Փիրանեան - Պելորեան հաւաքածոյ - Պուէնոս Այրէս, Արժանթին
Սոյն նիւթերը հաւաքուեցան Մարտ 2016-ին Պուէնոս Այրէսի մէջ Յուշամատեանի կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկի մը ընթացքին։ Անոնք կը պատկանին Մարինա Փիրանեանի հաւաքածոյին։ Բաղկացած են բազմաթիւ լուսանկարներէ, յուշիրերէ եւ փաստաթուղթերէ։ Մարինայի մօրենական կողմը Հաճընէն է, մեծ մայրը՝ Արշալոյս Պելորեան (ծնեալ Արսլանեան), իսկ մեծ հայրը՝ Մկրտիչ Պելորեան։
Մկրտիչ Պելորեան ծնած է 1890-ին։ Ան Հաճընէն Արժանթին կը գաղթէ տակաւին 1912-ին։ 1915-ին կը վերադառնայ Հաճըն այն յոյսով որ ամուսնութիւն մը կնքէ հաճընցի հայուհիի մը հետ։ Կը ձախողի կին գտնելու իր որոնումներուն մէջ եւ նոյն տարի, Ցեղասպանութենէն անմիջապէս առաջ, կը վերադառնայ Արժանթին։ 1919-ին կրկին կու գայ Հաճըն, այս անգամ կը գտնէ Արշալոյսը, որուն հետ ալ կ՚ամուսնանայ Ատանայի մէջ 1921-ին։ Կիլիկիոյ հայերը դարձեալ կը գաղթեն 1921-ի վերջերէն սկսեալ։ Մկրտիչ եւ Արշալոյս նախ կը հաստատուին Յունաստան, Աթէնքի մէջ։ Այստեղ ալ կը ծնի 1922-ին իրենց առաջին զաւակը՝ Սիրուհին։ Ապա ընտանեօք կը գաղթեն Պուէնոս Այրէս, ուր կը ծնին միւս զաւակները՝ Խորկէն եւ Ռաքէլը։ Սիրուհին կ՚ուսանի իրաւաբանութիւն եւ 1949-ին շրջանաւարտ կ՚ըլլայ։ Ան կը դառնայ Արժանթինի մէջ առաջին հայ կին փաստաբանուհին։
Իսկ Մարինային հօր՝ Արշակ Փիրանեանի ընտանիքը, Պոլիսէն է։ Մեծ մայրը՝ Նարդուհի Փիրանեան (Տէր Միքայէլեան), ապրած է Պոլիս, բայց ծնած է Արաբկիր։ Նարդուհիի ընտանիքը Պոլիս կը հաստատուի 1895-ի հակահայ ջարդերէն ետք։ Մօր անունն է Էլմաս (1841-1905), հօր անունն է Մինաս (1838-1915)։ Փիրանեանները Պոլիսը կը ձգեն Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք։ Մինչեւ Արշակի Պուէնոս Այրէս հաստատուիլը, զինք կը գտնենք Լիբանան եւ Արեւմտեան Եւրոպա։
Վերի պատկերին մէջ կը տեսնենք երեք սերունդներու պատկանող հաճընցի հայուհիներ, բոլորն ալ հաստատուած Պուէնոս Այրէսի մէջ, 1934-ին։ Առաջին շարք, ձախէն աջ՝ Արշալոյս Արսլանեան (ծնեալ Պելորեան, 1902, անկողինի վրայ նստած), Մարիա Արսլանեան (ծնեալ Քեքլիքեան), Մարիամ Արսլանեան (ծնեալ Սաչեան, 1869)։ Ետեւի շարք, ոտքի, ձախէն աջ՝ Սիրուհի Պելորեան (յետագային Փիրանեան), Ռաքէլ Պելորեան։
Այս էջով ներկայացուած նիւթերը մեզի յանձնող Մարինա Փիրանեանի ընտանեկան ծառը՝
Արսլանեան/Պելորեան ճիւղին պատկանող նիւթեր
Առեւտրական հաշիւներու տետրակ, Հաճընէն։ Պատկանած է Վարդիվառ Արսլանեանի (Մարինա Փիրանեանի մօրենական մեծ մեծ հայրը)։ Ընտանիքը սեփականատէր էր կալուածներու եւ արտերու, կը զբաղուէր նաեւ անասնապահութեամբ։ Հաշիւներու այս տետրակը գրուած է հայատառ թրքերէնով, բաղակացած է մօտ հարիւր էջերէ։ Այստեղ կը գտնենք առեւտրական գործառնութիւնները, գումարները, անձերու անունները, եւայլն։
Արշալոյս Արսլանեանի եւ Մկրտիչ Պելորեանի ամուսնութեան հրաւիրագիրը։ Անոնք երկուքն ալ Հաճընէն են, բայց 1921 թուականին կ՚ապրէին Ատանայի մէջ։ Երկուքն ալ Ցեղասպանութեան վերապրողներ էին, ապրած էին տեղահանութեան արհաւիրքը եւ շատ մը վերապրողներու հետ պատերազմի աւարտին վերադարձած էին Կիլիկիա, որ կը գտնուէր ֆրանսական գրաւեալ բանակներու տիրապետութեան տակ։ Պսակը տեղի ունեցած է 3 Մարտ 1921-ին, Ատանա։ Անոնց ամուսնութենէն կարճ ժամանակ ետք Կիլիկիոյ հայութիւնը վերստին գաղթի ճամբան պիտի բռնէր։ Մկրտիչն ու Արշալոյսը պիտի մեկնէին Արժանթին։
Պղնձեայ ափսէ, Հաճըն։ Այս մէկը Ղազարոս Արսլանեանի ամուսնութեան առիթով եղած նուէր էր։ Ղազարոս ծնած է Հաճըն, 1894-ին։ Արժանթին կը հասնի 1924-ին։ Ափսէն ներկայիս կը գտնուի Պուէնոս Այրէս, ընտանեկան հաւաքածոյին մէջ։
Վերը ներկայացուած նոյն պղնձեայ ափսէէն լուսանկարային մասնիկ մը։ Անոր վրայ հայերէնով փորագրուած է «Ղազարոս Ասլան»։
Կալուածային փաստաթուղթ։ Կը վերաբերի խանութի մը, որ կը գտնուի Հաճընի մէջ։ Փաստաթուղթին մէջ նշուած է խանութին ճշգրիտ դիրքը։ Մաս կը կազմէ Վարդիվառ Արսլանեանի պատկանող կալուածային թուղթերուն։
Փիրանեան ճիւղին պատկանող նիւթեր
Պոլիս, Սկիւտար թաղամաս, 1914. Փիրանեան ընտանիքը (քոյրեր, եղբայրներ, ազգականներ). լուսանկարին մէջ երեւցող անձերուն ինքնութիւնը տեսնել ձախի սիւնակին մէջ։
Փիրանեան ընտանիքին պատկանող աղջիկներ. լուսանկարուած հաւանաբար Պոլսոյ մէջ. Հռիփսիմէ, Նունէ, Փեբրոնէ, Մարի, Զապէլ։