Արա Տինգճեանի պատրաստած տեսերիզներու այս շարքը կը ներկայացնէ ամերիկահայ երաժշտական կեանքի զանազան երեսները։ 19-րդ դարու վերջերէն երգն ու երաժշտութիւնը բնական մասն էին ամերիկահայ նորաստեղծ համայնքային կեանքին։ Ցեղասպանութենէն ետք երաժշտական այս կեանքը նոր թափ առաւ եւ աւելի ճոխացաւ՝ Օսմանեան կայսրութենէն զանգուածային թիւով նոր գաղթականներու ժամանումով։
«Քէֆի երաժշտութիւն» անուան տակ ծանօթ ամերիակահայ երգերը, եղանակները եւ նուագարանները մեզի աւելի կը մօտեցնեն օսմանեան հայերու մշակոյթին։ Անոնք հարազատ շարունակութիւնն են մշակութային այն ժառանգութեան, զոր հայ գաղթականները իրենց հետ կրեցին հայրենի քաղաքներէն եւ գիւղերէն դէպի Ամերիկա իրենց գաղթին ժամանակ։ Կը կարծենք որ այս հարազատութիւնը ուրիշ ոչ մէկ տեղէ աւելի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ է որ առաւելագոյնս շեշտուած է։ Ճիշդ է որ ամերիկահայ այս ժանրի երաժշտութիւնը տեղական ազդեցութիւններու պայմաններու մէջ իր սեփական հոլովոյթը ապրեցաւ եւ տակաւին կ՚ապրի, բայց անիկա կը շարունակէ մնալ հինին բնական շարունակութիւնը։ Թերեւս պատճառը այն է, որ ԱՄՆ-ի մէջ նոյնքան հզօր եւ ազդեցիկ չեն եղած հայկական համայնքային հաստատութիւնները, որոնք յետ-Ցեղասպանութեան տարիներուն բազմակողմանի ճիգեր թափեցին հայկական մշակոյթին նոր ինքնութիւն մը տալու՝ անկէ վանելով ինչ որ կը համարէին արեւելեան եւ թրքական ազդեցութիւններ։ Այս ճիգերը մեծ չափով յաջողեցան Երեւանի, Պէյրութի կամ Հալէպի մէջ, ուր հայկական երգն ու երաժշտութիւնը դարձան աւելի միատարր։
Արա Տինգճեանի տեսերիզները նայելով, աւելի լաւ ծանօթացած կ՚ըլլանք օսմանեան հայերու մշակութային բազմազանութեան, որուն մէկ արտայայտութիւնն է նաեւ ամերիկահայ երաժշտութիւնը։