Arab Image Foundationին պատկանող եւ այս էջով ներկայացուող նիւթերը մաս կը կազմեն «Նիկոլ Պէզճեան» հաւաքածոյին։ Հաւաքածոն կը բաղկանայ 92 պատկերէ։ Հոս կը տեսնենք ութսունի չափ պատկերներ, որոնք առնուած են Near East Reliefի (Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց) գործունէութենէն՝ 1930-ականներու սկիզբին։
Այս հաւաքածոն Նիկոլ Պէզճեան ձեռք ձգած է Պէյրութի մէջ, ուր երկար ժամանակ պահուած էր Պատուելի Տիգրան Խրլոբեանի քով։ Պատուելիին մահէն ետք, ազգական մը այս հաւաքածոն նուիրած է Նիկոլ Պէզճեանի։
Ամերիկեան Near East Relief (NER) կազմակերպութիւնը հիմնուած է Առաջին համաշխարհային պատերազմէն անմիջապէս ետք։ 1931-էն սկսեալ անիկա պիտի կոչուէր Near East Foundation (Մերձաւոր Արեւելքի հիմնարկ)։ NERը շարունակութիւնն էր ամերիկեան միսիոնարական կազմակերպութեան, որ մարդասիրական եւ կրօնական լայնածիր գործունէութիւն վարած է Օսմանեան կայսրութեան տարածքին։ Յետ-պատերազմեան շրջանին, NER-ի գործունէութեան առանցքը կը հանդիսանան հայ գաղթականները եւ հայ որբերը։ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով, բազմահազար հայեր մնացած էին անօթեւան, գաղթականական կայաններու մէջ անկայուն եւ անապահով կեանք մը կ՚ապրէին, իսկ ասոնց կողքին ալ գոյութիւն ունէին տասնեակ հազարներով հայ որբեր, որոնք զուրկ էին ամէն խնամքէ։
Այս էջի լուսանկարները առնուած են NEFի գործունէութեան ընթացքին։ Հոս կը տեսնենք NEFի խումբին յաճախակի այցելութիւնները Սուրիոյ մէջ հայերով բնակուած գիւղեր։ Հալէպէն մեկնող առողջապահական այս խումբին այցելութիւնները կեդրոնացած են երկու տարբեր վայրերու վրայ։ Առաջինը Անտիոքի շրջանն է՝ Հայաշէն (ներկայիս Ճումհուրիէթ), Ապտալ Հույուք (ներկայիս Իւչթէփէ), Ռիհանիէ (ներկայիս Ռէյհանլի), Ենի Շէհիր գիւղերը եւ ոչ հայաբնակ Սչանլը գիւղը։ Նշենք որ այդ ժամանակ Անտիոքը մաս կը կազմէր ֆրանսական հոգատարութեան տակ գտնուող Սուրիոյ, մինչեւ 1939 թուականը, որմէ ետք կը միանայ Թուրքիոյ։ Երկրորդը Մասեաֆի շրջանի եւ Համա քաղաքէն արեւմուտք գտնուող Մուշաշէն (ներկայիս Մուշաշին) եւ Ճուպ Ռամլա գիւղերն են։
Ի՞նչ պայմաններու տակ այս գիւղերը հայերով բնակեցուած էին։
Հայերու Սուրիա գաղթը եւ բնակեցումի ճիգերը
Առաջին Համաշխարհային պատերազմին եւ անոր յաջորդող տարիներուն ընթացքին, հայ գաղթականութեան հոսքը դէպի Սուրիա պէտք է բաժնել երկու հիմնական փուլերու.
