Պետոյեան հաւաքածոյ – Աթէնք եւ Նէա Էրիթրայա

Հեղինակ՝ Անի Աբիկեան, 09/06/2024 (վերջին փոփոխութիւն՝ 09/06/2024)։ Սոյն էջը պատրաստուեցաւ գործակցութեամբ Աթէնքի «Արմենիքա» պարբերաթերթին։

Ժաք (Ճէյքոպ-Ֆերտինանտ, Jacob-Ferdinand) Պետոյեան/Պտոյեանի հայրը՝ Հենրիկ, ծնած է 23 մարտ 1915-ին, Բաղէշ (Պիթլիս) քաղաքին մէջ: Ան որդին է 1912-ին ամուսնացած Յակոբ Պետոյեանի եւ Մաքրուհի Պետոյեանի (ծնեալ Քիւրքճեան): Յակոբ Պետոյեանի ընտանիքը կը պատկանէր Բաղէշի հայ աւետարանական համայնքին: Մաքրուհի Յակոբին հետ ամուսնանալէ ետք նոյնպէս կը դառնայ աւետարանական:

Յակոբի սկզբնական մականունը հաւանաբար Պետրոսեան եղած է եւ աղաւաղուելով դարձած է Պետոյեան: Յակոբ եւ Մաքրուհի ունեցած են այլ զաւակ մը՝ Ֆերտինանտը, որ երկար չէ ապրած: Յակոբի հօր անունը Մարտիրոս էր, մօրը՝ Պայծառ: Այս վերջինները ունէին նաեւ դուստր մը՝ Հեղինէ, որ ամուսնացած էր Գույումճեան մականունով մարդու մը հետ:

Ժաք Պետոյեանի մօրենական մեծ մայրն ու մեծ հայրը՝ Թագուհին եւ Կարապետը, ունեցած են ինը զաւակ՝ հինգ դուստր եւ չորս որդի, որոնցմէ ծանօթ են միայն հինգին անունները. Մաքրուհի (Յակոբի մայրը), Հռիփսիմէ, Յասմիկ, Շուշան, Գրիգոր (անդրանիկ զաւակը) եւ Յարութիւն (կրտսեր զաւակը): Յակոբի մօր ընտանիքը նոյնպէս Բաղէշէն էր, ունեւոր կը սեպուէր: Կարապետ շուկայի մարդ էր, իր սեփական վաճառատունն ունէր: Իրենց տունը եռայարկ քարաշէն կառոյց էր, որ իր իւրայատուկ ճարտարապետութեամբ դարպասի կը նմանէր: Տունը կը գտնուէր Գէյիք-Մէյտան թաղամասին մէջ: Ան առնուազն մինչեւ 1936 թուականը տակաւին կանգուն էր: Այս տեղեկութիւնը հիմնուած է վերապատուելի Ռուբէն Գայըգեանի վկայութեան վրայ. ան 1936-ին կ’այցելէ Բաղէշ եւ անձամբ կը տեսնէ տունը, ուր սկսած էր բնակիլ թուրք բարձրաստիճան զինուորական մը: 1998-ին Ժաք Պետոյեանն ալ կ’այցելէ Բաղէշ, կը գտնէ ընտանեկան տունը, որ տակաւին կանգուն էր, բայց լքուած վիճակի մէջ:

Երբ Պետոյեանները տակաւին կ’ապրէին իրենց հայրենի Բաղէշ քաղաքին մէջ, այս մեծ տան մէջ կը բնակէին գերդաստանի 58 անդամները: 

Ժաք Պետոյեանի մեծ հօրաքոյրը (Մարտիրոսի եւ Պայծառի դուստրը)՝ Հեղինէ Գույումճեանը (ծնեալ Պետոյեան) տնօրէնուհին էր Բաղէշի Մաունթ Հոլեօքի աղջկանց ամերիկեան միսիոնարական վարժարանին (Mount Holyoke College): Այս վարժարանը յաճախած էր նաեւ Հենրիկի մայրը՝ Մաքրուհին: Հենրիկի հայրը՝ Յակոբ, կօշկակար էր: Մաքրուհիին հետ ամուսնութենէն ետք կը փոխէ արհեստը եւ կը սկսի անողորկ կաշիի վաճառականութիւն ընել: Հենրիկ վեց ամիսը անգամ մը գործով կը ճամբորդէր Պոլիս, ուրկէ կաշի կը ներածէր Բաղէշ:

Պետոյեանի ընտանիքի պատմութեան սերտօրէն կ’առնչուի նաեւ Սաթենիկ Վարդանեանի կեանքը: Մաքրուհի եւ Սաթենիկ հաւանաբար Բաղէշի մէջ դրացուհիներ էին: Սաթենիկ «մօրաքոյրը», ինչպէս զայն կը կոչէր Հենրիկ, ծնած էր 6 մայիս 1896-ին: Դուստրն է Բաղէշի հայ բարեկեցիկ ընտանիքներէն Աւետիս եւ Շուշան Պարնոյեանի: Անոնք ունեցած են 18 զաւակ, որոնցմէ ապրած են միայն 9-ը: Սաթենիկ կ’ամուսնանայ Պօղոս Վարդանեանի հետ եւ կ’ունենան դուստր մը:

Պօղոս Վարդանեանի եղբայրն էր վերապատուելի Խաչիկ Վարդանեան: Վերջինս սասունցի որբ մըն էր. ան կը խնամուի ամերիկացի միսիոնարներու կողմէ, 1890-ին կ’աւարտէ Խարբերդի աստուածաբանական ճեմարանը, 1903-ին կը դառնայ պատուելի եւ 1903-էն մինչեւ 1915 կը ծառայէ իբրեւ Բաղէշի աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ: Վերապատուելի Վարդանեան ամուսնացած էր Բաղէշի ամերիկեան աղջկանց վարժարանէն շրջանաւարտ Լուսընթագի հետ: Կ’ունենան երկու մանչ եւ երկու դուստր. Պարգեւ, Գիսակ, Շնորհիկ, Ծիածան: Չորս զաւակներն ալ 1915-էն առաջ կը մեկնին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր կ’ապրէր իրենց մէկ ազգականը: Գիսակ հետագային կը պաշտօնավարէ էլեկտրական ընկերութեան մը մէջ: Սաթենիկ Վարդանեան երբ հետագային Աթէնք կը հաստատուի, Գիսակ կը շարունակէր հետը կապ պահել եւ նիւթական օգնութիւն ղրկել: 1970-ին ան Աթէնք կ’այցելէ եւ կը հանդիպի Սաթենիկին:

Հայոց ցեղասպանութեան տարիները

1915-ին, երբ ծայր կ’առնէ ցեղասպանութիւնը, այս գերդաստանը կ’ենթարկուի ողբերգական ճակատագիրի: Անոր գրեթէ բոլոր անդամները կը տեղահանուին ու կը ջարդուին: Ողջ կը մնայ միայն եօթը հոգի. Մաքրուհին, անոր երկու զաւակները՝ Ֆերնինանտը եւ Հենրիկը, Մաքրուհիի եղբայրներէն Գրիգորը եւ Յարութիւնը, Մաքրուհիի կեսուրը՝ Պայծառը եւ Հեղինէ Գույումճեանը (ծնեալ Պետոյեան):

Յարութիւն կ’ապաստանի լեռները, ապա Պարսկաստանի ճամբով կ’անցնի Արեւելեան Հայաստան՝ Ալեքսանտրապոլ (ներկայիս Կիւմրի), ուր կը գտնուէին ընտանիքէն այլ վերապրողներ: Հոս Յարութիւն կը վարակուի թանչքէ ու կը մահանայ: Գրիգոր առաջին համաշխարհային պատերազմի բռնկումէն առաջ արդէն մեկնած էր Ա. Մ. Ն.: Հոն իր մէկ գործընկերը զայն կը խաբէ եւ անոր ամբողջ հարստութիւնն ու խնայողութիւնները կը խլէ ձեռքէն: Գրիգոր կը հիւանդանայ ու կը մահանայ:

Ցեղասպանութեան սկզբնաւորութեան, երբ Բաղէշի մէջ ծայր կ’առնեն հայ երեւելիներու ձերբակալութիւնները, բանտ կը տարուին նաեւ Հենրիկի հայրը՝ Յակոբը ու վերապատուելի Վարդանեանը: Օսմանցի ոստիկանները կը փորձեն վերապատուելիէն իմանալ հայ երեւելիներու թաքստոցը: Բայց հայ կրօնաւորը լուռ կը մնայ, բանտային չարչարանքներու կ’ենթարկուի ու կը սպաննուի: Այս ընթացքին, Յակոբի մայրը՝ Պայծառը, մէկ շաբաթ շարունակ ճաշ կը տանէր բանտ, բայց յաջորդ շաբաթ երբ կ’այցելէ, կ’իմանայ որ բոլոր բանտարկեալները փոխադրուած են անծանօթ վայր մը: Այնուհետեւ ոչ մէկ հետք կը յայտնուի անոնցմէ:

Մաքրուհի եւ երկու զաւակները՝ Ֆերնինանտ ու Հենրիկ, ապաստան կը գտնեն Հեղինէի տնօրինած ամերիկեան վարժարանին մէջ: Հոս կ’ապաստանին նաեւ Սաթենիկը (վերապատուելի Վարդանեանի հարսը) եւ անոր քանի մը ամսու դուստրը (անունը անյայտ է): Մէկ տարեկան Ֆերնինանտ եւ Սաթենիկի դուստրը սովէն եւ դժնդակ պայմաններէն կը տկարանան, ապա ժանտատենդէ կը վարակուին ու կը մահանան:

Հալածանքի եւ բռնութեան այս տարիներուն, թուրք սպայ մը ամէն օր վարժարան կ’այցելէր եւ կը ստուգէր թէ աշակերտներուն մէջ թաքնուած հայ մանչեր կա՞ն կամ ոչ: Հեղինէ ստորերկրեայ մառանի մը մէջ պահած էր Մաքրուհին ու Հենրիկը: Մառանը փայտի մթերանոց էր եւ գետնին տակ առաջնորդող 40 սանդուխ ունէր: Հոս կար նաեւ ջրհոր մը, ուր Հենրիկը կը պահէին ամէն անգամ որ վտանգ զգացուէր: Մայր ու որդի կ’ապրին այստեղ դժուար պայմաններու մէջ: Սնունդը բաւարար չէր, բայց ամերիկացի միսիոնարներուն շնորհիւ Հենրիկին համար կ’ապահովուի օրական գաւաթ մը կաթ: Նոյն ժամանակ, նոր ծննդաբերած Սաթենիկ, անհրաժեշտ պարագային կը դիեցնէր Հենրիկը:

Օր մը Մաքրուհի, երբ վստահ կ’ըլլայ որ թուրք ոստիկանները պիտի չխուզարկեն վարժարանը, իր մէկ ամսու մանչը թաքստոցէն դուրս կը հանէ: Ճիշդ այդ պահուն անակնկալօրէն վարժարան կը ներխուժեն ոստիկանները: Մայրը նորածինը փէշին տակ կը պահէ, բայց ան կը սկսի լալ: Ոստիկանները կը լսեն լացը, աւելի կը խուզարկեն, բայց փնտռտուքը ապարդիւն կ’անցնի:

Այդ ժամանակաշրջանին, օսմանեան զօրքերուն դէմ պատերազմող ռուսական բանակները հասած էին մինչեւ Բաղէշի մօտակայ վայրեր: Օսմանեան բանակը սկսած էր նահանջել: Թուրք սպաներ կը հրամայեն որ ամերիկեան վարժարանին 90 աշակերտուհիները իրենց հետ պէտք է նահանջեն: Նոյն օրն իսկ Հեղինէ իւրաքանչիւր աշակերտուհի առանձին թաքստոցի մը մէջ կը պահէ, այնպէս որ մէկը միւսին թաքստոցէն տեղեակ չէր: Յաջորդ օրը օսմանեան բանակը խուճապահար կը հեռանայ քաղաքէն՝ առանց իրեն հետ տանելու վարժարանին աշակերտուհիները:

Բաղէշ կը մտնէ ցարական բանակի կողքին պատերազմող Զօրավար Անդրանիկի կամաւորական խումբէն Լեւոն Պալեան ուրիշ կամաւորներու հետ: Անոնք երբ կը հասնին վարժարանին բակը, հայերէնով կը պոռան որ եկած են հայ աղջիկները ազատելու եւ պէտք է բանալ վարժարանին դուռը: Հակառակ անոնց խօսած հայերէնին, Հեղինէ եւ Սաթենիկ տակաւին վստահ չէին թէ նորեկները հայերէն խօսող թուրքե՞ր են, թէ՞ հայեր: Իր ինքնութիւնն ապացուցելու համար Լեւոն Պալեան կը սկսի հայերէն երգել, խաչակնքել, համոզել Հեղինէն եւ Սաթենիկը, թէ իրենք հայ են: Դուռը ի վերջոյ կը բացուի: Հայ կամաւորները կը գրկախառնուին Հեղինէի ու Սաթենիկի հետ, ապա աշակերտուհիներուն հետ կը սկսին պարել ուրախ մթնոլորտի մը մէջ:

Գաղթականութեան ճանապարհը

Ռուսական բանակը երկար չի մնար այս տարածքներուն մէջ: Ռուսերը շուտով կը նահանջեն նախ դէպի Վան, ապա դէպի Կովկաս: Այս նահանջին կը միանան միսիոնարական վարժարանին 90 աշակերտուհիները, ինչպէս նաեւ Մաքրուհին ու Հենրիկը, որոնք կը հաստատուին Ալեքսանտրապոլ:

Միսիոնարական վարժարանին աղջիկները Ալեքսանտրապոլի մէջ կը յանձնուին ամերիկեան Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի (Near East Relief, NER) խնամակալութեան: Այս քաղաքին մէջ Սաթենիկ, Մաքրուհի եւ Հեղինէ կը սկսին աշխատիլ NER-ի տարբեր հաստատութիւններուն մէջ: Մաքրուհի իր հոգատարութեան տակ ունէր 136 սանուհի:

Ալեքսանտրապոլէն ետք, բաղէշցի այս ընտանիքին վերապրողները կը ստիպուին անդադար տեղափոխուիլ: Հեղինէ, Սաթենիկ, Մաքրուհի եւ Հենրիկ նախ կ’անցնին Թիֆլիս, անկէ՝ Երեւան, ապա կրկին Ալեքսանտրապոլ: Ինչպէս արդէն տեսանք, այս քաղաքին մէջ կը մահանայ Հենրիկի մօրեղբայրը՝ Յարութիւնը: Մաքրուհիի միւս եղբայրը՝ Աւետիսը, այդ ժամանակ հաստատուած էր Պոլիս: Աւետիս իր քով կը հրաւիրէ Մաքրուհին եւ Հենրիկը: Կարճատեւ ծրագրուած այս այցելութիւնը կ’երկարաձգուի, նկատի ունենալով որ համայնավարական յեղափոխութենէն եւ Անդրկովկասի հանրապետութիւններուն խորհրդայնացումէն ետք, վերադարձը չափազանց դժուարացած էր: Որոշ ժամանակ ետք, Սաթենիկն ալ կը հասնի Պոլիս: Ալեքսանտրապոլ (որ 1924-ին կը դառնայ Լենինական) կը մնան Հեղինէն եւ անոր մայրը՝ Պայծառը: Վերջինս կը մահանայ 1936-ին:

Ամերիկացի միսիոնարուհի Օ՚Շէյն, երբ NER-ի գործով Լենինական կ’այցելէ, Հեղինէ անոր կը յանձնէ 100 ոսկի որպէս նուէր Հենրիկին: Հենրիկ գումարը պիտի ստանար, երբ չափահաս դառնար եւ ինքզինք արժանի դարձնէր այս նուէրին: Իսկապէս, տարիներ ետք Հենրիկ այս գումարը կը ստանայ եւ անոր շնորհիւ Աթէնքի հիւսիսարեւելեան Նէա Էրիթրայա (Nea Erythraia) շրջանին մէջ տուն մը կը գնէ:

Մաքրուհի եւ Հենրիկ Պոլսոյ մէջ կը մնային Աւետիս Քիւրքճեանի տունը, մինչ Սաթենիկ վարձած էր սենեակ մը: Աւետիս եւ կինը՝ Արմենուհի, ունէին հինգ զաւակ. Սարգիս (1904), Սիրարփի (1908), Էտուարտ (1912), Արշալոյս (1914) եւ Շաքէ (1915): Հենրիկ տարեկից էր Արշալոյսին: Անոնք Պոլսոյ նոյն վարժարանը կը յաճախէին: Աւետիս Քիւրքճեանի ընտանիքին բոլոր անդամները մինչեւ 1988 կ’ապրին Պոլսոյ մէջ: Միայն Սիրարփին է, որ հետագային, իր դստեր մահէն ետք կը գաղթէ Ա. Մ. Ն.:

Սկիզբը շատ ջերմ պայմաններու մէջ սկսած, Քիւրքճեան ընտանիքին քով Մաքրուհիին եւ անոր զաւակին կեցութիւնը շատ արագ անհաճոյ կը դառնայ: Փաստօրէն, Մաքրուհի տան սպասուհին դարձած էր, ինչ որ իրեն համար անընդունելի էր: Այս վիճակը պիտի շարունակուէր մօտ երկու տարի:

Դէպի Յունաստան գաղթը (1922)

1922-ին, երբ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ ծայր կ’առնէ բնակչութիւններու փոխանակման գործընթացը, Մաքրուհի եւ Սաթենիկ նոյնպէս կ’արձանագրուին Յունաստան տեղափոխուող անձերու ցանկին մէջ: Խորքին մէջ, Թուրքիայէն Յունաստան կրնային մեկնիլ միայն ռումերը (յոյն ուղղափառները): Մաքրուհիի եւ Սաթենիկի դիմումին մէջ նշուած էր (եւ հաստատագիրներով ալ կը փաստուէր), որ անոնք աշխատած են Near East Relief-ի Հայաստանի հաստատութեանց մէջ: Ընտանիքին մէջ կը պատմուի, թէ ժողովուրդներու փոխանակման գործընթացին վրայ հսկող յանձնախումբին մէջ կար ամերիկացի ներկայացուցիչ մը, որ գիտէր թէ Յունաստանի մէջ ալ NER-ը ամբողջ ցանց մը ունէր եւ պաշտօնեաներու կարիք կը զգար: Ան անմիջապէս կը միջամտէ եւ ընդունիլ կու տայ Մաքրուհիին եւ Սաթենիկին դիմումը: Այս ձեւով Սաթենիկ կը մեկնի Արղոսթոլի (Յոնիական ծովու մեծագոյն կղզիի՝ Քեֆալոնիոյ մայրաքաղաքը), ուր 1922-1926-ին կը պաշտօնավարէ տեղւոյն մանչերու որբանոցին մէջ: Մաքրուհի կը գործուղուի Օրոփոսի (Ատտիկէի արուարձան մը) աղջկանց որբանոցը:

Մաքրուհի եւ Հենրիկ երբ կը հասնին Օրոփոս, որբանոցի տնօրէնուհին կը մերժէ Հենրիկի մուտքը, պատրուակելով թէ որբանոցը աղջկանց հաստատութիւն մըն էր, եւ կը պահանջէ, որ ան տեղափոխուի Արղոսթոլիի որբանոցը: Պարզ է, որ Մաքրուհի կ’ուզէր մնալ իր զաւակին հետ. ան կ’առաջարկէ Օրոփոսի մէջ աշխատիլ առանց աշխատավարձի, պայմանաւ որ որդին իրմէ չհեռացուի: Այդպէս ալ տեղի կ’ունենայ: Բայց այսպիսով՝ կեանքի պայմանները աւելի կը դժուարանան: Սաթենիկ յաճախ իրենց օգնութիւն կը ղրկէր: Անվճար աշխատանքը կը շարունակուի, մինչեւ որ օր մը որբանոց կ’այցելէ NER-ի՝ Հայաստանի մէջ գործած մէկ բարձրաստիճան պաշտօնեան: Այդ կինը Հայաստանէն ծանօթ էր Մաքրուհիին: Երբ ան կ’իմանայ Մաքրուհիին ծանր կացութիւնը, կը միջամտէ NER-ի Օրոփոսի տնօրէնուհիին քով ու այնուհետեւ Մաքրուհի կը սկսի ամսական ստանալ. նոյնիսկ՝ ձրի աշխատած ամիսները կը վարձատրուին:

Մաքրուհի Պետոյեանի Յունաստանի մէջ աշխատելու արտօնագիրը, 1951 թուակիր:
Մաքրուհի Պետոյեանի Յունաստանի մէջ աշխատելու արտօնագիրը, 1951 թուակիր:
Մաքրուհի Պետոյեանի Յունաստանի մէջ աշխատելու արտօնագիրը, 1951 թուակիր:
Մաքրուհի Պետոյեանի Յունաստանի մէջ աշխատելու արտօնագիրը, 1951 թուակիր:
Մաքրուհի Պետոյեանի Յունաստանի մէջ աշխատելու արտօնագիրը, 1951 թուակիր:
Մաքրուհի Պետոյեանի Յունաստանի մէջ աշխատելու արտօնագիրը, 1951 թուակիր:
Մաքրուհի Պետոյեանի Յունաստանի մէջ աշխատելու արտօնագիրը, 1951 թուակիր:
Մաքրուհի Պետոյեանի Յունաստանի մէջ աշխատելու արտօնագիրը, 1951 թուակիր:

1924-ին Օրոփոսի որբանոցը կը փոխադրուի Սիրա/Սիրոս կղզի: Հոս Մաքրուհի կը ստանձնէ հայկական բաժինի վերակացուի պաշտօնը: Որբանոցին մէջ կը գտնուէին 15-էն 25 տարեկան 130 սաներ: 1926-ին Սիրոս կղզի կը տեղափոխուի նաեւ Սաթենիկ: Որբանոցին ընդհանուր տնօրէնն էր Ճորճ Ուայթ, որ 1928-ին բարի քայլը կ’առնէ Հենրիկը Սելանիկի ամերիկեան «Անաթոլիա» գոլեճը արձանագրելու: Ան նոյն ժամանակ Ա. Մ. Ն.էն կը գտնէ բարերար մը, որ կը հոգայ Հենրիկի կրթաթոշակը: Հենրիկ իր ուսման զուգահեռ կ’աշխատի գոլեճին մէջ որպէս ճաշի մատակարար եւ ննջասենեակներու մաքրութեան վերակացու: Ամերիկացի բարերարին մահէն ետք, Հենրիկի կրթական ծախսերը կը սկսի հոգալ NER-ի Յունաստանի որբանոցներու ընդհանուր տնօրէն Թըրպոնը: Այս վերջինէն ետք, բարերարութիւնը կը ստանձնէ Մարտիրոս Նիկողոսեան:

1930-ի շուրջ, Սիրոսէն Աթէնք կը տեղափոխուին Մաքրուհին եւ Սաթենիկը: Անոնք կը հաստատուին Տուրղութի թաղամասի գաղթակայանին մէջ: Հոս Մաքրուհի իբրեւ ուսուցչուհի կը պաշտօնավարէ տեղւոյն հայ աւետարանական եկեղեցւոյ վարժարանին մէջ: Տուրղութի կը մնան մօտաւորապէս մինչեւ 1961 թուականը, ապա կը տեղափոխուին Նէա Էրիթրայայի շրջանը, որ կ’ըլլայ իրենց վերջին կեցավայրը: Մաքրուհի կը մահանայ 1981-ին, իսկ Սաթենիկ՝ մէկ տարի ետք:

Գալով Հենրիկին, 1937-ին Սելանիկի «Անաթոլիա» գոլեճը աւարտելէ ետք, կ’ուսանի Աթէնքի Առեւտուրի համալսարանին մէջ, միաժամանակ աշխատանքի կը լծուի կերպասեղէնի «Star» ընկերութեան մէջ, Աթէնք: 1940-ին ընկերութիւնը կը տեղափոխուի եւ Հենրիկ գործ կը գտնէ կերպասեղէնի «Սուսմանճեան» ընկերութեան մէջ: Հոս կը ծանօթանայ իր ապագայ կնոջը, որ խանութ այցելած էր կերպաս մը փոխելու: 1948-էն սկսեալ, Հենրիկ իբրեւ հաշուապահ կ’աշխատի Ա. Մ. Ն.ի Աթէնքի դեսպանատան մէջ: 1956-ին կ’ամուսնանայ Վիվիին հետ: Մէկ տարի ետք նաւով կը գաղթեն Գանատա, ուր կը ծնի Ժաք Պետոյեանը (1958): Նոր երկրին մէջ իրենց կեցութիւնը սպասուած արդիւնքը չի տար, եւ Պետոյեան ընտանիք Աթէնք կը վերադառնայ 1958-ի դեկտեմբերին:

Հենրիկ Պետոյեան հետագային գրի առած է իր ընտանիքին պատմութիւնը հիմնուելով իր անձնական յուշերուն, ինչպէս նաեւ Սաթենիկի եւ Մաքրուհիի վկայութիւններուն վրայ: Յուշերը գրած է հայերէն եւ յունարէն, հետագային իր որդին՝ Ժաք թարգմանած է անգլերէնի:

Հենրիկ Պետոյեանի Յունաստանի մէջ աշխատելու արտօնագիրը, 1938 թուակիր: Հոն նշուած է, թէ ան Նանսէնեան անձնագիր կը կրէ:
Հենրիկ Պետոյեանի Յունաստանի մէջ աշխատելու արտօնագիրը, 1938 թուակիր: Հոն նշուած է, թէ ան Նանսէնեան անձնագիր կը կրէ:
Հենրիկ Պետոյեանի Յունաստանի մէջ աշխատելու արտօնագիրը, 1938 թուակիր: Հոն նշուած է, թէ ան Նանսէնեան անձնագիր կը կրէ:
Հենրիկ Պետոյեանի Յունաստանի մէջ աշխատելու արտօնագիրը, 1938 թուակիր: Հոն նշուած է, թէ ան Նանսէնեան անձնագիր կը կրէ:
Հենրիկ Պետոյեանի Յունաստանի մէջ աշխատելու արտօնագիրը, 1938 թուակիր: Հոն նշուած է, թէ ան Նանսէնեան անձնագիր կը կրէ:
Հենրիկ Պետոյեանի Յունաստանի մէջ աշխատելու արտօնագիրը, 1938 թուակիր: Հոն նշուած է, թէ ան Նանսէնեան անձնագիր կը կրէ:
Հենրիկ Պետոյեանի Յունաստանի մէջ աշխատելու արտօնագիրը, 1938 թուակիր: Հոն նշուած է, թէ ան Նանսէնեան անձնագիր կը կրէ:
Հենրիկ Պետոյեանի Յունաստանի մէջ աշխատելու արտօնագիրը, 1938 թուակիր: Հոն նշուած է, թէ ան Նանսէնեան անձնագիր կը կրէ:
Հենրիկ Պետոյեանի Յունաստանի մէջ աշխատելու արտօնագիրը, 1938 թուակիր: Հոն նշուած է, թէ ան Նանսէնեան անձնագիր կը կրէ:

Մաքրուհիի ստացած բացիկ-լուսանկարները Սիրոսի եւ Օրոփոսի որբուհիներէն

Այս հատուածին մէջ տեղադրած ենք բոլոր այն յիշատակի լուսանկարները, զորս Մաքրուհի Պետոյեան ստացած է Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի Սիրոսի եւ Օրոփոսի որբուհիներէն: Սովորութիւն էր որ սան-սանուհիները երբ դուրս կու գային որբանոցէն՝ յիշատակի լուսանկար կը նուիրէին իրենց ընկեր-ընկերուհիներուն կամ սիրած ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն: Մաքրուհի վստահաբար սիրուած էր սանուհիներուն կողմէ: Իր ստացած լուսանկարներուն մէջ որբուհիները յաճախ զինք կը կոչեն մայր:

1. Մաքրուհի Մոմճեան իր լուսանկարը նուիրած է Մաքրուհի Պետոյեանին: Դարձերեսին, նկատի ունենալով տիկին Պետոյեանը, զայն կը կոչէ «Մայր իմ»: Սելանիկ, 25 հոկտեմբեր 1926:

2. Աղաւնի Թագւորեան իր լուսանկարը նուիրած է Մաքրուհիին: Սիրոս, 17 յունուար 1928:

3. Անծանօթ անձեր, 1932:

4. Լուսանկարի դարձերեսի գրութենէն կ’իմանանք որ բացիկը ղրկած եւ նկարին մէջ երեւցող չափահաս կնոջ անունը Հայկուհի է: Կողքին՝ իր զաւակը: Բացիկը ուղղած է իր «սիրելի մօրաքոյր»ին:

5. Մաքրուհի Պետոյեանին նուիրուած լուսանկար: Երեւցող կինը անծանօթ է, բայց շատ հաւանաբար զայն նուիրողն է: Սիրոս, 1925:

Հենրիկի գրած ընտանեկան յուշեր

Հենրիկ Պետոյեան հետագային գրի առած է իր ընտանիքին պատմութիւնը հիմնուելով իր անձնական յուշերուն, ինչպէս նաեւ Սաթենիկի եւ Մաքրուհիի վկայութիւններուն վրայ: Յուշերը գրած է հայերէն եւ յունարէն, հետագային իր որդին՝ Ժաք թարգմանած է անգլերէնի: Սեղմել նկարին վրայ՝ pdf-ը բանալու համար: