Թումաճանի հաւաքածոյ - Սաութֆիլտ (Միշիկըն), Միացեալ Նահանգներ
Այս էջով ներկայացուած նիւթերը կը պատկանին Տիգրան Թումաճանի ընտանեկան հաւաքածոյին։ Լուսանկարներու շարքին ամէնէն հինը Կիւրինէն է, որ Թումաճաններու հայրենի քաղաքը եղած է։ Ընտանիքը այստեղ ապրած է մինչեւ 1895 թուականը, երբ Սուլթան Ապտուլհամիտ Բ.ի գահակալութեան տարիներուն Կիւրինի մէջ եւս հակահայ ջարդեր տեղի կ՚ունենան։ Թովմաս Թումաճան (Տիգրանին մեծ հայրը) կը վերապրի այս ջարդերէն եւ ապաստան կը գտնէ Եգիպտոսի Աղեքսանտրիա քաղաքը։
Կոտորածներուն աւարտէն եւ խաղաղութեան վերահաստատումէն ետք, Թովմաս Թումաճան կը վերադառնայ Օսմանեան կայսրութիւն եւ այս անգամ ընտանիքով բնակութիւն կը հաստատէ Սեբաստիա/Սիվաս քաղաքին մէջ։ Թովմասի կինն էր Մարիամ։ Անոնք ունէին երեք որդիներ՝ Մեսիա/Հրանդ (ծնած 1888-ին), Միհրան (ծնած 1890-ին), Նշան (ծնած 1893-ին) եւ երկու դուստրեր՝ Ալիս/Արմաւենի (յետագային Մինասեան) եւ Լուսին (յետագային Սահակեան)։ Երեք եղբայրները իրենց երկրորդական ուսումը կը ստանան ամերիկեան միսիոնարական գոլէճներու մէջ։ Միհրան կ՚աւարտէ Մարզուան/Մերզիֆոնի Անատոլիա գոլէճը, իսկ Նշան կ՚աւարտէ Պարտիզակի Բիւթանիա երկրորդական վարժարանը։
1909-ին Թումաճան ընտանիքը կը տեղափոխուի Պոլիս եւ կը հաստատուի Իւսքիւտար թաղամասին մէջ։ Երեք եղբայրներէն Միհրանը, որ մեծ սէր ունէր երաժշտութեան նկատմամբ, աւելի եւս կը հմտանայ այս մարզին մէջ երբ հանրայայտ երաժշտագէտ Կոմիտաս վարդապետ կու գայ Պոլիս եւ երաժշտական լայն գործունէութիւն մը կը ծաւալէ այստեղ։ Կոմիտասի շունչին տակ Միհրան Թումաճան կը տիրանայ ահագին գիտելիքներու, որոնք յետագային ուղենիշներ պիտի ըլլային երաժշտական իր գործունէութեան մէջ։
Առաջին Համաշխարհային պատերազմին բռնկումէն առաջ, Միհրանի եղբայրը՝ Նշան (Տիգրան Թումաճանի ապագայ հայրը), արդէն գաղթած էր Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուած Պոսթոն քաղաքին մէջ։ Միհրան Պոլիս էր, կը զինուորագրուի եւ կը ղրկուի Տիարպերքիր։ Այն ժամանակ երբ հայ զինուորները զանգուածաբար կը ջարդուէին, թուրք հարիւրապետ մը զինք կը փրկէ, հրաման կ՚արձակէ որ Հալէպ գործուղղուի եւ կը յանձնարարէ որ բնաւ չվերադառնայ։ Պատերազմի այս տարիներուն Միհրան գաղտնի ճամբաներով կը հասնի Եգիպտոս, որ բրիտանական տիրապետութեան տակ էր։
