Ալեքսիս Գրիգորեանի հաւաքածոյ - Լիոն, Ֆրանսա եւ Ժընեւ, Զուիցերիա
Կը ներկայացնենք Գրիգորեան ընտանիքին հաւաքածոն, որ մեզի ղրկուեցաւ Ալեքսիս Գրիգորեանի կողմէ, Ժընեւ քաղաքէն։ Նիւթերը կը վերաբերին Ալեքսիսի մեծ հօր՝ Գրիգոր Գրիգորեանի (1907-1985) ընտանիքին, որ ծնած է Խարբերդի դաշտին մէջ գտնուող Մորենիկ գիւղը (ներկայիս Չաթալչեշմէ)։ Այս նիւթերէն ոմանք ներկայիս կը գտնուին Centre national de la mémoire arménienneի (Հայկական յիշողութեան ազգային կեդրոն) մէջ՝ Տեսին (Լիոն քաղաքին մօտիկ)։
Աջին կագնած փոքրիկ տղան Գրիգոր Գրիգորեանն է՝ Ալեքսիսի մեծ հայրը։ Անոր կողքին նստողը իր հօրեղբայրն է՝ Կոստանդին Գրիգորեան։Գրիգոր ծնած է 1907-ին։ Կ՚ենթադրուի որ այս լուսանկարին թուականն ալ մօտաւորապէս 1910-ն է։ Այդ տարիներուն Գրիգորին հայրը՝ Ղազար, արդէն գաղթած էր հայրենի Մորենիկէն եւ կը գտնուէր Ֆրանսայի Պելֆոր քաղաքը։ Շատ հաւանական է որ հօրեղբայրը կը սպաննուի 1915-ի Ցեղասպանութեան։
Բացիկի մը կռնակը եւ պատկերը։ Լուսանկարին ձախին կանգնած փոքրիկ տղան (գլխարկով) Գրիգոր Գրիգորեանն է։ Միւսներուն ինքնութիւնը անծանօթ է, բայց շատ հաւանաբար իր ազգականներն են։ Բացիկը ուղղուած է Գրիգորին եւ գրուած է հօր՝ Ղազարին կողմէ.
«Կարօտալի զաւակս Գրիգոր. ահաւասիկ քուկին մանկութեան լուսանկարդ կ՚ուղարկեմ զքեզ որ հաւատաս թէ քուկին կարօտալի հայրդ դեռ կը փափաքի քեզ իր գրկին մէջ առնել։ [Բայց] չեմ կարող լոկ թուղթով մը փափաքս առնել [իրականացնել] սիրելիս։ Եւ թէ այսկից զատ մի նկար եւս ունիս, որ հօրեղբօրդ՝ Կոստանդինին հետ հանած էք։ Կը պահեմ քովս, սիրելիս»։
Սոյն լուսանկարը յայտնապէս վերը ներկայացուած պատկերն է։