Սիմոնեան հաւաքածոյ - Պոքսֆորտ, Մասաչուսէց
Հեղինակ՝ Տէյվիտ Տ'Ափիս, 12/11/20 (վերջին փոփոխութիւն՝ 12/11/20), թարգմանութիւն՝ Վարուժ Թէնպէլեան
Իմ հայ ընտանիքիս պատմութիւնը
Մօրս ընտանիքը 100% հայ էր, եւ անոնց մեծ մասը կա՛մ գաղթականներ էին, կա՛մ առաջին սերունդի ամերիկացիներ: Ես կարօտով կը յիշեմ մարդիկ՝ իրենց առոգանութեամբ, սպիներով եւ նայուածքներով, որոնք յստակ կը յուշէին ինծի, որ իրենք հայեր էին: Անոնք աներեւակայելիօրէն հպարտ էին իրենց անցեալով, դիմացկուն հաւաքականութիւն մը, նուիրուած՝ հին աշխարհի արժէքներուն՝ ընտանիքին, հաւատքին եւ քաջութեան: Մենք անթիւ պատմութիւններ կը լսէինք խժդժութիւններու մասին, որոնց ականատես եղած էին անոնք, եւ որոնք պարուրուած էին հերոսական դրուագներով, շատոնց արդէն կորած վայրերու յուշերով, եւ մարդոցմով, որոնք կը պանծացնէին իրենց մշակոյթը եւ կ'ընէին ամէն բան, որ իրենց անունները չկորսուին ժամանակի թաւալումին հետ: Մինչ մօրս հօր ընտանիքը ազնուական եւ յարգուած տոհմի մը շառաւիղը կը ներկայացնէր Խարբերդի մէջ՝ Արոյեանները, մօրս մօր ընտանիքն էր՝ Սիմոնեանները, որոնք իրենց աւանդութիւններն ու պատմութիւնները կը փոխանցէին զիրենք յաջորդած սերունդներուն: Հետագայ տողերը կը ներկայացնեն պատառիկներ մեր անցեալէն, որոնք դրոշմուած կը մնան մտքիս մէջ, երբ հիները չկան այլեւս, եւ կը մնա՛մ ես պահպանելու մեր աւանդը:
Մեր Սիմոնեան ընտանիքի ամէնէն հին անդամը, որուն մասին տեղեկութիւն ունինք՝ Սիմոնն է: Ինչ որ գիտենք նաեւ, որ ան միայն մէկ անուն ունէր: Ան կ'ապրէր Խարբերդի մէջ, եւ իրմէ նկար չունինք: Սիմոնի կենդանութեան օրով ակնյայտ կը դառնար, որ իր ընտանիքը շուտով դէմ յանդիման կրնար գտնուիլ վտանգաւոր ժամանակներու՝ տնտեսապէս, քաղաքականապէս եւ հոգեւոր առումով: Անոր կինը՝ Ռոզը, կամ հայկական տարբերակով՝ Վարդուհին աւելի երկար պիտի ապրէր քան ան. Ռոզը ղուրջ 75 տարեկան էր երբ մահացաւ: Ան կը զբաղէր ժողովրդային բժշկութեամբ՝ օգտագործելով բոյսեր եւ համեմներ, որոնց մասին սորված էր մանուկ հասակին: Ան կ'ապրէր իր զաւակներուն եւ անոնց ընտանիքներուն հետ, իսկ անոր հմտութիւններուն համբաւը տարածուած էր ամբողջ քաղաքին մէջ: Օր մը՝ Զատիկի տօնին ժամանակ, իմ մեծ մեծհօրս զարմիկը՝ Նշանը տան տանիքէն վար կ'իյնայ: Տօնական օրերուն սովորութիւն էր մանուկներուն համար քաղցրաւենիքի կողովը դնել հարթ տանիքին եզերքը, իսկ մանուկները տանիքին վրայ կը կազմէին շարք մը եւ դէպի ետ ու եզրին ուղութեամբ վազելելով կը տիրանային հրամցուածին: Քեռի Նիշը (ինչպէս միշտ կ'անուանէինք զինք), կը յաղթէ մրցումը, բայց անցնելով տանիքին եզրերքը՝ էջք կը կատարէ գետնին վրայ՝ կոտրելով քանի մը ոսկոր:
Ծերունին դուրս կու գայ եւ կը թելադրէ իր տղուն մորթել գառնուկ մը եւ անոր մարմինը բերել արկածին վայրը: Անոնք կը հանեն գառնուկին փորոտիքը եւ Նշանը կը դնեն անոր կմախքին մէջ՝ անշուշտ կոտորուած ոսկորները Ռոզին ձեռամբ կարգի բերուելէ ետք: Ան Նշանը կը ծածկէ խոտաբոյսերով եւ դեղերով եւ ամբողջ մարմինը կը փաթթէ առասանով: Ան ամբողջովին կ'անշարժանայ եւ որոշ ժամանակ կը մնայ այդ պատեանին մէջ, մինչեւ ոսկորներուն բուժումը: Նշան հետագային կը յիշէր դիակին սարսափելի հոտը: Իր վերջին տարիներուն, Մասաչուսէթց նահանգի Լեքսինկթըն քաղաքին մէջ, երբ 90 տարեկան էր, ան ան անգամ մը եւս կ'իյնայ: Երբ զինք շտապ հիւանդանոց կը փոխադրեն, բժիշկները կ'ապշին, երբ կ'ուսումնասիրեն անոր ճառագայթային նկարները: Անոնք անմիջապէս կը գիտնան, որ Նշանին ոսկորներէն շատերը կոտրուած են անցեալին, եւ անոնք նաեւ կը նշեն, որ առանց ճառագայթային նկարի (X-ray), ոսկորները ճշգրտօրէն տեղադրուած են իրենց բնական տեղերը: Բժիշկները զարմանքով կ'իմանան արկածին մասին, զոր անոնց կը պատմէ քեռի Նշանը: Ռոզ իր լաւագոյնը ըրած էր. ի վերջոյ, Նշանը իր թոռնիկն էր:
Մեր ընտանիքին պատմութիւնը կը նշէ, որ Խարբերդի շրջանին մէջ, թուրք եւ քիւրտ ամբոխներ յարձակումներ գործած են հայերու վրայ: Ասոնք շատ հաւանաբար պատահած են 1895-ին՝ հայկական ջարդերու ժամանակ: Ռոզ տեղը հանգիստ նստած՝ նեղութիւն կը զգայ, եւ առ այդ կ'որոշէ օգնել՝ հաց թխելով անոնց համար, որոնք ինք գիտէր որ վտանգի մէջ էին: Իր ընտանիքը կը պնդէր, որ ան ապահով տունը մնայ, բայց գիշերը ան դուրս կը սողոսկէր՝ կռիւներու վայրը հասնելու համար: Կ'ըսուի, որ ան սպաննուած է այդ օրերուն: Ոմանք կը կարծեն, որ ան մահացած է հաց փոխադրելու ժամանակ՝ այդ դէպքերուն ընթացքին: Անոր լուսանկարը միշտ կախուած կը մնար իմ մեծ մեծհօրս ծխնելոյզի օճախին վերեւ, որովհետեւ իր մեծմայրը հերոսուհի մըն էր ընտանիքին մէջ:
Իբրեւ երիտասարդ կին, Ռոզ Մեսրոպ անունով զաւակ մը ունէր, որուն երբեմն Մարսուպ կը կանչէին, կամ ամերիկեան տարբերակով՝ Մարշալ: Մարշալ ծնած է շուրջ 1858-ին, Խարբերդ: Ան մաս կազմէր կաշիով աշխատողներու եւ կօշկակարներու շառաւիղի մը, եւ ընտանեկան այս արհեստին մէջ ան հմտացած էր կանուխէն: Երբ շուրջ 20 տարեկան էր, ան կ'ամուսնանայ Եղսա (Էլիզապէթ) Դանիէլեանին հետ: Եղսային ծնողներն էին Դանիէլ Դանիէլէան եւ Ռութ (Աղաբէթ) Դանիէլէան:
Իմ ամենատարեց մօրեղբայրս կը կոչուէր Դանիէլ, «Դանօ տէ տէ»: Անոնց հարսանիքին առիթով, տեղւոյն երկաթագործը Մարշալին եւ Էլիզապէթ Սիմոնեանին համար կը պատրաստէ փոքր պոտիճ մը՝ ձեռքի մուրճով պատրաստուած պղինձէ եւ թիթեղեայ թաս մը, որ ունէր կափարիչ եւ պարզունակ բռնակ մը: Ես կը յիշեմ, որ տեսած եմ այդ պոտիճը: Անիկա նուէր էր Մարշալին եւ Էլիզապէթին, որ զայն կ'օգտագործէր սովորաբար գետ երթալու եւ հագուստները լուալու համար: Անոր մէջ Էլիզապէթ կը պահէր փոքրիկ լաթ մը եւ օճառի կտոր մը, որպէսզի կարենայ լուացք ընել: Կը յիշեմ նաեւ, որ տեսած եմ Մարշալին օսմանեան սաթէ աղօթքի հլունները: Մուգ նարնջագոյն եւ քարամելի գոյն կորիզով իւրաքանչիւր հլուն Մարշալի ձեռքերով այնքան մը մաշած էր ու դարձած հարթ, որ անոնք կը ցոլային հարուստ փայլքով:
1880-ականներու սկիզբը Էլիզապէթ կ'ունենայ իր առաջին զաւակը՝ Մարիամ: Ապա կ'ունենայ երեք այլ զաւակներ՝ Պետրոս (Փիթըր), Մարտիրոս (Մարթին) եւ Թորոս (Թոմաս): Արձանագրութիւնները շփոթ կը ստեղծեն Պետրոսին ծննդեան թուականին շուրջ: Ըստ ընտանեկան պատմութեան, ան ծնած է գառնուկներու ծննդեան ժամանակ, կանխահաս ծնունդ մըն էր, սակայն գրաւոր ոչ մէկ արձանագրութիւն պահպանուած է: Էլիզապէթը հովիւ էր, եւ ոչխարները արածելու ատեն, ան Պետրոսը կը պահէր իր շալակէն կախուած պարկի մը մէջ: Այսօր մենք դեռ ունինք այն գաւաթը, որ տեղւոյն երկաթագործը պատրաստած էր Պետրոսին համար։ Անոր վրայ մակագրուած է «Պետրոս Մեսրոպեան, 1886 Մայիս 29»:
Շատ հաւանաբար Փիթըր ծնած է այդ թուականին, սակայն տարիքը փոխուած է, որպէսզի ան կարենայ մուտք գործել Միացեալ Նահանգներ՝ աշխատելու եւ դրամ շահելու համար: Մարշալ դէպի Ամերիկա ճամբայ կ'ելլէ 1890-ի շուրջ, եւ իր ընկերոջը հետ ան կը հասնի Ամերիկա այն ժամանակ, երբ Սիմոնեան ընտանիքը լուսանկարուած է Խարբերդի մէջ: Անիկա հաւանաբար միակ յուշն է, որ Մարշալ հայրենիքէն ունեցած է իր ընտանիքին մասին:
Ընտանեկան պատմութիւնը կը նշէ, որ Պետրոս ի վերջոյ կը փորձէ հասնիլ Սեւ ծովուն վրայ գտնուող նաւահանգիստը, որպէսզի կարենայ հեռանալ երկրէն, երբ ան շուրջ 14 տարեկան էր: Դէպի ծով ճամբորդութիւնը ան կը կատարէ ուղտի կարաւանով մը, որ կը տեւէ շուրջ երկու շաբաթ: Երբ ան իր ամբողջ ունեցուածքովը ծովեզերք կը հասնի, ծրագիրն էր երթալ Նիւ Եորք, հանդիպիլ իր հօրը, մեկնիլ Մասաչուսէց եւ գործ գտնել Հուտ Ռապըր Միլի մէջ, Մալտըն, ուր Մարշալ կօշիկի կրունկները կը շինէր: Այսպէս, ամենայն լրջութեամբ Պետրոս կը բարձրանայ նաւ: Քիչ ետք, ան հարուած մը կը ստանայ գլուխէն, եւ կը նետուի նաւուն մառանը: Ինչ որ ան կը պատմէ, մօտերը գտնուող թուրքեր նաւ մը կ'աշխատցնէին՝ խոստանալով Ամերիկա տանիլ փափաքողները, բայց իրականութեան մէջ, անոնք կը ծրագրէին գերի վերցնել հայերը, կողոպտել անոնց ունեցուածքը եւ ապա զանոնք ծովը նետել: Ձեւով մը, նաւահանգիստին պետը լուր կ'ունենայ ծրագրէն, եւ կը հրամայէ նաւուն