Արաքսի Աբէլեան–Գոլանեանի հաւաքածոյ – Թեսաղոնիկէ
Հեղինակ՝ Անի Աբիկեան, 03/01/2025 (վերջին փոփոխութիւն՝ 03/01/2025)։ Սոյն էջը պատրաստուեցաւ գործակցութեամբ Աթէնքի «Արմենիքա» պարբերաթերթին։
Այս նիւթը մեզի ներկայացուց Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեան: Արաքսիին հայրը՝ Յակոբ Աբէլեանը (1900-1978) Պալըքեսիրէն էր: Յակոբ որդին էր Կարապետ Աբէլեանի եւ Էպրուհի Աբէլեանի (ծնեալ Արապեան, 1872-ին):
Պալըքեսիրի մէջ Կարապետ Աբէլեան կը զբաղէր ոսկերչութեան արհեստով եւ վաճառականութեամբ։ Նոյն քաղաքին մէջ ան սեփականատէրն էր երկու կամ երեք ոսկերչական խանութներու: Կարապետ եւ Էպրուհի ունէին երեք մանչ եւ մէկ դուստր. Եփրեմ, Յակոբ (Արաքսիին հայրը), Սարգիս եւ Ատրինէ: Կարապետ եւ Էպրուհի իրենց քաղաքի շատ հայոց նման թրքախօս էին: Անոնց չորս զաւակներն ալ յաճախած էին հայկական վարժարան, հետեւաբար, թրքերէնի կողքին, զաւակները լաւապէս կը տիրապետէին նաեւ հայերէնին: Արաքսի կը յիշէ որ Թեսաղոնիկէի մէջ Էպրուհի միշտ կը փորձէր իր թոռներուն հետ հայերէն խօսիլ, մինչ իր որդին՝ Յակոբը (Արաքսիին հայրը) երբեմն թրքերէն առածներ կը գործածէր՝ «թուրքը վատ է, բայց լաւ խօսքեր ունի» նախաբանով:
1920-ին յունական բանակը մուտք կը գործէ Պալըքեսիր եւ քաղաքը կ’անցնի յոյներու տիրապետութեան տակ։ Ծայր առած յոյն-թրքական պատերազմին, յունական բանակը հետզհետէ կը նահանջէ եւ 6 Նոյեմբեր 1922-ին թրքական զօրքը կրկին մուտք կը գործէ Պալըքեսիր։ Մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմը Պալըքեսիրի բնակչութեան թիւը 15.000-էն 20.000-ի միջեւ էր։ Յոյներուն թիւը 1.000-էն 2.000 էր, իսկ հայոց թիւը՝ շուրջ 3.500 հոգի։ Հայերը իրենց ներկայացուցիչներն ունէին Պալըքեսիրի քաղաքապետական խորհուրդին մէջ:
Կարապետ Աբէլեան Պալըքեսիրի երեւելի հայերէն էր եւ կարեւոր դերակատարութիւն ունէր հայկական համայնքի կեանքին մէջ: 1915-ին, երբ ծայր կ’առնէ հայոց ցեղասպանութիւնը, Կարապետ կը յաջողի իր ընտանիքը Գոնիա ղրկել։ Օսմանեան իշխանութիւնները Պալըքեսիրի մէջ կը ձերբակալեն զայն եւ երկու այլ ազգականներ ու կախաղան կը հանեն զանոնք: Գոնիայի մէջ ընտանիքին անդամները կը վերապրին ցեղասպանութենէն։ Յակոբ կը յաճախէ տեղւոյն ամերիկեան վարժարանը: 1922-ին, երբ Իզմիրի շրջանէն յոյներու եւ հայերու գաղթականութեան ալիքը ծայր կ’առնէ, Էպրուհի եւ իր զաւակները նաւով կը տեղափոխուին Թեսաղոնիկէ քաղաքը (հիւսիսային Յունաստան):
Այդ տարիներուն բազմաթիւ հայ գաղթականներ Փոքր Ասիայէն ապաստան կը գտնեն Թեսաղոնիկէի մէջ, ինչ որ պատճառ կ’ըլլայ որ տեղւոյն գաղութին թիւը բարձրանայ․ 1920-ականներու սկիզբը արդէն կարելի էր հաշուել շուրջ 10.000 հայեր։ Բնակարան գտնելը գաղթականներուն ամենէն լուրջ հարցերէն էր։ Գաղութին հաստատութիւնները շարժման կ’անցնին․կը ստեղծուի Ազգային Խնամատարութիւն մը, որուն նպատակն էր օգնութեան հասնիլ գաղթականներուն։ Մեծ թիւով հայեր սկզբնական շրջանին ապաստան կը գտնեն Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցիին մէջ եւ շուրջը՝ վրաններու տակ։ Ուրիշներ կը հաստատուին քաղաքին կեդրոնը, իսկ մաս մըն ալ՝ քաղաքի շրջակայքին կառուցուած գաղթականական կայաններու մէջ:
Թեսաղոնիկէի մէջ Արաքսիին հայրը՝ Յակոբը, եւ հօրեղբայրը՝ Եփրեմը, ոսկերչութեամբ կը զբաղէին: Յակոբին միւս եղբայրը՝ Սարգիսը, կ’ունենայ ողբերգական ճակատագիր․ երիտասարդ տարիքին կը վարակուի թոքախտով եւ կը մահանայ: Յակոբին քոյրը՝ Ատրինէն, Թեսաղոնիկէի մէջ կը ծանօթանայ Ներշապուհ Կէօստենեանին եւ կ’ամուսնանայ անոր հետ: Ներշապուհ եւ անոր երկու քոյրերը ցեղասպանութենէն վերապրողներ էին։ Անոնք վկաները եղած են իրենց հարազատներուն սպանութեան: Ատրինէ եւ Ներշապուհ կ’ունենան չորս զաւակ՝ Թորգոմ, Թագուհի, Էպրուհի եւ Յակոբ:
Եփրեմ Աբէլեան կ’ամուսնանայ Մարիին հետ (մականունը՝ անյայտ): Եփրեմ Թեսաղոնիկէի մէջ համայնավար գաղափարախօսութեան համակիր էր եւ գաղափարական լուրջ տարակարծութիւններ ունէր եղբօր՝ Յակոբին հետ: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք, 1946-47 թուականներուն Թեսաղոնիկէէն մեծ թիւով հայեր կը գաղթեն դէպի Խորհրդային Հայաստան: Կէօստենեան ընտանիքին անդամները նոյնպէս կ’որոշեն ներգաղթել: Երբ Եփրեմն ու կինը՝ Մարին, առաջին կարաւանով Խորհրդային Հայաստան կը մեկնին, անոնց կը միանայ նաեւ Կէօստենեաններու աւագ որդին՝ Թորգոմը: Կարճ ժամանակ ետք, Եփրեմ նամակ կը ղրկէ Ներշապուհին՝ Հայաստանի մէջ տիրող պայմաններու մասին իր անուղղակի դժգոհութիւնը յայտնելով: Ան խորհուրդ կու տայ, որ ընտանիքին մնացեալ անդամները չաճապարեն ներգաղթելու։
Եփրեմ եւ Մարի Խորհրդային Հայաստանի մէջ կ’ապրին բաւական դժուար պայմաններու մէջ: Սկզբնական շրջանին անոնք կը հիւրընկալուին տեղացի ընտանիքի մը բնակարանին մէջ։ Մարի կ’իյնայ հոգեկան ընկճուածութեան գիրկը, անոր առողջութիւնը կը վատանայ եւ Հայաստան հասնելէն ութ ամիս ետք կը մահանայ: Որոշ ժամանակ ետք Եփրեմ կը վերամուսնանայ Երան անունով յունահայ կնոջ մը հետ։ Եփրեմ կ’աշխատի որպէս վերակացու Երեւանի ոսկերչական գործարանին մէջ:
Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեան կը յիշէ թէ 1980-ին երբ առաջին անգամ Հայաստան այցելած է՝ հանդիպած է Եփրեմին, որ վատառողջ վիճակի մէջ էր։ Ան Արաքսիին ըսած է. «Կ’երթաս Յակոբին կ’ըսես որ իրաւունք ունէր...»:
Գէորգեան ճիւղը (Կամախ/Քեմախ, Ատաբազար, Թեսաղոնիկէ)
Արաքսիին մայրը Արմենուհի Աբէլեանն էր (ծնեալ Գէորգեան): Արմենուհիին ծնողներն էին Միհրան Գէորգեանը (1881-1937) եւ Արաքսի Տատուրեանը (1892-1938): Արաքսի Տատուրեան ծնած էր Թեսաղոնիկէ, ծնողներն էին Կարապետ եւ Իսկուհի Տատուրեանները։ Գիտենք որ Տատուրեան ընտանիքը 1890-ական թուականներուն Թեսաղոնիկէէն կը մեկնի Ատաբազար (այդ ժամանակ այս երկու քաղաքները Օսմանեան կայսրութեան մաս կը կազմէին)։ Այս էջով ներկայացուած է Արաքսի Տատուրեանի 1898 թուականի վիճակացոյցը՝ Ատաբազարի «Արամեան եւ Գայիանեանց» երկսեռ վարժարանէն։ Յայտնի չէ թէ Տատուրեան ընտանիքը մինչեւ ո՞ր թուականը Ատաբազար մնացած է, բայց ծանօթ է որ Արաքսի երբ տակաւին երիտասարդ էր, կրկին կը տեղափոխուին Թեսաղոնիկէ, ուր կը հաստատուին վերջնականապէս։
Միհրան Գէորգեանին ընտանիքը Երզնկայի շրջանի Կամախի (Քեմախ) գաւառակէն էր։ Միհրան ինք ալ ծնած էր Կամախ։ Միհրանին հայրը՝ Գէորգը, Կամախի մէջ կը զբաղէր սուրճի արտադրութեամբ։ Ան ունէր խանութ մը, ուր կը վաճառէր իր խարկած եւ պատրաստած սուրճը: 1895-ի հակահայ ջարդերուն ընթացքին Միհրան կը կորսնցնէ իր հարազատները եւ որբ կը մնայ։ Կ’ենթադրուի թէ արեւմտեան մարդասիրական կազմակերպութիւն մը կը ստանձնէ Միհրանին հոգատարութիւնը եւ նոյն կազմակերպութեան ճամբով ալ փոքր տարիքին կը հասնի Թեսաղոնիկէ։
Միհրան եւ Արաքսի կ’ամուսնանան Թեսաղոնիկէի մէջ եւ կ’ունենան չորս զաւակ՝ Գէորգ (1913-1995), Կարպիս-Կարապետ (1915-1982), Արմենուհի (1920-1984) եւ Առաքել (1930-2021): Միհրան Թեսաղոնիկէի մէջ հօր նման կը զբաղէր սուրճի արտադրութեամբ եւ սուրճի վաճառականութեամբ։
Միհրան եւ Արաքսի աշխուժ դերակատարներ եղած են Թեսաղոնիկէի հայկական ազգային կեանքին մէջ։ Միհրան Գէորգեան հիմնադիրներէն է քաղաքին Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցիին: Սկզբնական շրջանին գաղութը ունեցած է 1884-ին հիմնուած մատուռ մը, որ կը գտնուէր տան մը վերնայարկը եւ բաղկացած էր 3 սենեակներէ: Տարիներու ընթացքին մատուռը յաճախ կը տեղափոխուի, բայց միշտ վարձու տուներու մէջ կը հանգրուանէր այս աղօթավայրը։
Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին կալուածը կը գնուի 1884-ին։ Երկար ձգձգումներէ ետք, օսմանեան իշխանութիւնները ի վերջոյ կը շնորհեն եկեղեցիին շինարարութեան արտօնագիրը։ Աշխատանքները ծայր կ՚’առնեն 1902-ին։ Մեծ թիւով թեսաղոնիկեցի հայեր ամենայն նուիրումով մասնակցած են եկեղեցիի ծրագիրի իրագործումին։ Անոնցմէ մէկն էր նաեւ Միհրան Գէորգեան: Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ շինութիւնը կ’աւարտի 1903-ին եւ Նոյեմբեր 6-ին տեղի կ’ունենայ անոր հանդիսաւոր օծումը։
Եկեղեցիին ճարտարապետն էր Վիթալիանօ Փոսելլին (Vitaliano Poselli, 1838-1918), որ քաղաքին մէջ յայտնի անուն էր իբրեւ ճարտարապետը Թեսաղոնիկէի մէջ հանրային կարեւոր բազմաթիւ շէնքերու (Ենի ճամի, Տիիքիթիրիօն, առաջին համալսարանի շէնք, Banque de Salonique): Կ’ենթադրուի թէ այս յայտնի ճարտարապետը հայկական եկեղեցի կառուցելու գործին լծուած է հայկական գաղութի անդամներէն շատերու հետ սերտ կապեր ունենալուն համար: 1907-ին, եկեղեցւոյ կից կը կառուցուի երկյարկանի շէնք մը, որ կը պարունակէ ակումբ եւ դիւանատուն: Տարիներ վերջ, այդ ակումբին մէջ պիտի գործէր հայկական շաբաթօրեայ Ծաղկոց վարժարանը:
1937-ին, հիւանդութեան մը հետեւանքով Միհրան Գէորգեան կը մահանայ յարաբերաբար երիտասարդ տարիքի մէջ։ Ամուսինին մահը խորապէս կը ցնցէ Արաքսին, որ կը մահանայ մէկ տարի ետք (1938)։ Միհրանի եւ Արաքսիի դուստրը՝ Արմենուհի, այդ ժամանակ հազիւ 17 տարեկան, կը ստանձնէ իր երեք եղբայրներուն հոգատարութիւնը: Իրենց ծնողներուն այս կանխահաս մահերը արգելք չեն ըլլար, որ չորս զաւակներն ալ որակեալ ուսում ստանան։ Բոլորն ալ յաճախած են Թեսաղոնիկէի «Կիւլլապի Կիւլպէնկեան» հայկական վարժարանը: Երեք մանչերը համալսարան կ’աւարտեն, իսկ Արմենուհի՝ նոյն քաղաքի ամերիկեան «Անաթոլիա» քոլէճը: Այս կրթարանը ամերիկացի միսիոնարներ հիմնած էին Մարզուան/Մերզիֆոնի մէջ՝ հայ եւ յոյն աշակերտներու համար։ Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք, սոյն հաստատութիւնը 1924-ին կը հաստատուի Թեսաղոնիկէ, ուր սկզբնական շրջանին դպրոցական ուսում կը ստանային մեծ թիւով հայեր, այնպէս որ տնօրէնութիւնը հոն հաստատած էր նաեւ հայերէնով դասապահեր։
Իր դպրոցական ուսման աւարտէն ետք, Արմենուհի Գէորգեան կը մասնակցի Թեսաղոնիկէի ազգային կեանքին, անդամակցելով Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) միաւոր՝ Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչին: Արմենուհի նուիրումով կը գործէ այս կազմակերպութեան մէջ եւ երկար տարիներ կ’անդամակցի անոր շրջանային վարչութեան։ Լաւ տիրապետած ըլլալով հայոց լեզուին, 1960-ական թուականներուն կը ստանձնէ հայերէնի դասաւանդութիւնը ՀՕՄի «Սիրանուշ Մալաքեան-Գասպարեան» ծաղկոց-վարժարանին մէջ, որ կը գործէր շաբաթական երկու օրուայ դրութեամբ։ Ան այս հաստատութենէն ներս սիրայօժար ու անվարձահատոյց կը պաշտօնավարէ աւելի քան երեսուն տարի (1960-1990):
1907-ին հիմնուած այս վարժարանը սկսած է գործել Մաննիկ Տեփանեանի տնօրէնութեամբ՝ 20-30 աշակերտով: Ծաղկոց-նախակրթարանին գործունէութիւնը կը տեւէ մինչեւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի սկիզբը։ 1956-ին դպրոցը կը վերաբացուի: 1990-ին, ծաղկոց-նախակրթարանը կը տեղափոխուի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ կից շէնք։ Այժմ կը գործէ իբրեւ շաբաթօրեայ վարժարան:
Արմենուհի Գէորգեան տասնամեակներ շարունակ իր աշխոյժ մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ գաղութի «Ադամեան» քառաձայն երգչախումբին եւ թատերախումբին: Հայ Գթութեան Խաչ կազմակերպութեան մէջ ան կը ծանօթանայ Յակոբ Աբէլեանին։ Անոնք կ’ամուսնանան 1950-ին։ Յաջորդ տարի կը ծնի անոնց դուստրը՝ Արաքսին: Յակոբ նոյնպէս եղած է Թեսաղոնիկէի գաղութի գործունեայ անդամներէն:
Իր մօր՝ Արմենուհիի օրինակով Արաքսի Աբէլեան յունական նախակրթարանին զուգահեռ կը յաճախէ «Մալաքեան-Գասպարեան» վարժարան, ապա իր երկրորդական ուսումը կը ստանայ «Անաթոլիա» քոլէճին մէջ։ Արաքսի Թեսաղոնիկէի Արիսթոթելեան պետական համալսարանին մէջ (Aristotle University of Thessaloniki) ուսանած է անգլերէն լեզու եւ բանասիրութիւն, ապա մասնագիտացած է թարգմանութեան մէջ՝ աւարտելով Ժընեւի համալսարանը (École de traduction et d’interprétation de l'Université de Genève): Արաքսի երկար տարիներ աշխատած է իբրեւ ժողովներու թարգմանիչ։ Մեծ ներդրում ունեցած է նաեւ յունահայ ազգային կեանքին մէջ՝ յատկապէս անդամակցելով Հայ Դատի տեղական, եւրոպական ու կեդրոնական յանձնախումբերուն։
Արաքսի ամուսնացած է Գէորգ Գոլանեանի հետ եւ ունի որդի մը՝ Արամ: