Թոփճեան հաւաքածոյ
Հեղինակ՝ Սիլվինա Տէր Մկրտիչեան եւ Էլենա Թոփճեան
Այս հաւաքածոյին մէջ կը ներկայացնենք պատկերներ եւ առարկաներ, որոնք կը պատկանին Պուէնոս Այրէս ապրող Էլենա Տէր Մկրտիչեանին (ծնեալ Թոփճեան)։ Հաւաքածոյին սկիզբը կը տեսնէք Արաքսի Խաչատուրեանի եւ Աւետիս Թոփճեանի պատկերը։ Անոնք Էլենային ծնողներն են, զիրար հանդիպած են Արժանթինի մէջ եւ անոնց ընտանեկան կեանքը ծայր առած է 1940-ին։
Աւետիսին ընտանիքը հայրենի Այնթապը կը ձգէ 1919-ի շուրջ, կը հաստատուին Հալէպ, ուր կը մնան եօթ տարիներ, ապա կը գաղթեն Արժանթին 1926-ին։ Արաքսի ծնած է 1923-ին Արժանթինի մէջ. հայրը այնթապահայ մըն էր, իսկ մայրը Սոֆիայէն (Պուլկարիա) եկած եւ ադամանդագործ ընտանիքի մը անդամ հայուհի մըն էր։
Այս էջին վրայ պիտի գտնէք երկու ենթաբաժիններ, մէկը Արաքսիին ընտանիքին վերաբերող, իսկ միւսը՝ Աւետիսին։
Խաչատուրեան ընտանիք
Խաչատուր Խաչատուրեան Այնթապը կը ձգէ իր երիտասարդ հասակին եւ 1901-ին առանձին կը հասնի Արժանթին։ Այդ ժամանակ 16 կամ 17 տարեկան էր։ Առաջին տարիներուն կ՚աշխատի իբրեւ նաւաստի Մայփու նաւուն վրայ, որ նախապէս թորփետօ նաւ մը եղած է եւ 1903-ին խարիսխ նետած Պուէնոս Այրէսի ափին, ուր սկսած է իբրեւ ապրանաքափոխ նաւ գործածուիլ Ռիօ տէ լա Փլաթայի ծոցին մէջ։ Մայփուի ուղին կը հասնէր մինչեւ Ուրուկուայ, ինչպէս նաեւ գետին տելթան եւ մինչեւ Հիւսիսային Արժանթին։
Էլենա Կարապետեան իբրեւ զբօսաշրջիկ Սոֆիայէն կը ժամանէ Արժանթին հօր, մօր, քրոջ Մաքրուհիին եւ եղբօր հետ։ Ան կը պատկանէր Պուլկարիա հաստատուած ադամանդագործ հարուստ ընտանիքի մը։ Անոր նախահայրերէն մէկը Սոֆիայի հայոց եկեղեցիին հիմնադրութեան նուիրատուն էր եւ թաղուած էր եկեղեցւոյ փակին մէջ։ Այս այցելութեան ժամանակ Կարապետեան երկու քոյրերը ամուսիններ կը գտնեն. Մաքրուհի Քորտոպայի մէջ, մինչ Հեղինէ (Էլենա)՝ Պուէնոս Այրէսի մէջ։ Իրենց ամուսնութենէն ետք, Էլենա եւ Խաչատուր բնակութիւն կը հաստատեն Մենտոզա նահանգին մէջ, իսկ հետագային ալ՝ Սան Խուան քաղաքին մէջ, որ կը գտնուի Անտեան լեռներու լանջին։ Այս այցելութեան ընթացքին Էլենայի եւ Մաքրուհիի մայրը կը մահանայ։ Իսկ իրենց հայրը, նկատելով որ երկու դուստրերը ապահով ձեռքերու մէջ են, կ՚որոշէ վերադառնալ Սոֆիա։
Այս ժամանակներուն, Խաչատուր եւ Էլենա Սան Խուանի մէջ կը ձեռնարկեն կօշիկի արտադրութեան, որ արդիւնաբեր էր։ Սկզբնական շրջանին, կօշիկի արտադրութեան մակնիշն էր «Էլ Թիկրէ» (Վագրը), բայց հետագային իրենց լաւագոյն արտադրութիւնները ամբողջ տարածքին մէջ կը ծախուին «Թամփեր» անուան տակ։ Նորարար ձեւեր կ՚որդեգրէին ծրարաւորման եւ ծանուցումի մէջ։ Օրինակ, այն ժամանակ երբ արտադրութիւնները կը կոչուէին «Էլ Թիկրէ», վագրի երկու ձագեր կը պահէին ցուցափեղկին ետեւ, իբրեւ ծանուցումի միջոց։ Կօշիկի ծրարները զարդարուած էին ալիւմինիոմ ոսկեգոյն թուղթով եւ կը կրէին սեւ ապրանքանիշ մը։
Խաչատուր եւ Էլենա կ՚ունենան վեց զաւակներ. Քարլոս, զոյգ մը (երկուքն ալ կանխահաս կը մահանան), Փետրօ, Արաքսի եւ Լուիսա։ Ընտանիքը լաւ դիրքի կը տիրանայ Սան Խուանի ընկերութեան մէջ, բարեկամական կապեր կը հաստատուին նահանգի յայտնի ընտանիքներուն հետ, որոնց շարքին յայտնի գինեգործ Կրաֆֆինկա ընտանիքը։ Արաքսի կ՚ամուսնանայ Աւետիսին հետ եւ կը փոխադրուին Քորտոպա։ Լուիսա իր կարգին կ՚ամուսնանայ Քարլոս Պալիոզեանի հետ եւ նոյնպէս կը փոխադրուին Քորտոպա։ 1938-ին, Խաչատուր կանուխ տարիքին (51 կամ 52 տարեկան) կը մահանայ։ Էլենա կը շարունակէ կօշիկի արտադրութեան գործը երկու որդիներուն՝ Քարլոսի եւ Փետրոյի հետ։ Կը շարունակուի նոյնիսկ 1944-ի մեծ երկրաշարժէն ետք։ Բայց 1957-ին, երբ Փետրօ կը մահանայ, Էլենա կը ձգէ Սան Խուան քաղաքը եւ կը հաստատուի Պուէնոս Այրէս, Արաքսիին եւ Աւետիսին մօտիկ ըլլալու համար։ Էլենա կը մահանայ Պուէնոս Այրէսի մէջ 1963-ին։
Էլենա Կարապետեան Սոֆիայի մէջ սորված էր մետաքսի խոզակներով եւ ոսկեթելով ասեղնագործութեան արհեստը։ Ան նաեւ կռասեղով եւ շատ բարակ թել գործածելով կը գործէր ձեռնոցներ։
Սան Խուանի մէջ կլիմայական յարմար պայմաններուն բերումով, ան շերամաբուծութիւն ալ կ՚ընէր։ Ներկայացուած գործին մէջ ան ասեղնագործ եւ հայերէնով գրած է «Հեղինէ Պօղոսեան» (հաւանաբար իր մօր ընտանիքին անունն է)։
Խաչատուրեան ընտանիքը Սան Խուանի մէջ հաւանաբար 1927-ին։ Նստած ձախէն աջ՝ Խաչատուր, գիրկին նստած է Լուիսա, աջին կանգնած աղջնակը՝ Արաքսի, Էլենա նոյնպէս նստած է գիրկին ունենալով արժանթինցի բարեկամի մը երեխան, իսկ Էլենայի աջին նստած տղան՝ Քարլոս Խաչատուրեան (Խաչատուրի եւ Էլենայի երէց որդին)։ Միւս անձերուն ինքնութիւնը անյայտ։
Գրպանի ժամացոյցի շղթայ, Այնթապէն։ Պատկանած է Խաչատուր Խաչատուրեանի (ծնեալ 1885)։ Պուէնոս Այրէս հասնելէն վերջ այս շղթան քանի մը մասերու կը բաժնէ եւ անոնցմով ապարանջաններ կազմել կու տայ, զանոնք նուիրելով ընտանիքի անդամներուն։
1. Էլենա Կարապետեան Խաչատուրեան Սան Խուանի մէջ, հաւանաբար 1920-ին։
2. Խաչատուր Խաչատուրեան, Արժանթին, 1920-ի շուրջ։
3. Խաչատուր Խաչատուրեան եւ արժանթինցի ընկեր մը (անունը անյայտ), Արժանթին, 1920-ի շուրջ։
Լուսանկարը Քորտոպայի մէջ է։ Խաչատուր կը ճամբորդէր Քորտոպա եւ այլ նահանգներ կօշիկի արտադրութեան իր գործին համար հում նիւթեր (ինչպէս կաշի) գնելու համար։ Քորտոպայի մէջ արդէն հայկական համայնք մը գոյութիւն ունէր, իսկ ընտանիքէն կարգ մը անդամներ, ինչպէս Էլենայի քոյրը՝ Մաքրուհի, նոյնպէս այստեղ կ՚ապրէին։
