1896, Ուրֆա։ Պատուելի Յակոբ Ապուհայաթեանի վեց զաւակները (լուսանկարէն առնուած հատուած մը)։

Էտուըրտ Մոռիս Ուիսթարի արխիւ - ԱՄՆ

Հեղինակ՝ Ռոզմէրի Ռասէլ

Ակնարկ Ամերիկեան Կարմիր Խաչի 1896-ի երկրորդ արշաւին վրայ

Այս էջին մէջ ցուցադրուած լուսանկարները կը ներկայացնեն Ամերիկեան Կարմիր Խաչի յատուկ դաշտային գործակալ Էտուըրտ Մորրիս Ուիսթարի փորձառութիւնը։ Ան ղեկավարած է երկրորդ արշաւը 1896-ին [1]։ Բոլոր լուսանկարները Edward Morris Wistar Papers-էն կու գան[2], թէեւ անոնցմէ մէկ քանին առնուած են այդ առաքելութենէն առաջ։

1895-ի վերջերուն, Ամերիկեան Կարմիր Խաչի (ARC) նախագահ Գլարա Պարթըն կը դիմէր Էտուըրտ Մորրիս Ուիսթարին, որպէսզի ան միանար օգնութեան աշխատողներու անոր խմբակին, որ օսմանեան մայրաքաղաք Պոլիս կը մեկնէր [3]։ Օտար Առաքելութիւններու Լիազօրներու Ամերիկեան Հոգաբարձութիւնը (ABCFM) ARC-էն կը խնդրէր ստանձնել հակահայ նորագոյն ջարդերու զոհերուն ուղղուած օգնութեան ղեկավարումը։

Սովորաբար, ACBFM-ը օգնութեան գործը կատարած կ՚ըլլար։ Սակայն, տագնապալի կացութիւնը անշարժութեան մատնած էր անոր միսիոնարները իրենց շրջաններուն մէջ, իսկ տիրող անկայունութիւնն ու հսկայական աւերը անոնց միջոցները սպառած էր։ Կեդրոնական իշխանութիւններէն դրդուած թուրքերու եւ քիւրտերու խառն ամբոխներ հայոց տուներ կողոպտած էին ու անոնց գիւղերը այրած՝ կայսրութեան լայն տարածքի մը երկայնքին։ Աւելի քան 100.000 հոգի առանց այլեւայլի սպաննուած էր, իսկ հիւանդութիւններն ու սովը 100.000 կեանք եւս պիտի հնձէին։ Տասնեակ հազարաւոր վերապրողներ մնացած էին ծայրայեղ աղքատութեան մէջ։

Այս զարհուրելի պայմաններուն տակ, Ուիսթար՝ բարեպաշտ ու մարդասիրական գործերու մէջ փորձառու քուէյքըր մը, Պարթոնի խնդրանքին ընդառաջեց [4]։ 22 Փետրուար 1896-ին ան ճամբայ կ՚ելլէր Չարլզ Քինկ Վուտի հետ. անոնց նաւը Պոլիս կը ժամանէր գրեթէ երկու շաբաթ ետք [5]։ Իրենց ճամբորդական թուղթերը ապահովելով, անոնք թարգմանիչ մը ձեռք ձգեցին [6] եւ օգնութեան պաշար գնեցին։ Այնուհետեւ, Ալեքսանտրէթի ճամբով անոնք մեկնեցան դէպի Այնթապ։ Գլարա Պարթոնի յատուկ ցուցմունքները հրահանգ մը կ՚ընդգրկէին՝ քաղաքական բնոյթի հարցումներէ խուսափելու [7]։

Տոքթ. Ճուլիան Հըպէլ՝ առաջին արշաւին ղեկավարը, հանդիպեցաւ Ուիսթարի ու Վուտի հետ Ալեքսանտրէթի մէջ, եւ ARC-ի երեք յատուկ դաշտային գործակալները միասին ճամբայ ինկան դէպի Այնթապ [8], ուր օգնութեան գործը լաւ ձեռքերու մէջ էր։ Հետեւաբար, ARC-ի եւ Պոլսոյ Friend's Mission-ի (քուէյքըր կազմակերպութիւն մը) կողմէ պաշար յանձնելէ ետք [9], անոնք մեկնեցան դէպի աւելի մեծ կարիքներ ունեցող շրջաններ. տոքթ. Հըպէլ գնաց Զէյթուն ու Մարաշ, իսկ Ուիստար ու Վուտ՝ Ուրֆա, բոլորն ալ Խարբերդի ճանապարհին վրայ [10]։

1896-ի շուրջ։ Ուիսթար արձանագրած է իր երկար ճանապարհը Պոլիսէն երթ ու դարձով՝ Մարտ-Յուլիս 1896-ին (Quaker & Special Collections, Haverford College, Haverford, PA)։

Նիւ Եորքէն նաւարկելէ օրեր առաջ, Ուիսթար պէտք է տեսած ըլլար Ուրֆայէն գրուած ամերիկացի միսիոնարուհի Գորինա Շաթըքի նամակը, որ 17 Փետրուարին հրատարակուած էր «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի մէջ։ 7 Յունուար թուագրեալ նամակը՝ Ուրֆայի ջարդի աւարտէն տասը օր ետք գրուած, արժանահաւատ պատում մըն էր հայոց ողբերգութեան մասին։

