Չոքկարեան ընտանիքը, Կիւրին, 1902-ի շուրջ (լուսանկարէն հատուած մը, ընդհանուրը տեսնել ստորեւ)։

Չոքկարեան հաւաքածոյ - Երեւան

Լուսանկարներու այս հաւաքածոն կը պատկանի Կիւրինէն (Կիւրիւն) Չոքկարեան ընտանիքին։ Ընտանիքին նախնիներէն ծանօթ են Չոքկարեան չորս եղբայրները՝ Սեդրակը, Գաբրիէլը, Միսաքը եւ Յաբէթ։ 1828-ի Կիւրինի եկեղեցական տոմարներուն մէջ կարելի է գտնել Մահտեսի Գաբրիէլ Չոքկարի մը անունը, որ վստահաբար ընտանիքի նախահայրերէն է։ Վերջին այս տեղեկութիւնը հրատարակուած է Մխիթարեան ուխտի անդամ Սահակ վրդ. Ճեմճէմեանի մէկ աշխատանքին մէջ (Կիւրինի յուշեր, թիւ 7, 1980, Նիւ Ճըրսի, էջ 88)։

Չոքկարեան ընտանիքը կը զբաղէր շալի արտադրութեամբ եւ վաճառականութեամբ։ Շալագործութիւնը Կիւրինի մէջ յայտնի արհեստ մըն էր, իսկ արտադրութիւններն ալ կ՚արտածուէին քաղաքէն դուրս այլ վայրեր։ Գիտենք որ Սեդրակ եւ Գաբրիէլ շարունակած են ապրիլ Կիւրինի մէջ եւ քաղաքի երեւելի հայերէն էին, մինչ Միսաքը յետագային հաստատուած է Կեսարիա/Քայսերիի մէջ, իսկ Յաբէթն ալ՝ Գոնիա։

Սեդրակ կ՚ամուսնանայ Պայծառի հետ եւ կ՚ունենան երեք զաւակներ՝ Ռուբէն, Վարդուհի, Մարի։ Գաբրիէլ կ՚ամուսնանայ Ճուհարի հետ եւ կ՚ունենան հինգ զաւակներ՝ Թորոս, Յարութիւն, Զմրուխտ, Արմենուհի, Սառա։ Միսաք կ՚ամուսնանայ Սանդուխտի հետ եւ կ՚ունենան վեց զաւակներ՝ Իւղաբեր, Միհրան, Հայկազ, Հայկուհի, Արաքսի, Օննիկ։ Յաբէթը, որ կ՚ապրէր Գոնիա, կ՚ամուսնանայ Հայկանուշ Մուղալեանի հետ եւ կ՚ունենան չորս զաւակներ՝ Վարդուհի, Վերժին, Աւետիս եւ Վահրամ։ Աւետիս կը մահանայ ու կը թաղուի Հայլէպ իսկ ընտանիքի միւս անդամները իրենց ճամբան կը շարունակեն եւ կը հաստատուին Լիբանան։

Միսաքի պարագային գիտենք որ իր գլխաւորած շալագործութեան եւ անոր վաճառականութեան ընկերութիւնը մեծ ծաւալ ստացած էր։ Միսաք հաստատուած էր Կեսարիա, իսկ ընկերութիւնը մասնաճիւղեր ունէր նաեւ Ատանա, Գոնիա եւ Հալէպ [1]։

Այստեղ պիտի կեդրոնանանք Գաբրիէլի եւ Ճուհարի որդի Յարութիւնին վրայ։ Ան ծնած է 1892-ին եւ կ՚ամուսնանայ Գարենձային հետ ծնեալ 1897-ին։ Անոնք կ՚ունենան չորս զաւակներ՝ Թորոս (ծն. 1919-ին), Վերժին (ծն. 1921-ին), Սեդա (ծն. 1938-ին), եւ Զմրուխտ (ծն. 1926-ին, կը մահանայ երկու տարեկան հասակին հարսանեթէ (կարմրուկ) վարակուելէ ետք։

Այս նիւթերը մեզի յանձնողը եւ ընտանիքին պատմութիւնը մեզի պատմողը Յարութիւնի եւ Գարենձայի դուստրը՝ Սեդա Թոմպալեանն է (ծնեալ Չոքկարիան) որ ծնած է Հալէպ եւ ապրած է այս քաղաքին մէջ։ Սեդա ամուսնացած էր նոյնպէս Կիւրինցի Թոմպալեանի (նաեւ՝ Թումպալեան, Թիւմպալեան) հետ։ Միայն վերջերս ան տեղափոխուած է Երեւան, ուր կը գտնուին նաեւ այս լուսանկարները։

Չոքկարեան ընտանիքը, Կիւրին, 1902-ի շուրջ։

Ոտքի, ձախէն աջ՝ Ռուբէն, Յարութիւն, Թորոս, Միհրան, Իւղաբեր, Հայկազ։ Կեդրոնի շարք, ձախէն աջ՝ Պայծառ, Սեդրակ, Ճուհար, Գաբրիէլ, Սանդուխտ, Միսաք, Արաքսի (կանգնած եւ Միսաքին ձեռքերուն մէջ առնուած), Հայկուհի։ Առջեւի շարք, նստած ձախէն աջ՝ Մարի, Վարդուհի, Սառա, Արմենուհի, Զմրուխտ, Օննիկ։

Սոյն լուսանկարին առիթը Միսաքին եւ անոր ընտանիքին այցելութիւնն է Կիւրին։ Միսաք այդ տարիներուն արդէն հաստատուած էր Կեսարիա/Քայսերիի մէջ։

Միսաքի զաւակներէն երկուքը կնքուած են Կեսարիոյ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ 1902-ի եւ 1915​-ի միջեւ։ Առաջին մկրտուողը Արաքսին է. տոմարին մէջ կը գտնենք իր կնունքի արձանագրութեան պատճէնը։ Արաքսի մկրտուած է ապրիլ 3, 1903-ին, ան կիւրինցի Միսաք Չոքկարեանի դուստրն է, կնքահօր անուն՝ Մինաս էֆէնտի Մինասեան, մկրտող քահանայի անուն՝ Տէր Բենիամին։

​Մկրտութեան երկրորդ արձանագրութիւնը Նարդուհիի կնունքն է՝ մարտ 1, 1907։ Ան դուստրն է ​կիւրինցի Միսաք աղա Չոքկարեանի, կնքահօր անուն՝ Մինաս աղա Մինասեան, մկրտող քահանայի անուն՝ Տէր Բենիամին։

Կայ նաեւ ​մկրտութեան երկրորդ արձանագրութիւն մը, որ այս անգամ Հալէպէն է. Թորոս (ծն. 10 դեկտեմբեր 1918), Վերժին (ծն. 14 փետրուար 1920), եւ Էլմաստ (ծն. 8 օգոստոս 1926), երեքն ալ նոյն օրը կնքուած են Հալէպի մէջ՝ 5 դեկտեմբեր 1926-ին։ Կնքահօր անունն է Սուրէն Չոքկարեան, իսկ մկրտող քահանայի անունը՝ Տէր Գրիգոր Խաչատուրեան։ Ծնողներուն անուններն են «Յարութիւն Չոքկարեան (վաճառական)» եւ «Գարենձա»։

Օսմանեան բանակին մէջ ծառայող զինուորներու խմբանկար։ Ոտքի, աջէն առաջինը Թորոս Չոքկարեանն է, որ Գաբրիէլի եւ Ճուհարի որդին է։ Հոս զինք կը տեսնենք զինուորական համազգեստով։ Լուսանկարուած է շատ հաւանաբար Կիւրինի մէջ 1910-ական թուականներուն եւ կ՚ենթադրենք որ խմբանկարին միւս անձերն ալ հայեր են։

Սառայի թաղումը Սեբաստիա/Սիվասի մէջ, 1910-ական թուականներուն։ Սառան Գաբրիէլ եւ Ճուհար Չոքկարեանի դուստրն էր։ Կիւրինէն Սեբաստիա հարս կ՚երթայ եւ հոն ալ կը մահանայ։ Դագաղին ետեւ նստած սեւազգեստ կիներուն շարքին կը տեսնենք Ճուհարը՝ հանգուցեալին մայրը։ Ան իր ձեռքերուն մէջ բռնած է փոքրիկ մը, որ Սառային զաւակն է։ Անոնց անմիջապէս ետեւը շեղակի դէպի աջ նստած է Գաբրիէլը։ Ետեւը ծաղկեպսակներուն վրայ հայերէն գրուած է «Աղքատախնամ» (ձախին) եւ «Հիւանդանոց» (աջին)։

