Նատիա Պասմաճեան-Սարաֆեան հաւաքածոյ – Սելանիկ

Հեղինակ՝ Անի Աբիկեան, 30/03/2025 (վերջին փոփոխութիւն՝ 030/03/2025)։ Սոյն էջը պատրաստուեցաւ գործակցութեամբ Աթէնքի «Արմենիքա» պարբերաթերթին։

Պասմաճեան ճիւղը (Պոլիս, Սամսուն, Պրիւքսէլ, Թեսաղոնիկէ/Սելանիկ)

Նատիային հօրական մեծ հայրը Գարեգին Պասմաճեանն էր, որ կ’ապրէր Սկիւտարի մէջ (Պոլիս): Գարեգին ամուսնացած էր Պէաթրիսի (ծնեալ Նշանեան, 1862-1943) հետ: Ունէին հինգ զաւակ. Մանուկ, Արմենուհի, Արա եւ երկուորեակներ՝ Հայկուհի եւ Հայկ (ծնած 1896-ին, Նատիա Սարաֆեանին հայրը): Հայկուհի մէկ տարեկանին կաթի նկատմամբ դիւրազգացութիւն կ’ունենայ ու կը մահանայ: Գարեգին եւ Պէաթրիս Պասմաճեանի ընտանիքը որոշ ժամանակ կ’ապրի Պոլսոյ ասիական կողմի Սկիւտար թաղամասը, ապա կը տեղափոխուի քաղաքին եւրոպական կողմի Բերա թաղամաս, ուր կը մնայ մինչեւ 1919-ը:

Բերայի մէջ Գարեգին Պասմաճեան կը զբաղէր կերպասագործութեամբ եւ վաճառականութեամբ: Ան սեփականատէրն էր երեք փոքր խանութներու, որոնք կը գտնուէին Պոլսոյ Ծածկած շուկային մէջ (Kapalıçarşı)։ Հաւանաբար, ընտանիքը Պասմաճեան մականունը կրած է սոյն արհեստին պատճառով (պասմա թրքերէնով կը նշանակէ «մամլած կերպաս»): Չորս զաւակները իրենց նախնական կրթութիւնը կը ստանան Սկիւտարի հայկական մէկ վարժարանին մէջ, ապա բարձրագոյն կրթութիւնը կը ստանան դարձեալ Սկիւտարի մէջ գտնուող Պէրպէրեան վարժարանին մէջ:

Հայկին քոյրը՝ Արմենուհին, շատ հաւանական է որ կիսատ ձգած է իր դպրոցական ուսումը: Ան պատանի տարիքին կը հանդիպի Միքայէլ Մսըրեանին եւ կը սիրահարուին: Միքայէլ ծնած էր Սամսոն, արտադրական եւ առեւտրական աշխոյժ գործունէութիւն ունէր ծխախոտի մարզին մէջ. յաճախ այլ քաղաքներ կը ճամբորդէր իր գործին բերումով: Պոլիս կատարած իր մէկ ճամբորդութեան ընթացքին է, որ Միքայէլ եւ Արմենուհի իրարու կը հանդիպին: Կարճ ժամանակ ետք զոյգը Սամսոնի մէջ կ’ամուսնանայ եւ կ’ունենայ երեք դուստր` Լուիզ, Անահիտ եւ Ատրինէ (ծնած է 1915-ին): Միքայէլ եւ Արմենուհի Մսըրեանի ընտանիքը կ’որոշէ դուրս գալ Օսմանեան կայսրութենէն: Կը տեղափոխուին Պրիւքսէլ, ուր կը գտնուէր Միքայէլի ծխախոտի ընկերութեան կեդրոնը: Միքայէլի եւ Արմենուհիի երեք դուստրերը իրենց ուսումը կը ստանան Պրիւքսէլի մէջ: Տարիները կ’անցնին, աղջիկները կը մեծնան, կ’ամուսնանան եւ ընտանիք կը կազմեն տարբեր երկիրներու մէջ:

Ատրինէ կ’ամուսնանայ Զարեհ Չէչէեանի հետ։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք կը տեղափոխուին Նիւ Եորք, ուր բացուած էր Միքայէլ Մսըրեանի ծխախոտի ընկերութեան մասնաճիւղը։

Լուիզ կ’ամուսնանայ Պօղոս Ֆրէնկեանի հետ Փարիզի մէջ։ Կ’ունենան երեք դուստր: Պօղոսին երէց եղբայրը՝ Նուրհան Ֆրէնկեանը, 1953-ին հայկական թանգարան մը կը հիմնէ Փարիզի 16-րդ թաղամասին մէջ (Musée arménien de France): Այժմ թանգարանը գոց է, սակայն հաւաքածոն կարելի է այցելել առցանց՝ le-maf.com կայքէջին ճամբով: Նուրհան Ֆրէնկեան եղած է Հ. Բ. Ը. Մ.ի Ֆրանսայի ու Եւրոպայի կառոյցներու ղեկավարներէն եւ միութեան բարերարներէն։

Անահիտ կ’ամուսնանայ Էլմասեանին (անունը անյայտ է) հետ, Լոնտոնի մէջ։ Կ’ունենան մէկ մանչ։

Միքայէլ Մսըրեան իր նիւթական աջակցութեամբ մեծապէս նպաստեց 1921-ին Պերլինի մէջ Թալէաթ փաշան ահաբեկած Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութեան ընթացքին անոր իրաւական պաշտպանութեան ապահովման։ Տարագրութեան տարիներուն Միքայէլ իր նիւթական միջոցներով կրցաւ փրկել Ցեղասպանութեան ականատես իր աներորդի Մանուկը:

Մանուկ Պասմաճեան՝ Նատիային հօրեղբայրը, ճարտարապետութիւն ուսանած էր, միաժամանակ ատաղձագործութեամբ եւ վաճառականութեամբ կը զբաղէր: Ան նկարչութեան մէջ յատուկ տաղանդ ունէր։ Ստացած էր նաեւ երաժշտական ուսում:

Ցեղասպանութեան սկզբին, Մանուկ Պասմաճեան մաս կը կազմէ Պոլսոյ եւ Իզմիրի մէջ օսմանեան իշխանութիւններու ձերբակալած հայ մտաւորականներու խումբին։ Այսպէս, Պոլսոյ մէջ կը բանտարկուին 600 հայ երեւելիներ, որոնց կարգին կը գտնուէին մտաւորականներ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ։ Անոնք կը տարագրուին օսմանեան տարածքի զանազան վայրեր։ Մեծամասնութիւնը կը սպանուի։ Մանուկ Պասմաճեան եւս կ’ապրի տարագրութեան ամբողջ մղձաւանջը: Ապրիլ 24-ի երեկոյեան, Մանուկ գործէն տուն վերադարձած էր եւ ըստ իր ամենօրեայ սովորութեան կը պատրաստուէր գաւաթ մը օղի խմել տան պարտէզը. օսմանցի ոստիկան մը կը ներկայանայ եւ Մանուկէն քաղաքավարօրէն կը խնդրէ հետեւիլ իրեն մինչեւ ոստիկանատուն՝ իբր թէ աննշան հարցի մը համար: Ան մաս կը կազմէր դէպի Չանղըրը (Անգարայի մօտիկ քաղաք մը) աքսորուած հայ երեւելիներու խումբին, որուն մէջ էր նաեւ Կոմիտաս Վարդապետը։ Խումբին անդամները գիշերները ծունկի կու գային եւ միասնաբար կ’աղօթէին ու կ’երգէին Կոմիտաս Վարդապետին հետ:

Մանուկ եղաւ Չանղըրըի հայ աքսորականներու հազուագիւտ վերապրողներէն։ Ան աքսորէն կ’ազատի շնորհիւ քեռայրին՝ Միքայէլ Մսըրեանի նիւթական միջամտութիւններուն։ Միքայէլ կը կաշառէ օսմանցի պաշտօնեաներ եւ կ’ապահովէ աքսորէն Մանուկին Պոլիս վերադարձը։ Մանուկ այդ ժամանակ 28 տարեկան էր: Եղբայրը՝ Հայկը, իր դստեր՝ Նատիային կը պատմէր, թէ վերադարձի գիշերը ընտանիքը Մանուկը կը դիմաւորէ մեծ խանդավառութեամբ եւ ջերմութեամբ։ Իրեն համար պատրաստած ամէնօրեայ օղին անեղծ պահուած էր աքսորի օրէն ի վեր եւ կրկին կը հրամցուի Մանուկին։

Ծխախոտի փայտեայ եւ սատափեայ տուփ։ Մօտաւորապէս 1900-էն պատկանած է Հայկ Պասմաճեանի (Պոլիս):
Ծխախոտի արծաթեայ տուփ։ Պատկանած է Հայկ Պասմաճեանի (Պոլիս): Վանէն յուշանուէր մըն է:

Առաջին համաշխարհային պատերազմի այս ժամանակներուն է նաեւ, որ Մանուկին եղբայրը՝ Հայկ, կը գտնուէր զինուորագրութեան տարիքին մէջ, բայց կը փորձէ խուսափիլ զօրակոչէն։ Սկզբնական շրջանին ան թաքնուած կը մնայ իրենց տան տանիքը։ Երբ ոստիկաններ տուն կը ներխուժեն զինք գտնելու նպատակով, ան կը յաջողի տանիքէն փախիլ։ Ընտանիքի ներկայի անդամները ծանօթ չեն հետագայ պատմութեան։ Մէկ բան յստակ է՝ Հայկ կը վերապրի Ցեղասպանութենէն։

30 հոկտեմբեր 1918-ին զինադադար կը հաստատուի եւ դաշնակից ուժեր կը գրաւեն Պոլիսը։ 1919-ին Պասմաճեան ընտանիք Պոլիսը կը ձգէ ու կը հաստատուի Պրիւքսէլ: Երկու եղբայրները՝ Մանուկը եւ Հայկը, անմիջապէս գործի կը լծուին իրենց փեսային՝ Միքայէլ Մսըրեանի ծխախոտի ընկերութեան մէջ։ Երրորդ եղբայրը՝ Արան կը մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Գարեգին Պասմաճեան կը շարունակէ մնալ Սկիւտար, ուր կ’ապրի մինչեւ իր կեանքին վերջը: 1938-ին Հայկ Պասմաճեան կը տեղափոխուի Յունաստանի Սելանիկ քաղաքը։ Հոն կը ծանօթանայ Նուարդ Մեծիկեանին եւ կ’ամուսնանան:

1924-ին Մանուկ կ’ամուսնանայ Սելանիկ ծնած Ալիս Պոյաճեանի հետ: Պսակադրութիւնը տեղի կ’ունենայ Սելանիկի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Նատիային մայրը՝ Նուարդը, Ս․ Պսակի հարսնքոյրն էր։ Մանուկ եւ Ալիս կ’ունենան երկու մանչ. Գարեգին-Պերճ եւ Տիրան: Մանուկ Պասմաճեանն ու ընտանիքը Սելանիկէն կը տեղափոխուին Գերմանիա ու կ’ապրին Տրեստէն, Լայփցիկ, այնուհետեւ Համպուրկ քաղաքներուն մէջ։ Վերջին քաղաքին մէջ Մանուկ կը հիմնէ ամբողջովին գերմանացիներէ բաղկացած երգչախումբ մը, որու համերգներուն ընթացքին կը հնչեն հայկական երգեր, մանաւանդ Կոմիտաս Վարդապետին մշակումները։

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին ընթացքին ընտանիքը կը վերահաստատուի Սելանիկ, ուր կը գտնուէին Մանուկին մայրը՝ Պէաթրիսը եւ կրտսեր եղբայրը՝ Հայկը: Հոս կը մնան հինգ տարի, ապա մէկ տարի կ’ապրին Աթէնքի մէջ: Պատերազմի աւարտէն ետք Միքայէլ Մսըրեանի ծխախոտի ընկերութիւնը կը դադրի գործելէ Պրիւքսէլի մէջ: Մանուկ իր ընտանիքին հետ կը վերադառնայ Պրիւքսէլ եւ հոն կը հիմնէ ակնոցաշինութեան գործարան մը: Մանուկ կը մահանայ Պրիւքսէլի մէջ՝ 1964-ին:

Մանուկի եւ Ալիսի որդիներէն Տիրանը տարրաբանութիւն կ’ուսանի Ցիւրիխի (Զուիցերիա) համալսարանին մէջ, հետագային իբրեւ հետազօտող կ’աշխատի Թորոնթոյի (Գանատա) համալսարանին մէջ։

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին, երբ նացիական Գերմանիոյ բանակները կը գրաւեն Յունաստանը, Գարեգին-Պերճ իր մասնակցութիւնը կը բերէ դիմադրութեան եւ մաս կը կազմէ Ազգային Ազատագրական Ճակատին (ԷԱՄ): Դժբախտաբար, ընտանիքին բանաւոր պատմութեան մէջ այլ տեղեկութիւններ չեն պահուած այս մասին։

Գարեգին-Պերճ բժիշկ դառնալու մեծ բաղձանք ունէր։ Ան կը ստանայ Ա. Մ. Ն.ի մէջ բժշկութիւն ուսանելու կրթաթոշակ մը, սակայն իբրեւ համայնավար իր մասնակցութիւնը հականացիական դիմադրական շարժումին՝ պատճառ կ’ըլլայ որ ամերիկեան իշխանութիւնները մերժեն իր դիմումը։

Գարեգին-Պերճ կ’ամուսնանայ Էլօ Յարութիւնեանի հետ։ Կ’ունենան երկու զաւակ՝ Պատրիկ եւ Ալիս: Երկուքն ալ հետագային բժշկութիւն կ’ուսանին Պրիւքսէլի մէջ:

Մեծիկեան ճիւղը (Պոլիս, Թեսաղոնիկէ, Ա. Մ. Ն.)

Նատիայի մօրական մեծ ծնողներն էին Լեւոն Մեծիկեանը (ծնած Չմշկածագ՝ 1877-ին) եւ Աղաւնի Թաշճեանը (ծնած Էտիրնէ՝ 1887-ին): Լեւոն որդին էր Տօնիկ եւ Նազէն Մեծիկեաններուն, որոնց միւս զաւակն էր Սարգիսը: Սուլթան Ապտուլ Համիտի կազմակերպած 1895-ի հայկական ջարդերուն ժամանակ, Տօնիկ կը յաջողի Չմշկածագէն Պոլիս տեղափոխել իր երկու որդիները՝ Լեւոնը եւ Սարգիսը։ Մինչեւ տղաքը Պոլիս կը հասնին, Չմշկածագ մնացած Տօնիկը, Նազէնը եւ իրենց նորածինը՝ Նուարդը, կը սպանուին իրենց տան մէջ։

Դէպի Պոլիս փախուստի ճամբուն վրայ Լեւոնին եւ Սարգիսին ուղեկցող թուրք մը կը կողոպտէ զիրենք։ Եղբայրները Պոլիս կը հասնին կորսնցուցած իրենց բոլոր դրամները։ Սկզբնական շրջանին կ’աշխատին ճաշարանի մը մէջ ուր նաեւ կը գիշերէին։ 1897-ին Պոլիսէն կը տեղափոխուին Թեսաղոնիկէ (որ այդ ժամանակ մաս կը կազմէր Օսմանեան կայսրութեան, ներկայիս` Յունաստան)։ Սարգիս այնուհետեւ կը մեկնի Սերպիա` Պելկրատ, ուր կ’ամուսնանայ եւ կ’ունենայ երկու զաւակ:

Օսմանեան երկու ոսկի լիրա՝ վերածուած ականջօղի։ Պատկանած են Նատիա-Անահիտ Սարաֆեանի մօրական՝ Թաշճեան ընտանիքին (Էտիրնէ)։
Ոսկեզօծ դրամապանակ։ Պատկանած է Նատիա-Անահիտ Սարաֆեանի մօրական՝ Թաշճեան ընտանիքին (Էտիրնէ)։
Օսմանեան ոսկի լիրաներէ կազմուած ապարանջան։ Պատկանած է Նատիա-Անահիտ Սարաֆեանի մօրական՝ Թաշճեան ընտանիքին (Էտիրնէ)։
Ոսկի շղթայ։ Պատկանած է Աղաւնի Մեծիկեանին (ծնեալ Թաշճեան)։
Ադամանդէ եւ սուտակէ (մուգ կարմիր գոհար, կարկեհան) ականջօղեր եւ լանջասեղ։ Պատկանած են Աղաւնի Մեծիկեանին (ծնեալ Թաշճեան, Էտիրնէ՝ 1887-ին):
Արծաթեայ թելերով ձեռքի պայուսակ։ Մօտաւորապէս 1900-էն ի վեր պատկանած է Աղաւնի Մեծիկեանին (ծնեալ Թաշճեան), Սելանիկ։
Շատ տեղեկութիւններ չունինք պղնձեայ այս թասին մասին, բայց գիտենք որ անիկա նուէր է Աղաւնի Մեծիկեանին (ծնեալ Թաշճեան)՝ անոր երկրորդ զաւակին ծննդեան առթիւ։ Նուիրողը Սիսակեան անունով անձ մըն է, որ նաեւ անունը փորագրած է թասի յատակին։ Գիտենք նաեւ որ Սիսակեան Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն բանտարկուած էր, թէեւ յայտնի չէ թէ ուր։ Այս թասը ան պատրաստած է բանտարկութեան տարիներուն եւ անոր վրայ փորագրած է «Յիշատակ Համ. Պատերազմէ 1914-1919»։
Շատ տեղեկութիւններ չունինք պղնձեայ այս թասին մասին, բայց գիտենք որ անիկա նուէր է Աղաւնի Մեծիկեանին (ծնեալ Թաշճեան)՝ անոր երկրորդ զաւակին ծննդեան առթիւ։ Նուիրողը Սիսակեան անունով անձ մըն է, որ նաեւ անունը փորագրած է թասի յատակին։ Գիտենք նաեւ որ Սիսակեան Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն բանտարկուած էր, թէեւ յայտնի չէ թէ ուր։ Այս թասը ան պատրաստած է բանտարկութեան տարիներուն եւ անոր վրայ փորագրած է «Յիշատակ Համ. Պատերազմէ 1914-1919»։
Շատ տեղեկութիւններ չունինք պղնձեայ այս թասին մասին, բայց գիտենք որ անիկա նուէր է Աղաւնի Մեծիկեանին (ծնեալ Թաշճեան)՝ անոր երկրորդ զաւակին ծննդեան առթիւ։ Նուիրողը Սիսակեան անունով անձ մըն է, որ նաեւ անունը փորագրած է թասի յատակին։ Գիտենք նաեւ որ Սիսակեան Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն բանտարկուած էր, թէեւ յայտնի չէ թէ ուր։ Այս թասը ան պատրաստած է բանտարկութեան տարիներուն եւ անոր վրայ փորագրած է «Յիշատակ Համ. Պատերազմէ 1914-1919»։

Լեւոն Սելանիկի մէջ կը ծանօթանայ Էտիրնէ ծնած Աղաւնի Թաշճեանին (1887-1973), որու հետ հետագային կ’ամուսնանայ: Աղաւնի 1900-ին ընտանեօք հաստատուած էր Օսմանեան կայսրութեան մաս կազմող Տէտէաղաճ (ներկայիս Ալեքսանտրուպոլիս, Յունաստան): Աղաւնիի մայրը Էֆխարիսն էր (ծնեալ Սուգիգեան), որ կը կոչուէր նաեւ Բարիս։ Հայրը՝ Կիրակոսը Էտիրնէի մէջ ճաշարան մը ունէր, որու յաճախորդներէն շատեր Էսկիշեհիրի երկաթուղագիծի պաշտօնեայ էին: Էֆխարիս եւ Կիրակոս ունէին երեք այլ զաւակներ. Ստեփան, որ Յունաստանի մէջ կ’անդամակցի Համայնավար կուսակցութեան եւ 1947-ին կը հայրենադարձուի. Լիւտվիկ, որ աւելի ուշ կը մեկնի Եգիպտոս. Մկրտիչ, որ հետագային կը հաստատուի Ֆրանսա:

1903-ին երբ Սելանիկի մէջ ծայր կ’առնէ Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ շինարարութիւնը, Լեւոն Մեծիկեան իբրեւ գործաւոր կը մասնակցի երկաթագործութեան աշխատանքներուն՝ Մինասեան (անունը անյայտ է) մականունով հայու մը ղեկավարութեան տակ: Լեւոն կը հիւրընկալուի Մինասեանի բնակարանին մէջ ու կ’աշխատի անոր պատկանող դարբնոցին մէջ: Մինասեան անզաւակ ըլլալուն՝ կը ստանձնէ Լեւոնին հոգատարութիւնը: Մինասեանին քաջալերանքով, Լեւոն կ’որոշէ դարբինի արհեստին մէջ մասնագիտանալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ: Լեւոն եւ Աղաւնի այդ ժամանակ տակաւին չէի ամուսնացած։ Ամերիկեան մասնագիտացման տարիներուն, երկու սիրահարները նամակագրական կապ կը պահեն, հեռակայ կը նշանուին, իրարու կը խոստանան աւելի ուշ օրինաւոր ամուսնանալ եւ Սելանիկ ապրիլ: Աղաւնիի Լեւոնէն ստացած բացիկներէն երկու հատը ընտանիքը մինչեւ այսօր պահած է (անոնք ներկայացուած են այս էջով)։