Ըստ նամակին, Շաթըք շաբաթներով փորձած էր Այնթապ ճամբորդելու արտօնութիւն ստանալ։ Կառավարութիւնը անոր դիմումին միայն ընթացք տուած էր Շաբաթ, 28 Դեկտեմբերին՝ ջարդի սկզբնաւորութենէն մէկ ժամ առաջ։ Շաթըքի լսած հրացանաձգութեան ձայնը կը նշէր կոտորածի մը սկիզբը, որ սպանութեան ու կողոպուտի աւելի համապարփակ միջոց պիտի ըլլար, քան Հոկտեմբերի նախորդ յարձակումը։ Ան գրած էր, թէ «քաղաքին օդը օրերով անտանելի էր», ականատես ըլլալէ ետք, թէ ինչպէ՞ս մարդիկ ոսկորներով եւ մոխիրով պարկեր այլուր կը քաշէին։ Մարմինները կը հաւաքուէին սայլերով ու կը նետուէին խրամատներու մէջ։ «Բառացիօրէն [ոչինչ] մնացած է», գրած էր ան։ Շաթըք ապաստան տուած էր 300 փախստականի, բայց ստիպուած կ՚ըլլար բազմաթիւ ուրիշներ մերժել՝ ուտելիքի եւ օթեւանի բացակայութեան պատճառով [11]։

Հակառակ քաղաքին կրած սարսափելի հարուածին, Ուիսթար յոյսի նշաններ կը տեսնէր միսիոնարական համալիրին մէջ, երբ Շաթըք զինք հոն կ՚առաջնորդէր՝ նորէն գործող կարգ մը աշխատանոցներ այցելելու [12]։  Սակայն, դրամ չկար, որպէսզի յատկացուէր ամենէն կարեւոր ծախսին՝ տնային առարկաներու պատրաստութեան գործածուող պղինձի գնումին։ Պղնձեայ իրերու սեփականութիւնը վերապրումի խնդիր էր, յատկապէս հեռաւոր շրջաններ բնակող ընտանիքներու համար։ Ընտանիքներուն մեծ մասը առնուազն երկու կաթսաներու տէր էր, որոնք տեղացի արհեստաւորներու գործն էին։ Անոնցմէ մէկը շինուած էր կերակուր եփելու, տապկելու եւ եռացնելու համար, իսկ միւսը՝ սովորաբար աւելի մեծ, կը գործածուէր լոգանքի, լուացքի եւ մաքրութեան տաք ջուր հայթայթելու համար։ 

Ուիսթար եւ Վուտ Ուրֆա մնացին տասներկու օր՝ իրենց նախատեսածէն եօթը օր աւելի։ Կուսակալը չէր թոյլատրած անոնց մեկնումը դէպի իրենց վերջնական հանգրուանը՝ Խարբերդ, որովհետեւ իրենց թուղթերը Ուրֆա այցելութեան կնիք չունէին։ Ուիսթար ափսոսաց թանկագին ժամանակի կորուստը, բայց միայն կրնար սպասել [13]

Ի վերջոյ, Կարմիր Խաչի աշխատողներուն թոյլ տրուեցաւ շարունակել իրենց ճանապարհը։ Անոնք երկու օրով կանգ առին Տիարպեքիրի մէջ, ուր հիւրընկալուեցան անգլիացի փոխ-հիւպատոս Ս. Մ. Հոլուըրտի կողմէ եւ իրենց ձիերուն հանգիստ տուին ու տեղեկութիւններ հաւաքեցին։ Ուիսթար դիտել տուաւ, որ «Տիարպեքիրի վիլայէթին գիւղերը մեծապէս աւերուած ու այրած են։ Կը թուի, թէ հայերը մեռած են կամ ամբողջովին յանձնուած՝ միւս բնակիչներուն գութին, բացառելով կառավարութեան պաշտպանութիւնը» [14]։ Ան նշեց, թէ «5.000 տուն եւ 25.000 հոգի՝ կողոպտուած» էր եւ 2.100՝ սպաննուած [15]։

1896։ Ամերիկեան Կարմիր Խաչը իր կեդրոնը հաստատած էր Պոլսոյ «Բերա» պանդոկը, ուր Գլարա Պարթոն հսկեց օգնութեան աշխատանքներուն 1896-ին։ Այս տեսարանը կը ներկայացնէ Ոսկեղջիւրը միացնող Ղալաթիոյ կամուրջը։ Հեռուն կը նշմարուի Ղալաթիոյ աշտարակը (Quaker & Special Collections, Haverford College, Haverford, PA)։

27 Ապրիլին Ուիսթար եւ Վուտ մեկնեցան Տիարպեքիրէն դէպի Խարբերդ, ուր կրկին հանդիպեցան տոքթ. Հըպէլին, որ տիֆի ու թանչքի (dysentery) բռնկումի մը պատճառով Արաբկիր մեկնեցաւ։ Երկու մարդիկը  ստիպուեցան աշխատանքի ամբողջ ծանրութիւնը կիսել։ Վուտ մեկնեցաւ Տիարպեքիրի վիլայէթի Բալու եւ Սիլվանի շրջանները, իսկ Ուիսթար օգնութեան ճիգերը կեդրոնացուց Չարսանճագի շրջանին եւ Խարբերդի դաշտին վրայ՝ մինչեւ Պոլիս մեկնումը 3 Յուլիսին։ 

Խարբերդի ամերիկացի միսիոնարները տուեալներ հաւաքած էին քաղաքի ու շրջակայ գիւղերու մեծաթիւ կորուստներուն մանրամասն տեղեկագրումին համար [16]։ Յունուար 1896-ին զոհերու թիւը 7.423 հոգիի կը հասնէր, որոնցմէ հինգ հազարը սպաննուած էր, իսկ 1.000 հոգի մեռած էր անօթի եւ անպատսպար։ Աւելի քան երեք հարիւր հոգի ողջ-ողջ այրած էր, իսկ 400 հոգիէն աւելի սպաննուած էր դաշտերու եւ ճանապարհին վրայ։ Վիրաւորներու թիւը 2.000-ի կը հասնէր։ Շուրջ 10.000 տուներ հրկիզուած էին, իսկ 108 դպրոց, եկեղեցի ու վանք՝ քանդուած։ Տեղեկագիրը հետեւեալ թիւերը կը պարզէ՝ 4.643 բռնի դաւանափոխութիւններ, 973 բռնաբարուած եւ 345 բռնի ամուսնացած կիներ՝ թուրքերու եւ քիւրտերու հետ։ Ըստ միսիոնարներուն, 29.804 վերապրողներ ընչազուրկ էին [17]։ «Առհասարակ, ո՛չ լաթ մը, ո՛չ կերակուրի փշրանք մը, ո՛չ իսկ [աման] մը մնացած է [...] պատուհաններն ու դռները տարուած են» [18]։

Ուիսթար բացատրեց, որ հիմնական նիւթերու, երկրագործական գործիքներու, պիտոյքներու եւ հունտերու, ինչպէս եւ դրամի «անմիջական կարիք» կար Չարսանճագի մէջ՝ գործի վերսկսելու համար։ Հարցը ապրանքի գնումը չէր, այլ արտադրութիւնը։ Հագուստներու եւ անկողինի պարագաներու մատակարարումը կը նշանակէր բամպակ գնել եւ զայն թելի վերածող աշխատողներ գտնել։ Ջուլհակները թելը պիտի հիւսէին Կարմիր Խաչի կողմէ հայթայթուած նոր հաստոցներու վրայ։ Հիւսուածեղէնը կ՚անցնէր կտրողներու եւ ապա կարողներու, որոնց ասեղ, թել ու մատնոց կը հայթայթէին։ Շապիկներն ու շալվարները այնուհետեւ կը բաշխուէին ամենէն չքաւորներուն, որոնց ինքնութիւնը արդէն պարզուած էր հայ աւետարանականներու ու լուսաւորչականներու խառն յանձնախումբի մը կողմէ։ 

ARC-ի կողմէ տեղական տնտեսութիւններու աշխուժ կերպով զարկ տալու այս մեթոտը աշխատանք կու տար չքաւորներուն, որոնք այնուհետեւ դրամ կ՚ունենային ուտելիք գնելու համար։ Դարբիններն ու պղնձագործները աշխատանքի կը լծուէին գործիքներ, երկրագործական պիտոյքներ եւ տնային իրեր շինելու՝ հում երկաթի եւ պղինձի  օգտագործումով։ Ուիսթար հաղորդեց, թէ գործիք բաժնած էր շուրջ 150 արհեստաւորներու եւ կանխիկ դրամ՝ խանութներ վերաբանալու համար։ Տեղացի երկրագործներուն տրամադրուած էին 200 եզներ, բազմաթիւ արօրներ, գործիքներ ու պիտոյքներ։ Ցորենի գնումը թոյլատրած էր ամէնօրեայ հացի բաշխումը։ Չարսանճագի իր ժամանակի աւարտին, Ուիսթար դիտել կու տար, թէ շրջանի պազարներուն գործունէութիւնը խթանուած էր, իսկ տնտեսական իրավիճակը՝ մեծապէս բարելաւուած։ Այնուհետեւ, ան իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէր Խարբերդի վրայ։

Խարբերդի բերրի դաշտին վրայ, ցորենի մեծ ցանք մը հունձքի կը սպասէր։ Հայ երկրագործները հունձքի գործիքներ չունէին, իսկ դարբինները երկաթ չունէին։ Ուիսթար աշխատանքի կը ձեռնարկէր՝ հում նիւթ ապահովելու։ Էական էր ներկայ հունձքը փրկել, որովհետեւ հազարաւոր մարդիկ սոված էին, բայց նոյնքան կարեւոր էր ապահովել յաջորդ եղանակի ցանքը։ Ուիսթարի տեղեկագիրը կը ցուցակագրէր անոր յաջողութիւնները Խարբերդի ու շրջակայ գիւղերուն մէջ կատարած աշխատանքին ընթացքին, նշելով աշխատող արհեստաւորներու, համալրուած անասուններու, ցանելու եւ հնձելու գործիքներու, հագուստներու, անկողիններու եւ հացահատիկի տպաւորիչ թիւեր։