Սեղանին շուրջ մնացեալ անձերուն ինքնութիւնը անյայտ։
Թոփճեան - Միւրեքեան ընտանիք
Հռիփսիմէ Միւրեքեան ծնած է Այնթապ 1883-ին։ Ունեցած է ութ քոյրեր եւ եղբայրներ։ Մեզի ծանօթ է մէկ քրոջ՝ Աննայի անունը, ինչպէս նաեւ երկու եղբայրներու՝ Աւետիսի եւ Յակոբի։ Հռիփսիմէի հայրը Հնչակեան կուսակցութեան գործիչ մըն էր եւ կը սպաննուի Ցեղասպանութեան տարիներուն։ Եղբայրներէն չորսը նոյնպէս կը սպաննուին այս տարիներուն։
Միւրեքեաններէն վերապրողները (տեսնել ընտանեկան ծառը) կը ձգեն իրենց հայրենի Այնթապը 1920-ականներու սկիզբը եւ կը հաստատուին Հալէպի մէջ, որ այն ժամանակ ֆրանսական հոգատարութեան տակ գտնուող Սուրիոյ մաս կը կազմէր։ Հետագային, 1920-ականներու կէսերուն կամ վերջը անոնք կը գաղթեն Արժանթին։ Միայն Աննայի ընտանիքը կը շարունակէ մնալ Հալէպ եւ Պուէնոս Այրէս կը գաղթեն 1950-ականներուն։
Հռիփսիմէի հայրը՝ Նազարէթ Թոփճեան, Այնթապի մէջ վաճառական էր։ Աշխատանքի բերումով իր մէկ ճամբորդութենէն ան երբեք չի վերադառնար։ Ընտանիքը կ՚ենթադրէ որ ան զոհ գացած է առեւտրական ճանապարհները թիրախ ընտրող տեղական քիւրտ կամ արաբ ցեղախումբի մը յարձակումին։ Այսպիսի յարձակումներ ընդհանրական էին այդ ժամանակ։ Թոփճեանները հինգ քոյր-եղբայր էին. Նազարէթ, Եսայի, Ռուբէն, Նուրիցա եւ Մարիամ։ Անոնք եւս իրենց զաւակներով (տեսնել ընտանեկան ծառը) կը ստիպուին հեռանալ իրենց հայրենի Այնթապէն եւ ապաստան գտնել Հալէպի մէջ, ուր կը մնան քանի մը տարի, ապա կը մեկնին Արժանթին 1920-ականներու կէսերուն կամ վերջը։
Երիտասարդ այրի Հռիփսիմէն Հալէպի մէջ կը դառնայ Հայ կաթողիկէ վարժարանի (Թելալ փողոցին մէջ) հայերէնի ուսուցչուհին։
1926-ին ինք ու իր որդիները կը մեկնին Լատին Ամերիկա։ Իր ընտանիքի շատ մը այլ անդամներուն նման բնակութիւն կը հաստատէ Քորտոպայի մէջ, որ երկրին կեդրոնը գտնուող նահանգ մըն է։
Հռիփսիմէ հիմնադիրն է Քորտոպայի Հայկական Կարմիր Խաչին եւ մինչեւ իր կեանքի վերջը աշխուժօրէն մասնակցութիւնը բերած է համայնքային ընկերային եւ բարեսիրական աշխատանքներուն։
Սոյն պատկերը լուսանկարուած է Հալէպի մէկ լուսանկարչատան մէջ։ Կեդրոնը նստողը Հռիփսիմէ Միւրեքեան/Թոփճեանն է։ Ձախին՝ Աւետիսը, աջին՝ Բիւզանդ Թոփճեանը։ Տղաքը այս տարազները հագուած են յայտնապէս միայն լուսանկարուելու նպատակով։ Յետ-Ցեղասպանութեան տարիներուն, սովորական դարձած էր հայ երիտասարդ վերապրողներու եւ գաղթականներու զինուորական զգեստներով լուսանկարուիլը։ Այս տարազները խորհրդանիշը դարձած են հայկական վերածնունդին հայկական նոր գաղութներուն մէջ, ինչպէս Սուրիա եւ Լիբանան։
Դպրոցական պատկեր Հալէպի Թելալ փողոցին մէջ գտնուող Հայ Կաթողիկէ վարժարանէն։ 1904-ին, Մարիսթական ուխտին պատկանող չորս կրօնաւոր հայրեր հիմը կը դնեն Հալէպի այս դպրոցին։ Պատկերին մէջ Աւետիս Թոփճեան երրորդ շարքին, կրօնաւոր/ուսուցիչին ճիշդ աջին (հաւանաբար 1923)։
Աւետիսի այս երկու պատկերները լուսանկարուած են Հալէպի մէջ, երբ ան 16 կամ 17 տարեկան էր, նախքան ընտանիքով Պուէնոս Այրէս տեղափոխուիլը։ Ձախի դիմանկարին վրայ կը տեսնենք «Կիւլպէնք»ի կնիքը։ Ան Հալէպի մէջ այդ ժամանակներուն ամէնէն յայտնի լուսանկարիչներէն էր։
Լուսանկարիչին իսկական անունն էր Կիւլպէնք Չիչէքեան, ծնած էր Թալաս (Կեսարիոյ մօտիկ)։ Հալէպի մէջ իր լուսանկարչատունը կը բանայ 1920-ին, հետագային կը տեղափոխուի Դամասկոս, ապա՝ Լիբանան։ Հալէպի լուսանկարչատունը կը գտնուէր Հենտէք փողոցին վրայ, որ ուղղահայեաց էր Թելալ փողոցին։
Պէյրութի հայոց Առաջնորդարանին կողմէ պատրաստուած վաւերագիր, 1926 թուակիր, որ կը հաստատէ թէ Հռիփսիմէ Թոփճեանն ու որդին՝ Աւետիսը, կը փափաքին մեկնիլ Արժանթին միանալու համար արդէն իսկ այնտեղ գտնուող Հռիփսիմէի երէց որդւոյն՝ Բիւզանդին։
Հռիփսիմէ եւ Աւետիս Թոփճեանի բարի վարուց վկայագիրը, որուն ճամբով անոնք արտօնութիւն կը ստանան գաղթելու Արժանթին։
Ֆօթօ Լուիս
Աւետիս արուեստի մէջ ստեղծագործ եւ տաղանդաւոր երիտասարդ մըն էր։ Նկարչական ձիրք ունէր եւ մեծապէս գնահատուած էր իր ուսուցիչներէն։ Հալէպի մէջ, դպրոցական տարիներուն, Աւետիս վարժարանին տնօրէնին դիմանկարը գծած էր, ինչ որ Մարիսթական հայրերուն ուշադրութիւնը գրաւած էր. անոնք առիթ կը ստեղծեն որ ան կրթաթոշակով մը Փարիզ երթայ եւ արուեստ ուսանի։ Սակայն մայրը՝ Հռիփսիմէ, աքսորի մէջ ապրող երիտասարդ այրի մըն էր, դէմ կը կենայ այս ծրագիրին եւ կ՚որոշէ Աւետիսը իր կողքին պահել։
Արուեստի իր հմտութիւնը զարգացնելու համար, Աւետիս կը սկսի խաբել մօրը. ան կ՚ըսէր թէ ամէն օր կանոնաւոր դպրոց կը յաճախէ, բայց փոխարէն կ՚երթար աշխատելու դպրոցին շատ մօտիկ եւ Թելալ փողոցին վրայ գտնուող լուսանկարչատան մը մէջ։ Այս մէկը հաւանաբար Կիւլպէնկին աշխատանոցն էր։ Իսկ լուսանկարիչ վարպետին կը յայտնէր թէ մայրը զինք ուղարկած է լուսանկարչութեան արհեստը սորվելու։ Այս ձեւով կը տիրապետէ արհեստի մը, որ հետագային զինք կը նպաստէ Արժանթինի մէջ իր կեանքը վերանորոգելու։ Մինչ ընտանիքի մնացեալ անդամները կը զբաղուէին աւելի աւանդական արհեստներով, ինչպէս կօշկակարութիւն, կտաւի առեւտուր կամ ոսկերչութիւն, ան իր ընտանիքին ծախսերը կը սկսի հոգալ շնորհիւ արուեստի իր ձիրքերուն։
Սկիզբը, կ՚երթար Քորտոպայի պարտէզները ընտանիքներ եւ երեխաներ լուսանկարելու համար, մինչեւ որ կը բանայ իր առաջին լուսանկարչատունը, 658 Ալվէար փողոց հասցէով (Քորտոպա)։ Աշխատանքը լաւ հունի մէջ էր, այս պայմաններուն մէջ կը տեղափոխուի նոր լուսանկարչատուն մը 9 Յուլիս փողոց հասցէով (Քորտոպա), ինչպէս նաեւ կը սկսի գործակցիլ տեղական օրաթերթին։ Այստեղ, թերթին ընկերային կեանք բաժինին մէջ, կը հրատարակէր Քորտոպայի վերնախաւին պատկանող անձերու դիմանկարներ։
Լուսանկարչատան համար կ՚ընտրէ «Լուիս» անունը նպատակ ունենալով լաւ համակրուիլ նոր երկրին պայմաններուն։ 1948-ին կնոջ եւ դստեր հետ կը տեղափոխուի Պուէնոս Այրէս, ուր լուսանկարչատուն մը կը բանայ հռչակ ունեցող թաղամասի մը Չարքաս փողոցին մէջ։ Անձամբ կը ձեւաւորէ խանութին կահ-կարասիները, բեմը, ուր դիմանկարներ կը լուսանկարէր։
Իր վերջին լուսանկարչատան հասցէն էր՝ 4649 Թրիունվիրաթօ փողոց, Քոլեկիալէսի մէջ, Պուէնոս Այրէս։
Աւետիս Թոփճեանի կողմէ լուսանկարուած դիմանկարներ, աշխատցուած են Սթապիլօ մատիտով. 1. Էլենա Կարապետեան Խաչատուրեան, 2. Արաքսի Խաչատուրեան Թոփճեան, 3. Աւետիս Թոփճեան, 4. Խաչատուր Խաչատուրեան, 5. Փետրօ Խաչատուրեան, 6. Էլենա Թոփճեան։
Աւետիսի եւ Արաքսիի ամուսնական պատկերը, Քորտոպա, 1940։ Այս առիթով, Թոփճեան ընտանիքը նուիրատուութիւն մը կատարեց Փաթրիա թաղամասին մէջ գտնուող (Քորտոպա) հայկական եկեղեցւոյ համար զանգակի մը գնման ֆոնտին։
Այլ դաշտագնացութիւն մը ընտանիքի անդամներով եւ այնթապցի հայրենակիցներով 1930-ի շուրջ, Քորտոպայի մօտակայ տեղ մը։
Այս պատկերը լուսանկարուած է 1940-ին։ Կը տեսնենք ծնունդի օրուան սովորութիւններուն շարունակութիւնը Սփիւռքի մէջ։ Այստեղ հաւաքուած են Աւետիս անունը կրող անձեր ու կը պատրաստուին գառնուկի մը զոհողութեան, որ պիտի հանդիսանայ օրուան գլխաւոր ճաշը։ Պատկերին մէջ կը տեսնենք Եսայի, Աւետիս եւ Բիւզանդ Թոփճեան (ծնած Այնթապ), որոնք կը տօնեն Քրիստոսի ծննդեան Աւետիսը։
Ժողովրդային դեղամիջոցներու Հռիփսիմէի նօթատետրը
Այնթապի մէջ ժողովրդային բժշկութեան աւանդութիւնը յատկապէս ազդուած է Կիլիկիոյ մէջ զարգացած նոյնատեսակ բժշկութեան հայկական դպրոցէն։ Այս երեւոյթը բնական է, նկատի ունենալով որ Այնթապը իր զանազան վանքերով եւ վանական դպրոցներով կը գտնուէր Միջին դարերու Կիլիկիոյ սահմաններուն մէջ եւ այս իմաստով ալ կ՚առնչուէր նոյն ժամանակներուն բժշկական մարզի մէջ եղած զարգացումերուն։ Այնթապի մէջ գործող ժողովրդային բժիշկներ վստահաբար տեղեակ էին շրջակայ վանքերու մէջ գրուած բժշկական գիրքերուն։ Կ՚ենթադրուի թէ բուսական բժշկութեան դեղատոմսեր գրի առնուած են դրացի Մարաշ քաղաքին մէջ եւ անոնք կը պահուէին կարգ մը ընտանիքներու մօտ պահուող գիրքերու մէջ։ Հռիփսիմէ Թոփճեանի նօթատետրին պարագային, չենք գիտեր թէ այս գիտելիքները ինչ ճամբով Այնթապ հասած են։ Ամէն պարագայի, ան այս ծանօթութիւններուն կը տիրապետէր Այնթապի մէջ իսկ, հետագային կը փոխադրուի Հալէպ, այնտեղէն ալ կը մեկնի Արժանթին, ուր այս բոլորը գրի կ՚առնէ նօթատերտրի մը մէջ։
Հաւանական է որ այս գիտելիքներէն ոմանք ան հաւաքած է ընտանիքի այլ անդամներէ։ Կ՚ըսուի, որ Հռիփսիմէ դեղատոմսերէն մէկը իրեն տուած է իր խնամիներէն՝ Նուրիցան, որ օրեր շարունակ կը տեսնէր միեւնոյն երազը, որուն մէջ հրեշտակ մը զինք կը փոխանցէր աչքի վարակումի դէմ դեղամիջոց մը։
Հաւանական է նաեւ որ Հռիփսիմէ իր կողմէ գրի առնուած բժշկական նօթեր հետը Այնթապէն բերած է, ապա որոշած է զանոնք աւելի յստակ եւ հասկնալի ձեւով գրի առնել նօթատետրի մը մէջ, նախքան իր մահը։ Անհաւանական չէ նաեւ, որ ան այս բոլոր դեղամիջոցները անգիր գիտէր եւ Արժանթինի մէջ զանոնք թուղթի յանձնած է։
Ձեռագիրին առաջին էջին վրայ Հռիփսիմէ կը գրէ թէ այս աշխատանքը կը ձօնէ Թոփճեան ընտանիքին, ինչ որ զայն կը դարձնէ աւելի անձնական գործ մը։ Նօթատետրը ապացոյց մըն է, որ Հռիփսիմէ փափաքած է բժշկական իր այս յատուկ գիտելիքները պահպանելու։ Քորտոպայի մէջ ան կը գործածէր այս դեղամիջոցները ընկերներու եւ դրացիներու շրջանակին մէջ։ Իր քրոջմէն սորված մէկ դեղամիջոցը տակաւին գործածութեան մէջ էր 1960-ականներուն։ Բոլոր այս գիտելիքները նօթատետրը կը դարձնեն գանձ մը, որուն մէջ կը միախառնուին անձնական յուշերն ու Սփիւռքի մէջ պահպանուած հայկական ժառանգութիւնը։
Ձեռագիրը կը բաղկանայ 130 էջերէ, որուն մէջ կը գտնենք ժողովրդային բժշկութեան 342 դեղամիջոցներ, բոլորն ալ գրուած հայատառ թրքերէնով։ Ասոնց կողքին, կը գտնենք նաեւ այլ էջեր, ուր խորհուրդներ գրի առնուած են ինչպէս տիպար աշակերտ մը եւ արժանթինցի քաղաքացի մը ըլլալու։ Ձեռագիրը ընդհանրապէս յստակ է եւ կանոնաւոր, թէեւ նկատելի է որ վերջին էջերը գրուած են արտորանքի մէջ։ Նօթատետրին մէջ պատկերներ չկան, իսկ էջաթիւերը նշուած են իւրաքանչիւր էջի վերեւը։ Իւրաքանչիւր դեղամիջոց իր առանձին թիւը ունի։
Դեղամիջոցները բաժնուած են մասերու, ըստ մարդկային մարմնի բաժանումներուն։ Իւրաքանչիւր մասի համար մանրամասնօրէն գրուած են հաւանական հիւանդութիւններու ցանկեր, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւրին համապատասխան դեղամիջոցը։ Միայն աչքի բուժման համար կը գտնենք 64 դեղատոմսեր, որոնց շարքին է հետեւեալը՝
- Աչքը զովացնելու դեղագիր. թէյի համար գործածուող շաքարի կտոր, կռնի, potassium bitartrate, երկար պղպեղ։