Լեւոն Մեծիկեանի՝ իր սիրուհիին՝ Աղաւնի Թաշճեանին ղրկած նամակային բացիկը։ Գրութենէն կ’իմանանք, թէ Լեւոն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ դեռ չէ հասած։ Ան Աղաւնիին կ’իմացնէ, որ ֆրանսական Շէրպուրկ նաւահանգիստը պիտի հասնի, հոնկէ ալ պիտի մեկնի Մարսէյ։ Հաւանաբար այս վերջին նաւահանգիստէն է, որ Ա. Մ. Ն. գացող նաւը պիտի բարձրանայ։ Բացիկին թուականը 30 Յունիս է. տարին թէեւ բաւական անընթեռնելի է, բայց կրնայ 1908 ըլլալ։

Աղաւնի Թաշճեանի եւ Լեւոն Մեծիկեանի ամուսնութեան լուսանկարը, 10 Դեկտեմբեր 1909, Տէտէաղաճ, Օսմանեան կայսրութիւն (ներկայիս Ալեքսանտրուպոլիս, Յունաստան): Լուսանկարիչը Սելանիկ քաղաքէն հայազգի Փոլ Զէփճին է, որ նախապէս այս արհեստով զբաղած է Զմիւռնիոյ մէջ։

Խոստումին իրականացումը տեղի կ’ունենայ 1909-ին Սելանիկի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Կ’ունենան երկու դուստր՝ Նազէ (ծնած 1910-ին) եւ Նուարդ (ծնած 1915-ին): Լեւոն եւ Աղաւնի կ’ապրին Սելանիկի Պեշ Չինար թաղամասին մէջ։ Հոս կը գտնուէր նաեւ ամերիկեան «Socony Mobil Oil» քարիւղի ընկերութեան մասնաճիւղը, ուր Լեւոն սկիզբը կ’աշխատի իբրեւ թիթեղաշինութեան գործարանի մեքենագէտ, ապա անոր կը վստահուի ընդհանուր վերահսկիչի պաշտօնը։ 1922-ին, երբ Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք մեծ թիւով հայ գաղթականներ Յունաստան կ’ապաստանին, Լեւոն իր վերահսկած ընկերութեան մէջ աշխատանքի կը հրաւիրէ 100-է աւելի հայ գործաւորներ:

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, երբ նացիական բանակներ կը գրաւեն Յունաստանը (1941-1945), բազմաթիւ ընկերութիւնններ եւ գործարաններ կը ստիպուին դադրիլ գործելէ: Լեւոն Մեծիկեանի ղեկավարած «Socony Mobil Oil» ընկերութիւնը նոյնպէս կը փակուի 1941-ի Ապրիլին, երբ գերմանական ուժերը կը մտնեն Սելանիկ: Գերմանացիներու ներխուժումէն անմիջապէս առաջ յունական իշխանութիւնները Լեւոնին կը տեղեկացնեն, թէ բրիտանական դաշնակից բանակը պիտի պայթեցնէ ռազմավարական կարեւորութիւն ներկայացնող այդ գործարանը՝ գերմանացիներուն ձեռքը անցնելէն առաջ։ Լեւոնենց տունը քարիւղի ընկերութեան մօտիկ էր։ Ընտանիքին անդամները իրենց հետ վերցնելով տան ապրանքները, տունէն կը հեռանան պայթումէն առաջ։

