Փարիզ 1923. Արուսեակ Անդրէասեան (ծնեալ Գամպուրեան), ամուսինը՝ Գարեգին Անդրէասեան, եւ Արուսեակի զարմուհին՝ Աղաւնի Թունկեան/Թենկերեան։

Անդրէասեան հաւաքածոյ - Փարիզ, Ֆրանսա

Հեղինակ՝ Արաքսի Անդրէասեան, Ս. Տէր Մկրտիչեան

Գարեգին Անդրէասեան ծնած է 1885-ին Սիվաս/Սեբաստիա։ Աշակերտած է Յիւսուսեաններու տեղւոյն Քառասուն Մանուկ գոլէճը։ Որոշ ժամանակ դպրոցէն դադար առնելէ ետք, վերադարձած է մօտաւորապէս 1895-ին եւ շրջանաւարտ եղած է 1905-ին, երբ 18-էն 20 տարեկանի միջեւ էր։ Յետագային կը սկսի աշխատիլ Սիվասի մէջ գորգի գործարանի մը մէջ, ապա գործով կ՚անցնի Աֆիոն Գարահիսար։



1905-էն 1907-ի միջեւ մուտքի քննութիւն կ՚անցնէ պաշտօնեայ դառնալու համար այդ օրերուն կառուցուող Պերլին-Պաղտատ-Պասրա երկաթուղագիծի ընկերութեան մէջ։ Քննութիւնը կը յաջողի եւ 1910-ին կը նշանակուի կայարանի պատասխանատու Աֆիոն Գարահիսարի մէջ։ Առաջին պաշտօնն էր։

1912-ին, 27 տարեկան հասակին, կ՚ամուսնանայ Արուսեակ Գամպուրեանի հետ որ 17 տարեկան էր։ Նոր պաշտօնի կ՚անցնի երկաթուղագծի ընկերութեան մէջ եւ կը նշանակուի Հոմսի կայարանի պատասխանատու, ապա՝ Համայի։ 1920-ին կ՚ենթադրուի որ կ՚ապրէր Ատանայի մէջ, նկատի ունենալով որ իր որդին՝ Աւետիսը, ծնած է այս քաղաքին մէջ։ Գարեգին Ատանան կը ձգէ Հոկտեմբեր 1921-ին, երբ ֆրանսական բանակները կը սկսին հեռանալ Կիլիկիայէն եւ տարածքը զիջիլ թրքական կառավարութեան։

Գարեգինն ու ընտանիքը Պոլիս կը հասնին 1921-ի վերջը։ Ան հաշուապահութիւն կը սկսի ընել Պոլսոյ հայոց Պատրիարքարանին մէջ, 1921-էն 1922։ Կինը՝ Արուսեակ, զոքանչը՝ Շամէլ Թունկրեան Գամպուրեան, եւ իր զաւակները՝ Ռոպէր եւ Աւետիս մինչեւ 1923 կ՚ապրին Պոլիս։

Ահաւասիկ Գարեգինին եւ Արուսեակին զաւակներուն ցանկը՝

1. Առաջին որդին կանխահաս կը մահանայ 1913-ին։
2. Սամլարդ (դուստր) կը մահանայ երբ տակաւին վեց ամեայ էր, 1914-1915-ին, Սիվաս։
3. Դուստրը Արաքսի կը մահանայ տենդէ, տարագրութեան մէջ՝ Հալէպ, 1916-1917-ին։
4. Ռոպէր (1918 Հալէպ - 1968 Փարիզ)։
5. Աւետիս (1920 Ատանա - 1930 Փարիզ)։
6. Ալֆրէտ (ծննդեան թուականը անյայտ - 1931 Փարիզ)։
7. Ժաք (1924 Փարիզ - 2009 Փարիզ)։

Գարեգին Փարիզ կը հաստատուի 1921-ի սկիզբը, նախքան քեմալականներուն մուտքը Պոլիս։ 1923-ին իրեն կը միանայ ամբողջ ընտանիքը։ Գարեգին այստեղ կ՚աշխատի հանրային ծառայութեան մէջ՝ թղթատարական եւ հեռագրային ընկերութեան, ապա ընկերային ապահովագրութեան կեդրոնին մէջ. հաւանաբար կ՚աշխատի նաեւ ոստիկանական բաժանմունքին մէջ։

Արուսեակ Գամպուրեան ծնած է 1895-ին Սիվաս/Սեբաստիա։ Երէցն էր երեք քոյրերու մէջ։ Միւս երկու քոյրերը 1915-ին կը տարագրուին, քիւրտերու կողմէ կ՚առեւանգուին, այնուհետեւ ընտանիքը չիմանար իրենց մասին։

Արուսեակ դուստրն է Սերոբ Գամպուրեանի (կը սպաննուի 1915-ին Սիվասի մէջ) եւ Շամէլ Թունկրեան/Թենկերեանի։ Վերջին այս մականունը՝ Թունկրեան կամ Թենկերեան, փոփոխութիւններ կը կրէ սփիւռքի մէջ այս անունը կրող ընտանիքի անդամներուն ապրած տարբեր վայրերուն մէջ։ Արուսեակ կ՚ամուսնանայ Գարեգինի հետ Սիվասի մէջ, 1912-ին, 17 տարեկան հասակին։

Արուսեակի մայրը՝ Շամէլ Թունկրեան/Թենկերեան, ունէր երկու երէց եղբայրներ։ Անոնցմէ մէկն էր Մելքոն Թենկերեան (ամուսնացած Թագուհի Յակոբեանի հետ), իսկ միւսը՝ Սամուէլ, որ Պոսթոն կը մեկնի 1900-ի շուրջ։

Մելքոն չորս զաւակ ունէր. Աղաւնի (ծնեալ 1903), Շնորհիկ (ծնեալ 1905), դուստր մը (անունը անյայտ, ծնեալ 1909) եւ Հայկ (ծնեալ 1912)։ Մելքոն տեղական իշխանութիւններուն կողմէ կախաղան կը հանուի 1915-ին։ Կինը՝ Թագուհի, կը մեռնի տարագրութեան մէջ։ Շնորհիկ կ՚առեւանգուի քիւրտերու կողմէ (վայրը անծանօթ), իսկ Աղաւնի թուրք ընտանիքի մը մէջ իբրեւ սպասուհի կ՚աշխատի (վայրը անծանօթ)։ Հայկին ճակատագիրը կը մնայ անյայտ։

Ընտանեկան ծառը պատրաստուած Արաքսի Անդրէասեանի կողմէ, իր ազգականներուն աջակցութեամբ։ Սեղմել հոս ընտանեկան ծառը PDFով տեսնելու համար։  

Սամուէլ ունէր երկու զաւակ. Թոնի Թունկրեան/Թենկերեան եւ Սամի Թունկրեան/Թենկերեան (Սամի կը մեռնի Համաշխարհային Երկրորդ պատերազմին ընթացքին, 5 Յունուար 1914-ին, Պասթոնյի մէջ, Առտէն, Պելճիքա)։ Սամուէլ իր խնամքին տակ կ՚առնէ նաեւ եղբօր դուստրը՝ Շնորհիկը, որ ընտանիքին կողմէ կը գտնուի եւ կը հասնի Պոսթոն։ Միացեալ Նահանգներու մէջ ան կ՚ամուսնանայ Սիվասէն հայ գաղթականի մը հետ՝ Զարա։ Աղաւնի՝ Մելքոնի երէց դուստրը, նոյնպէս ընտանիքին կողմէ կը գտնուի եւ 1923-ին կը հասնի Փարիզ, ուր կ՚ապրի հօրաքրոջ՝ Շամէլի հետ։ Հետագային կ՚ամուսնանայ Լեւոն Տէր Մկրտիչեանի հետ (Մարաշէն) եւ կը հաստատուի Պուէնոս Այրէս (1929-ին)։

Շամէլ Թենկերեան կը մահանայ 1940-ին, իսկ իր դուստրը՝ Արուսեակ, կը մահանայ 1957-ին, Փարիզ։

Անդրէասեան զարմիկները՝ կտորի վաճառականութեամբ զբաղող ընտանիք մը, Սիվաս 1915-էն առաջ։ Լուսանկարին մէջ կ՚երեւին Նշան Անդրէասեանի եւ Նազարէթ Անդրէասեանի որդիներ՝ Լեւոն, Մարտիրոս, Հրաչ, Տիգրան, Միհրան եւ Մկրտիչ։

Նազարէթի ընտանիքը կտորի վաճառականութեան խանութ մը ունէր Սիվասի գլխաւոր փողոցին վրայ։ 1912-ին անոնք կը մեկնին Կիպրոս։ Սիվասի մէջ հողատէրեր էին եւ զանոնք վարձու կու տային հողամշակութեան համար։ Նոյն ժամանակ անոնք լումայափոխ էին։ Կ՚ըսուի թէ Անդրէասեանները մեծ նուիրատուութիւն մը կատարած են Սիվասի հայկական գլխաւոր եկեղեցիներէն մէկուն շինութեան համար։

