Մուշաշէն. երեխաներ խաղի պահուն (Աղբիւր՝ Նիկոլ Պէզճեան հաւաքածոյ, 0170be00003, շնորհակալութիւններ AIFին, Պէյրութ)։

Arab Image Foundationի (Պատկերի արաբական հիմնարկ) - Պէյրութ

Այս բաժինը պատրաստուած է Arab Image Foundationի (AIF, Պատկերի արաբական հիմնարկ) հետ գործակցաբար։ Հոս տեղ գտած պատկերներու հաւաքածոները կը պահուին Պէյրութի այս հիմնարկին մէջ։ Մեր գործակցութեան նպատակն է հրատարակել Arab Image Foundationի հարուստ հաւաքածոյին մաս կազմող հայ լուսանկարիչներու արխիւները կամ ընդհանրապէս հայկական կեանքին առնչուող նիւթերը։