Արա Տինգճեանի դասախօսութիւնները ամերիկահայ երաժշտութեան մասին, 08/08/25 (վերջին փոփոխութիւն՝ 08/08/25), թարգմանութիւն՝ Վարդան Թաշճեան
Տեսերիզին մէջ լսուող Արա Տինգճեանի խօսքին արտագրութիւնը
Բարեւ բոլորին։ Ես Արա Տինգճեանն եմ, եւ այստեղ եմ իմ երկրորդ տեսերիզով՝ «Յուշամատեան» հիանալի կայքին համար։ Այսօր պիտի խօսինք մասնաւորապէս մէկ երգի մասին։ Ընտրած եմ «Քեցքիլին ճամբան» երգը, որովհետեւ կը կարծեմ, թէ ան կը ներկայացնէ պատմութիւնը հայերու, որոնց ճանապարհորդութիւնն սկսած է իրենց հայրենիքէն եւ ցեղասպանութեան նման դէպքերու պատճառով աւարտած ուրիշ հայրենիքներու, այս պարագային՝ Ամերիկայի մէջ։
Նիւ Եորքի Քեցքիլ (Catskill) լեռները իրականութեան մէջ ծանօթ էին Borscht Belt անունով։ Սա այն վայրն էր, ուր բազմաթիւ հրեայ ընտանիքներ կ’անցընէին իրենց ամառները։ Կային հրէական բազմաթիւ հանգստավայրեր: Հայերն ալ յայտնաբերեցին այդ շրջանը եւ ոտք դրին հոն։ Եւ ճշմարիտ է, որ շատ հայեր բազմաթիւ ամառներ կ’անցընէին Քեցքիլի լեռներուն մէջ։
Կը կարծեմ, թէ ի վերջոյ կան երկու տեսակի մարդիկ՝ ծովեզերքը սիրողներ եւ լեռները սիրողներ։ Ծովեզերքը սիրող հայերը, գոնէ Արեւելեան ափին, կ’երթային Ասպըրի Փարք եւ Պելմար, Նիւ Ճըրզի։ Ասոնք հրաշալի ծովեզերքներ են։ Իսկ լեռները սիրողները (եւ անոնք շատ էին), ամրան կ’երթային Քեցքիլի լեռներ։ Ասոր բերումով, բացուեցան հայերու սեփականութիւնը հանդիսացող եւ անոնց ղեկավարած բազմաթիւ հիւրանոցներ, ինչպէս Թանըրսվիլի (Նիւ Եորքի նահանգ) «Ուաշինկթըն իրվինկ» հիւրանոցը, որ կը պատկանէր Մարտիրոսին, կամ Վարպետ Չէպօղլեանին ու անոր կնոջ՝ Մարիին։
Կար նաեւ «Ուէյվըրլի» հիւրանոցը, որ նոյնպէս Թանըրսվիլ կը գտնուէր ու կը պատկանէր Ճոն կամ Մելքոն Օհաննէսեանին, որ նաեւ տէրն էր Մանհաթընի «Տարտանէլ» հայկական ճաշարանին եւ Քուինզի «Մելքոն քենտի քամփընի»ին։
Կար «Շէյտի հիլ հաուսը» Հանթըրի մէջ, Նիւ Եորք, որ սկիզբը կը պատկանէր Միհրան Թիւթիւնճեանին, ապա անցաւ Սիմոն Քոլիկեանին։ Հաւանաբար աւելի քիչ ճանչցուած էր Թանըրսվիլի «Ամերիքըն» հիւրանոցը, որ կը պատկանէր Ք. Անմահեանին եւ Լ. Ալեքսանեանին, որոնք նաեւ կը տնօրինէին Մանհաթընի «Անմահ» ճաշարանը։ Վերջապէս, կար նաեւ Նազար Շահ Թիւթիւնճեանին պատկանող «Մար-Մարա» պանդոկը Թանըրսվիլի մէջ։
Բայց ի հարկէ, ես կը սիրեմ երաժշտութիւնը, եւ հոս պիտի խօսիմ երաժշտութեան, մասնաւորապէս «Քեցքիլին ճամբան» երգին մասին։ Կը կարծեմ, թէ բազմաթիւ հայեր, որոնք տեղեակ չեն, պիտի հիասթափին, երբ գիտնան, թէ մեղեդին՝ ի՛նք, հայկական չէ։ Ան ծագած է Թուրքիոյ մէջ. ժողովրդական երգ մըն է՝ «Գասսապ» («թրքերէն՝ մսագործ»)։
