Երզնկայի երեւելի ընտանիքներէն էր Սէյիսեան ընտանիքը։ Անոր նախահայրերէն մեզի ծանօթ է Հաճի Յակոբ Սէյիսեանը, որ եազմայի (շղարշ) պատրաստութեան գործարան մը ունէր քաղաքին մէջ։ Չափազանց ընթերցասէր էր. բացի հայերէնէն, կը տիրապետէր նաեւ թրքերէն, պարսկերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներուն։ 1854-1856 տարիներուն, Հաճի Յակոբը իբրեւ օսմանեան բանակի կամաւոր կը մասնակցի Խրիմի պատերազմին, որ իրարու դէմ կը հանէր մէկ կողմէ Ցարական Ռուսիան, միւս կողմէ Օսմանեան կայսրութիւնը եւ իր դաշնակիցները, որոնց շարքին Մեծն Բրիտանիան։ Խրիմի մէջ, բրիտանացի զինուորականներու հետ գործակցելով է, որ Հաճի Յակոբ կը սորվի անգլերէն։ Կը նշուի որ Հաճի Յակոբ ուղղակի մասնակցած է Սեւաստոպոլի յայտնի կռիւներուն։
Հաճի Յակոբ իբրեւ ուխտաւոր այցելած է Երուսաղէմ, այս պատճառով ալ ան իր անունին առջեւ կը կրէ «հաճի» տիտղոսը։ Հաճի Յակոբ եւ իր կինը՝ Մարին (ծնեալ Գազանճեան), ունէին երկու դուստր եւ չորս որդի։ Դուստրերն էին՝ Սրբուհի (հետագային Քիւրքճեան) եւ Շողակաթ (հետագային Թերզեան)։ Որդիներն էին՝ Պօղոս, Խաչիկ, Նորայր եւ Յովհաննէս։ Դուստրերէն՝ Սրբուհին կ՚ամուսնանայ Կարապետ Քիւրքճեանի հետ եւ 1903-ին Երզնկան կը ձգեն ու կը հաստատուին Պոլիս։ Շողակաթը կ՚ամուսնանայ Յովսէփ Թերզեանին հետ եւ 1895-ին կը գաղթեն Միացեալ Նահանգներ։ Հաճի Յակոբ կը մահանայ 1913-ին, Երզնկայի մէջ։
Հաճի Յակոբ Սէյիսեանի որդիներէն Խաչիկը ծնած է Երզնկա, 1874-ին։ Իր ուսումը կը ստանայ Երզնկայի Ընկերական վարժարանին մէջ։ 1881-1882 տարեշրջանին, իր ուսուցիչը եղած է հետագային Հնչակեան կուսակցութեան երեւելի դէմքերէն Ժիրայր Պօյաճեանը։ Կը տիրապետէր հայերէն, թրքերէն, ֆրանսերէն, հետագային ալ անգլերէն եւ ռուսերէն լեզուներուն։ 1890-ական թուականներու երկրորդ կէսին, Խաչիկ կը միանայ Սեպուհ լերան լանջերուն գործող Տերսիմի Քեռիին (Ռուբէն Շիշմանեան) դաշնակցական ֆետայական խումբին։ Անոնց հիմնական թաքստոցը Լուսաւորչավանքն էր եւ շրջակայ անտառները։ Խաչիկ այս խումբին մէջ կը գործէր Պարթեւ ծածկանունով։ Հետագային այս անունը պիտի աւելցնէր իր մականունին։ Քանի մը տարի ետք, Խաչիկ կը դադրեցնէ իր ընդյատակեայ կեանքը եւ կը նուիրուի Երզնկայի մէջ կրթական գործին զարգացումին։
Հօր նման, Խաչիկն ալ չափազանց ընթերցասէր էր։ Պոլիսէն կը ստանար ֆրանսերէն թերթեր, ինչպէս նաեւ մանկավարժական եւ արհեստներու վերաբերող գիրքեր։ Այդ օրերուն է, որ Խաչիկ կը նախաձեռնէ Երզնկայի մէջ հանրային գրադարանի մը հիմնումը։ Երզնկայի հայոց Առաջնորդարանի ընդարձակ սենեակներէն մէկը կը տրամադրուի այս նպատակին իրագործման համար։ Ընկերներով ամէն կողմէ գիրքեր կը հաւաքեն եւ կը տեղադրեն նորաբաց գրադարանին մէջ։ Նոյն այս սենեակին մէջ երեկոները զանազան նիւթերով դասախօսութիւններ կը ներկայացուէին, յատկապէս մանկավարժական նիւթերու մասին։ 1908-էն ետք այս գրադարանը կը փոխադրուի առանձին շէնքի մը մէջ, նոր գիրքեր կը գնուին եւ հաւաքածոն աւելի կը ճոխանայ։ Նոյն այս գրադարանին մէջ տեղի կ՚ունենային նաեւ թատերական ներկայացումներ։
1903-ին, իրբեւ դաշնակցական գործիչ, Խաչիկ կը մեկնի Այնթապ, ուր կը մնայ մինչեւ 1904 թուականը։ Մօտաւորապէս նոյն ժամանակներուն Այնթապի մէջ գտնուած են Հ.Յ. Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Սիմոն Զաւարեանը եւ Խանասորի արշաւանքին ընդհանուր հրամանատար Խանասորի Վարդանը (Սարգիս Մեհրապեան), որոնց հետ Խաչիկ գործակցած է։ 1905-ին Խաչիկ կը մեկնի Պէյրութ, ուր բժշկութիւն կ՚ուսանի տեղւոյն ֆրանսական համալսարանին մէջ։ Բժշկական վկայականը կը ստանայ1909-ին, կը վերադառնայ Երզնկա, ուր կը սկսի գործել իբրեւ վկայեալ բժիշկ մինչեւ Յունիս 1910։ Ապա, կը մեկնի Էրզրում/Կարին, ուր դարձեալ բժշկութիւն կ՚ընէ մինչեւ 1912։ Այդ տարիներուն Խաչիկ կ՚ամուսնանայ Աղաւնի Այվազեանին (1885-1973) հետ, որ ծնած էր Էրզրում եւ շրջանաւարտ էր տեղւոյն Սանասարեան վարժարանէն։ Խաչիկ Էրզրումի մէջ կը վարէ տեղւոյն Ուսումնական խորհուրդին ատենապետութիւնը։ 1913-1914 իբրեւ պետական բժիշկ, կ՚ապրի ու կը գործէ Մամախաթունի մէջ (ներկայիս Թերճան)։ Աղաւնի գործած է իբրեւ ուսուցչուհի եւ դերեր ստանձնած է թատերական ներկայացումներու մէջ։
Աղաւնի եւ Խաչիկ կ՚ունենան երեք զաւակ. Մարի (հետագային Վահրամեան, 1914-1999), Արսէն(1916-1936), Զարմիկ (1917-1998)։ 1936-ին, Արսէն երբ Թիֆլիս կը գտնուէր ճարտարապետութիւն ուսանելու համար, ոճիրի մը զոհը կը դառնայ։ Մարին հետագային կը դառնայ անգլերէն լեզուի մասնագէտ, իսկ Զարմիկը՝ բժիշկ-արիւնաբան։ Սէյիսեան ընտանիքին մասին այս նիւթերը մեր տրամադրութեան տակ դնողը Զարմիկին դուստրը՝ Դվինա Պարթեւն է։
Առաջին համաշխարհային պատերազմը երբ կը բռնկի, Խաչիկ Սէյիսեան ընդհանուր զօրահաւաքի պայմաններուն մէջ նոյնպէս կը զինուորագրուի եւ կը նշանակուի Երզնկայի օսմանեան զօրամասին բժիշկը։ Պատերազմին ընթացքին, զօրամասը կը տեղափոխուի Էրզրում, Յունիս 1915-ին ալ Խաչիկ կը ղրկուի Աշքալէի դաշտային ռազմական հիւանդանոցը։ Երզնկայի մէջ Սէյիսեան ընտանիքը նոյնպէս կը տեղահանուի։ Տարագրութեան ճանապարհին կը սպաննուին Խաչիկին մայրը՝ Մարին, կուզ եւ հաշմանդամ եղբայրը՝ Պօղոսը, Խաչիկին միւս երկու եղբայրները՝ Նորայրը եւ Յովհաննէսը իրենց ամբողջ ընտանիքներով։ Սէյիսեան ընտանիքին մերձաւոր եւ հեռաւոր ազգականներ նոյնպէս կը բնաջնջուին։ Կը վերապրին միայն Խաչիկին կինը՝ Աղաւնին եւ դուստրը՝ Մարին (միւս զաւակները դեռ չէին ծնած), ինչպէս նաեւ Աղաւնիին մայրը, որ ինքն ալ Երզնկա հաստատուած էր։ Անոնք կը յաջողին դաշտէն վերադառնալ քաղաք եւ թաքնուիլ լքեալ տան մը մէջ։ Աղաւնին քոյր մը ունէր՝ Զարուհին, որ ամուսնացած էր երզնկացի Թորոսեան ընտանիքէն հայու մը հետ եւ Աղաւնիին նման կ՚ապրէր Երզնկայի մէջ։ Զարուհին եւ իր երկու դուստրերը նոյնպէս անհետ կը կորին Ցեղասպանութեան այս տարիներուն։ Ուրիշ քոյր մը՝ Բեբրոնը, որ կ՚ապրէր Էրզրում, կը վերապրի եւ տարիներ ետք Աղաւնին եւ Բեբրոնը զիրար կը վերագտնեն Հայաստանի մէջ։