1) Ցեղասպանութեան տարիներուն հարիւր հազարաւոր հայեր կը տեղահանուին իրենց հայրենի քաղաքներէն եւ գիւղերէն եւ կը քշուին դէպի Սուրիա՝ Հալէպ, Համա, Հոմս, Տէր Զօր, Դամասկոս, Ռաքքա եւ ասոնց շրջակայ գիւղերը։ Ծանօթ է որ այս տարագիրներուն կարեւոր տոկոսը ջարդի կ՚ենթարկուի կամ համաճարակներու հետեւանքով կը մահանայ։ Վերապրողները կը շարունակէին ապրիլ այս քաղաքներուն մէջ, մինչեւ որ Սուրիոյ տարածքը կը գրաւուի Դաշնակից բանակներուն կողմէ (գլխաւորաբար բրիտանական զօրքեր)։ Այնուհետեւ, Դաշնակից ուժերուն նախաձեռնութեամբ, 1919-ին ծայր կ՚առնէ այս գաղթականներուն վերաբնակեցումը իրենց հայրենի բնակավայրերուն մէջ։ Անոնք յատկապէս կը հաստատուին Կիլիկիոյ տարածքին մէջ. Ատանայի նահանգ, ինչպէս նաեւ աւելի արեւելք գտնուող քաղաքներ՝ Մարաշ, Այնթապ, Ուրֆա։ Այս ժամանակաշրջանին Կիլիկիան անցած էր ֆրանսական բանականերու տիրապետութեան տակ։ Այս ձեւով սուրիական քաղաքները մեծ մասամբ կը պարպուին իրենց հայ գաղթական բնակչութենէն։
2) Դէպի Սուրիա երկրորդ գաղթը տեղի կ՚ունենայ 1921-ի վերջերուն, երբ ֆրանսական բանակները կը սկսին քաշուիլ Կիլիկիայէն եւ ամբողջ այս տարածքը կ՚անցնի թրքական տիրապետութեան տակ։ Նախքան թրքական զօրքերուն մուտքը, հայերու զանգուածային գաղթի շարժում մը ծայր կ՚առնէ յատկապէս դէպի Սուրիա եւ Լիբանան։ Նոր հասնողները յատկապէս կը հաստատուին մեծ քաղաքներու մէջ հապճեպ կառուցուած գաղթականական կայաններու մէջ, ինչպէս Հալէպ, Պէյրութ, Դամասկոս, Իսկէնտէրուն/Ալէքսանտրէթ։ Այս ձեւով տասնեակ հազարաւոր գաղթական հայեր վերստին բնակութիւն կը հաստատեն Սուրիոյ տարածքին։
Ֆրանսական հոգատար իշխանութիւնները, սկզբնական խարխափումներէ ետք, կը վճռեն ուղղակի մասնակցիլ բոլոր այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը միտէին հայերը դուրս հանել իրենց գաղթականի կարգավիճակէն եւ գաղթականի կեանքէն եւ զանոնք մնայուն կերպով բնակեցնել Լիբանանի եւ Սուրիոյ տարածքին։
Պարզ էր որ գաղթականի անկայուն եւ անպաշտպան իրավիճակը շատերու կը մղէր որ կեանքի նոր հորիզոններ փնտռեն այլ երկինքներու տակ։ Այնպէս որ 1920-ականներու ամբողջ տեւողութեան Լիբանանէն եւ Սուրիայէն բազմաթիւ հայեր կը գաղթեն դէպի Հարաւային Ամերիկա, յատկապէս Արժանթին եւ Պրազիլ։ Այլ երկիրներէ դէպի Խորհրդային Հայաստան ներգաղթը արդէն իսկ ծայր առած էր 1920-ական եւ յատկապէս 1930-ական թուականներուն, բայց Ֆրանսայի հոգատար իշխանութիւնները դէմ էին Լիբանանէն եւ Սուրիայէն հայերու զանգուածային հեռացումին։
Այս պայմաններուն մէջ, հոգատար իշխանութիւններուն համար հրամայական կը դառնար հայերու համար բնակեցումի ծրագիրներ իրականացնելը։ 1926-էն սկսեալ է, որ կարելի կ՚ըլլայ ընդհանուր յայտարարի մը բերել զանազան հաստատութիւններու բնակեցումի ճիգերը եւ անցնիլ գործնական աշխատանքներու։ Գործի գլուխն անցած հաստատութիւններէն գլխաւորներն էին՝ Ազգերու Լիկայի գաղթականներու յանձնակատարութիւնը (High Commissory), ֆրանսական հոգատար իշխանութիւնները, Սուրիոյ եւ Լիբանանի պետութիւնները, Միջազգային Կարմիր խաչը եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը։
Բնակեցումի ծրագիրին կարեւորագոյն հատուածը կը կայանար Պէյրութի եւ Հալէպի մէջ կառուցել հայկական նոր թաղամասեր, ուր պիտի փոխադրուէին գաղթակայաններու հայութիւնը։ Այս ծրագիրը գործադրութեան կը դրուի 1920-ականներու վերջին տարիներէն սկսեալ։ Գործնական աշխատանքներուն իրենց աշխուժ մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ հայկական զանազան հայրենակցական միութիւններ, որոնք իրենց միջազգային ցանցերը գործածելով կը յաջողին կարեւոր նուիրատւութիւններ ձեռք բերել այս ծրագիրին իրագործումին համար։
Բնակեցումի ծրագիրին մաս կը կազմէր նաեւ – թէեւ նուազ կարեւոր տարողութեամբ - Սուրիոյ մէջ հայկական գիւղական համայնքներու ստեղծումը։
Հայաբնակ գիւղերու հիմնումը ֆրանսական հոգատարութեան տակ գտնուող Սուրիոյ տարածքին
Անտիոքի շրջանին մէջ արդէն իսկ հինէն գոյութիւն ունէին հայաբնակ բնակավայրեր, ինչպէս Մուսա Լեռի գիւղերը, Պէյլան եւ Քիրիքխան աւանները եւ ուրիշներ։ Այնպէս որ, Անտիոքը յարմար վայր մը կը նկատուի գիւղական նոր համայնքներ ստեղծելու դիտանկիւնէն, նոյն ժամանակ ալ այլ գաղթականներ կը բնակեցուին նոյնինքն Պէյլան եւ Քիրիքխան երկրագործական աւաններուն մէջ։
Գետնի վրայ, այս գործերուն համակարգողն էր զուիցերիացի Ժորժ Պիւրնիէ, որ Ազգերու Լիկայի ներկայացուցիչն էր Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, ինչպէս նաեւ նոյն Ազգերու Լիկայի գաղթականներու յանձնակատարութեան ընդհանուր քարտուղարը։ Վերջին այս հաստատութիւնը կը ղեկավարուէր Ֆրիտթեօֆ Նանսէնի կողմէ. 1930-էն սկսեալ՝ նորվեկիացի մարդասիրական այս գործիչին մահէն ետք, իր յիշատակը յարգելու համար՝ Ազգերու Լիկայի գաղթականներու յանձնակատարութիւնը կը սկսի կոչուիլ Նանսէնի գրասենեակ (Nansen Office)։ Պիւրնիէ շատ արագ ֆրանսական հոգատար իշխանութիւններուն վստահութիւնը կը շահի եւ գետնի վրայ կը դառնայ բնակեցումի այս ծրագիրին գլխաւոր դէմքը։ Անտիոքի շրջանին մէջ ան իր կարգին ունէր իր վստահուած անձը, որ Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ երեսփոխան ընտրուած մուսալեռցի Մովսէս Տէր Գալուստեանն էր։
Անտիոքի շրջանին մէջ գիւղական համայնքներուն ստեղծումը առաջին իսկ օրէն կը բախի բազմաթիւ դժուարութիւններու։ Անոնցմէ կը նշուին կլիմայական խիստ պայմանները, մալարիան (յատկապէս Ամուքի հովիտին մէջ) եւ այլ համաճարակներ, ինչպէս նաեւ միջազգային տնտեսական տագնապը։ Այս բոլորը պատճառ կ՚ըլլան որ առաջին իսկ տարիներէն նորահաստատ գիւղացիները տնտեսական ծանրակշիռ տագնապներ դիմագրաւեն։ Այս պայմաններուն տակ, շատ մը գիւղացիներ երկար չեն մնար իրենց նոր բնակավայրին մէջ եւ կը հեռանան հոնկէ։
Հոս կը ներկայացնենք Անտիոքի շրջանին մէջ 1920-ական թուականներու վերջերէն սկսեալ հիմնուած հայկական գիւղական համայնքներուն ցանկը եւ հակիրճ տեղեկութիւններ անոնց մասին.
Ապտալ Հույուք/Իւչթէփէ.- Հայկական աղբիւրներու մէջ կը յիշուի նաեւ Վարդաշէն անունով։ Գիւղական այս համայնքը հիմնուած է 1928-ին, կը գտնուի Հալէպի եւ Անտիոքի միջեւ։ Ֆրանսական աղբիւրներուն մէջ կը նշուի, որ գտնուած է Pré Militaire (զինուորական դաշտ) անունով ծանօթ վայրին մէջ։ Օսմանեան տարիներուն, կայսերական բանակը հոս կը պահէր երկու հեծելաւոր գունդ։ Հայերով բնակեցումէն ետք, գիւղին մէջ գործած է դպրոց մը, իսկ NEFը ունեցած է դարմանատուն մը։
Հայաշէն/Ճումհուրիէթ.- Կարգ մը աղբիւրներու մէջ ծանօթ է նաեւ Ասկէր Չայիր, Հայկաշէն եւ Նորշէն անուններով։ Հիմնուած է 1928-ին, նոյնպէս Pré Militaire անունով ծանօթ տարածքին մէջ։ Օսմանեան ժամանակաշրջանին, հոս տեղադրուած են չէրքէզ գաղթականներ, որոնցմէ շատեր մալարիայի հետեւանքով մահացած են եւ գիւղը ամայացած է։ Հայերու հոս բնակեցումին ժամանակ, մալարիայի վտանգը տակաւին մեծապէս առկայ էր։ Այնպէս որ ճիգեր կ՚ըլլան ճահիճները չորցնելու, կը տնկուին եւկալիպտոսի ծառեր, իսկ NEFի առողջապահական խումբը յաճախակի այցելութիւններ կը կատարէ։ Գիւղին մէջ կը գործէր վարժարան մը, իսկ NEFը ունէր դարմանատուն մը։ Գաղթականներէն շատեր Խարբերդի գիւղերէն էին։
Սողուք Սու/Քուրթլուսօղուքսու.- Հայկական աղբիւրներուն մէջ կը յիշատակուի Սովուք Սու անունով։ Հիմնուած է 1928-ին, կը գտնուի Իսքէնտէրունի հարաւը եւ Քիրիքխանի արեւմուտքը՝ Ամուքի դաշտին մէջ։ Հոս հաստատուած էին առաւելաբար Տէօրթեօլէն հայեր։ Այստեղի գաղթականներուն յատուկ հոգ կը տանէր բրիտանական Friends of Armenia կազմակերպութիւնը։ Գիւղին մէջ կը գործէր դպրոց մը։ Բժշկական խնամք մատուցելու համար այս գիւղը հերթաբար կ՚այցելէր ֆրանսական Կարմիր Խաչի խումբ մը։ Հալէպ ապրող բազմաթիւ հայեր այս գիւղին մէջ ունէին իրենց ամառամոցները։ Ամառները հոս հանգստանալու կու գար նաեւ Հալէպ ապրող դանիացի միսիոնար Քարէն Եփփէ։
Նարկիզլիք/Նէրկիզլիք.- Կը գտնուի Իսքէնտէրունի հարաւը՝ Ամուքի դաշտին մէջ։ Հոս գործած է հայկական վարժարան մը։
Սօղուքօլուք/Կիւզէլեայլա.- Հայկական աղբիւրներուն մէջ կը յիշատակուի Սովուք Օլուք անունով։ Կը գտնուի Իսքէնտերունի հարաւը՝ Ամուքի դաշտին մէջ։ Հոս գործած է հայկական վարժարան մը։ Սօղուք Սուի նման՝ Հալէպի հայերուն համար սիրուած ամառանոց մըն էր, ուր ամէն ամառ բազմաթիւ ընտանիքներ կու գային հոս։
Նոր Զէյթուն.- Այս գիւղին անունը կը յիշատակուի նաեւ իբրեւ Էքիզ Քէօփրիւ։ Կը գտնուէր Մուսա Լեռի գիւղերուն շատ մօտիկ, Պիթիաս գիւղին հիւսիսը։ Ներկայ անունը անծանօթ է։ «Նոր Զէյթուն»ը պարզապէս անոր տրուած նոր անունն էր, նկատի ունենալով որ հոս կը հաստատուին Զէյթունէն գաղթական հայեր։ Հիմնուած է 1927-ին։ Բժշկական խնամքի համար այս գիւղը հերթաբար կ՚այցելէր ֆրանսական Կարմիր Խաչի խումբ մը։ Հոս կը գործէր դպրոց մը։
Պէյ Սէքի/Կէօզճիւլէր.- Հիմնուած է 1930-ին, ծովեզերեայ Արսուզ քաղաքին մօտիկ։
Անտիոքէն դուրս, Ազգերու Լիկայի նախաձեռնութեամբ 1929-ին կը հիմնուի նաեւ մէկ այլ գիւղական համայնք մը հայ գաղթականներու համար։ Գիւղը կը կոչուէր Մուշաշէն (ներկայիս Մուշաշին) եւ կը գտնուէր Սուրիոյ Մասեաֆի շրջանին մէջ՝ Համա քաղաքին արեւմուտքը։ Արդեօ՞ք անոր բնակիչները մեծ մասամբ Մուշի գիւղերէն էին եւ այս պատճառով ալ գիւղը այս անունը կրած է։ Հարցումին պատասխան չենք գտած։ Գիւղին մէջ կը գործէր NEFի դարմանատուն մը եւ գոյութիւն ունէր Լուսինեան վարժարանը։
Սուրիոյ տարածքին 1920-ական թուականներէն սկսեալ ստեղծուած են նաեւ այլ գիւղական համայնքներ, որոնցմէ ամէնէն յիշատակելիները նախաձեռնութիւնն են դանիացի միսիոնարուհի Քարէն Եփփէի։ Ան կը վարէր Ազգերու Լիկայի՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Կիներու եւ Աղջիկներու Պաշտպանութեան Յանձնակատարի պաշտօնը։ Գիւղական այս համայնքները կը կառուցուին Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ՝ Եփրատ գետի արեւելեան ափին վրայ՝ Ռաքքա քաղաքին հիւսիսը եւ հիւսիս արեւելքը։ Այս գիւղերուն կառուցումը չառնչուիր Ազգերու Լիկայի նախաձեռնութեան։ 1930-ական թուականներուն հայկական գիւղական այլ համայնքներ ալ կը ստեղծուին Քամըշլիի եւ Հասաքէի շրջաններուն մէջ։
NER-ի խումբին պատկանող լուսանկարներու հաւաքածոյին մասին. մարդասիրութիւն եւ օրիանթալիզմ
Ինչպէս տեսանք, Անտիոքի գիւղական նորահաստատ երկրագործական համայնքները առաջին իսկ պահէն կը դիմագրաւեն առողջապահական խնդիրներ, որոնցմէ գլխաւորը մալարիայի համաճարակն էր։ 1929-էն սկսեալ, այս գիւղերը յաճախակի այցելութիւններ կու տան NEFի եւ ֆրանսական Կարմիր Խաչի բժշկական շրջուն առաքելութիւնները։ Բացի բժշկական սովորական քննութիւններէն եւ խնամքներէն, անոնք բնակիչներուն կը բաժնէին քինին եւ մժեղարգել ցանցեր, ինչպէս նաեւ կ՚օգնէին ճահիճներու չորացումին։ Ասոնք բոլորը միջոցներ էին մալարիայի համաճարակին դէմ դնելու։
Յայտնի չէ այս հաւաքածոյին լուսանկարներուն հեղինակը։ Վստահաբար NEFի խումբին մաս կազմող լուսանկարչական մեքենայ ունեցող անձ մըն է, որ զանազան առիթներով առած է 92 այս պատկերները։ Անծանօթ է նաեւ այս լուսանկարներուն տակ մեքենագրուած մակագիրներուն հեղինակը։ Շատ հաւանական է որ լուսանկարիչը եւ մակագիրներու հեղինակը նոյն անձն է՝ խումբին մաս կազմող ամերիկացի մը։
Ճիշդ է որ այս շրջանները NEFի այցելութեան գլխաւոր նպատակը հայկական նորահաստատ գիւղերուն առողջապահական օգնութիւններ մատակարարելն էր, բայց եւ այնպէս անոնք այս առիթը գործածած են եւ նոյն նպատակով՝ այցելութիւններ տուած մօտակայ ոչ-հայկական գիւղեր։ Այսպէս ալ կը վկայեն լուսանկարները, ուր կը տեսնենք NEFի բեռնակառքը Ճուպ Ռամլա գիւղին մէջ։ Մեքենան շրջապատուած է գիւղացիներով, որոնք բժշկական խնամք կը ստանան։ Ընդամէնը այցելած են ութ գիւղեր՝ հայաբնակ կամ ոչ։ Այս այցելութիւնները առիթ են նաեւ, որ NEFի լուսանկարիչը պատկերներ առնէ նաեւ այս ոչ-հայաբնակ գիւղերէն։
Հաւաքածոյին պատկերները ընդհանրապէս առօրեայ կեանքի տեսարաններ են, որոնք որոշ գաղափար մը կրնան տալ թէ ի՞նչ էր կեանքը գիւղական այս համայնքներուն մէջ։ Անասուններու լծուած արօրի ճամբով արտ հերկել, ցորենի խուրձերը կամի միջոցով կամնել, ոչխար եւ այծ արածել, թոնիրով հաց պատրաստել, նոր կառուցուած թոնիր մը գետնին տակ տեղադրել, հորէն ջուր քաշել, երկաթագործին աշխատանքը, քարէ սանդի մէջ ցորենի հատիկները ծեծել ու մանրել, գիւղի բացօթեայ շուկան, գիւղի բացօթեայ սափրիչը։ Լուսանկարիչը փորձած է նաեւ անմահացնել գիւղական զուարթ պահեր, ինչպէս երեխաներուն կամ պատանիներու խաղն ու պարը, գիւղական երաժիշտներու նուագելու տեսարանը, ընտանեկան խաղաղ եւ գողտրիկ պահերը, դպրոցական կեանքը։
Հալէպ։ Երկու անձերն ալ Մինաս կը կոչուին։ Փոքրիկ Մինասը որբ մըն է, որ 1930-ին հոգացուած է NEFի կողմէ, երեք ամիս մնացած է օրիորդ Սլաքի տան մէջ, ապա մեկնած է Միացեալ Նահանգներ՝ իր հօրեղբօր/մօրեղբօր քով (0170be00026, 0170be00075, շնորհակալութիւններ AIFին)։
Լուսանկարներուն մէջ կարեւոր բաժին մը կը գրաւէ ուղղակի NEFի աշխատանքը այս վայրերուն մէջ։ Կը տեսնենք օրինակ խումբին անդամներուն կողմէ շաքարի ձեւի տակ քինինի բաժանումը տեղւոյն երեխաներուն, աչքի թրաքոմա հիւանդութեան քննութիւնը, դեղ, խնամք եւ այլ օգնութիւն պարունակող NEFի բեռնակառքը, որ շրջապատուած է գիւղացիներով, օրիորդ Սլաքի տուներ այցելութիւնները, աշակերտներու հետ գիւղին մէջ ծառ տնկելու պահը, NEFի նախաձեռնութեամբ եւ մալարիայի դէմ պայքարի ծրագիրին մաս կազմող ճահիճներու չորացումը, NEFի տեղական կեդրոնը։ Լուսանկարի մը մակագիրէն (0170be00024) կ՚իմանանք նաեւ, որ NEFի խումբը պատկերներու ճամբով դասախօսութիւններ ալ կը ներկայացնէր գիւղացիներուն՝ մալարիայի դէմ պայքարին կարեւորութեան եւ միջոցներուն մասին։
Ասոնց կողքին կան նաեւ NEFի անձնակազմին աւելի անպաշտօն պատկերներ, ինչպէս օրինակ դաշտին մէջ կամ գիւղի մօտակայ ժայռերու վրայ նստած ուտելու պահեր։ Այս պատկերներուն ճամբով կ՚իմանանք NEF-ի խումբին կարգ մը անդամներուն ինքնութիւնը։ Ամէնէն շատ երեւցող անձը Օրիորդ Աննի Սլաք-ն է, որ ամերիկացի հիւանդապահուհի մըն է եւ շատ հաւանական է որ շրջուն այս խումբին ղեկավարն էր։ Այն ատեն կ՚ապրէր Հալէպի մէջ, ուր կը գործէր NEFի կեդրոնը։ Գիտենք որ այս այցելութիւններուն ընթացքին իբրեւ օգնական ունեցած է հինգ այլ հիւանդապահուհիներ, որոնցմէ երեքը նախկին հայ որբուհիներ էին։ Օրիորդ Սլաքի գլխաւորած խումբին պատկերներուն մէջ կ՚երեւին նաեւ այլ անձեր, որոնց ինքնութիւնը նշուած է մակագիրներուն մէջ։ Այսպէս, կ՚երեւի Տոքթ. Յակոբ Գասապեան, որ հաւանաբար խումբին միակ բժիշկն է։ Կը նշուի Վարդուհի անունով կնոջ մը անունը. զինք կը տեսնենք դեղ բաժնելու ընթացքին եւ հաւանաբար Սլաքին օգնական նախկին որբուհի հիւանդապահուհիներէն մէկն է։ Մէկ պատկերի մէջ կը տեսնենք Ժորժ Պիւրնիէն, որ ինչպէս տեսանք հայերու բնակեցումի այս գործերը համակարգող Ազգերու Լիկայի ներկայացուցիչն էր։
Ենի Շէհիր, Անտիոքի շրջան։ Գիւղի բնակիչներ ֆութպօլ կը խաղան։ Պատկերին տակ գրուած է՝ “International program – village men playing ball – taught by NEF” (0170be00076, 0170be00077, շնորհակալութիւններ AIFին)։
Պարզ կ՚երեւի որ լուսանկարիչը հմայուած է նաեւ տեղական «տարօրինակութիւններ»էն։ Կը տեսնենք ուղտի քարաւաններ, պետեւիական տարազով գիւղացիներ, գիւղատնտեսական աւանդական գործիքներ, աւանդական ոճի փեթակաձեւ հողաշէն տուներ, երաժշտական արեւելեան գործիքներ, եւայլն։ Իսկ երբ ուշադրութեամբ կը կարդանք պատկերներուն մեքենագրուած մակագիրները, նկատելի է որ զանազան երեւոյթներու նկատմամբ NEFի ամերիկացի (շատ հաւանաբար) աշխատակիցը «քաղաքակիրթ» արեւմուտքցիի մը ակնոցով կը դիտէ Արեւելքի «յետամնացութիւնը» եւ չնաշխարհիկ կեանքը։ Երբ կը տեսնէ, որ արաբական գիւղ մը կը գտնուի հռոմէական հնութիւններով հարուստ վայրի մը մէջ, հեղինակին առաջին մտածումը չի կայանար ըսելու որ այս գիւղը հաւանաբար պատմութեան ամէնէն հին ժամանակներէն ալ այս վայրին մէջ գտնուած է, այլ աւելի յարմար կը գտնէ դատողութիւն մը ընել տեղի բնակիչներուն մշակութային գիտելիքներուն վրայ եւ գրել թէ տեղացիներուն համար «Առօրեայ հարցերը աւելի գերակշիռ են քան հին պատմութիւնը, որուն նկատմամբ տգէտ են եւ անտարբեր» (0170be00018)։
Սիչանլի/Սըչանլը, Անտիոքի շրջան։ NEF-ի խումբի անդամներ կը խնամեն տեղացի բնակիչներ (0170be00078, 0170be00079, շնորհակալութիւններ AIFին)։
Մակագիրներուն հեղինակը նոյնքան համոզուած է, որ իրենց առաքելութիւնը պարզ մարդասիրականէն անդին է եւ անիկա կ՚ընդգրկէ նաեւ այս «յետամնաց» վայրերուն մէջ լուսաւորութիւն եւ քաղաքակրթութիւն բերելու երեսը։ Այս մօտեցումը շեշտուած կը տեսնենք, երբ հեղինակը գովաբանելով իրենց գործունէութիւնը՝ դիտել կու տայ որ յաջողած են կոտրել տեղական վաղեմի սովորութիւնները՝ ցոյց տալով առողջապահական աւելի լաւ ձեւեր. «նոյնիսկ պետեւի մայրեր սկսած են լոգցնել իրենց երեխաները» (0170be00022)։ Փրկարարի եւ քաղաքակրթողի այս մտայնութիւնը տեղ կը գտնէ նաեւ այլ մակագիրի մը մէջ, ուր կը տեսնենք մայր մը եւ իր երեխան։ Երեխան պարզ հագուստներ հագուած է, իսկ մակագիրին մէջ կը կարդանք որ ան նախապէս խանձարուրի մէջ եղած է – ինչ որ մինչեւ այսօր ալ զանազան վայրերու մէջ ընդունուած ձեւ է նորածինը պահելու -։ Հոս, հեղինակը դիտել կու տայ, որ NEFի անդամները պարզապէս երեխային կեանքը փրկած են, երբ մօրը համոզած են հրաժարելու խանձարուրէն (0170be00057)։ Այս մօտեցումը նոյնիսկ երգիծական հանգամանք կ՚առնէ, երբ Ենիշէհիր գիւղին մէջ երիտասարդներ ֆութպօլ խաղալու լուսանկարին տակ գրուած է, թէ այս խաղը գիւղացիները սորված են NEFի խումբին կողմէ։
Այս էջի NEFի հաւաքածոյին լուսանկարներուն մեծ մասը կը ներկայացուին առանց իրենց բնագիր մակագիրներուն։ Բացառութիւնները այն մակագիրներն են, որոնց ընդմէջէն յստակօրէն կ՚արտայայտուին հեղինակին մտայնութիւնն ու մօտեցումը NEFի առաքելութեան, տեղական պայմաններուն եւ տեղական բնակիչներուն մասին։ Այս բացառութիւնները պատմական արժէք կը ներկայացնեն եւ զանոնք կը վերարտադրենք բնագիր անգլերէնով։ «Նիկոլ Պէզճեան» հաւաքածոյին բնատիպ մակագիրները ամբողջութեամբ տեսնելու համար կրնաք այցելել Arab Image Foundationի կայքէջը։
«AIF/NEF-Նիկոլ Պէզճեան» հաւաքածոյին չպատկանող քանի մը պատմական պատկեր
Այս բաժինի պատկերները մաս չեն կազմեր NEFի հաւաքածոյին, բայց նկատի ունենալով անոնց պատմական արժէքը՝ կը ներկայացնենք այս էջով։
Լուսանկարներ
- 0170be - «Նիկոլ Պէզճեան» հաւաքածոյ, շնորհակալութիւններ Arab Image Foundationին, Պէյրութ։
Մատենագիտութիւն
- Michel Paboudjian, « Les Arméniens du Sandjak : du génocide à l’exode », R. Kévorkian, L. Nordiguian, V. Tachjian, Les Arméniens, 1917-1939 : La quête d’un refuge, Presses de l’Université Saint-Joseph, Beyrouth, 2006, pp. 146-183.
- T.H. Greenshields, The Settlement of Armenian Refugees in Syria and Lebanon, 1915-1939, PhD thesis, University of Durham (Great Britain), 1978.
- Vahé Tachjian, « Des camps de réfugiés aux quartiers urbains : processus et enjeux », R. Kévorkian, L. Nordiguian, V. Tachjian, Les Arméniens, 1917-1939 : La quête d’un refuge, Presses de l’Université Saint-Joseph, Beyrouth, 2006, pp.112-145.
- Յակոբ Չոլաքեան, Քարէն Եփփէ Հայ գողգոթային եւ վերածնունդին հետ, տպ. «Արեւելք», Հալէպ, 2001:
- Յակոբ Չոլաքեան, «Հայ վերապրողներու տեղաբաշխումը եւ կրթական գործի կազմակերպումն ու դպրոցները Սուրիոյ մէջ (1918-1946), Սուրիոյ հայերը, խմբագիր՝ Անդրանիկ Տագէսեան, Հայկազեան համալսարան/Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոն, Պէյրութ, 2018։
- https://nisanyanmap.com
- ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի լուսանկարներու արխիւ, Փարիզ։