վերադառնալ նաւահանգիստ: Այսպիսով, Պետրոս, բազմաթիւ ուրիշներու նման, կը փրկուի: Բաւական ժամանակ կը խլուի իրմէ մինչեւ որ ան կարենայ այլ նաւ մը բարձրանալ, եւ մինչեւ այդ պահը, ան կը պահուըտի վանքի մը վերնայարկը, ուր մայրապետները կը պահեն զինք: Ի վերջոյ, ան կը յաջողի անցնիլ Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքը՝ տրամաբանական կէս ճամբան դէպի Ամերիկա: Ան որոշ ժամանակ կը մնայ հոն եւ քիչ մը ֆրանսերէն խօսիլ կը սորվի:
Ան Միացեալ Նահանգներ կը հասնի 1899-ին կամ 1900-ին: Կը յաջողի գտնել Մարշալը, որ կ'ապրէր Մասաչուսէց նահանգի Մալտըն քաղաքի Ատամս փողոցին վրայ, թիւ 56՝ երկու այլ սենեկակիցներու հետ՝ բաւական մօտ ջաղացքին, ուր Փիթըր կը սկսի աշխատիլ: Միասին անոնք երեք տարի կը խնայեն իրենց դրամը՝ զայն ղրկելով տուն՝ վճարելու Էլիզապէթին եւ միւս երեք երեխաներուն ճամբորդութեան ծախսը:
Անոնք ՍՍ Փենսիլվանիա նաւով կը հասնին Նիւ Եորքի նաւահանգիստը, 2 Յուլիս 1903-ին:
Էլիզապէթ միշտ կ'ըսէր, որ իրենք Քասըլ Կարտըն ժամանած են, եւ տարիներ կը կարծուէր, որ ան կը կը խօսի Պոսթընի Քասըլ Կարտընին մասին: Սակայն, հակառակ որ ան 90 եւ աւելի տարեկան էր, անոր յիշողութիւնը ճիշդ էր. իրականութեան մէջ՝ Նիւ Եորքի Քասըլ Կարտընն էր:
Նկատի ունենալով որ շաբաթուան վերջն էր եւ Ուրբաթի աւարտը, եւ նկատի առնելով որ գաղթականներու երկար շարք մը դեռ իր կարգը կը սպասէր Ամերիկա մուտքի գործողութիւնները աւարտելու կամ այլ վայր փոխադրուելու համար, անոնք կը ստիպուին շաբաթավերջը անցընել ծովեզերքը ճամբարի մը մէջ, ուր կային հանրային պարտէզներ եւ մարգագետիններ, որոնք թէեւ խճողուած էին, բայց միաժամանակ՝ հաճելի: Շաբաթավերջին, նաւահանգստին վրայ հրավառութեամբ տօնակատարութիւն տեղի կ'ունենայ, զոր կ'ոգեւորէ Սիմոնեանները, որոնք ապահով տեղ հասած էին՝ մայր եւ երեք երեխայ: Տակաւին կար աւելի հաճելին. անոնք հաւատացած էին որ տօնակատարութիւնը յատուկ իրենց համար կազմակերպուած էր: Դեռ չէին գիտեր, որ 4 Յուլիսը ի՞նչ նշանակութիւն ունի ամերիկացիներուն համար:
Ամերիկա հասնելէ ետք ալ անոնք կը պահեն իրենց հայկական հանդերձանքը, սակայն անմիջապէս կ'անդրադառնան որ արտաքին տեսքի տարբերութիւններ ունին շրջապատին հետ: Առաջին բաներէն մէկը, զոր երիտասարդ Մարթինը կ'ուզէ ընել՝ ձեռք մը ամերիկեան հագուստ գնելն էր: Անոնք կիրակի օրուան մը մեծ մասը կ'անցընեն դերձակ մը փնտռելով, որ կրնար Մարթինին յարմար ըլլալ, եւ ի վերջոյ, կը գտնեն մէկը: Էլիզապէթ իր հետ բերած էր փոքր գորգեր, ընտանեկան քանի մը թանկարժէք լուսանկարներ եւ պղնձեայ իրեր, որոնց մեծ մասը փաթթուած էին գորգերուն մէջ:
Իրենց հօր եւ եղբօր միանալէ ետք, անոնք կը խնայեն ինչ գումար որ կրնային շահիլ՝ նոր աշխարհին մէջ կարենալ գոյատեւելու համար: Անոնց համար դիւրին չէր կեանքը, բայց անոնք վերջապէս ապահով հոս էին՝ բոլորը:
Քանի մը տարի աշխատելէ ետք, Սիմոնեան եղբայրները կը ձգեն ջրաղացքը եւ կը բանան նպարեղէնի փոքր վաճառատուն մը՝ 369 Մէյն փողոցին վրայ, Չարլզթաուն, Մասաչուսէց: Երբ անոնց զարմիկները կը ժամանեն Ամերիկա, անոնք նոյնպէս խանութ մը կը բանան նոյն փողոցին վրայ, գրեթէ քանի մը թաղ վեր: Երկու վաճառատուներուն ալ գործը յաջողութիւն կը գտնէ եւ կը բարգաւաճի: 12 Յուլիս 1908-ին, Պետրոս/Փիթըր Սիմոնեան կ'ամուսնանայ Հայկանոյշ/Հելէն Նահիկեանի հետ: Բծախնդրօրէն ծրագրուած մեղրալուսնի մը փոխարէն, անոնք կը մեկնին Նանթասքէթի ծովափը, Հալ, Մասաչուսէց:
Հելէն ծնած է Հիւսէնիկ քաղաքը, 23 Հոկտեմբեր 1886-ին, Ամերիկա ժամանած է 1904-ի շուրջ, եւ կը բնակէր Պէճըր փողոցին վրայ, Էվէրէթ, Մասաչուսեց: Նահիկեանները յայտնի ընտանիք էին Հիւսէնիկի մէջ. կը զբաղէին շերամաբուծութեամբ եւ կտաւագործութեամբ ու տէր էին հսկայ ամբարներու: Անոնք իրենց ժամանակին մեծ մասը կ'անցընէին շերամները կերակրելով, որպէսզի կարենան քաղել մետաքսը: Անոնք նաեւ ագարակին մէջ պտուղներ կը ցանէին եւ ունէին բերրի հողեր: Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին, իմ մեծ մեծմայրս` Հելէնը եղած է մասնագէտ մը ասեղնագործութեան, հիւսուածեղէին եւ նմանօրինկ աշխատանքներու ու անոնց վաճառքին մէջ: Պատերազմներու ընթացքին ան գուլպաներ կը հիւսէ ամերիկացի զինուորներուն համար, նաեւ՝ բուրդէ վերնաշապիկներ կը պատրաստէ այնպիսի արագութեամբ մը, որ ուրիշներէն երկար ժամանակ կը խլէր: Ան շատ դիւրութեամբ կը հիւսէ սեղանի ժանեակաւոր սփռոցներ: Հակառակ տեսողութեան տկարութեան, ան ժանեակէ հազարաւոր գործեր կ'արտադրէ: Իւրաքանչիւր աթոռի յետսամասին կամ սեղանի վրայ կար հատ մը իր գործերէն:
Հելէնին ընտանիքը կ'ընդգրկէր անոր հայրը՝ Յովհաննէսը (Ճոն): Ճոնին առաջին կնոջ մահէն յետոյ, ան կրկին կ'ամուսնանայ: Այդ ժամանակ Ճոնը արդէն ունէր եօթը զաւակ՝ Համբարձում, Աւետիս, Հայկանոյշ, Արմէնուշ, Մովսէս, Եսթեր եւ Յակոբ: Իր երկրորդ կնոջմէն՝ Եղսայէն ան կ'ունենայ կրտսերագոյն զաւակը՝ Պիաթրիսը, 1907-ին:
Զաւակներուն մեծամասնութիւնը Ամերիկա կը հասնի դարասկզբին կամ անկէ կարճ ժամանակ ետք: Ծնողները կը կորսուին 1915-ին: Մովսէս կրթութիւնը կը ստանայ մօտակայ Եփրատ քոլէճին մէջ, եւ զայն կ'աւարտէ 1911-ին: Անոր հօր զարմիկը հանրածանօթ դասախօս էր հոն՝ Խաչատուր Նահիկեան (ծնեալ 1856-ին, Հիւսէնիկ, սպաննուած 1915-ին): Երբ Ամերիկա կը ժամանէ, Մովսէս կը շարուանկէ ու կ'աւարտէ իր ուսումը, մաս կը կազմէ նուագախումբի մը եւ կը սկսի ապահովագրութիւն ու կալուած վաճառել :
Պիաթրիս 1920-ին կը լքէ իր հայրենի Հիւսէնիկը: Ան արդէն ականատես եղած էր բազմաթիւ խժդժութիւններու, որոնց շարքին՝ ծնողներուն եւ հարազատներու մեծամասնութեան սպանութեան: Ան իր ընտանիքէն վերջինը կը հասնի Ամերիկա, 13 տարեկան հասակին:
Մարշալին եղբայրը՝ Խաչատուրը, եւ անոր կինը՝ Հառիփսիմէն, կը շարունակեն հոգ տանիլ Սիմոնեաններու գերդաստանին, որոնք տակաւին կը գտնուէին Խարբերդ, մինչ Մարշալն ու Փիթերը Ամերիկա էին:
Խաչատուրին տղան` Նշանը, Ամերիկա կու գայ 1904-ին, եւ 1930-ին, անոր նպարեղէնի թաղային փոքր խանութը արդէն վերածուած էր ծովային թարմ ուտելիքներու շուկայի մը, Քամպրիճի վրայ, զոր ան կը դարձնէր եղբօրը՝ Չարլզին հետ: Ընտանիքը կը մնայ սերտօրէն կապուած իրարու, որովհետեւ Խարբերդի մէջ անոնք բոլորն ալ կ'ապրէին նոյն տան մէջ: Որոշ պարագաներու, մէկէ աւելի ընտանիքներ կ'ապրէին մէկ յարկի տակ, ընդհանրապէս գրաւելով բաժնուած մեծ սենեակներու անկիւնները:
Ընտանիք կազմելէ ետք, Պետրոս եւ Հելէն Սիմոնեանները կը սկսին քաղաքի մթնոլորտէն հեռանալու մասին մտածել: Անոնց առաջին զաւակը՝ Ռոզը իմ մեծ մայրս էր: Ան ծնած է 25 Հոկտեմբեր 1909-ին, Ուիտըն Մեմորիալ հիւանդանոցին մէջ, Էվերէթ, Մասաչուսէց: 1913-ին կը ծնի Հայկը, 1915-ին՝ Տիրանը, եւ վերջապէս, 1918-ին՝ Էլիզապէթը: 1914-ին, Հայկին ծնելէն անմիջապէս ետք, անոնք կ'որոշեն փոխադրուիլ գիւղական շրջան մը: Քաղաքային կեանքի սթրեսը սկսած էր յայտնուիլ Փիթըրին վրայ, իսկ Հայկը մանկուց պէտք էր այծի կաթ խմէր: Այսպիսով, ընտանիքը կը հաւաքէ առարկաները եւ կ'ուղուի դէպի Լեքսինկթըն, Մասաչուսէց: Անոնք կը գտնեն իրենց պիւտճէին յարմար ագարակ մը, 205 Ուոպըրն փողոցին վրայ: Ի սկզբանէ, տունը շինուած է մէկ ընտանիքի համար, մեծ տարածութեամբ ագարակ-տուն մը, որ վերակառուցուած էր նախապէս այրած տան մը հիմերուն վրայ: Ամբողջ Սիմոնեան ընտանիքը իր ներդրումը կ'ունենայ տան մէջ՝ Փիթըրը, Մարիամը, Թոմը եւ Մարթինը: Եւ, տարբեր ժամանակներու, բոլորը, նաեւ Մարշալն ու Էլիզապէթը, միաժամանակ ապրած են տան մէջ: Անոնք կը պատրաստեն տնային խմիչք, պահածոյ թթուաշներ, կը ցանեն իրենց անհրաժեշտ ուտելիքները, կը խնամեն իրենց ձիերը եւ կը նորոգեն իրենց կօշիկները: Նոյնիսկ իր վերջին տարիներուն, Մարշալ կօշիկի գլխաւոր տեսուչն էր, որուն պարտականութիւնն էր քննել մանուկներու նոր կօշիկները: Տարիքը առնելէ ետք, անոր առողջութիւնը կը դառնայ դժուար, յատկապէս կը տառապի դիւրազգացութենէ՝ ծաղկափոշիի եղանակներուն, եւ ան յաճախ կ'ըլլայ տխուր: Ան կը մահանայ 1935-ին, Ապրիլի Մէկի օրը՝ զարմացնելով անոնց, որոնք կը կարծէին որ պզտիկները կատակ կ'ընեն, երբ տագնապահար տուն կը հասնին: Անոնք կը կարծեն, որ ան միայն կը քնանար որթատունկին տակը, պարտէզի աթոռին վրայ, ինչպէս տարիներ շարունակ կ'ընէր ամէն օր, ճաշէն յետոյ: Անոր շնիկը նոյնպէս այլանդակ բան չէր նկատած: Տարիներ ետք ապրելէ ետք ագարակին մէջ, անոնք կ'որոշեն տունը բաժնել երկուքի, մէկը՝ վերի, միւսը վարի յարկին վրայ: Ասիկա միակ միջոցն էր, որով անոնք պիտի կարենային կառավարել տունը: Քանի մը տարուան մէջ, Փիթըր եւ Մարթին կը նախաձեռնեն շարք մը փոքր ձեռնարկութիւններու: Շրջան մը, անոնք իրենց հողէն հանուած աւազ եւ խճաքար կը ծախեն: Ուրիշ ատեն, անոնք հաւ կը պահեն, բայց անոնց մեծ մասը կը մահանայ առաջին ձմեռը: Առիթներով, անոնց եղբայրը՝ Թոմը նոր գաղափարներ կը յղանար եւ զանոնք կը գործադրէր ագարակէն: Ամէնէն ուշագրաւներէն մէկը Թոմըս Էքսթրաքթ ընկերութեան հիմնումն էր, որ մայոնէզի սօս կ'արտադրէր այն ժամանակ, երբ ոչ ոք այդ մասին լսած էր: Անոնք մայոնէզի քանակներ կը խառնեն իրարու հին բեռնատարէ մը պոկուած ետեւի մասին մէջ, եւ կաշիէ գօտի մը անիւին կապելով՝ խառնիչը դարձնելու համար:
Ապրանքը լաւ շուկայ չի գտներ, ուստի անոնք տուփերով կը դրուին ագարակին կառատան մէջ, եւ վերջաւորութեան կը շարուին հին գոմի հիմնապատին վրայ եւ պզտիկներուն կողմէ կը վերածուին BB ատրճանակով նշանառութեան թիրախի: Ի վերջոյ, եղբայրները կը գնեն նպարեղէնի փոքր խանութ մը փողոցէն վեր Քոթէճ Սթրիթի անկիւնը, Լեքսինկթընի կեդրոնին մօտերը: Անիկա եղած է տիկին Հէրիսընի փուռը, ուր անոնք սուրճ կը հրամցնէին եւ խմորեղէն կը թխէին, ինչ որ զայն կը վերածէր կատարեալ վայրի մը Սիմոնեան Եղբայրներու նպարեղէնի խանութին համար:
Քանի որ Փիթըր երբեք ինքնաշարժ չէր քշեր, Մարթին ինք կը վարէր իրենց ունեցած միակ բեռնատարը, զոր աշխատցնելու համար, պէտք էր վարորդի աթոռին տակը գտնուող բռնակը դէպի կողմ դարձնել: Մարթին ամէն օր բեռնատարով կ'երթար Պոսթըն՝ ապսպրանքներ ստանալու, ապա առաքումներ կատարելու համար: Անոնք կը վաճառէին զանազան իրեր, ինչպէս՝ Լաքս օճառ, Ռինզօ, ԷՅ&ՓԻ թէյ, փոքր չափի քաղցրաւենիք, պտուղներ եւ միս: Նոյնիսկ՝ պաղպաղակ:
Սովորաբար Պետրոս քալելով կ'երթար խանութ եւ կէսօրին՝ քալելով ալ կը վերադառնար տուն ճաշելու, կէսօրէ ետք նորէն երթալու համար: Ան ընդհանրապէս կը կենար մանր քաղցրաւենիքի վաճառասեղանին ետեւը, իսկ անոր խանութը համայնքին համար դարձած էր ընկերային հանդիպումի կեդրոն մը:
1920-ականներու վերջաւորութեան, ելեւմտական մեծ անկումի օրերուն, երբ քիչեր միայն դրամ ունէին ուտելիք գնելու համար, դրամի փոխարէն, Փիթըր կ'ընդունէր վճարման խոստումնագրեր: Երբ անոնք կը փակեն խանութը Փիթըրի ծերութեան օրերուն՝ մահէն առաջ, դրամարկղին մէջ կը գտնուին բազմաթիւ ձեռագիր խոստումներ, զորս Փիթըր երբեք պիտի չգանձէր: Անոր համար կարեւոր էր օգնել ուրիշներուն, եւ ան երախտապարտ էր իր ունեցած կեանքին համար: Ան կը սիրէր վճարել իր տուրքերը: Ան կը սիրէր Ամերիկան: Ան կը սիրէր տեսնել, թէ ինչպէ՞ս իր զաւակները, թոռները եւ ծոռերը հասակ կ'առնէին ու կը բարգաւաճէին: Շրջանցելէ ետք իր մանկութեան վտանգները, ան կարելիութիւն կ'ունենար ապրելու եւ իրականացնելու իր երազը, եւ ան կ'ըմբոշխնէր անոր իւրաքանչիւր վայրկեանը: Հելէնը եւ ան լիարժէք կեանք մը կ'ապրին Լեքսինկթընի իրենց ագարակին մէջ:
Փիթըր Հելէնէն քանի մը տարի աւելի պիտի ապրէր, եւ մահանար 1966-ին՝ բաւական երկար՝ տեսնելու համար շատերը իր շարաւիղներուն: Ես անոնցմէ մէկն եմ, առաջին արու ծոռը: Մայրս՝ Ֆիլիսը կրտսեր աղջիկն էր Ռոզին, որ Փիթըրին եւ Հելէնին երէց դուստրն էր: Երբեմն դժուար է հաւատալ անոնց վարած կեանքին, թէ քանի՞ հոգի ապրած է մէկ յարկի տակ, երբեմն տասնեակ անձեր եւ թէ ինչպէ՞ս անոնք գոյատեւած են՝ մնալով միասին եւ բոլոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելով իբրեւ ընտանիք: Այսպէս թէ այնպէս, անոնք կը շարժին առաջ հակառակ առկայ բոլոր դժուարութիւններուն: Ինչպէս իմ զարմիկներուս մէկ մասը պիտի ըսէր. «մենք կը բարձրանանք միայն մեզմէ առաջ գտնուողներուն ուսերուն վրայ»: Եւ ես կը հաւատամ ասոր:
Պղնձեայ եւ թիթեղեայ լուացուելու թասը, զոր տեղացի դարբինը պատրաստած է Պետրոս Սիմոնեանի համար. Վրան մակագրուած է «Պետրոս Մեսրոպեան - 1886 Մայիս 21 -»:
Արծաթէ ապարանջանը, որ կը պատկանէր Եղսայ Դանիէլեան Սիմոնեանի, հաւանաբար հարսանեկան նուէր մը: Երկու աղաւնիներ կը գրաւեն երկու կողմերը սուլթանի կնիքի (թուղրայ) խորհրդանիշին, որ կը փորագրուէր թանկարժէք բոլոր մետաղներուն վրայ:
1905-ին Հիւսէնիկի մէջ առնուած այս նկարը ցոյց կու տայ Նահիկեան քոյրերն ու եղբայրը: Ձախէն՝ Արմէնուշ, Մովսէս եւ Հայկանոյշ/Հելէն: Լուսանկարը՝ Սուրսուրեանի:
Նահիկեան եւ Երեմեան/Երեմիա ընտանիքները, լուսանկարուած Սամըրվիլի մէջ, Մասաչուսէց, 25 Յուլիս 1918։
Ետեւի շարք, ձախէն աջ՝ Պետրոս Սիմոնեան, Սուրէն Սիմոնեան (զարմիկ), Էտի Երեմեան, Ճոն Երեմեան, Մովսէս Նահիկեան, Աւետիս Նահիկեան։
Մէջտեղի շարք, ձախէն աջ՝ Ռոզ Սիմոնեան, Հայկանուշ Նահիկեան-Սիմոնեան (Պետրոսի կինը), Պէթի Երեմեան, Սառա Նահիկեան-Երեմեան, Պոպի Երեմեան, Էլիզապէթ Նահիկեան, որ նստած է Էլմաս Նահիկեանի (Աւետիսի կինը) գիրկը։
Առջեւի շարք, ձախէն աջ՝ Հայկ Սիմոնեան (նստած), Տիրան Սիմոնեան եւ Մարի Երեմեան (երկու երեխաները՝ Հայկանուշի ձախին կանգնած։