Թոմփսոն/Նիլսեն հաւաքածոյ - Այոուա քաղաք եւ Պերքլի, ԱՄՆ

Թորոսեան (Քայսերի/Կեսարիայէն) եւ Շաքարճեան (Էրզինճան/Երզնկայէն) ընտանիքներուն նուիրուած այս էջի լոյս ընծայումը կարելի դարձաւ շնոհիւ Նազալի/Նէնսի Ժանն Թոմփսոնին եւ իր եղբօրը՝ Ճէյմս Նիլսենին։ Մօտաւորապէս մէկ տարուան վրայ երկարող ժամանակաշրջանի մը ընթացքին Նէնսին շատ մեծ բծախնդրութեամբ մեզի ղրկեց իր ընտանեկան գանձերուն լուսանկարները եւ մեծ խնամքով գրեց հոս բերուած գրութիւնները։ Նէնսիին եւ Ճէյմսին ծնողները՝ Ռոյ եւ Պէթի Նիլսեններն ալ նկատառելի աջակցութիւն ցուցաբերած էին նիւթերը եւ տեղեկութիւնները դասաւորելու եւ պահպանելու գործին, իսկ իրենց մօրաքոյր Եսթէրը տան գլխաւոր տուեալ հաւաքողը եղած էր։
  
​Նէնսիին մօրենական մեծ հայրը՝ Եսայի Թորոսեանը, կեսարացի էր (այսօրուան Քայսերիէն)։ Իսկ մօրենական մեծ մայրը՝ Ազնիւ Շաքարճեանը, երզնկացի էր (այսօր՝ Էրզինճան)։

Շաքարճեան ընտանիքը. ընդհանուր ակնարկ

Խաչատուր Շաքարճեանը եւ Հէլէն Շամէկեանը 7 զաւակ ունեցած են.

1. Ստեփան (1851-1923), որ ամուսնացած էր Լիւսիէն Տօնէկեանին հետ (1849, Մորիք-1927)։ Այս զոյգը Երզնկայէն մեկնած էր 1902-ին՝ Գահիրէ երթալու մտադրութեամբ, սակայն գացած էր ԱՄՆ (ֆրեզնօ)։ Երեք զաւակ ունէին՝ Արշակը, Ազնիւ/Ակնէսը (հետագային Թորոսեան) եւ Եւան (հետագային՝ Գափիկեան)։
2. Մոնիկ
3. Կարապետ, որ ամուսնացած էր Սառա Մորճիկին հետ։ Ունէին վեց զաւակ՝ Միրիամը, Հայկազունը, Նշանը, Սաթենիկը, Գրիգորը, Գէորգը եւ Համբարձումը։
4. Սարգ
5. Սեդրակ (ընտրած էր Շաքարեան մականունը), որ ամուսնացած էր Մարիամ Գաբիկեանին հետ։ Անոնք 1902-ին Երզնկայէն Գահիրէ գացած էին։ Իրենց զաւակներն են Վերժինէն (հետագային Չաքճեան), Վեհազունը (հետագային Քիւչիւքեան), Ցոլակը, Հայկը եւ Արմենուհին (հետագային Պաքէրճեան)։
6. Էթէռնանա, որ ամուսնացած էր Մորճիկեան ընտանիքէն մէկու մը հետ եւ ունեցած երեք զաւակ՝ Հայկը, Հայկանոյշը (հետագային՝ Պորոնեան) եւ դուստր մը (որ պիտի ամուսնանար Թէրզեան մականունով մէկու մը հետ)։
7. Մարտիրոսը, որ ամուսնացած էր Երիթիկէն (Երէցկի՞ն) անունով մէկու մը հետ։​

Ստեփանը եւ Սեդրակը իրենց ընտանիքներով ձի հեծած գացած էին Երզնկայէն Տրապիզոն, ուր նաւ բարձրացած էին։ Կ’ուղեւորուէին Եգիպտոս, ուր ազգականներ ունէին։ Բայց Մարսիլիոյ մէջ առողջապահական մեկուսացում կար (քարանթին), եւ այդ պատճառով որոշ բարդացումներ պիտի պատահէին, եւ ի վերջոյ միայն Սեդրակը պիտի երթար Գահիրէ, իսկ Ստեփանը եւ ընտանիքը պիտի երթային ԱՄՆ (Ֆրեզնօ, Քալիֆոռնիա)։

Նէնսիին մօրաքոյրը՝ Եսթերը, որոշ գրառումներ ունի, որոնց մէջ գծած է Ստեփանին եւ Լուսիէին Երզնկայի տան եւ կահ-կարասիներու բաշխումին մօտաւոր յատակագիծը։ Անոնք նաեւ բերուած են աւելի վար այս էջին մէջ։

Շաքարճեանները բողոքական էին Երզնկայի մէջ։ Ստեփանին ընտանիքը Ֆրեզնոյի մէջ աւետարանչական եկեղեցի կը յաճախէր, իսկ Սեդրակի սերունդներուն պատկանող անձ մը, որ հայ բողոքական պատուելի էր, յայտնած է որ իր մեծ ծնողները եւ մեծ մեծ ծնողները կը յաճախէին Գահիրէի հայ բողոքական եկեղեցին։ Նաեւ կը կարծուի, թէ Նէնսիին մեծ մայրը Քրիստինեան վարժարանը յաճախած է Երզնկայի մէջ, ուր ան 1894-ին հիւսած է այն ձեռագործը որ ներկայացուած է սոյն էջին մէջ։

Թորոսեան ընտանիքը. ընդհանուր ակնարկ

Յարութիւն/Պէռնարտ Թորոսեանը ծնած էր 1858-ին (վաղաժամ մահով պիտի մահանար)։ Ամուսնացած էր 1858-ին Միրիամ Ճէրահեանին հետ (մահացած 1924-ին Թըրլոքի (Քալիֆոռնիա) մէջ)։

Յարութիւն/Պէռնարտ Թորոսեանը եւ Միրիամ Ճէրահեանը 6 զաւակ ունեցած են.

1. Եսայի Թորոսեան (1884 Ֆենէսէ-1960 ԱՄՆ). Եսային իր հայրենի քաղաքին ուղղափառ եկեղեցիին մէջ դպիր էր։ 13 տարեկանին ան պիտի լքէր այս քաղաքը եւ երթար Պոլիս իր հօրեղբայրներէն մէկուն քով կօշկակար աշխատելու։ 1908-ին ան ԱՄՆ-ի մէջ պիտի ամուսնանար Ակնէս Շաքարճեանին հետ։
2. Հարի Թորոսեան (1878 Ֆենէսէ-1969 ԱՄՆ)։ Հօր մահէն ետք Հարին կը ղրկեն հօրեղբօր հետ ապրելու Պոլիս։ 5 տարի հոն անցընելէ ետք Հարին եւ անոր ընկեր Գրիգոր Պալթայեանը կ՚որոշեն մեկնիլ։ Հարին ամուսնացած էր Վալընթայն Փեշտիմալճեանին հետ (1886-1947)։
3. Ճօն (1879 Ֆենէսէ-1958 ԱՄՆ)։ 1912-ին ամուսնացած էր Փարոս Թագուշեանին հետ (1893–1978)։ Փարոսը մօրը հետ ԱՄՆ եկած էր 14 տարեկան հասակին։ Ան ծնած օրէն արդէն Ճօնին խոստացուած հարսնացուն էր։
4. Մարիամ (1880 Ֆենէսէ-1916 ԱՄՆ)։ Ամուսնացած էր Կարապետ Նուրիճանեանի հետ (վերջինս փախած էր եւ ԱՄՆ հասած 1907-ին։ Մարիամը եւ զոյգին 5 զաւակները ԱՄՆ պիտի գային 1913-ին)։
5. Արուսեակ (ծնեալ 1886-ին)։
6. Ռուբէն

Ազնիւ/Ակնէսի երկու հօրեղբայրները եւ քոյրը պատկերող լուսանկար։

Երկրորդ շարքի աջ ծայրին կեցած մարդը Ազնիւին Սեդրակ հօրեղբայրն է։ Քովը կեցողը տիկինն է՝ Միրիամ Շաքարճեանը (ծն. Գաբիկեան)։ Սեդրակը եւ ընտանիքը Ազնիւին եւ վերջինիս ընտանիքին հետ Էրզինճան/Երզնկայէն մեկներ էին 1908-ին՝ Գահիրէ երթալու համար։ Մարսիլիոյ մէջ առողջապահական մեկուսացման (քարանթին) հետ կապուած խնդիրներու հետեւանքով միայն Սեդրակին ընտանիքը պիտի երթար Գահիրէ։ Ազնիւը եւ ընտանիքը ԱՄՆ պիտի երթային։

Առաջին շարքին աջ ծայրը նստած մարդը Ազնիւին Մարտիրոս հօրեղբայրն է։ Անոր աջին իր տիկինն է։ Անունը Երիթիկին էր (հաւանաբար «երէցկին» տիտղոսը, որ կը գործածուէր հոգեւորականի մը կնոջը դիմելու համար)։

Երկրորդ շարքին ձախէն երկրորդ անձը Ազնիւին մեծ քոյրն է, Եւան։ Եւային աջին իր ամուսինն է՝ Մարտիրոս Գաբիկեանը։ Եւային ամուսինին եւ Սեդրակին կնոջ ծնողքը՝ Ալեքս եւ Մարիձա Գաբիկեանները նստած են առաջին շարքին ձախ կողմը։ Եւան արդէն ամուսնացած էր 1902-ին եւ չէ նկարուած այս խումբին հետ, որ պիտի մեկնէր Էրզինճան/Երզնկայէն։

Այս լուսանկարը 1906-ին նկարուած է՝ Ստեփանին եւ իր ընտանիքին ԱՄՆ ժամանումէն չորս տարի ետք։ Երկրորդ շարքին ձախէն աջ կեցած են Ազնիւ/Ակնէս Թորոսեանը (ծն. Շաքարճեան, Նէնսիին մօրենական մեծ մայրը), Ազնիւ/Ակնէսին եղբայր Արշակը կնոջ՝ Նարդուհի Բոժոժեանիին հետ (Նարդու, Բազոզեան, Բոսոզեան)։ Առաջին շարքին նստած «մեծերը» Նէնսիին մեծ մեծ մայր Լուսիէն Շաքարճեանը (ծն. Տօնեկեան) եւ մեծ մեծ հայր Ստեփան Շաքարճեանն են։ Երեք երեխաները Արշակ Շաքարճեանի դուստրերն են. ձախէն աջ՝ Արաքսի Ֆիննի, Արմէն Տօըրթի, Արշ Սթոնն։

Կը կարծենք որ այս լուսանկարը Հարի Թորոսեանին կնոջ՝ Վալենթինին ծնողքը կը պատկերէ, տէր եւ տիկին Փէշտիմալճեանները։ Հարիին կնոջ անունը Վալենթայն Թորոսեան էր (ծն. Փէշտիմալճեան 1886-ին եւ մահացած 1947-ին)։ Հարիի աներոջ եւ զոքանչին անունները մեզի յայտնի չեն. լուսանկարը ամենայն հաւանականութեամբ նկարուած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ։

Այս երկու անձերուն ինքնութեան մասին հակասական տեղեկութիւններ ունինք։

Այս լուսանկարին ուրիշ մէկ օրինակին դարձերեսին Ազնիւ/Ակնէս Թորոսեանի (ծն. Շաքարճեան) գրածին համաձայն՝ լուսանկարուածները Գրիգոր Շաքարճեանը եւ կինը՝ Պիզար (Պայծա՞ռ) են։ Գրիգորը Կարապետ Շաքարճեանին (Նէնսիին մեծ մայր Ազնիւ/Ակնէսին հօրեղբօր) եւ Սարիկին որդին էր, որ Էրզրում/Կարինէն ԱՄՆ գալու ճամբուն վրայ պիտի սպաննուէր։ Եւ ըստ նոյն տեղեկութիւններուն՝ Գրիգորը սպաննուած էր ուրիշ մէկու մը հետ, որ Կարապետի դուստր Մարիամին ամուսինն էր։

Սակայն ա՛յս նկարին դարձերեսին նաեւ մէկը գրած է թէ կինը Հայկանոյշն է՝ Կարապետի քոյր Էթեռնանային դուստրը։ Այս պարագային կրնայ ըլլալ որ այրը անոր ամուսինն է՝ Ահարոն Պարոնեանը։

1) Նէնսիին մեծ հօր եւ մեծ մօր՝ Եսայի Թորոսեանին եւ Ազնիւ/Ակնէս Թորոսեանին (ծն. Շաքարճեան) հարսանեկան լուսանկարը։ Անոնք ԱՄՆ ամուսնացած էին 1908-ին։

2) Այս լուսանկարին մէջ պատկերուած է Եսայի Թորոսեանին ընտանիքը Թըրլոքի մէջ (Քալիֆոռնիա), 1915-ի կողմերը։ Երեք աղջնակները աջէն ձախ Ռոքսին (նստած Ազնիւ/Ակնէսին քովը), Պէթին (ճերմակ հագած) եւ Եսթերն (գլխուն ժապաւէնով) են։ Պէթի Թորոսեանը Նէնսիին մայրն է։ Ոտքի լուսանկարուած են ձախին Ազնիւ/Ակնէս Թորոսեանը (ծն. Շաքարճեան) եւ աջին ամուսինը՝ Եսայի Թորոսեանը։

Նէնսիին մեծ մեծ մայրը՝ Հէլէն Շաքարճեանը (ծն. Շամէկեան) լուսանկարուած Նէնսիին մեծ մօր Էրզինճան/Երզնկայի տան առջեւ։

Ձախին նստած է Հայկանոյշը՝ Ազնիւ/Ակնէս Շաքարճեանի (հետագային Թորոսեան) զարմուհին. Հայկանոյշը Ազնիւ/Ակնէսին հօրաքրոջ՝ Էթեռնանային դուստրն էր, որուն ամուսինը Մորճիկեան էր։ Աջի տարեց կինը Հէլէն Շամէկեանն է՝ (հետագային Շաքարճեան) Ազնիւ/Ակնէսին հօրենական մեծ մայրը։

Երկու նստած կիներուն միջեւ ոտքի կեցած աղջնակը Միրիամն է, Ազնիւ/Ակնէսին զարմիկներէն մէկը, Ազնիւ/Ակնէսին հօրեղբայր Կարապետին եւ անոր կնոջ՝ Սառային դուստրը։ Միրիամին ձեռքին ծաղիկի տեսքով շաքարաքլոր մը կայ, որ իր հօրեղբօր՝ Սեդրակին ձեռքի գործն է։ Սեդրակը եւ Շաքարճեան եղբայրներէն շատերը շաքարագործներ էին եւ շաքարի եւ սուրճի առեւտրականներ։ Ազնիւ/Ակնէսին պատրաստած խեցեղէն հաւիկները կը նմանին այն շաքարեղէններուն, որ իր ընտանիքը կը պատրաստէր։

Հէլէն Շաքարճեանին գիրկը նստած մանկիկը հաւանաբար Շէրման Պարոնեանն է՝ Հայկանոյշին որդին։

Էտի Գափիկեանը եւ Ռոզ Գափիկեանը (հետագային Քալաշեան)։
Ռոզը եւ Էտին զաւակներն էին Եւային՝ Ստեփան Շաքարճեանին դստեր։ Եւան Ստեփանին ընտանիքին միւս անդամներուն հետ չէր գաղթած 1902-ին՝ տրուած ըլլալով որ արդէն ամուսնացած էր Մարտիրոս Գափիկեանին հետ (Օսմանեան կայսրութեան մէջ)։ 1912-ին պիտի գաղթէր։

Թորոսեան ընտանիքի այրերը. ետեւի շարքին ծայրերը կեցած են Եսայի եւ Ճօն Թորոսեանները։ Իրար ետեւի ոտքի կեցած մանչուկները Հարիին որդիներն են։ Առաջին շարքին նստած այրերն են (ձախէն աջ) Կարապետ Նուրճանեանը (Միրիամի դուստր Մարիամի ամուսինը) եւ Հարի Թորոսեանը։

1. Միրիամ Ճէրահեանը՝ Նէնսիին մեծ հօր մայրը (ծն. Երուսաղէմ 1858-ին), ձախին կանգնած է։ Այս լուսանկարին մէջ ան իր որդիին՝ Ճօնին (մէջտեղը կեցած) եւ Փարոս Թագուշեան անունով կնոջ մը հետ է։ Միրիամը ԱՄՆ գաղթած էր Փարոսին հետ, որ պիտի դառնար Ճօնի կինը։ Տրուած ըլլալով որ Միրիամը եւ Փարոսը երկուքն ալ 1912-ին ամուսնացած էին, կ՚ենթադրենք որ Միրիամը եւ Փարոսը 1912-ին կամ անկէ առաջ ԱՄՆ գացած են։

2. Ոտքի ձախէն աջ՝ Հարի Թորոսեանին կինը՝ Վալենթայն Թորոսեանը (ծն. Փէշտիմալճեան), անոր մայրը (Հարիին զոքանչը) եւ Հարի Թորոսեանը։

Այս նկարին մէջ պատկերուածները Նէնսիին մօրենական մեծ հօր՝ Եսայի Թորոսեանին ընտանիքի անդամները եւ ազգականներն են։

Հարի Թորոսեանը (ծն. 2 մայիս 1878-ին Քայսերի/Կեսարիոյ մէջ) եւ կինը՝ Վալենթին Փէշտիմալճեանն (1886-1947) են լուսանկարին մէջ։ Հարին անդրանիկ որդին էր, որ ԱՄՆ գաղթեր էր 1896-ին։ Ան Արեւելեան ափին հաստատուած էր եւ իր եղբայրներ Ճօնին եւ Եսայիին, քրոջը Մարիամին եւ մօրը՝ Միրիամին աւելի ուշ ԱՄՆ գաղթելուն մէջ առանցքային դեր ունեցած էր։

Հարին եւ Վալենթինը ԱՄՆ-ի մէջ իրարու հանդիպած եւ ամուսնացած էին։ Հարին ստանձնած էր իր կրտսեր քոյր-եղբայրներուն խնամակալութեան պատասխանատուութիւնը, որովհետեւ, ինչպէս կը թուի, իրենց հայրը՝ Յարութիւն/Պէռնարտը վաղաժամ մահացած էր։ Հարին նպարավաճառի խանութ ունէր ու սիրուած քաղաքացի մըն էր։ Ան Ժողովական եկեղեցի կը յաճախէր։ Պարբերաբար Քալիֆոռնիա կ’երթար՝ իր եղբայրներուն՝ Ճօնին եւ Եսայիին այցելելու համար։ Քոյրը՝ Մարիամը եւ անոր ամուսինը՝ Կարապետ Նուրճանեանը նոյնպէս կը վայելէին Հարիին օժանդակութիւնը։

Այնպէս կը թուի, որ թէ՛ Թորոսեանները եւ թէ՛ Շաքարճեանները բողոքական էին, կրնայ ըլլալ ԱՄՆ երթալէն առաջ արդէն էին։

Այս նկարին մէջի երիտասարդ տիկինը (աջ ծայրը) հաւանաբար Հայկանոյշն է՝ ամուսինին՝ Ահարոն Պարոնեանին քով (ոտքի)։ Վերջինիս քովը նստած կինը հաւանաբար իր մայրն է. թերեւս ալ մեծ քոյրը. Կամ Հայկանոյշին մայրը (այս պարագային ան Էթեռնանան պէտք է ըլլայ)։

1. Լուսանկարին դարձերեսը. «Կը նուիրեմ զայս ի յիշատակ մեր Բարեկամութեան եւ Ազգականութեան անկեղծ սիրոյն, Առ համեստուհի, Տիկին Ազնիւ Ե. Թորոսեանի։ 1909 մարտ 14, Գէորգ Շաքարճեան, Երզնկա։