Պատերազմի աւարտէն ետք վերապրող հայերու հետ կը վերադառնայ Կիլիկիա, ուր Բարսեղ Կանաչեանի (Կոմիտասի մէկ այլ հոգեւոր սանը) հետ գործակցաբար Ատանայի մէջ երգչախմբային համերգներ կու տայ։ 1920-ին զինք կը գտնենք Պոլիս, ուր դարձդալ կը կազմակերպէ համերգներ Կոմիտասի մնացեալ սաներուն հետ գործակցաբար։ Պոլիսէն վերջ կ՚անցնի Փարիզ, ուր կը կատարելագործէ երաժշտական իր ուսումը, ապա, 1923-էն սկսեալ կը հաստատուի Միացեալ Նանահգներ, ուր կ՚ապրէին արդէն իր երկու եղբայրները եւ երկու քոյրերը։ 1966-ին կը հաստատուի Խորհրդային Հայաստան, ուր կ՚ապրի մինչեւ իր մահը, որ տեղի կ՚ունենայ 1973-ին։ 1970-ականներէն սկսեալ, Երեւանի մէջ լոյս կը տեսնեն Միհրան Թումաճանի երաժշտագիտական գիրքերը։
Կիւրին. Մահտեսի Աւետիս Թումաճանի (լուսանկարին կեդրոնը, աթոռի վրայ նստեցուած) յետ-մահու լուսանկարը հարազատներբվ շրջապատուած։ Նստած, ձախէն աջ՝ Համասփիւռ (Համաս) Թումաճան (հանգուցեալին որդւոյն՝ Սամուէլի կինը), Գրիգոր Մրմրեան (հանգուցեալին դստեր՝ Կիւլէի ամուսինը), Եղիսաբէթ «Անա» Թումաճան (հանգուցեալի այրին, ծնեալ Վարդանեան), «Անա»յին գիրկը նստողը՝ Նշան (հանգուցեալին թոռնիկը, Թովմասի եւ Մարիամի որդին), հանգուցեալը՝ Աւետիս Թումաճան, Թովմաս Թումաճան (հանգուցեալի որդին), Մարիամ Թումաճան (ծնեալ Նահապետեան, Թովմասի կինը), Կիւլէ (Կիւլապլա) Մրմրեան (ծնեալ Թումաճան, հանգուցեալին դուստրը), Մարիամի եւ Կիւլէի առջեւ կանգնած փոքրիկ աղջնակը՝ Ալիս (Թովմասի եւ Մարիամի դուստրը)։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Նուրիցա (Համասփիւռի ճիշդ ետեւը), Նուրիցայի ետեւ կանգնած ֆէսաւոր մարդը՝ անծանօթ, Գրիգոր Մրմրեանի ճիշդ աջին երեւցող երկու մանչերը՝ Միհրան եւ Մեսիա/Հրանդ (Թովմասի եւ Մարիամի որդիները), «Անա»յին ետեւ կանգնած կինը՝ Կիւլ Խաթուն Վարդանեան («Անա»յին եղբօր կինը), հանգուցեալին ետեւ կանգնած ֆէսաւոր մարդը՝ Պատուելի Լուսիկեան, Մարիամին ետեւ կանգնած ֆէսաւոր մարդը՝ Սամուէլ (հանգուցեալին կրտսեր որդին), անոր աջի մարդը՝ անծանօթ։
1) Պոլիս. Թովմաս եւ Մարիամ Թումաճան։
2) Մարզուան. Միհրան Թումաճան (լուսանկար՝ Տիլտիլեան եղբայրք)։
3) Միհրան Թումաճան։
Պոլիս, 1913, Թումաճան ընտանիքը։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Ալիս, Թովմաս, Մարիամ (Թովմասի կինը)։ Նստած ձախէն աջ՝ Լուսին, Եղիսաբէթ «Անա» Թումաճան (ծնեալ Վարդանեան, Թովմասի մայրը), Միհրան, Սրբուհի։
Նշան Թումաճանի 1912 թուակիր վկայականը՝ ամերիկեան միսիոնարական «Բիւթանիա» երկրորդական վարժարանէն, Պարտիզակ/Պահչէճիք։
1909, Մարզուան. «Անատոլիա» գոլէճի ուսանողները։ Կանգնած, ձախէն երկրորդը՝ Միհրան Թումաճան, չորրորդը՝ Կարապետ Նահապետեան։
Մարզուանի «Անատոլիա» գոլէճի 1909-ի շրջանաւարտներու պատկերները։ Աստղին կեդրոնը կ՚երեւին գոլէճի շէնքին եւ տնօրէնին (Չարլզ Թրէյսի) պատկերները, ամերիկեան եւ օսմանեան դրօշները, ինչպէս նաեւ արաբատառ օսմաներէն «Ազատութիւն, հաւասարութիւն, արդարութիւն, եղբայրութիւն» բառերը, որոնք դարձած էին 1908-ի Երիտթուրք յեղափոխութեան լոզունգները։
Բացիկ, 1919 թուակիր։ Պատկերին վրայ կ՚երեւին Միհրան Թումաճան (ձախին) եւ Բարսեղ Կանաչեան (աջին)։ Վերը ձախին հայերէնով գրուած են ԿՎՀՍ տառերը, որ շատ հաւանաբար կը համապատասխանէ «Կոմիտաս Վարդապետի Հինգ Սաներ» վերնագիրին սկզբնատառերուն։ Բացիկը յայտնի է որ համերգի հրաւէր մըն է ուղղուած Ալիսին եւ Լուսինին (Միհրանին քոյրերը), ստորագրուած Բարսեղ Կանաչեանի եւ Միհրան Թումաճանի կողմէ։ Համերգը տեղի պիտի ունենար 22 Նոյեմբեր 1919-ին։ Վայրը յայտնի չէ, բայց կ՚ենթադրենք որ Ատանա կամ Պոլիս էր։
1) 1926-ի շուրջ, Սթէյթըն կղզի, Նիւ Եորք։ Միհրան Թումաճանի ղեկավարած «Հայ երգ» ընկերութեան տարեկան դաշտահանդէսը։ Միհրան Թումաճան կ՚երեւի պատկերին վրայ ոտքի, ամենէն աջին, քիչ մը թեքած, գլխարկով եւ թիթեռնիկով։
2) 1927, Միացեալ Նահանգներ։ «Հայ երգ» երգչախումբը։ Խմբավար Միհրան Թումաճան (ակնոցներով) նստած է կեդրոնը, ձախին։
Համայիլ. մետաղեայ փոքր տուփ, որու մէջ ծալլուած եւ դրուած է թուղթի վրայ գրուած գրաբարեայ աղօթք մը։ Շատ հաւանաբար գործածուած է Թումաճան ընտանիքին մէջ, զայն կրողը չար աչքերէ պաշտպանելու համոզումով։ Գրութիւնը վերնագրուած է «Աղօթք առ պետն հրեշտականաց» եւ կը կրէ 15 Նոյեմբեր 1902 թուականը։
1908 Հոկտեմբեր, Էջմիածին. Մատթէոս Բ. Իզմիրլեանի կաթողիկոս ընտրութեան մասնակիցներուն խմբանկարը։ Վերի շարք, ձախէն առաջինը՝ Նազարէթ Տաղաւարեան։ Վերէն երկրորդ շարք, աջէն երրորդ անձը (առանց գլխարկի)՝ Արշակ Չօպանեան։ Վերէն երրորդ շարք, աջէն հինգերորդ անձը՝ Կոմիտաս վարդապետ (լանջախաչ կը կրէ)։ Նստած, աջ կողմի ցարական բանակի մետալաւոր զինուորականին աջին՝ Գէորգ Արք. Սուրէնեանց (ապագայ կաթողիկոս)։
Նոր լուսանկարներ
Այս բաժնին մէջ կը ներկայացնենք Միհրան Թումաճանի դարասկզբի նոր եւ հազուագիւտ լուսանկարները:
Լուսանկարները առնուած են տարբեր աղբիւրներէ:
Թռնամեան հաւաքածոյ
Այս հատուածին մէջ ցուցադրուած լուսանկարները Յուշամատեանին տրամադրութեան տակ դրած է Էլէն Թռնամեանը։ Էլէնին նախնիները Սեբաստիա/Սիվազէն էին։ Մօրենական մեծ մեծ հայրը Նշան կը կոչուէր, մեծ մեծ մայրը՝ Պայծառ։ Մօրենական մեծ հայրը Արտաշ Ճեւելէկեանն էր, իսկ մեծ մայրը՝ Ֆլորանսը։
Էլէն Թռնամեանին ընտանիքին հօրենական կողմը նոյնպէս Սեբաստիա/Սիվազէն էր։ Մեծ հայրը Տիգրան Թռնամեանն էր, մեծ մայրը՝ Վարդուհի Թոքաքաճեանը։ Տիգրանը ծնած էր 1896-ին, Վարդուհին՝ 1902-ին, երկուքն ալ՝ Սիվազի մէջ եւ երկուքն ալ գացած էին ԱՄՆ եւ հոն ամուսնացած։ Այդ ժամանակ Վարդուհին 16 տարեկան էր։ Էլէնին հայրը Հայկ Թռնամեանն էր։
Էլէնին հօրենական նախնիներէն մէկուն նկարը կայ այս լուսանկարներուն մէջ, ցաւօք չենք կրցած որոշել Թռնամեան ո՛ր նախնին է։ Ուշագրաւ է, որ այս բոլոր նկարներուն մէջ կը տեսնենք Միհրան Թումաճանը։ Ուրեմն Միհրան Թումաճանը եւ Էլէն Թռնամեանին նախնին ամենայն հաւանականութեամբ ուսանողական ընկերներ եղած են եւ Սիվազի ամերիկեան բարձրագոյն վարժարանի շրջանաւարտներու աւարտական նոյն լուսանկարին մէջ նկարուած են։
1906-ի Սիվաս/Սեբաստիոյ ամերիկեան բարձրագոյն վարժարանի շրջանաւարտներու լուսանկարները։ Խմբակարին մէջ կան նաեւ ուսուցիչները։ Լուսանկարիչ՝ Շահնազար Մ. Գալիֆայ։
Միհրան Թումաճանը ամենավերի շարքին ձախէն երկրորդն է։ Կը կարծենք որ նկարին մէջ ուսուցիչներն ալ կան։
Սիվաս/Սեբաստիոյ հայկական դպրոցը՝ 1906-ի շրջանաւարտներու ազդին վարի ձախ կողմը՝ զանազան անկիւններէ լուսանկարուած։
Մարզուան/Մերզիֆունի ամերիկեան գոլէճի 1907-ի շրջանաւարտներու դիմանկարները։ Խմբանկարին մէջ կան նաեւ ուսուցիչները։ Լուսանկարիչ՝ Տիլտիլեան եղբայրք։
Կը կարծենք որ կեդրոնի խմբանկարին մէջի առաջին շարքի ձախէն երկրորդը Միհրան Թումաճանն է։ Վկայականի կեդրոնի գրութիւնը բնորոշ է՝ «Վեհ սիրտ համեստ միտք»։
Իւրայատուկ լուսանկար մը։ Երաժշտական գործիքներու, գիրքերու եւ թերթերու ներկայութիւնը ենթադրել կու տայ, որ լուսանկարիչն ու լուսանկարուողները արուեստի եւ մտաւորական կեանքի գունաւորումով պատկեր մը փափաքած են ստանալ։ Ուր նկարուած ըլլալը յայտնի չէ. կ’ենթադրենք որ Սիվաս/Սեբաստիա կամ Մարզուան/Մերզիֆոնի մէջ է, 1908-էն ետք։
Միհրան Թումաճանը աջէն երկրորդն է, ճերմակ շապիկով, եւ ձեռքին կարծես թէ լրագիր կայ։ Ճիշդ կեդրոնը նստած երիտասարդին ոտքերուն քով կ’երեւի Հ.Յ.Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի մէկ թիւը՝ շապիկին ֆետայի Սեւքարեցի Սագոյին լուսանկարով։