Ապրիլ 8-ի գիշերը նացիական բանակը կը գրաւէ Սելանիկը։ Մէկ շաբաթ ետք՝ Ապրիլ 16-ին գրաւման իշխանութիւնները կը ձերբակալեն Լեւոն Մեծիկեանը՝ «գաղտնի գործակալի» ամբաստանութեամբ եւ զայն կը քշեն Սելանիկի հիւսիս-արեւելքի «Էփթափիրղիօ» (Yedi Kule) բերդաքաղաքին բանտը: Լեւոն ազատազրկուած կը մնայ մօտաւորապէս 3 ամիս։ Արգելափակման պայմանները չափազանց խիստ էին։ Այս ամիսներուն ընթացքին ան կը սկսի տառապիլ խաժախտէ (glaucoma) եւ կը կորսնցնէ մէկ աչքին տեսողութիւնը։ Նաեւ կը սկսին երեւալ Փարքինսոնի հիւանդութեան առաջին ախտանշանները։ Ազատ արձակուելէ ետք Լեւոն կը շարունակէ աշխատիլ քարիւղի նոյն ընկերութեան մէջ՝ մինչեւ կենսաթոշակի անցնիլը։ Լեւոն Մեծիկեան կը մահանայ 1953-ին:

Լեւոնի եւ Աղաւնիի դուստրերէն Նուարդը (Նատիային մայրը) 1938-ին կ’ամուսնանայ Հայկ Պասմաճեանի հետ։ 1939-ին կը ծնի անոնց առաջնեկը՝ Նատիա-Անահիտը, իսկ 1943-ին՝ Հրանդ-Միքայէլը: Նոյն տարին Սելանիկի մէջ կը մահանայ Հայկին մայրը՝ Պէաթրիս Պասմաճեանը:

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի բռնկումէն ետք, Մսըրեան ծխախոտի ընկերութիւնը կը փակուի: Մօտաւորապէս տասը տարի Հայկ Պասմաճեանի աշխատանքային գործունէութիւնը կը դադրի։ Միայն 1952-ին է, որ Հայկ կը սկսի պաշտօնավարել Յունաստանի հիւսիսային Գավալա քաղաքին մէջ Միքայէլ Մսըրեանի եղբօր՝ Արմէնին պատկանող ծխախոտի ընկերութեան մէջ: Հայկին կինը՝ Նուարդը աւարտած էր Սելանիկի ամերիկեան «Անաթոլիա» քոլէճը։ Հոս դասաւանդուող հայերէն պահերուն շնորհիւ, ան կը բարելաւէ հայերէնի իր իմացութիւնը: Նուարդ կ’անդամակցի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Սելանիկի մասնաճիւղին եւ երկար տարիներ կը վարէ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհիի պաշտօնը: Նուարդ իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Հայ Գթութեան Խաչի եւ Հ. Բ. Ը. Մ.ի միատեղ կազմակերպած բանակումներուն:

Հրանդ-Միքայէլ կը զբաղի կօշկակարութեամբ եւ կօշիկներու վաճառքով: Ան կ’ամուսնանայ Հռիփսիմէ Ալեանաքեանի հետ։ Կ’ունենան երկու զաւակ: 2024-ի ամռան Հրանդ-Միքայէլ կը մահանայ ուղեղային հիւանդութեան մը հետեւանքով:

Նատիա-Անահիտ իր կրթութիւնը կը ստանայ Սելանիկի «Անաթոլիա» քոլէճին մէջ։ Ան հայերէնի անձնական դասեր ստացած է Սելանիկի Ծաղկոց նախակրթարանի ուսուցչուհի Մէրի Մանուկեանէն։ Նատիա-Անահիտ դպրոցէն շրջանաւարտ ըլլալէն ետք, ձեռք կը ձգէ ԱմերիկայիՄիացեալ Նահանգներու մէջ ուսանելու կրթաթոշակ մը։ Քալիֆորնիոյ մէջ կը մասնակցի ուսանողներու փոխանակման ծրագիրին (American Field Service Intercultural Programs): Հետագային Նատիա կը մասնագիտանայ թարգմանութեան մէջ եւ կ’աւարտէ Ժնեւի համալսարանը (École de traduction et d’interprétation de l’Université de Genève): Նատիա-Անահիտ 1971-ին Աթէնքի մէջ կ’ամուսնանայ Վարուժան Սարաֆեանի հետ։ Կ’ունենան երկու զաւակ՝ Թովմաս եւ Մարգրիտ: Ընտանեօք տասը տարի կ’ապրին Զուիցերիա, ապա կը հաստատուին Նատիայի ծննդավայրը՝ Սելանիկ, ուր Նատիա «Անաթոլիա» քոլէճին մէջ մօտաւորապէս 12 տարի կը պաշտօնավարէ իբրեւ քարտուղարուհի։