2. Այս լուսանկարին մէջ պատկերուած չափահաս անձերը յստակօրէն կը ճանչցուին՝ Հայկանոյշ Պարոնեանը եւ Հայկ Մորճիկ(եան)ն են։ Նկարուած են Էրզինճան/Երզնկայի մէջ 1909-ի շուրջ։ Կը կարծենք որ անոնք Նէնսիին մեծ մօր մօրաքրոջ՝ Էթեռնանա Շաքարճեանին (որ ամուսնացած էր Մորճիկեան ընտանիքէն մէկու մը հետ) դուստրը եւ որդին են։

Ազնիւ/Ակնէս Թորոսեանին (ծն. Շաքարճեան) հօրեղբայր Կարապետ Շաքարճեանը եւ տիկինը՝ Սարիկ Նանան։

1. Խանութը, ուր Հարի Թորոսեանը 50 տարի աշխատած է։

2. Այս նկարին մէջ Եսային իր խանութին մէջ է («Racket Store»), որ Թուրլոքի մէջ էր (Քալիֆոռնիա), ուր հաստատուած էր Արեւելեան ափէն Արեւմտեան ափ փոխադրուելէ ետք։

3. Եսայի Թորոսեանը։ Ան ԱՄՆ-ի մէջ տարբեր տեղեր աշխատած էր։ Այս լուսանկարին մէջ Մասաչուսեցի ձուլարանի մը մէջ աշխատած ատենն է։

4. Եսայի Թորոսեանը եւ իր Թուրլոքի (Քալիֆոռնիա) խանութը։ Այս լուսանկարը բացիկի մը դիմերեսն է։ Պատկերուած է խանութին ճակատը եւ արտաքին մասը. խանութին ներսը պատկերուած էր նախորդ նկարին մէջ։

Թորոսեաններուն տնօրինած խանութներէն եւս մէկը, այս անգամ Ուունսոքէթի մէջ (Ռոտ Այլընտ)։ Հարի Թորոսեանը այս խանութը բացեր էր որ իր եղբայրը՝ Եսային աշխատցնէր։ Երկար պիտի չգործէր սակայն։

Ընտանեկան արխիւէն բազմաթիւ փաստաթուղթեր։ Այս էջերը մաս կը կազմեն դատական հայցի մը, որ Նէնսիին մեծ հայրն ու մեծ մայրը՝ Եսային եւ Ազնիւ/Ակնէսը, ներկայացուցած էին 1933-ին ԱՄՆ պետական բաժանմունքին հովանաւորութեան տակ։ Հայցը ներկայացուած էր Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ԱՄՆ կառավարութեան ճամբով եւ կը վերաբերէր հատուցման օրէնքով Թորոսեան ընտանիքին կալուածներու եւ անշարժ գոյքի կորուստներուն դիմաց իրաւունքներուն։ Այս տեղի կ՚ունենար Թորոսեան ընտանիքին բազմաթիւ անդամներուն, ներառեալ Նէնսիին մեծ մեծ մօր, ԱՄՆ գաղթելէն ետք։ Հայցը պիտի մերժուէր։ Փաստաթուղթերէն ոմանց մէջ բերուած է Կեսարիոյ մէջ Թորոսեաններուն ունեցած սեփականութեան ճշգրիտ տեղակայումը եւ գրեթէ կատարեալ նկարագրութիւն մը գոյքերուն։ Աւելի ընթեռնելի տարբերակ մը կարելի է կարդալ ՀՈՍ.

Ազնիւ/Ակնէս Թորոսեանի (ծն. Շաքարճեան) դուստրը՝ Եսթերը, գծած է Ազնիւին Էրզինճան/Երզնկայի տան այս յատակագիծը։ Տունը նախորդ լուսանկարին խորքին կ՚երեւէր։ Յատակագիծը կազմուած է ըստ իր տան մասին Ազնիւին ունեցած յիշողութիւններուն։ Ըստ երեւոյթին տան դիմացի բակին մէջ կար տեղ մը, ուր կար աղբիւրի ջուր։ Նաեւ կան կահ-կարասիներուն մասին շատ անմշակ նկարներ, ներառեալ սափորի մը, որուն լուսանկարը կայ «Ընտանեկան մասունքներ» բաժինին մէջ։

