Յակոբ Թահթաճեան/Թակթաչեանը կօշիկ կը նորոգէ իր արհեստանոցին մէջ. Պուէնոս Այրէս, 1913։

Թակթաչեան հաւաքածոյ – Արժանթին

Այս էջը նուիրուած է Թահթաճեան ընտանիքին (տոհմին պաշտօնական մականունը «Թակթաչեան» դարձած էր անոնց Արժանթին հաստատուելէն ետք)։ Հոս բերուած է Խուան Քարլոս  Թակթաչեանի սեփականութիւնը եղող արխիւը (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)։

Թահթաճեանները ծագումով Այնթապցի էին։ Յակոբ Թահթաճեանը՝ Խուան Քարլոս Թակթաչեանի հօրենական մեծ հայրը, Այնթապ ծնած էր 1884-ին եւ մահացած Պուէնոս Այրէս 1976-ին։ Երկու եղբայր ունէր՝ Յարութիւնը (ծն. Այնթապ 1886-ին – մահացած 1934-ին Պուէնոս Այրէս) եւ Օհաննէսը (1900 Այնթապ – 1960 Քորտոպա) եւ երեք քոյր՝ Անիձան (1877 Այնթապ – 1952 Պոսթոն), Արուսեակը (1882 Այնթապ – 1964 Պէյրութ) եւ Սիրանը (1884 Այնթապ – 1985 Քլիւլանտ)։
 

Այնթապի մէջ Թահթաճեան ընտանիքի հինգ ճիւղ կար։ Այս տոհմի իգական սեռի ներկայացուցիչներէն շատերը Այնթապի Հայկանուշեան դպրոցի շրջանաւարտ էին՝ Մէննուշ Թահթաճեանը (1893-ի շրջանաւարտ), Արուսեակ Թահթաճեանը (1899-ի շրջանաւարտ), Լուսնթագ Թահթաճեանը (1902-ի շրջանաւարտ), Սաթենիկ Թահթաճեանը (1893-ի շրջանաւարտ), Հրանուշ Թահթաճեանը (1908-ի շրջանաւարտ), Լ. Թահթաճեանը (1909-ի շրջանաւարտ), Երանիկ Թահթաճեան (1912-ի շրջանաւարտ), Ովսաննա Թահթաճեանը (1914-ի շրջանաւարտ)։

Արուսեակ Թահթաճեանը (հետագային՝ Արարատեան, ծնեալ 1894-ին) Յակոբին (Խուան Քարլոսի մեծ հօր) քոյրն էր։ Հայկանուշեան վարժարանը աւարտելէ ետք ան պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ուսուցիչ եղած էր նոյն հաստատութենէն ներս 1900-էն 1911։

Այնթապցի Թահթաճեաններէն մենք գիտենք Արտաշէս եւ Կարապետ Թահթաճեաններուն անունները. երկուքն ալ «մանուսա» կերպասի արհեստի աշխարհին մէջ յայտնի անուններ էին։ Արտաշէսը տեղւոյն Վարդանեան վարժարանը աւարտած էր 1888-ին, իսկ Կարապետը Այնթապի սուրբ Աստուածածին հայ եկեղեցիին շինարարութիւնը (1870-1880) հսկող յանձնախումբին անդամ եղած էր։

Յակոբ Թահթաճեանին հայրը՝ Հաննէ Թահթաճեանը (մօտաւորապէս 1855-1905) իրաւաբան էր եւ տեղի երեւելիներէն մէկը։

24 յունուար 1910-ին Յակոբ Թահթաճեան/Թակթաչեանը կը հասնէր Պուէնո Այրէս՝ 3 ամիս Մոնթեւիտէօ ապրելէ եւ Նիւ Եորք կարճ կեցութենէ մը ետք։ Իր սկզբնական մտադրութիւնը հօրաքրոջը՝ Եկչա/Եղսա Թակթաչեանին (1864 Այնթապ - 1945 Պոսթոն) եւ իր աւագ քրոջը՝ Անիձա Թակթաչեանին հանդիպիլն էր։ Վերջինս Պոսթոն գաղթած էր 1906-ին՝ ամուսնանալէ ետք պարոն Պարկուտեանին հետ, որ հետագային իր մականունը ԱՄՆ-ի մէջ պիտի փոխէր եւ կոչուէր «Նորեան»։ Նորեանները հիմնած էին առեւտրական ընկերութիւն մը, որ ապրանք (գորգ, կօշիկ, պիստակ, եւ այլն) կը ներածէր Մերձաւոր Արեւելքէն, գլխաւորաբար Այնթապէն եւ անոր շրջակայքէն։

Առողջական հաւանական խնդիրներուն պատճառով՝ երկիր մուտքի պատասխանատու մարմինները Յակոբ Թակթաչեանին ԱՄՆ մուտքի արտօնութիւն չէին տուած, եւ շոգենաւի այլ ճամբորդներ իրեն խորհուրդ տուած էին ԱՄՆ-ի փոխարէն գաղթել Արժանթին, որ այն ատեն տնտեսական մեծ աճ կ’ապրէր եւ ներգաղթի բարեացակամ քաղաքականութիւն կը վարէր։ Եւ այսպիսով Յակոբ Թակթաչեանը իր ճամբորդութիւնը պիտի շարունակէր դէպի Արժանթին։
 

Յակոբը կը հաստատուէր Պուէնոս Այրէս, Մոնսեռաթ թաղամասին մէջ, Չիլի փողոց 600 հասցէին եւ կ’անցնէր գործի՝ կօշկակարութիւն ընելով։ Կ’ըսէր, թէ արհեստը սորված էր իր հայրենի քաղաքին մէջ վարպետ Ռուբէն Պոսքէզէնեան [Պօշկէզէնեան]։ 1912-ին Յակոբին եղբայրը՝ Յարութիւնը, ԱՄՆ-էն Պուէնոս Այրէս կու գար՝ եղբօրը հետ ձեռք-ձեռքի աշխատելու կօշկակարութեան գործին։ Յարութիւն Թակթաչեանը ծնած էր 1886-ին եւ Այնթապի Ներսէսեան վարժարանի շրջանաւարտ էր։ Ուսումը շարունակած էր եւ 1908-ին աւարտած Կեդրոնական Թուրքիոյ քոլէճը (Այնթապի միսիոնարական քոլէճը)։ Գաղթած էր ԱՄՆ եւ հոն Հարուարտի համալսարանը մանկավարժութիւն ուսանած, սակայն առողջական պատճառներով ստիպուած եղած էր կիսատ ձգել ուսումը, ուստի գացեր էր եղբօրը քով Արժանթին։

Եղբայրներուն գործը լաւ էր. Յակոբը արհեստը գիտէր, Յարութիւնը՝ անգլերէն եւ հաշուապահութիւն։ Եղբայրները Արժանթինի հայ համայնքի կօշիկի առաջին գործարաններէն մէկը պիտի բանային։
 

Թակթաչեանները Արժանթինի կօշկեղէնի արդիւնաբերութեան մէջ առանցքային դեր պիտի ունենային։ Յակոբ Թակթաչեանն էր, որ պիտի սկսէր «espadrilles» կոչուող կօշիկներուն արտադրութիւնը՝ այդպէսով նոյն ասպարէզի հայ արհեստաւորներուն համար նոր հեռանկար բանալով։

Շնորհիւ Յակոբին եւ Յարութիւնին փեսայի հիմնած Նորեան առեւտուրի ընկերութեան հետ իրենց ունեցած առեւտրական եւ ընտանեկան կապերուն՝ Թակթաչեանները կապեր հաստատած էին ԱՄՆ-ի մէջ, մանաւանդ «Rubber Company» ձգախէժի գործարանին հետ եւ կրցած էին ձեռնարկատիրութեան եւս կարեւոր քայլ մը յաջողցնել ու դառնալ այդ օրերուն տեղւոյն շուկային մէջ մեծ արժէք ունեցող «Ketz» եւ «Champion» ապրանքանիշերու կօշիկներուն ներկայացուցիչը Արժանթինի Հանրապետութեան մէջ։

Յովհաննէս Թակթաչեանը կօշիկի գործարանին առաքման ինքնաշարժին քով, 1936, Քոսքուին (Քորտոպա)։

1921-ին Յակոբին եւ Յարութիւնին կրտսեր եղբայրը՝ Օհաննէսը Այնթապէն Փարիզի ճամբով եկած էր։ Պուէնոս Այրէս հաստատուած եղբայրներուն ապագայ նշանածները (եւ աւելի ուշ կիները) Օհաննէսին հետ Փարիզէն Արժանթին ճամբորդած էին։ Օհաննէսը ընտանեկան գործին երրորդ գործընկերը պիտի դառնար։


Եղբայրներուն կօշկագործութեան ընկերութիւնը մինչեւ 1929 գործած է 500 Էնթրէ Ռիօս փողոց հասցէին։ Նոյն տարին ընկերութիւնը տարածք գնած է եւ Օնսէ թաղամասի Սաաւետրա փողոցի 565 հասցէին խանութ մը շինած։ Այս խանութը, բացի կօշկեղէն ծախելէ եւ նորոգելէ, նաեւ իբրեւ պահեստ կը ծառայէր նոյն ասպարէզին մէջ գործող այլ հայ վաճառականներու կամ առհասարակ երկիրին հանրութեան համար նախատեսուած ներկրուած ներբաններուն համար։ Պահեստին հասցէն նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) պաշտօնաթերթ «Արմենիա» օրաթերթին պաշտօնական հասցէն էր հրատարակութեան առաջին տարիներուն (1931-էն սկսած)։ Յարութիւնը օրաթերթին հիմնադիրներէն մէկն էր։ Մահացած է 46 տարեկանին 1934-ին ։
 

Թակթաչեան եղբայրներէն երկուքին նշանածները՝ Ռոզա Գալֆայեանը եւ Սիրանուշ Բարսեղեանը Թակթաչեաններուն կրտսեր եղբայր Յովհաննէսը եւ անոր հօրաքրոջ՝ Աննիձայի տղան՝ Յակոբը, Փարիզի Էյֆէլեան աշտարակին առջեւ, Այնթապէն Պուէնոս Այրէս իրենց ճամբուն վրայ, 1921։

1. Յովհաննէս եւ Ազնիւ Թակթաչեաններու ամուսնական լուսանկարը, Պուէնոս Այրէս, 1928

2. Յարութիւն Թակթաչեանի Սիրանուշ Բարսեղեանի ամուսնական լուսանկարը, Պուէնոս Այրէս, 1922։
 

1. Յակոբ Թակթաչեանի եւ Ռոզա Գալֆայեանի զաւակները՝ Մելքոնը (1929-2004), Արտաշէսը (1922-1981) եւ Ովսաննան (1925-2006)։

2. Ռոզա Գալֆայեան, Պուէնոս Այրէս, 1921։
 

1930-ին Օհաննէս Թակթաչեանը կ’որոշէր հաստատուիլ Քորտոպա քաղաքին աւելի մօտիկ տեղ մը։ Եւ հոն կը հիմնուի ընկերութեան առաջին մասնաճիւղը՝ երկիրին հիւսիսային մասի բնակիչ յաճախորդները սպասարկելու համար։

Յարութիւն Թակթաչեանի անակնկալ մահը 1934-ի ապրիլին իր եղբայրներուն համար ծանր հարուած մը պիտի ըլլար. Յարութիւնը ընկերութեան ուղեղն էր։ Ժամանակի ընթացքին Յակոբին զաւակները՝ Արտաշէսը (1922-1981) եւ Մելքոնը (1929-2004) պիտի միանային ընկերութեան, եւ ան պիտի շարունակէր գործել մինչեւ 1981։

Թակթաչեան ընտանիքին տարբեր սերունդներ այսօր ալ կ’ապրին Պուէնոս Այրէս, Արժանթինի մէջ։
 

Փաստաթուղթեր

Ծննդեան վկայագիր:

Սոյն երկու վաւերաթուղթերը կը վերաբերին Պուէնոս Այրէսի մէջ Հայ Ազգային Միութեան հիմնադրումին եւ առաջին յայտարարութիւններուն։


Առաջին Համաշխարհային պատերազմի վերջին ամիսներէն սկսեալ այս անունով միութիւններ ստեղծուեցան Դաշնակից բանակներուն կողմէ գրաւուած Օսմանեան կայսրութեան տարածքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի զանազան գաղթօճախներուն մէջ։ Այս միութիւնները կը համախմբէին հայկական զանազան քաղաքական կուսակցութիւններն ու համայնքային մարմինները։


Առաջին վաւերաթուղթը, 6 Հոկտեմբեր 1918, թուակիր կոչ մըն է Պուէնոս Այրէսի Հայ Ազգային Միութեան կողմէ։ Սոյն կոչին մէջ կ՚ըսուի որ պատերազմը իր աւարտին հասած է եւ հայ ժողովուրդը զօրաշարժի պէտք է ենթարկէ իր ուժերը նոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար։ Կամաւոր զինուոր արձանագրուիլ փափաքողներուն կոչ կ՚ուղղուի դիմել սոյն միութեան։


Երկրորդ վաւերաթուղթին մէջ (8 Հոկտեմբեր 1918) պաշտօնապէս կը յայտարարուի Պուէնոս Այրէսի Հայ Ազգային Միութեան կազմութիւնը։ Վարչութեան կազմն է՝ Ե. Խաչիկեան, Մ. Էպէեան, Գ. Սոլկարեան, Մ. Մովսէսեան, Ն. Խուլմունեան, Ռ. Նալբանդեան։ Միութիւնը ստեղծած է նաեւ քարոզչական յանձնախումբ մը հետեւեալ կազմով. Խ. Արսլանեան, Ճ. Տիքսանեան, Հ. Մոսկոֆեան, Ա. Քէօշկէրեան, Պ. Յովակիմեան, Բ. Նալչաճեան, Հ. Քեաթիպեան, Մ. Մեծատուրեան, Յ. Թահթաճեան, Յ. Ներսէսեան։

Հայ համայնքին մէջ իրենց վայելած հռչակին շնորհիւ եղբայրները դարձած էին քաղաքացիական ներկայացուցիչները պարոն Էթիէն Պրազիլի, որ Հարաւային Ամերիկայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչն էր (նստավայրը՝ Ռիօ տը Ժանէրօ, Պրազիլ)։ Եղբայրները յանձնարարութիւն ունէին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական անցագիր տրամադրել 1919-էն սկսեալ Պուէնոս Այրէս ժամանած հայ տարագիրներուն։

1915-ի օգոստոսին Յարութիւնը նաեւ «Socorros Pro Armenia» (Օժանդակութիւն ի նպաստ Հայաստանին) կոչուող հանգանակութեան արշաւ մը կազմակերպած էր՝ օգնութեան հասնելու համար մի քանի ամիս առաջ սկիզբ առած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն։ Այս լուսանկարին մէջ կը տեսնենք Յարութիւնին հաշուապահական մատեանը եւ ստացագիրներու տետրակը՝ մայր օրինակներով։