1) Հալէպ, 1927. Վերժին (աջին) եւ իր փոքր քոյրը՝ Զմրուխտ (ձախին), որ ծնած էր 1926-ին եւ կը մահանայ երկու տարեկանին հարսանեթէ (կարմրուկ) վարակուելէ ետք։

2) Հալէպ, 1925. Թորոս (ձախին) եւ Վերժին Չոքկարեան։ Լուսանկարուած է Թորոսին մանկապարտէզի վկայական առնելու առիթով։ Գիտենք որ 1925-ին Յարութիւն եւ Գարենձա Չոքկարեանի ընտանիքը կը հաստատուի Հալէպ։
Աւելի ուշ Թորոս յաճախ Հալէպէն գործով կ՚երթար Իսքէնտէրուն (ներկայիս Թուրքիա, բայց այդ ժամանակ մաս կը կազմէր Սուրիոյ)։ 1930-ականներու կէսերուն, այսպիսի գործուղումի մը ատեն, երեք ընկերներով Ասի (Որոնդէս) գետը կը մտնեն լողալու։ Թորոս խեղդամահ կ՚ըլլայ, երբ տակաւին 17 տարեկան էր։ Այս դժբախտութենէն քանի մը տարի ետք, 1938-ին, կը ծնի Սեդան։

3) 1928, Պուէնոս Այրէս։ Այս երկու փոքրիկները Սեդրակ եւ Պայծառ Չոքկարեանի որդի Ռուբէնին թոռնիկներն են։ Անոնց հօր անունը Շմավոն Չոքկարեան է։

Թորոս Չոքկարեանի (1918-1936) դամբանաքարը Հալէպի հայոց գերեզմանատան մէջ։ Արձանագրութիւնը կը պատկանի այդ օրերու Հալէպի հայոց Առաջնորդ Արտաւազդ Արք. Սիւրմէյեանի։ Գրուած է՝

Թորոս Չօգկարեան
Ձմրան մէջ ծնած դու գարնան ծաղիկ,
Գարուն էր արդէն երբ թռար երկինք,
Որոնդէսն եղաւ առաջին դամբանդ,
Ու այժըմ հոս է քու ցուրտ տապանդ,
Որուն տակ դըրինք մենք քու ծնողքըդ,
Մեր բոլոր յոյսը ու քու ալ սէրըդ։
Ծն. Կիւրին, 22 Դեկտ. 1918-ին
Մռ. յՈրոնդէս, 11 Մայիս 1936-ին։

(Լուսանկարի աղբիւր՝ Րաֆֆի Քորթոշյան, Հալեպի արձանագրությունները, ՀՃՈՒ հրատարակչութիւն, Երեւան, 2013)

Լուսանկարուած է 1922-ի շուրջ, հաւանաբար Կիւրին։ Ձախէն աջ՝ Գարենձա, Վերժին (փոքրիկ աղջիկը մօրը ոտքին յենած, ծն. 1921-ին), Սիրարփի, Թորոս (ծն. 1919-ին)։ Վերժինն ու Թորոսը Գարենձայի եւ Յարութիւնի զաւակներն են։ Մինչ Սիրարփին, Յարութիւն Չոքկարեանի քրոջ՝ Զմրուխտին դուստրն է։

Յետ-Ցեղասպանութեան պատկեր է. նախորդող տարիներուն Չոքկարեան ընտանիքը Կիւրինի բոլոր հայերուն նման ապրեցաւ ջարդերու, տեղահանութեան, առեւանգումներու արհաւիրքը։ Սիրարփին եւ Գարենձան վերապրողներ են։ Սիրարփիին մասին կը պատմուի որ պատերազմի տարիներուն թուրքի մը հետ պարտադիր ամուսնացած էր։ Յետագային Յարութիւնն ու Գարենձան զինք կ՚առնեն իրենց ընտանեկան յարկին տակ։

Ցեղասպանութեան տարիներուն Յարութիւն կը ձերբակալուի եւ սպանութիւնը կը սպառնար իրեն։ Բայց բանտէն կը յաջողի փախուստ տալ եւ պատերազմի ամբողջ տարիները թաքուն կ՚ապրի Սեբաստիոյ մէջ։ Զինադադարէն ետք կը վերադառնայ Կիւրին, ուր հաւանաբար ընտանիքին վերապրող անդամներն ալ հաւաքուած էին։ 1921-ին կը զինուորագրուի Մուսթաֆա Քեմալի թրքական բանակին մէջ եւ կը ծառայէ մօտաւորապէս չորս տարի։ 1925-ին կ՚անցնի Հալէպ։ Կ՚ենթադրուի որ այդ ժամանակ Գարենձան եւ զաւակները տակաւին կը մնային Կիւրին։ Բայց նոյն տարին իսկ անոնք եւս կը հասնին Հալէպ եւ նոր կեանք մը կ՚առնէ սուրիական այս քաղաքին մէջ։

Հայ ընտանիք մը, ինքնութիւնները անյայտ, հաւանաբար Կիւրինի մէջ։ Սոյն լուսանկարը մաս կը կազմէ Չոքկարեան ընտանիքի հաւաքածոյին։ Հաւանաբար ազգականներ են կամ բարեկամ ընտանիք մը։

Կիւրինի նշանաւոր շալէն օրինակ մը (66 սմ × 90 սմ)։

Զայն գործողը Մանուէլ Աֆարեանն է (ծննդեան թուականը անյայտ, մահացած է 1962-ին), որ ծնած է Կիւրին, ուր կը զբաղէր շալագործութեան արհեստով։ Յետագային փոխադրուած է Ատանա, ուր նոյն արհեստը կիրառած է։ Առաջին համաշխարհային պատերազմին աւարտէն ետք Մանուէլ Աֆարեան նախ կը հաստատուի Դամասկոս, իսկ յետագային, 1930-ական թուականներուն, ընտանիքով կը փոխադրուին Լիբանան՝ Քարանթինայի ծովեզերեայ շրջանը։ Վերջապէս, 1960-ականներուն, բնակութիւն կը հաստատեն Պուրճ Համուտի հայկական թաղամասը։ Երկար տարիներ սոյն շալը պահուած է Լիբանան, Աֆարեան ընտանիքին քով։ Ներկայիս անիկա մաս կը կազմէ Յուշամատեանի հաւաքածոյին։

Նահր Իպրահիմի (Լիբանան) Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց ամերիկեան ընկերութեան հայ որբերը, 1923։ Վարէն 2-րդ շարք աջէն 4-րդ տղան (առատ սեւ մազերով) Բենիամին Մինասեանն է։ Յետագային ան պիտի ամուսնանար Սեդայի քրոջ՝ Վերժինին հետ։ Գիտենք որ այս որբանոցը կը հիմնուի 1923 թուականին Պէյրութի հիւսիսը, երբ Լիբանան կը հասնին Գոնիայի եւ Կեսարիոյ շրջաններու հայ որբերը։ Որբանոցին ամերիկացի տնօրէնն էր Սթանլի Քերր։ Մօտ հազար որբեր ապաստան գտած էին այստեղ։ Մալարիան աղետալի հետեւանքներ կ՚ունենայ այս հաստատութեան մէջ։ Որբերը կը վարակուին անկէ, անոնցմէ քանի մը տասնեակ կը մահանայ, իսկ մօտ չորս հարիւր որբեր 1924-ին կը փոխադրուին քիչ մը աւելի հիւսիս գտնուող Ժպէյլի ամերիկեան որբանոցը։

  • [1] Միսաք Չոքկարեանի եւ իր դուստրեր՝ Իւղաբեր եւ Նարդուհիի մասին հաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարդալ՝Kredian, Armin. 2004. "A Gurun shawl on a Cairo wall", in Hovannisian, Richard G., Armenian Sebastia / Sivas and Lesser Armenia. Mazda Publishers, էջ 305-322։