Գարեգին եւ Սրբուհի Պապիկեանները Փարիզի հայկական եկեղեցիին մէջ 1926-ին տեղի ունեցած իրենց սուրբ պսակին օրը։

Պապիկեան հաւաքածոյ – Լոս Անճելես

Հեղինակ՝ դոկտ. Սերինա Պապիկեան-Ռոսենքճար, 20 յունիս 2019

Խմբագրութեան կողմէ

Այս էջի բոլոր գրութիւններուն եւ մակագիրերուն հեղինակը Սերինա Պապիկեան Ռոսենքճարն է՝ Գարեգին/Գարագէն/Քառլ եւ Սրբուհի/Սերբուհի Պապիկեաններու հօրենական թոռնուհին։ Ասոնք անո՛նց լուսանկարները, փաստաթուղթերը, կենսագրութիւնները, երգերն ու հեքիաթներն են։

Ընտանեկան այս հաւաքածոյին մէջ հայկական անունները հայերէնով գրած ենք ինչպէս որ էին, ինչ որ տարբեր է այն անուններէն, որոնց վերածուած էին անոնք ֆրանսերէն կամ անգլերէն տառադարձութիւններուն մէջ։

Կարապետ Պապիկեանը եւ կինը՝ Մարիամ Սարգիսեանը, Պապիկեան ընտանիքին աւագներն էին 1890-ին։ Ունէին որդի մը՝ Գարեգինը (ծնած 1 յունուար 1890-ին) եւ դուստր մը՝ Պատասխանը, որ կոտորածներուն զոհ պիտի երթար։ Պապիկեանները հովիւներ եւ հողագործներ էին, կ’ապրէին Չմշկածագի մէջ (նաեւ՝ Չեմիշկազաք կամ Չեմիշկեզէք, Տերսիմի սանճաքի Խարբերդի վիլայէթի գիւղերէն մէկը) մինչեւ այն օրը, երբ տեղւոյն թուրք եւ քիւրտ զինուորները ներխուժեր էին իրենց հողը եւ իրենց գերդաստանին մեծամասնութիւնը սպաններ։

Կարապետը երկու եղբայր ունէր՝ Պաղտասարը եւ Գասպարը։ Պաղտասարը ամուսնացած էր Աննային հետ, ունէին երեք որդի՝ Աբրահամը, Եղիազարը եւ Կարապետը, եւ դուստր մը՝ Վարդ Նազելին։ Պաղտասարը եւ Աննան պիտի սպաննուէին թուրք զինուորներու կողմէ։ Գասպարը եւ իր առաջին կինը՝ Վարդերը, ունէին չորս դուստր՝ Սանդուխտը, Մարիձան, Զարդիկը եւ Լուսիկը։ Գասպարը եւ Լուսիկը կրցեր էին փախիլ, խուսափիլ կոտորածէն եւ Ֆրանսա հստատուիլ, սակայն ընտանիքին միւս անդամները Ցեղասպանութեան զոհ պիտի երթային։

Հօր մահէն ետք Գարեգինը կ’երթայ Ամերիկա զինագործ դառնալու։ Տարիներ անց ան զէնք ու զինամթերք կը տանի օսմանեան կայսրութիւն՝ օգնելու Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան։ Տուն վերադարձին կ’ամուսնանայ Սողոմին հետ, և կ’ունենան երկու զաւակ՝ Քրիստափորը եւ Շաքէն։ Տարիներ անց Գարեգինը կը վերադառնայ ԱՄՆ՝ ՀՅԴ-ի համար լրացուցիչ օժանդակութիւն հանգանակելու համար։ Դժբախտաբար Ցեղասպանութեան ատեն տեղւոյն քիւրտերը եւ թուրքերը կը գրաւեն Պապիկեաններու ագարակը, եւ Սողոմը, իր զաւակներուն առեւանգումէն վախնալով, անոնց մարմինին շուրջ ծանր քարեր կը կապէ եւ զանոնք կը նետէ գետը, ապա նոյն կերպ կը վարուի ինքզինքին հետ։