Յուլիս 1915-ին Խաչիկը զինուորական բժիշկի իր պաշտօնէն հեռացուելու եւ տեղահանուելու հրամանագիր կը ստանայ։ Պէտք էր, որ երթար Երզնկա եւ հոնկէ ալ տարագրութեան ճամբան բռնէր իր ընտանիքին հետ։ Բայց բախտը իրեն կը ժպտի։ Հազուագիւտ հայ բժիշկներէն կ՚ըլլայ, որ կը պահուի քաղաքին մէջ իբրեւ բժիշկ ծառայելու համար։ Բոլոր միւսները կը տարագրուին եւ կը սպաննուին։
Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, Սէյիսեան ընտանիքը կը գաղթէ Կովկաս. նախ կը հաստատուի Թիֆլիսի մէջ, ապա՝ Վլատիկավկաս, 1920-ի վերջերուն ալ՝ Երեւան։ Խաչիկ իբրեւ Երզնկայի ներկայացուցիչ, կը մասնակցի Մայիս 1917-ին Երեւանի մէջ գումարուած Արեւմտահայոց համագումարին։
Հայաստանի մէջ Խաչիկ կը սկսի աշխատիլ իբրեւ բժիշկ։ Իր օրով եւ իր մասնակցութեամբ Երեւանի մէջ կը հիմնուի առաջին բուժարանը, ուր կը նշանակուի գլխաւոր բժիշկ։ Նոյն այս օրերուն, կինը՝ Աղաւնին, կը զբաղէր հայ որբերու կրթութեամբ։ 1923-ի վերջին ամիսներէն մինչեւ 1927-ի ամառը, մինչ Խաչիկ բժիշկի պաշտօն կը վարէր Ալեքսանդրապոլի (ներկայիս Գիւմրի) ամերիկեան Near East Relief-ի (NER) որբանոցներուն մէջ, Աղաւնին նոյն հաստատութեան մէջ ուսուցչութիւն կ՚ընէր։ Աղաւնիին նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ կը բացուի մանկապարտէզ, ուր կը ստանձնէ տնօրէնուհիի պաշտօնը։
Խաչիկ մաս կազմած է Խորհրդային Հայաստանի մէջ գործող երեւանաբնակ երզնկացիներու միութեան եւ որոշ ժամանակ ստանձնած է անոր նախագահի պաշտօնը։ Կարեւոր դերակատարութիւն կ՚ունենայ 1933-1934 տարիներուն Երեւանի հիւսիսը՝ Նոր Երզնկա աւանին հիմնադրութեան գործին մէջ։ Կը մահանայ 1968-ին։
Խաչիկ իր մականունը գրած է Պարթեւ-Սէյիսեան։ Կ՚ենթադրենք որ անոր նախկին դաշնակցական մը ըլլալու հանգամանքը միշտ ալ մտավախութիւններու առիթ տուած է ընտանիքին, մանաւանդ ստալինեան բռնութիւններու տարիներուն։ Ընտանիքին նկատմամբ կասկածանքները նուազեցնելու համար, Աղաւնին եւ իր զաւակները կ՚որդեգրեն Պարթեւ մականունը։
1947-էն սկսեալ մինչեւ 1950-ական թուականներուն, Խաչիկ Պարթեւ-Սէյիսեանը կը գրէ գիրք մը, զոր կը վերնագրէ «Քննադատական ակնարկ թիւրքահայերի ազատագրական պայքարի ժամանակաշրջանի, 1878-1918թթ»։ Գիրքին մէջ հետաքրքրական տեղեկութիւններ կան Երզնկայի շրջանին մէջ հայկական յեղափոխական խումբերու գործունէութեան մասին։ Խաչիկ անձամբ այս շարժումին մասնակցած ըլլալով, տեղ-տեղ այս գործը կը ստանայ յուշագրական բնոյթ։ Խորհրդային տարիներուն մենագրութիւնը հրատարակելու Խաչիկի դիմումները մերժումի կ՚արժանանան։ Անիկա մինչեւ այսօր կը մնայ անտիպ։