Անթուակիր։ Խարբերդի, Այնթապի ու Տիարպեքիրի միջեւ տեղ մը։ Հայերը հող մշակելու, ցանելու եւ հնձելու կարողութենէն զուրկ մնացին, երբ անոնց գործիքներն ու անասունները կողոպտուեցան 1895-ի ջարդերուն։ Ամերիկեան Կարմիր Խաչը աշխատեցաւ ցանելու ու հնձելու միջոցներ մատուցել անոնց՝ սովի վտանգը կանխելու յոյսով (Quaker & Special Collections, Haverford College, Haverford, PA)։

Էտուըրտ Մոռիս Ուիսթար ազնիւ զոհողութիւն մը կատարեց իբրեւ ARC-ի դաշտային գործակալ, իսկ անոր օրագիրն ու թղթակցութիւնը կը ցոլացնեն այդ հարուստ փորձառութիւնը։ Պաշտօնական տեղեկագրին մէջ յիշուած իրագործումները չնչին էին՝ ի բաղդատութիւն տիրող թշուառութեան, որուն խիստ գիտակից էր։ Սակայն, ARC-ի դիրքորոշումը՝ Պարթոնի ղեկավարութեան տակ, Ուիսթարը կը ստիպէր թէ՛ ճանչնալ օգնութեան կարօտ ողբերգութիւնը եւ թէ շնորհակալութիւն յայտնել իշխանութիւններուն՝ օգնութեան գործը կարելի դարձնելու համար (ի հեճուկս բրտութիւնը խրախուսելու անոնց դերին)։ Տեղեկագրին նպատակն էր թիւեր մատակարարել նուիրատուներուն եւ խուսափիլ մեղադրանքներ կատարելէ կամ համակրանք ստեղծելէ։

Ուիսթար, որ շարք մը քաղաքներ ու գիւղեր այցելած էր Խարբերդի ճանապարհին եւ հայերու պայմաններուն ականատես եղած, Մայիսին յուսահատութեան մատնուած էր իբրեւ հետեւանք իր դիմագրաւած անվերջանալի արգելքներուն Չարսանճագի մէջ։ Ան անդադար արգելքներու հանդիպեցաւ Խարբերդի մէջ [19]։

Անոր օրագիրը կը բացայայտէ անոր աշխատանքը խանգարող կամ ուշացնող հարցեր։ Երբ օժանդակութիւնը բաշխուած էր Ուիսթարի վերահսկողութեան տակ, տեղական իշխանութիւնները ճնշած էին բնակչութեան վրայ։ Ան գրեց. «Գործս նորէն աւելի դժուարացած ու անորոշութեան մատնուած է՝ իբրեւ հետեւանք վստահութեան պակասին իշխանութեան հանդէպ եւ հաղորդուած միջամտութեան՝ մարդոց օժանդակութիւն բաշխուելէ ետք» [20]։

Անոր դիմումները՝ գիւղերը այցելելու եւ իրավիճակը գնահատելու համար, բազմիցս մերժուեցան։ «[Կուսակալը] տակաւին կը յետաձգէ գիւղերու այցելութիւնս», ան նշեց, աւելցնելով. «Դժկամութեամբ գիւղերու այցելութիւնը մէկ կողմ դրած եմ։ […] Ան [կուսակալը] շատ ազնիւ էր, բայց ես մերժուած եմ» [21]։ Օրեր ետք, ան գրեց. «Կ՚երեւի թէ կարեւոր չէ թէ ինչպէ՞ս մարդ կը փորձէ աշխատիլ, արգելքները կը ներկայանան» [22]։ Իշխանութիւններուն կողմէ յարուցուած արգելքները՝ էական գործիքներու բաշխումին, միայն կը նպաստէին անոր վրդովմունքը աւելցնելու [23]։

Երբ Ապրիլին յայտնի կը դառնար, թէ օգնութեան արշաւի անդամներուն անհրաժեշտ թուղթերը ուշացած էին, «Missionary Herald»-ի խմբագրական մը կը ձաղկէր խաբեբայութիւնն ու ժամանակի մսխումը։ «Թէեւ հազարաւորներ սովահար են, աճապարանք չկայ [...] Ուշացումը անտարակոյս մեծաթիւ կեանքեր պիտի արժէ» [24]։

Այսքանը բաւարար չըլլալով, Խարբերդի հայերը չէին վստահեր Ուիսթարի թարգմանիչին, որ նոյնպէս վրդովմունքի պատճառ էր Ամերիկեան Կարմիր Խաչի այս ներկայացուցիչին համար [25]։

Ուիսթար թոյլտուութիւն չստացաւ կարեւոր մանրամասնութիւններ ընդգրկելու իր պաշտօնական Կարմիր Խաչի տեղեկագրին մէջ, ինչպէս գաւառներու մէջ ճամբորդելու դժուարութիւնը, կեղծաւոր տեղական իշխանութիւններու հետ գործ տեսնելը, մշակոյթի ու լեզուի իմացութեան բացակայութիւնը, խնդրայարոյց թարգմանիչի մը առկայութիւնը [26] եւ գործ մուրացող հայերու հսկայ թիւը [27]։ ARC-ի երկրորդ արշաւի (1896) աւելի յստակ ու ճշգրիտ ըմբռնումի մը կարելի է հանդիպիլ Էտուըրտ Մոռիս Ուիսթարի թուղթերուն մէջ։

1896-ի շուրջ։ Այնթապ։ Ամերիկեան Կարմիր Խաչի աշխատողները կանգ առին Այնթապ, ուր ամերիկացի միսիոնարները օգնութեան գործը հսկողութեան տակ պահած էին։ Այստեղէն, Ուիսթար ուղղուեցաւ դէպի Ուրֆա (Quaker & Special Collections, Haverford College, Haverford, PA)։

1) եւ 2) Ձախի պատկերը Այնթապի ընդհանուր լուսանկարէն առնուած հատուած մըն է, ուր կը տեսնենք Ս. Աստուածածին եկեղեցին։ Գմբէթին կառուցման աշխատանքները ծայր առին 1893-ին եւ այս պատկերին մէջ կը տեսնենք որ տակաւին չեն աւարտած (Աղբիւր՝ Quaker & Special Collections, Haverford College, Haverford, PA)։ Աջի պատկերը նոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցին է իր գմբէթով միասին (Աղբիւր՝ Միշել Փապուճեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)։

Անթուակիր։ Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ գերեզմանատունը (առաջին հարթակի վրայ) Ուրֆայի մէջ։ Այս լուսանկարը լոյս տեսաւ 1897-ին “Missionary Herald”-ի մէջ, ցոյց տալու համար այն վայրը, ուր այնքան հայեր սպաննուած էին Դեկտեմբեր 1895-ին։ Լուսանկարը առնուած է ջարդէն միջոց մը առաջ։ Կինը կը թուի խնամել իր հարազատներուն գերեզմանները։ Խումբ մը մարդիկ նստած են մօտակայքը (Quaker & Special Collections, Haverford College, Haverford, PA)։

Անթուակիր։ Կէսօրուան տօնախմբութիւն մը հայերու յորձանքը կը բերէ Ս. Սարգիս վանք՝ Ուրֆայէն մէկ քիլոմեթր դէպի հարաւ-արեւմուտք։ Ուիսթար այս լուսանկարը հաւանաբար ստացած էր Ուրֆայի միսիոնար Գորինա Շաթըքէն։ Վանքապատկան անշարժ գոյքը կը ներառէր շրջապատող պարտէզն ու ծառերը (Quaker & Special Collections, Haverford College, Haverford, PA)։

1) Անթուակիր։ Ուրֆայի 1895-ի ջարդին տարողութիւնը հազարաւոր որբեր պատճառեց։ Ուիսթար հիացաւ ամերիկացի միսիոնարուհի Գորինա Շաթըքի կամքի ուժին։ Անոր հետ թղթակցեցաւ յաջորդ տարիներուն։ 26 Օգոստոս 1896-ի նամակին մէջ, Շաթըք մտահոգուած էր յաջորդ ձմեռուան հարցերով. «Արմտիքի, հագուստներու, կօշիկներու, ածուխի, քերոզինի ձմեռնային պահեստներ, ո՞ւր պիտի գտնենք»։ Ան նաեւ գրած էր, թէ 3.335 որբեր հագուստ ստացած էին (Quaker & Special Collections, Haverford College, Haverford, PA)։

2) Անթուակիր։ Ուրֆա։ Բերդն ու իր սիւները (Quaker & Special Collections, Haverford College, Haverford, PA)։

Վերի լուսանկարէն առնուած հատուած մը։

Անթուակիր։ Ուրֆա։ Հայր Աբրահամի լիճը՝ առասպելական անուանում մը, սրբազան վայր մըն է իսլամներու համար։ Հին եկեղեցիի զանգակատունը (ձախին), որ հոս իբրեւ մինարէ կը ծառայէ, Ուրֆայի հայկական եւ ասորական քրիստոնէական ժառանգութիւնը կը վկայէ (Quaker & Special Collections, Haverford College, Haverford, PA)։

18 Յունուար 1898։ Ուրֆա։ Գերմանացի միսիոնարներ այս ժամանակաւոր որբանոցը հաստատած էին Մասմանայի մէջ՝ գորգի գործատուն մը։ Առջեւը գտնուող տղաքը որբեր են, տեղափոխուած՝ Ս. Սարգիսի վանքէն, ուր ապրած էին ջարդէն ի վեր։ Շաթըքի խնդրանքին ընդառաջելով, Ուիսթար համաձայնեցաւ այս երեխաներէն մէկ քանիին նիւթապէս աջակցիլ։ Միսիոնարուհին իրեն ղրկեց այս լուսանկարը՝ կից նամակով, 1898-ին (Quaker & Special Collections, Haverford College, Haverford, PA)։

1896, Ուրֆա։ Ուրֆայի Դեկտեմբեր 1895-ի ջարդերուն սպաննուած պատուելի Յակոբ Ապուհայաթեանի վեց զաւակները։ (Անոնց մայրը մահացած էր նախօրօք)։ Տեղական մզկիթ մը տարուած երեխաները շուտով փրկուած էին ամերիկեան Պորտի (Board) միսիոնարուհի Գորինա Շաթըքի կողմէ։ Պատուելի Ապուհայաթեան իր ուսումը ստացած էր Պէպէքի սեմինարին (Պոլիս), ինչպէս եւ Գերմանիոյ ու Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ան հովուած էր Ուրֆայի բողոքական եկեղեցին 25 տարի շարունակ (1871-1896) (Quaker & Special Collections, Haverford College, Haverford, PA)։

1896։ Տիարպեքիր պարսպապատ քաղաքը, ուր Էտուըրտ Մոռիս Ուիսթար ու Չարլզ Քինկ Վուտ երկու գիշեր անցուցին՝ Ուրֆայէն դէպի Խարբերդ ճանապարհին։ Ամրոցի պատերն ու աշտարակները, որոնց կողքին կառուցուած ջրմուղը բլուրներէն եկող ջուրը կը հայթայթէր քաղաքին։ Իսլամական գերեզմանատունը՝ քաղաքի մինարէներուն տեսադաշտին վրայ (Quaker & Special Collections, Haverford College, Haverford, PA)։

1) 1896, Տիարպեքիր։ Կարմիր Խաչի կամաւոր Ուիսթարը եւրոպական զգեստներով կանգնած է՝ լուսանկարիչին նայելով եւ ձեռքերը գրպաններուն։ Երեք թուրքեր կը ճաշակեն իրենց յետմիջօրէի թէյը, մինչ ծառան անոնց մօտ կանգնած է։ Անոնց ետին երեք հիւսուած զամբիւղներ կան, որոնք նախատեսուած էին ձիթապտուղ հաւաքելու համար (Quaker & Special Collections, Haverford College, Haverford, PA)։

2) Ապրիլ 1896։ Տիարպեքիրի հին, պարսպապատ քաղաքին մէջ։ Ուրֆայէն մեկնելով դէպի Խարբերդ, Ուիսթար երկու գիշեր կանգ առաւ Տիարպեքիր իր խումբին հետ՝ ձիերուն հանգիստ տալու։ Անոնք անգլիացի փոխհիւպատոս Ս. Մ. Հոլուորտի հիւրերը եղան (Quaker & Special Collections, Haverford College, Haverford, PA)։

Վերի լուսանկարէն առնուած հատուած մը։

Անթուակիր։ Խարբերդի Վերի թաղը՝ Ս. Յակոբ եկեղեցիի (գմբէթով) եւ յարակից Կեդրոնական դպրոցի տեսարանով։ Կեդրոնական դպրոցի տնօրէնը Թլկատինցին էր (Յովհաննէս Յարութիւնեան) (Quaker & Special Collections, Haverford College, Haverford, PA)։

1) Անթուակիր։ Խարբերդի Վերի թաղ։ Ետեւի ճերմակ շէնքերը մաս կը կազմեն «Եփրատ» գոլէճին։ Ս. Յակոբ եկեղեցին (գմբէթով) կեդրոնը կը գտնուի։ Խարբերդ կեցութեան ընթացքին, Ուիսթար բնակեցաւ ամերիկացի միսիոնարներուն քով, որոնց տասներկու շէնքերէն միայն չորսը այրած չէին 1895-ի ջարդերուն (Quaker & Special Collections, Haverford College, Haverford, PA)։

2) 1896-ի շուրջ։ Խարբերդի դաշտը՝ Խարբերդ քաղաքին ներքեւ։  «Այս լերան գագաթի մեր ապաստարանէն դուրս կը նայինք գիշերը եւ կը տեսնենք առնուազն 25 գիւղերէ բարձրացող վառ բոցերն ու ծուխը» (ամերիկացի միսիոնար Օ. Փ. Ալլըն, Խարբերդ, 14 Նոյեմբեր 1895)։ Եթէ Ուիսթար այս լուսանկարը առնողը չէր, ան որոշապէս դիտած է այս տեսարանը, որ կը ներառէ ինչ որ հեռուն կ՚երեւի իբրեւ սրբապղծուած գերեզման մը (Quaker & Special Collections, Haverford College, Haverford, PA)։

Անթուակիր։ Խարբերդի Վերի թաղ։ Կեդրոնի ճերմակ շէնքերը՝ անդունդին կից, կը ներկայացնեն «Եփրատ» գոլէճը։ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ գմբէթը տեսանելի է աջ կողմի ծայրը։ Յունուար 1896-ին, գոլէճի նախագահ տոքթ. Կէյց գրեց. «Մեր շէնքերը այրած են, մեր աշակերտները՝ շատ աղքատացած» [նամակ պրն. Տէյվիսին, 8 Յունուար 1896. ABCFM Microfilm, Archives of the Billy Graham Center, Wheaton IL] (Quaker & Special Collections, Haverford College, Haverford, PA)

Անթուակիր։ Սինամուտ՝ Խարբերդի թաղամաս մը, այն շրջանը, ուր Էտուըրտ Մոռիս Ուիսթար շաբաթներ անցուց՝ Նոյեմբեր 1895-ի հայկական ջարդերու վերապրողներուն տրուող օժանդակութիւնը վերահսկելով (Quaker & Special Collections, Haverford College, Haverford, PA)։

Վարի լուսանկարէն առնուած հատուած մը։

1) 1896-ի շուրջ։ Հայ վաճառականներ։ Հաւանաբար առնուած է Խարբերդի, Այնթապի ու Տիարպեքիրի միջեւ տեղ մը։ Ամերիկեան Կարմիր Խաչը հայ վաճառականներուն դիւրացուց իրենց խանութներուն վերաբացումը՝ ապրանք մատակարարելով եւ հայ վերապրողներուն աշխատանքի կարելիութիւններ ստեղծելով  (Quaker & Special Collections, Haverford College, Haverford, PA)։

2) 1896։ Զինեալ քիւրտ մը։ Այս լուսանկարը առնուած է Ուիսթարի ճամբորդութիւններուն ընթացքին։ Ան նշած է իր օրագրին մէջ, թէ «Չարսանճագի թուրքերն ու քիւրտերը սովորաբար լրիւ զինուած են հրացաններով, ատրճանակներով, սուիններով, դաշոյններով ու դանակներով, յատկապէս երբ կը ճամբորդեն» (Quaker & Special Collections, Haverford College, Haverford, PA)։

1896-ի շուրջ։ Հայ դարբիններ։ Այս լուսանկարը առնուած է Խարբերդի, Այնթապի ու Տիարպեքիրի միջեւ տեղ մը, հաւանաբար Ուիսթարի կեցութեան ընթացքին։ Ամերիկեան Կարմիր Խաչը հում նիւթեր ու գնումի պատուէրներ տուաւ դարբիններուն։ Տնտեսութեան այս հատուածին զարկ տալու կողքին, հողագործներն ալ գործիքներու կարիք ունէին՝ հունձք կատարելու եւ սովի վտանգը կանխելու համար (Quaker & Special Collections, Haverford College, Haverford, PA)։

Յատուկ շնորհակալութիւններ Սառա Հորովիցին՝ Հէյվըրֆորտ գրադարաններու քուէյքըր եւ յատուկ հաւաքածոներու վարիչ, եւ տոքթ. Սիւզըն Ուոլըրին՝ The Christian Academy-ի (Brookhaven, PA) ուսումնական ծրագրերու եւ արհեստավարժ զարգացումի տնօրէն/լրասփիւռներու կեդրոնի մասնագէտ։

[1] Տե՛ս America’s Relief Expedition to Asia Minor under the Red Cross, Washington D.C., 1896.
[2] Quaker & Special Collections, Haverford College, Haverford, PA.
[3] Գլարա Պարթոն փափաքած էր կազմել ութսուն հոգինոց խումբ մը։ Ամերիկեան թերթերու հրատարակած յօդուածները եւ օսմանեան կառավարութեան ընդդիմութիւնը՝ ARC-ի կողմէ հայերուն որեւէ օգնութեան նկատմամբ, լարուածութեան պատճառ դարձած էին։ Այս պատճառով, ան ստիպուած էր խիստ կրճատել խումբին թիւը՝ ներառելով միայն իր փոքր անձնակազմը Պոլսոյ մէջ եւ չորս տղամարդիկ, որոնք իբրեւ դաշտային գործակալ պիտի ծառայէին։ 
[4] Էտուըրտ Մոռիս Ուիսթար եւ տոքթ. Ճ. Պ. Հըպէլ՝ առաջին արշաւին ղեկավարը 1896-ին, Ամերիկեան Կարմիր Խաչին ծառայած էին 1894-ին Հարաւային Գարոլայնայի մէջ՝ ուրականի մը հետեւանքով։
[5] Չարլզ Քինկ Վուտ, որ նշանաւոր արուեստագէտ մը պիտի դառնար, Ֆրանսայէն նոր վերադարձած էր՝ արուեստի դպրոց մը ուսանելէ ետք։ Ան ընտրուեցաւ իբրեւ յատուկ դաշտային գործակալ Ուիսթարի կողմէ, երբ վերջինս Գլարա Պարթոնէն ուրիշ կամաւոր մը բերելու ցուցմունք ստացաւ։
[6] Ուիսթար Մայքլ Թոփուզօղլուն գործի ընդունեց իբրեւ թարգմանիչ։ 
[7] List of Tasks (Աշխատանքներու ցանկ), Box 1, Edward Morris Wistar Papers, Quaker & Special Collections, Haverford College, Haverford, PA.
[8] ARC-ի աշխատողները Քիլիսէն անցան տեղւոյն ջարդէն քանի մը օր ետք։ Ուիսթար հաղորդեց, թէ ծաղր ու ծանակի ենթարկուած էին «անպատասխանատու ամբոխի մը կողմէ» քաղաք մտնելու միջոցին։ Անոնք խոստացան բժշկական եւ այլ խիստ անհրաժեշտ միջոցներ ղրկել, քանի որ անոնց պաշարը Այնթապի ճանապարհին էր, ըստ տոքթ. Հըպէլի տեղեկագրին (տե՛ս America’s Relief Expedition to Asia Minor under the Red Cross
[9] Տոքթ. եւ տիկ. Գաբրիէլ Տոպրաշեան 1881-ին հիմնած էին Friends of Constantinople (Պոլսոյ բարեկամներ) բժշկական առաքելութիւնը հայոց համար, որուն այնուհետեւ դպրոց մը աւելցաւ։
[10] Թէեւ Ուիսթարի տեղեկագիրը թեթեւօրէն կ՚անցնի Ուրֆա այցելութեան մանրամասնութիւններուն վրայէն, անոր Ուրֆա կեցութեան ազդեցութիւնը բացայայտ է Հէյվըրֆորտի հաւաքածային մէջ, ուր առնուազն 120 էջնոց թղթակցութիւն կայ ամերիկացի միսիոնարուհի Գորինա Շաթըքի հետ։
[11] “Three Days of Butchery”, New York Times, 16 Փետրուար 1895։ Համացանց։
[12] Edward Morris Wistar Papers, 13 Ապրիլ 1896։ Box 1, Letters of E. M. Wistar, Quaker & Special Collections, Haverford College, Haverford, PA.
[13] «Ինծի համար խիստ դժուար է օրըստօրէ ուշացումի մատնուիլ դանդաղաշարժ մեքենային կողմէ» (Wistar Papers, Ապրիլ 1896)։
[14] Wistar Papers, 26 Ապրիլ 1896։
[15] Wistar Papers, 26 Ապրիլ 1896։
[16] Statistics of the Recent Outrages in the Harpoot Vilayet (Խարբերդի վիլայէթի նորագոյն բռնութիւններու վիճակագրութիւններ), 10 Յունուար 1896, American Board of Commissioners for Foreign Missions Archives, 1810-1961 (ABC 1-91)։ Մանրաժապաւէնը կը գտնուի Billy Graham Center-ի արխիւներուն մէջ (Wheaton, Illinois)։
[17] 1896-ին այցելելով աղէտեալ շրջանները, Հառիս Ռենտըլ դիտողութիւն մը կատարած էր, որ կ՚անդրադառնայ տասնեակ հազարաւոր վիրաւորներու, հիւանդներու եւ չքաւորներու խնամքի ծանրութեան. “Անտարակոյս, այնքան շատերու սպանութիւնը Ուրֆան կը դարձնէ շատ աւելի լաւ վայր մը՝ թարմ սկիզբ մը իրագործելու համար […]» (էջ 138-9). Harris, J. Rendell and Helen B. Harris. Letters from the Scenes of the Recent Massacres in Armenia, London, James Nisbit & Co, 1897։ Խարբերդ գտնուող միսիոնարներ հաղորդած էին, թէ վերապրողներ կային, որոնք կը ցանկային սպաննուած ըլլալ՝ ջարդէն ետք առկայ մութ հեռանկարներուն պատճառով։
[18] Barnum, Rev. H. N. (1896), “The Outlook in Turkey.” Missionary Herald, 92, էջ 147։ Համացանց։
[19] Պարթոն Խարբերդէն Ուիսթարի կողմէ գրուած նամակ մը ստացաւ։ Ան զինք կը նկարագրէ իբրեւ «յուսահատ՝ հայերու ապագային մասին» (Clara Barton Papers, 16 Յունիս 1896)։
[20] Wistar Papers, 9 Յունիս 1896։
[21] Wistar Papers, 17 Մայիս 1896։
[22] Wistar Papers, 21 Մայիս 1896։
[23] «Ուիսթար խնդիր կ՚ունենայ իր գործիքները բաշխելու համար։ Խարբերդի իշխանութիւնները չեն վստահիր [հայերուն]» (Clara Barton Papers, Diaries and Journals: 1896, Jan-Sept. 14 May, 1896. Manuscript Division, Library of Congress, Washington, D.C.։ 6 Յունիս 2017։ Համացանց)։
[24] Խմբագրական պարբերութիւններ (1896)։ The Missionary Herald, 92, էջ 142։ Համացանց։
[25] «Յանձնախումբը իմ թարգմանիչիս հանդէպ նախանձոտ ու անվստահ է» (Wistar Papers 22 May, 1896)։
[26] Թարգմանիչին հանդէպ հայերու առարկութիւններուն կողքին, Ուիսթար քանի մը առիթներով հարցականի տակ դրած էր Թոփոզօղլուի կարողութիւնն ու աշխատանքային բարոյականը։ 
[27] Wistar Papers, 22 Մայիս 1896։ Տե՛ս Ուիսթարի օրագիրը՝ Մայիսին ու Յունիսին անոր դիմագրաւած հարցերուն կարգ մը անդրադարձներու համար։