Ընտանեկան յուշիրեր

Այս հատուածին մէջ ի ցոյց բերուած իրերը Նէնսի Թոմփսոնին հաւաքածոյին մաս կը կազմեն եւ մեծ խնամքով պահպանուած են։ Նէնսին ինքը տրամադրած է իւրաքանչիւրին լուսանկարը։ Այս առարկաներէն շատերը Էրզինճան/Երզնկայէն բերուած են, երբ Ազնիւ Շաքարճեանը (հետագային Թորոսեան) ընտանիքին հետ ԱՄՆ գաղթած էր 1902-ին։

Ընտանեկան հաւաքածոյին մաս կազմող բարձի գործուած երեսներ։

Ընտանեկան հաւաքածոյէն ուրիշ բարձ մը։ Ասոնցմէ մէկը բերուած էր Էրզինճան/Երզնկայէն. Վստահ չենք ո՛ր մէկը։ Երկու բարձերն ալ հայկական գորգային հանգոյցներով եւ զարդանախշերով են։

Յախճապակիէ հաւիկ եւ աքաղաղ։ Կը կարծենք որ մեծը Նէնսիին մօրաքոյր Եսթերին ձեռքի գործն է, իսկ փոքրը՝ Նէնսիին մեծ մօր՝ Ազնիւ/Ակնէս Թորոսեանին (ծն. Շաքարճեան) աշխատանքն է։ Ազնիւ/Ակնէս կ՚ըսէր, թէ այս հաւիկներն ու աքլորները ունին այն շաքարաքլորներուն տեսքը, որ իր հայրն ու հօրեղբայրները կը պատրաստէին Էրզինճան/Երզնկայի մէջ, երբ շաքարագործութիւն կ՚ընէին։ Ամենամեծ խեցեղէնը 11,4 սմ է, իսկ ամենափոքրը՝ 8,89 սմ։

Զոյգ մը գուլպայ, որ Նէնսիին մեծ մայրը՝ Ազնիւ/Ակնէս Թորոսեանը (ծն. Շաքարճեան) հիւսած է Երզնկայի մէջ։ Ահաւասիկ չափերը. Կրունկէն մատ՝ 21,60 սմ, կրունկին տակէն մինչեւ գուլպային վերի ծայրը՝ 41,90 սմ։ Լայնքերը. ոտնաթաթը՝ 8,25 սմ, կոճին՝ 8,25 սմ, վերի մասը՝ 10,80 սմ։

Ձեռագործ այս գօտին ունի 101,6 սմ մատնաչափ երկարութիւն եւ 3,81 սմ մատնաչափ լայնք։ Ճարմանդը մետաղեայ էր, նոյն կտորով ծածկուած, բայց կորսնցուցած են զայն։

Նէնսիին մեծ մօր ասեղնագործ նմուշարարին լուսանկարը։ Մեծ մայրը ծնած էր 1886-ին այս նմոյշը գործած էր 1894-ին, երբ Էրզինճան/Երզնկայի մէջ միսիոնարներու դպրոցի աշակերտուհի էր։ Հայոց այբուբենը պատկերուած է վերի մասին մէջ, վարի ձախ անկիւնը կենդանիներ կան։ Աջ անկիւնը իր անուն-մականունին՝ Ազնիւ Ստեփան Շաքարճեանի սկզբնատառերն են Ա. Ս. Շ.։ Տեսանելի մասը ունի 48,26 սմ երկայնք եւ 28,57 սմ լայնք։

Այս լուսանկարներուն մէջ պատկերուած են զարդերիզի մը դիմացի եւ ետեւի կողմերը։ Նախշերը այլազան են եւ չեն կրկնուիր։ Երկարութիւնը 2,4 մ եւ 22,86 սմ է։ Միայն վերջաւորութեան ծոպ կայ, մօտաւորապէս 10,16 սմ երկարութեամբ։ Լայնքը 5,08 սմ է։