- Աչքը զովացնելու դեղագիր. կիտրոնական թթու, նիշա, մեխակ, կարծր կտոր շաքար (փոլատ)։
- Ջրոտ աչքի դեղագիր. նոճի, սեւ քիմոն, պաղլեղ, nigella sativa։
- Աչքի սողնախտի դեղագիր. թէյի համար գործածուող շաքարի կտոր, սեւ սիսեռ, galga nux, մեխակ։
- Ծուխէն գրգռուած եւ սեւցած աչքերու դեղագիր. galga nux, երկար պղպեղ, մեխակ, թէյի համար գործածուող շաքարի կտոր, ժանգառ, աւշակ։
- Սուր աչքի ցաւի յատուկ դեղագիր. բամպակ, վարդի ջուր, սպանդ, ճերմակ սիսեռ։
- Ակնագարիկ բուժելու դեղագիր. թէյի համար գործածուող շաքարի կտոր, պաղլեղ, մեխակ։
- Շաղկապենաբորբի դեղագիր. anzarot, մեխակ, auraga, ծովափրփուր, պաղլեղ, կարծր կտոր շաքար (փոլատ)։
- Սեւցած աչքերու համար խոտային քսելիք. երկար պղպեղ, ամրենի, galga nux, կարծր կտոր շաքար (փոլատ), նուշ, ձիթապտուղի եւ մեղրի քսելիք։
- Փոշիէն կամ ծուխէն գրգռուած աչքերու դեղագիր. դոճի խէժ, փղոսկրի փոշի, մարգարիտի փոշի, հաւկիթի դեղնուց։
Երբ ընտանիքի որոշ անդամներ հասան Հալէպ, կիները սկսան ասեղնագործութեամբ զբաղիլ՝ յաւելեալ եկամուտ ապահովելու համար։ Հռիփսիմէի զարմուհիները՝ Պեհիյէ, Լուսին եւ Ալիսիա, ծախու թաշկինակներ կ՚ասեղնագործէին. իսկ որպէս վարձատրութիւն, անոնք կը ստանային բուռ մը արեւածաղիկի եւ դդումի կուտ։
Կարելու եւ ասեղնագործելու այս ունակութիւնը նաեւ ուրիշ նպատակներու կը ծառայէր։ Հռիփսիմէ կը պատմէ, թէ Ցեղասպանութեան տարիներուն, երբ Այնթապի հայերու վերնախաւի ներկայացուցիչներ ձերբակալուեցան, ազատազրկուածներուն գաղտնի պատգամներ կը ղրկէին՝ թաշկինակներու նախշերուն եզերքները հայատառ ասեղնագործելով։ Հռիփսիմէ ալ նոյնպէս պատգամներ ղրկած է շատ հաւանաբար իր հօր՝ որ գործունեայ հնչակեան էր, ինչպէս նաեւ չորս եղբայրներուն։
Հռիփսիմէ, երեկոյեան ազատ ժամերուն կը սիրէր կեռաժանեակ (crochet) հիւսել Քորտոպայի իրենց տան բակը։
Նոր ժամանած ընտանիքները իրենց մշակութային կեանքը կ՚ապրէին տարբեր կազմակերպութիւններու շնորհիւ։ Թոփճեանները Քորտոպայի հայկական մշակութային կեանքին մէջ շատ աշխոյժ էին այդ ժամանակ. ընտանիք եւ ընկերներ կը հաւաքուէին միասին երգելու եւ հայկական թէ օտար թատերգութիւններ բեմադրելու։
«Թաթուլ Ալթունեան» համոյթը
Այս ձայնապնակները 1950-ականներուն ձայնագրուած են «Թաթուլ Ալթունեան» երաժշտական համոյթին կողմէ։ Ալթունեան ծնած է Ատանա, հիմնադիրն է հայկական պետական պարի եւ երաժշտական համոյթին Խորհրդային Հայաստանի մէջ։ Արժանթինի մէջ Աւետիս Թոփճեանի կողմէ կը հիմնուի «Թաթուլ Ալթունեան» անունը կրող համոյթ մը, որ կը ղեկավարուէր նոյնինքն հիմնադիրին կողմէ։ Աւետիս գիտեր նուագել տարբեր գործիքներ, իսկ համոյթին մէջ ան կը նուագէր քանոն։ Այս գործիքը սորված էր Արժանթինի մէջ ուրիշ վերապրողէ մը, Պրն Սահակ անունով, որ օսմանեան ժամանակաշրջանին լարային գործիքներու հեղինակաւոր մեկնաբան եւ գործիքաւորող էր։
Աւետիսի Պուէնոս Այրէսի տունը հաւաքատեղի էր հայ համայնքին համար։ Արաքսին՝ իր կինը, դաշնամուրի ուսուցչուհի էր. ան կը նուագէր ամէն գիշեր, իսկ Աւետիս արիաներ եւ տարբեր երգահաններէ գործեր կը կատարէր։ Երիտասարդներ յաճախ անոնց տունը կը հաւաքուէին հաճելի ժամանակ անցնելու։ Այսպէս՝ գիշեր մը, երիտասարդներու խումբ մը Աւետիսին կ՚այցելէ խնդրելով որ ան երաժիշտներու խումբ մը կազմէ։ Երաժշտութեան մեծ սիրահար մը ըլլալով, ան առաջարկը կ՚ընդունի եւ յաջորդող տարիներուն Թոփճեաններու Թրիունվիրաթօյի տունը կը վերածուի հայկական ժողովրդական երաժշտութեան կեդրոնի մը, ուր կը հաւաքուէին նուագելու եւ գաղափարներ փոխանակելու։
Աւետիսի երաժշտական գործունէութեան մասին բազմաթիւ արխիւներ կան։ Այս էջով կը ներկայացնենք համերգներու ցանկ մը, որ համոյթը տուած է երբ Աւետիս մաս կը կազմէր խումբին։ Հետագային ան ստիպուած կ՚ըլլայ հրաժարիլ առողջական խնդիրներու պատճառով։ Հոս Աւետիս գրառած է իր խումբին համերգներուն կատարման վայրը, ինչպէս նաեւ համերգին թուականը, առիթը եւ կազմակերպիչներուն անունները։
Այս ցանկը կը վերաբերի 1958-էն 1960 տեղի ունեցած համերգներուն. անոր ճամբով տեղեկութիւններ կը քաղենք նաեւ Պուէնոս Այրէսի մէջ հայկական կազմակերպութիւններու ծաւալած գործունէութեան մասին։ Հոս կը գտնենք տարբեր հայկական դպրոցներու եւ կազմակերպութիւններու անուններ, որոնք հիւրընկալած են համոյթը. օրինակ՝ ՀՄԸՄ (հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւն), ՀԲԸՄ (հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւն), ՀՕՄ (հայ օգնութեան միութիւն), շատ մը հայրենակցական միութիւններ, ինչպէս Մարաշի, Այնթապի, Ատանայի, Քիւթահիոյ, Ատաբազարի, Հաճընի միութիւնները, «Պոլիս» կազմակերպութիւնը, Մխիթարեան վարժարանը եւ այլն։ Այս անուններուն շարքին կան նաեւ քանի մը ոչ-հայկական կազմակերպութիւններ, ինչպէս Ալաուիթներու միութիւնը։
Աւետիսին քանոնը, զոր ստացած է իր ուսուցիչ Պրն Սահակէն։ Կ՚ըսուէ թէ ցեղասպանութեան ժամանակ Պրն Սահակին մատներուն ջիղերը կտրած են որպէսզի ան ալ երբեք չնուագէ։ Այդ պատճառով ալ ան միշտ մատները ոլորուած կը պահէր ափերուն մէջ։ Սակայն Պրն Սահակը միտքը դրած էր կրկին նուագել, ուրեմն ան շինել տուած էր յատուկ մատնոցներ, զորս մատներուն անցնելով կը նուագէր։ Պրն. Սահակ Աւետիսին կ՚այցելէր Թրիունվիրաթօ փողոցի վրայ գտնուող իր տունը, նուագել սորվեցնելու կամ աշակերտներուն հետ նուագելու համար։