30 յուլիս 1918-ին Գարեգինը կ’իմանայ իր ընտանիքին մահուան լուրը։ Նոյն օրը ան իր մականունին անգլերէն գրման ձեւը կը փոխէ (Babigian կը դարձնէ Babikian-ը), կը դառնայ ԱՄՆ քաղաքացի եւ կը զինուորագրուի ամերիկեան բանակին մէջ։ Կը խնդրէ, որ զինք ղրկեն օսմանեան ճակատ, բայց փոխարէնը, տրուած ըլլալով իր զինեալ անցեալ փորձառութիւնը, ան շարքային զինուոր կը նշանակուի Քիմիական ռազմական միաւորի 151-րդ կազմաւորման գունդի առաջին գումարտակին մէջ։

Պատերազմէն ետք Գասպարը կ’ամուսնանայ Ծաղիկ Թումասեան/Թոմասեան (ծնեալ Տէմիրճեան) անունով կնոջ մը հետ, որուն առաջին ամուսինը՝ Յարութիւնը զոհ գացած էր Խատիշարի (Չմշկածագի գիւղերէն մէկը) կոտորածին։ Յարութիւնը եւ Ծաղիկը 12 զաւակ ունէին։ Դժբախտաբար ջարդէն փրկուած էին միայն Ծաղիկը եւ անոր չորս զաւակները։ Սրբուհին՝ ամենակրտսերը, ծնած էր 16 մարտ 1907-ին, ապա Գիւլիստանը, Գոհարը եւ իրենց եղբայրը՝ Պապաճանը։

Որոշ ժամանակ անց Գոհարը կ’ամուսնանայ Աշուանէն (այսօրուան Մուրատչիք գիւղը, Խարբերդի դաշտին մէջ գտնուող գիւղ մը) Գէորգ անունով մէկու մը հետ, որ կոտորածին զոհ տուած էր կինը, բայց ոչ դստրիկը՝ Նուարդը։ Պսակէն ետք Գոհարը Աշուան կ’երթայ Գէորգին հետ, իսկ Ծաղիկը, Սրբուհին, Գիւլիստանը եւ Պապաճանը կը մնան Խատիշարի մէջ, մինչեւ որ Գէորգը կարենար տուն մը դասաւորել իրենց համար Աշուանի մէջ։

Պապիկեան ընտանիքի երաժշտական հաւաքածոյէն ձայնապնակներու լուսանկարը։ Ընտանեկան այս հաւաքածայոին առաջին մասը լսելու համար տե՛ս յղումը հոս։ Պապիկեան ընտանիքը այս երգերը մտիկ կ’ընէր ԱՄՆ-ի մէջ 1920-ականներէն սկսեալ։

1915-ի կոտորածէն առաջ Ծաղիկը Աշուանէն կը մեկնի Պաթումի՝ ընտանիքին օգնութեան դիմելու։ Քիչ ժամանակ անց թուրք զինուորները վրէժով լի կը մտնեն Աշուան։ Անոնք կը յափշտակեն հայերուն անասունները, դրամը, հողը եւ թանկարժէք իրերը, կ’այրեն կամ կը բռնագրաւեն հայերուն տուները, պարանով իրարու կը կապեն այրերը, ներառեալ Գէորգը եւ մանչերը, անոնց քալել կու տան մինչեւ ձորի մը բերանը եւ հոն կամ կը դանակահարեն զիրենք, կամ կը կրակեն անոնց վրայ եւ դիակները կը նետեն գետը։ Կը խնայեն կիներուն եւ մանուկներուն կեանքը, եւ Գոհարը, Գիւլիստանն ու Սրբուհին ողջ կը մնան, անտուն ու անտէր, մինչեւ որ թուրք զինուորները կը հաւաքեն կիները եւ մանուկները եւ զանոնք կը քշեն քաղաքէն դէպի դուրս։ Այս երթին ընթացքին զինուորները մահացած կամ հիւանդ մանուկները եւ կիները, ինչպէս նաեւ ծերերը, լեռնային ճամբէն դուրս կը նետէին։ Դիմացողները պիտի հասնէին Հալէպ (Սուրիա)։

Միայն Սրբուհին եւ Գիւլիստանը կը հասնին Հալէպ։ Զիրենք կը տանին բերդ մը, ապա մեծ տուն մը, ուր առաջին գիշերն իսկ Գիւլիստանը կ’առեւանգուի։ Մինակ մնացած Սրբուհին ի վերջոյ կը գտնէ փախչելու ձեւ մը եւ կը վազէ Հալէպի փողոցներուն մէջ, մինչեւ որ հոգեւորական մը կը գտնէ զինք եւ կը տանի հայ մանուկներու որբանոց մը, ուր ապահով պիտի ըլլար ան։

Տարիներ կ’անցնին. դպրոցին տնօրէնը կ’որոշէ, որ որբերուն համար աւելի ապահով է ուրիշ քաղաքներ զիրենք տանիլը։ Սրբուհին եւ քսան իննը այլ որբեր կը ղրկուին Լիբանանի Ժպէյլ/Պիպլոս քաղաքը։

Նոյն օրերուն Ծաղիկը եւ Գասպարը Ստամպուլ կ’ապրէին։ Տարիներէ ի վեր կը փորձէին Ծաղիկին զաւակները գտնել։ Օր մըն ալ կը լսեն աղջկան մը մասին, որ նկարագրութեամբ Սրբուհիին կը նմանէր եւ կ’ապրէր Պէյրութի հայկական որբանոցներէն մէկուն մէջ։ Գասպարը կ’երթայ որբանոցը, կը գտնէ Սրբուհին եւ զինք կը բերէ մօրը քով Օրթագիւղ (Օրթաքէօյ), Ստամպուլ։ Ապա 1922-ին, նախքան քեմալական իշխանութեան հաստատումը Թուրքիոյ մէջ, Գասպարը եւ ընտանիքը կը բարձրանան Մարսիլիա գացող իտալական նաւ մը։ Լսեր էին, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը կ’ընդունէր իր հողին վրայ հայ գաղթականները։ Ֆրանսացիները հայերը մեծ գաղթակայաններու մէջ կը տեղաւորեն։ Սրբուհին եւ ընտանիքը կը ղրկուին Մարսիլիա գտնուող գաղթակայան մը, ապա Տաքոզուիլ գտնուող գաղթակայան մը։

Սրբուհին եւ Գասպարը աշխատելով բաւարար դրամ կը շահին, որ Տաքոզուիլի գաղթակայանեն մեկնին եւ կը հաստատուին Փարիզի Փիկալ թաղամասին մէջ, ուր տուն կը վարձեն։ Աշխատելով եւ խնայելով կը յաջողին Փարիզէն դուրս գտնուող Սարսէլ քաղաքին մէջ (Սէն է Ուազ) հող գնել եւ տուն շինել։ Սրբուհիին ծնողները կ’անդրադառնան, որ ան հասուն օրիորդ էր, եւ կ’որոշեն ամուսնացնել զինք։ Գասպարը ԱՄՆ ապրող եղբօրորդի մը ունէր՝ Գարեգին Պապիկեանը։ 26 դեկտեմբեր  1925-ին Գարեգինը կու գայ Սարսէլ, եւ 2 յունուար 1926-ին Գարեգինը եւ Սրբուհին կ’ամուսնանան։

Այդ տարին Գարեգինը եւ Սրբուհին կ’ունենան որդի մը՝ Զաւէնը։ Որդիին ծնունդէն ետք Գարեգինը ընտանիքը կը տանի ԱՄՆ։ Նաւէն իջնելէ ետք կ’երթան Լորենս (Մասաչուսեց), ուր կ’ապրէր Գարեգինին ընտանիքը։ Ցաւօք, Գարեգինը գործ չի գտներ Լորենսի մէջ, եւ ընտանիքը կը փոխադրուի Փորթլանտ (Մէյն), ուր նոյնպէս ընտանիքի անդամներ ունէին, եւ ուր Գարեգինը սափրիչ կը դառնայ։