Կը կարծենք որ ժանեակի այս բոլոր գործերը Ազնիւ/Ակնէսին ընտանիքը հետը ԱՄՆ բերած է Էրզինճան/Երզնկայէն։ Չափերը ծայրէ- ծայր առնուած են, այսինքն իւրաքանչիւր կտորի ամենածայրի հատուածէն։
Ժանեակ 1. Մէկ եռանկիւնէն գագաթէն տրամագծօրէն հակառակ միւս եռանկիւնին գագաթը 16,51 սմ է։
Ժանեակ 2. Մէկ բիլթին դուրսի ծայրէն մինչեւ տրամագծօրէն հակառակ միւս բիլթին դուրսի ծայրը 21,59 սմ է։
Ժանեակ 3. Այս մէկուն տրամագիծը 19,05 սմ է։
Ժանեակ 4. Այս մէկուն տրամագիծը 20,32 սմ է։

Առաջին, աւելի մեծ ժանեակին տրամագիծը 20,32 սմ է, իսկ երկրորդ՝ աւելի փոքրինը, 12,7 սմ է։

Ջուրի կուժ/սափոր։ Եսթեր Թորոսեանը այս կուժի գծանկարը ըրած էր Նէնսիին մեծ մօր՝ Ազնիւ/Ակնէս Թորոսեանին (ծնեալ Շաքարճեան) զրոյցի մը ընթացքին։ Այդ գծանկարը վերը բերուած էջերուն մէջ է։ Կուժին բարձրութիւնը 38 սմ է, իսկ ամենալայն մասին տրամագիծը 36,5 սմ է։ Պղնձեայ է։ Կը կարծենք որ կանթը եւ կափարիչը դուրգամով ամրացուած են։ Այս էջերուն մէջ նաեւ ընտանիքը Երզնկայի մէջ պատկերող ճեպանկար մը կայ։ Ըստ երեւոյթին ջուրի մօտակայ աղբիւր մը կար։ Հաւանական է, որ ընտանիքին անդամները այս կուժով աղբիւրէն ջուր կը բերէին։

Սուրճ եփելու աման։ Կը կարծենք որ ան նոյնպէս Երզնկայէն է եւ Շաքարճեան ընտանիքին հետ 1902-ին եկած է ԱՄՆ։ Պղնձեայ է։ Բռնակը 15,24 սմ երկարութիւն ունի։ Վերի մասին տրամագիծը 5,7 սմ է։ Վարի մասինը՝ 6,9 սմ։

Երզնկայէն 1902-ին Շաքարճեան ընտանիքին կողմէ բերուած թաս մը։ Լոգնալու համար կը գործածուէր։ Ազնիւ/Ակնէս Թորոսեանը (ծն. Շաքարճեան) կը պատմէր, թէ Երզնկայի մէջ կը լոգնային տակառի մէջի ջուրը այս թասով իրենց մարմինին լեցնելով։ Ապա յարաբերաբար մաքուր մարմինով հանրային բաղնիք կ՚երթային։ Ուրիշ բան մըն ալ որ Ազնիւ/Ակնէսը պատմած էր՝ բաղնիքը այն վայրն էր, ուր մայրերը իրենց որդիներուն հաւանական հարսնացուներուն մարմինները կը ստուգէին… Ան նաեւ կը յիշէր փափուկ, փարթամ տարեց կիներու գիրկը նստելու հաճելի զգացումը։

Թասին տրամագիծը վերի մասը 20,72 սմ է, իսկ վարի մասինը՝ 15.24 սմ։ Խորութիւնը 6.35 սմ է։

Բացիկներ ընտանեկան հաւաքածոյէն

Այս բաժինին մէջ ցուցադրուած բացիկները Նէնսի Թոմփսոնին ընտանեկան հաւաքածոյին մաս կը կազմեն։ Գլխաւորաբար Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամ յեղափոխական գործիչներ են։

Էվերէկը պատկերող բացիկ (այժմ՝ Տեւելի)։ Հեռուն կ՚երեւի Արքէոս լեռը (3,917 մ)։

Կ՚օրհնենք քեզ Աստուած

Ազնիւ/Ակնէս Թորոսեանի (ծն. Շաքարճեան) կատարումով ուրիշ բողոքական աղօթք մը, որ կը կոչուի «Կ՚օրհնենք քեզ Աստուած». Ազնիւ/Ակնէսը հայերէն տարբերակը կ՚երգէ։