Ապաճեան/Արսլանեանի հաւաքածոյ - Պելճիքա
Մեծապէս հարուստ է Արսլանեան/Ապաճեան ընտանիքին պատկանող լուսանկարներու հաւաքածոն։ Տեսողական այս ժառանգութիւնը մեր տրամադրութեան տակ դրաւ Անելկա Արսլանեան (ծն. Ապաճեան)։ Պատկերները կը ներկայացնեն Անելկայի ամուսինին՝ Րաֆֆիին շառաւիղները, որոնք Այնթապ քաղաքէն են։ Առաջին պատկերները հին են՝ 19-րդ դարու երկրորդ կէսէն։ Այստեղ կ՚երեւին Արսլանեան, Քիւրճեան եւ Խաչատուրեան ընտանիքները։


3) Պէաթրիս Քիւրճեան եւ Արմէն Արսլանեան. հարսանեկան պատկեր
4) Կլատիս Քիւրճեան (Պէաթրիսի քոյրը) եւ ամուսինը (անունը անծանօթ)
1) Սարգիս Խաչատուրեան, Պէաթրիս Արսլանեանի (ծն. Քիւրճեան) մօրեղբայրն է, Խանում Քիւրճեանի (ծն. Խաչատուրեան) եղբայրը։
2) Արամ եւ Էֆոնիա Խաչատուրեան եւ իրենց դուստրը։ Լուսանկարուած են սթիւտիոյի մէջ յատուկ այս առիթով արաբական/պէտէուիական տարազներ հագուած։ Արամ մօրեղբայրն է Պէաթրիս Արսլանեանի (ծն. Քիւրճեան)
Յետ-Օսմանեան պատկերներ
Առայժմ շատ բան չենք գիտեր թէ այս մեծ գերդաստանը ինչ ճակատագիր կ՚ունենայ 1915-ի հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ։ Գիտենք որ Պէաթրիս Արսլանեանի քոյրերէն Մարին իր երկու աղջիկներուն հետ կը սպաննուի Տէր Զօրի մէջ։ Ուրիշներ կը վերապրին եւ կը շարունակեն իրենց կեանքը հայրենի Այնթապէն դուրս։ Այս բաժինով ներկայացուած պատկերները կը համընկնին յետ-Այնթապեան ժամանակաշրջանին։ Պէաթրիս եւ Արմենակ Արսլանեանի ընտանիքը որոշ ժամանակ կ՚ապրի Հալէպի մէջ, ապա ընտանիքը կը տեղափոխուի Լիբանան։ Պատկերներն ալ ենթադրաբար քաշուած են Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ։ Անոնցմէ ոմանք դաշտահանդէսներ են Լիբանանի կամ Սուրիոյ տեսարժան վայրերու մէջ, հաւանաբար հայկական միութիւններու կողմէ կազմակերպուած։ Կարգ մը պատկերներու մէջ կը տեսնենք դրօշներ, որոնց վրայ պատկերուած են Հ.Յ.Դաշնակցութեան զինանշանը։ Առայժմ այս պատկերները առանց բացատրութեան պիտի ձգենք, բայց յոյս ունինք շուտով մանրամասնութիւններ տեղադրել։