Գարեգինին եւ Սրբուհիին երկրորդ որդին՝ Սուրէնը, կը ծնի 1 օգոստոս 1930-ին։ 1932-ին ընտանիքը կը վերադառնայ Ֆրանսա։ Հոն կը մնան մօտաւորապէս տարի մը, մինչեւ Գասպարին հիւանդանալը եւ մեռնիլը։ Քիչ ժամանակ ետք Եւրոպա ապրող ամերիկացիները ԱՄՆ վերադառնալ յորդորող նամակներ կը ստանան Ամերիկեան կարմիր խաչէն։ Արժեթուղթերու շուկան սնանկացած էր, եւ ընտանիքին խնայողութիւնները ամբողջութեամբ ոչնչացած։ Բարեբախտաբար Կարմիր խաչը կը վճարէ ընտանիքին ճանապարհածախսը։

Հազիւ հասած Փորթլանտ՝ ընտանիքի կը սկսի դրամ հաւաքել՝ Ծաղիկը ԱՄՆ բերելու համար։ 5 մարտ 1936-ին Ծաղիկը կը ստանայ իր ԱՄՆ ինքնութեան թուղթը եւ քիչ անց ԱՄՆ տանող նաւը կը բարձրանայ։ 19 մարտ 1936-ին կը ժամանէ ԱՄՆ եւ անկէ ետք ամբողջ կեանքը կ’ապրի ընտանիքին հետ։

Իսկ ընտանիքը կը շարունակէ ապրիլ ԱՄՆ-ի մէջ։ Գարեգինը կը մահանայ 13 յուլիս 1979-ին, Սրբուհին՝ 10 նոյեմբեր 1998-ին։

Սրբուհի Պապիկեանի (1), Ծաղիկ Պապիկեանի (2) եւ Գասպար Պապիկեանի (3) մէկ տարուան ֆրանսական անցաթուղթը՝ Կոստանդնուպոլսէն Մարսիլիա երթալու համար, տրուած Կոստանդնուպոլսոյ մէջ Ֆրանսայի գերագոյն յանձնակատարին կողմէ 14 հոկտեմբեր 1922-ին։

Պապիկեան ընտանիքի երաժշտական հաւաքածոյին ձայնապնակները արտադրող ընկերութիւնները։ Երկրորդը լսելու համար տե՛ս։ Պապիկեան ընտանիքը այս հայ թէ օտար երգերը մտիկ կ՚ընէր ԱՄՆ-ի մէջ 1920-ականներէն սկսեալ։

Սրբուհի Պապիկեանի (վեր) եւ Քառլ Պապիկեանի (վար) ֆրանսական ինքնութեան թուղթերը, 24 հոկտեմբեր 1932։

Ծաղիկ Պապիկեանին ֆրանսական իշխանութիւններուն կողմէ տրուած Ինքնութեան վկայականը, 20 դեկտեմբեր 1935։

Ֆրանսական իշխանութիւններուն կողմէ տրուած աշխատելու իրաւունք։ Կողակիցի անունին տակ արձանագրուած է «Սրբուհի Պապիկեան, ծնեալ 16 մարտ 1907-ին, Չմշկածագ։ Զաւակները՝ Ժորժ (Զաւէնն է), 6 տարեկան, ծնեալ Սարսէլ, եւ Սուրէն, 2 տարեկան, ծնեալ Փորթլանտ։

«Հայրենիք» օրաթերթ, 3 յունուար 1946։
«Մայր Ծաղիկ Պապիկեանի փափաքին համաձայն» վերջինիս մահուան առիթով պատերազմի աղէտեալներուն ի նպաստ «Հայ Կ. Խաչին» կատարուած նուիրատւութիւններու ցանկ։