917-ին, նախ կ՚երթայ Ֆրանսա, ապա Եգիպտոս եւ կը միանայ Արեւելեան լէգէոնին, որ հետագային կը կոչուի Հայկական լէգէոն։ Դաշնակից բանակներուն կողքին պատերազմող ռազմական այս միաւորին ճամբով զինք կը գտնենք Պէյրութ, Ատանա, Մարաշ, Քուրքուլաք, այնուհետեւ կրկին Ատանա։
Տիգրան եւ Սաթենիկ կ՚ամուսնանան Ատանայի մէջ օգոստոս 1920-ին։ Յաջորդ ամիսը անոնք կը հեռանան Կիլիկիայէն։ Քանի մը ամիս կը մնան Մարսէյ, այնուհետեւ կը մեկնին Միացեալ Նահանգներ։
Աբգարեան արհեստից վարժարանը, Ատանա, 1919։
Աբգարեան արհեստից վարժարանը ապաստանարան մըն էր Ցեղասպանութիւնէն ետք հաւաքուած որբացած հայ աղջիկներու եւ այրիներու համար։ Փիթըր, Սթիւ, եւ Արիս կրտսեր Օհաննէսեաններուն մեծ մայրը՝ Սաթենիկ Գիզիրեանը (հետագային Գայնաքեան) ոտքի կանգնած է ետեւի շարքին ամէնէն ձախին։
Սաթենիկը դուստրն էր Սերոբ Գիզիրեանի եւ Լիւսի Չննոզեանի, որոնք երկուքն ալ Կիւրինէն էին։ Կիւրինցի Տիգրան Գայնաքեանին հետ ամուսնանալէ ետք, Սաթենիկ կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ. անոնք կ՚ունենան երկու դուստր եւ երկու որդի։
Լուսանկարի ետեւը գրուած է ՝ «1919-ին Ատանայի մէջ Աբգարեան դպրոցին մէջ ձեռագործ ընող հայ աղջիկներ։ Մեծ եղեռնէն ազատուած հայութեան մէկ բեկորը...»։
Այս լուսանկարը նկարուած է 1920-ին, Ատանայի կամ Պէյրութի մէջ։
Գիտենք որ Սաթենիկի հօր մահէն ետք, ինքը եւ իր ընտանիքը որոշ ժամանակ Պէյրութ ապրեցան։ Հաւանական է որ այս ընթացքին Տիգրան իրենց այցելած ըլլար, եւ հոս լուսանկարուած ըլլային։ Նաեւ հաւանական է որ լուսանկարուած ըլլայ Ատանայի մէջ, քանի որ նոյն այս ժամանակաշրջանին է որ Սաթենիկ եւ Տիգրան կ՚ամուսնանան կիլիկեան այս քաղաքին մէջ։
Նկարին մէջտեղը նստած տղամարդը Տիգրան Գայնաքեանն է. ան ծնած է Կիւրին 1893 կամ 1894-ին։ Տիգրան Մանուկ աղա Գայնաքեանի թոռն է։ Ան Արեւելեան լէգէոնին (որ հետագային կը կոչուի Հայկական լէգէոն) մէջ կամաւոր էր։ Տիգրան կը մահանայ 1975-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Ձախէն աջ ոտքի կեցած կիներն են՝
- Եղսաբէթ Քանարեան (Սաթենիկին եղբօր կնոջ հարսը)
- Թագուհի Վարդանեան (ծնեալ Գայնաքեան, Տիգրանի քոյրը)
- Մարկարեթ Գազարեան (Սաթենիկի մօրեղբօր կինը, որ Արժանթին կը մահանայ)
- Սաթենիկ Գայնաքեան (ծնեալ Գիզիրեան, Տիգրանի ապագայ կինը)
Նստած են ձախէն աջ՝
- Մարիամ (մականունը անյայտ). ան Սաթենիկին քրոջ՝ Մանէ Գազարեանին հարսն է։
- Յիսնապետ Տիգրան Գայնաքեան Հայկական լէգէոնի տարազով
- Սաթենիկին քոյրը՝ Մանէ Գազարեանը (որուն ամուսինը կը մահանայ Առաջին համաշխարհին պատերազմին ընթացքին ռուսական ճակատին վրայ։)
Արամ (մականունը անյայտ). ան Տիգրանին քրոջ տղան է (քոյրը պատկերին մէջ չէ). Արամ կը մահանայ Հարաւային Ամերիկայի մէջ։
Նամակը գրուած Մանուէլ Գայնաքեանին կողմէ, Սեբաստիա, 31 յունուար 1914-ին, ուղղուած է եղբօրը Տիգրան Գայնաքեանին, Մանչեսթըր (Նիւ Հեմփշըր, Միացեալ Նահանգներ)։
Սաթենիկ Գայնաքեան (ծնեալ Գիզիրեան) (1902-1996) եւ Տիգրան Գայնաքեան (1893/1894-1975), հաւանաբար լուսանկարուած ամուսնանալէն անմիջապէս ետք, Ատանայի կամ Պէյրութի մէջ, 1920-ին։
Յիսնապետ Տիգրան Գայնաքեան Հայկական լէգէոնին մէջ կամաւոր էր։ Անոր շնորհուած է «Croix de Guerre» (Ռազմական խաչ) շքանշանը։ Տիգրան եւ Սաթենիկ ունէին երկու դուստր եւ երկու որդի։
Սոյն փաստաթուղթով Հայկական լէգէոնը կը հաստատէ որ Տիգրան Գայնաքեանը ամուսնացած է եւ «արտօնուած է որ իր հետ Միացեալ Նահանգներ տանի իր կինը»։ Թուական՝ Ատանա, 6 սեպտեմբեր 1920։
Նամակ Յովհաննէս Գայնաքեանէն ուղղուած եղբօրը Տիգրան Գայնաքեանին (Մանչեսթըր, Նիւ Հեմփշըր, Միացեալ Նահանգներ), 26/13 հոկտեմբեր 1914, Սեբաստիա։
Նամակին գլխաւոր նիւթը զինուորագրութիւնն է, որ ծայրայեղ աստիճաններու հասած է, նկատի ունենալով Առաջին համաշխարհային պատերազմական իրավիճակը։ Յովհաննէս ինքն ալ զինուորագրուած է, Կիւրինէն ղրկուած է Սեբաստիա, եւ կը նկարագրէ ծառայութեան դժուարին պայմանները։
Տիգրան Գայնաքեանի Արեւելեան լէգէոնի (հետագային Հայկական լէգէոն) զինուորական տարազին մաս կազմող գլխարկը։
Տիգրան Գայնաքեան Արեւելեան լէգէոնի զինուորական տարազով։ Տիգրան կուրծքին կը կրէ «Croix de Guerre» (Ռազմական խաչ) շքանշանը որ ստացած էր 19 սեպտեմբեր 1918-ի Արարայի ճակատամարտին ընթացքին իր ցուցաբերած հերոսական կեցուածքին համար։ Այս մարտի ժամանակ է որ Տիգրանի քով սուրի հանդէպ հետաքրքրութիւն եւ սէր կը ծնի։
Վայրը եւ թուականը անյայտ։
Նստած կինը Լիւսի Գիզիրեանն է (ծնեալ Չննոզեան), իր քով ձախին ոտքի կեցած է իր դուստրը (Սաթենիկին քոյրը, անունը անյայտ), որ կը մահանայ Պէյրութի մէջ, 1919-1920-ի շուրջ։
Լիւսիին ամուսինը Սերոբ Գիզիրեանն էր, Լիւսին եւ Սերոբը երկուքն ալ Կիւրինէն էին։
Նամակ Մանուէլ Գայնաքեանէն, 26 հոկտեմբեր 1914, Սեբաստիա, ուղղուած եղբօրը Տիգրան Գայնաքեանին, Մանչեսթըր (Նիւ Հեմփշըր, Միացեալ Նահանգներ)։
Նամակէն յայտնի կը դառնայ որ ընտանիքին մէկ մասը կ՚ապրի Սեբաստիոյ մէջ, իսկ Մանուէլի եւ Տիգրանի ծնողները Կիւրինի մէջ են։ Սեբաստիա հաստատուածներուն շարքին կը նշուին անունները Տիրուհիին, Երանուհիին, Վերոհիցա?յի եւ Ժորժի (անոնք Տիգրանի եղբօր՝ Սամուէլին ընտանիքին անդամներն են)։ Մանուէլ եղբօրը կը յայտնէ նաեւ որ իրենց հօր Գէորգ Գայնաքեանին նամակ գրելու համար ծրարին վրայ թող նշէ Կիւրինի Առաջնորդարանի հասցէն։ Կ՚իմանանք նաեւ որ Մանուէլն ու Տիգրանը մէկ այլ եղբայր մը ունին՝ Յովհաննէս։
Տիրող անորոշ կացութեան անդրադառնալով, Մանուէլ կը գրէ. «Ներկայիս անստոյգ կացութիւն մը ունինք, ոչ ներկան որոշ է եւ ոչ ալ ապագան կը գուշակուի»։
Նամակ Թագուհի Գայնաքեանէն ուղղուած եղբօրը Տիգրան Գայնաքեանին, 18 նոյեմբեր 1919, Ատանա։
Այս նամակէն կ՚իմանանք որ Տիգրան նախ գտնուած է Մարաշ, ապա Քուրքուլաք (կիլիկեան դաշտին մէջ, Համիտիէ/Ճիհանի հարաւը) կ՚ենթադրենք իբրեւ Հայկական լէգէոնի զինուոր։ Թագուհին Պէյրութի ճամբով հասած է Ատանա։ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, Պէյրութը - արաբական ուրիշ մեծ քաղաքներու օրինակով - դարձած էր Սուրիա, Միջագետք եւ Պիլատ ալ-Շամ տարագրուած եւ վերապրած հայերու խմբավայր։ Այս քաղաքներուն մէջ ժամանակաւոր կեցութենէ մը ետք վերապրող գաղթականները կ՚ուղարկուէին Կիլիկիա։ Շատ հաւանաբար Թագուհին ալ հետեւած է այս ուղիին։
Տիգրան Գայնաքեանին պատկանած գերմանական սուրը, որուն տիրացած է Արեւելեան լէգէոնի մէջ կռուած օրերուն։ Անիկա պատերազմական աւար մըն է, որ կ՚ենթադրուի թէ ձեռք ձգած է թուրք սպայէ մը։ Արարայի ճակատամարտին (19 սեպտեմբեր 1918) մասին գրութիւններ կը հաստատեն թէ հայերը ընդհանրապէս գերմանացիներու դէմ կը մարտնչէին, ուրեմն հաւանական է նաեւ որ սուրը պատկանած ըլլայ գերմանացի սպայի մը։
Տիգրան Գայնաքեանին պատկանող գերմանական սուրէն մանրամասնութիւններ։ Կնիքին վրայ կը կարդանք՝ «J.A. Henckels and Zwillingdwerk»։
1) 29 նոյեմբեր 1920 թուակիր սոյն փաստաթուղթէն կ՚իմանանք որ Ատանան ձգելէն ետք Տիգրան գացած է Մարսէյ, ուր մէկ ամիսէ աւելի (12 հոկտեմբեր 1920-էն 29 հոյեմբեր 1920) ծառայած է ֆրանսական բանակին մէջ։
2) 29 նոյեմբեր 1920 թուակիր առողջական վկայագիր, որ կը հաստատէ թէ Տիգրան Գայնաքեան փոխանցիկ հիւանդութիւններէ զերծ է։
Ֆրանսական բանակին կողմէ արձակուած հրաման, ստորագրուած հարիւրապետ Ժիրովի կողմէ, 1920 թուակիր, Ատանա։ Արտօնութիւն կը տրուի յիսնապետ Տիգրան Գայնաքեանի դուրս գալու զինուորական ծառայութենէն, Ատանայէն հեռանալու (մայիս 1920-ին) եւ մեկնելու Մանչեսթըր (Միացեալ Նահանգներ), ֆրանսական իշխանութիւններուն հաշւոյն։ Սոյն փաստաթուղթին կռնակի կնիքէն կ՚իմանանք որ Տիգրան Ատանան ձգած է սեպտեմբեր 1920-ին։
Բարի վարուց վկայագիր յիսնապետ Տիգրան Գայնաքեանին վերաբերող, 6 մայիս 1920 թուակիր, ստորագրուած Հայկական լէգէոնի հրամանատար Պոժարի կողմէ։
1) Առաջին համաշխարհային պատերազմին ընթացքին Տիգրան կը ձգէ Միացեալ Նահանգները նպատակ ունենալով մաս կազմել Եգիպտոսի մէջ հիմնուած Արեւելեան լէգէոնին։ Սոյն փաստաթուղթէն կ՚իմանանք որ ան նախ կը հասնի Ֆրանսայի Պորտօ նաւահանգիստ քաղաքը, ուր իբրեւ կամաւոր կ՚արձանագրուի ֆրանսական բանակին 9 յուլիս 1917-ին։ Այս փաստաթուղթը պատրաստուած է 6 մայիս 1920-ին, երբ Տիգրան դուրս կու գար Հայկական լէգէոնին մէջ իր ծառայութենէն։
2) Զինուորական գնահատագիր տասնապետ Տիգրան Գայնաքեանին վերաբերող, 30 սեպտեմբեր 1918 թուակիր եւ ստորագրուած Արեւելեան լէգէոնի հրամանատար Ռօմիոյի կողմէ։ Գնահատագիրին մէջ կը նշուի Տիգրանին ցուցաբերած հերոսական կեցուածքը մարտի դաշտին վրայ։ Այս առիթով անոր կը շնորհուի Ռազմական խաչ 1914-1918, պրոնզեայ աստղով (Croix de Guerre 1914-1918 avec étoile de bronze)։