Անն Վարդապետեան Թալանեանի հաւաքածոյ - Պելմոնթ (Մասաչուսէց), Միացեալ Նահանգներ
Լուսանկարները մեր տրամադրութեան տակ դրաւ Անն Թալանեան (ծնեալ Վարդապետեան), որ Ռուբէն Վարդապետեանի (1893-1983) դուստրն է։ Անոնց մէջ կ՚երեւին Հիւսէնիկ (ներկայիս Ուլուքենթ) քաղաքէն (Խարբերդի դաշտ) Վարդապետեան ընտանիքին անդամները։ Գաբրիէլ Վարդապետեան եւ կինը՝ Աննա (ծնեալ Պոզոյեան), ունէին չորս դուստրեր՝ Մարիցա (1891-1967), Անժէլ, Սառա (ծնած 1892-ին), Զապէլ, եւ որդի մը՝ Ռուբէն։ Վարդապետեան ընտանիքը Հիւսէնիկի մէջ յայտնի շերամագործներ էին, կը բանեցնէին գործարան մը եւ կ՚ապրէին քաղաքին մէջ կառուցուած գեղեցիկ ապարանքի մը մէջ։ Գաբրիէլի հայրը՝ Պօղոս Վարդապետեան, վկայեալ էր Պուրսայի շերամաբուծական վարժարանէն։
Գաբրիէլի եւ Աննայի զաւակները շրջանաւարտ են Հիւսէնիկի վարժարաններէն։ Գիտենք նաեւ որ Անժէլ յետագային յաճախած է Հիւսէնիկի կողքին գտնուող Խարբերդ քաղաքի Եփրատ գոլէճը։ Ան կ՚ամուսնանայ Տիարպեքիր/Տիգրանակերտէն հայ փաստաբանի մը հետ՝ Շխլոյեան (առաջին անունը անծանօթ) եւ կը տեղափոխուի այդ քաղաքը։ Շխլոյեանները բնիկ Խարբերդէն էին։ Միւս քոյրերէն՝ Սառան եւ Մարիցան, 1907-ի շուրջ կը գաղթեն Միացեալ Նահանգներ, ուր կ՚ամուսնանան յաջորդաբար Համբարձում Պօղոսեանի եւ Գրիգոր Արոյեանի հետ։ Քանի մը տարի ետք Սառան կը վերադառնայ Հիւսէնիկ, բայց 1913-ին կրկին մեկնի Միացեալ Նահանգներ։
Բացի Սառայէն, Ռուբէնէն եւ Մարիցայէն, ընտանիքին բոլոր անդամները զոհ կ՚երթան Ցեղասպանութեան։
Վարդապետեան ընտանիքը, Հիւսէնիկ, 1907։ Ձախէն աջ՝ Անժէլ Վարդապետեան, Աննա Վարդապետեան (ծնեալ Պոզոյեան), Աննային գիրկը՝ Զապէլ Վարդապետեան, Ռուբէն Վարդապետեան, Գաբրիէլ Վարդապետեան։ Լուսանկար՝ Սուրսուրեանի։
Հիւսէնիկ, 1911. աջին՝ Ռուբէն Վարդապետեան օսմանեան բանակին մէջ զինուորագրութեան ժամանակ։ Կողքին նստողը իր թուրք հրամանատարն է։ Ձախին նստողը՝ անծանօթ։ Կը պատմուի որ Ցեղասպանութեան տարիներուն, այն պահուն երբ Խարբերդի դաշտի հայութիւնը բնաջինջ կ՚ըլլար, Ռուբէն իր կեանքը կը պարտի այս հրամանատարին միջամտութեան։ Լուսանկար՝ Սուրսուրեանի։
Հիւսէնիկ, 1912/1913-ի շուրջ. Վարդապետեան եւ Շխլոյեան ընտանիքներու անդամներ։ Ձախէն աջ՝ Շխլոյեան, Անժէլ Շխլոյեան (ծն. Վարդապետեան), Աննա Վարդապետեան (ծն. Պոզոյեան, Անժէլին մայրը), Սառա Վարդապետեան (յետագային Պօղոսեան)։ Լուսանկար՝ Սուրսուրեանի։
1) Հիւսէնիկ, 1913։ Ձախին՝ Սառա Պօղոսեան (ծնեալ Վարդապետեան), աջին՝ քոյրը՝ Անժէլ Շխլոյեան (ծնեալ Վարդապետեան)։ Լուսանկար՝ Սուրսուրեանի։ Այս պատկերը քաշուած է Սառայի Միացեալ Նահանգներ մեկնումի նախօրեակին։ Այս ձեւով նաեւ ան կը փրկուի երկու տարի ետք Խարբերդի հայութիւնը բնաջինջ ընող Ցեղասպանութենէն։
2) Հիւսէնիկ, 1905-ի շուրջ։ Աննա Վարդապետեան (ծնեալ Պոզոյեան) եւ ամուսինը՝ Գաբրիէլ Վարդապետեան։ Պատկերին մէջ նկատելի է որ Աննա յղի է. ան յետագային ծնունդ պիտի տար Զապէլին։