Մեր լսելիք առաջին քանի մը նմոյշները ձայնագրուած են աւելի քան 100 տարի առաջ՝ թրքերէնով։ Առաջինը պիտի ըլլայ Իպրահիմ Էֆենտիի «Գասսապ» երգը։ Հետաքրքրական է, որ ձայնագրութեան վրայ գրուած է «Ֆոքսթրոթ»։
Երկրորդ օրինակը, դարձեալ մօտ հարիւր տարուայ պատմութեամբ, կ՚երգէ Տերվիշ Ապտուլլան։ Ձայնագրութեան վրայ գրուած է «Ենի Գասսապ» («Նոր Գասսապ»)։ Ինծի համար հետաքրքրական է, որ գործիքաւորողները նախերգանքը կը նուագեն 9/8 քայլով, որ կը յիշեցնէ Թամզարան, իսկ երբ երգիչը կը սկսի, կը տարուբերի 4/4-ի եւ 9/8-ի միջեւ։ Շատ հետաքրքրական է։
Յաջորդը պիտի լսենք հայազգի Սորին Գաբլանեանի շատ հազուագիւտ ձայնագրութիւնը։ Հազուագիւտ, որովհետեւ ձայնագրուած է Գահիրէի «Baidaphon» ընկերութեան համար։ Եւ ան կ’երգէ թրքերէն՝ «Աման Գասսապ»։
Ամերիկայէն դուրս ձայնագրուած վերջին օրինակը, զոր պիտի լսենք, կ’երգէ կին մը՝ Լուիզա Հանում, որ կ’երգէ նոյն երգը։ Գործիքներուն պատճառով, ան արդէն կը հնչէ հայ-ամերիկեան երաժշտութեան նման։ Կան որոշ նմանութիւններ։
Հիմա պիտի սկսինք լսել քանի մը տարբերակներ, որոնք ձայնագրուած են հոս՝ Ամերիկայի մէջ։ Բայց առաջին տարբերակները տակաւին հայերէն բառերով չէին, այլ թրքերէնով։ Ահա Մկրտիչ Տուզճեանը կ’երգէ «Գասսապ»-ը՝ ձայնագրուած Նիւ Եորքի մէջ։
Յաջորդ տարբերակը Լուի Մաթալոն անունով սեֆարտի (արեւելեան) հրեայի մը գործն է։ Ան նաեւ ուտ կը նուագէր։ Ահա իր տարբերակը՝ «Աման Գասսապ»։
Վերջապէս, ունինք հիմա հայերէն տարբերակ մը։ Բայց տակաւին ան չունի այն բառերը, որոնցմով «Քեցքիլին ճամբան» հայերէն երգը ծանօթ է մեզի։ Ահա տարբերակ մը, որ ձայնագրուած է նշեալ տարբերակէն մէկ տարի առաջ՝ Օսքար Գէորգեանի կողմէ, 1947-ին, Լոս Անճելոսի մէջ։ Նոյն մեղեդին է, բայց հայերէն բառերով։
Վերջապէս, կը հասնինք առաջին ձայնագրութեան այն երգին, զոր բոլորս կը ճանչնանք որպէս «Քեցքիլին ճամբան»։ Զայն կատարած է «Արծիւ» նուագախումբը, 1948-ին, Ֆիլատելֆիոյ մէջ։ Կ’իմանանք, թէ խօսքերը գրած է տումպէք նուագողը՝ Գ․[Գրիգոր] Ներսէսեանը։
Կ’ուզեմ հիմա պարզապէս արտասանել ձեր նոր լսած երգին խօսքերուն անգլերէն թարգմանութիւնը․
| Հայերէն երգը |
|
Քացքիլին ճամբան ոլոր-մոլոր, |
|
Եկուր երթանք մեզի, ոսկի առնեմ քեզի, | |
Քացքիլին լեռներ շատ բարձր է, | |
Եկուր երթանք մեզի, գուլպայ առնեմ քեզի, |
|
Քացքիլին լեռներ շատ կանանչ է, |
|
Եկուր երթանք մեզի, քէնտի առնեմ քեզի, |
|
Պատմութեան երկրորդ մասը կը վերաբերի հրաշալի քանոնահար Ճեք Չալիքեանին, որ այժմ կը բնակի Գալիֆորնիա, թէեւ նախապէս Նիւ Եորք էր։ Ճեքի հայրը իրական քէֆճի մըն էր, կը սիրէր երաժշտութիւնը եւ շատ մտերիմ բարեկամն էր Ուտի Հրանդին։ Ճեքի հայրը նաեւ ունէր հոլովակէ հոլովակ ձայնագրիչ մը այն ժամանակ, երբ շատերու ձեռքը բաւարար դրամ չկար։ Ինչեւէ։ Քանի մը տարի առաջ Ճեքը հեռաձայնեց ինծի եւ ըսաւ, թէ ունի այդ բոլոր ժապաւէնները։ Ան զանոնք ուղարկեց ինծի, եւ ես երկար ժամեր ձանձրանալով լսեցի բոլորը։ Յանկարծ կը լսեմ — ի՞նչ լսեմ — Ուտի Հրանդի եւ հօրս ձայնագրութիւնը Քեցքիլի լեռներուն մէջ։ Պարզ պատահականութեամբ մը Ճեքի հայրը հոն եղած է եւ ձայնագրած է այդ պահը։ Ու այսպէս, թէեւ ասիկա «Քեցքիլին ճամբան» երգը չէ, բայց ձայնագրուած է Քեցքիլի լեռներուն մէջ։ Ահա հայրս՝ Օննիկ Տինգճեան, Ուտի Հրանդին հետ։
Մէկ այլ պատմութիւն, որ հայրս պատմեց ինծի՝ Ուտի Հրանդին մասին Քեցքիլի լեռներուն մէջ։ Հայրս երբ հոն եղած է, նկատեր է, որ Հրանդը առաւօտ մը շատ կանուխ կ’արթննայ։ Ձեզմէ ոմանք կրնան գիտնալ (կամ ոչ), թէ Հրանդը, ուտէն բացի, կը նուագէր նաեւ ջութակ։ Հայրս կը տեսնէ, թէ Հրանդ ինչպէս պանդոկին միջանցքով կը քալէ՝ մեղմ նուագելով «Առաւօտ լուսոյ»ն որպէս հիւրերը մեղմօրէն արթնցնելու միջոց։ Կրնա՞ք երեւակայել՝ արթննալ Ուտի Հրանդի մեղմ ջութակին նուագով՝ «Առաւօտ լուսոյ» շարականով։
Այս երգին մեր յաջորդ օրինակը ստեղծագործութիւնն է Մայք Սարգիսեանին, որ իսկապէս եզակի եւ հետաքրքրական դէմք մըն էր։ Երգը անգլերէնով ձայնագրած է որպէս «The Road to the Catskills», 1970-ին, Լաս Վեկասի մէջ։
Եւ վերջապէս, պիտի լսենք Ֆիլատելֆիայէն Ոսպիկեան խումբը։ Կը կարծեմ, թէ անոնք կը ներկայացնեն հայ-ամերիկեան երաժշտութեան նախակերպարը։ Ահա՛ «Քեցքիլին Ճամբան» երգին իրենց տարբերակը՝ ձայնագրուած 1975-ին։
Ամփոփելու համար, կ’ուզեմ ձեզի հաղորդել նաեւ փոքր, անձնական պատմութիւն մը։ Հօրեղբայրս՝ Էտ Թեմպէքճեանը, տարիներ առաջ ենթարկուեցաւ ծանր վիրաբուժութեան մը, եւ անոր ծնոտին մէկ մասը հեռացուեցաւ։ Երբ կ’ապաքինէր, որոշեց երթալ Քեցքիլ, որպէսզի բոլորը տեսնեն վիրահատութեան արդիւնքը։ Այլ խօսքով, ան կը մտածէր՝ շուտով վերջացնենք այս պատմութիւնը, թող բոլորը զիս տեսնեն։
Երբ լսեցի այս պատմութիւնը, հասկցայ, թէ որքան կարեւոր էր Քեցքիլը հայ ժողովուրդին համար։ Բոլորը հոն էին։ Բոլորը կը տեսնէին զիրար։ Բոլորը կը տեղեկանային վերջին լուրերուն։ Կը կարծեմ, թէ երգը ինքնին կը հաղորդէ ամբողջական պատմութիւնը՝ թէ ուրկէ՛ սկսանք, ուրկէ՛ անցանք եւ ինչո՛ւ եկանք։ Եւ բառերը, իրապէ՛ս, կը ներկայացնեն ամերիկահայու փորձառութիւնը։
Եւ ահա՛ աւարտեցաւ այս տեսանիւթը։ Կը յուսամ, թէ սիրեցիք զայն եւ անհամբեր կը սպասէք յաջորդին։