1. Գարեգին ԱՆդրէասեան եւ ձախին՝ կինը՝ Արուսեակ (ծնեալ Գամպուրեան)։ Աջին՝ Արմենուհի Մեսիրեան (ծնեալ Անդրէասեան), որ Պետրոս Մեսիրեանի կինն է, Նազարէթ Անդրէասեանի դուստրը եւ Սիրվարդ Անդրէասեանի մայրը։ 1912, վայրը անյայտ։

2. Արուսեակ Գամպուրեան (աջին), որդին՝ Ռոպէր, եւ Անրմենուհի Անդրէասեան (ձախին)։

Գարեգին, Արուսեակ եւ կանխահաս մահացած իրենց երկու զաւակները։

1. Ռոպէր Անդրէասեան, Իսթանպուլ, 1923։
2. Արուսեակ Անդրէասեան (ծնեալ Գամպուրեան), իր որդւոյն՝ Ռոպէրի հետ, Իսթանպուլ, 1921-ի շուրջ։
3. Ժաք Անդրէասեան (հաւանաբար), Փարիզ։

Թաղմանական պատկեր, Սեբաստիա, 1910։

Թաղմանական պատկեր, Սեբաստիա, 1913-էն առաջ։ Ննջեցեալը՝ Վարդուհի Անդրէասեան (ծնեալ Աջպայեան), Մարտիրոս Անդրէասեանի կինը։ Կեդրոնը, նստած եւ մահացածին նայող, իր երկու որդիները՝ Թորոս եւ Աւետիս։ Զաւակներուն ձախին, առաջին շարք, ճերմակ պեխերով՝ Մարտիրոս Անդրէասեան։ Ամէնէն աջին, առաջին կարգի վրայ նստած եւ ճերմակ պեխերով՝ Նազարէթ Անդրէասեան, անոր ետին, ձախին, խոժոռ նայուածքով՝ Սերոբ Գամպուրեան (1915-ին Սեբաստիոյ մէջ կը սպաննուի տեղական իշխանութիւններուն կողմէ խումբ մը հայերու հետ)։ Վերը, ամէնէն աջին ֆէսով տղան՝ Պարոյր Անդրէասեան (7-8 տարեկան)։ Մարտիրոս Անդրէասեանի ետին կանգնած մարդը՝ իր եղբօր Յակոբի որդին՝ Մինաս Անդրէասեան (1875 Սեբաստիա - 1970 Էքս ան Փորվենս)։

Ատանա, 1920-21-ի շուրջ։ Ասոնք Ցեղասպանութեան յաջորդած տարիներն են, երբ Անդրէասեանները հաստատուած էին Ատանայի մէջ, Կիլիկիա, որ այդ ժամանակ ֆրանսական տիրապետութեան տակ էր։ Մահացեալը՝ Մերիջան Անսուրեան՝ Հայկանուշ Անդրէասեանի ամուսինը։ Հայկանուշ դուստրն էր Նազարէթ Անդրէասեանի եւ Անասի Անդրէասեան Քազապաշեանի, ծնեալ Սեբաստիա, 1890-1951։

Հաւանաբար 1920-1921, Սեբաստիա։ Աննա Զալլաքեանի թաղումը։ Ան Տիգրան Թուլումճեանի առաջին կինն էր։ Լուսանկարին մէջ կ՚երեւին Տիգրան Թուլումճեանի հայրը (անունը անյայտ), ինչպէս նաեւ Տիգրանի եւ Աննայի որդին՝ Ազատը։

Լուսանկարին մէջն են՝ Թոմաս Տէր Կարապետեան (գլխատուած 1915-ին) - Անթառամ Անդրէասեանի ամուսինը - եւ Նուարդի (ծնեալ Տէր Կարապետեան) մայրը. Նուարդ հետագային կ՚ամուսնանայ Երուանդ Քասապ Օհանեանի հետ։ Երեխաները՝ տարիքով աւելի մեծը Զարուհին է իսկ փոքրը՝ Նուարդը։

Հալէպ, 18 Սեպտեմբեր 1921։ Էլիզա Պետիկեան այս լուսանկարը ուղարկած է օրիորդ Զարուհի Պետիկեանի։ Զարուհի դուստրն է Անթառամ Անդրէասեանի եւ Թոմաս Տէր Կարապետեանի։