Թաւուգճեան ընտանիքը, Թոքատ, 14 Մայիս 1911։ Սեւ-ճերմակ այս պատկերը գունաւորուած է MyHeritage.com-ի միջոցաւ։

Թաւուգճեան եւ Լազեան հաւաքածոյ – Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա

Հեղինակ՝ Զարուհի Տէր Մկրտիչեան, 12 Յունուար 2025 (Վերջին փոփոխութիւնը՝ 12 Յունուար 2025-ին)

Ասիկա պատմութիւնն է Թոքատէն (Եւդոկիա) երկու ընտանիքներու, որոնք վերապրեցան իրենց փորձառութիւնները մեզի հաղորդելու համար: Թաւուգճեան ընտանիքի վերապրողներն էին Կարապետ Թաւուգճեանը եւ անոր քոյրը՝ Մարիամը: Միւսներն էին Երանուհի Լազեանի (ծնեալ Քարնակելեան) ընտանիքն ու Երանուհիին դուստրը՝ Սիրանոյշը: Այս երկու ընտանիքներուն ճամբաները խաչաձեւուեցան 1915-1923-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք: Սիրանուշ կը գործածէր «Seranouch» տարբերակը իր անուան անգլերէն ուղղագրութեան համար:

Կարապետ Թաւուգճեան (15 Օգոստոս 1890 – 2 Նոյեմբեր 1952)

Յակոբի եւ Երանուհի Թաւուգճեանի (ծնեալ Մրմրուքեան) որդի Կարապետը ծնած էր Թոքատի մէջ։ Ան ունէր քոյր մը՝ Մարիամը եւ երեք եղբայր՝ Աւետիսը, Լեւոնն ու Սարգիսը: Օսմանեան Սահմանադրութեան վերահաստատումով, 1908-էն ետք օսմանցի հայերն ալ կը զօրակոչուէին օսմանեան բանակ: Այս շրջանին, ամուրի կրտսեր որդին՝ Կարապետը իր Աւետիս եղբօր տեղ կամաւոր ծառայեց օսմանեան բանակին մէջ: Սակայն 1910-ին, Կարապետ եւ խումբ մը ընկերներ փախան բանակէն եւ անցան Եգիպտոս, ուր երկու տարի աշխատեցան հայ ծխախոտագործի մը քով: Եգիպտոսի մէջ գտնուած ժամանակ, անոնք տագնապեցնող լուրեր ստացան Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու վիճակի վատացման մասին: Կարապետ նամակ մը գրեց իր մօր, թելադրելով որ հեռանայ Թոքատէն: Մայրը մերժեց, ըսելով թէ կը փափաքի համեստ կեանք վարել եւ չի կրնար հեռանալ: Երբ ցեղասպանութիւնն սկսաւ 1915-ին, Երանուհի գնաց ջուր բերելու ու երբեք չվերադարձաւ: Աւետիս, անոր կինը եւ Լեւոն սպանուեցան, իսկ Սարգիսի ճակատագիրը կը մնայ անյայտ: Իր մօր անհետացումէն ետք մինակ մնացած Մարիամը ապաստան գտաւ բարեկամներու քով:

1912-ին, Կարապետ եւ իր ընկերները ձգեցին Եգիպտոսը ու ճամբորդեցին Ամերիկա։ Սկիզբը հաստատուեցան արեւելեան ափին՝ Մասաչուսեցի մէջ, ի վերջոյ Ֆրեզնօ (Քալիֆորնիա) տեղափոխուելու համար: Այս պատմութիւնը Սիրանուշ Թաւուգճեանին հաղորդեց իր ները՝ Մարիամ Թաւուգճեան-Պօղոսեան:

Ցեղասպանութենէն ետք, Կարապետ գրեց Պէյրութի թոքատցի հայերուն՝ խնդրելով իրեն համար հարսնցու մը գտնել: Անոնք քանի մը հարսնցուներու լուսանկարներ ղրկեցին: Կարապետ ընտրեց Սիրանուշ Լազեանի լուսանկարը: Սիրանուշի մայրը՝ Երանուհին (Երանուհիին պատմութիւնը տե՛ս յաջորդ բաժինին մէջ) տուաւ իր հաւանութիւնը: Կարապետ 300 տոլար ղրկեց Սիրանուշին՝ նշանտուքի նուէր գնելու համար։ Գնուեցան խաչ մը ու ոսկեայ ձեռնոցներ: Սիրանուշ Պէյրութէն դէպի Ամերիկա մեկնեցաւ Վերա Քրուզի (Մեքսիքա) ճամբով:

Կարապետ Սիրանուշ Լազեանի հետ ամուսնացաւ 27 Նոյեմբեր 1924-ին, Վերա Քրուզի մէջ եւ զայն Ֆրեզնօ բերաւ որպէս իր հարսը: Կարապետ գնած էր փոքր տուն մը, որ դարձաւ անոնց կեցավայրը: Կարապետ 30 տարիէ աւելի որպէս շէնքի պահակ աշխատեցաւ Ֆրեզնոյի Gottschalks հանրախանութին մէջ: Աւելին, ան գնեց եւ նորոգեց տուներ՝ զանոնք վարձու տալու նպատակով: Զոյգը ունեցաւ չորս դուստր՝ Էլէանոր, Նորմա, Պարպարա եւ Մէրի, եւ մէկ որդի՝ Կարապետ կրտսեր: Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, Կարապետ աւագը ծառայեց Շտապ օգնութեան կառոյցին մէջ՝ Քըրնի Ֆիլտ, Ֆրեզնօ։ Ան անդամ էր նաեւ Ամերիկեան Լեգէոնին: Կարապետ եւ իր ընտանիքը բազմաթիւ ճամբորդութիւններ կատարեցին Միացեալ Նահանգներու տարածքին: Կարապետ աւագ մահացաւ 2 Նոյեմբեր 1952-ին, 62 տարեկան հասակին, սրտի կաթուածէ, եւ թաղուեցաւ Ֆրեզնոյի «Արարատ» գերեզմանատան մէջ:

Կարապետ Թաւուգճեան ամերիկեան բանակի համազգեստով, 1918-1919, Քեմփ Քըրնի, Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա։

Երանուհի Լազեան-Էքիզեան (ծնեալ Քարնակելեան, 15 Մայիս 1882 - 4 Մայիս 1979)

Թոքատը (Եւդոկիա) Իրիս գետի (Եշիլ Ըրմաք) ձախ ափին վրայ նեղ, քանի մը մղոն երկարութեամբ հովիտի մը մէջ տեղաւորուած քաղաք մըն է։ Անոր վրայ կ’իշխէ հին բերդ մը: Քաղաքը տեղակայուած է Պոնտական լեռներէն քիչ մը հարաւ, Սեւ ծովէն մօտաւորապէս 60 մղոն հեռու: Թոքատի շրջակայ բերրի հողերը կու տան ցորեն, գարի, եգիպտացորեն, առուոյտ, զանազան պտուղներ, ընկուզեղէն եւ ծխախոտ: Շրջանը ջրարբի է գետերով ու առուակներով եւ շրջապատուած է խիտ անտառապատ լեռներով:

Երանուհի Քարնակելեան (հետագային՝ Լազեան) ծնած է Թոքատէն մօտ 30 մղոն հիւսիս-արեւելք տեղակայուած Պիզերի/Պիզարէ (ներկայիս՝ Աքպելեն) գիւղին մէջ: Անոր ծնողները՝ Յակոբ եւ Մարթա Քարնակելեան, հողագործ էին: Գիւղը դպրոց չունէր, իսկ դպրոցներ եղած վայրերուն մէջ աղջիկներուն արտօնուած չէր ուսանիլ: Յակոբ եւ Մարթա ունէին վեց զաւակ՝ երկու որդի եւ չորս դուստր, որոնցմէ ցեղասպանութենէն վերապրեցաւ միայն Երանուհին (ծնած 15 Մայիս 1882-ին): Մարթա մահացած էր երբ Երանուհի ընդամէնը վեց տարեկան էր:

Երբ Երանուհի 12 տարեկան էր, 1895-1896-ին տեղի ունեցան ապտուլհամիտեան կոտորածները: Գիւղացիք փախան լեռները, ուր մնացին երեք շաբաթ: Երբ վերադարձան, իրենց տուներն ու ագարակները կողոպտուած գտան։ Զանոնք պէտք էր զերոյէն վերակառուցել: 17 տարեկանին, Երանուհի նշանուեցաւ թոքատցի կօշկակար Օհան Լազեանի հետ, որ ունէր երեք եղբայր՝ Օհաննէս, Գրիգոր եւ Լեւոն: Երանուհի եւ Օհան ունեցան վեց զաւակ, բայց մանկութենէն վերապրեցան միայն երկուքը՝ Մուշեղ որդին եւ 15 Մայիս 1906-ին ծնած Սիրանուշ դուստրը: Սիրանուշ կրցաւ յաճախել մանկապարտէզ:

Երանուհի Լազեանի (ծնեալ Քարնակելեան) լիբանանեան անձնագիրը։

3 Յունիս 1915-ին թուրք զինուորները շրջապատեցին քաղաքը եւ ներխուժեցին հայկական թաղամասերը՝ կոչ ընելով 20-45 տարեկան բոլոր տղամարդոց դուրս գալ տուներէն: Խուզարկութեանց ընթացքին անոնք սկսան կոտրել տուներու դռները։ Զինուորները ի վերջոյ հասան Օհանի եւ Երանուհիի տունը: Փորձելով պաշտպանել իր ընտանիքը, Օհան դուրս եկաւ դռնէն, բայց երկու զինուորներ զայն բռնեցին ու ծեծեցին: Յայտնաբերուած միւս տղամարդոց հետ միասին ան տարուեցաւ ու երբեք չվերադարձաւ: Հետագային կիները լսեցին որ տղամարդիկ, իրարու կապուած, տարուած էին խոր ձորերով, ապա դաժանօրէն խոշտանգուած, դանակահարուած եւ խոր տեղեր նետուած: Քանի մը վերապրողներ յաջողեցան փախչիլ այս սարսափելի կոտորածէն եւ վերադարձան պատմելու դէպքերը: Օհան իր երկու եղբայրներուն եւ Երանուհիի եղբայրներուն հետ սպանուեցաւ այս յարձակման ընթացքին:

Երբ քաղաքը լքելու հրաման եկաւ, ողջ մնացեր էին միայն Երանուհին, անոր սկեսուրը, Սիրանուշ դուստրն ու Մուշեղ մանկահասակ որդին: Ճամբուն վրայ, շնչարգելութենէ տառապող սկեսուրը այլեւս չէր կրնար քալել: Զինուորները հրամայեցին, որ ան ետ մնայ եւ զգուշացուցին, որ եթէ անոր հետ մնային, բոլորը պիտի սպանուէին: Երանուհի, Սիրանուշ եւ Մուշեղ շարունակեցին ճամբան ծանր սրտով, ոտքերը արիւնոտած եւ փորերնին անօթութենէ ցաւելով:

Երանուհի Լազեանի (ծնեալ Քարնակելեան) Ա․ Մ․ Ն․ ներգաղթողի ինքնութեան տոմսը։

Դէպի հարաւ երեք ամիս եւ 300 մղոն անդադար քալելէ ետք, տարագրեալներու կարաւանը վերջապէս հասաւ Ուրֆայի մօտակայ Սուրուճ քաղաքը: Տեղացի իսլամ կիներ եկան ստուգելու մօտաւորապէս 100 վերապրողները՝ ընտրելու երիտասարդ աղջիկներ՝ տանելու համար որպէս սպասուհի: Կին մը մօտեցաւ Երանուհիին, որ իր տկարացած եւ յուսահատ վիճակին մէջ յուսաց, որ Սիրանուշ կրնար վերապրելու աւելի շատ հնարաւորութիւն ունենալ եթէ այդ կնոջ հետ երթար: Կինը լոգցուց եւ յարդարեց Սիրանուշը, անոր տուաւ քնանալու ներքնակ մը եւ տրամադրեց մածուն ու հաց: Երբ Երանուհի հետագային վերադարձաւ պահանջելու իր դուստրը, անոնք արգիլեցին, որ Սիրանուշ երթայ իր մօր հետ:

Երանուհի պատմեց, թէ Մուշեղ հիւանդացած ու մահացած էր։ Անկարող ըլլալով պատշաճ թաղում մը կատարելու, ինք եւ քանի մը այլ կիներ իրենց ձեռքերով ցած փոս մը փորեցին, մարմինը դրին մէջը եւ ծածկեցին աւազով ու քարերով։ Յաջորդ առաւօտ անոնք յայտնաբերեցին, որ շուները հանած էին դիակը եւ զայն կծոտած ու պատառոտած։
Երանուհի սրտաբեկ էր։ Ան կը փափաքէր Սիրանուշը իրեն հետ տանիլ երբ կը տեղափոխուէր ուրիշ քաղաք մը՝ Պիրեճիք, բայց դուստրը պահող կիները չէին զիջեր։

Երանուհի հեռացաւ Սուրուճէն եւ տարի մը անցուց հազիւ գոյատեւելով։ Թուրք մուխթարի (գիւղապետի) մը օգնութեամբ ան վերադարձաւ Սուրուճ՝ յուսալով գտնել Սիրանուշը։ Սակայն իր դուստրը որդեգրած ընտանիքը տեղափոխուած էր։ Երանուհի յայտնուեցաւ անորոշութեան մէջ․ ո՞ւր պէտք է փնտռէր դուստրը․․․ Քանի մը կիներ նկատեցին իր լացը եւ հարցուցին թէ ինչ պատահած է։ Երբ բացատրեց, անոնք ըսին, թէ գիտեն այդ ընտանիքի տեղափոխման վայրը։ Երանուհի գնաց այդ տունը, բայց մերժուեցաւ։ Իր երկրորդ փորձին, Ֆաթմա հանում անունով թուրք կնոջ մը օգնութեամբ ան յաջողեցաւ տեսնել Սիրանուշը։

Ի վերջոյ, Սիրանուշը խնամող ընտանիքը սիրեց Երանուհին եւ զայն հրաւիրեց իր սպասուհին ըլլալու։ Այս դրութիւնը շարունակուեցաւ վեց ամիս մինչեւ որ անհրաժեշտ եղաւ դատաւորի մը առջեւ ներկայանալ – հաւանաբար առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք – խնամակալութեան խնդիրը լուծելու համար։ Երբ հարցուցին թէ ով է Երանուհին, Սիրանուշ պատասխանեց՝ «Ան իմ մայրս է»։ Այդ յայտարարութեամբ՝ անոնք վերամիաւորուեցան։

Երանուհի եւ Սիրանուշ շոգեկառք նստան դէպի Հալէպ, ուր մնացին շուրջ հինգ ամիս, հազիւ կարենալով գոյատեւել։ Տարի մը դժուարութեամբ ապրելէ ետք, անոնք տեղափոխուեցան Պէյրութ։ Երանուհի վճռած էր որ Սիրանուշ դպրոց յաճախէ։ Լսելով թէ որբանոց մը կրնար կրթութիւն տրամադրել, Երանուհի Սիրանուշը հոն ղրկեց։ Բայց որբանոցին պայմանները տհաճ էին, եւ ան ստիպուեցաւ ետ առնել իր դուստրը։

Անոնք շարունակեցին գոյատեւել Պէյրութի մէջ որքան որ կրնային։ Երբ լուր տարածուեցաւ թէ Կարապետ Թաւուգճեան թոքատցի հարս մը կը փնտռէ, Երանուհի ղրկեց Սիրանուշի լուսանկարը։ Կարապետ ընտրեց զայն եւ 1924-ին Սիրանուշ հեռացաւ Պէյրութէն։ Թէեւ մայր եւ աղջիկ երկուքն ալ սրտաբեկ էին իրենց բաժանումին համար, սակայն յոյս ունէին թէ օր մը կը տեսնուէին դարձեալ։

1933-ին Երանուհի հատեց Ատլանտեան ովկիանոսը՝ միանալու իր դստեր ու անոր ընտանիքին Ֆրեզնոյի մէջ։ Ան ապրեցաւ անոնց հետ մինչեւ 1945, երբ ամուսնացաւ Տինուպայէն (Քալիֆորնիա) Հաճի Էքիզեանի հետ։ Երանուհի այնուհետեւ բնակեցաւ ագարակի մը մէջ Էքիզեանի որդիներուն հետ։ Հաճիի մահէն ետք երբ իր առողջութիւնը վատացաւ, այլեւս չկրցաւ հոգ տանիլ ինքնիրեն եւ տեղափոխուեցաւ Քալիֆորնիոյ տարեցներու խնամքի «Հայ Տուն»ը։ Երանուհի մահացաւ 4 Մայիս 1979-ին եւ թաղուեցաւ Ֆրեզնոյի «Արարատ» գերեզմանատան մէջ։

Սիրանուշ Թաւուգճեան (ծնեալ Լազեան, 15 Մայիս 1906 - 26 Սեպտեմբեր 1998)

1924-ի Հոկտեմբերին Սիրանուշ թողուց իր մայրը Պէյրութի մէջ եւ նաւով ճամբորդեց դէպի Մարսէյ, ապա Փարիզ եւ ի վերջոյ Հաւանա, Քուպա։ Հոնկէ ան նստեցաւ ուրիշ նաւ մը դէպի Վերա Քրուզ, Մեքսիքա, ուր առաջին անգամ հանդիպեցաւ Կարապետ Թաւուգճեանին։ Զոյգը ամուսնացաւ յաջորդ օրը՝ 27 Նոյեմբեր 1924-ին։ Երբ Միացեալ Նահանգներ մտնելու համար հասան Խուարէզ, անոնք յայտնաբերեցին որ, հակառակ Կարապետի ամերիկեան քաղաքացիութեան, Սիրանուշ ստիպուած պիտի ըլլար երկու տարի մնալ Մեքսիքայի մէջ՝ ներգաղթի քոթայի (բաժնեչափի) պահանջները բաւարարելու համար։ Անոնք Խուարէզ մնացին վեց ամիս: Այս ընթացքին Կարապետ միջոցներ կը փնտռէր արագացնելու Սիրանուշի ներգաղթը Ֆրեզնօ։ Ի վերջոյ, անոնք իմացան որ Քուպա անցնիլը կրնար արագացնել գործընթացը։ 1925-ի Մարտին զոյգը մեկնեցաւ Քուպա, ուր Սիրանուշի ներգաղթեալի կարգավիճակը հաստատուեցաւ։ Անոնք այնուհետեւ ճամբորդեցին Նիւ Օրլէանզ, ուրկէ շոգեկառք առին դէպի Ֆրեզնօ։ Սիրանուշ Ֆրեզնօ հասաւ Զատկի Կիրակին՝ 12 Ապրիլ 1925-ին։

Սիրանուշ գերազանց տանտիկին էր, խոհարար եւ հացագործ, հինգ զաւակներու մայր։ Ան Ֆրեզնոյի Սուրբ Պօղոս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրեալ անդամ էր եւ հմտացաւ օրհնուած հացի (մաս, նշխար) պատրաստութան մէջ (մասը կը բաժնուի հաւատացեալներուն Պատարագէն ետք երբ կը հեռանան եկեղեցիէն)։ Ան տարիներ շարունակ ծառայեց եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան զանազան յանձնախումբերուն մէջ եւ միութեան կողմէ պատուուեցաւ որպէս «Տարուան մեծ մայր»։ Ան կը սիրէր մասնակցիլ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի գործունէութեան։ Սիրանուշ տաղանդաւոր էր ձեռագործի եւ հիւսելու մէջ։ Ան հաճոյք կը ստանար պարտիզպանութենէն եւ իր բակը գեղեցիկ յարդարելէն։ Իւրաքանչիւր մեծ տօնի իր ընտանիքը կը հաւաքուէր համեղ ճաշերով լեցուն սեղանի շուրջ եւ խաղերով կը զուարճանար։ Սիրանուշ միշտ կը նստէր խորանէն եօթը շարք ետեւ՝ եկեղեցւոյ ձախ կողմը․ հոն էր ամէն Կիրակի։ Իր վերջին տարիներուն, ան տեղափոխուեցաւ Քալիֆորնիոյ «Հայ Տուն»ը։ Ան խորապէս տխրեցաւ 1997-ին իր որդւոյն մահով։ Սիրանուշ տարեցներու խնամքի այդ կեդրոնին մէջ մնաց մինչեւ իր մահը 26 Սեպտեմբեր 1998-ին։ Թաղուած է Ֆրեզնոյի «Արարատ» գերեզմանատան մէջ։

Սիրանուշ հրճուանքով լեցուեցաւ երբ իր դուստր Նորման ծնաւ իր առաջին թոռնիկը՝ Զարուհին։ Շուտով իր ընտանիքը ծաղկեցաւ 11 թոռներու եւ 2 թոռնուհիներու աշխարհ գալով։ Այցելութիւնները «մեծ մայրիկ» Սիրանուշի տուն միշտ ուրախութեան աղբիւր էին․ համեղ կերակուրները առատ էին եւ տան կենսախայտ ետնաբակին մէջ զբաղումները՝ հաճելի։ Բակը ծաղիկներու եւ պտղատու ծառերու գողտրիկ վայր մըն էր, ուր միշտ կը գտնուէր քաղելու եւ վայելելու բնական բան մը։

Երբ թոռները մեծցան, նկատեցին գեղեցիկ սովորութիւն մը, որ Սիրանուշ ունէր անոնցմէ փոքրերուն հետ յարաբերութեան մէջ։ Ան կ’երգէր մանկական զուարճալի երգ մը, մինչ կը հաշուէր անոնց ոտքի մատները.

Այն-ուզ, Պույ-նուզ
Տա-վա-տանկ, Տուշ-տուկ
Ի-նո-ղիկ, Մի-նո-ղիկ
Ճան-նիկ, Ճան-ֆաս
Ֆըս-տըխ, Ֆը՛ս։

Այս խաղիկ-ոտանաւորին ծագումը կը մնայ առեղծուած, բայց ան դարձաւ անջնջելի յիշատակ մը իր բոլոր թոռներուն համար։ Սիրանուշի հանդարտ բնաւորութիւնը եւ իր իւրաքանչիւր թոռան վրայ հեղած խորունկ սէրը անջնջելի հետք ձգեցին անոնց սիրտերուն մէջ։ Մեծ մայրիկի ջերմութեան եւ հոգատարութեան ժառանգութիւնը պիտի փայփայուի միշտ։

Մարիամ Պօղոսեան (ծնեալ Թաւուգճեան, 8 Յունուար 1904 - 5 Դեկտեմբեր 1968)

Մարիամ Կարապետ Թաւուգճեանի քոյրն էր, Յակոբի եւ Երանուհի Թաւուգճեանի (ծնեալ Մրմրուքեան) դուստրը։ Քիչ բան յայտնի է Թոքատի մէջ Մարիամի եւ Կարապետի վաղ կեանքին մասին։ Մարիամն ու անոր Իսկուհի հարսը վերապրեցան ցեղասպանութենէն եւ ապաստան գտան որբանոցի մը մէջ՝ Պէյրութ։ Երբ Մարիամին հարցուցին, թէ արդեօք ազգականներ ունէ՞ր Միացեալ Նահանգներու մէջ, ան յիշեց իր եղբայրը՝ Քալիֆորնիա հաստատուած Կարապետը։ Նամակ մը ղրկուեցաւ հայկական թերթի մը՝ Քալիֆորնիա («Մշակ»ին կամ «Ասպարէզ»ին)։ Շուտով պատասխան եկաւ «Չարլի» անունով ծանօթ Կարապետէն․ ան իր քրոջ լուսանկարը կը խնդրէր ։ Երբ ստացաւ, անմիջապէս ճանչցաւ քոյրը եւ զայն Միացեալ Նահանգներ բերելու պատրաստութիւններ տեսաւ։ Իսկուհի չկրցաւ ընկերանալ իր կեսրոջ, քանի որ կարդալ կամ գրել չէր սորված։ Մարիամ հասաւ Միացեալ Նահանգներ եւ 29 Հոկտեմբեր 1922-ին ամուսնացաւ Ասատուր Պօղոսեանի հետ (15 Օգոստոս 1887 - 24 Սեպտեմբեր 1966։ Անոնք հաստատուեցան ագարակի մը մէջ՝ Թուլար, Քալիֆորնիա, եւ ունեցան չորս զաւակ՝ Տայանա, Ճէք, Քէյսի եւ Փոլ։

Աղբիւրներ

  • Բանաւոր պատմութիւն Երանուհի Լազեան Էքիզեանի (ծնեալ Քարնակելեան)․ հարցազրոյց Պոպ Տէր Մկրտիչեանի հետ, 25 Դեկտեմբեր 1976։
  • Բանաւոր պատմութիւն Երանուհի Լազեան Էքիզեանի (ծնեալ Քարնակելեան)․ հարցազրոյց Նորմա Տէր Մկրտիչեանի հետ, 20 Օգոստոս 1977։
  • Բանաւոր պատմութիւն Սիրանուշ Թաւուգճեանի (ծնեալ Լազեան)․ հարցազրոյց Պոպ Տէր Մկրտիչեանի հետ, 12 Յունիս 1984։
  • Մարիամ Պօղոսեանի (ծնեալ Թաւուգճեան) վկայութիւնները։
  • Bob Der Mugrdechian, Siranoosh, My Child («Սիրանուշ, Իմ Զաւակս»), 1984 (www.tavookjian.com)․
  • Barlow Der Mugrdechian, "A Farewell to the Armenians of Evdokia/Tokat" («Հրաժեշտ Եւդոկիոյ/Թոքատի Հայոց»), in: Armenian Sebastia/Sivas and Lesser Armenia, Volume 5 in the series Historic Armenian Cities and Provinces, edited by Richard G. Hovannisian (Costa Mesa, CA, 2004), Chapter 10, pp. 265-304.
  • Արշակ Ալպօյաճեան, Պատմութիւն Եւդոկիոյ Հայոց, տպարան «Նոր Աստղ», Գահիրէ, 1952։

Բանաւոր վկայութիւններ | Երանուհի Լազեան (ծնեալ Քարնակելեան) | 25 Դեկտեմբեր 1976 | 15 վայրկեան

Երանուհի Լազեան (ծնեալ Քարնակելեան), ծնած Պիզերի/Պիզարէ (ներկայիս Աքպելէն, Թոքատի մօտ) կը պատմէ իր ընտանիքին պատմութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին իր եւ իր ընտանիքին սոսկալի փորձութիւնը, իր տարագրութիւնը եւ վերապրումը Սուրուճի մէջ։

Հարցազրուցավար՝ Պոպ Տէր Մկրտիչեան (Սիրանուշի դստեր՝ Նորմայի ամուսինը)։

Բանաւոր վկայութիւններ | Երանուհի Լազեան (ծնեալ Քարնակելեան) | 20 Օգոստոս 1977 | 58 վայրկեան

Երանուհի Լազեան (ծնեալ Քարնակելեան), ծնած Պիզերի/Պիզարէ (ներկայիս Աքպելէն, Թոքատի մօտ), կը պատմէ իր ընտանիքին պատմութիւնը, կը նկարագրէ իր տունը ծննդավայր գիւղին մէջ, իր կեանքը այնտեղ, Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին իր եւ իր ընտանիքին սոսկալի փորձութիւնը, իր տարագրութիւնը, վերապրումը, ցեղասպանութենէն ետք անցուցած տարիները Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ, 1933-ին իր մեկնումը Միացեալ Նահանգներ։

Հարցազրուցավար՝ Նորմա Տէր Մկրտիչեան (Սիրանուշի դուստրը)։ Հարցազրոյցին Սիրանուշն ալ ներկայ է եւ յաճախ կը միջամտէ։

Բանաւոր վկայութիւններ | Սիրանուշ Թաւուգճեան (ծնեալ Լազեան) | 12 Յունիս 1984 | 90 վայրկեան

Սիրանուշ Թաւուգճեան (ծնեալ Լազեան), ծնած Պիզերի/Պիզարէ (ներկայիս Աքպելէն), կը պատմէ իր ընտանիքին պատմութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին իր եւ իր ընտանիքին սոսկալի փորձութիւնը, ցեղասպանութենէն ետք անցուցած տարիները Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ, իր պայմանաւորեալ ամուսնութիւնը Միացեալ Նահանգներէն հայու մը հետ, 1924-ին իր ճամբորդութիւնը Պէյրութէն դէպի Քուպա եւ ի վերջոյ դէպի Միացեալ Նահանգներ։

Հարցազրուցավար՝ Նորմա Տէր Մկրտիչեան (Սիրանուշի դուստրը)։