«Քէթսքիլին ճամբան» - Տեսերիզներու շարք

Տեսերիզ 1 | Հայկական քէֆի երաժշտութեան երախտաւորները

Արա Տինգճեանի դասախօսութիւնները ամերիկահայ երաժշտութեան մասին, 08/01/25 (վերջին փոփոխութիւն՝ 08/01/25), թարգմանութիւն՝ Վարդան Թաշճեան

Տեսերիզին մէջ լսուող Արա Տինգճեանի խօսքին արտագրութիւնը

Բարեւ, ես Արա Տինգճեանն եմ։ «Յուշամատեան»ը ինձմէ խնդրած է դասախօսութիւններու շարք մը տալ երաժշտութեան իւրայատուկ ձեւի մը մասին, զոր կը կոչեմ ամերիկահայ երաժշտութիւն: Իւրայատուկ կ’ըսեմ, որովհետեւ իսկապէս ոչինչով կը նմանի Օսմանեան կայսրութեան կամ Հայաստանի երաժշտութեան:

Այս երաժշտութեան մասին գիտելիքներուս մեծ մասը կու գայ ձայնասկաւառակներու իմ հսկայ հաւաքածոյէն: 
Ամերիկահայ երաժշտութեան գոյութիւնը Ցեղասպանութեան հետեւանք է: Երբ վկաներն ու վերապրողները հասան Ամերիկա եւ հոն հաստատուեցան, ի վերջոյ պէտք ունեցան, բնականաբար, վերադառնալու բնականոն կեանքի։ Երաժշտութիւնը, անշուշտ, շատ կարեւոր տեղ ունէր հոս: Բայց անոնք չկրցան խուսափիլ ամերիկեան մշակոյթի ազդեցութենէն։ Եւ այդ է որ պիտի քննարկենք այսօր:

Առաջին տեսանիւթին մէջ պիտի խօսինք այս երաժշտութիւնն ստեղծելու համար ամերիկահայոց ընտրած գլխաւոր գործիքներուն, ինչպէս նաեւ յաջորդ սերունդներուն վրայ ազդած երեւելի նուագածուներուն մասին:

Պիտի սկսինք ուտով։ Ուտը հայկական գործիք չէ: Ծագումը կը վերագրուի հին պարսկական կայսրութիւններու շրջանին։ Զայն գործածած են նաեւ արաբները, թուրքերը, յոյները եւ հայերը: Կը կարծեմ, թէ Ամերիկայի մէջ ուտին առնչուած ամենակարեւոր դէպքը – զոր կը կոչեմ «Մեծ պայթում» – տեղի ունեցաւ 15 Յունիս 1950-ին, երբ Քէնքիւլեան ազգանունը կրող Ուտի Հրանդը եկաւ այս երկիր։ Ան չէր եկած ելոյթի համար, այլ հարուստ յոյն-ամերիկացի մը զայն Ամերիկա բերաւ անոր տեսողութիւնը վերականգնելու համար։ Դժբախտաբար, Հրանդ Քէնքիւլեանի տեսողութեան վերականգնումը յաջողութիւն չունեցաւ: Մինչ ան հոս կը գտնուէր, հայկական գաղութի մարդիկ յայտնաբերեցին, որ զայն արդէն կը ճանչնային անոր՝ Թուրքիոյ մէջ կատարուած եւ Ամերիկա ներածուած ձայնագրութիւններէն:

Ուտի Հրանդ ծնած էր 1901-ին՝ Ատաբազարի մէջ: Բայց ինչպէս ըսի, հոս եկաւ 1950-ին: Իր այս առաջին այցելութեան ընթացքին տուած քանի մը համերգներուն շնորհիւ ծնաւ ուտի երիտասարդ սիրահարներու ամբողջ սերունդ մը: Կը հաւատամ, որ սա պատճառներէն մէկն է, թէ ինչու ուտի այնքան շատ նուագածուներ ունինք այս երկրին մէջ:

Երկրորդ անձը որու մասին կ’ուզեմ խօսիլ, Մարքօ Մելքոնն է: Անոր ազգանունը Ալեմշերեան էր: Ծնած էր 1894-ին՝ Զմիւռնիոյ կամ Իզմիրի մէջ: Ան Ամերիկա հասաւ 1920-ին: Հայերէն, յունարէն եւ թրքերէն երգերով շատ ձայնագրութիւններ ըրաւ: Անոր ուտի նուագը աւելի գապարէի ոճով էր:

Յաջորդը ունինք Չարլզը, ծանօթ որպէս «Չիք» Կանիմեան: Ծնած էր 1926-ին՝ Թրոյ՝ Նիւ Եորքի նահանգ։ Ան հիմնեց խումբ մը զոր կոչեց Nor-Ikes (Նոր Այգ): Շատ նորարար երաժիշտ մըն էր: Ան նոյնիսկ սկաւառակ մը արձանագրեց Atco ձայնագրութեան ընկերութեան համար։ Հոն կը նկատենք ճազի ազդեցութիւն մը, զոր «Չիք» պարգեւեց մեզի:

Յաջորդն է ուտ նուագող շատ կարեւոր անձ մը՝ Ճորճ Մկրտիչեանը: Ան ծնած էր 1935-ին՝ Ֆիլատելֆիոյ մէջ: Վիրթուոզ մըն էր։ Անոր նուագին մէջ նուազ կը նկատուի միջինարեւելեան-թրքական ազդեցութիւնը․ ան աւելի շատ հայկական էր։ Մկրտիչեանին կը վերագրուի ուտին փոխադրութիւնը գիշերային ակումբներէն դէպի համերգասրահ: Եւ իրօք, ան նոյնիսկ ելոյթ ունեցաւ Նիւ Եորքի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ:

1937-ին Քալիֆորնիոյ Ֆաուլըր [քաղաքը] ծնած Ռիչըրտ Յակոբեան յայտնի է իր Kef Time խումբով: Պարոն Ռիչըրտը ոչ միայն ուտ նուագող մեծ մըն է, այլեւ երգիչ։ Կը կարծեմ թէ անոր ընտանիքին այսօրուան երաժիշտները երրորդ սերունդն են: Բայց ան է այս [երաժշտական] ընտանիքին հիմնադիրը:

Վերջապէս, ունինք 1941-ին Նիւ Եորքի մէջ ծնած Ճոն Պէրպէրեանը: Ան ուտ նուագող չափազանց հետաքրքրական անձ մըն էր՝ թարմ ստեղծագործականութեամբ: Ճոն Mainstream ձայնագրութեան ընկերութեան համար արձանագրեց երկու նշանաւոր ձայնասկաւառակ, որոնք չափազանց ազդեցիկ կը մնան առ այսօր:

Յաջորդ գործիքը որուն մասին կ’ուզեմ խօսիլ՝ գլարինէթն է։ Անշուշտ, ան եւրոպական գործիք մըն է, բնաւ հայկական չէ: Կրնամ երեւակայել թէ Ամերիկա հասած գաղթականները ինչպէ՜ս զուռնա փնտռած են տեղական երաժշտական խանութներուն մէջ... Անշուշտ, զուռնա չկար, բայց կար գլարինէթը:

Կը սկսինք 1895-ին Բալուի մէջ ծնած Մեսրոպ Թաքաքճեանով, որ Ամերիկա հասաւ 1912-ին: Ան քանի մը ձայնագրութիւններ ըրաւ Kevorkian, Columbia եւ Margosian ընկերութիւններուն համար:

Յետոյ ունինք 1928-ին Պոսթընի մէջ ծնած Արթի Պարսամեանը: Ան ձայնագրեց 78 արագութեան սկաւառակներ (78 LP), նաեւ խտասալիկներ։ Ան ունէր ամերիկեան շատ ժամանակակից ոճ մը, որ ազդուած էր նաեւ ճազէն ու մեծ նուագախումբերէն:

Կայ նաեւ 1926-ին ծնած Սթիվ Պօղոսեանը։ Ան ինծի ծանօթ ամերիկահայ միակ երաժիշտն է, որ իսկապէս հմուտ էր դասական, ճազ եւ միջինարեւելեան երաժշտութեան մէջ: Ան գլարինէթ կը նուագէր «Չիք» Կանիմեանի Nor-Ikes խումբին մէջ:

Յետոյ ունինք 1930-ին Նիւ Եորքի մէջ ծնած Սուրէն Պարոնեանը: Ան ալ գլարինէթ կը նուագէր Nor-Ikes-ին մէջ, բայց նուագեց նաեւ Ճոն Պէրպէրեանի Mainstream սկաւառակներուն համար: Սուրէն վերջաւորութեան հիմնեց իր սեփական խումբը՝ Taksim-ը, որ միջինարեւելեան ճազի խումբ մըն էր՝ այդ ոճի առաջիններէն մէկը:

Եւ վերջապէս, բայց ոչ պակաս կարեւոր, 1941-ին Տիթրոյթի մէջ ծնած Խաչիկ Ղազարեանը: Անոր հիմնած խումբը կը կոչուէր Hye-Tone: Անդամ էր նաեւ Kef Time խումբին։ Խաչիկ մշակեց բացարձակապէս իւրայատուկ ոճ մը, որ կ’ազդէ սերունդներու վրայ մինչեւ այսօր:

Յաջորդ գործիքը, որու մասին կ’ուզեմ խօսիլ, քանոնն է։ Ան 76 լարանոց ծնկադիր քնար է: Քանոնին ծագումը վիճելի է, շատ պարզ չէ: Դժբախտաբար, ան այսօր շատ չի գործածուիր որքան անցեալին, գոնէ այս երկրին մէջ:

Կը սկսինք Քանունի Կարպիսով: Քանունի կը նշանակէ քանոնի վարպետ: Կարպիսի ազգանունը Պաքիրճեան էր: 1884-ին Պուրսայի մէջ ծնած Կարպիս Ամերիկա հասաւ 1921-ին: Գալէն առաջ արդէն՝ ան յայտնի երաժիշտ էր, սուլթանի պալատի երաժիշտներէն եղած էր: Կարպիս ձայնագրեց 78 արագութեան (78 LP) մօտաւորապէս 60 սկաւառակ, եւ իր երաժշտական գիտելիքները փոխանցեց Ռիչըրտ Յակոբեանին:

Յետոյ ունինք 1892-ին Խարբերդի մէջ Զաւէն Եափուճեանը, որ Ամերիկա հասաւ 1912-ին:

Կայ նաեւ 1915-ին Երեւանի մէջ ծնած Արա Սեւանեանը: Ան Ամերիկա հասաւ 1948-ին: Թէեւ հիանալի երաժիշտ էր, բայց ի վերջոյ աշխատեցաւ Քալիֆորնիոյ մէջ իր բացած հոթ-տոկի կրպակին մէջ: Այդուհանդերձ, տարին մէկ անգամ կը հագնէր իր համազգեստը, կը կապէր փողկապը եւ համերգ մը կու տար: Սեւանեան ձայնագրեց քանի մը ձայնասկաւառակ՝ քանոնի շատ հիասքանչ նուագով, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ:

Եւ վերջապէս, ունինք 1940-ին Նիւ Եորքի մէջ ծնած Ճեք Չալիքեանը: Ան անդամ էր Kef Time խումբին: Ճեք մասնակցած է նաեւ Ճոն Պէրպէրեանի Mainstream-ի ձայնագրութիւններուն եւ պատրաստած է քանոնահարներու յաջորդական սերունդներ:

Յաջորդ գործիքը, որուն մասին կ’ուզեմ խօսիլ, ջութակն է։ Ան եւրոպական գիւտ մըն է, եւ քանոնի նման, այսօր այնքան չի գործածուիր որքան նախորդ շրջանին: Բայց կ’ուզեմ յիշատակել գոնէ քանի մը ամերիկահայ մեծ ջութակահարներ:

Կը սկսինք Նշան Սետեֆճեանով: Ան ծնած է 1885-ին՝ Տրապիզոնի մէջ։ Ամերիկա հասաւ 1926-ին եւ ձայնագրութիւններ ըրաւ Columbia, Victor, Pharos եւ Kaliphone ընկերութիւններուն համար:

Ստեփան Սիմոնեան ծնած էր 1887-ին՝ Խարբերդի մէջ: Ան հասաւ 1907-ին եւ ձայնագրեց 12 ինչ Columbia 78-եր։ Այս տեսակի ձայնակիրները սովորաբար վերապահուած էին շատ կարեւոր արուեստագէտներու համար։ Նաեւ արձանագրեց Pharos ընկերութեան համար՝ իր դաշնակահար Հայկազ որդիին հետ: Ջութակ եւ դաշնամուր՝ շատ իւրայատուկ զուգորդութիւն մը:

Վարդան Մարկոսեան չափազանց կարեւոր դէմք մըն է այս երաժշտութեան մարզին մէջ: Ան ծնած էր 1891-ին՝ Խարբերդի լեռներու Շէյխ Հաճի գիւղակին մէջ։ Ի դէպ, հոնկէ են նաեւ իմ մայրական մեծ ծնողներս: Վարդան Ամերիկա հասաւ 1908-ին եւ ձայնագրեց հարիւրէ աւելի սկաւառակներ իր սեփական ընկերութիւններուն համար: Ան կ’երգէր անհամեմատելի շատ բարձր ձայնով: Իր սկաւառակները թանկարժէք են յատկապէս անոր համար, որ թէեւ ան յղկուած կատարող մը չէր, սակայն մենք այդ կատարումներով իսկական պատկերացում կը ստանանք թէ ինչպէս կը հնչէր ժողովրդական երաժշտութիւնը Խարբերդի լեռներուն մէջ:

Ռուբէն Սարգիսեան ծնած էր 1891-ին՝ նոյնպէս Խարբերդի մէջ։ Ան Ամերիկա հասաւ 1911-ին: Բացի ջութակահար ըլլալէ, բանաստեղծ էր, եւ ունէր իր սեփական ձայնագրութեան ընկերութիւնը՝ Sarkisian Records, ուր ան արձանագրեց 30 սկաւառակ իր կնոջ՝ Վարդի հետ, որ երգով կ’ընկերակցէր իրեն:

Եւ վերջապէս, ունինք 1889-ին Մարաշի մէջ ծնած Հերրի Հասէքեանը: Ան Ամերիկա հասաւ 1910-ին: Ունէր իր սեփական Harry’s Oriental ընկերութիւնը։ Նաեւ ձայնագրեց Parseghian Records-ի համար: Հասէքեան նաեւ ուտ կը նուագէր:

Հիմա կ’ուզեմ խօսիլ գործիքի մը մասին, զոր կը կոչենք տըմպէք, բայց ան ունի ուրիշ շատ անուններ՝ թմբուկ, տարպուքա, տերպեքի եւ այլն։ Անոր ծագումը ետ կ’երթայ, հաւատաք կամ ոչ, մեր թուարկութենէն աւելի քան հազարամեակ մը առաջ: Հիմնականին մէջ պարզապէս ձեռքի թմբուկ մըն է։ Բայց 1920-ական, 30-ական եւ 40-ական թուականներուն ամենէն յաճախ օգտագործուածը եւ ամենէն մատչելին Սուրիայէն [ներածուած] մետաղեայ գործիք մըն էր: Սա այն գործիքն էր, որ շատ ամերիկահայեր կը նուագէին:

Կը սկսինք 1912-ին Նիւ Եորք քաղաքին մէջ ծնած Արամ Դաւիթեանով: Ան անդամ էր Nor-Ikes-ին:

Յետոյ ունինք շատ հետաքրքրական մէկը՝ 1925-ին Մասաչուսեցի մէջ ծնած Պատի Սարգիսեանը: Ան ունէր իր սեփական սկաւառակները իր եղբօր՝ Մայքի հետ: Հիմնադիր անդամ էր Kef Time խումբին: Ունէր անսովոր գործիքակազմ մը, որ կ’ընդգրկէր քանի մը տըմպէքներ, քոքթէյլ թմբուկ եւ պօնկօներ: Ան կը նուագէր զանոնք բոլորը միաժամանակ, կարծես թմբուկներու հաւաքածոյ ըլլային:

Յաջորդը ունինք 1942-ին Ուսթըրի մէջ ծնած Պապի Սոհիկեանը: Ան ունէր շատ հզօր եւ շատ յստակ ոճ մը, որ խորապէս ազդած է տըմպէք նուագող շատ-շատերու վրայ:

Եւ վերջինը, բայց ոչ պակաս կարեւորը, ունինք 1951-ին Մասաչուսեցի նահանգի Սամըրվիլ քաղաքին մէջ ծնած Ռոճըր Գրիգորեանը: Բացի տըմպէք նուագելէ, Ռոճըր հիանալի երգիչ էր։ Ան իսկապէս վիրթուոզ տըմպէք նուագող մըն էր:

Վերջապէս, կ’ուզեմ խօսիլ երգիչներու մասին: Շատեր երբ կը մտածեն երաժշտութեան մասին, երգիչներ կը հասկնան։

Պիտի սկսիմ 1875-ին Տիգրանակերտի մէջ ծնած Յովսէփ Շամլեանով։ Ան Ամերիկա հասաւ 1902-ին: Պրն. Շամլեան ունէր ձայնագրող իր սեփական ընկերութիւնը։ Ան արդիւնաշատ երգահան եւ երգիչ էր։ Անոր ամենայայտնի երգերէն է «Շէկ Մազերով»ովը, զոր տակաւին կ’երգենք 100 տարի ետք:

Յաջորդը 1884-ին նոյնպէս Տիգրանակերտի մէջ ծնած Գարեգին Բրուտեանն է։ Ան Ամերիկա հասաւ 1903-ին: Բրուտեան ձայնագրեց գրեթէ 50 սկաւառակ Columbia, Victor, Sohag, Parseghian եւ Oriental ընկերութիւններուն համար: Անոր բազմաթիւ երգերը կը հնչեցնենք մինչեւ այսօր:

Էտուարտ Պօղոսեան ծնած էր 1900-ին՝ Պոլիս/Իսթանպուլի մէջ: Ան շատ հետաքրքրական կերպար մըն էր. դերասան էր, կատակերգակ, երգահան եւ երգիչ: Անոր ամենայայտնի երգը «Սուտ է, Սուտ է»-ն է:

Եւ վերջապէս, ունինք 1929-ին Փարիզի մէջ ծնած հայրս՝ Օննիկ Տինգճեանը։ Ան Ամերիկա հասաւ 1946-ին։ Ան ձայնագրեց 78 եւ 45 արագութեան սկաւառակներ, ձայներիզներ, խտասալիկներ։ Անոնք շատ ազդած են բոլոր սերունդներուն վրայ՝ այդ ատեններէն մինչեւ այսօր:

Ամերիկահայերու գործածած զանազան գործիքներու մասին խօսքիս վերջաւորութեան կ’ուզեմ յատուկ յիշատակել Ֆիլատելֆիոյ բնիկ մալաթիացի Ոսպիկեանները: Կը կարծեմ, թէ այսօր հրապարակի վրայ են անոնց երրորդ կամ չորրորդ սերունդի երաժիշտները: Յիշատակելուս բուն պատճառը այս է՝ Ոսպիկեանները իսկապէս հաստատեցին այս ամերիկահայ ձայնը, հնչիւնը, որ ազդուած է տեղական մշակոյթէն, մասնաւորապէս մեծ նուագախումբերէն: Մենք Ոսպիկեաններո՛ւն պարտական ենք այս ստեղծագործութեան համար: